Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆԸ ԵՒ ՆՈՐԸ

Քանի մը օրէն Վարչութեան երկամեայ շրջանը կը լրանայ ու ընդհանուր անտարբերութեան մէջ ծնած այս երկու ժողովներն ընդհանուր անտարբերութեան մէջ պիտի երթան թաղուիլ։

Իրենց պատիւը սա պիտի ըլլայ որ յուսախաբութեանց ու պատրանքի օրեր չի տուին մեզի, այն գերազանց պատճառով որ ո եւ է ակնկալութիւն ալ չէին տուած։

Օրագիրներու մէջ պարբերաբար տեսնուած սղագրութիւններէն զատ, որով իր որոշումները կը հաղորդուէին մեր հասարակութեան, եւ որոնք հին ատենուան քուրմերու պատգամաց կը նմանին յաճախ, իր գործունէութիւնը՝ դուրս չի թափանցեց ու արդէն թերահաւատ մեր ժողովուրդին մէջ՝ չի կրցաւ իրեն հաւատացող մը գտնել։

Ստոյգն այն է որ բարոյական իշխանութիւնը ու ներքին համերաշխութիւնը այն որ գաղափարաց ու տեսակէտներու միութենէն կը ծագի եւ ոչ զիրար չվշտացնելու յարատեւ ջանքէն պակսեցաւ իրեն ու այս պայմաններուն մէջ՝ պարագաները տարին զինքը, մինչդեռ պէտք էր որ ինքը պարագաները տանէր։

Սակայն եթէ կուսակից չունեցան այս ժողովականները, գոնէ հակառակորդ ալ չունեցան բնաւ, եւ այսօր, երբ կը պատրաստուին իրենց պաշտօնները ձգելու, ո՛չ ցաւ կը թողուն ետեւնին, ո՛չ ուրախութիւն։

* * *

Բաղդատական հաշիւով ուրեմն, ներկայ Վարչութիւնը նախորդէն բաղդաւոր է։ Առեւտրական սենեակը, որ նախորդ Քաղաքական Ժողովը կոչուեցաւ, աւելի ձախորդ վերջաւորութիւն մը ունեցաւ։ Անոր հեռացումը՝ ճշմարիտ սփոփանք մը եղաւ մեր հասարակութեան. երբեք ապիկարութիւնը՝ ցաւալի պարագաներու բերմամբ՝ այսինքն յայտնի ու մատնացոյց եղած չէր։ Մեր հասարակութիւնը՝ գործոց գլուխը վաճառականներ բերելուն փորձը կատարեց ու զղջաց. վասն զի Քաղաքական Ժողովոյ մէջ պաշտօնավարութեան համար չբաւեր խոհեմ մատակարարի մը ձեռնհասութիւն որ վաճառականներուն վրայ կրնայ գտնուիլ։

Այս պատճառներով ըսինք ահա որ ներկայ Վարչութիւնը եթէ իրեն համար խանդավառ բարեկամներ չձգէր, գէթ իր նախորդին պէս ընդանուր դժգոհութեան մէջ չի զատուիր մենէ։

* * *

Իր յաջո՞րդը. ո՞վ գիտէ. զինքը ընտրելիք ժողովէն դատելով՝ բարի գուշակութիւն մը ընելու անկարող կ’զգանք ինքզինքնիս։ Ընտրութեան պահուն՝ չի պիտի փնտռեն երբեք մարդը որ գործին պէտք է, այլ պիտի ջանան որ գործը մարդուն պէտք ըլլայ։ Անձնական նկատումները, անձուկ մտածումները, աներկբայ պիտի յաղթեն այս անգամ ալ ճշմարիտ արժանիքին ու կարողութեան։ Այնպէս որ մեր եկեղեցիները ու դպրոցները վարելու նոր ձեւեր ու նոր մարմիններ պիտի հաստատուին։ Թաղական խորհուրդները՝ Խնամակալութիւններու, Խնամակալութիւնները՝ Միւթէվէլլիութեան պիտ վերածուին. յետադարձ շարժում որ սկսած է արդէն, աւելի ուժով յառաջ պիտի տարուի։

* * *

Ու մենք պիտի շարունակենք ծիծաղիլ այս ամենուն վրայ. վասն զի հանրական բարոյականի անկումը ցուցնող այս երեւոյթները, հետզհետէ աչքի զարնելով՝ իրենց քօղարկած տգեղութիւնները պիտի զզուեցնեն ամենքը. մեր կրթական ու եկեղեցական հաստատութեանց մէջ՝ կարգ ու կանոնը այս անկարգութենէն պիտի ծագի վերջապէս. այն խոնարհ մակարդակէն ուր մեր բարքերը հասած են հիմա, զարգացումը պիտի սկսի այնքան աւելի ստուգութեամբ որքան դանդաղ ու անզգալի եղած է փտացումը։