Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ. ԱԲԲԱՅԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ 1733-1736

/145/ 1733 տարին Մխիթար Աբբահօր գրական գործունէութեան մեծագոյն հանգրուանն է. կոթողային հատորներ է որ պիտի հրատարակէ, այնուհետեւ, մեծ ու արժէքաւոր, ամէնուն իբր նպատակ ունենալով լուսաւորութիւնը Հայ ազգին։

Դեռ նոր աւարտած վանքիս մեծահասակ աշակերտներու բնակավայրը, կոչուած «Վարժարան», 1733ին կը սկսի տպագրութիւնը Աստուածաշունչին, որը պատրաստութիւնը սկսած էր շատ կանուխ ժամանակներէ։ Վանքիս ժամանակագրութիւնը, գրուած Հ. Մատթէոս Եւդոկիացիէ, Աստուածաշունչի տպագրութեան համար կը դնէ հետեւեալ դրդապատճառը. «Բազում ամօք յառաջ քան զսկիզբն առնել սուրբ գրոյս այսմիկ, տեսանէր նա, զի ամ յամէ երթայր եւ նուազէր յազգէ մերմէ Աստուածաշունչ մատեան, որ տպագրեալն էր յՈսկանայ Վրդ. է։ Եւ ընթերցողքն առատացեալ, գնոյ առնուլ փափաքէին, ոչ գտանէին, եւ որ դուն ուրեք գտանիւր՝ թանկագին վաճառեալ ընչաւէտքն միայն գնել ձեռնհաս լինէին, եւ չքաւորքն կարօտէին։ Եւ այսպէս ի հասարակաց ձեռս հասանելոյ ումեք ըղձալի մատեանն այն նուազիւր։ Իսկ որ ի Կոստանդինուպօլիս տպագրեալն էր, անբաւ սխալանօք աղաւաղեալ, ոչինչ յաւէտ քան զչգոյն oգտել ինչ ունէր։ Ի վերայ այսր ամենայնի եւ զկարեւոր պէտքն աշակերտաց իւրոց զմտաւ ածեալ՝ յոյժ ըղձանայր սուրբ մատենիս այսմ միւսանգամ տպագրութեան։ Բայց զանց առնէր, դիպան ժամանակի ակն կալեալ» [1] ։

/146/ Ներկայ տողերը խտացումն են ընդարձակ պատմութեան մը։ Մխիթարի Համար եկեղեցականի մը առաջին գիրքը Աստուածաշունչն է. օր ու գիշեր պէտք է խոկալ անոր իմաստներուն վրայ, քաղելով անկէ հոգիին սնունդը։ Թղթատելով իր կենսագրութիւնը, գրուած իր իսկ կենդանութեան, կը տեսնենք թէ ինքը իրապէս նոյն ճամբէն քալած է։

ՄԽԻԹԱՐԻ ՍԷՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

Դեռ տասը տարեկան հասակին, երբ կը յաճախէր երկու սրբասուն կոյսերու քով, որոնք հազիւ կարդալ գիտէին, Մխիթարի «տային զգիրսն ընթեռնուլ, եւ ինքեանք միտ եդեալ ընթերցուածոյն, զիմաստս նորա քննէին եւ մեկնէին» [2] ։ Հոն է որ Մխիթար կը սկսի սիրել ու թափանցել աստուածային գիրքին իմաստներուն մէջ։ 1691ին, Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքին մէջ կը ձեռնադրուի սարկաւագ, ու չգտնելով հոն ո՛չ քերականական եւ ո՛չ փիլիսոփայական գիրքեր, կը նուիրուի «ի յուսումն աստուածային գրոց, եւ զբովանդակ Աստուածաշունչ գիրս մտադիւր ընթերցմամբ բազում անգամ բովանդակեաց» [3] ։ Տարի մը ետք՝ Սեբաստիա կը հանդիպի Էջմիածնի առաքելական նուիրակ Միքայէլ արքեպիսկոպոս, Մխիթար կ՚աշակերտի անոր, եւ եպիսկոպոսը կը կատարէ Մխիթարի խնդրանքը, սորվեցնելով «նմա զԿաթուղիկեայց թղթոց… զմեկնութիւնն» [4] ։ Մխիթար կ՚ընկերանայ Միքայէլի՝ դէպի Կարին. հոն եպիսկոպոսին վարմունքը կը փոխուի իր աշակերտին հանդէպ, ու պայման կը դնէ տասներկու տարի ծառայել իրեն, վարդապետական աստիճան շնորհելու համար անոր. մինչ այդ՝ կը հրամայէ Մխիթարի կարդալ Սաղմոս միայն, թէեւ Մխիթար «զՍաղմոսն ըստ լաւագոյն մասին արդէն առեալ էր ի բերան» [5] ։ Աշակերտ ու վարդապետ կ՚ուղղուին Էջմիածին. Միքայէլ Եպս. վանքի ժառանգաւորներուն կ՚աւանդէ Պօղոսի թուղթերուն մեկնութիւնը, նոյն պահուն դուրս հանելով գիտութեան ծարաւի աշակերտը։ Մխիթար փախչելով կը դառնայ Կարին, Բասենի վանքին մէջ կը կարդուի դաստիարակ վանքի պատանիներուն, որոնց կաւանդէ հոգեւոր ուսում «եւ մանաւանդ Նոր կտա/147/կարանաց» [6] ։ Թողլով Կարին՝ կը դառնայ Սեբաստիա, կ՚առանձնանայ Ս. Նշան վանքը, ուր էր հանապազորդեալ ի յընթերցումն Աստուածաշունչ գրոց» [7]. եւ այնքան կը կարդար Ս. Գիրքը եւ թուղթերու վրայ կ՚օրինակէր անոր իմաստները եւ օրինակները, որ «զբազում վկայութիւնս Աստուածաշունչ գրոց յերկոտասան ամաց հետէ իսկ առեալ էր ի բերան» [8], այնքան որ՝ երբ Գրիգոր Վրդ. մը կատակի համար սարկաւագ Մխիթարի կու տայ վարդապետական գաւազանը ու կը հրամայէ քարոզել, Մխիթար «բազում բանս խօսեցաւ առատութեամբ վկայութեանց Աստուածաշունչ գրոց եւ Հարց սրբոց, ի սքանչացումն ամենեցուն» [9] ։ Տարի մը ետք, 1695ին, երբ Կիպրոսէն կը դառնայ Սեբաստիա, Առակաց գիրքը կը վերածէ ոտանաւորի, ու նախանձորդ Ծառուկ սարկաւագ կրակ կը նետէ Մխիթարի կիսաւարտ երկը։ 1697ին, Մխիթար աբեղայ պիտի մեկնի Պո լիստն ու կը պակսի նիւթականը. երեկոները, հացագործներու քով քարոզելով կը ստանայ գաւազանապտուղ: անով իսկոյն կը գնէ Ոսկանի Աստուածաշունչը, Թոմաս Գեմբացիի երկին հետ։ Տարի մը ետը՝ դարձեալ Կարին է Մխիթար, ու Կարմ իր վանքին մէջ կը դասաւանդէ աբեղաներուն. հոն է որ «արար զգիրս հաւաքման վկայութեանց Աստուածաշունչ գրոց եւ հարց սրբոց, յոյժ պիտանի զքարոզս յօրինելոյ» [10] ։ Կարինի մէջ կը ստանայ վարդապետական գաւազան, ու անդրանիկ քարոզը կու տայ՝ լի սուրբգրային իմաստներով եւ ամէնքը կը վազեն լսելու իր խօսքը, «զի զիւրաքանչիւր բան, զոր ի քարոզութեան իւրում յառաջ բերէր, աստուածային գրոց կամ Հարց սրբոց վկայութեամբ ստուգէր» [11], այնքան որ՝ Սուրբ գրքի մասնագէտ վանական մը լսելով Մխիթարի քարոզները, կը սքանչանայ ըսելով. «Ես թէպէտեւ զբազում վարդապետաց զպէսպէս ճարտարաբան քարոզութիւնս լուեալ եմ, բայց զայսօրինակ իւրաքանչիւր բանի զպատշաճ վկայութիւնս աստուածային գրոց ի վերայ ածելոյ՝ չեմ լուեալ» [12] ։ 1701ին, երբ Մխիթար առաջին գիրքերը տպագրելով պարտքի տակ կ՚իյնայ, կը ստիպուի գրաւի դնել իր ա/148/մէնէն յարգի իրեղէնները, որոնցմ է առաջինն է Ոսկանի Աստուածաշունչը։

Ահա՛ այսպէս մեծցած էր Մխիթար, Ս. Գիրքը ձեռքին եւ գլուխը հակած անոր վրայ, իր նորակազմ Միաբանութեան առաջին աշակերտներն ալ ուղելով կրթել նոյն հոգիով։ Բայց ի՞նչպէս իրագործել փափաքը, երբ նիւթապէս կը պակսի ին միջոցները, երբ հրապարակի վրայ չկային բաւարար թիւով Աստուածաշունչներ։ Ոսկանի տպագրածը արդէն հազուագիւտ դարձած էր. անցեալին մէջ անոնցմէ մեծ մաս մը Ամսդերտամէն Պոլիս ղրկուելուն՝ նաւուն հետ ընկղմած էին ծովուն յատակը [13], մնացած օրինակները դրուած է ին գրաւի եւ դարձած էին անգտանելի։ 1705ին, Պոլիս տպուած Աստուածաշունչը լի էր սխալներով. գիրին եւ արտաքին կերպարանքին համար դարձած էր անգտանելի եւ միաժամանակ սուղ։ Եւ սակայն անհրաժեշտ էր Աստուածաշունչը ժողովուրդին համար, անհրաժեշտ էր մանաւանդ Մխիթարի աշակերտներուն համար, որոնց կանոնաւոր կերպով կը դասաւանդէր Ս. Գրքին վրայէն, եւ կը սորվեցնէր թէ այդ էր կրօնաւորին առաջին ուսումնասիրութեան եւ խոկումներու գիրքը։ Կը պատմուի վանքիս ժամանակագրութեան մէջ, թէ երբ Մեթոնի մէջ՝ Մխիթարի առաջին աշակերտները կը խանդավառուին արտաքին ուuումներով եւ գերակշիռ տեղ կու տային բնական գիտութիւններուն, Մխիթար կը հաւաքէ զանոնք դասատուն, հանդիսաւոր կերպով կը բազմի սեղանին առջեւ, ձախին ունենալով Ս. Գիրքը եւ աջին՝ գիտութեան եւ ուսումի գիրքերը, ու կը յայտարարէ անոնց՝ թէ ահա այս է ձեր ընթացքը։ Ապա Ս. Գիրքը կը փոխադրէ աջին եւ գիտութեան գիրքերը՝ ձախին, աւելցնելով՝ թէ ա՛յս պէտք է ըլլայ ձեր ընթացքը, նախադասելով Աստուածաշունչը քան արտաքին գիտութեան վերաբերող մատեանները։

Մեթոնէն Վենետիկ անցնելով, Մխիթար տասներկու միաբաններով կը սկսի կազմակերպել հոգեւոր եւ ուսումնական կեանքը: 1720ին, Վենետիկէն Պոլիս կը մեկնին, քարոզութեան, առաջին աշակերտները. անոնց կը յանձնարարէ Մխիթար գտնել անպայման /149/ Ոսկանի Աստուածաշունչէն օրինակներ եւ ղրկել Ս. Ղազար։ Հ. Փիլիպպոս հասնելով Պոլիս՝ կը հետաքրքրուի եղած յանձնարարութեամբ, սակայն ի զուր։ «զամենայն ինչ հոգալ կարեմ՝ զորս անձնեալք էք, բացի Աստուածաշնչոցն, զի զամենայն գրաւ եդեալ են եւ ոչ վաճառեն մի մի» [14] ։ Մխիթար կառաջարկ է գտնել գոնէ անկազմ հատորներ, Վենետիկ կազմել տալու համար. այդ ալ կը դառնայ անկարելի։ «անկազմ Աստուածաշունչ ոչ գտաք, քանզի սակաւք գոն մնացեալք, եւ զայն եւս ի զրաւ եդեալ են, եւ ոչ կամ ին դիւրագին վաճառել» [15] ։

Այնուհետեւ Մխիթար կը լռէ. շատ հաւանաբար կ՚ուզէ գոհանալ 1705ի պոլսական Աստուածաշունչով։ 1728ին դարձեալ կարծարծի մէջը յոյս մը. Յարութիւն Գէորգեան, վենետահայ վաճառական մը, գործերու համար պիտի երթայ Ամսդերտամ. Մխիթար ասոր ալ կ՚աղաչէ հետաքրքրուիլ Աստուածաշունչով, ու յաջորդաբար նամակներով ալ կը յիշեցնէ «դարձեալ կարծիք ունիմ թէ հին ժամանակ է Ոսկանի տպած Աստուածաշունչէն… այդ տեղդ մէկ ֆռէնկի քով գրաւ շատ գրքեր կան. եթէ իրաւ իցէ՝ լաւ մի տեղեկացիր թէ ո՛րքան գիրք են եւ ո՛րքան դրամ պարտուց դրաւ» [16] ։ Յարութիւն կը հետաքրքրուի Ամսդերտամի մէջ, ու կ՚իմանայ թէ տեղւոյն քահանային՝ Տէր Եղիսէի քով կան այլ եւ այլ գիրքեր, բայց «մէկ Աստուածայչունջ ունի, որ Յօփիցն կսկսի, կապուտ թխթի վրայ է զարկած, 35 կուլտի կուզէ (…), քոյ հրամանքդ կամ(ի) որ առնեմ, գրով ծանուցանես» [17] ։ Նամակին պատասխանը չունենալնուս՝ չենք գիտեր Մխիթարի հրահանգը, բայց դեռ մինչեւ 1731 թուականը, այն է Աստուածաշունչի տպագրութիւնը սկսելէն երկու տարի առաջ, Մխիթար հետամուտ եղած է ունենալու Ոսկանի Աստուածաշունչը, եւ միշտ ալ ստացած է ժխտական պատասխան։ «փոքր գրով Աստուածաշունչն (տպ. 1705) 15 ղռուշ հազիւ տան, եթէ ասես դնէ՝ գնեցից» [18] ։

ՀԵՌԱՒՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

/150/ Այս բոլոր նեղութիւնները Մխիթարի մտքին մէջ կը հասունցնեն գաղափարը՝ տպագրելու Աստուածաշունչը։ Տպագրութիւնը սկսելէն եօթը տարի առաջ, 1726–27 թուականներուն՝ կը գտնենք առաջին հետքերը Աստուածաշունչ տպել տալու գաղափարին։ Լսած էր Մխիթար թէ գոյութիւն ունի եօթնլեզուեան տպագիր Աստուածաշունչ մը, զոր հայերէն լեզուով իր տպագրելիք նոր Աստուածաշունչին համար անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ կը նկատէր։ Գրած պիտի ըլլայ աջ ու ձախ, բարեկամներու ու ծանոթներու, ու վերջապէս Հռոմէն Յովնան Եպիսկոպոս, 1727ի Փետր. 8ին աւետիսը կը հասցնէ Մխիթարի: «երեք մեծ գրգածախ կայ տեղս, որ այդպիսի գրեանքն առնուն եւ վաճառեն. ես զկնի որոնելոյն ի բազում տեղիս, վերջապէս գնացի առ ասացեալ խանութսն եւ գտի զմինն, որ է ութն հատոր խոշոր, Ինկիլթիռայ տպւած, եօթն լեզւի Աստուածաշունչ: Հարցի թէ զուտ լաթինին կա՞յ. ասաց՝ թէ զԵօթանասնիցն կու խնդրես, այս է. եւ մինչ զգինն հարցի, ասաց հարիւր եւ հինգ սկութ։ Իբրեւ զարմացայ, իսկոյն պատասխանեաց գոլն նորա դժուարագիւտ յամենայն ուրեք» :

Խօսքը 1645ին Փարիզ տպագրուած հաստափոր հատորներու մասին է, ուր ամբողջ Աստուածաշունչը գրուած է վեց լեզուներով (Եբրայեցերէն, յունարէն, քաղդիերէն, արաբերէն, ասորերէն եւ սամարերէն), եւ իւրաքանչիւրին դիմաց՝ բառ առ բառ լատիներէն թարգմանութիւնը եւ վուլկաթան։ Մխիթարի տպել տուած Աստուածաշունչին յիշատակարանին մէջ կը կարդանք։ «Ի բազմաց ամաց հետէ բաղձայի տալ տպագրել զԱստուածաշունչն մեր ի փառս Տեառն եւ ի յօգուտ ազգին մերոյ. բայց զանց առնէի ձեռնամուխ լինիլ առ այս գործ, որովհետեւ ոչ էի առբերեալ ի ձեռս իմ զարքայական զԱստուածաշունչն զայն եօթն լեզուեան» [19] ։ Յովնան Եպ. ի նամակը արդարեւ խրախուսիչ էր։ Առանց տատամսելու եւ ժամանակ կորսնցնելու Մխիթար կու տայ հրահանգը՝ գնելու աստուածային գանձը, որ «թէեւ իցէր յոյժ մեծագին, զոչ իմն զգնոյն, այլ միայն զգնելոյն մտածեալ, զորքանս խնդրեաց վաճառողն, առանց նուազեցուցման, իսկոյն տուեալ առստացայ. եւ յայնմ հետէ եդի ի մտի, Տեառն կամօք, տալ տպագրել զԱստուածաշունչն մեր» [20] ։

/151/ Դեռ տարիներ ետք, 1732ին, երբ առիթ կը ներկայանայ անդրադառնալու եօթնլեզուեան Աստուածաշունչին մասին, Մխիթար կը տեսնէ հոն Նախախնամութեան մատը. «մինչ այժմ Աստուծով ստացայ զայն որ է երկոտասան մեծ հատոր…» [21] ։

1727 թուականով Մխիթար կը վճռէ տպագրութեան պատրաստել հայկական Աստուածաշունչը, ու կը սկսի տեսնել հեռաւոր պատրաստութիւնները։ Այսպէս, նոյն տարին հետամուտ կ՚ըլլայ բերել տալ լատիներէն լեզուով այլեւայլ կարգի տպագրութիւններ ալ, որպէսզի աչքի առջեւ ունենալով բոլոր կարելիութիւնները, կարենայ լաւագոյն կերպով պատրաստել հայկական բնագիրը. «յորժամ օրերն լաւանայ, կը գրէ Հռոմէն Յովնան Եպ., ելանեմ վերստին ի խնդիր Աստուածաշնչիս, որ տպեալն է ի Հռոմ . թերեւս գտանիցեմ՝ զմինն» [22] ։

1727-1732 տարիներուն գրած նամակներուն մէջ, Մխիթար իր աշակերտներուն կը յանձնարարէ փութով Ս. Ղազար հասցնել հայերէն ձեռագիր Աստուածաշունչի գոնէ օրինակ մը, անմիջական գործածութեան համար, առանց խնայելու դրամին։ Աշակերտները, ըլլայ Պոլիսէն, ըլլայ ներքին գաւառներէն կ՚անցնին գործակցելու. «մերայինք իսկ գրեցին քեզ, - կը գրէ Մխիթար Էրզրում գտնուող Հ. Յակոբին, - գտանել զմի գրչագիր Աստուածաշունչ եւ յղել. լիցի թէ մինչեւ ցարդ գտեալ իցես եւ յղեալ, քանզի դիտաւորութիւն գոյ Աստուածաշունչ տպել տալ» [23] ։ Ամէն միաբան կարելին կընէ կատարելու Մխիթարի փափաքը, հակառակ ներկայացած դժուարութիւններուն։ Հ. Թովմաս Պոլիսէն կը գրէ . «Վասն Աստուածաչնչին ոչ զանց արարի, այլ թէ մի միայն գտաք եւ այն կարի մեծագին. եթէ նախ քան զերկու ամն խնդրեալ իցէիք, թերեւս գտանիւր սակաւագին քանզի ի Ֆրանցացու եկեալ ոմն, զբազում ձեռագիր գրեանս գնեալ՝ յղեալ է անդ. սակայն այսու ամենայնիւ ոչ զանց առնեմ որոնել՝ մինչեւ գտից զԱստուածաշունչ, ըստ որում խնդրէք» [24] ։ Ժամանակ մը ետք, երբ Մխիթար կիմանայ թէ Պոլիս գտնուած է ձեռագիր Աստուածաշունչ մը, հրահանգ կու տայ փութով հասցնել /152/ Ս. Ղազար, «զի կարի պիտոյ է մեզ, մանաւանդ՝ մինչ սկսանիցի տպումն. եթէ առեալ էք՝ շուտով յղեցէք, եւ եթէ ոչ էք առեալ՝ ջանացէք առնուլ» [25]. յաջորդաբար տեսնելով թէ կարելիութիւնները կը շատնան, եւ Էրզրումէն կը հասնի օրինակ մը, Պոլիսէն ալ Տիրացու Մաղաքիա դպիր պատրաստ է տրամադրելու իր ձեռագիր օրինակները, կը յորդորէ Ս. Ղազար ղրկել՝ երկու, երեք եւ չորս օրինակ միասին [26] ։

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Աստուածաշունչի տպագրութեան անմիջական շրջանը կրնանք նկատել 1732 Նոյեմբեր 10էն մինչեւ 1735 Սեպտեմբեր 20 [27] ։ Երեք տարուան ընթացքին կազմուած է տպագրութեան յանձնուելիք բնագիրը: Հսկայ աշխատանք մը, որու մեծութիւնը կրնայ ըմբռնել միայն նման գործի նուիրուած անձ մը։ Բաղդատութեան գործին առաջին մաս մը աւարտելուն, 1733ի Յունիս 18ին, սկսած է տպագրութիւնը, որու համար պէտք էր նոյնքան եւ աւելի հսկողութիւն եւ ուշադրութիւն։ Աւելցնենք նաեւ որ 1735ի Յունուար 13ին՝ Մխիթար միաժամանակ ձեռք կ՚առնէ Մատթէի Աւետարանին մեկնութիւնը, գլուխ Ժ. համար 22էն, ուր հասած էր նախապէս։

Մխիթարի գրական գործունէութեան ամենաբեղուն շրջանն է ասիկա։

Թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանար Աստուածաշունչի բաղդատութեան գործը, մանրամասն կ՚աւանդէ մեզի Մխիթար՝ յիշատակարանին մէջ, ուրկէ կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները։

Հիմնականին մէջ՝ Մխիթար հետեւած է Ոսկանի բնագրին։ Եօթնլեզուեան Աստուածաշունչին հետ համեմատութիւնը կատարած է՝ Մխիթար իր աշակերտներուն հետ է կարդալ տալով անոնց զանազան /153/լեզուներու թարգմանութիւնները՝ համապատասխան լատիներէն բառերով, իսկ ինք հետեւած է հայերէն օրինակին։ Համեմատութենէն երեւան ելած են նորութիւններ. ա՛յսպէս յայտնուած է որ դարերու ընթացքին՝ ձեռագիր օրինակողներու պատճառով ներս մտած են գրչի վրիպակներ, որ երբեմն կը փոխեն բնագրին իմաստը, տալով հակառակ գաղափարներ, երբեմն կը մթագնեն իմաստները, եւ կամ ալ են անվնաս վրիպակներ, զոր ամեն ընթերցող շուտով կը հասկընայ որպէս օրինակողի սխալներ։ Արդ, հոն ուր օրինակողի սխալին պատճառով վնասուած է հայկական Աստուածաշունչին իմաստը, Մխիթար ուղղած է, եւ ուղիղ ձեւը դրած է՝ ո՛չ թէ բնագրին մէջ, այլ լուսանցքին վրայ։ Այս ուղղումները անկարելի էին բոլորն ալ անցնել տպագրին վրայ: Մխիթար դրած է միայն անհրաժեշտ եւ համառօտ սրբագրութիւնները. իսկ ամբողջութիւնը, որ անծայրածաւալ ծով մըն է, եւ երբեմն երկար նախադասութիւններ, «ի համառօտարանի մերում նշանակեցաք, զի ի յատուկ գիրս, եթէ Տեառն կամք իցեն, գրիցեմք զայնց՝ հանդերձ բացատրութեամբ» [28] ։

Մխիթարի պատրաստած «Համառօտարան»ը կը պատուի ներկայիս Ս . Ղազարի դիւանը. դժբախտաբար, Մխիթար ժամանակ չէ գտած հրատարակելու, ու յաջորդաբար ալ մնացած է անտիպ։ Նամակի մը մէջ կու տայ համառօտ ծանօթութիւն՝ այդ գործին մասին. «ի ընթեռնուլն իմ զմերս Աստուածաշունչ ընդ թարգմանութեան եօթն լեզուաց, որքան տարբերութիւն գոյին ի մէջ մերոյս եւ այլոց, ի յատուկ թղթոջ համանշանեալ եմ, որպէսզի՝ եթէ ունիցիմ ժամանակ, զայնցանէ գրիցեմ զոմանս բանս եւ առնիցեմ գրգուկ ինչ, որպէս զծանուցիչ տարբերութեանց, եւ կամ՝ որպէս զլուծմունս դժուարիմացից շարադրութեանց մերոյս Աստուածաշնչի» [29] ։

«Համառօտարան»ին մէջ, Մխիթար հաւաքած է Հայ Աստուածաշունչի այն հատուածները, որոնք մութ են իմաստով, սակայն Համեմատելով այլ եւ այլ թարգմանութիւններու հետ՝ կը յստակուին իմաստները։ Հայերէն օրինակին մթութիւնն ալ Հետեւանք է յունարէնէ կամ ասորերէնէ թարգմանուած ըլլալուն, որոնք՝ իրենց կարգին՝ թարգմանութիւններ են եբրայական բնագրէն։`

Տպագիր Աստուածաշունչին մէջ, Մխիթար հետեւելով հանդերձ Ոսկանի օրինակին, ուղղած է անոր յայտնի վրիպակները, ըլլան ա/154/նոնք տպագրական, ըլլան մանաւանդ իմաստը շեղող եւ հակոտնեայ իմաստ տուող բառեր, որոնք չէին համապատասխաներ ո՛չ ձեռագիրներու եւ ոչ մանաւանդ եօթնլեզուեան Աստուածաշունչին։

Ոսկան Վրդ. լատին օրինակին վրայէն թարգմանած է նիւթերու ցանկը, եւ զայն չէ համեմատած հայերէնին հետ, ստուգելու համար՝ թէ կը համապատասխանե՞ն գլուխներն ու համարները՝ ասոր հետեւանքով՝ ներս մտած են, բացի տպագրականներին, նաեւ այլ եւ այլ բազմաթիւ վրիպակներ։ Մխիթար այդ ցանկը արտատպած է, բայց նախ «զբազում աւուրս բազմօք անձամբք աշխատեցաք, ուր ուրեք գոյին սխալանք թուոց՝ վերուղղեցաք» [30], բնականաբար կատարելագործելով ցանկը։

Աստուածաշունչի տպագրութենէն անմիջապէս առաջ լոյս տեսած Աւետարանի յառաջաբանին մէջ (տպ. 1732), Մխիթար յայտարարած էր հանրութեան իր դիտաւորութիւնը՝ տպելու Աստուածաչունչը: Աւետարանը ամէն տեսակէտով կարապետն էր եւ նմոյշը Աստուածաշունչին։ Գիտակից գործին ծանրութեան եւ պատասխանատուութեան, Մխիթար կը խնդրէ Աւետարանը կարդացողներէն «աղօթել առ Տէր, զի յաջողեսցէ մեզ զտպագրումն Աստուածաշնչին, որ է գործ մեծ եւ պահանջօղ ծախից բազմաց, երկարագունից եւ ծանունց աշխատանաց եւ մեծամեծ զբաղանաց» [31] ։ 1732ին գրած նամակներուն մէջ, ըլլայ բարեկամներու, ըլլայ իր աշակերտներուն, Մխիթար կը խնդրէ աղօթք, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել ընդ առաջ ելլող «բազմազան դժուարութիւնք եւ աշխատանք եւ ծախք (…), եւ յաջողեսցէ ինքն Տէր որպէս եւ հաճի, զի մինչ որ ինչ դիտի՝ ի փառս նորին միայն պիտի, նաեւ յաջողութիւնն եւ յառաջացումն անտարբերաբար ի նմանէ սպասեցեալ լինի» [32] ։

1732ին տպագրուած Աւետարանի առաջաբանը կը կատարէր իր դերը. խայծ մըն էր անիկա՝ ստեղծելու համար հոգեւոր հետաքրրքրութիւն եւ սպասում ժողովուրդին մէջ. արդարեւ, տպագրութիւնը սկսել է տարի մը առաջ, Պոլիս (այնպէս հռչակ եղեւ, մինչ զի հաշուի զի սկսեցեալ եղեալ իցէ տպիլ այդր Վենետիկ) Աստուածաշունչն» [33] ։ Սպասումը կը փոխուի ուրախութեան. «աստէն Պո/155/լիս) մինչ իմացան Ոսկանի Աստուածաշնչին նման Աստուածաշունչ տպելոց է ի Վենետիկ է յումեմնէ, յոյժ ուրախութիւն եղեւ, զի աստէն այնքան սակաւ է Ոսկանի Աստուածաշունչն, մինչ զի մի հատն 50 եւ 60 ղուռուշ վաճառի» [34] ։

Առաջին սպասողները եւ ուրախացողները կ՚ըլլան Մխիթարի ցրուած աշակերտները, որոնք քաջալերական տողեր կը հասցնեն իրենց առաջնորդին։ Պելկրատէն Հ. Եղիա Մարտիրոսեան կը յանձնարարէ գործին ճոխութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, որպէսզի հաճոյ անցնի ամէնուն. «մեզ փառք եւ քեզ պատիւ եւ գոհութիւն, վասն որոյ որքան կարելի է՝ ջանա՝ ճոխացուցանել զնա, զի սոյն գիրգս միանգամ տպեցեալ լինի, եւ ոչ կարէ երկրորդիլ իբրեւ զայլ գրեանս…։ Տէր յաջողեսցէ տալով քեզ կեանս երկարս եւ զժամանակս խաղաղականս եւ առողջս» [35] ։ Թրանսիլվանիոյ Պաշպալով քաղաքէն Հ. Մանուէլ Խուպիարեան ջերմագին կը խնդրէ ունենալ «մէկ երկու տետրակ գոնեա սրբագրութենէ եղեալ ի Աստուածաշունչ տետրից» [36] ։ Նոյն հետաքրքրութեան եւ սպասում ի մէջ էին Լիվոռնոյէն Ստեփանոս Աբեղայ [37] եւ Վիեննայէն Պատրէ Տաուտ [38] ։

ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՏՊԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ

Այսքան պատրաստութիւն տեսնելէ եւ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրելէ ետք, Մխիթար Աբբայ եւ Ճիրոլամոյ Պորթոլի, 18 Յունիս 1733ին կը ստորագրեն տպագրութեան դաշնադրութիւնը, որու իտալերէն բնագիրը կը հրատարակենք ստորեւ։ Կազմուած է եօթը համարներէ, որոնց ամփոփոյքը հետեւեալն է [39].

  /156/ 1. Աստուածաշունչին տպաքանակը պիտի ըլլայ 1500, երկսիւն էջերով, ամէն սիւն 58 տող։ Իւրաքանչիւր պրակի համար՝ Մխիթար պիտի վճարէ քսանմէկ ու կէս լիրէ։

2. Թուղթը, գիրերը, ծաղիկները, գիծերն ու աստղերը պիտի հոգայ Մխիթար։

3. Պորթոլի հաւատարիմ պիտի ըլլայ 1500 օրինակին, առանց աւելցնելու քանակը, ու յաւելեալ բոլոր թուղթերը պիտի դարձնէ Մխիթարի, յետ տպագրութեան:

4. Պորթոլի տպագրութիւնը պիտի կատարէ մեծագոյն խնամքով, ընտիր մելանով։ Այն պարագային որ Մխիթար չգոհանայ եղած աշխատութենէն, եւ կամ Պորթոլի ձգձգէ գործը, Մխիթար կրնայ ազատօրէն թողուլ տպարանը եւ անցնիլ ուրիշ տպարան. բայց եթէ Մխիթար յետաձգէ գործը՝ թուղթին ուշանալով կամ եղանակին ցրտութեան պատճառով, Պորթոլի պիտի սպասէ Աբբահօր հրամանին։

5. Եթէ տպագրողին յանցանքով աղտոտի տպագրուած պրակ մը, Պորթոլի իր ծախսով պիտի վերատպէ հարկաւորը։

/157/ 6. Սրբագրութիւնները պիտի կատարուին երեք անգամ, երկուքը՝ առաջին ձեռքի օրինակներուն վրայ, իսկ երրորդը՝ տպագրութենէն անմիջապէս առաջ, երբ կապարները մամուլի տակ են։

7. Գրաշարի կամ տպագրողի պակասով՝ եթէ գործը մնայ կիսատ, ու Պորթոլի չկարենայ շարունակել գործը, կարող է ետ քաշուիլ, յետ Մխիթարի յանձնելու գիրերը եւ ամէն բան որ ստացած է իրմէ, այնպէս որ Մխիթար կրնայ ուրիշ տեղ շարունակել գործին տպագրութիւնը:

Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ Մխիթար թողուցած է մեզի նկարագրութիւնը գործին տպագրութեան, թէ ի՛նչ կերպով յառաջացած է։ Գրաբարի պատրաստած իւրաքանչիւր էջէն կը հանուի նախ ընթեռնլի օրինակ մը. երկու վարդապետներ կը կարդան, սրբագրելով սխալները։ Կը պատրաստուի փորձի երկրորդ օրինակը, որ կը կարդացուի երեք կամ չորս վարդապետներէ, դարձեալ սըրբադրելու համար վրիպակները, որոնց հիման վրայ դարձեալ կ՚ուղղուին կապարները, եւ հուսկ կը դրուին մամուլ։ Մէկ կամ երկու /158/ օրինակ տպագրուելէ ետք՝ կը կատարուի վերջին քննութիւն մը, զգուշանալու համար նոր վրիպակներէ, որոնք կրնան սպրդած ըլլալ գրաշարէն, նախորդ սրբագրութիւնները կատարած ատեն։ Այս գործերուն համար՝ Մխիթար նշանակած է վեց միաբաններ՝ որոնք իր հետ կաշխատին Ս. Ղազարի մէջ. երկու միաբան ալ կը բնակին Վենետիկ քաղաքը, վարձու տան մը մէջ, վերջին սրբագրութիւնները կատարելու եւ տպագրութեան հրամանը տալու համար։ Մայրավանքիս դիւանը կը պահուի Աստուածաշունչի Յիշատակարանի սեւագիր օրինակը, բազմաթիւ սրբագրութիւններով, կատարուած Մխիթարի ձեռքով. հոն ջնջուած է ամբողջ հատուած մը, զոր պատշաճ կը համարինք հոս արտագրել, տպագրական գործին դժուարութեան պատկերը ամբողջացնելու համար. «Եւ աշխատութիւն մեր բազմանայր առ այս գործ նաեւ վասն այսորիկ, զի շարաբարդօղն թէպէտ էր ի գերազանց աստիճանի վարժ եւ հմուտ արհեստի շարաբարդութեան, սակայն գոլով անտեղեակ լեզուի մերում, բազմիցս սխալէր ի շարելն զարճճեայ տառսն. ուստի, եթէ մեծաւ հոգունակութեամբ եւ բազմիցս ի բազմաց անձանց հայեցեալ լինելով ոչ սրբագրիցիւր, կարէին ներսպրդիլ ի նմին սխալանք բազումք, որպէս եւ սպրդիլ սովորք են ի յայլս յո եւ իցէ տպագրութիւնս, թէեւ շարաբարդողն ոչ իցէ անհմուտ այնմիկ լեզուի յորում շարաբարդէ»։ Այսքան յոգնութենէ ետք՝ Մխիթար արդարօրէն կրնայ ըսել՝ թէ «ի տպագրեցման այսորիկ Աստուածաշնչի՝ զորքան ջանս եւ զհոգս, զորքան երկունս եւ զաշխատանս յանձին կալեալ ի գործ եդաք, որպէսզի մի գուցէ վրիպմամբ ի տպագրիլն իւր զսխալանս ոմանս յինքեան վերընդունիցի, ո՛չ կարէ ընդ գրով արկանիլ» [40] ։

Մխիթար մեծ խնամք ունեցած է նաեւ գիրքին արտաքին վայելչութեան վրայ։

Փոխանակ որդեգրելու Ոսկանի Աստուածաշունչին դիրքը (27x22), ընտրած է աւելի շքեղ չափ մը (30x22). Ոսկանի երկսիւն էջին վրայ աւելցուցած է ութը տող, ինչպէս կը նշէ իր յուշատետրին մէջ. «8 տող աւելի դնելով քան զօրինակն (Ոսկանի)»։

Թուղթին համար Մխիթար կը գործած է «ազնիւ» մակդիրը. սպիտակ ու տոկուն թուղթ մըն է, որ նոյն ատեն կը կոչուէր «de' tre cappelli»:

/159/ Գիրերուն համար գործածած է Ոսկանի պղինձէ մայրերը, որոնց վրայէն թափել տուած է կապարե գիրեր։ Բնագիրին համար գործածուած է կիկերոնեան (cicero) corpo 8, իսկ լուսանցքի գրութեան համար նոտր՝ corpo 12։ Իւրաքանչիւր գիրքի սկզբնաւորութեան առաջին գիրերը են փայտեայ, յատուկէն այս գործին համար պատրաստուած. շատ ստէպ փայտեայ գրին խորքին մէջ ներկայացուցած է պատկերաւոր տեսարան մը՝ նոյն գիրքէն. այսպէս, Սաղմոսաց Գրքի սկզբնաւորութեան Ե(րանեալ) տառին մէջ նստած է Դաւիթ, քնարը ձեռքին։ Առակաց գրքի առաջին Ճ(անաչել) գրին մէջ հրեշտակը բռնած է ժապաւէն մը՝ «իմաստութիւն» վերտառութեամբ։ Մատթէի Աւետարանին Գ(իրք ծննդեան) գրին մէջ կը տեսնուին աւետարանիչը եւ հրեշտակ մը, եւ կամ Պօղոս Առաքեալի թուղթերը սկսող Պ(օղոս) տառին մէջ՝ կը տեսնուին Պօղոս ու Պետրոս առաքեալները, սուր ու բանալի ձեռքերնին։

Նկարներն են պղնձափոր, որոնք Մխիթարէ կոչուած են «չքնաղաքանդակ» [41], պատրաստուած յատկապէս այս Աստուածաշունչին համար, որոնց մէջ ստէպ կը տեսնուին հայերէն գրութիւններ [42] ։ Ընդ ամէնը թիւով 156 հատ, 10, 6x7, 5 մեծութեամբ [43], 81 հատ հին կտակարանի համար, 75 հատ՝ Նոր կտակարանի համար։ Ինչ որ կը տեսնուի, սկզբնական շրջանին Մխիթար ծրագիր ունեցած է շատ աւելի ճոխ ու բազմաթիւ նկարներով զարդարել Աստուածաշունչը. միայն Ծննդոց Գրքին համար փորագրել տուած է 12 նկար։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին տեսնելով թէ չափազանց շատ է ծախսը, ամփոփած է ձեռքը, Նոր կտակարանին պահելով այդ ճոխութիւնը։

Պարզապէս գաղափար մը տալու համար թէ ո՛րքան ծախս եղած է նկարներու միայն փորագրութեան, կ՚ընենք համեմատութիւն մը։ 1732ին տպագրուած 1500 Աւետարաններուն համար, Մխիթար ծախսած էր՝ թուղթին, տպարանին, չորս նկարներուն եւ այլ ծախսե/160/րուն համար 1835 լիրէ. մինչ Աստուածաշունչի 156 նկարներուն համար ծախսած է 3432 լիրէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նկարի փորագրութեան համար տրուած է 12 լիրէ։ Փորագրութենէն բոլորովին տարբեր հաշիւ է նկարները գծել տալու եւ զանոնք տպելու ծախսերը։ Այս բոլոր մանրամասնութիւնները կը քաղենք Մխիթարի ունեցած հաշուի մայր տետրակէն, ուր կը գտնենք երեք բացատրութիւն: «վասն տիզէնիոյի պատկերաց լիրէ…», «վասն փորողի պատկերաց լիրէ…», «վասն տպողի պատկերաց լիրէ…» [44] ։

Այս ամէնը ի կատար հասցնելու համար հարկ եղած է ծախսել բաւական մեծ գումարներ։ Մխիթար չէ խնայած դրամ ին, գիտնալով հանդերձ, որ «եթէ փոքր ինչ թխագոյն եւ հասարակ թղթով իցէաք տպագրեալ եւ առանց պղնձեայ պատկերաց, թարց կարծեաց, զոր ինչ ծախեցաք ի տպագրութիւն սորին, կէսն նորին բաւականանայր» [45] ։ Եւ իսկոյն կ՚աւելցնէ ազնուագոյն շարժառիթը. «բայց մինչ ի կեանս իմ երկիցս ոչ է ի ծառայելոց բարւոյն եւ հոգեւոր օգտին ազգին իմոյ տպագրութեամբ Աստուածաշունչին (…), յօժարութեամբ յանձն առի զկրկնապատկումն ծախից, ընդ նմին եւ աշխատանաց, որպէսզի նաեւ յազգ ի մերում պղնձեայ պատկերօք, ազնիւ թղթովք, յարմարագոյն դրօ. ք եւ բարւոք ծաղկագրովք Աստուածաշունչ գտանիցի» [46] ։ Սնոտի պարծանքի համար չէ, ուրեմն, որ այսքան յոգնութիւն եւ ծախս յանձն առած է Մխիթար, ոչ ալ օտարին առջեւ Հայ անունը լոկ պանծացնելու համար, այլ Մխիթարի տեսլականն ու բաղձանքն է որ իւրաքանչիւր Հայ քրիստոնեայ օգտուի Աստուածաշունչ սուրբ մատեանէն, հոգիով խանդավառուի, եւ ուղղէ կեանքի նաւը դէպի հոն՝ որուն համար ստեղծուած է. «Զոչինչ փոխարէն սիրոյ եւ աշխատանաց իմոց պահանջեմ յազգէն իմմէ (…), այլ բաղձամ եւ ըղձանակերտեմ զայս միայն, զի դուք օգտիցիք» [47] ։

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԻՋԱԴԷՊ ՄԸ

/161/ Տարիներ ետք, 1748ին, Զմիւռնիայէն Անդրէաս անունով գրավաճառ մը, որ երկար ժամանակ անշահախնդիր կերպով կատարած էր իր պաշտօնը, ի սէր Միաբանութեան, Մխիթարի կը հասցնէ նամակ մը, հետեւեալ պարունակութեամբ։ «Ատից (Վենետիկէն) մին եղբայր եկաւ աստ, այս քաղաքս հրատարակեաց թէ Սարգիս Վարդապետն Աստուածաշունչ պիտի տանէ, վեց ղուռուշ վաճառէ. եւ ես լսելով՝ ասի այն եղբօրն. Այս ի՞նչ անյարմար բան է որ ասես։ Ինձի ասավ: Ես խօսկ տամ քեզ 200 Աստուածաշունչի՝ վեց ղռուշօվ։ Ես ասի. Ինձ պէտք չէ։ Յետեւ յանդիմանեց զիս՝ թէ այս որպիսի խղճմտանք է, որ մին ոսկի եղած Աստուածաշունչն վաճառեմ 20 ղռուշ։ Ոչ գիտեմ ուստի ծնաւ այս նախանձն. կամ իմ իմանալ» [48] ։

Նոյն տարիներուն, Սարգիս Եպ. Սարաֆեան Վենետիկի մէջ բացած էր տպարան, եւ ունէր խուլ մրցակցութիւն մը Մխիթարի հետ, որու մասին աւելի ծանրացած ենք այլուր։ Անկարելի չէ որ Սարգիս Եպ. է տարածուած ըլլայ այս խօսքը, որուն կ՚ակնարկէ Անդրէաս Իզմիրցի։ Սակայն ո՜րքան անայլայլ է Մխիթարի պատասխանը, որ հետամուտ է ազգին օգուտին, եւ ոչ իր շահին. «Երանի՜ թէ ունիցէին զԱստուածաշունչ եւ կամ տպագրիցէին զայլ Աստուածաշունչ հանգոյն մերում Աստուածաշնչի, եւ վեց վեց ղուռուշ վաճառից իւր, եւ այնու բազում մարդիկ գնիցէին. եւ ես յայնժամ բազմաւ խնդութեամբ խայտայի եւ գահանայի զԱստուծոյ» [49] ։

ՍԿԻԶԲ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

Աստուածաշունչին տպագրութիւնը պաշտօնապէս կը սկսի 1733 Յունիս 18ին [50]. մինչեւ նոյն տարւոյն Նոյեմբեր ամիսը տպագրուած է 330 էջ, ուր կը սկսի «Գիրք Չորրորդ Թագաւորութեանց»։ Այս թափով Մխիթար կը յուսար 1735ի Յունուար ամսուն աւարտել տ/162/պագրութիւնը [51] ։ 1734ի Փետրուարին տպագրուած էր գործին մէկ երրորդը, ու կը յուսար մինչեւ Զատիկ հասնիլ հատորին գոնէ կէսը, հակառակ որ՝ կ՚ըսէ «ունիմ զբազումս գործս եւ զբաղմունս, եւ ի վերայ այնց յաւելեալ է եւ ծանր զբաղումն եւ գործն տպագրութեան Աստուածաշնչին» [52] ։ 1734ի Սեպտեմբեր ամսուն տպագրութիւնը կը հասնի մինչեւ Նոր Կտակարան (էջ 930), ու այնուհետեւ կը դադրի, ձմեռուան ցուրտին եւ մանաւանդ նկարները փորագրողին դանդաղութեան պատճառով [53] ։ 1735ի Զատիկին կը շարունակուի տպագրութիւնը՝ Նոր Կտակարանէն, ու նոյն տարւոյն Նոյեմբերին կ՚աւարտի բնագրին մասը, բայց ոչ պատկերներուն տպագրութիւնը։ Դեռ 1736ի Փետրուարին սկիզբը «երկոտասան պատկերաց պղինձքն փորագրելի է եւ փորագրօղն ջանայ հասուցանել» [54] ։ Միայն 1736) Ապրիլ ամսուն է որ կաւարտի պատկերներու փորագրութիւնը եւ տպագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ճակատի շքեղ պատկերը։

Արդ՝ Աստուածաշունչի տպագրութիւնը կը տեւէ լուրջ երեք տարի, 1733ի Յունիսէն մինչեւ 1736) Ապրիլը [55] ։ Չկրցանք գտնել թէ որքան ծախս գացած է ամբողջ Աստուածաշունչին տպագրութեան համար. միայն մասնական հաշիւներու տետրակը քննելով կրցանք ստուգել թէ 1735 տարուան ընթացքին Մխիթար վճարած է 6. 896 լիրէ, անոր այլ եւ այլ ծախսերուն համար։

/163/ Գործին աւարտումը առիթ է արդար գոհունակութեան եւ ուրախութեան, թէ՛ Մխիթարի եւ թէ՛ իր գործակից միաբաններուն համար։ 1736 Նոյեմբեր 21ին, Ս. Ղազարի Հին սեղանատոան մէջ «եղեւ ընթրիս մեծ, վասն եզերման տպագրութեան Աստուածաշնչին» [56] ։ Այնուհետեւ ամէն նորընծայ աբեղայի Մխիթար կը շնորհէ Աստուածաշունչէն օրինակ մը, ինչ որ կը դառնայ աւանդութիւն՝ հասած մինչեւ մեր օրերը» [57] ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ

Աստուածաշունչի տպագրութիւնը դեռ ամբողջովին չաւարտած, Պոլսոյ Հայութիւնը կը դառնայ անհամ բեր. «ի վաղուց հետէ աչք ամենեցուն ի ճանապարհի է թէ ե՛րբ գայ Աստուածաշունչն արասցէ Տէր ի գալ քօնվօին՝ ընդ նմա իցեն գոնեայ քանի մը հատ» [58] ։ Ամէնուն աչքը կը մնայ ճամբայ, ու կը հարցնեն իրարու՝ «թէ ե՞րբ գայ Աստուածաշունչն բազումք եւ բազումք են սպասօղք նորատիպ Աստուածաշունչի» [59]. «բազումք աչքածայեաց լինին գալստեան Աստուածաշնչին» [60]. «մեծաւ բաղձանօք խնդրեն բազումք» [61] ։

Տարիներով պատրաստուած եւ սպասուած Աստուածաշունչը վերջապէս պատրաստ էր։ 1736ի Զատիկէն ետք, Ապրիլ 25ին Պոլիս կը ղրկուի 16 օրինակ է, իսկ Զմիւռնիա՝ 10 օրինակ։ նոյն տարուան Օ/164/գոստոս 13ին՝ 22 օրինակ եւս ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Պոլիս, ու յաջորդաբար Սեպտեմբեր 11ին՝ 55 օրինակ։ Ամ էն կողմ է կը հասնին գնահատանքի նամակներ: «Զպատուականութիւն նորատիպ Աստուածաշունչին՝ լռութիւն իմ գովեսցէ, կը գրէ Պոլիսէն Հ. Պօղոս, եւ զայն տեղին է ինչ ընթերցայ, ուր ասէ՝ Բան առ ընթերցողս, միացեալ (sic) մնացի» [62]. «Մեծապէս շնորհակալ եմ զձէնջ, - կը գրէ ուրիշ միաբան մը, որ հոգւով չափ աշխատեալ՝ այնքան ազնուագունեղիւք տպօք եւ գեղեցկագունեղիւք պատկերօք զարդարեցեր զնոր տպագրեցեալ Աստուածաշունչն, վասն վայելելոյ ապերախտ ազգին մերոյ» [63] ։ Հռոմէն Վրթանէս Եպիսկոպոս հպարտ կը զգայ օտարին առջեւ՝ այսքան գեղեցիկ տպագրութիւն մը ձեռքը ունենալուն համար, ու կ՚օրհնէ եւ երկար կեանք, աստուածային օրհնութիւն կը խնդրէ տպագրել տուողին համար, գրելով: «զԱստուածաշունչն եւս ընկալայ, որ է յոյժ պատուական եւ առաջի ուսումնասիրաց է գովելի, ամենայնի իրօքն յուսամ աստուածպետական բարոյն, որ քեզ եւ քոյայնոց եւ որք ա չխատին ի վերայ այսպիսի իրագործութեանն՝ երկար կեանս պարգեւեսցէ, որ զայլ հարկաւորսն վասն պայծառութեան ազգի մերոյ եւ ի յօգուտ հասարակութեան եւ շինութեան եկեղեցւոյ յառաջ ածել, եւ յետ աստի կենացս անճառելի փառացն արժանացուսցէ» [64] ։ Լիվոռնոյէն Ստեփանոս Աբեղայ, հոգեւոր հովիւը նոյն քաղաքին, «գովելի եւ գերազանց» [65] կը կոչէ իրեն նուիրուած Աստուածաշունչը։ Վիեննայէն Պատրի Տաուտ լսելով միայն թէ տպագրութիւնը ճոխ կերպով աւարտած է, կը ցնծայ ըսելով՝ թէ «որոյ բանի ցանկայի հերուն հետէ, այսինքն սրբագրութեան Աստուածաշնչին, որ էր յոյժ հարկաւոր մերազնեայց» [66] ։ Եւ հուսկ Պոլսոյ ազգայիններէն մէկը, պարզ ու անզարդ բառերով կը գրէ. «Աստուածաշունչն եկեալ եհաս առ մեզ եւ յոյժ ուրախացանք, որ մեր ասկին մէջն այսպիսի փառաւոր գեղեցկազարդ գրեանք ըստացանք, որ այսպէսի լուսաւորութիւն եղեւ. ինքն Յիսուս անփորձ պահեսցէ մեր գերյարգելի Հայր Աբբան, որ մեր կուրացեալ ասկն լուսաւորէ [67] ։

/165/ Տեսանք թէ որքան սուղի նստած էր Մխիթարի Աստուածաշունչի տպագրութիւնը։ Հ. Պօղոս, որ նոյն շրջանին Պոլսոյ մէջ կը զբաղէր՝ գիրքերը եւ վաճառելու հարցով, Աստուածաշունչը տեսնելուն իսկ, ինքնաբերաբար կը խորհի անոր գին մը. «յուսամ թէ աստէն ոչ այնքան պակաս քան զերեսուն ղռուշն վաճառեմ» [68], մինչ Մխիթար գին կը նշանակէ 25 ղուռուշ։

Պոլիս՝ Հ. Պօղոս անձամբ չէ որ կը ծախէ Վենետիկէն հասած գիրքերը, այլ յետ համաձայնելու գիներուն վրայ, կը բաժնէ գրավաճառներու։ Գլխաւոր գրավաճառը, տեսնելով շքեղ հրատարակութիւնը, կը սկսի ծախել 27 ղուռուշի, ու Հ. Պօղոսէն կը պահանջէ 24ի. ժխտական պատասխան ընդունելուն՝ կը համարձակի հրապարակել թէ «թուղթ եւ խարճն միոյ Աստուածաշնչի 6 ղռուշի լինի» [69], ու մտքերը պղտորելով կը կասեցնէ վաճառքը, սպասելով որ ժամանակի ընթացքին իջնէ հատորին գինը։

Սկզբնական շրջանին շատ դանդաղ կերպով կը ծաւալի Աստուածաշունչը՝ ոչ միայն յիշեալ պատճառին համար, այլ նաեւ երկրորդ պատճառի մը համար ալ. «եթէ ոչ լեալ էր ժամանակ պատերազմի, փութապէս բնաւքն վաճառէին . ուստի առ եւ տուր ոչ գոլոյն այնքան՝ ասեն սուղ գոլ գինն» [70] ։

Մինչ այս՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանէն պատուիրակութիւն մը կը Հասնի Հ. Պօղոսի, գնելու 20 Աստուածաշունչ միահամուռ, հատը 18 ղուրուշի. սակայն կը մերժուի առաջարկը։ Գրավաճառին անտեղիտալի դիրքին վրայ, Հ. Պօղոս կը ստիպուի գրավաճառին դրուած դաշնադրութիւնը փոխել։ «գրեցի զգրգածախէ մերմէ, թէ այլապէս ընթանայ ընդ մեզ. ահա երեք օր առաջ քան գրելս զայս գիր, ընդ նմա եղէ երես ընդ երես, եւ յետ բազմաց խօսակցութեանց արարաք ընդ նմա զայսպիսի դաշն (…) թէ որովհետեւ դու ոչ կամեցար առնուլ ի մէնջ Աստուածաշունչն մեր ի 25ական ղռուշ եւ վաճառել ի 27 եւ կէս, ասելով թէ սուղ է. եւ մեք յուսահատեալք ի քէն սկսաք վաճառել ի 25ական ղռուշ. լիցի այսպէս այսուհետեւ, զի ով ոք գնիցէ ի մէնջ՝ կարիցեմք տալ նմա ի 25 ղռուշ, եւ դու որքան վաճառիցես ի 25 ղռուշ, մի ղռուշն քեզ լիցի (…). թէպէտ առ այս յոյժ խոժոռեցաւ (…), սակայն հնազանդեցաւ» [71] ։

/166/ Քիչ ժամանակի մէջ ամէն դժուարութիւն կը պարզուի, ամէն զրոյց կը դադրի, «եւ որոց պիտոյ լինի, առանց հետաքրքրութեան տայ զ25 ղուռուշն եւ առնու զնա» [72] ։

Վենետիկէն Պոլիս հասած Աստուածաշունչներու առաջին խումբէն օրինակ մը կը գտնուի բարեպաշտէ մը, որ ընծայ կ՚ընէ Երուսաղէմ ի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետին, նոյն օրերուն Պոլիս գտնուող։ Գրիգոր Վրդ. սիրով կ՚ընդունի, բայց երբ կը կարդայ Յիշատակարանը, ետ կը դարձնէ Աստուածաշունչը՝ ըսելով. «Այս մեզ ոչ է վայել պահել, զի դոյ ի նմա դաւանութիւն ինչ, որ մեզ ընդդէմ է» [73] ։ Ամիս մը չանցած՝ Գրիգոր Վրդ. ծածուկ կերպով դարձեալ ձեռք կը ձգէ նոյն Աստուածաշունչը [74] ։

ՆՈՒԷՐ ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԴ . ՍՐԲԶ. ՊԱՊԻՆ

Պատմութեան մէջ շատ մը արժանաւոր անձերու իբր ընծայ տրուած է նորատիպ Աստուածաշունչը. անոնցմէ մէկն է նաեւ Բենետիկտոս ԺԴ Հռոմի Քահանայապետը, որու եղած նուէրը ունի իր պատրաստութիւնը, երկար մանրամասնութիւններով։

Հռոմի Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի (Propaganda Fide) քարտուղար Ֆիլիփփի Մոնթի, տեսնելով Մխիթարի Աստուածաշունչը Ծիրանաւոր Րեցցոնիքոյի մօտ, 23 Դեկտ. 1741 թուակիր նամակով կը փափաքի Մխիթարէ ունենալ օրինակ մը, խնդրելով միաժամանակ որ նշանակուի գիրքին գինը։ Մխիթարի համար պատիւ էր տեսնելը այսքան հետաքրքրութիւն իր տպած Աստուածաշունչին նկատմամբ, ուստի՝ փոխանակ վաճառելու, կ՚ուզէ օրինակ մը նուիրել Եպիսկոպոսին, ու այդ առիթով նաեւ ուրիշ օրինակ մը ընծայել Փրոփականտայի գրատան։ Երկու Աստուածաշունչները կը յանձնուին Վենետկոյ Պատրիարքին, որպէսզի ապահով կերպով հասցնէ Հռոմ, մին՝ Ֆիլիփփիի, եւ միւսը՝ Փրոփականտայի գրատան [75] ։

/167/ Մոնթի Եպ. ի 6 Յունուար 1742 թուակիր նամակէն կիմանանք թէ Ծիր. Րեցցոնիքոյ իր ունեցած օրինակը արդէն իսկ անցուցած է Փրոփականտայի գրատան, ու այս առթիւ կ՚առաջարկէ Մխիթարի՝ Փրոփականտայի գրատան ղրկուելիք օրինակը ընծայել Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԴ. Քահանայապետին, խոստանալով անձամբ ներկայացնել Քահանայապետին՝ թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ՛ Մխիթարի ընծայական նամակը։

«Fui sommamente contento di ciò» («չափազանց գոհ մնացի»), կը գրէ Մխիթար Մոնթիի՝ 12 Յունուար 1742 թուակիր նամակով, ու կը ծրագրէ պատրաստել փառակազմ՝ օրինակ մը, պապական զինանշանով. սակայն Մոնթիի ցուցմունքին վրայ «poiche in queste cose Nostro Signore gradisce molto la semplicità» («քանի որ Մեր Տէրը այս տեսակ բաներու մէջ՝ առաւելապէս պարզութիւնը կը սիրէ»), կը ղրկէ սովորական փառակազմ եւ վայելուչ օրինակ մը։

Կ՚անցնին ութը ամիսներ, եւ երկու Աստուածաշունչներուն մասին բացարձակ լռութիւն է, մինչեւ որ Մոնթի Եպ. կը խզէ լռութիւնը, իմացնելով Մխիթարի թէ դեռ չի ստացած երկու հատորները։ Մխիթար առանց ժամանակ կորսնցնելու, փութով ուրիշ երկու օրինակներ եւս կը յանձնէ նամակատուն, մտածելով որ նախորդ ղրկուածները ութը ամիս ետք կրնան վնասուած ըլլալ՝ երկար ճամբորդութենէն [76] ։ 1742ի Սեպտ. 15 թուակիր նամակով Մոնթի Եպ. կ՚իմացնէ Աստուածաշունչներուն ստացած ըլլալը, կը յայտնէ խորին շնորհակալութիւն՝ իրեն եղած նուէրին համար, որ ունեցած է Հանրութենէն «applauso universale» եւ թէ «Sara di ornamento alla mia biblioteca» («իմ գրադարանիս զարդը պիտի ըլլայ»)։

Խոստումին համաձայն՝ Մոնթի Եպ. Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ Բենեդիկտոս ԺԴ. Քահանայապետին, 22 Սեպտեմբեր թուակիր նամակով ալ կիմացնէ Մխիթարի իր այս բարի արարքը։ Եւ ահա Ս. Ղազար կը հասնի նոյն Քահանայապետին շնորհակալութեան գիրը [77], հետեւեալ պարունակութեամբ։

/168/ Սիրեցեալ Որդւոյդ ողջոյն եւ առաքելական օրհնութիւն.

Երէկ ընդունեցանք Հաւատասփիւռ Ժողովի Գերպ. Քարտուղարին ձեռքով, հայերէն Աստուածաշունչը, արժանաւոր ընծայ մը, որ Մեզի շատ հաճելի եղաւ, եւ որու համար մասնաւոր շնորհակալութիւններ կը յայտնենք: Նոյնչափ շնորհակալ ենք ձեզի եւ ձեր կրօնաւորներուն՝ այն առաքելութիւններուն համար, զոր կ՚ընեն, այնքան պտղաբեր կերպով։ Եւ ողջագուրելով ամէնքդ հայրական գորովով, կու տանք ձեզի եւ ձեր բարի կրօնաւորներուն Մեր առաքելական օրհնութիւնը:

Գրուած Հռոմ, Ս. Մարիամ Մաճճորէ, Մեր Քահանայապետութեան երրորդ տարին, 22 Սեպտեմբեր 1742։ ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԴ.

 

1742 տարուան վերջին ամիսներուն՝ Հռոմ կը գտնենք Աբրահամ Պետրոս Արծիւեան, որ Բենեդիկտոս ԺԴ. Քահանայապետէն կընդունի պատրիարքական պալիումը։ Միաբանութեանս մտերիմ եւ հոգեւոր եղբայր Յովհաննէս Պատկերահան՝ օրը օրին Մխիթարի կը հաղորդէ Հռոմ ի մէջ կատարուած հանդիսութիւնները։ Այդ նամակներէն կ՚իմանանք թէ երբ նորընտիր Պատրիարքը կը ներկայանայ /169/ Քահանայապետին՝ յայտնելու իր շնորհակալութիւնները, իբր նուէր կ՚ընդունի եկեղեցական զգեստներ, խաչ եւ մատանի, արեւելեան լեզուով գիրքեր «եւ Հրամանուցդ յղեցեալ Աստուածաշունչներուն մէկն» [78] ։

Արծիւեան Պատրիարք, եթէ արդէն իսկ նախապէս կարդացած չէր Աստուածաշունչին Յիշատակարանը, այդ առիթով կը կարդալ ու կ՚իմանայ թէ ինչ եղած է Մխիթարի դերը աստուածային այդ մատեանին հրատարակութեան գործին մէջ։

1743ի Յունուար 6ին, փրոփականտայի վարժարանին տօնն ըլլալով, ճաշկերոյթէն ետք, Մոնթի եւ Ասէմանի Եպիսկոպոսները խօսակցութիւն մը կ՚ունենան Աստուածաշունչին մասին, ի ներկայութեան Արծիւեանի։ «քանզի ասած են նոյն մոնսինեօր Մոնդէի՝ թէ Աստուածաշունչն տարբերութիւն ունի Մսըրտամա Աստուածաշունչէն. եւ Պատրիարգն ճարտարաբար պատասխանելով նոյն մոնսինեօր Մօնդէին եւ անդ եղելոց, ոչ միայն ոչնչացոյց զկարծիքն նոցին, այլ եցոյց նոցա թէ որչափ ջանիւ եւ աշխատութեամբ, ներկայութեամբ եօթն լեզուով Աստուածաշունչի սրբագրեցեալ է եւ ուղիղեալ ամենայն սղալանաց» [79] ։

* * *

Մխիթար Աբբահօր Աստուածաշունչին մասին Մայրավանքիս դիւանէն քաղուած ծանօթութիւնները փակելէ ետք, կուզենք յիշել արդի դարուս գրիչներէն ալ նմոյշ մը, պարզապէս ցոյց տալու համար թէ դեռ այսօր ալ Մխիթարի հրատարակած Աստուածաշունչը կը պահէ իր բարձրութիւնը, ըլլայ իր պարունակութեամբ, ըլլայ իր գեղարուեստական սքանչելի արժէքով։

Լէօ խօսելով Մխիթարի Աստուածաշունչին մասին, առանց ծանրանալու եւ նկատի առնելու անոր վրայ եղած հսկայ եւ ծանր աշխատանքը, անդրադառնալով միայն արտաքին վայելչութեան վրայ՝ կը զմայլի ու կը գրէ . «Դա մի հսկայ, հիանալի գործ էր. մի տպագրութիւն, որի նմանը մեր մէջ չէր եղած… մինչեւ այժմ էլ մեզանում մեծ հռչակ է վայելում Աբբայի Աստուածաշունչը» [80] ։



[1]     Ժամանակագրութիւն Վանացս (ձեռագիր), Հեղ. Հ. ՄԱՏԹԷՈՍ ՎՐԴ. ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ, Հտ. Բ, էջ 374:

[2]     Ժամանակագրութիւն Վանացս, Հտ. Ա, էջ 44:

[3]     Անդ, էջ 47։

[4]     Անդ, էջ 50։

[5]     Անդ, էջ 52։

[6]     Անդ, էջ 65։

[7]     Անդ, էջ 68։

[8]     Անդ, էջ 68։

[9]     Անդ, էջ 70։

[10]   Անդ, էջ 116։

[11]   Անդ, էջ 122։

[12]   Արդ, էջ 127։

[13]   «Բազումք ի տպագրեալ գրեանց նորա կորեան. քանզի յառաքել նորա զայնս զանազան նաւուք ի Կոստանդինուպօլիս՝ մին ի նաւուց, յորում էին բազում Աստուածաշունչք եւ Շարականք, ընկղմեցաւ»։ (ՉԱՄՉԵԱՆ Հ. Մ., Պատմութիւն Հայոց, Հտ. Գ., տպ։ 1786, Վենետիկ, էջ 661)։

[14]   Հ. Փիլիպպոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 18 Ապրիլ 1720ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[15]   Հ. Փիլիպպոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 14 Սեպտ. 1720ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ:

[16]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 9 Սեպտ. 1728ին, առ Գէորգեան Յարութիւն, Ամսդերտամ։

[17]   Գէորգեան Յարութիւն՝ Ամսդերտամէն, 22 Հոկտ. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[18]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 25 Յունիս 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[19]   Աստուածաշունչ գիրք, տպ. 1733, Վենետիկ, էջ 1273։

[20]   Անդ։

[21]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 28 Յուլիս 1732ին, առ Տիրացու Մաղաքիա Դպիր, Պոլիս։

[22]   Յովնան Եպ. ՝ Հռոմէն, 15 Մարտ 1727ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[23]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 25 Նոյեմբ։ 1732ին, առ Հ. Յակոբ, Վրդ., Էրզրում։

[24]   Հ. Թոմաս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 21 Ապրիլ 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ :

[25]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 2 Սեպտ. 1732ին, առ Հ. Պօղոս Վրդ., Պոլիս:

[26]   Բառացի կերպով հետեւեալը կը գրէ Մխիթար։ «Վասն Աստուածաչնչին գրեալ ես թէ Տիրացու Մաղաքիայն տայցէ, թերեւս նաեւ յԱրզրումայ գայցէ։ Բայց զայս գիտել պարտիս, զի եթէ երկու լինիցի՝ այլ մեծագոյն բարի է, եւ երանի թէ իցէ երեք եւ չորս։ Վասն որոյ եթէ պատահմամբ լինիցի երկու՝ զերկոսեանն եւս յղել պարտիս» (30 Դեկտ։ 1732ին, առ Հ. Թովմաս Վրդ., Պոլիս)։

[27]   Վանքիս առձեռն մանր Ժամանակագրութիւններու մէջ նշանակուած են այս թուականները հետեւեալ կերպով։ «1732 Նոյեմբ. 10. սկսաւ բաղդատել Գեր. Աբբայ Հայրն զմեր Աստուածաշունչն ընդ եօթն լեզուացն»: «1735 Սեպտ։ 20. եզերեաց Գերյ. զբաղդատելն մերոյ Աստուածաշնչին ընդ եօթն լեզուացն»։

[28]   Աստուածաշունչ գիրք, էջ 1274։

[29]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 16 Ապրիլ 1736ին, առ Պատրի Տաւուտ, Վիեննա:

[30]   Աստուածաշունչ գիրք, էջ 1277։

[31]   Գիրք Սրբոյ Աւետարանի, տպ. 1732, Վենետիկ, էջ

[32]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Դեկտ։ 1732ին, առ Պր. Խաչիկ Յակոբեան, Իզմիր:

[33]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 29 Ապրիլ 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[34]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 1732ի Յունուարին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[35]   Հ. Եղիա Վրդ. ՝ Պելկրատէն, 18 Դեկտ։ 1733ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[36]   Հ. Մանուէլ Վրդ. ՝ Պաչպալով էն, 21 Մայիս 1734ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[37]   Ստեփանոս Աբեղայ՝ Լիվոռնոյէն, 10 Յուլիս 1733ին, կը գրէ առ Մխիթար, Վենետիկ։ «Յոյժ ուրախացանք վասն Աստուածաշնչին որ տպել կու տաս»։

[38]   «Կրկնեմ՝ զաղերսանս. պատուելի Հայր Յակոբն պատմեաց մեզ բան ծայրագունի ուրախութեան, որում բանի ցանկալի հերուն հետէ, այսինքն՝ սրբագրութեան Աստուածաշնչին, որ էր յոյժ հարկաւոր մերազնեաց՝ եթէ հաճեսցի վեհութիւն ձեր մղել հատ մի... ». (Պատրի Տաւուտ՝ Վիեննայէն, 4 Մարտ 1736ին, առ Մխիթար Արբայ, Վենետիկ)։

[39]   Դաշնագրին իտալերէն բնագիրը հետեւեալն է.

      A di 18 Giugno 1733 Venerdi: Con la presente piccola scrittura, la quale vogliono le Partiche habbia forza e vigore, come se fatta fosse per mano di Publico Veneto Notajo, si dichiara qualmente tra Rev. mo P. Abbate de' Monaci Armeni, ed il Signor Girolamo Bortoli, stampadore, si concorda, in Materia di Stampa nei capi seguenti:

      1. Che dovendosi stampare la Sacra Biblia in lingua armena, si stamperà quella, in carta chiamata de' tre cappelli, in due colonne, ciascuna delle quali dovrà contenere righe cinquantaotto, e la finezza della composizione dovrà essere simile all'Esemplare dato per copia, per prezzo di lire ventiuna e mezzo per foglio, e senza altra spesa del sudetto P. Abbate, e si dovrà consegnare Mille e cinquecento copie intiere.

      II. Si intende che la carta, il carattere di stagno, li fiori e figure di legno, linee e stelle di stagno saranno date dal sudetto P. Abbate.

      III. Che il Bortoli non debba farne copia per se, anzi debba restituire ogni avanzo e diffetto al medesimo P. Abbate.

      IV. Questo libro dovrà essere stampato dal sudetto Sig. Bortoli con la maggior diligenza che sia possibile; cioè con buonissimo inchiostro,, mazi nuovi, ai tempi debiti e con imprimer bene come se dovesse imprimer qualche libro unico; acciò non sia viziosa la stampa. E se detto lavoro non venisse di soddisfazione del P. Abbate ò pure fosse interrotta e prolongata la stampa da parte del Sig. Bortoli, esso possa (pagato prima il già fatto) fare stampare il detto libro dovunque li piaceva. Ma se il P. Abbate, ò per mancanza di carta, ò per la freddezza della stagione, ò per altre cause interromperà la stampa, dovrà il detto Sig. Bortoli aspettare il commodo del P. Abbate.

      V. Se per negligenza di chi opera, qualche monte fiorisse, ò si macchiasse, ò seguisse altro sconcerto, che non fosse passabile, dovrà il Bortoli ristampare il foglio è tutto, ò in parte, secondo il bisogno, à sue spese.

      VI. Circa la correzione dovrà essere fatta tre volte, due à mano, ed una in Torcolo, prima di lavorare.

      VII. Che il Sig. Bortoli, ò per mancanza di compositore, ò di Toriere, ò per altra causa, non volesse finire la detta stampa, consegnando al P. Abbate quel che sarà fatto, e tutti li suoi caratteri di stagno, ed altre cose, per andare à far finire la stampa in altro luogo. E così da ambidue le parti sono liberi, tanto il P. Abbate quanto il Sig. Bortoli, talmente, che succedendo qualche difficoltà, per la quale non si possa continuare la detta stampa, possono, fatto il saldo fin dove saranno arrivati, ritirarsi. In fede di che sarà. ... sotoscrita d'ambe le parti un altra simile per.... una parte.

      Io Girolamo Bortoli f. di Antonio affermo

      Io Mechitar Pietro Abbate de Monaci Armeni affermo

[40]   Աստուածաշունչ գիրք, էջ 1278։

[41]   «Տպագրութիւն Աստուածաշունչին զոր յանձն առաք յառաջացուցանել, ողորմութեամբ Տեառն յայսմ ամի ի մերձակայումս աւարտեցաւ յոյժ վայելչատիպ ձեւով, ազնիւ թղթով եւ չքնաղաքանդակ պատկերօք»։ (Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 1737 Յունուարին, առ Տէր Մինաս Վրդ., Արմէնուպօլիս)։

[42]   Դիւանական աղբիւրներէն կարելի չեղաւ ստուգել թէ ո՛վ եղած է փորագրիչը նկարներուն, որ այնքան յաջող կերպով ներկայացուցած է Աստուածաշունչի գաղափարները։

[43]   Բացառութիւն կը կազմէ էջ 893ի նկարը, որ ունի 15, 1x10, 7 մեծութիւն, ու կը ներկայացնէ 12 փոքր մարգարէները միասին։

[44]   Յատուկ ծախս եղած է Աստուածաշունչի պղնձատիպ ճակատին համար։ Ես եղած է վերջինը՝ փորագրուած նկարներուն. տպագրութեան համար Մխիթար թողուցած է մեզի սա արձանագրութիւնը։ «1736 Ապրիլի 30. պատկեր փորողին, մինչ զանդիփօռթան փորագրեալ եբեր, ետու 18 ոսկի գին, այսինքն՝ իբրու 8 ոսկի ի գին փորագրեցելոյն, եւ 10 ոսկի պօնաման։ Նաեւ հինգ որդւոցն ետու երեք ճերմակ տօգաթ պօնաման եւ այսպէս վերջացաւ» (պօնաման = բարի ձեռք)։

[45]   Աստուածաշունչ գիրք, էջ 1278։

[46]   Անդ։

[47]   Անդ, էջ 1279։

[48]   Անդրէաս՝ Իզմիրն, 1 Մարտ 178ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[49]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 22 Ապրիլ 1748ին, առ Անդրէաս, Իզմիր։

[50]   Աստուածաչունչի անուանաթերթին վրայ գրուած է «Յամի Տեառն 1733…   Յունիսի 15», իսկ առձեռն մանր Օրագրութեան մը մէջ կը գրէ. «1733 Յունիսի 18 սկսաւ տպիլ այն շքեղ եւ գեղազարդ պճնեալ ճոխ պատկերօք եւ ծաղկօք Աստուածաշունչ գիրքն մեր, ցանկացեալն ի բազմաց ժամանակաց հետէ»։

[51]   «Սկսաք տպել տալ նաեւ զԱստուածաշունչն, յոյժ պատուական քան զՈսկանի Աստուածաշունչն, զի սա ունի զազնիւ պատկերս ի պղնձոյ, եւ մինչեւ ցայժմ հասեալ եմք ի գիրս Չորրորդ Թագաւորութեանց, եւ յուսամք զկնի չորեքտասան ամսոյ եզերիլ»: (Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 19 Նոյեմբ։ 1733ին, առ Հ. Յակոբ, Էրզրում)։

[52]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 10 փետր։ 1734ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս։

[53]   «Աստուածաշունչն որ ի Նոր Կտակարանն հասեալ էր, զկնի Զատկին (1735) մնացորդն. այսքան յամելն մանաւանդ վասն փորելոյ զպատկերսն եղեւ, զի մերձ հարիւր յիսուն պղնձի պատկերք են զորս փորեն, եւ մէկ վարպետ է փորողն»: (Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 12 Մարտ 1735ին, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս)։

[54]   Մխիթար Աբրայ՝ Վենետիկէն, 1 փետր։ 1736, առ Հ. Թոմաս, Պոլիս:

[55]   Աստուածաշունչին Յիշատակարանը գրած է 1735 Նոյեմբեր ամսուն, ուր կայ նաեւ «մերձ եմ այժմ եզերել զվաթսուներորդ ամն կենաց իմոց» յայտարարութիւնը։ Յիշատակարանին կը յաջորդէ (էջ 1280) եռասիւն «Ոտանաւոր բանք ի գովեստ Աստուածաշունչ գրոց», որուն սկզբնատառերը կը կապեն սա խօսքերը. «Ի Մխիթարայ Վարդապետէ Սեբաստացւոյ Աբբայ Հայր կոչեցելոյ ասացեալ է ի գովեստ Աստուածաշունչ սուրբ գրոց»:

[56]   Առձեռն մանր Օրագրութիւն (անտիպ)։

[57]   Միաբանութեանս մանր օրագրութեան երեք օրինակներն ալ կը յիշեն այս մանրամասնութիւնը՝ զանազան ձեւերով, բոլորն ալ 1739 Մայիս 3 թուականին ներքեւ. «Շնորհեաց Գերյարգելին զմի մի ի նորոգ տպեալ Աստուածաշունչ` Հ. Իգնատիոսին, Հ. Սիմոնին, Հ. Զաքարիային, Հ. Գաբրիէլին, Հ. Ղուկասին, Հ. Բարդուղիմէոսին եւ Հ. Յովսէփին», «Գերյարգելի Աբբայ Հայրն մեր շնորհեաց եօթն առաջին նորընծայ քահանայիցս մի մի բարեկազմ Աստուածաշունչ նորատիպ», «Գերյարգելի Աբբայ Հայրն մեր կոչեաց ի սենեակ իւր զեօթն առաջին նորընծայ քահանայսն, եւ հանդերձ հոգելից խրատուք ինչ շնորհեաց մէն մի ոսկեկազմ Աստուածաշունչ»։ Յաջորդ տարիներուն ալ նորընծայ աբեղաներուն Մխիթար կ՚ընէ նոյն նուէրը. այսպէս, 1742 Յուլիս 2ին՝ մանր Օրագրութիւններէն մէկը կը գրէ. «Ընկալան զԱստուածաշունչ զնորոգ տպեցեալն ութեքին անձինքն, սկսեալ ի Հ. Անդրեայ մինչեւ ի Եղ։ Վրթանէսն (Ասկէրեան)»։

[58]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 23 Փետր. 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[59]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 18 Մարտ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[60]   Հ. Թոմաս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 21 Մարտ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[61]   Հ. Թոմաս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 23 Մայիս 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[62]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 21 Յունիս 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[63]   Հ. Թոմաս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 30 Յուլիս 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[64]   Վրթանէս Եպ. ՝ Հռոմ էն, 11 Օգոստ։ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ

[65]   Ստեփանոս Աբեղայ՝ Լիվոռնոյէն, 22 Հոկտ. 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[66]   Պատրի Տաւուտ՝ Վիեննայէն, 4 Մարտ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[67]   Տիրացու Վարդան՝ Պոլիսէն, 5 Օգոստ. 1736ին, առ Հ. Պետրոս, Վենետիկ :

[68]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 21 հունիս 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[69]   Հ. Թոմաս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 14 Յուլիս 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[70]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 13 Օգոստ։ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ

[71]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 1 Նոյեմբ։ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[72]   Անդ։

[73]   Հ. Պօղոս Վրդ. ՝ Պոլիսէն, 12 Դեկտ. 1736ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[74]   «Գրեցի յայլում նուագի թէ Գրիգոր Վրդ. ն ինքեան ընծայեցեալ Աստուածաշունչն ի գրքածախէն մերմէ, յետս դարձուցեալ է. լուայ ի Տիրացու Մաղաքիայէն, նաեւ ի գրքածախէն թէ ծածկաբար վերստին առեալ է»։ . ` Պօղոս՝ Պոլիսէն, 16 Յունուար 1737)։

[75]   Մոնթի Եպ. ի 23 Դեկտ. 1741 թուակիր նամակին՝ Մխիթար կը պատասխանէ 30 Դեկտ. ին, խնդրելով տեղեկութիւններ փրոփականտայի գրատան նուիրուելիք հատորի ձեւակերպութիւններուն մասին, թէ արդեօք լաւագոյն է ղրկել ուղղակի գրատա՞ն՝ թէ Ժողովի նախագահ ծիրանաւոր Փեդրայի։

[76]   Չունինք Մոնթի Եպ. ի նամակին պատճէնը, այլ լոկ Մխիթարի 1 Սեպտ. 1742ին գրած պատասխանը, ուրկէ քաղած ենք այս մանրամասնութիւնները: Ցաջորդաբար, Մխիթար կը հետաքրքրուի ու կիմանայ Վենետկոյ Առաքելական Նուիրակէն՝ թէ երկու Աստուածաշունչներէն միայն մէկը հաւատարիմ ճամբորդի մը հետ ղրկած է Հռոմ, եւ այն ալ շատ ուշ ատեն, իսկ երկրորդ օրինակը մնացած է Վենետիկ։

[77]   Վանքիս մանր Օրագրութիւններէն մէկը կը գրէ. «28 Սեպտ. 1742. Գիր եհաս առ Գեր. Աբբայ Հայր մեր ի Հռոմայ ի Սրբազան Պապէն Բենեդիկտոսէ ԺԴերորդէ, յորում սիրալիական ողջագուրմամբ յայտ առնէր զուրախութիւնն շնորհակալութեամբ, վասն Աստուածաշունչին առ ի մէնջ ընծայելոյ նմա, ի ձեռն սէքրէթարին նորա մօնսինիօռին. եւ տայր ամենայն միաբանիցս զօրհնութիւն իւր զառաքելական եւ մեք ընկալաք զայն ուրախութեամբ, գոհանալով պարգեւատու Տեառնէ, որ արժանի արար զմեզ այնմ չնորհի։ Եւ էր Աստուածաշունչն փառազարդ կազմեալ, արծաթի կոճակօք»։ Իսկ Քահանայապետին գրած նամակին պատճէնը հետեւեալն է։

BENEDICTUS P. P. XIV

Dilecte Fili, Salutem et Apostolicam Benedictionem,

Ieri ricevemmo per le mani di Monsignore Segretario di Propaganda il degno regalo da Noi sommamente gradito della Bibia Armena, e le ne rendiamo distintissime grazie. Uguali sono le altre che rendiamo a Lei, ed a tutti i suoi monaci per le sacre Missioni, che con tanto frutto vanno facendo; ed abbracciandoli tutti questi con paterno affetto, diamo a Lei, ed a tutti i suoi buoni monaci l'Apostolica Benedizione.

Datum Romae, apud S. Mariam Majorem

Die 22 Septembris 1742

Pontificatus Nostri anno tertio

[78]   Յովհաննէս Պատկերահան՝ Հռոմէն, 22 Դեկտ. 1742ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[79]   Յովհաննէս Պատկերահան՝ Հռոմէն, 12 Յունուար 1742ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[80]   ԼԷ0, Հայկական տպագրութեան պատմութիւն, Հտ. Բ, Թիֆլիս 1902, էջ 212։