Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1717-1722

/25/ Մեթոնէն Վենետիկ անցնելով, անկարելի է որ Մխիթար հոգեպէս հրճուած չըլլայ՝ մտածելով քաղաքը գտնուող տպարաններու եւ իր գրական առաքելութեան մասին։ Ցաւալի էին Մեթոնէն Վենետիկ փոխադրուելու պարագաները. Մեթոնի մէջ դեռ նոր աւարտած էր շինութիւնը վանքին եւ փառաւոր եկեղեցիին. թողած ամէն ինչ՝ կը մտնէր Վենետիկ, 12 միաբաններով, յետին աղքատութեան մէջ։ Վանքիս ժամանակագիրը՝ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի կը խորհրդած է, ըսելով թէ Նախախնամութիւնն էր որ առաջնորդէր Մխիթարն ու իրենները. ու թուարկելով Վենետիկ քաղաքի առաւելութիւնները, յատկապէս կը շեշտէ ըսելով. «մեծամեծ բարիք մեզ աստի յառաջ եկին, որոց ոչ էր հնար մեր հանդիպել անդէն ի Պեղոպոնտիա…, եւ որքան հոգեւոր գրոց տպագրութիւնք եւ պտուղք ի ծաւալմանէ նոցա յազգի մերում եղեն, որոց աջողութիւնն ոչ հանդիպէր, եթէ ոչ մեզ յերկիրս յայս փոխիլ վիճակէր» [1] ։

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԱՂՕԹԻՑ (տպ: 1718)

1715–1717 տարիներուն, Ս. Ղազար մտնելէ առաջ, Վենետիկ քաղաքին մէջ կը բնակի Մխիթար, իր միաբաններով, վարձու համեստ տան մը մէջ։ Այս ժամանակամիջոցը համեմատաբար կ՚ըլլայ խաղաղ շրջան մը, ուր ամէնքը լծուած առաջ կը տանին իրենց վանական կեանքը։ Հոս է որ կ՚աւարտի Թոմաս Ագուինացիի աստուածաբանութեան հատորներու լատիներէնէ թարգմանութիւնը, հոս է որ /26/ Մխիթար կը շարադրէ իր առաջին գիրքը՝ կրթութիւն աղօթից, ընդառաջելով Պր. Մելիքի։

Գիրքին տպագրութիւնը կը սկսի 1718ի Ապրիլ 26ին, երբ Մխիթար կը ստիպուի թողուլ Ս. Ղազարի շինութեան գործն ու տպագրութեան վրայ հսկելը, եւ մեկնիլ Հռոմ։ Այնուհետեւ Մխիթար նամակներով կու տայ ուղղութիւն Հ. Եղիայի եւ Հ. Մատթէոսի, որոնց ձգած էր տպագրութեան վրայ հսկելու պարտականութիւնը։ Հ. Եղիա փորագրել կու տայ 12 նկարներ, նորատիպ գիրքը գեղազարդելու համար. բայց փորագրողը անվարժ ըլլալով, ժամանակն ու ծախսը կը վատնուին առանց յաջողութեան. «բազմիցս փորեաց եւ տուաք եղծել» կը գրէ Հ. Եղիա [2] ։ Տպարանին Հեռաւորութիւնը, իտալերէն լեզուի անտեղեակ ըլլալը՝ կը դժուարացնեն գործը, ու այնքան յոգնութեամբ պատրաստուած նկարները, որոնց համար Հ. Եղիա տառապած էր ու Պր։ Սարգիս ուրախութեամբ գրած էր Մխիթարի «յոյժ սիրուն եւ լավ կու լինի» [3], Մխիթարի հաճոյ չեն անցնիր, ու գրեթէ նեղացած կը պատասխանէ. «տեսի զպատկերս զորս տակաւին ոչ էի տեսեալ, եւ զարմացայ թէ զիարդ դիմացաւ սիրտ ձեր, որ թոյլ ետուք տպել զպատկերն զայն, որ ցուցանէ զՄարիամ նստեալ առ ի լսել զբանն Յիսուսի եւ զՄարթա ի սպասու. միթէ ո՞չ հայեցաք մի անգամ ի դէմս Քրիստոսի, որպէս պարտ էր հայիլ յաւիտեան (ինձ թուի) այնպիսի տգեղ պատկեր ոչ է եղեալ» [4] ։

Նոյնքան եւ աւելի պահանջկոտ է Մխիթար բնագիրին նկատմամբ. գրեթէ անտեղիտալի է։ Տպագրութեան ընթացքին չէր կարելի պրակ առ պրակ Մխիթարի ղրկել տպագրուածները. միւս կողմէ, սակայն, տպագրուած առաջին պրակները Մխիթար կ՚ուզէ անգամ մը տեսնել, ապահով ըլլալու համար՝ թէ սրբագրութիւնները կը կատարուի՞ն պէտք եղածին պէս, որու հոգը Հ. Մատթէոսի յանձնուած էր։ «զարմանամ որ զմ ի կամ զերկու տապաղայ ի պասմայէն ոչ յղեցեր…, ես զբանն որոնեմ տեսանել, զի սրտադիւր եղէց, արդեօք լաւ սրբագրեա՞լք իցեն կամ ոչ» [5] ։ Եւ ահա կը պատահի անխուսափելին. տպագրուած առաջին պրակները կը հասնին Մխիթարի, որ տեսնելով Հոն սպրդած տպագրական սխալները, չափազանց /27/ կը տխրի։ Տիրամօր նուիրուած այբուբենական տաղին մէջ, Մխիթար ծածկած էր սկզբնատառերու շարք մը, որոնք կը կապէին մինչ կոյրն էի ուխտեցի, զի ի կուսէդ լոյս տացցի: Հ. Մատթէոս առանց ուչ դարձնելու՝ «սկսեալ է քերականաբանել» եւ ուղղել, խանգարելով սկզբնատառերու մէջ ծածկուած նախադասութիւնը։

Այս բոլորը անդրադարձած է Մխիթար՝ յետ ոտքի վրայ ակնարկ մը տալու ստացած պրակներուն. ապա մի առ մի կարդալով բոլորը, շինած է վրիպակներու ցանկը ու ղրկած Վենետիկ, որպէսզի դիրքին վերջաւորութեան տպագրուի. եւ որովհետեւ վերջին պրակը բոլորովին անկարգ ու խառնակ կը գտնէ, կը յանձնարարէ իսկոյն փութալ Պորթոլիի տպարանը, երբ դեռ վերջին պրակին գիրերը չեն ցրուած, կատարել հարկաւոր սրբագրութիւնները, եւ քիչ դրամով տպել տալ եւ փոխանակել պրակները՝ նոր տպագրուածներով։

Գիրքին Յիշատակարանն ալ ունի իր մանրամասնութիւնները: Տպագրութեան մեկենասը, Պը։ Մելիք [6], որուն անունը գրուած է գիրքին ճակատին, չուզեր յիշուիլ նաեւ Յիշատակարանին մէջ, որպէսզի ծնողքէն ու ծանօթներէն չնկատուի իբր մսխող. մինչ Մխիթար հիւսած է Յիշատակարանը յիշելով մեկենասին անունը եւ թէ «ունի զբաղձանս եւ զայլս գիրս տպել»։ Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք՝ վերջապէս կը հիւսուի Յիշատակարանի նոր վերջաբան մը, ու հակառակ որ գիրքին անուանաթերթին վրայ դրուած է «Տպագրեցեալ արդեամբք եւ գոյիւք նոյնոյ Պարոն Մէլիքի», Յիշատակարանին մէջ տպագրողը կ՚ըլլայ Պր. Սարգիս, իսկ մեկենասին համար քօղարկեալ կերպով կը դրուի. «Եւս յիշեսջիք առ Տէր եւ զայնոսիկ որք մասնակիցք եղեն առ տպումն մատենիս»։

Վերջապէս երկար ու տաժանելի կ՚ըլլայ փոքրիկ կրթութիւն աղօթիցի տպագրութիւնը. ամէն բան աւարտելէ ետք՝ Մխիթար Հռոմէն Վենետիկ հրահանգ կը ղրկէ չհանել հրապարակ, ո՛չ ծախելու եւ ո՛չ մէկուն նուիրելու, մինչեւ ինքը չտեսնէ ամբողջութիւնը միա/28/համուռ։ Մաքուր օրինակ մը, սակայն, կազմուած շատ վայելուչ կերպով, Հռոմէն մեկնել է առաջ՝ կը նուիրէ Կղեմէս ԺԱ. Քահանայապետին, որ «կարի յոյժ հաճեցաւ, ուրախացաւ եւ շնորհակալեցաւ» [7] ։

Գիրքին տպաքանակը կ՚ըլլայ 1280։ Ինչպէս Ալպերտի, նոյնպէս կրթութիւն աղօթիցի տպագրութեան ծախսերուն պէտք է մասնակ ցած ըլլայ նաեւ Պր. Սարգիս Պոլսեցի, որովհետեւ 1725ին, Սարգիս սնանկանալով՝ կը դարձնէ Մխիթարի քովը ունեցած բոլոր գիրքերը, այսինքն «զբնաւս Ալպերտսն եւ զԿրթութիւնսն, յորս ունէր Սարգիսն զբաժին՝ էառ Աբբայ Հայրն, փոխանակ դրամոց վաճառից գրեանցն» [8] ։

Կրթութիւն աղօթիցի տպագրութենէն շուրջ տասը տարի ետք, կը տեսնենք որ տրամադրելի մնացած է միայն կէսը։ 1738ին ունինք միայն 300 օրինակ տրամադրութեան, ինչ որ նշան է թէ լաւ ընդունելութիւն գտած է։ Նկատելի է նաեւ որ այս հատորը տպուած ըլլալով բարեգործական նպատակներով, բազմաթիւ օրինակներ ձրի բաժնուած են, որու մասին պիտի անդրադառնանք նոյն նիւթին մասին խօսած ատեն։

RICORSO (տպ. Հռոմ 1718)

Ս. Ղազար կղզին ստանալէն քանի մը ամիս ետք, ինչպէս ըսինք քիչ առաջ, Մխիթար կը ստիպուի թողուլ ամէն գործ եւ երթալ Հռոմ, Ս. Ժողովին առջեւ արդարացնելու համար Միաբանութիւնն ու իր անձը, եղած ամբաստանութիւններուն դէմ։

Հռոմի մէջ լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ Մխիթար: Կղեմէս ԺԱ Քահանայապետին յատուկ կարգադրութեամբ՝ իրեն կը տրուի ամբաստանութիւններու ամբողջ ծրարը։ 1718ի Յունիս 1-ին Մխիթար կը սկսի շարադրել հայերէն լեզուով Միաբանութեան ջատագովութիւնը, որպէսզի նոյնը իտալերէնի թարգմանել տալով, զանազան օրինակներ յանձնէր ծիրանաւորներու ձեռքը, առ ի ծանօթութիւն։ Յուլիս ամսուն վերջերը կը կատարուի իտալերեն թարգմանութիւնը, քանի որ «կամ հանդերձ աւուգաթով եւ կամ առանց աւուգաթի, ներկայացուցանելոց եմք զգրեանս։ Եթէ լիցի աւուգաթով, յիսուն տօգաթ վատնի նմա. վասնզի ի գրոց իմոց, զոր ինչ արտահանեալ /29/ խօսի, զայն պարտի եւ տպագրել, զի բազմասցին օրինակ քն եւ ծաւալեսցի բազմաց» [9] ։

Իտալերէն թարգմանութիւնը կը կատարէ Հ. Մատթէոս Վրդ. ի եղբայրը՝ Տէր Ստեփանոս, ապա ցոյց տալով լեզուագէտի մը՝ կը համառօտեն գրութիւնը. «քաղցրացուցանել տուաք զշարադրութիւն իտալական, զի ախորժ լիցի մեծամեծաց, այսինքն է ի այսմաւուրական լեզուէ ի նարեկական լեզուն մուծաք. եւ զայս մինչ արարաք՝ ի մահ մատնեցայ [10] ։

Գիրքը ունի երկու մաս, երկու յատուկ անուանաթերթերով։ Առաջինը (էջ 1–30) ջատագովական մասն է, երկրորդը (էջ 31–70) զանազան փաստաթուղթեր, հաւաքուած հաւատացեալներէ, ի նպաստ Միաբանութեան։

Սեպտեմբերի առաջին օրերուն կը կատարուի գիրքին տպագրութիւնը, 100 տպաքանակով։ Մխիթարի չքաւորութեան օրերուն, արդարեւ, ծանր էր հոգալ նաեւ այս գիրքին տպագրութեան ծախսը. «մեն կարճ մի եւս է այս, զի քսան եւ չորս սկութ գնայ ի վարձ աշխատանաց տպագրողին։ Եթէ փռօփականտան ոչ տպիցէր, յայլուր քառասուն սկութ գնայր, զի այն է գինն. բայց աստ ձրի որ եղեւ եւ միայն զմշակաց վարձն վճարեմք։ Տասն եւ հինգ օր աշխատեցայ մինչեւ ստացայ զայս հրաման՝ զի Փռօփականտան տպագրիցէ, եւ այնու իմնապէս ձրի եղեւ, այսինքն ըստ կիսոյն» [11] ։

  Տպագրուած հատորը կու տայ ակնկալուած արդիւնքը. Միաբանութիւնը լիովին կարդարանայ Ս. Ժողովի առջեւ, ու Մխիթար կը վերադառնայ Վենետիկ։

ՊԱՐՏԷԶ ՀՈԳԵՒՈՐ (1719) - ԽՈԿՈՒՄՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ (1719)

Մխիթար Հռոմ էն դառնալով, պէտք էր նուիրուիլ շինարարական գործին։ Դեռ հազիւ տարի մը եղած էր որ փոխադրուած էին Ս. Ղազար, ու անոր խախտած պատերն ու պարիսպները կարօտ էին վերանորոգութեան։ Միաբանութեան հսկայ հոգերուն մէջ, 1719) Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն կը ձեռնարկէ վերահրատարակութեան երկու հատորիկներու, առաջինը՝ Պարտէզ հոգեւոր, որ ան/30/ցեալին մէջ չորս տպագրութիւն ունեցած էր, սկսեալ 1670էն, իսկ երկրորդը՝ Խոկումն քրիստոնէական, որ նախապէս տպագրուած էր 1687ին։

Յատկապէս այս երկրորդ հատորիկին համար Մխիթար պէտք է նախընտրութիւն մը ունեցած ըլլայ, որովհետեւ երբ ինք տասնեւվեց տարեկան էր, Կարինի մէջ հանդիպած էր այս դիրքին, եկեղեցւոյ դրան առջեւ ծախու տեսնելով, եւ գնած էր զայն, ուրիշ շատ մը գիրքերու հետ, եւ ընթերցում են խանդավառուած«տուեալ վաղվաղակի զգին նորա առնոյր զայն, եւ առ իւր ունելով ստէպ ընթեռնոյր եւ զՀոգեբուղխ խրատս մտադիւր խոկմամբ ի միտ առնոյր, եւ բազում չափս հոգւոյ ի խրատուց անտի յանձն իւր ձգէր» [12] ։ Միքայէլ Եպս. յետոյ կը խլէր Մխիթարի ձեռքէն այդ գիրքը, կը դնէր բանալիի ներքեւ, ձեռքը տալով Սաղմոս։ Այդ օրէն անշուշտ Մխիթար դրած էր բարի առաջադրութիւն մը։ Առաջադրութիւնը գործադրելու ատենը հասած էր հիմա։

Երկու հատորները տպակից են, եւ չենք հանդիպիր անոնց` անջատ անջատ, ինչ որ անպատեհութիւն էր անշուշտ, եւ յաջորդ տպագրութեան պիտի սրբագրուի։ Տպաքանակը 2000 եղած է: 500 օրինակ աւելի՝ քան ինքնագիր կրթութիւն աղօթիցը։ Մխիթար իր ընտրութեան մէջ չէր վրիպած, որովհետեւ 1727 տարւոյն վերջաւորութեան, միակազմ զոյգ գիրքերէն մնացած են 646 օրինակներ, մինչ սպառած են 1354 Հատ։

Խանդավառիչ են արդարեւ նորակազմ Միաբանութեան մը համար` այս առաջին նուաճումները։ Նոյնը կարձագանգէ նաեւ վանքիս ժամանակագիրը՝ երբ կը փակէ 1719 տարւոյն Միաբանութեանս պատմութիւնը. «Յայսմ վայրի զերկնաձիր աստուածասէր ջանս Արբայ Հօր մերոյ կարեւոր է մեզ յառաջ բերել. քանզի բազում էր փոյթ նորա յաղագս ազգիս մերոյ լուսաւորութեան, իբրեւ ճշմարտիւ ի Տեառնէ Աստուծոյ ի սոյն պաշտօն կարգեալ յարմարեալ գործ ի ձեռն առնուլ, քարոզիչս ճշմարտութեան բազումս պատրաստել, զհոգեւոր խրատուց զիրս յիւրմէ եւ յայլոց յօրինեալս ի լոյս ածել, եւ որ ինչ այլ ինչ ի սոյն լուսաւորութեան գործ շահաբերք են, կացուցանել» [13] ։

ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ (տպ. 1720) ԱՒԵՏԱՐԱՆ (տպ. 1720)

/31/ Հոգեւոր մանր գիրքեր տպագրելէն անմիջապէս ետք, մեծ հրատարակութիւններու անցնելէ առաջ, նշանակալից է Նոր Կտակարանի տպագրութիւնը, որ աղբիւրն է բոլոր միւս գիրքերուն։ Ամէնէն աւելի Մխիթար ինքը պէտք ունէր Նոր կտակարանի, տալու համար իր աշակերտներուն ձեռքը. նոյնը կ՚ուզէր որ ամ էն հայ հաւատացեալ ունենար իր տրամադրութեան. նոյնը կը յորդորէր Յիշատարականին մէջ ալ, ըսելով. «ո՛վ բարեմիտ ընթերցօղ, զի մի՛ երբէ ք հեղգասցիս առ ուսումն սորին, մանաւանդ եկեղեցականաց, որք նաեւ այլոց ուսուցանել պարաւանդին»։

Տպագրութիւնը սկսած է 1720ի Մարտ 20ին ու աւարտած Յուլիս 30ին։ Նոր կտակարանի տպաքանակը եղած է 1250, իսկ 250 օրինակ ալ տպագրուած է միայն Աւետարան, հաւանաբար առանձին անուանաթերթով, որմէ նմոյշ մը չունենալնուս՝ կարող չենք վերջին խօսք մը ըսել։ Այս զանազանութիւնը կը հետեւցնենք Մխիթարի թողած մէկ ծանօթութենէն, որ թողած է հաշուի մանր տետրակի մը մէջ. «Այսպէս Նոր Կտակարանն եղեւ մեզ 2558 (լիրի ծախս), որ է 1250 կտակարան եւ 250 Աւետարան»:

Գ-ԻՐՔ ՄՈԼՈՒԹ ԵԱՆՑ (տպ. 1720)

Ազգը լուսաւորելու, հոգեւոր զարթօնք մը տալու համար անոր, Մխիթար կը հրամցնէ մեզի նոր հատոր մը Գիրք Մոլութեանց, 487 երկսիւն ու մանրատառ էջերով, որու Բան առ ընթերցօղս երկար յառաջաբանին մէջ կը մանրամասն է կատարած հրատարակութեան . արժառիթները։

Հոգեւոր վերելքի մը համար, առաքինական կեանքի մը փարելու համար, անհրաժեշտ էր սրբուիլ մոլութիւններէ, «վասն որոյ եւ մեք ըստ տկարութեան մերում ճանաչեալ զամենադրուատելի օգտակարութիւն գրգոյս, մանաւանդապէս օգտակարագոյն գոլ երեւի ազգի մերում Հայկազնոյ, ջան եդաք… ի լոյս ած իցին ի ձեռն տպագրութեան»։

Մխիթարէ 400 տարի առաջ թարգմանուած այս գիրքը, նոյն չըրջանին ընդհանրացած էր եւ օրինակուած շատ մը գրիչներէ. բայց ինչպէս Ալպերտի, այսպէս ալ Մոլութեանց եւ Առաքինութեանց գիրքերը լեցուն էին ձեռագրական վրիպակներով, երբեմն ամբողջ նախադասութիւններ զանց եղած, կամ բառ ու գիր մոռցուելով՝ հա/32/կոտնեայ իմաստներ ստացած։ Մխիթար եւ իր աշակերտը Հ. Յովհաննէս միասնաբար կը համեմատեն թարգմանութիւնը լատիներէն բնագիրին հետ «ընդ երկար ժամանակս». եւ այնպէս յղկուած ու դիւրասահ կը ներկայացնէ իր ազգին զաւակներուն՝ գրելով. «Ընկալարուք սիրով, զկնի Ալպերտին, նաեւ զայս գիրք, որոյ վերայ մեծաւ սիրով աշխատեցայ, ի փառս Աստուծոյ եւ ի յօգուտ ձեզ փափագողացդ»։

Այսքան մեծ գործի մը յաջողութեան համար կը պահանջուէր նաեւ մեծ գումար, «քանզի որպէս յայտ է փորձառողաց, հարիւր մառչիլն հազիւ բաւականանայր ումեք առ ի ասացելոց գրեանց»։ Ալպերտի տպագրութեան ծախսերը, ինչպես տեսանք, մեծ մասամբ հոգացած էր Սարգիս. յաջորդաբար, լոյս տեսնող գրեթե բոլոր հատորներուն ճակատին գրուած է «արդեամբք Պարոն Սարգսի», որու անունին տակ Մխիթար կը ծածկէր ինքզինքը։ Այս հարցին մասին աւելի ընդարձակ խօսելու առիթ պիտի ունենանք։

Տպաքանակը եղած է 1114. դանդաղ, բայց յարատեւ կերպով կը ծաւալի գիրքը։ ու ահա կը հասնին Մխիթարի գիրքին ըրած բարիքներու լուրը. «Մոլութեանց գիրքն եկին ի Ստամպօլ, յոյժ հաճոյք են ամենեցուն» [14], «այն էրզրումցի տղան, որ եբեր զՄոլութեանց գրեանսն, զմի հատ չորս ղռուշ ծախելով սպառեցան զբնաւսն (sic) եւ այժմ ոչ գոյ, եւ զմեծ համբաւ ունի» [15] ։

ԳԻՐՔ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆՑ (տպ. 1721)

Հազիւ աւարտած Գիրք Մոլութեանց մատեանի տպագրութիւնը, ու դեռ չցրուած վաճառքի, Մխիթար կը ձեռնարկէ տպագրութեան յաջորդ հատորին, Գիրք Առաքինութեանց: Յառաջաբանին մէջ կը հրաւիրէ ընթերցողը մօտենալ այս գիրքին՝ իբր սեղանի մը, զարդարուած հոգեւոր խորտիկներով եւ ըմպելիներով։ Նախորդ հատորին նման՝ սրբագրութիւնը կատարած է Մխիթար, Հ. Յովհաննէսի աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ միւս աշակերտներուն օգնութեամբ, «ոմն վերստին գրելով զնոր եւ զպայծառ օրինակ ի յումեմնէ հնագունեղէ օրինակէ 344 ամաց հետէ գրեցելոյ [16], այլ ոմն այլով աշ/33/խատութեամբ» [17] ։ Բան առ ընթերցօղսի կը յաջորդէ բաւական բարդ խաչբառ մը, որուն մեկնութիւնն ալ կու տայ. այս խաղն ալ յօրինելուն նպատակը՝ ընթերցողին միտքը հոգեւոր կերպով մարզելն է, սիրել տալու համար կեանքի խաչը, իբր նմանակցութիւն Քրիստոսի խաչակրօն կեանքին։

Տպագրութիւնը կը սկսի 1721ի Յունուար 17ին, ու կ՚աւարտի Օգոստոս ամսուն, իբր տպաքանակ ունենալով 1126 օրինակ։ ԹԷ՛ Մոլութեանց եւ թէ՛ Առաքինութեանց գիրքերը մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն ազգին մէջ. վանքիս Ժամանակագրութիւնը առաջինին համար կըսէ . «սկսաւ տարածիլ աստ եւ անդ, եւ ամենայն ոք մեծաւ ըղձիւ ջանայր ստանալ», իսկ Առաքինութեանց գիրքին համար՝ թէ աւարտեցաւ «ի մխիթարութիւն մեզ եւ բոլորի ազգին մերոյ» [18] ։

Կը ծաւալին գիրքերը, կը ստեղծուի հետաքրքրութիւն Վենետիկ տպուած հոգեւոր գիրքերուն հանդէպ. այս զոյգ գիրքերն արդէն անչափօրէն կը տարածեն Մխիթարի համբաւը։ Նախ իր աշակերտները, Պոլիսէն ու գաւառներէն կը հասցնեն իրենց գոհունակութեան ձայնը՝ գրելով. «ընկալայ եւ զգիրքսն Մոլութեանց եւ Առաքինութեանց մեծախնդութեամբ եւ գըգուանօք, ոչ կարեմ բաւականապէս շնորհակալ լինիլ զձէնջ սակս այսոցիկ» եւ այլոց բնաւից մեծագունեղից արդիւնաւորութեանց ձերոց զի՞նչ ասացից» [19] ։

Նորատիպ գիրքերը կը հասնին նաեւ Երուսաղէմ։ Ս. Յակոբի առաջնորդը՝ Գրիգոր Վրդ. նամակով մը կը հասցնէ իր գոհունակութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքին. վերջինս Գրիգոր Վրդ-ի նամակը կը կարդայ եկեղեցւոյ մէջ, ի լուր ժողովուրդին, պարզապէս հաստատելու համար թէ «ի Վենետիկ ստամբայ եղեալք Մոլութեանց եւ Առաքինութեանցն են լաւ գրեանք» [20] ։ Մերտինի առաջնորդ Մարտիրոս Եպս. Թուխմանեան, ինքնիրմ է դուրս կ՚ելլէ՝ միայն տեսնելով /34/ վերջին այս երկու հրատարակութիւնները, ու նամակով մը կը քաջալերէ Մխիթարը, չընկրկել՝ առաջ տանելու սկսած գործը, որմէ պիտի հետեւի անսահման բարիք հայ հոգեւորականութեան մէջ. բան մը՝ որու լիուլի գիտակից է արդէն Մխիթար, այնպէս որ կը պատասխանի Մարտիրոս Եպս. ին՝ թէ «ջանամ միշտ զի եթէ ժամանակ եւ պարապութիւն գտանիցեմ, նաեւ զայլ գրեանք ի լոյս ածիցին, առ ի օգուտ եւ ի լուսաւորութիւն մերազնեաց» [21] ։

ԳԻՐԳ ՈՐ ԿՈՉԻ ԱՂԲԻՒՐ ԲԱՐԻ (տպ. 1722)

Նախորդ երկու հատորներուն հրատարակութենէն ետք, Մխիթար կը նուիրուի չինարարական գործին, եւ նախ՝ Ս. Ղազարի եկեղեցիին նորոգութեան։ Դարեր ամբողջ անխնամ մնացած ըլլալով՝ եկեղեցին գրեթէ անգործածելի դարձած էր եւ կը կարօտէր հիմնական նորոգութեան։ Մխիթար անձամբ կը հսկէ գործ ին վրայ, կու տայ ուղղութիւն գործաւորներուն, ծախսերը քառապատիկ աւելի կ՚ըլլան՝ քան նախատեսածը, եւ երկար յոգնութենէ ետք՝ դուրս կուգայ գրեթէ նորաշէն եկեղեցի մը։

Եկեղեցիի նորոգութիւնը կը սկսի 1722ի Մայիս ամսուն ու կաւարտի Նոյեմբերին աշխատանքներուն Հետ միասին, Մխիթար կը հսկէ «Աղբիւր բարի» գրքին տպագրութեան վրայ, թարգմանուած Պետրոս Վրդ. Թիֆլիզեցիէ «եւ ի լոյս ածեցեալ հոգաբարձութեամբ եւ սրբագրութեամբ Տեառն Մխիթարայ Վրդ. ի Սեբաստացւոյ»։ Տպագրութիւնը կը սկսի Յուլիս 15ին, ունի 359 փոքրադիր էջ, 1500 տպաքանակով, որմ է առաջին 500ը կը սպառին՝ առաջին հինգ տարիներուն։ 1748ին մնացած է միայն 210 օրինակ՚ բաւական թիւով ալ տրուած է իբր նուէր։

Յոգնութիւններու եւ նիւթական զբաղումներու մէջ ծնած այս հատորիկը, կարծէք հոգեկան գոհունակութիւն պատճառած է նաեւ Մխիթարի, որ իր զգացումը զանազան նամակներու մէջ կ՚արտայայտէ գրելով. «այս ամ տպեցաւ նաեւ մի գրքոյկ, որ կոչի Աղբիւր բարեաց խորհրդոց, եւ է յոյժ համեղ, դիւրահասկանալի եւ ջերմեռանդ գիրք, որ ի ընթերցողն շարժէ զբարիս խորհուրդս» [22], «կարի /35/ ազնիւ գրքուկ է» [23], «կարի հաճոյ երեւի տեսողացն որք ըղձակերտին զջերմեռանդութիւն» [24] ։ Դրական արտայայտութիւններ՝ անձնուէր ու համեստ աշխատողի մը կողմ է, միաժամանակ հազուադէպ երեւոյթ՝ Մխիթարի կեանքին մէջ, որոնք կը մատնանչեն ձեռնարկին արտակարգ յաջողութիւնը։

* * *

1723-1724 տարիներուն Մխիթար դարձեալ նուիրուած է շինարարական գործերու։ Եկեղեցիին նորոգութենէն ետք՝ կանցնի միաբաններու բնակավայրերու շինութեան. մինչեւ այդ թուականը, միաբանները զոյգ զոյգ կամ աւելի կը բնակէին միասնաբար։ 1724 Նոյեմբեր ամսուն կ՚աւարտի գործը։ Մխիթար յոգնած ու սպառած «յուսամ, կը գրէ, փոքր ինչ հանգչիլ, եթէ Տէր կամեսցի» [25] ։ 1723–1724 տարիներուն Մխիթար գիրք չէ Հրատարակած, բայց գործակցած պէտք է ըլլայ Յոհան Եպս. ի գիրքերու հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ Եղբարց Քարոզչաց Պատարագամատոյցի սրբագրութեան պատասխանատու գործին, որոնց մասին՝ յաջորդաբար։



[1]     Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Ժամանակագրութիւն վանացս, էջ 208։

[2]     Հ. ԵՂԻԱ ՎՐԴ. Վենետիկէն, 18 Յունիս 1718ին, առ Մխիթար Աբբայ, Հռոմ։

[3]     ՊՐ. ՍԱՐԳԻՍ Վենետիկէն, 1 Յուլիս 1718ին, առ Մխիթար Աբբայ, Հռոմ։

[4]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 12 Նոյեմբ։ 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ։

[5]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 2 Յուլիս 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ։

[6]     Պր. Մէլիք հիացող մը եղած է Մխիթարի վրայ ու անձուկ կերպով կապուած  իրեն, այնքան համոզուած է Մխիթարի ձեռնարկած հսկայ գործին եւ գաղափարականին, որ կ՚աղօթէ Աստուծոյ պակսեցնել իր կեանքը ու նոյնը աւելցնել Մխիթարի կեանքին վրայ. «ես ի յաղօթս իմ այնպէս հայցեմ առ Աստուած վասն Հայր Աբբային. Տէր, եթէ կամ իցիս զի ես ունիցիմ ի կենի այսմիկ զամս քառասուն, խնդրեմ զի զտասն քառասնեկին բարձեալ յինէն յաւելուցուս ի թիւ կենաց նորին» . ԵՂԻԱ Վենետիկէն, 11 Յունիս 1718ին, առ Մխիթար, Հռոմ)։

[7]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 26 Նոյեմբ. 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ:

[8]     Համառօտ Ժամանակագրութիւն, էջ 97։

[9]     ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 30 Յուլիս 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ։

[10]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 20 Օգոստ: 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ։

[11]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Հռոմէն, 10 Սեպտ. 1718ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Վենետիկ։

[12]   Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Պատմագրութիւն կենաց եւ վարուց Տեառն Մխիթարայ, էջ 52։

[13]   Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Ժամանակագրութիւն վանացս, էջ 248։

[14]   Հ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. Պոլիսէն, 17 Յունիս 1721ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[15]   Հ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. Պոլիսէն, 3 Նոյեմբ. 1721ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[16]   Ձեռագիրը որ հրատարակած է Մխիթար, ներկայիս կը պահուի վանքիս Մատենադարանը (Ձեռ. թիւ 241), գրուած է 1377 ին :

[17]   Հմմտ. Գիրքին Բառ առ ընթերցօղս (էջ չունի։) Վանքիս Մայր Ժամանակագրութիւնը հետեւեալն ունի այս գիրքին մասին. «Յայսմ ամ ի (1721) Աբբայ Հայր մեր, զԳիրս Առաքինութեանց, որ ի կանուխ ժամանակաց թարգմանեալ ի նախնեաց կայր յազգի մերում ձեռագիր, ետ տպագրել։ Եւ զի յաղագս ձեռագիր լինելոյն լի էր սխալանօք եւ թերութեամբ, եւ դուն ուրեք գտանիւր, ի ձեռն բազում օրինակաց սրբագրեաց զայն, եւ այնպէս տպագրեալ ծաւալեցաւ յազգի մերում, ի փառս Տեառն» (էջ 286–287)։

[18]   Համառօտ Ժամանակագրութիւն, էջ 80, 87։

[19]   Հ. ԹՈՄԱՍ ՎՐԴ., 22 Հոկտ. 1722ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[20]   Հ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. Պոլիսէն, 7 Նոյեմբ։ 1722ին, Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[21]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՑ Վենետիկէն, 3 Յուլիս 1722ին, առ Տէր Մարտիրոս Եպս. Թուխմանեան, Մերտին։

[22]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկէն, 10 Յունուար 1723ին, առ Հ. Թոմաս Վրդ., Սեբաստիա։

[23]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկէն, 10 Դեկտ. 1722ին, առ Հ. Պօղոս Վրդ., Պոլիս:

[24]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկէն, 26 Դեկտ։ 1722ին, առ Տէր Ստեփանոս, Հռոմ։

[25]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկ էն, 4 Նոյեմբ. 1724ին, առ Յոհան Եպս., Հռոմ։