Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏՐՈՆ

Ո՞վ ըսաւ որ զբօսատեղի մըն է Թատրոնը։ Ո՞վ ըսաւ որ արի կամ թղթախաղի տեղը բռնելու պէտք է ծառայէ ատեն ատեն, պարզապէս զանազանութիւն մը յառաջ բերելու համար։

Այնքան յաճախ գրուած է թէ դպրոց մըն է Թատրոնը որ այս բանաձեւը չպիտի կրկնեմ. իմ աչքիս, տպագրութեան նշաններու մէջ տեսնուած մատնացոյց ձեռքի այն նշանն է որ ընթերցողին մասնաւոր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ յաջորդ հատուածին վրայ։

Կեանքի անկայուն ու յեղյեղուկ երւոյթները՝ աչքի առջեւիրենց յարատեւ ներկայութեամբը հասարակ ու անկարեւոր կը դառնան գրքի մը շարունակուող ու լեցուն էջերուն պէս, եւ Թատրոնն է որ կենալու նշանը կուտայ, յատուկ ուշադրութեամբ դիտելու հարկը կ’զգացնէ աս կամ ան տիպարը որուն փողոցը հանդիպած ենք շատ հեղ առանց գլուխնիս դարնելու։

Եւ այդ պատկերին առջեւ խորհրդածելու պարտաւորած՝ հարկ չի՞ ըլլար դառնալ մեր անձին վրայ, մեր սրտին վրայ իբրեւ թէ անոնք ալ մատնանիշ եղած ըլլային, եւ թատերաբեմին վրայ ի տես բերուած անձին մօտէն կամ հեռուէն ունեցած առնչութիւննիս որոշել, երբեմն կատարեալ նմանութիւննիս խոստովանիլ։

* * *

Այս ըմբռնումով, Թատրոնի բարոյացուցիչ հանգամանքին բարձրութեանը ոչ մէկ արուեստ կրնայ հաւասարիլ։ Բուն իսկ կեանքն է ան. ապրուածը, իրականը եւ ոչ թէ գրուած, երգուած կամ նկարուած կեանքը։ Հոգեբանական կրկներեւոյթն է. հարազատ երկւորեակներուն վրայ իմաստասէր ու բարոյախօսը իր ամեն փորձերը կրնայ փորձել, ամեն միքրոպները սնուցանել, հետեւութիւնները երեւան հանել. տեսակ մը բասթէօրեան աշխատանոց որուն մէջ ուսումնասիրութիւններն ու զննութիւնները կ’ըլլան ոչ թէ բնախօսական տեսակէտով նմանօրինակ արարածի մը, այլ նոյն իսկ մարդ էակին վրայ։ Եւ հոն, հասարակութիւնը, փոխանակ դրան ծակէն նայելու ներս, ներկայ է անձամբ, իր աչքով կը հետեւի տեսարանին յառաջ բերած ախտաբանական երեւոյթներուն, վախճանին ու դարմանի միջոցներուն։

* * *

Իսկ այն հասարակութիւններուն համար որ որ ընթերցանութիւնը տարածուած չէ կամ գրեթէ կը պակսի, Թատրոնը անհրաժեշտ պէտք մըն է հոն։ Հիմա, մարդկութիւնը՝ ամենէն շատ, տաղտուկէ կը տառապի. հազիւ աչք մը նետած գրքի մը առաջին էջին վրայ եւ ահա վերջաբանը հասկնալ կ’ուզէ. իր աճապարող հոգիին ծանր կուգայ էջերը դարձնել մի առ մի։ Այսպիսիներուն համար Թատրոնն է որ պիտի գայ իր կեանքի համառօտ կրճատումներովը ամենէն նեղսիրտները գոհացնել, մէկ երկու ժամուան մէջ ամբողջ տարիներու ոլովումը, անցքերը, պատահածերը խիտ ու հոծ ձեւով մը ներկայացնել, եւ էաէս շահեկան մասերը երեւան հանել։

Եւ զարմանք որ մեր մէջ՝ ուր ընթերցանութեան սէրը չկայի պէս է, ուր գիրք չի հրատարակուիր գրեթէ, ուր լրագիրներն անգամ հազիւ ուշացրիւ ակնարկի մը կ’արժանանան, զարմանք որ թատրերգութիւններ չեն գրուիր մեր մէջ, չեն խաղցուիր։

* * *

Բայց թատրոնի բարձրութենէն իսկ կը հետեւի թէ կատարեալ բան մը ըլլալու է ան կամ բնաւ ըլլալու չէ, Թիէռին մէկ խօսքը փոխ առնելով հոս ըստ պատշաճի։

Դերասանական արուեստը միջակութիւն չընդունիր. ասոր համար է որ այդ այմանով ձեւացած տեսարանը պէտք է ուրիշ, բոլորովին ուրիշ անուն մը ստանայ, բայց Թատրոն չի յորջորջուի երբեք։

Մեր մէջ արուեստագէտներ չեն պակսիր ու անկարելի չէ, բնաւ անկարելի չէ խումբ մը կազմակերպել որ Թատրոնը վերակենդանացնէ։ Պէտք է ի բաց թողուլ արուեստագէտի պզտիկ նախանձները, չքաշուելու, իրարմէ նսեմանալու զգացումները։

Ու գործնական վերջաբան մը տալու համար այս խորհրդածութեանց, կը աւատանք որ պզտիկ ջանք մը կը բաւէ վերականգնելու թատրոնը մեր մէջ։

Մեր հասարակութեան գործերուն գլուխը գտնուողներուն կոչում կ’ընենք հայ թատրոնը կազմակերպելու համար բաժին մը հանել իրենց աշխատութենէն։

Դպրո՞ցը, - այո՛. բայց Թատրոնն ալ։