Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶՄԻՐ

Իզմիրի Հայերուն վրայ շատ աղէկ կամ շատ գէշ խօսած են միշտ. ոմանք՝ անոնց բարեկեցիկ վիճակը տեսած են միայն. այլք՝ հանրային գործունէութենէ հեռու կեցող երիտասարդութիւննին։

Տարբեր տեսակէտներով՝ միեւնոյն հասարակութիւնը տարբեր, գրեթէ հակասական երեւոյթներով ներկայացած է. շատ մօտէն կամ շատ հեռուէն՝ դիտած են զայն ու ամենեւին չի զարմացներ զիս այն հակառակ վճիռները որ մամուլի միջոցով կ’արձակուին անոր վրայ։

Իզմիրի Հայերը՝ մենէ կանուխ թեւակոխած են հրապարակագրութեան մէջ իրենց Արշալոյսովը, որ անյագ վերջալոյսի մը փոխուած է հիմա։ Լրագրութեան մէջ մեր անդրանիկներն են ուրեմն, Արեւելեան Մամուլը, իր կրտսերը, ահա մօտիկ քառորդ դարէ մը ի վեր կը շարունակուի իր ալեւորած հիմնադրին անվթար հաւատքովը։ Առաջին Արեւելքը, որ երեւցաւ Ֆրանսայի մէջ, Իզմիրցի մը հրատարակեց, Ստեփան Ոսկան. եւ ինչ որ ալ ըլլայ Ռեֆորմի խմբագրապետի վերածուած այս Հայուն վրայ կազմուելիք դատաստանը, որքան ալ մեծ մոլորանք մ’ըլլայ իր լեզուէն ու գրականութենէն երես դարձնելու դաւանութիւնը, նորէն այդ հրապարակագրին անցեալ գրական վաստակը կեցած է ու իր անունը մոռացումէ փրկելու պիտի բաւէ։

* * *

Անհատական զարգացումով Իզմիրի Հայերը մայրաքաղաքի Հայերէն ետ չեն մնացած, ու ճիշդ այս անհատական գերազանցութիւնն է որ վնասած է իրենց։

Հո՛ս Մամուրեան մը կը կենայ, հո՛դ Ոսկան մը, Կոստանդեան մը, Նուպար մը, Մսերեան մը ամենէն ծանօթները յիշելով եւ այս ցրուած, բաժնուած գրական ոյժերը Ագամեմնոնի ճամբարը կը յիշեցնեն։

Երեւակայեցէ՛ք մեծ հաւատացեալներ որոնց իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մատուռ մը շինել տար ու հո՛ն միայն աղօթել ուզէր, երբ այնքան դիւրին էր իրենց՝ եկեղեցի մը շինել որ հասարակութիւնն ալ գար աղօթելու։ Ահա՛ Իզմիրի գրական մարդոց անտեսած ճշմարտութիւնը. ժողովուրդը՝ որ ամեն հրապարակագրի հոգածութեան առարկան պէտք է ըլլայ, իրենց ուշադրութեան արժանացած ըլլալ չթուիր։ Գրականութեամբ զբաղած են իբրեւ տիլէթանթէներ եւ իրենք զիրենք ո եւ է պարտաւորութեան գաղափարով կապուած չեն զգացած հասարակութեան հանդէպ։

Ասոր համար է որ առօրեայ օրաթերթ մը չունին, ասոր համար է որ անդրանիկ Արեւելքի խմբագրապետը չքաշուիր իր լեզուն մոռցած ըլլալը խոստովանելէ՝ յորմէհետէ ֆրանսերէնը մշակած է միայն ու ասոր համար է դարձեալ Մէթոտի հեղինակը իր նոր աշխատութիւնը ֆրանսերէն կը պատրաստէ։

* * *

Եւ երբ այդ գրական մարդերէն ոմանք այսպէս կը թերանան, կը լքին ու իրենց նշանակութիւնը կը կորսնցնեն, ի՞նչ կ’ընէ հասարակութիւնը անդին։ Մօտէն ճանչնալուս՝ գիտեմ որ այդ հասարակութիւնը չի խաբուիր Տէլէմաքի նաւուղիղը պարտող դիցուհիէն որ Ոսկանի մը, Կոստանդեաի մը պէս մեծ իմացականութիւնները կրցած է մոլորեցնել՝ անոնց աչքին՝ ֆրանսական լեզուին տալով այն տեղը, որ մայրենի լեզուին յատուկ է։

Տոհմային արժանապատուութեան զգացումը վառ ու կենդանի է հոն եւ Իզմիրցոց Արեւելեան Ակումբը, զոր Մուրճի թղթակցին անձուկ միտքը զբօսարան մը կարծած է, այդ զգացման ամենէն ազնիւ արտայայտութիւնը, ինքնուրոյն անհատականութեան մը գովելի ցոյցն է։

Իզմիրի Հայերը Եւրոպացոց քլիպները կը յաճախէին ու խել մը լըվանթէններ, որոնցմէ ձեւացած են այդ քլիւպները, համարձակեր էին պէտք եղած յարգանքը զլանալ մերիններուն։

Արեւելեան Ակումբի հաստատութիւնը՝ ինքզինքը յարգել տալ գիտցող հասարակութեան մը կողմէ տրուելիք վայելուչ պատասխանն էր ադոնց։

Ահա՛ ինչ որ պէտք է տեսնել այդ հայ Ակումբի հաստատումին մէջ։

* * *

Այսպէս ահա պարզ հասարակութիւնը կը շարունակէ պահել իր աւանդութիւնները, որոնք բոլորն ալ պատուոյ աւանդութիւններ են։ Ու այս մրցումի քաղքին մէջ ուր գործունէութեան ամեն ճիւղերուն համար սաստկագոյն պայքարը կը մղուի անընդհատ, մեր ազգակիցները իրենց թիւէն անհամեմատ կերպով բարձր դիրք մը ձեռք բերած են ու միշտ բարձր պահած են մեր անունը։