Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՊՈԼՍՈՅ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1700-1701

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՏՈՐԸ
ՅԱՂԱԳՍ ՀԱՄԱՀԵՏԵՒՄԱՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (տպ. Պոլիս, 1700)

/9/ Թղթատելով Մխիթարի կենսագրութիւնը, կը նշմարենք թէ պատանութիւնը անցուցած է զարնելով վանքերու դռները, շարունակ հետամուտ ըլլալով գիտութեան եւ սրբութեան, ու չգոհանալով գտածէն՝ տուած է ինքզինքը անընդհատ ընթերցում ի եւ ինքնազարգացումի։ Ապրելով միաժամանակ ժողովուրդին ծոցը, տեսած է անոնց հոգեւոր կարիքը, եւ ինքնաբերաբար հասունցած են իր մտքին մէջ գաղափարներ ու ծրագիրներ, որոնք յաջորդաբար պիտի իրագործէր։

Քսանամեայ՝ եւ կ՚ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը, ու նոյն տարին (1696), պատահմամբ ձեռքը կ՚անցնի Թովմա Գեմբացիի «Համահետեւումն Քրիստոսի» գիրքը, տպագրուած Հռոմ՝ 1674ին։ Մխիթարի կենսագիրը՝ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի յատուկ կերպով կը յիշէ այս պարագան, ցոյց տալու համար Մխիթարի ունեցած հոգեւոր նրբութիւնն ու ճաշակը։ Մխիթար գիրքը կը կիսէ երկուքի, մէկը կ՚առնէ ինքը, միւսը կու տայ իր առաջին աշակերտին, Յովհաննէս պատանիին [1] ։ Տարի մը ետք, 1897ին Մխիթար Կարին է կը յաճախէ հացագործներու մօտ, քարոզելով ու խօսելով անոնց հոգեւոր նիւթեր, եւ անոնցմէ ստացած ողորմութիւններով կը գնէ Ոս/10/կանի Աստուածաշունչէն օրինակ մը եւ յիշեալ Թոմա Գեմբացիի գիրքէն երկրորդ օրինակ մը։

Կ՚անցնին քանի մը տարիներ, ու 1700ին Մխիթար Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ Միաբանութիւնը։ Առաջին ութը աշակերտներէն Ակնեցի Տիրացու Ղազար, հիմնադիրէն տասը տարիով երէց, Մխիթարի կը յանձնէ հետը բերած 250 ղուռուշը։ Առաջին անգամն էր գուցէ որ Մխիթարի ձեռքը կ՚անցնէր այդքան շօշափելի գումար. կենսագիրը կը շեշտէ թէ «էր անինչ եւ անստացուած, եւ առանց ինչ գաւազանապտուղ ընդունելոյ ի ժողովրդենէն՝ ձրի քարոզէր» [2] ։ Մխիթար, առաջին առիթով որ իր տրամադրութեան կ՚ունենայ բաւականաչափ գումար, կը մտած է յատկացնել զայն ազգին հոգեւոր օգուտին, վերատպելով «Յաղագս համահետեւմանն Քրիստոսի» գիրքը։

Մխիթարի հրատարակած անդրանիկ հատորն է ասիկա, կատարած նախընտրութիւնը կը մատնանշէ իր հոգեւոր խոր ապրումը։ Իբր կրօնաւորական կեանքի վերանորոգիչ, հիմը կը դնէր նոր հոգեւորականութեան մը, ուր հոգեւոր կեանքը պիտի ապրուէր մինչեւ խորը։ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի կը շեշտէ՝ թէ «յայն սակս յառաջ քան զայլ գիրս փութացաւ ի լոյս ածել, իբր զի զմիաբանեալս իւր կրթութեամբ խրատուց Հոգեմատեան գրոյս այսորիկ՚ ի կրօնաւորական վարս շնորհօք Տեառն կատարեալս առնիցէ։ Եւ կարի յիրաւունս, զի նա իբրեւ զփորձ առեալ զօրաւոր յորդորից հոգեշունչ մատենիս այսորիկ, ակն ունէր զնոսա առնել նովաւ, գործակցութեամբ շնորհաց Տեառն մեռեալս յախտից, խոնարհս, հեղս, Հնազանդս կատարելապէս, եւ յամենայն իրաց կենցաղոյս ի սրտէ հրաժարեալս, ուրացեալ զանձինս եւ ամենայն առաքինութեամբ զարդարեալս» [3] ։ Մխիթար ինքն իր ձեռքով մէկական օրինակ կը բաժնէ իր առաջին աշակերտներուն, գրեթէ իբր դասագիրք մը գործածելու համար, մեկնելով անոնց դժուարիմաստ նախադասութիւնները։

Վանքիս դիւանը կը պահուի 1766ին գրուած Խրատք Մխիթարայ Աբբայի, յաշակերտաց հաւաքեալ տետրակը, ուր կը կարդանք այս ուղղութեամբ սա մանրամասնութիւնը։ «Այսպէս եւ ես հոգեւոր չափս հոգելից գրոյն Թոմա Գեմբացի կոչեցելոյն վստահացեալ ժողովեցի /11/ աշակերտս, եւ ետու տպել ի պէտս նոցա եւ այլոց: նախ մի անգամ ի Կոստանդնուպօլիս՝ զմի մի օրինակ ամենեցուն բաշխեցի, եւ երբեմն դժուարիմաց բանսն մեկնէ ի նոցա, զի ասէ ի, եթէ սա բաւական գիտութիւն է եւ խրատէ զմարդն լինել բարի կրօնաւոր։ Բայց սակայն տեսի, զի անհարթ բնութիւնն մարդկային այնու իսկ դիւրաւ ոչ ուղղի, ուստի առաջարկեցի նախ զուսումն, որով բնութիւնն այն անհարթ հարթեսցի, եւ հարթեալ բնութեամբն կարասցէ զբան Թոմայի Գեմբացւոյն ի միտս հարստել. ահա այսու մտօք եղեւ հիմնարկութիւն կրօնիս» [4] ։

Նորատիպ հատորը տպագրութեան յանձնուած ըլլալով 1700ի Հոկտեմբեր ամսուն, մինչեւ տարեվերջ դեռ չէր սկսած վաճառուիլ. ճնշիչ էր աղքատութիւնը, այնպէս որ վանքիս Համառօտ ժամանակագրութիւնը առաջին տարուան միաբանական կեանքի արձանագրութիւնը կը փակէ գրելով թէ «ի սմին ամի (1700) եղեւ պիտոյութիւն ինչ դրամոյ, եւ ոչ ունելով մեր զայլ ինչ՝ բայց միայն զմի ժամացոյց եւ զմի Աստուածաշունչ, զորս ունէր Աբբայ Հայրն մեր, զայնս եդեալ ի դրաւ՝ առաք ի փոխ ծ (50) ղուռուշ եւ հոգացաք զպիտոյութենէն»։

լայն

ԵՐԵՔ ՈՒՐԻՇ ՀԱՏՈՐՆԵՐ
ՀԱՄԱՌՕՏ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԵՐԳՈՅ ԵՐԳՈՑՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻ (տպ. 1701) ԳԻՐՔ ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆՆ ՍՐԲՈՅ ՅՈՀԱՆՆՈՒ (1701) ԳԻՐԳ ՄՏԱԾԱԿԱՆ ԱՂՕԹԻՑ, ԲԱՆԱԼԻ ՋԵՐՄ ԵՌԱՆԴԱԿԵՐՏ (1701)

Թոմա Գեմբացիի գիրքը պէտք է լաւ ընդունելութիւն գտած ըլլայ ժողովուրդին կողմէ, որովհետեւ ժամանակագրին համաձայն «ի վաճառից նորին (այսինքն՝ Թոմայի Գեմբացւոյ) եկելովքն տպեցան հետեւեալ երեք գրեանքն»։

Տարակոյս ամենեւին չունինք որ Մխիթարի անդրանիկ հրատարակութիւնը եղած ըլլայ Թոմա Գեմբացին, տպուած՝ անուանաթերթին համաձայն «Ի թուաբերութեան Հայոց ՌՃԽ ԵՒ Թին, Հոկտեմբերի ամսոյն», ու նոյն գիրքին Յիշատակարանին մէջ (էջ 343) կը գրէ թէ տպագրութիւնը աւարտած է «Ի թուականութեանն Հայոց ՌՃԾ ին ի Յու(ն)վարի ը», տպագրութիւնը տեւած է շուրջ չորս ամիս, 1700ի Հոկտեմբերին մինչեւ 1701ի Յունուարը։

/12/ Գեմբացիի տպագրութիւնը աւարտած օրն իսկ կը սկսի յաջորդ երկու հատորներու տպագրութիւնը, «Համառօտ մեկնութիւն երգոյ երգոցն» (իմա Երգոց երգոյն) Սողոմոնի» եւ «Գիրք մեկնութեան Յայտնութեանն սրբոյ Յօհաննու»: Երկու հատորներու անուանաթերթերուն վրայ ալ կը գտնենք նոյն թուականը, գրուած նոյն ձեւով, այսինքն «Ի թուաբերութեան Հայոց ՌՃԾ . եւ ըին Յու(ն)վարի ամսոյն, եւ ի թվին Փրկչին 1700 Յու(ն)վարի ը»։ Հոս, սակայն, տպագրութեան յայտնի վրիպակ մը կայ, որովհետեւ Հայոց ՌՃԾ կը համապատասխանէ մեր թուականին 1701ին, եւ ոչ 1700ին, ինչպէս նշանակուած է զոյգ հատորներու անուանաթերթերուն վրայ։ Այս վրիպակը պէտք է անդրադարձած ըլլայ նաեւ Մխիթար, որովհետեւ առաջին հատորի Յիշատակարանին մէջ, իբր տպագրութեան աւարտելու թուական կը դնէ (էջ 158) «Թուին Քրիստոսի 1701, եւ ըստ Հայոց ՌՃԾ ին, ի Մարտի իը. ին». նմանապէս երկրորդին Յիշատակարանին մէջ (էջ 208) «որ եւ աւարտն սորին եղեւ ի թուին Փրկչին 1701, իսկ ըստ Հայոց ՌՃԾ, ի Մայիսի իբ. ն»։

Հազիւ աւարտած Յովհաննու Յայտնության մեկնութիւնը, իսկոյն կը յաջորդէ չորրորդ գիրքին տպագրութիւնը՝ Բանալի ջերմեռանդակերտ, որու տպագրութիւնը սկսելու թուականը ուղիղ կերպով նշուած է անուանաթերթին վրայ «Ի թուին Քրիստոսի 1701, իսկ ըստ Հայոց ՌՃԾ ին, ի Մայիսի ամսոյ իը. ին», ու տպագրութիւնը՝ Յիշատակարանին համաձայն (էջ 125)՝ կաւարտի «Արամեան թւին ՌՃԾ, Յունիսի ամսոյ իրին»։

Ութը ամսուան ընթացքին (Հոկտ. 1700—Յունիս 1701) Մխիթար կը հրատարակէ չորս հոգեւոր գիրքեր. թէ՛ բարիք կ՚ընէ ժողովուրդին եւ թէ՛ կը ստեղծէ եկամուտի աղբիւր մը՝ իր նորակազմ Միաբանութեան համար, այնպէս որ Համառօտ ժամանակագրութիւնը 1701 տարին փակած ատեն, ակնարկելով Միաբանութեան տնտեսական վիճակին, կը գրէ. «ի սմին ամի եղեւ յաջողութիւն վաճառմանց գրեանցն, այնպէս զի էել (sic) 250 ղռուռն, որ էր գլուխն, եւ բաց յայնմանէ յաւելաւ եւս 500 ղռուշ»։

Հետաքրքրական է այս ուղղութեամբ կարդալ Միաբանութեանս առաջին տարիներու պատմութիւնը, իմանալու համար թէ ի՛նչպէս Մխիթար, նորանոր արգելքներու չհանդիպելու համար, կ՚ուզէր ծածուկ պահել Միաբանութեան հիմնարկութիւնը, ու իր առաջին աշակերտները կը հաւաքէր Պոլսոյ Պէյօղլու թաղին մէջ վարձու տուն մը, յարդարելով բնակավայրը՝ գիրքեր կազմելու հարկաւոր գոր/13/ծիքներով։ Հոն՝ այդ կազմարարի սենեակին մէջ, գործիքներու մէջ նստած, օրն ի բուն Մխիթար կուսուցանէր իր աշակերտներուն, ու հազիւ ոտնաձայն մը լսուէր՝ մէկ կողմ թողած դասագիրք ու գրիչ, կ՚անցնէ ին կազմարարութեան գործին, ժամանակագիրը կ՚աւելցնէ թէ կը վախնային նաեւ տաճիկներին, որոնք եթե իմանային Հոգեւոր վարժարանի մը գոյութիւնը՝ «իսկոյն եղծանէին զմեզ զամենեսին» [5] ։ Մխիթարի առաջին աշակերտներուն մէջ կային երկու հոգի, Տիրացու Յովհաննէս եւ Հ. Մանուէլ, որոնք նախկին կազմարարներ եղած ըլլալով, իրենց ազատ ժամերուն՝ կը կազմէին նորատիպ գիրքերը, ու կազմին գեղեցկութեան պատճառով ալ «մեծաւ յաջողութեամբ հետեւաբար վաճառիւր» [6] ։

Հալածանքները վերայ հասնելով՝ ստիպուած էին թողուլ Պոլիսն ու հեռանալ՝ այնքան Հատոր գրքեր չէ ին կրնար փոխադրել իրենց Հետ, ուստի կը բաժնեն երկու մասերու, մաս մը կը թողուն Հ. Մանուէլի ազգական Թերլիկտի Հաճիի մը մօտ, երկրորդ մասը՝ Սամաթիայի ազգայինի մը մօտ, ինչ որ 1715ին կը փոխադրուի Սեբաստացի Պէրպէռ Մելքիսէթի քով, որոնք ծախելով՝ դրամ ը պիտի հասցնէ ին Մխիթարի։

Կ՚անցնին 20 տարիներ. գիրքերէն մաս մը կ՚ըլլան մկնակեր: Թերլիկճի Հաճի՝ ունեցածներէն 90 Հատոր կը ստիպուի դնել գրաւի, Էրզրումցի Կարապետ Չէլէպիի մը մօտ։ Այսպէս գիրքերը կ՚ըլլան բաժան բաժան։ Մխիթար անտեղեակ այս ամէնուն, հաստատուելով Վենետիկ, 1 Դեկտ։ 1720ին կը գրէ Պոլիս՝ Հ. Պօղոս Վրդ-ին, որպէսզի հետաքրքրուի գիրքերու կացութեամբ։ «Հայր Մանուէլի փեսայ Հաճուն քով ունէաք չորս հարիւր գիրք մեկնիչ, Տեսլեան եւ Յայտնութեան մի գիրք հաշուելով. եւ այժմ Փիլիպպոս Վրդ-ն գր/14/եաց ինձ թէ եօթանասուն եւ եօթն հատ մնացեր է քովն։ Արդ զայս մնացեալս առնուս քովէն եւ լաւ տեղ մի պահ ես, զի յորժամ հաւատարիմ եկող լինիցի՝ յղեսցի առ մեզ»։ Մխիթարի պատուէրին վրայ, Հ. Պօղոս կը հետաքրքրուի եւ կը գտնէ գիրքերը ցիր ու ցան [7], կը հաւաքէ՝ որքան կրնայ, այսինքն «90 գիրք կապեցեալք ի Թէռլիքճի Հաճիէն առի, 20 անկազմք ի Պէրպէռէն առի, զի այնքան էել ի Հէյպէյէն» [8], ու 16 Ապրիլ 1722ին, Պոլիս տպուած այլ գիրքերու Հետ կը ղրկէ Ս. Ղազար։ 1727ին Ս. Ղազարի գիրքերու շտեմարանին մէջ կը գտնենք «Մեկնիչ 200», առանց մանրամասնելու թէ ինչ հատորներ են, իսկ 1737ի ցանկերուն մէջ «120 Յայտնութեան մեկնութիւն (5 եւս կազմեալք)», եւ «125 Երգերգոցի մեկնութիւն»:

Այսպէս ահա կը փակուի Մխիթարի տպագրած գիրքերու առաջին շրջանը, սակայն գործելակերպը ինքնին կը մատնէ Հոգեբանութիւն մը քսանհինգամեայ Մխիթար կը հիմնէ Միաբանութիւն, կը ձեռնարկէ տպագրութեան՝ հոգեւոր առաքելութեան մը համար։ Հրատարակած գիրքերուն բնոյթն ինքնին կը մատնան չէ Միաբանութեան բռնելիք ուղին, որ է միշտ հետամուտ ըլլալ ազգին հոգեւոր օգուտին եւ լուսաւորութեան եւ տիրող այս մթնոլորտը պիտի պատուի Մխիթարի յաջորդ ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, նոյնը աւանդ թողլով իր յաջորդ սերունդին։



[1]     «Ընդ այն ժամանակս անկաւ ի ձեռս Մխիթարայ աբեղային գիրքն Թովմայի Գեմբացւոյն զայս գիրք ստէպ ընթեռնոյր նա եւ զբազում տատս Հոգւոյ ձգէր անտի յանձն իւր։ Զմասն ինչ ի գրոց աստի բաժանեալ ետ gՑովհաննէս, զի ընթերցցի, քանզի զայլ օրինակ այնմ գրոյ ոչ ունէր. եւ նա առեալ զայն յա րաժամ ընթեռնոյր՝ յորմ է առաւելաւ եռանդն սիրոյ նորա, եւ ցանկայր միութանակի զնշանադ րեալ Հարսնացուն իւր ի բաց թողուլ»։ . ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Պատմագրութիւն կենաց եւ վարուց Տեառն Մխիթարայ, էջ 102)։

[2]     Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Պատմագրութիւն եւն ., էջ 127։

[3]     Անդ, էջ 129։

[4]     Անդ, էջ 78։

[5]     Համառօտ ժամանակագրութիւն, էջ Մէջ կը բերենք ամբողջ հատուածը որ կը վերաբերի մեր նիւթին, գոհացնելու համար ուսումնասէրները։ «Ի սմ էին ամ ի (1701) Աբրայ Հայրն մեր... խորհուրդ ի մէջ էառ զի ի Պէկօղլին վարձեսցէ զտուն մի պատկանաւոր եւ հաւաքեսցէ անդ զտպագրեալս գրեանս, եւ հետեւաբար զմանկահասակ աշակերտեալսն գումարեսցէ անդ, եւ տայցէ զսկիզբն ուսման ամենից, առերես եւ կեղծմամբ զմամուլս եւ զայլս գործիս կազմարարութեան գրեանց եւ զկազմելի գրեանս, որպէսզի իւրաքանչիւրքն իցեն ընդ ուսմանց իւրեանց մինչ ոչ գոյ անդ օտար ոք, եւ յորժամ գայցէ օտար ոք՝ իսկոյն առնուլ իւրաքանչիւրն զգործի ինչ ի ձեռն եւ ցուցանել արտաքուստ թէ կազմ է զգրեանս: Եւ Հայր Մանուէլն իրաւի գիտէր եւ զարհեստն, եւ այնու՝ թէպէտ վասն այլոց ձեւակերպէր, բայց ինքն իրաւապէս կազմէր»:

[6]     Անդ, էջ

[7]     Հ. Պօղոս Պոլիսէն կը գրէ Մխիթարի, 13 Մայիս 1721ին. «Թերլիքճի Հաճոյն հետ խօսեցայ վասն գրեանցն զորոց վասն գրեալ է իր՝ ասաց թէ զոմանս մկունք եալք իցեն, այնքան ժամանակ զ16 ծախեալ իցէ. 90 Տատս մերձ Կարապետ Չելէպոյն էրզուրումեցւոյ ըռէ հին տուեալ իցէ վասն 20 ղռուշի, եւ 77 Հատ մերձ իւր լեալ իցէ։ Մերձ իւր զեղեալսն առնելոց եմ, եւ զմնացեալս, այսինքն մերձ Կարապետ Չելէպոյն զեղեալսն ոչ գիտեմ որպէս առնելոց եմ, թէպէտ ասաց թէ ոչ ծախին։ Ես գտանեմ զդրամս եւ տամ Կարապետ Չելեպոյն եւ զգրեանսն առնում եւ տամ ձեզ. եւ զայսոսիկ 90 գրեանսն որք մերձ Կարապետ Չելէպոյն էին, ոչ ասացի ցՓիլիպոս Վրդ. …»։ Տարի մը ետք, Հ. Պօղոս դարձեալ կը գրէ Մխիթարի. «Նաեւ զմ ի Հէյպիէ անկազմ մերոց հին գրեանց գտայ մերձ սեբաստացի Պէրպէռ Մելքիսէթին, մերձ որոյ եդեալ է Գէորգ Վրդ-ն եւ այս Հէյպէյով գրեանքս էին նախ ի տան ուրուք Սամաթեացւոյ, մինչ էի ես ի Ստամպօլ ամի Տեառն 1715, եւ ինձ իմաց արարին զայսմանէ. այլ ես գոլով գնալու է Ստամպօլու, վերանձնեցի Գէորգ Վրդ. ին, եւ նա առեալ զկնի գնալոյս իմոյ եւ եդեալ է մերձ վերոյ ասացեալ անձի. եւ այժմ առեալ ի նմանէ ընդ այլոց դրեանց յղեմ»։

[8]     Հ. Պօղոս Վրդ: Պոլիսէն, 16 Ապրիլ 1722ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։