Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՐԳԻՍ Բ. ԱՋԱՏԱՐ

1504. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՕԾՈՊԵՑԻՆ

Յաջորդութեան գործը աթոռակցութեան իրաւունքով կարգադրելու կերպը, կրկին իր իրագործումը ունեցաւ Արիստակէսի մահուանէ ետքը, քանի որ արդէն Ջալալբէգեանցի օրէն երկրորդ աթոռակից հռչակուած էր Սարգիս ( § 1495), եւ Արիստակէսի հետ ալ շարունակած էր իբրեւ առաջին աթոռակից: Իր գործերէն ինչ ինչ պատմեցինք ( § 1490), եւ աթոռակցութեան բարձրանալն ալ բացատրեցինք ( § 1495), բայց իր ուսկից ըլլալը եւ անկէ առաջ ինչ նախընթաց ունեցած ըլլալը չենք գիտեր, եւ որոշ մակդիր անունն ալ չենք գտներ: Մենք զինքը ճանչցանք Լուսաւորիչի Աջը Էջմիածինէ տանելուն առթիւ, եւ այդ պարագայէն կազմած ենք Աջատար մականունը, համանուններէ զատելու համար, աւելի տգեղ կոչում մը խնայելով, զի անուրանալի է թէ յայտնի գողութիւն մըն էր Սարգիսի ըրածը: Այդ գործը բաւական է աննպաստ գաղափար մը կազմել տալու համար իր վրայ, իբր անձնական շահի զակատեալ անձ մը, օրինաւորութեանց պայմաններն ալ ոտնակոխ ընելու չափ: Իր գործին ներքին նշանակութիւնը շատ աւելի մեծ եղած է քան արտաքին եղելութիւնը, Մայրաթոռի պառակտումին դուռ բանալով եւ Աղթամարցոց յարձակումներուն քաջալերութիւն տալով: Որչափ ալ Սարգիս վերջէն Զաքարիայէն բաժնուած եւ օրինաւոր կաթողիկոսներու կողմը զօրացնելու օգնած ըլլայ, բայց հարկաւ ինքզինք մեղադրելու չափ ցաւած պիտի ըլլայ, երբ կարգը իրեն հասաւ Մայրաթոռի գահակալն ըլլալու, առանց Լուսաւորիչի Աջը իր ձեռքը ունենալու: Անշուշտ ամէն տեսակ ծրագիրներ եւ ամէն տեսակ միջոցներ Սարգիսին միտքէն անցան, գուցէ քանիներ ալ փորձեց, բայց յայտնի ու բռնի կերպեր բնաւ վստահութիւն չներշնչեցին, եւ հարկ եղաւ գաղտնի ու նենգամիտ միջոցներու դիմել, ինչ որ հնար չէր ձանձունել եւ հրապարակել: Սարգիսի նպատակին օգնելու յարմար անձ մը ներկայացաւ Էջմիածնի եպիսկոպոսներէն Վրթանէս, բնիկ Օծոպեցի, Շահպանուցձոր կամ Շահապօնք գաւառէն ու Սիւնիք նահանգէն, այր խորագէտ եւ խելամուտ ի գործս իւր եւ ճարտարաբան ի խօսս, որ Սարգիսի հետ խորհրդով եւ կամօք համաձայնելէ ետքը ( ԴԱՎ. 329), յանձնառու եղաւ, գաղտնի ձեռնարկը գլուխ հանել: Վրթանէս Էջմիածինէ հեռացաւ առանց երթալիք տեղը իմացնելու, եւ առանձնացաւ յանծանօթ աշխարհ, առանց իր ով ըլլալը յայտնելու: Անդ այլափոխեաց զանունն եւ զգեստն, եւ հարթեալ թեթեւացոյց զմօրուքն, եւ եղեւ ի կերպ մուղդուոյ` անգէտ գրոց եւ կարդալոյ: Ինքզինքը աւելի ծածկելու համար, ի վերոյ քան զծունկն կապեաց պարանաւ զբարձն, եւ կաղացոյց զջիլն, եւ եղաւ կատարելապէս մըղտեսի մը, ինչպէս սովոր էին կոչուիլ վանքերու մէջ գտնուող խեղճ աղօթաւորներ եւ ուխտաւոր ծառայողներ: Այս կերպարանի ներքեւ ներկայացաւ Վրթանէս Աղթամարի վանքը, չենք գիտեր ինչ անունի ներքեւ, եւ ընդունեցաւ Աղթամարի կաթողիկէին ստորին ծառայութեանց մէջ ( ԴԱՎ. 330): Վրթանէսի նպատակն էր այս կերպով իմանալ Աջին պահուած տեղը, անոր տիրանալու միջոցները ճարել, եւ գաղտնի կերպով զայն վերցնել, ինչպէս Սարգիս յաջողած էր ընել Էջմիածնի մէջ ( § 1490), եւ հիմակ նոյն կերպը թելադրած էր Վրթանէսի: Բայց Սարգիս մխիթարութիւն չունեցաւ իր հնարքին ելքը տեսնել, զի Վրթանէս հազիւ յամս եօթն կրցաւ յաջողցնել իր նպատակը ( ԴԱՎ. 330), երբ Սարգիս արդէն մեռած էր:

1505. ԱԹՈՌԱԿԻՑՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Սարգիս տարիքը առած եւ յուզմունքներով ատեն անցուցած, բաւական տկարացած էր երբ աթոռին տէր եղաւ իբրեւ բուն աթոռակալ, եւ իրմէ զատ աթոռակից ալ չէր մնացած, զի Արիստակէս չէր ուզած նոր մը բարձրացնել այդ աստիճանին: Ուստի Սարգիս հարկ տեսաւ իրեն աթոռակից մը օծել, եւ այդ աստիճանին բարձրացաւ Յովհաննէս եպիսկոպոս մը, որ Սարգիսի հետ այլեւ եղեւ կաթողիկոս տէր Յովհաննէս: Այս ընտրութիւնը Դավրիժեցին կը դնէ 1474 թուականին ներքեւ ( ԴԱՎ. 337), սակայն ատկէ կը հետեւի միայն նոյն թուականին արդէն եղած ըլլալը, եւ ոչ թէ նոյն տարին օծուիլը, ինչպէս Դավրիժեցին ալ զգացուցած է ( ԴԱՎ. 334), եւ յայտնապէս ալ Վրթանէս Օծոպեցիին ձեռնարկը պատմած ատեն ( § 1504), ըսուած է թէ զայս արար խորհրդով եւ կամօք կաթողիկոսացն, որոց անուանքն են Սարգիս եւ Յովհաննէս ( ԴԱՎ. 330): Արդ քանի որ Վրթանէսի ձեռնարկը կանուխէն եղած բան մըն էր, Յովհաննէսի աթոռակցութիւնն ալ պէտք է Սարգիսի միահեծան կաթողիկոսութեան սկիզբը դնել 1470-ին: Երեւանեցին ալ 1475 թուականը յիշած ատեն ( ՋԱՄ. 20), պարզապէս Դավրիժեցին կ՚օրինակէ Գ եւ Դ թուատառերուն ալ շփոթութեամբ ընդօրինակութեան կամ տպագրութեան մէջ, եւ հետեւաբար նոր հեղինակութիւն չի կազմեր: Չամչեան համանուն Սարգիսներու եւ Յովհաննէսներու յիշատակութենէն շփոթելով, չէ ուզած Յովհաննէսը աթոռակից կաթողիկոս ճանչնալ, հակառակ Դավրիժեցիին յստակ վկայութեան, եւ նոր ձեւ մը տուած է Սարգիսի կատարած ընտրութեան, թէ կարգեաց իւր փոխանորդ զՅովհաննէս վարդապետ, ձեռնադրեալ զնա եպիսկոպոս Էջմիածնի ( ՉԱՄ. Գ. 506), կոչում մը` որուն ոչ ուրեք կը հանդիպինք: Սարգիսի բուն կաթողիկոսութեան ժամանակէն բնաւ եղելութիւն մը չենք գտներ, զոր կարենանք իբր իր գործունէութեան պատմութիւն յառաջ բերել: Անգործ անցուցած է նա իր հայրապետութեան տարիները որ երկար ալ չեն եղած, եւ կը համեմատին Ուզուն Հասանի պատերազմներու միջոցին: Դավրիժեցին 1476 թուականէն կը դադրեցնէ Սարգիսի անունը, եւ առաջին կը դնէ Յովհաննէսը ( ԴԱՎ. 337), որով կ՚իմացնէ թէ այդ թուականին Սարգիս արդէն մեռած էր: Միւս կողմանէ օտար աղբիւրէ մը, ինչպէս Իտալիոյ Գենուա քաղաքի հին գրութեանց դիւանը, կը քաղուի թէ 1474-ին Հայոց կաթողիկոս մը մեռած է, զոր ուրիշներ Արիստակէսի ուզած են պատշաճեցնել ( ԱՐՐ. 230), բայց մենք յարմարագոյն կը գտնենք Սարգիսի վրայ իմանալ, քանի որ 1474-էն առաջ հաստատեցինք Արիստակէսի մահը ( § 1503): Այս տեսութեամբ Սարգիս Բ. Աջատար իր կեանքը կնքած կ՚ըլլայ 1474-ին, 4 տարի եւ քիչ մը աւելի վարելով բուն աթոռակալ հայրապետութիւնը, որուն աթոռակիցը եղած էր 1462-էն ի վեր ( § 1495) երկու նախորդներուն հետ: Իր վրայ գիտցուած տեղեկութիւններ տգեղ գոյներ միայն ցոյց կու տան, իսկ ուր այդ յիշատակները կը պակսին` անգործ դատարկութիւն մըն է տիրածը, եւ ինքը առաջին կը գտնուի այն շարքին մէջ, որոնց համար Երեւանեցին կը գրէ, թէ ոչ ոք ունի արարեալ զնշանաւոր բարերարութիւնս ինչ գրելի ( ՋԱՄ. 19):

1506. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՐԾԵՐ

Երուսաղէմի աթոռին վերաբերեալ գործերէն գրեթէ բոլորը սրբավայրերու տիրապետութեան խնդիրներ են, քրիստոնէից զանազան բաժիններուն իրարու դէմ վարած պայքարներով, ուսկից օգուտ կը քաղէին Եգիպտոսի պետական շրջանակները, եւ նոյնիսկ սուլտանները, անձնական շահերու առիթներ պատրաստել: Վերջին անգամ յիշեցինք Գողգոթայի սրբավայրին համար Վրացիներու եւ Հայերու մէջ մղուած խնդիրը ( § 1425), որուն համար Մարտիրոս պատրիարք Եգիպտոս գնաց, իսկ Եսայի աթոռակիցը, որ Կոստանդնուպոլիս կը գտնուէր ( § 1435), Երուսաղէմ դարձաւ տեղական վարչութեան գլուխ գտնուելու համար: Գողգոթայի Հայերուն ձեռք անցնիլը տեւական չեղաւ, զի Վրաց թագաւորը կրցաւ կրկին յագեցնել եւ հաճեցնել Ապուսայիտ Չաքմաք սուլտանը, եւ այս անգամ անհնար եղաւ Մարտիրոսի Վրացւոց դէմ մրցիլ. թէպէտ կրկին Եգիպտոս գնաց: Ուստի գոհացաւ Հայ սեփականութիւն դարձնել վերնատունն որ այժմ ալ Հայոց ձեռք կը գտնուի, եւ որ էր տեղի թագաւորաց, անուանակոչեալ երկրորդ Գողգոթա, ուր ժամանակաւ ի վերայ արձանի փորագրեցեալ յիշատակարան ալ կը գտնուի եղեր ( ՀՆՆ. 227), 1439 թուականով ( ԱՍՏ. Ա. 229): Շատ չտեւեց Վրացւոց յաղթութիւնը, վասնզի թագաւորութիւննին վերջացաւ 1440-ին ( §   1429), եւ իրենց բաժինը ինկաւ համակրօն եւ դաւանակից Յունաց, եւ Վրացւոց անունը ջնջուեցաւ սուրբ տեղեաց մէջ: Իսկ Հայերէ գրաւուած Գողգոթային կէսն ալ Ֆռանկքն բռնութեամբ առին ի ձեռաց Յունաց ( ՀՆՆ. 227): Այս միջոցիս շարունակ ոտնձգութեանց պատմութիւններ են որոնք յառաջ կը բերուին, եւ որոնց հետեւիլ մեր նպատակէն դուրս է: Միայն յիշենք թէ ոչ միայն քրիստոնեայք իրարու դէմ, այլ եւ մահմետականք քրիստոնէից դէմ սեփականութեանց խնդիրներ կը մղէին, եւ եկեղեցիներ կը քանդէին կամ մզկիթի կը փոխարկէին, իբր այն թէ կանուխէն իսլամական աղօթատեղիներ եղած ըլլան: Այս կարգին նշանաւոր է Դաւիթի գերեզմանին գրաւումը 1468-ին ( ԱՍՏ. Ա. 239), եւ նոյնիսկ Ս. Յարութիւն տաճարին քրիստոնէից առջեւ փակուիլը 1496-ին, որ դադրեցաւ Եթովպացւոց թագաւորին Երուսաղէմ այցելելուն առթիւ 1480-ին ( ԱՍՏ. Ա. 238): Հայեր շատ նեղութիւններ կրեցին այդ պատճառներով, եւ նոյնիսկ Ս. Յակոբեանց վանքին սեփականութիւնը պաշտպանելու պարտաւորուեցան, եւ անիրաւ տուրքերու դէմ մաքառեցան: Եսայի որ Մարտիրոսի աթոռակիցն էր, անկէ ետքը շատ չապրեցաւ եւ հինգ պատրիարքներ յաջորդեցին մինչեւ Յովհաննէս Թաւիլ, որ բուն աթոռակալ եղաւ 1479-ին ( ԲԱՌ. 50): Պէտք է յիշենք որ Երուսաղէմի յաջորդութիւնն ալ աթոռակցութեան ձեւով կը կատարուէր, ինչպէս Էջմիածնի համար տեսանք ( §   1482): Երուսաղէմի համար ուրիշ պարագայ մըն ալ կար աթոռակցութեան հարկը ստեղծող. վասնզի սրբավայրերն ալ անհատականութեան ձեւը կը կրէին պատրիարքներու անունով, եւ աթոռակցութիւնը իսլամական դատարանին հաստատել տալով, սեփականութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կառնուէր, որ կրնար տեղի ունենալ, պատրիարքներու անժառանգ, այսինքն անզաւակ մեռնելովը: