Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ՍՈՒԳԵՐ

Ճիշդ այն պահուն ուր Հայաստանի բարենորոգմանց խնդիրը ելքի մը մօտենալը կը թուի, անակնկալ որքան անդարմանելի կորուստներու շարք մը կուգայ վարագուրել չնչին ուրախութիւնը որ մեզի խոստացուած է իբրեւ թէ Ճակատագիրը ուզած ըլլար, նորանոր կսկիծներով վերջին ժամուն մէջ խտացնել երեսուն տարուան տառապանքներու եւ ցաւերու յիշատակը։

Մեր դուրսի բարեկամներէն երկուքը, ամենէն ականաւորները, գացին մէկզմէկու ետեւէն. երեկ Լինչ, այսօր տը Բրէսանսէ. ինկան առանց իրենց ապերախտ ջանքերուն պսակումը տեսնելու։ Անդին երկար շղթային ծայրը որ Աքիայէն մինչեւ Սիպիր կը տարածուի, մեր կտրիճներէն մին՝ Կուկունեան, իր աչքերը կը փակէ հայկական արշալոյսը չողջունած։

* * *

Լինչը քիչեր կը ճանչնան մեր մէջ։

Armenia. Travels and Studies [1] ն շատերը պիտի անգիտանային մինչեւ այսօր եթէ Պ. Լարենց զայն հայերէնի թարգմանելու ձեռնարկած չըլլար անցեալ տարի։

Գրասեղանիս վրայ են երկու ստուար հատորները. հոյակապ աշխատութիւն՝ ուր մեր հայրենիքին գանձերը, ճոխութիւնները հաւաքուած են. յաւերժական վաւերագիր անոր անջնջելի փառքին։ Առաջին էջին մէջ պատկեր մը. Արարատի ձիւնասպիտակ սարը անպարագրելի եւկարծես երազներով լեցուն տարածութեան մը վրայ կ’իշխէ. անսահման դաշտը մանիշակագեղլոյսերու մէջ թաթախուած կ’երեւայ եւ տրտմութիւն կը բուրէ. Հայաստանն է ան։ Ոչ մէկ Հայ այնքան երկիւղածութեամբ եւ խանդաղատանքով մօտեցած է իր հողին որքան այս օտարականը։

Դիպուածը ուզեց որ երեք ամիս առաջ զինքը ճանչնալու բաղդը ունենամ. Պոլիս եկած էր երբոր Բերա Բալասի մէջ անոր սենեակին դուռը զարկի, ինքը անձամբ եկաւ բանելու.

- Պարոն Զօհրա՜պ։

- Պարոն Լի՜նչ։

Բարձրահասակ, իր 50 տարիներուն հակառակ՝ կորովի եւ աշխոյժ, պայծառ դէմք մը, կապոյտ աչքեր, որոնք իր աղ ու պղպեղ ընչացքին եւ սեւ մազերուն քով հակասական կ’երեւան։ Կը խօսի անընդհատ, սենեակին մէկ ծայրէն միւսը երթեւեկելով շարունակ. նախ լուրեր կ’ուզէ մեր գործերէն.

- Հայկական նահանգները ճշդած եմ իմ գրքիս մէջ, կ’ըսէ ինծի։

Յետոյ Հայոց վրայ գրուած իր վերջին յօդուածը ցոյց կուտայ պարբերականի մը մէջ հրատարակուած. անգլիացի debater [2] ի թիբն է, համոզուած իր ընելիքին եւ որոշած որ դէմինը անպատճառ համոզէ։ Ձեռներէց, պայքարող, գործի եւ գաղափարի մարդ է. գերազանցապէս անգլիացին է։

- Հայերը, Թուրքերը եւ Պարսիկները սիրեցի միշտ եւ ջանացի անոնց ծառայել ձեռքէս եկածի չափ։

Իր պապը հաստատած էր առաջին նաւարկութիւնը Եփրատի եւ Տիգրիստ վրայ. եւ ահա նաւարկութեան մենաշնորհը իրմէ խլուելով ուրիշին տրուած է. Լինչ այն յոյսը ունեցեր էր որ օսմանեան կառավարութիւնը զինքը պիտի պաշտպանէր այս պարագային մէջ։

- Դիմում ըրի՞ք, հարցուցի ես։

Հարցումս զարմացուց զինքը. կանգ առաւ ճիշդ դէմս ու թեւերը խաչաձեւ ծալլեց կուրծքին վրայ.

- Դիմո՞ւմ, ի՞նչու արդեօք. որպէսզի յիշե՞ն. ուրեմն դուք Արեւելքցիներդ որպէսզի մէկու մը օգտակար ըլլաք, պէտք է որ դիմում ընեն ձեզի։ Եւ դուք Հայերդ միթէ դիմո՞ւմ ըրիք ինծի որպէսզի չորս տարի ձեր երկրին մէջ ճամբորդեմ. ձեր անցեալը, ձեր ներկան ուսումնասիրեմ, Հայաստանը իր վիշտերովը եւ իր փառքերովը աշխարհի ծանօթացնեմ։ Միթէ Պարսիկները դիմո՞ւմ ըրին ինծի որպէսզի երթամ իրենց վրդոված երկրին ձեռքէս եկած ծառայութիւնը մատուցանեմ. միթէ Երիտասարդ Թուրքերը դիմո՞ւմ ըրին ինծի, որպէսզի բրիտանական շրջանակներուն մէջ պայքար մղեմ անոնց համար՝ իբրեւ անփորձ, բայց ազատական շարժումի մը նուիրուած անձեր։

* * *

Մեռաւ գնաց. բայց ձայնը ականջս է դեռ. բողոքի հպարտ ձայնը։

Իցի՜ւ թէ երբեք ճանչցած չըլլայի զինքը. սրտիս մորմոքը այնքան սաստիկ չպիտի ըլլար։ Անիկա սա համոզումը ունէր որ բրիտանական կառավարութիւնը Տիգրիսի եւ Եփրատի նաւարկութեան խնդրոյն մէջ անիրաւ գտնուած էր իրեն դէմ։ Եւ սակայն, զարմանալի բան, այդ անիրաւութիւնը սրբագրել տալու համար իր երկրին դէմ ելլելու չի յօժարեցաւ։

- Մենք Անգլիացիներս, երբեք մեր երկրէն, մեր կառավարութենէն օտարներու չենք գանգատիր։

Արեւելքցիները այս համակերպութիւնը կարող չեն հասկանելու. Անգլիոյ մեծութիւնն այ համակերպութենէն շինուած է։

- Ի՞նչ կերպով կ’ուզէք որ օգտակար ըլլամ ձեզի երբոր յանձն չէք առներ եղած կարգադրութեան դէմ բողոքել։

- Ձեր ճարտարութիւնը ատոր մէջ պիտի կայանայ, պատասխանեց ինծի։

Միջոց մը գտայ որ հաճելի թուեցաւ իրեն. բայց քաղաքական պայմանները այնպէս էին որ հնար չեղաւ օգտուիլ անկէ։

Դառնացած մեկնեցաւ ասկէ. ճամբան հիւանդացաւ եւ մեռաւ։ Լոնտոնի մէջ հազիւ մենէ ոմանք մտածեցին ցաւակցութիւն յայտնել այդ մեծ կորուստին համար. յետոյ լռութիւնը տիրեց։

Այս Անգլիացին հայկական դատը պաշտպանեց ամենէն գործնական եւ արդիւնաւոր եղանակով. Armeniaն, մեր քաղաքակրթութեան ապացոյցները աշխարհի ներկայացուց։ Անիկա մշտնջենական կոթողը պիտի մնայ մեր հայրենիքի փառքին նուիրուած եւ դարեր անցնելէ վերջն ալ արար աշխարհ պիտի խոնարհի անոր առջեւ։ Իմ կարծիքովս, Լինչ, միս մինակը, աւելի մեծ ծառայութիւն ըրաւ մեր ազգին եւ Անգլիան աւելի սիրցուց մեզի՝ քան թէ բոլոր բրիտանական կառավարութեան կատարած ջանքերը յօգուտ Հայերուն։

Եւ հիմա ժամանակին անցնելովը շուրջս տարածուող ստուերներուն մէջ կը տեսնեմ, միշտ պայծառ կերպով կը տեսնեմ դէմս, այս Անգիլացին թեւերը ծալլած, բարձր բռնելով իր խրոխտ ճակատը, որ ինծի կ’ըսէ.

- Միթե դիմո՞ւմ ըրին ինծի որպէսզի երթամ տարիներով Հայաստանը ուսումնասիրեմ եւ աշխարհի ծանօթացնեմ։

Բերա, 11/24 Յունուար, 1914



[1]            «Հայաստան. ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ»

[2]            վիճաբանող