Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՒԵԼԷՆ ԵՏՔԸ

Թէ որ մէկը ելլէր մեր մէջ եւ բժիշկ ու երկրաչափ հասցնելու համար Պոլսոյ մէջ Բժշկական ու Երկրաչափական ազգային վարժարաններ համստատելու առաջարկութիւնը ընէր, հարկաւ ամենքս ալ խնդալէ պիտի մարէինք։

Գաղափարը այնքան տարօրինակ պիտի երեւար որ չպիտի մտածէինք անգամ որ Պոլսոյ մէջ, եթէ ոչ պահանջելի ամեն պայմաններով օժտուած, բայց գոնէ պէտք եղած դասերը ըստ կարի աւանդելու կարող մասնագէտներ ունիք. այդ պզտիկ օժանդակութիւնը, ատանկ մեծ գաղափարի մը իրականացումին քով, շատ չնչին սատար մը պիտի համարուէր։

Ու երբոր Վարժապետանոց հիմնելու առաջարկոթիւնը կ’ըլլուի, կը տեսնեմ որ շատ մը մարդիկ, զորս մեծապէս կը յարգեմ, ահա լրջութեամ ասոր իրականացումին ետեւէն են եւ ասով ահա լրջութեամ ասոր իրականացումին ետեւէն են եւ ասով ժամավաճառ կ’ըլլան, նիստ ու ժողով կը գումարեն, կարծիք կը փոխանակեն, խորհրդակցութիւններ կ’ընեն, ծրագիր պատրաստելու համաճառակ ախտէն կը բռնուին։

Կը տեսնեմ ու հաւատալս չի գար։

* * *

Կը կարծե՞ն արդեօք որ Ուսուցչութիւնը աւելի՞ պզտիկ մասնագիտութիւն մըն է քան թէ Բժշկութիւն կամ Երկրաչափութիւնը։

Աւելի՞ քիչ ատենի, նուա՞զ անգտանելի վարդապետներու, եւ պակա՞ս ծախքի կը կարօտի միթէ։

Մեր ըմբռնումովը, - որ կրնայ Ուսումնական Խորհրդինը չըլլայ, բայց չի դադարիր բոլոր լուսաւորեալ աշխարհին ըմբռնումը մնալէ, - ուսուցչութիւնը ո եւ է մասնագիտութենէ աւելի բան մըն է, ինքզիրմէ դուրս ընդհանուր զարգացումի մը կարօտ ասպարէզ է։

Ոչ միայն սորվելու բան մըն է ան, այլ նաեւ զարգացումի յատուկ մթնոլորտի մը, բացոյական ու իմացական մասնաւոր միջաւայրի մը անհրաժեշտ ենթական։

Այնպէս որ, եթէ նոյն իսկ իբրեւ մասնագիտութին մը զայն հոս ձեռք բերել կարելի իսկ ըլլար, - ինչ որ բացարձակ կերպով անհնար է, քանի որ ամեն բանէ առաջ Վարժապետանոցի համար կարող ուսուցիչ չունինք ես դարձեալ պիտիպահանջէի որ մէկդի ձգենք այդ գաղափարը վասն զի մեր մէջ պէտք եղած իմացական մթնոլորտն ալ կը ակսի կարծեմ։

Եւ ուրկէ կը հետեւի թէ աւելի հեշտ ու հնարաւոր է մեզի համար այստեղ Բժշկական կամ Երկրաչափական դպրոց մը հիմնել քան թէ Վարժապետանոց մը։

* * *

Տեսնե՛նք՝ արտորնօք տրուած որոշոմներու, անհաշիւ առուտուրներու վերջ տանք. ուրիշ տեղ մը ըսի որ նոր շրջանի մը սկիզբն ենք ու ջանանք նոր մարդերու պէս շարժիլ. մոռնանք, Աստոծո՛յ սիրուն, առաջուց ի վեր յեղյեղուած յանկերգերը որոնք այս ժամանակինը չեն. թողունք որ անոնք Պատրիարքարանի արձանագրութեանց մէջ մնան, իբրեւ իրենց ատենին նշանակները։

Մի՛ ըսէք ինծի որ ձեր ծրագրած Վարժապետանոցը՝ այն չէ ինչ որ ես, եւ հարկաւ դուք ալ, կը փափաքինք, այլ նախապատրաստական ուսուցիչներ հասցնելիք համեստուկ դպրոց մը. այս սահմանափակումները չեմ հասկնար. վարժապետութիւնը՝ այն միակ բանն է որուն է՛ն ստորին, է՛ն նախնական աստիճաններուն վրայ պէտք է փնտռել բարձրագոյն արժանիքը։

Վարժապետանոց կամ Ոչինչ. մէջտեղ չի կայ ասոր։

* * *

Ի՞նչ ընելու է ուրեմն։

Պարզապէս այն՝ ինչ որ խիստ բնական կը գտնենք երբոր մէկը բժիշկ կամ երկրաչափ ըլլալու կը պատրաստուի։ Ինչ որ անհատները այնքան դիւրութեամբ կ’ընեն ու կը յաջողին, անիկայ ընենք մենք ալ՝ երբ ազգին համար ուսուցչի պէտք ունինք եւ ինչ որ մինչեւ հիմա երբք փորձած չենք։

Ի՞նչ աւելի դիւրին բան կայ, քան ամեն տարի 4 կամ 5 պատանիներ զատելով արժանաւորներէն, - ու երբ արժանաւոր կ’ըսեմ, կը հասկնանք որ սըւոր պաշտպանութիւնը, յանձնարարութեանը կամ եղբորորդիութեանը վրայ չէ խօսքս, այլ մրցումով ապացուցուած արժանիքի, - Գերմանիա կամ ուրիշ յարմար տեղ մը խրկել, որպէսզի պէտք եղած ուսումը եւ զարգացումը առնեն։

Կը կարծեմ որ չորս տարուան շրջան մը կը բաւէ ասոր, եւ այստեղ փորձուելիք ամուլ ջանքերը այնտեղէն սպասուած ապահով ճշմարիտ օգուտներուն հետ բաղդատութեան անգամ չեն կրնար դրուիլ։

Ծախքի խնդիրը հոս թէ հոն միեւնոյն պիտի ըլլայ, վասն զի նախակրթարաններ կան մեր մէջ որ 500էն 1000 ոսկիի տարեկան պիւտճէ ունին եւ կ’ենթադրեմ որ Վարժապետանոցը, որքան ալ համեստ ըլլայ, միշտ նախակրթարանէ մը աւելի ծախքի կը կարօտի, մինչդեռ Եւրոպա խրկուելիք ուսանողի մըտարեկան ծախքը 60 ոսկիէն անդին չանցնիր։

* * *

Երբոր ասկէ չորս տարի վերջը ճիշդ 16 ուսանող ունենանք հոն, ասոնց ծախքը՝ որ ուսանողներուն թիւին աւելնալուն համեմատ կրնայ պակսիլ, տարեկան 1000 ոսկիով պիտի գոցուի։

Կրնա՞ք խօսք տալ որ այսչափ դրամով միեւնոյն արդիւնքը կարող էք ձեռք բերել հոս, եթէ ասոր տասապատիկն ալ ծախսէք։

Մանաւանդ որ, երբ կանոնաւոր կազմակերպութիւն մը առնէ, երբ վստահութիւն մը ներշնչէ այս գործը, չի իտի պակսին հարուստներ որոնք սիրով մէկ կամ աւելի ուսանողի ծախքը պիտի հոգան, ինչպէս որ ցարդ հոգացած են անհատական դիմումներու վրայ եւ որոնք, եթէ փափաքին իսկ այսօր նպաստ մը տալ բարեգորրծական նպատակով, չեն գիտեր թէ ի՛նչ ընելու են կամ որի՛ն հարցնելու են։

Թաղային վարժարաններէն՝ այցելու կամ տանուտէր տնօրէններու համար ստակ պահանջելէ բանաւոր է կարծեմ ասանկ առաջարկութեան մը օգտին անոնց պիւտճէներէն մաս մը յատկացնել տալ, օրինակի համար, հարիւրին տասը. եւ կը հաւաստեմ որ Պատրիարքարաններէն խրկուած տեսուչներու դանկ մը չի երբոր իրենց տղոց ուսուցիչներ պատրաստելու առաջարկութիւնը՝ լուրջ բանի մը, հաւատալի ձեռնարկի մը վերածուի։

Հիմա որ այս կրթական գործին ապրելու պայմանները ճշդեցինք, ուրիշ բան մը չի մնար մեզի բայց միայն արտասուել անոր վրայ եթէ դարձեալ կեանքը զլացուի իրեն։ Դուրեանին ըսածին պէս.

Եւ մահամերձն ալ կը խնդրէ երկու բան,

Նախ՝ կեանքը ու յետոյ լացող մ’իր վրան։