Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՀԱՅ ԵՄ ԵՒ ՀԱՅ ՊԻՏԻ ՄՆԱՄ»

Ո՛չ, հայ չես դուն, ո՜վ պզտիկ հրէայի աղջիկ, եւ պէտք չէ որ ալ հայ ըլլաս դուն։ Օրին մէկը սիրտ տուիր հայու մը որ բարեպաշտական բան մը ընել կարծեց առաջարկելով քեզի որ ուրանաս հայրենի հաւատքդ եւ գաս մեր եկեղեցին, մոռնաս անոնք որ կեանք ու անուն մը տուին քեզի, քու խանձարուրդ օրօրեցին, մանկութիւնդ մեծ խանդաղատանքներով շրջապատեցին։

Չար ու զզուելի առաջարկ մըն էր ասիկա որով քու սիրուդ անսահմանութիւնը փորձել ուզեցին։

Հարկաւ լացիր շատ մը քու կուսական անմեղ ու առանձին սենեակիդ մէջ երբ պէտք եղաւ որոշում մը տալ, ընտրութիւն մը ընել զքեզ սիրողներուն եւ քու սիրածիդ մէջ, ու երբոր ցնորակոծ վայրկեանի մը մէջ ձգեցիր փախար հայրենի յարկէն ետեւիդ չի դարձար ա՛լ, ոչ իսկ գողունի ակնարկ մը նետեցիր կռնակդ՝ վախնալով որ ծերունի ու դողդոջուն հօրդ անէծքը չգամէ զքեզ փախուստի ու ամօթի ճամփուդ մէջ։ Վասն զի ամօթի ուղին է լքման, ուխտադրժման ուղին որ այսքան հեշտօրէն սահուն է ամէնուն համար եւ ուր յօժարակամ նետուած ես։

Քու հաւատարմութիւնդ չեմ ընդունիր ես եւ բոլոր ուժովս կը մերժեմ. կը մաղթէի որ իմ Եկեղեցիս ալ մերժէր։ Մարդորսութեան հաշիւը զոր այնքան կը հարուածենք երբ ի վնաս մեզի գործածուի, չեմ կրնար վաւերացնել երբ մեր օգտին յարմար ըլլայ դիպուածով։

Եկեղեցիս, կ’ուզեմ, եւ պէ՛տք է որ իր մեծութեան մէջ զքեզ վրդովող սիրոյ տագնապին նայի այն ներողութեամբ ու գթութեամբ որ իր խորհրդանշաններն են, քու հօրդ տունը դարձնէ զքեզ եւ ոչ թէ իր գիրկը բանայ մոլորած խղճմտանքի որ յուսահատ սիրոյ մը խռովութեանը մէջ հարկաւ ինքզինքին տէրը չէ։

Թող մոլեռանդ հոգիներ քու քրիստոնեայ դառնալուդ վրայ խնդակցին, օրագիրները տեսակ մը ցնծութեամբ գրեն ու հրատարակեն որ դուն, առջի օրուան հրէուհին, մերժեցիր հօրդ երեսը տեսնել երբոր անիկա քու մօտդ եկաւ յիշեցնելու քեզ քու ազգիդ ու կրօնքիդ ու ընտանիքիդ հետ ունեցած այնքան հոծ ու բազմաթիւ կապերդ, եւ համարձակեցար պոռալու անոր ետեւէն՝ երբ գլխիկոր հեռացաւ գնաց անիկա.

- Ես հայ եմ ու հայ պիտի մնամ։

Հայ չես դուն։ Քու ազգդ, քու կրօնքդ ձգելով, մերինը չես ըլլար բնաւ, այլ վտարանդի, երկուքէն ալ հաւասարապէս հեռու, լքուած ու դժբաղդ արարած մը պիտի ըլլաս։

Անոնք որ այսօր հազար սուտ խոստումներով համոզեցին զքեզ հաւատափոխութեան, չպիտի վարանին, զայրոյթի մը, սրտնեղութեան մը վայրկեանին, երեսդ զարնելու այն արարքը զոր իրենք թելադրեցին քեզի։ Այն ատեն շատ ուշ, գրեթէ անհնար պիտի ըլլայ վերադարձը եւ զղջումը անօգուտ։

Անկարելի՞ն յուսալ է արդեօք որ մեր եկեղեցին չընդունի այս սիրոյ արկածեալը իր գրկին մէջ եւ գթայ անոր հօրը եւ մօրը վերջին տարիներուն՝ վերադարձնելով անոնց զաւակը։

Մոլեռանդութիւնը այնքա՞ն բուռն է մեր մէջ, մարդասիրութիւնը, եւ նոյն իսկ կրօնական արժանապատուութիւնը այնքա՞ն մոռցուած, որ այսպիսի մոլորեալ հրէուհի մը ալ քրիստոնեայ մկրտելը յաջողութիւն սեպուի մեզի համար։

Ի՞նչ, որովհետեւ օտար աղջիկ մը, տկար արարած, յուսահատ սիրոյ մը տագնապին մէջ, իր սիրած տղուն հասնելու ամար միայն, իր հաւատքը կ’ուրնայ, այս ակներեւ նպատակով եղած հաւատափոխութիւնը ընդունելի ու վաւերական բա՞ն մը կը սեպեն մեր եկեղեցւոյ մեծերը։

Եւ ասանկո՞վ կը կարծեն մեր եկեղեցւոյ սրբութիւնը եւ մեծութիւնը պահպանել։

Ժամանակ է մէկդի ընելու այն խիստ ու աններող կանոնները որ մեր Եկեղեցւոյն հիմերուն հետ ո եւ է առնչութիւն չունին, վարդապետական ծայրայեղութիւններ որոնք Պապական Եկեղեցիէն անցած են մեզի, օրինակի համար պսակի անլուծելի ըլլալը:

Եւ քիչ մը առաջ երթալով կ’ըսեմ որ պէտք է թոյլ տալ որ հայ մը ամուսնանայ ուրիշ Եկեղեցւոյ զաւկի մը հետ եւ նոյն իսկ ոչ քրիստոնէի մը, հրէայի մը հետ, առանց օտարին կրօնափոխութեան մը պայման դնելու:

Քսաներորդ դարուն, լուսաւորութեան դարուն մօտն ենք, այնքան հեռու հաւատաքննութենէն:

Հայ Եկեղեցին իր անշահամիտ ու աննախապաշարեալ ոգիովը միայն զանազանուած է միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներէն. իր այս դրոշմը անեղծ պահելու է դարուս գաղափարներուն հետ եւ ոչ թէ սիրահարուած հրէուհի մը իր սիրածին հետ պսակելու համար զայն անպատճառ հաւատքի բերելու աններողութիւնը ընծայելու է իրեն։