Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՌՑՈՒԱԾՆԵՐ

Քանի մը երիտասարդներ Դուրեանի աճիւններուն նոր մեծարանք մը ընել կը խորհին։

Մոռացկոտ ազգի մը մէջ, որպէս է մերինը, մխիթարիչ բան մը կայ այս ինքնաբուխ ցոյցին մէջ։ Ապաքէն Դուրեանի գերեզմանն է միայն որ լքուած չէ բոլորովին. կարծես թէ ականջնուս մէջն է միշտ իր երգին ձայնը.

Գիտցէք որ դեռ կենդանի եմ։

Անդին քանի՞ մոռցուածներ, գերեզմանէն ալ անդին դժբաղդներ զորս յիշելու ատեն չունի ինքնիրմով զբաղող մեր երիտասարդութիւնը։

Ո՞ւր է Զօրայանը, Արմենակ Հայկունին, Քրիստոսատուր Ղազարոսեանը, Պարոնեանը, Խաչատուր Միսաքեանը, Ստեփան Փափազեանը, ո՞ւր են ասոնք. գիտէ՞ք ո՛ւր պէտք էք երթալ երբ այցելել ուզէք այս անշուք հողակոյտները։

* * *

Մարդ մը չի՞ պիտի գտնուի որ ազգին վաստակաւորներուն գերեզմանը գոնէ մէյմէկ մահարձանով ամենուն ոտքի կոխան չընելու աշխատութեան գլուխ կանգնի. ո՞ւր են անոնք որ ամեն գործի մէջ գլուխ ըլլալ կ’ուզեն, կը բարբառին շարունակ. ահա պատուաւոր գահերէցութիւն մը իրենց համար։

Գիտեմ որ այս անփառունակ աշխատութիւնը իրենց գործը չէ. այնպիսի առաջարկութիւն մը գտնելու անոնց որ կարող ըլլան իրենց անունը, նախ իրենց անունը, գործին ճակատը փորագրել տալ։ Եկեղեցի մը շինել, դպրոց մը կառուցանել, այո՛, աղուոր ոսկեզօծ տառերով յոխորտալու համար, ինչո՞ւ չէ. բայց երթալ Սրուանձտեանցին գերեզմանին վրայ քար մը դնել. ո՜հ, այդչափ միամիտ չեն մերինները։

* * *

Մենք ալ պարզ ժողովուրդին կը դառնանք միայն. այն, պզտիկ թող ըլլայ, բայց միշտ անկեղծ համակրութիւններով որով հանրային երախտագիտութիւնը կը ձեւանայ։ Ան է միայն որ ճշմարիտ թարգմանն է իր զգացումներուն եւ ամեն անգամ որ տեսնանք այն երեք երիտասարդներուն պէս մարդիկ որոնք առանց աղմուկի այսպիսի ազնուական հոգիով մը յառաջ կը նետուին, կը ծափահարենք իրենց։

Թող ուրիշներ խոչընդոտ դնեն ասոնց ոտքին, առջի քայլէն ջանք չի խնայեն ուժաթափ ընելու զիրենք։ Դուրեանը՝ պզտիկ թատրերգակ գտնեն ու Մնակեանը՝ մեծ քննադատ. կը հաւատանք որ այս պզտիկ չարութիւնները անզօր պիտի մնան. Դուրեանի Թատրոնը՝ իր արժանաւոր ներկայացումը պիտի ունենայ, անոր շնորհիւ իր գերեզմանը պիտի զարդարուի եւ Դուրեան ինքը պիտի ըլլայ իր շիրիմը պճնողը ծաղիկներով, առանց ուրիշներուն պէս կարօտ ըլլալու մուրացածոյ դափնիներու։

* * *

Դժուարահաճ միտքեր Դուրեանի Թատրոնին քննադատները հանդիսացան. առանց վարպետ մը ըլլալու թատրերգական ասարէզին մէջ, կրնանք յայտարարել սակայն որ բանաստեղծին այս գործը այդ քննադատներուն պզտիկ կշիռէն շատ մեծ է դեռ. այդ խաղին յղացումը միայն գիւտ մըն է որ Դուրեանի անգամ պատիւ կը բերէ. ոճը կրնայ պակասութիւններ ունենալ, տեսարաններու բաժանումները կրնան բարեփոխութիւններու կարօտիլ, բայց շէնքը հաստատ ու գեղեցիկ է. ամեն պարագայի մէջ նորելուկ թատրերգութեանց նման անշահ խօսակցութեանց շարք մը չէ Դուրեանի գործը. ադամանդը կրնայ յղկուելու պէտք ունենալ եւ ադոր համար ներելի՞ է միթէ հողին մէջ ձգալ զայն. եւ եթէ ստոյգ է որ Պ. Մնակեան «տղայական» գտած է զայն, իրաւունք կուտայ մեզի ըսելու բոլոր դերասաններուն ինչ որ ատենով ֆրանսացի ազնուականներուն ըսին, երբ իրենց հայրենիքը վերադարձան անոնք.

«Այս մարդիկը ոչ բան մը սորված են, ոչ բան մը մոռցած»։

* * *

Կ’զգամ որ այս միջանկեալ խորհրդածութիւնները նպատակէս շեղեցուցին զիս։

Իմ բոլոր փափաքս է վարժեցնել մեր ժողովուրդը ճանչնալու բոլոր անոնք որոնք իրեն մէկ համակրական ցոյցին արժանանալու համար տարիներ տուած են իրենց կեանքէն ու իրենց սիրտէն։

Ու վարժեցնել ժողովուրդը մանաւանդ փնտռել գտնելու գերեզմանը անոնց որոնք ոչ եւս են եւ որոնք իրենց վերջին հանգիստի տեղէն ալ թերեւս մեզի կը մտածեն։

Մասիս իր ներկայ շրջանէն պարտաւորութիւն մը համարեց իրեն համար, հետզհետէ ճանչցնել այն դէմքերը որոնք անհետացած են շատոնց եւ որոց յիշատակն անգամ կորսուելու վրայ էր։

Դուրեանի գերեզմանը զարդարելու խորհուրդը թող մեր միտքը ձգէ նաեւ ամեն անոնք որ գերեզման մը չունին. ազգը՝ իր երախտագիտութեան ժլատութեա՞մբը պիտի քաջալերէ արդեօք իր զաւակները։