Ե.
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՀԱՅՐ
ԵՒ
ԳՐԱՎԱՃԱՌ
ՍԱՐԳԻՍ
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ
/39/
1715ին
Մեթոնէն
Վենետիկ
անցնելով,
Մխիթար
կը
ձեռնարկէ
Հրատարակչական
գործին.
իր
կողքին
կը
տեսնենք
աջակից
մը,
յանձին
Պոլսեցի
Գէորգի
որդի
Սարգիսի
մը։
1717–1720ի
ատենները
գրուած
նամակներէն
կռահելով,
Սարգիս
պէտք
է
եղած
ըլլայ
մտերիմ
անձ
մը
Միաբանութեանս,
ու
յատկապէս
Մխիթարի։
Տասը
տարուան
(1714–1724)
ընթացքին
հրատարակուած
գիրքերու
անուանաթերթերուն
վրայ
նշանակուելով
հանդերձ
Մխիթարի
անունը
իբր
թարգմանիչ
կամ
սրբագրիչ,
բացայայտ
կերպով
կը
դրուի
ծանուցում
մը.
«Տպագրեցեալ
արդեամբք
եւ
գոյիւք
Պարոն
Սարգսի,
որդւոյ
Տիրացու
Գէորգի
Կոստանդնուպօլսեցւոյ»։
Նման
ծանուցումով
առաջին
գիրքը
կ՚ըլլայ
Մեծն
Ալպերտի
Համառօտութիւն
Աստուածաբանութեանը,
տպուած
1715ին,
երբ
Մխիթար՝
12
աշակերտներով
դեռ
նոր
ապաստանած
էր
Վենետիկ
ու
կը
գտնուէր
տնտեսական
նեղութեան
մէջ։
Ձեռքերնիս
ունինք
դաշնադրութեան
վաւերաթուղթ
մը,
կնքուած
Մխիթարէ
եւ
Սարգիսէ.
անկէ
կիմանանք,
այլ
եւ
այլ
ծանօթութիւններու
շարքին,
թէ
Ալպերտի
տպագրութեան
ծախսերը
մեծ
մասը
պիտի
հոգայ
Սարգիս։
Այս
համաձայնութենէն
ետք՝
անբնական
չենք
գտներ
անուանաթերթի
վրայի
ծանուցումը,
թէ
գիրքը
տպուած
է
«արդեամբք
եւ
գոյիւք
Պարոն
Սարգսի»։
Ալպերտէն
ետք
տպազրուած
գիրքերուն
Համար
ստոյգ
կերպով
գիտենք
թէ
լոյս
տեսած
են
ամբողջապէս
Մխիթարի
ծախսովը.
«գի/40/տելի
է,
կ՚ըսէ
Համառօտ
ժամանակագրութիւնը,
զի
որքան
առ
արտաքս
միայն
էր
այն՝
որ
դնիւր
ի
նմին
թէ
տպեցաւ
արդեամբք
եւ
գոյիւք
Պարոն
Սարգսին,
եւ
ոչ
թէ
Պարոն
Սարգիսն
ունէր
զմասն
ինչ
ի
նմին.
վասնզի
զկնի
Ալպերտին
որ
ինչ
գիրք
տպեցաւ՝
զբոլոր
ծախն
բնաւից
Արբայ
Հայրն
արար
եւ
Պարոն
Սարգիսն
միայն
վաճառող»
[1]
։
Մխիթարի
այս
գործելակերպին
մէջ
մենք
կուզենք
տեսնել
մարդկային
խոհեմութիւն,
հեռատեսութիւն,
խուսափիլ
մը
անպատեհութիւններէ,
որոնք
կրնային
յայտնուիլ՝
արգելք
հանդիսանալով
հրատարակչութեամբ
կատարուելիք
առաքելական
ձեռնարկին։
Սարգիսի
գործակցութիւնը
Մխիթարի
հետ
կը
սկսի
Ալպերտի
տպագրութեամբ։
Ահա
դաշնագրութեան
պատճէնը,
կնքուած
10
Յունիս
1715ին,
որու
մանրամասնութիւնները
ներկայացուցինք
Ալպերտի
«Համառօտութիւն
աստուածաբանութեան»
գրքի
հրատարակութեան
մասին
խօսելու
ատեն
(1715).
«Պատճառ
գրոյս
այս
է,
զի
թուին
Քրիստոսի
1715
Յունիսի
10,
մեք
ստորագրեալքս
համաընկերացաք
ի
միասին
ի
ծախս
Ալպերտին,
եւ
տպագրել
տուաք։
Եւ
զի
երկու
մասն
ծախից
ետ
պարոն
Սարգիսն,
եւ
զմի
մասն
Մխիթար
աբբայն,
ուստի
թէ
շահն
եւ
թէ
վնասն,
եւ
թէ
գլուխն,
երկու
բաժին
պարոն
Սարգսին
է,
եւ
մի
բաժինն
Մխիթար
աբբային։
Եւ
մասնաւոր
թէութիւնք
մեր
են
սոքին,
զի
զհոգ
եւ
զզբաղմունս
տպագրելոյ
կրիցէ
Մխիթար
աբբայն,
առանց
կիսակատար
թողլոյ,
իսկ
զհոգ
եւ
զզբաղմունս
վաճառելոյ
կրից
է
պարոն
Սարգիսն
առանց
զանցառութեան,
եւ
անփութութեան։
Եւ
թիւք
Ալպերտից
որք
են
մեր
է
1450,
եւ
սորին
զերկու
հարիւր
յիսունն
պարտականք
եմք
դնել
ի
մէջ,
իբրեւ
հասարակ,
զի
վաճառիցի
ձեռամբ
պարոն
Սարգսին,
գոլով
պահեցեալ
ի
տան
նորին
որոշակի,
եւ
զհազար
երկու
հարիւրն
բաժին
առնել,
առնելով
զչորս
հարիւրն
Մխիթար
աբբայն,
եւ
զութ
հարիւրն
պարոն
Սարգիսն։
Արդ
երկու
հարիւր
եւ
յիսուն
Ալպերտքն
որք
եղան
ի
հասարակի,
ի
վերայ
նոցին
հանդիպեալ
վնասն
եւս
է
հասարակ,
իսկ
բաժին
արարեալ
Ալպերտից,
մինչ
իւրաքանչիւրոց
բաժինն
է
ի
ձեռին
իւրում,
եւ
ի
ներքոյ
բանալեաց
իւրոց,
հանդիպեալ
վնասն
ոչ
է
հասարակ,
այլ
որոյ
բաժինն
վնասիցի,
վնասն
եւս
նորին
միայն
լիցի։
Եւ
ի
յԱլպերտիցն
զորս
իբրեւ
զյատուկ
ունիմք
եւ
պահեմք,
ոչ
ոք
ի
միոյ
եւ
կամ
ի
միւսոյ
կողմանէ
կարօղ
լիցի
վաճառել,
եւ
կամ
ումեք
ձրի
չնորհել
թարց
/41/
հաւանութեան
միւսոյն
մինչեւ
ի
մէջ
եդեալ
երկու
հարիւր
յիսուն
Ալպերտքն
վաճառիցին։
Իսկ
յետ
վաճառման
250
Ալպերտքն
ի
յազատութեան
իւրաքանչիւրոցս
է
զի
եթէ
կամիցիմք
նոր
գիր
շինեմք,
եւ
կրկին
դնեմք
իբրեւ
հասարակ,
եւ
այնպէս
վաճառեմք,
եւ
թէ
ոչ,
կարեմք
իւրաքանչիւրքս
առանձին
վաճառել։
Բայց
եթէ
փորձութիւն
ինչ
հանդիպիցի
հասարակի
եդեալ
երկու
հարիւր
յիսուն
Ալպերտիցն,
մինչ
ոչ
է
եկեալ
անտի
չորս
հարիւր
եօթանասուն
կօրէնթ
տուգաթ,
որ
է
մայր
ծախից
մերոց,
պարտական
եմք
զի
ըստ
որքանութեանց
պակասութեանց
դնիցեմք
գիրք
ի
մէջ
եւ
իբրեւ
հասարակ
վաճառիցեմք
մինչեւ
470
տօգաթն
լրանայցէ։
«Եւ
այս
գիր
համաընկերակցութեան
եղեւ
առաջի
Աստուծոյ,
եւ
ըստ
աստուածային
իրաւանց
պարտիմք
պահել
զհաւատարմութիւն։
Ուստի
արարաք
զայս
գիր
երկու
օրինակ,
որոց
մինն
իցէ
մերձ
Մխիթար
աբբային,
եւ
միւսն
մերձ
պարոն
Սարգսին։
Եւ
յորժամ
զյատուկ
պահելի
Ալպերտս
բաժանիցեմք,
պարտիմք
գրել,
ետ
կոյս
դաշնագրիս
նմանապէս
երբ
վաճառելիք
վաճառիցին,
եւ
դրամք
բաժանիցին,
մինչ
չեւ
են
անցեալ
զտասն
տօգաթիւք,
գրիցին
թիւք
դրամիցն,
նոյնպէս
եւ
յորժամ
արտաքոյ
Վենետիկու
գիրք
յղիցին
երկոցունց
խորհրդով
յղիլն,
եւ
թիւք
յղեցելոցն
գրիցին,
եւ
այլք
նման
սոցին
որք
շուրջ
զայսու
դաշամբ
հանդիպիցին
ըստ
նմին
օրինակի
գրիցին,
զի
ըստ
ամենայնի
հանդարտութեամբ
եւ
առանց
շփոթութեանց
հաշուի
յստակատար
եւ
բարեպէս
եղիցի,
ամէն»։
Արդ,
դրուած
դաշինքին
համաձայն,
Ալպերտի
տպագրութեան
ծախսերուն
երկու
երրորդը
պիտի
հոգայ
Սարգիս,
Մխիթարի
թողլով
ծախսին
մէկ
երրորդը՝
նմանապէս
գիրքերը
ծախելու
պարագային՝
շահը
պիտի
բաժնուէր
համապատասխան
կերպով։
Տպագրութեան
ընթացքին՝
գիրքին
սրբագրութեան
հոգը
պիտի
ստանձնէ
Մխիթար,
կիսակատար
չթողլու
պայմանով,
իսկ
տպագրութենէն
ետք՝
գիրքը
ծախելու
եւ
ծաւալելու
պարտքը
պիտի
իյնար
Սարգիսի
վրայ։
Գիրքին
տպաքանակը
պիտի
ըլլայ
1450,
որու
250ը
պիտի
ըլլայ
հասարակաց,
երկու
կողմերուն
միաժամանակ
է
մնացած
1200
օրինակը
պիտի
բաժնուի
երեք
մասերում,
որոնցմէ
մէկը
(400)
պիտի
ըլլայ
Մխիթարի
սեփականութիւն,
եւ
երկուքը՝
(800)
Սարգիսի։
1200
օրինակները
պիտի
մնան
անձեռնմխելի,
մինչեւ
չսպառին
հասարակաց
250
օրինակները։
Սեփական
գիրքերը
վնասուելու
պարագային
վնասը
պիտի
ըլլայ
անհատին,
մինչ
250
հասարակաց
օրինակներու
վնաս
մը
հանդիպելուն՝
վնասը
պիտի
բաժնուի
երկու
կողմերուն
վրայ։
Առա/42/ջին
250
հատորները
սպառելէն
ետք՝
երկու
կողմերը
ազատ
են
նորոգելու
իրենց
դաշինքը,
նոյն
ոճով
շարունակելու
եւ
կամ
գործ
էն
հրաժարելու։
Ստորագրուած
համաձայնութիւնը
պէտք
է
լաւ
արդիւնք
տուած
ըլլայ,
թէեւ
այս
ուղղութեամբ
չունինք
ուղղակի
եւ
բացայայտ
աղբիւր։
1718ի
Սեպտեմբերին,
երբ
Մխիթար
կը
գտնուէր
Հռոմ,
Ալպերտի
վաճառումին
համար
Մխիթար
կու
տայ
գրաւոր
գործնական
թելադրանքներ,
հակառակ
որ
ծախելու
մտահոգութիւնը
Սարգիսինն
էր։
«ասացէք
ողջունիւ
եղբայր
Սարգիսին,
որ
եթէ
հնար
է
եւ
կամ
միջոց
ինչ
գտանիցէ,
յղիցէ
ի
Ստամպօլ
յիսուն–վաթսուն
Ալպերտ,
եւ
այնպէս
արասցէ
որ
երկերկու
ղուռուշի
ծախուի,
փոխանակ
ագահութեան
Յակոբին,
որ
չորս
ղուռուշ
գին
դնելով
խափանէ
զծախսն»
[2]
։
Թրանսիլվանիա
ղրկուած
զանազան
գիրքերու
համար
կը
գրէ
Մխիթար
իր
աշակերտին՝
թէ
քաղաքը
ձգելէ
առաջ,
ծախէ
գիրքերը
կէս
գինով,
փոխանակ
լիագինի,
աւելցնելով
«զի
Պարոն
Սարգիսն
այնպէս
կամի»
[3]
։
1715ի
Յունիս
10ին
կնքուած
դաշինքէն
ետք՝
ունինք
երկրորդ
մըն
ալ,
1
Մայիս
1720
թուականով
[4],
ուր
կը
տեսնուի
գործին
ըն/43/դարձակումը,
նորանոր
պայմաններով,
որոնք
ամփոփուած
են
ութը
կէտերու
մէջ,
հետեւեալ
կերպով:
ա.
Մխիթարի
Պոլիս
ու
Վենետիկ
տպել
տուած
գիրքերու,
ինչպէս
նաեւ
1720էն
ետք
տպագրուելիք
գիրքերու
արտաքին
հոգը,
յատկապէս
անոնց
կազմին
եւ
վաճառում
են
նկատմամբ՝
պիտի
ստանձնէ
Սարգիս,
քանի
Մխիթար
ունեցած
է
եւ
պիտի
ունենայ
անոնց
սրբագրութեան
պատասխանատուութիւնը։
Այս
պայմանով՝
Մխիթար
չի
/44/
կորսնցներ
գիրք
վաճառելու
իրաւունքը,
քանի
որ
ան
յաճախ
կու
տայ
շատ
մը
գիրքեր
իբր
նուէր,
ինչպէս
նաեւ
կը
ղրկէ
իր
աշակերտներուն՝
վաճառելու
համար։
բ.
Ծախու
պիտի
տրամադրուին
իւրաքանչիւր
գիրքի
տեսակէն
400
օրինակ
եւ
ոչ
աւելի,
իսկ
գիրքերու
այն
տեսակները
որ
400էն
աւելի
են,
յետ
հասարակաց
դրուելու
400ը,
մնացածը
պիտի
բաժ/45/նուին
կէս
առ
կէս,
իւրաքանչիւրը
իր
քով
պահելու
պայմանով,
որպէսզի
երբ
սպառին
400
հասարակաց
օրինակները,
դարձեալ
տրամադրուին
երկու
կողմերէն
200ական
օրինակ,
կազմելու
համար
յաջորդ
400
հասարակաց
օրինակները։
Այս
կերպով
կարելի
է
հասկնալ
թէ
ինչպէս
Մխիթար
գիրք
ծախելու
հոգ
չունենալով
հանդերձ,
երբ
ինք
իր
կողմէ
հատոր
մը
կը
ծախէ
կամ
կը
նուիրէ,
կը
նուազին
իր
քովի
օրինակները
(հասարակաց),
որոնց
համար
պարտական
է
հաշիւ
ներկայացնել
Սարգիսի
եւ
հաշուակցիլ։
Տրուած
լուսաբանութենէն
կարելի
է
ըմբռնել
Մխիթարի
նամակներէն
մէկուն
այն
բացատրութիւնը,
ուր
ինքն
իրեն
համար
կ՚ըսէ.
«նաեւ
վասն
միաբանից
մինչ
պիտոյ
լինին
յայնց
գրեանց
եւ
տայ
(Մխիթար),
զգինն
վճարէ,
եւ
ոչ
առնու
ձրի»
[5]
։
գ.
Երրորդ
կէտին
մէջ
յստակ
կը
տեսնուի
թէ
ինչո՛ւ
Մխիթար
կազմած
է
Սարգիսի
հետ
ընկերակցութիւնը։
Մխիթարի
համար
մահացուցիչ
էր
ընկղմ
իլ
նիւթական
եւ
առեւտրական
գործերու
մէջ,
մանաւանդ
աշխարհականներու
հետ
սակարկել,
վիճել,
ծախել։
Նման
գործի
համար՝
յարմար
էր
աշխարհական
մը
եւ
ոչ
կղերական
մը,
որ
քաղաքին
մէջ
կը
վայելէր
համբաւ։
Բացի
թուղթ
գնելէ,
գիրք
վաճառելէ,
Սարգիս
պէտք
էր
անգամ
բ
դաշնադրութեան
մէջ
մտնել
Անտոն
Պորթոլիի
հետ,
տպագրուելիք
գիրքի
մը
պայմաններուն
համաձայնելու
եւ
ստորագրելու
համար,
բնականաբար՝
կենթադրենք՝
յետ
խորհրդակցելու
եւ
Մխիթարի
հետ։
Այս
առիթով
կիմանանք
որ
Անտոն
Պորթոլի՝
Սան
Մարթին
եկեղեցւոյ
մօտերը
կը
ստանայ
նոր
տպարան,
եւ
Սարգիս
իրեն
փոխ
կու
տայ
2500
լիտրէ
գոռէնթ։
Սարգիս
հանդիսաւոր
կերպով
կը
յայտարարէ
որ
այդ
գումարը
չի
պատկանիր
իրեն,
այլ
Մխիթարի,
եւ
կը
խոստանայ
«բուսցնել
զդրամն»,
առնելով
Պորթոլիէն
հայերէն
տպագրուած
գիրքեր
եւ
կամ
այդ
գումարով
տպել
տալ
նոր
գիրքեր։
դ.
Չորրորդ
կէտով
կը
տեսնենք
թէ
ի՛նչպէս
Մխիթար
հետամուտ
էր
ծաւալել
հոգեւոր
գիրքերը
ազգին
մէջ,
եւ
եթէ
ինքը
Մխիթար
անձամբ
ձեռնարկելու
ըլլար
գիրք
ծաւալելու
գործին՝
անշուշտ
պիտի
յաջողէր,
բայց
շատ
դանդաղ
կերպով,
մանաւանդ
որ
1720ին,
դաշինքը
կնքուած
տարին,
Մխիթար
չունէր
ընդարձակ
հորիզոն
եւ
քարոզիչ
աշակերտներու
բազմութիւն,
որոնք
յաջորդաբար
պիտի
բազմանային
եւ
այդ
հոգը
պիտի
ստանձնէին։
Ուստի,
կը
հրաժարի
/46/
հարիւր
առ
հարիւր
շահէն,
կը
գոհանայ
կէսով,
տալով
Սարգիսի
շահաբաժին,
առանց
պահանջելու
կանխիկ
գումար։
Մխիթարի
բոլոր
այս
գործունէութեան
մէջ,
կար
անշուշտ
նաեւ
շատ
ու
բաժինը,
որու
մասին
անդրադարձանք
այլուր,
սակայն
իր
գլխաւոր
նպատակը
շատ
իլը
չէր,
այլ
«վասն
օգտի
ազգին
առ
այս
գործ
աշխատի
(Մխիթար),
եւ
ընդ
իւրով
իշխանութեամբ
ունի
զգրեանս
առ
այս
վախճան՝
զի
ծաւալիցի,
եւ
հետեւաբար
այլք
գրեանք
տպիցին»
[6]
։
ե.
Սարգիս
իրաւունք
կը
ստանայ
ծախելու
գիրքերը
աւելի
սուղի՝
քան
համաձայնուած
գինը,
սեփականելով
յաւելեալ
գումար
էն
հարիւր
տուգաթ,
պայմանով
որ
եօթը
տարի
շարունակ
այդ
յաւելեալ
գումարը
պիտի
չմնալ
հնչուն
դրամ,
այլ
պիտի
յատկացուի
գընելու
նորանոր
գիրքեր,
ծաւալելու
համար։
զ.
եւ
է.
Գիրքեր
կազմելու
ծախսը
պիտի
յատկացուի
վաճառուած
գիրքերու
գումարէն։
Երեք
ամիսը
անգամ
մը՝
Սարգիս
պարտական
է
Մխիթարի
ներկայացնել
թէ՛
կազմուած
գիրքերու
վիճակը
եւ
թէ՛
ծախուածներուն
հաշուեցոյցը։
ը.
Իբր
ընկեր՝
գիրքերը
որ
պիտի
գտնեն
երրորդ
անձ
է
(տպարաններէ),
ծախելու
համար,
պիտի
ունենան
ցանկը
եւ
համապատասխան
գինը
պիտի
նշանակուի
երկու
կողմերուն
քով,
երկուքին
ստորագրութեամբ,
յառաջիկային
շփոթութեան
տեղի
չտալու
եւ
կանոնաւորաբար
հաշուակցելու
համար։
*
*
*
Գրաւոր
համաձայնագրութեան
հիման
վրայ՝
Սարգիս
ու
Մխիթար
կը
գործակցին
իրարու,
անշուշտ
դրական
արդիւնքներով։
Մխիթար
Աբբայ
Սարգիսի
անունով
տպագրել
կու
տայ,
բացի
Ալպերտէն,
չորս
ուրիշ
գիրքեր,
Նոր
Կտակարան
(տպ.
1720),
Գիրք
Մոլութեանց
(տպ.
1720),
Գիրք
Առաքինութեանց
(տպ.
1721)
Գիրք
որ
կոչի
աղբիւր
բարի
(տպ.
1722)։
Վանքիս
Համառօտ
Ժամանակագրութիւնը,
1720
տարւոյն
մէջ,
կու
տայ
սա
ծանօթութիւնը՝
նկատմամբ
Մխիթարի
եւ
Սարգիսի
գործակցութեան.
«զկնի
Ալպերտի,
որ
ինչ
գիրք
տպեցաւ,
զբոլոր
ծախն
բնաւից
Աբբայ
Հայրն
արար,
եւ
Պարոն
Սարգիսն
էր
միայն
վաճառօղ,
շահելով
զչորրորդ
մի
ի
վաճառելոցն,
այսու
կերպիւ,
զի
զո/47/մանս
գրեանս
յիւրաքանչիւրոյ
տեսակէ
դնէր
Աբբայ
Հայրն
ի
մէջ,
որպէս
իւր
եւ
Սարգսին՝
դնելով
ի
գրեանց
զայնպիսի
գին,
որ
իցէր
կրկինն
գլխականին.
եւ
յետոյ
մինչ
Սարգիսն
վաճառէր
զայնս՝
նախ
վճարէր
Աբբայ
Հօրն
զգինն,
եւ
ապա
որ
ինչ
չափ
վերամնայր՝
կիսէր
ընդ
Աբբայ
Հօրն,
եւ
այսու
նմա՝
վասն
աշխատանացն՝
գրեթէ
չորրորդ
մի
անկանէր»
[7]
։
Արձանագրութեան
եզրակացութիւնը
այն
է՝
որ
Սարգիս
պէտք
էր
Մխիթարի
դարձնել
գիրքերուն
գինը՝
որքան
որ
էին,
իսկ
յաւելեալ
գումարը՝
բաժնել
կէս
առ
կէս.
ասով՝
գործնականին
մէջ
Մխիթարի
պիտի
իյնար
երեք
չորրորդը,
իսկ
մ
է
եւ
չորրորդն
ալ
Սարգիսի,
իբր
իր
աշխատանքին
վարձատրութիւն։
Այսպէս
կը
գործակցին
Մխիթար
Աբբայ
ու
Սարգիս
մինչեւ
1725
տարւոյն
սկիզբը,
շուրջ
հինգ
տարի,
մինչ
դաշնադրութիւնը
այն
տպաւորութիւնը
կը
ձգէ՝
որ
եօթը
տարուան
համար
ստորագրուած
էր։
1725
տարւոյն
երեւան
կ՚ելլէ
որ
Սարգիս
վաճառականական
սնանկութեան
մէջ
է,
ու
քաղաքական
իշխանութեան
պարտադրանքին
տակ՚
կը
ստիպուի
քաշուիլ
հրապարակէն։
«Ի
յաւուրս
յայնոսիկ,
կը
գրէ
Մխիթար,
ունէի
զբազմազան
զբաղմունս,
եւ
ի
վերայ
այսր
ամենայնի
յաւելաւ
նաեւ
այս,
զի
Պարոն
Սարգիսն
մեր
ոչ
կարելով
վճարել
ոմանց
պարտատեարց,
որք
յոյժ
ստիպէ
ին
զնա,
փախեաւ
ի
տուն
ճնթլումի
միոյ՝
պարտքն
է
ութ
հազար
հինգ
հարիւր
տոգաթ,
եւ
վառելան՝
չորս
հազար
տոգաթ
ունի
ի
վերայ
միոյ
ճնթլումի.
եւս
ունի
զպանգօներու
շէյերն,
որ
է
երկու
հազար
տոգաթի
բան.
(…)
եւ
պարտատէրքն
զուռէմէ
առնելոց
են,
եւ
որ
ինչ
անկանի՝
զայն
առնուն,
թերեւս
հարիւրին
ութցուն
առնուն
(…).
վերջապէս
համբերութիւն,
զի
թէութիւն
աշխարհիս
այս
է»
[8]
։
Սարգիսի
սնանկանալով՝
Մխիթար
ալ
կը
կրէ
վնաս
մը,
ու
կը
ստիպուի
շնորհել
այն
պարտքը,
որ
ունէր
իրեն։
1725ի
Նոյեմբեր
ամսուն,
թէ՛
Մխիթար
եւ
թէ՝
Սարգիս
կը
պատրաստեն
հաշիւներու
ընդհանուր
ցանկը,
որ
կարելի
է
նկատել
հաշուեփակը
հինգ
տարիներու
գործունէութեան։
Մխիթարի
պատրաստած
ցանկերուն
համաձայն՝
Սարգիս
պարտական
կը
մնայ
իրեն
741
լիրէ:
Մխիթարի
եւ
Սարդինի
ստորագրութեամբ
ունինք
հետեւեալ
յայտարարութիւնը։
«Աբբայ
Հայրն
պօնիֆիքար
արա
ինձ
զայս
744
լիրէն։
Դարձեալ
թո/48/ղաւ
ինձ
Հաճի
Յարութենի
որդւոյ
Աստուածատրէ
քոլ
եղած
200
լիրէ
ի
գրգերն։
Դարձեալ
Քէրէստէճի
Փանոսի
որդի
Ովանիսին
վերայ
եղած
գրգից
փողիցն,
եթէ
շատ
քիչ
բան
մի
բուսանի,
թողաւ
ինձ :
Եւ
ես
Սարգիսս,
Նահապետին
խսէպն
որ
6200
լիրէ,
դրանք
ղապուլ
արի
իմ
վերայ:
թէ
աւելի
ելանէ,
թէ
պակաս,
իմ
կոնթէն
է։
Եւ
այսպէս
մեր
ամէն
խuեպն
կտրեցաւ
Աբբայ
Հօրն
հետ.
եւ
էլ
բան
չունենք
մէկ
մ
է
կի
վերայ։
Եւ
ինչ
գիր
եւ
տէֆտէր
կայ
էս
բանիս
վերայ՝
մեր
մէջ,
ողջն
պաթիլ
է»։
Սարգիսի
սնանկանալով՝
Մխիթար
տէր
կը
դառնայ
գիրքերուն,
որոնց
մեծագոյն
մասը
արդէն
կը
գտնուէր
իր
մօտ,
իսկ
ունեցած
պարտքին
փոխարէն՝
Սարգիս
Մխիթարի
կը
շնորհէ
Ալպերտները
եւ
Կրթութիւն
աղօթիցները,
որոնց
մեծամասնութիւնը
կը
գտնուէին
Սարգիսի
մօտ։
Այս
անցքը
կ՚ամփոփէ
նաեւ
վանքիս
Համառօտ
ժամանակագրութիւնը.
«Ի
սմին
ամի
(1725)
Աբբայ
Հայրն
մեր
զամենայն
հաշիւ
զոր
ունէր
ընդ
Պարոն
Սարգսին
վերջացոյց,
եւ
որ
ինչ
գրեանք
գոյին
ի
ձեռն
նորին
վասն
վաճառելոյ՝
էառ։
Նաեւ
զբնաւս
Ալպերտսն
եւ
զԿրթութիւնս,
յորս
ունէր
Սարգիսն
զբաժին,
էառ
Աբբայ
Հայրն,
փոխանակ
դրամոց
վաճառից
գրեանցն,
որք
անցեալ
էին
ի
Պարոն
Սարգիսն.
քանզի
Պարոն
Սարգիսն
ոչ
ունէր
զդրամ
զի
վճարիցէ
զայնս,
որք
անցեալ
էին
յինքն.
ուստի
ետ
զիւր
բաժին
Ալպերտոն
եւ
զԿրթութիւնս,
եւ
այսու
զերծաւ,
եւ
վերջացոյց
զՀաշիւն
ընդ
Աբբայ
Հօր
մերոյ»
[9]
։
Իսկ
թէ
ո՛ր
գիրքերը
Սարգիս
կը
դարձնէ
Մխիթարի,
թուղթի
մը
վրայ
կը
գտնենք
անոնց
ցանկը,
այսինքն .
«Մեր
Սարգսին
քով
եղած
գրքերն,
որ
բերին
ի
Սան
Մարթին,
ասոնք
էին։
Չկազմածն.
Առաքինութեանց
80,
Մոլութեանց
154,
Ալպերտ
337,
Նոր
կտակարան
18,
Կրթութիւն
աղօթից
286,
Աղբիւր
բարի
110,
Պարտէզ
82,
Բարոյական
13,
Խոկումն
296,
Մեկնիչ
109,
Սաղմոս
4։
Կազմածն.
Առաքինութեանց
22,
Մոլութեանց
30,
Ալպերտ
23,
Կտակարան
26,
Աղբիւր
բարի
56,
Պարտէզ
51,
Ժամագիրք
Աստուածածնայ
64,
Աւետարան
15,
Մեկնիչ
9,
Մտածական
12,
Խոկումն
63,
Սաղմոս
13,
Ջահկեցու
ժամագիրք
3,
Իմաստասիրութիւն
2,
Քարոզգիրք
1,
Քերականութիւն
3։
Կազմարարին
քով
գտնուածն
ասոնք
են.
Առաքինութեանց
18,
Կրթութեանց
51,
Բուրաստան
42,
Բարոյական
10,
Կտակարան
12,
Աղբիւր
բարի
39»:
/49/
Հինգ
տարի
իրարու
հետ
գործակցելէ
յետոյ՝
Սարգիսի
այս
կերպով
քաշուելէն
ետք,
կրնանք
ըսել
թէ
Մխիթար
մեծ
կորուստ
մը
չունեցա։
Մխիթարի
համար
անակնկալ
մը
կ՚ըլլայ
Սարգիսի
սնանկանալը,
որովհետեւ
կը
գրէ .
«թէ
գիտիցէ
ի
երկու
ամ՝
յառաջ
եւ
կամ
մի
ամ
յառաջ,
ի
ձեռն
նորին
ոչ
թողուի
զգիրք,
զի
հոգեւորին
այսքան
վնաս
ոչ
լինիցիւր,
այսինքն
աճման
գրեանց։
Ասելով
աճման
գրեանց՝
իմանի
այս
թէ
այնու
վանքն
ոչ
վնաս
ունի
եւ
ոչ
շահ,
այլ
միայն
աճման,
եւ
ապագայ
գրեանց
տպեցմանցն
վնաս»
[10]
։
Մխիթարի
ցաւը,
ուրեմն,
նիւթականը
կորսնցնելը
չէ,
որովհետեւ
ամէն
տեղ
կը
յայտնուի
նոյն
մտահոգութիւնը,
մատնելով
իր
ներքին
գաղափարները։
Մխիթարի
ամբողջ
գործունէութեան
նպատակը,
նաեւ
գրաւոր
առաքելութեան
վախճանը`
է
իր
ազգին
հոգեւոր
օգուտը
եւ
զարգացումը։
[1]
Համառօտ
Ժամանակագրութիւն,
էջ
81։
[2]
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
Հռոմէն,
3
Սեպտ.
1718ին,
առ
Հ.
Եղիա
Վրդ.,
Վենետիկ։
[3]
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
Վենետիկէն,
24
Մայիս
1722ին,
առ
Հ.
Մանուէլ
Վրդ.,
Պաշէպալով։
[4]
Հոս
կու
տանք
Մխիթարի
եւ
Սարգիսի
միջեւ
կնքուած
դաշնադրութեան
բնագիրը.
Թուին
Քրիստոսի
1720,
Մայիսի
մինն,
ի
Վէնէտիկ։
Մեք
երկոքին
ստորագրեալքս,
այսինքն
Մխիթար
Աբբայ
Հայր
եւ
Գէորգի
որդի
Սարգիս
ունէաք
նախապէս
զստորեւ
գրեցե
ալ
գրեանս,
որոց
գրեանց
էր
տեսակ,
որ
ըստ
բոլորին
միոյս
էր,
եւ
էր
տեսակ
որ
ըստ
բոլորին
միւսոյս
էր,
եւ
էր
տեսակ
որ
ըստ
մասին
միոյս
էր
եւ
ըստ
մասին
միւսոյս։
Զայսոսիկ
գրեանս
ի
մի
վայր
եդեալ
հաշուեցաք
եւ
հաւասարեցուցաք,
եւ
այնպէս
եղեւ,
զի
բնաւքն
եղեն
հաւասարաբաժին
երկոցունցս,
այսինքն
կէսն
միոյս
եւ
կէսն
միւսոյս:
Տեսակք
եւ
թիւք
ասացելոց
մերոց
գրի
անց
են
սոքին։
Ալպերտք
1222
-
եւ
սոցունց
190ին
կազմած
է,
որոց
90ըն
աստ
է
եւ
100ըն
ի
Ստամպօլ։
Կրթութիւն
աղօթ
ից
1288,
Եւ
սոցունց
34ըն
կազմած
է,
որոց
12-ըն
աստ
է,
եւ
այլն
ի
Ստամպօլ:
Երգերգոցի
եւ
Յայտնութեան
մեկնիչ
198,
եւ
սոցունց
86ին
կազմած
է,
որոց
6-ըն
աստ
է,
եւ
այլն
ի
Ստամպօլ։
Թօմայ
Գեմբեցիք
93,
սոցին
բնաւքն
կազմած
են,
63ըն
աստ
է
եւ
այլն
ի
Ստամպօլ։
Մտածական
121,
եւ
սոցունց
115ըն
կազմած
են,
90ըն
աստ
է
եւ
այլն
ի
Ստամպօլ։
Եւս
ունիմք
2
Թէոփիլէ
եւ
3
Քերականութիւն
կազմած.
եւս
մին
Սաղմոսի
մեկնիչ
անկազմ.
45
Բուրաստան
կազմած,
52
խոշոր
գրով
Պարտէզ
եւս
կազմած։
Արդ
ներկայ
ունիցեալն
մեր
սոքա
են։
Եւ
նախկին
թէութիւն
մեր
այս
է,
զի
այսոցիկ
ամենայն
հոգք
հաշուի
եւ
վաճառման
եւ
կազմել
տալոյ
եւ
այլոց
նմանեաց,
միշտ
ունելոց
է
Սարգիսն,
ըստ
որում
զհոգ
եւ
զզբաղմունք
սրբագրութեան
ունեցաւ
Մխիթար
Աբբայն։
Նոյն
բան
է
եւ
զայլոց
ապագայից
գրեանց,
զորս
գնելոց
եմք։
Երկրորդ
թէութիւն
մեր
այս
է.
զի
միշտ
ի
միոյ
տեսակի
գրեանցն
դճ
(400)
գրգէն
աւելի
ոչ
լինիցի
ի
ձեռք
վասն
վաճառելոյ։
Վասն
որոյ
եւ
այնց,
որք
են
աւելի
քան
զդճ
(400),
աւելի
եղելոց
զկէսն
մինս
եւ
զկէսն
միւսս
պարտիմք
պահել
հաւատարմաբար.
եւ
մինչ
ի
ձեռն
եղեալն
վաճառիցի,
վերստին
դնել։
Բայց
այնպէս
կամիմք,
զի
եթէ
արտաքոյ
կամաց
փորձութիւնն
ինչ
հանդիպիցի
յատկապէս
պահեցելոցն
միոյս
կամ
միւսոյս,
վնասն
լիցի
հասարակ։
Երրորդ
թէութիւն
մեր
այս
է՝
զի
ես
Սարգիսս
յանձն
առնում
եւ
խոստանամ
զի
զոր
քան
գիրքս
յայսմհետէ
տպել
տայցէ
վերոյիշեցեալ
Աբբայ
Հայրն,
յամենայն
սրտէ
եւ
հաւատարմաբար
ծառայեցից
թէ
թուղթ
գնելոյն,
թէ
տպագրողին
հետ
դաշնադրելոյն,
եւ
թէ
այլոց
ո
եւ
իցէ
ծառայութեանց
որք
պահանջին
առ
տոլագրումն
գրեանց.
եւ
կամ
առ
ի
բուսցնել
զդրամն,
որ
է
ի
վերայ
Անթոնիօ
Պօռթօլիին,
որ
գնեաց
զնորակերտ
տպարանն
եղեալ
ի
Սան
Մառթին,
որ
թէպէտ
որքան
առ
արտաքս
իբրու
թէ
ծախիւք
իմով
ք
եղեալ
հռչակիւր,
բայց
բոլորն
Հայր
Աբբային
էր,
եւ
վաճառեցաւ
Պօռթօլիին
2500
լիտրէ
գոռէնթ,
որ
տպեցե
ալ
գիրք
տալով
եւ
նորապէս
եւս
տպելով
վճարելոց
է։
Որոյ
պարտականութեան
գիրն
թէպէտ
իբրու
թէ
ինձ
սլարտական
գոլ
գրեցեալ
է,
բայց
Հայր
Աբբային
է։
Վասն
որոյ
եւ
Սարգիսս
այսու
գրով
խոստովանիմ,
զի
որպէս
նոյն
ասացեալ
տպարանի
եւ
ի
նմին
տպեցեալքն
ի
յանուն
իմ
էր,
բայց
չէր
իմ,
այլ
Հայր
Աբբային.
նոյնպէս
եւս
հետեւաբար
որքան
գրեանք
տպին
ի
յանուն
իմ
իբրու
թէ
ծախիւք
իմովք
տպեցան,
ես
բնաւին
զմասն
ինչ
ոչ
ունիմ
ի
յայնս,
այլ
բոլորն
Հայր
Աբբային
է.
վասնզի
զոր
ինչ
դրամ
ես
իմով
անուամբ
տամ
տպագրողին,
միշտ
ի
Հայր
Աբբայէն
առեալ
տամ,
եւ
ոչ
յիմոց։
Չորրորդ
թէութիւն
է
այս.
զի
ես
վերոգրեցեալ
Մխիթար
Աբբայս,
Խոստանամ
զի
զոր
ինչ
եւ
գրեանք
որք
տպեցան
ի
նորակերտ
տպարանին
ծախիւք
իմովք,
ի
տպարանի
Պօռթօլիին,
ի
բնաւից
տեսակաց
գրեանց,
սակաւ
առ
սակաւ
վերոասացելոյ
Սարգսին,
ըստ
որում
ընդ
իս
հաւասարաբաժին
ընկեր
վաճառիցեմ
այսոքիւք
հետեւեցելովք
թէութեամբք.
նախ
զի
որ
ինչ
գնով
ձեռամբ
նորին
պարտի
վաճառիլ
օտարաց,
նոյնոյ
գնոյ
կիսովն
տամ։
Երկրորդ,
զի
զդրամն
ոչ
պահանջեմ
ի
յատուկ
քսակէ
նորին,
այլ
եթէ
ի
վերոգրեցե
ալ
գրեանց
վաճառիցին,
որ
են
ինձ
եւ
նորա
հաւասարաբաժին
իցեն
դրամք
վճարիլ
անտի,
զի
նոր
գնացեալն
եւս
մնայցէ
հաւասարաբաժին
երկուցս.
եւ
թէ
ոչ
գոյ
դրամ,
յայնժամ
թէութեամբ
ապագայի
վճարման
տամ,
զի
յորժամ
ի
ո
եւ
իցէ
գրեանց,
որք
են
մեզ,
այսինքն
ինձ
եւ
նորահասարակ
վաճառիցին,
յայնժամ
վճարեսցի։
Եւ
մինչ
սակաւ
առ
սակաւ
դրեցի
այն,
որ
պարտի
գոլ
երեք
կամ
չորս
հարիւր
վաճառեսցին,
վերստին
տամ
նոյնով
թէությամբ։
Եւ
այսպէս
հետեւի
միշտ,
զի
որ
ինչ
եւ
իցեն
գիրք,
որք
են
ի
ձեռն
Սարգսին
իբր
վճարելիք,
միշտ
եւ
հաւասարաբ
աժին
ինձ
եւ
նորա:
Բայց
որ
ինչ
վերամնան
ի
ձեռն
իմ
բնաւին
չեն
նորա,
զի
բոլոր
իմովք
ծախիւք
տպին։
Հինգերորդ՝
ես
Սարգիսս
խոստանում
եւ
զայս,
զի
եթէ
յաջողեսցէ
Տէր,
զի
մեր
հաւասարաբաժին
գրեանքն
առատաբար
վաճառիցին,
եւ
յետ
գնելոյն
մեր
ի
տպելոցն
նորապէս,
աւելանայցէ
դրամ,
զբաժին
դրամն
իմ
ոչ
առեալ
hդից
ի
քսակի,
այլ
միայն
թէ
հարիւր
տուգաթ
առից,
եւ
այլն
մնասցէ
ի
մէջ,
զի
ի
տպելոց
գրեանցն
վերստին
գիրք
գնիցին։
Եւ
զայն
հարիւրն
եւս
վասն
այսորիկ
առնում,
զի
ի
բնաւից
վերոգրեցեալս
գրեանս
միայն
հարիւր
տուգաթ
մնացե
ալ
է
ինձ
ի
գլխոյն,
եւ
զայլն
վաճառմամբ
գրե
անց
մինչեւ
ցայժմ
առեալ
եմ։
Վասն
որոյ
հաճեալ
եմ,
զի
աստի
մինչեւ
ցեօթն
ամ
վաստակն
իմ
գրեան
ք
լիցին,
եւ
ոչ
դրամն։
Վեցերորդ.
հաճեալք
եմք
երկոքեանս
եւս
առ
այս,
զի
որ
ինչ
վասն
կազմի
գրեանցն
գնայցէ,
լիցի
եւ
այն
ի
գնոց
գրեանց
վաճառեցելոց.
եւ
թէ
չիցէ
ներկայ
դրամ,
ի
քսակէ
մերմէ
փոխ
տայցեմք,
եւ
ի
վաճառիլն,
ըստ
թուոյ
վաճառեցելոցն
առնուցումք։
Եւ
միշտ
գոնեա
ի
երեք
ամիսն
մի
անգամ
հաշիւ
առնիցեմք:
Եօթներորդ՝
ես
Սարգիսս
որպէս
պարաւանդեալ
եմ
զիս
ի
վաճառում
եւ
ի
կազմել
տալն
վերոգրեցելոց
գրեանց,
նոյնպէս
եւ
պարաւանդեմ
զիս
ի
վաճառումն
եւ
ի
կազմել
տալ
զհետեւաբար
գնեցեալ
գրեանս.
եւ
զամենայն
հաշիւ
շուրջ
զնոքօք
գրել
յատկապէս
եւ
ըստ
օրինի,
եւ
հաւատարմատար
տալ
զհաշիւ
երեք
ամիսն
մի
անգամ
Հայր
Աբբային։
Նմանապէս
եւ
զհաշիւն
առից
եւ
տրոց
որք
լինին
շուրջ
զտպեցմամբ
գրե
անց,
այլով
յատկաւ
տետրակաւ
գրել
եւ
տալ
պարտիմ,
եւ
այս
ի
ամսոջն
մի
անգամ։
Ութերորդ-
պարտիմք
զի
զորքանս
գիրքս
գնիցեմք
իբրեւ
ընկեր
ըստ
վերոասացելոց
թէութեանց,
գրիցեմք
աստէն,
այսինքն
զթիւն
թէ
որքանք
են,
եւ
զգինն,
եւ
զնոյն
վճարիլն
եւ
ոչ
վճարիլն:
Եւ
զայս
գիր
առնեմք
երկու
օրինակ,
մինն
միոյս
ձեռամբ
գրեալ
եւ
միւսն
միւսոյս
ձեռամբ.
եւ
ի
յիւրաքանչիւրսն
ստորագրեմք
երկոքեանքս,
եւ
զիրերաց
գրեցեալսն
պահեմք,
առ
ի
զգուշութիւն
ապագային։
ԵՍ
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
ՀԱՅՐ
համահաստատեմ
զվերոգրեցեալս.
Ես
ԳԷՈՐԳԻ
ՈՐԴԻ
ՍԱՐԳԻՍՍ
համահաստատեմ
զվերոգրեցեալս։
[5]
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
Վենետիկէն,
12
Ապրիլ
1725ին,
առ
Հարս
մեր,
Պոլիս։
[7]
Համառօտ
ժամանակագրութիւն,
էջ
81։
[8]
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
Վենետիկէն,
10
Մարտ
1725ին,
առ
Յարութիւն
Արքեպս.,
Հռոմ։
[9]
Համառօտ
Ժամանակագրութիւն,
էջ
96–97։
[10]
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲԲԱՅ
Վենետիկէն,
12
Ապրիլ
1725ին,
առ
Հ.
Պօղոս
Վրդ.,
Պոլիս: