Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԻՏՈՂԸ 

Փարպեցիի աշխարհին այս ամփոփ տեղեկագիրը հեռի է այս խոշոր գիծերուն տակ գիրքին ամբողջ պատկերը տալէ։ Վասնզի հեղինակը ճարտար ու յարմարագոյն դիտողութեան մը շնորհներով հագուեցուցած է այդ ամէնը։ Անոր նայուածքը չէ բանաստեղծ նախնական տեսնելու ձեւը Բիւզանդին, որ իրերն ու մարդերը նոյն անփութութեամբ, նոյն յստակ կարկառներով գիտէ թուղթին յանձնել։ (Արուեստին ու անմիջական իրականութեան այս խառնուրդը արդէն չէ կարելի երկրորդ անգամ գտնել մեր գրողներուն մէջ)։ Փարպեցիի աչքերը զգուշաւոր են։ Անիկա մեծ խնամք ունի պղտոր կամ խոշոր չտեսնելու: Ուրիշ խօսքով՝ իր մարդերը միշտ կապուած կը պահէ կարելիութեանց աշխարհին հետ։ Անոնց արգիլած է ուռուցիկութիւն, խորութեան պատրուակին տակ ձեւազեղծում։ Միւս կողմէն՝ արտաքին աշխարհը անհաղորդ օտարոտի մարմին մը չէ իր հերոսներուն ոտքին։ Աւելորդ է ըսել, թէ այժմեան խղճմտութեամբ չի վերարտագրեր միջավայրը (դասականները զգուշացած են ատկէ)։

Փարպեցիի դիտողութեան լաւագոյն կալուածն է սակայն ընկերութիւնը ։ ԹԷ՝ « Պատմութեան », թէ՛ « Թուղթ »ին մէջ, անիկա մարդերու կարգի մը վրայ կու տայ որոշ ընդհանրացումներ։ Ուրացող նախարարները կը գտնուին զարմանալի ճարտարութեամբ մը, քանի մը յատկանշական տողերով, երբ կ՚աշխատին ապստամբի տիտղոս ճարել դրամով։ Բանտարկուած նախարարներու առջեւ, երբ նահատակուելիք եկեղեցականներուն շղթաները կը կոտրեն դուրս հանելու համար զանոնք բանտէն, Փարպեցին կը գտնէ գիծի ցամաքութեան փաթեթիքը, միշտ արագ, խուսափուկ տողերով։ Դարձեալ անոնց կիներուն ճգնութիւնը (երկրին մէջ) կը պատմուի պատշաճ ու վշտակոծ ժուժկալութեամբ մը։ Կեղծաւորութեան, պետական խարդախութեան, ուրացումի սողալու երեւոյթները իրական խարանումի վերածուած են։ Ու այդ բարոյական խարանումներուն վրայ իր կնիքը դրած է արեւմտեան արուեստին գործառոր՝ լեռներու քիչ մը վայրագ, յանձնապաստան այս վարդապետը՝ Ղազարը։ Այս գիծէն նշանաւոր է իր « թուղթ »ը, որուն մէջ աբեղաներու ընդհանուր դիմագծութիւնը կու տայ անանկ maîtrisend մը, որ մինչեւ այսօր կը պահէ իր կարկառը, դիպողականութիւնը ու նկարագրին տեւական տարրերը։ Ուրիշ բան չեն ապահովաբար այդ Հայաստանցի նշանաւոր վարդապետները, նոյնիսկ գուցէ մինչեւ հիմա, երբ մախանքով կը նային ամէն օտարամուտ վարդապետութեան ու օտարին միտքերը մեզի փոխադրող մեծ ու պզտիկ բոլոր առաքեալներուն