Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ՄԽԻԹԱՐ ԵՒ ԼԵՀԱՀԱՅՈՑ ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐԸ

/50/ Շուրջ քսան տարուան ընթացքին (1723-1741), զանազան անգամներ ներկայացած են առիթներ, ուր պահանջ զգացուած է դիմելու Մխիթարի օժանդակութեան, նկատմամբ Լեհահայոց ծիսական գիրքերու տպագրութեան։ Ժամանակագրական կերպով տեսնենք պատմութիւնը։

Առաջին անգամ 1723ի Մայիս 14ին, Լեհաստանի առաջնորդ Յովհաննէս Արքպս. Աւգոստինովիչն է որ կը դիմէ Մխիթարի, իմացնելով թէ Լեհաստանէն Հռոմ ղրկած է Տօնացոյցն ու Խորհրդատետրը, որպէսզի ենթարկուին սրբագրութեան եւ ապա տպագրուին Վենետիկ, ու կը խնդրէ Մխիթարէն որ եթէ պատկան իշխանութիւններէ նամակ ստանալ այս խնդրին նկատմամբ, Խաչատուր Վրդ. ի հետ տայ բարի վկայութիւն եւ գործը յաջողի անպայման, «զի մինչեւ այժմ մեր եկեղեցի չունի լաւ կարգաւորութիւն. ես աշխատիմ զի լաւ կարգք ի մեր եկեղեցւոյ լինի, թէ չլինիմք այլազքաց ծիծաղութիւն»։

Յովհաննէս Արքեպս. ի նամակը յապաղումով կը հասնի Մխիթարի ձեռքը, ու իր 25 Դեկտ. 1725 թուակիր գրութեամբ կը խոստանայ իր կարելին ընել գործին յաջողութեան համար, բայց կ՚աւելցնէ թէ «… մինչեւ ցարդ ոչ իմն գրեցաւ առ մեզ զՏօնացոյցէն այնմանէ. նոյնպէս եւ այժմ ասեմ, թէ մինչեւ ցարդ ոչ իմն գրեցան առ մեզ զայնմանէ »։

Նոյն տարիներուն (1724–1725) Հռոմ կը գտնուէր Միաբանութեանս մտերիմ Յովնան Եպս. Սեբաստիոյ, որ օրը օրին Մխիթարին կը հաղորդէր քաղաքին մէջ պատահած կարեւոր դէպքերու մանրամասնութիւնները, մանաւանդ եկեղեցական հարցերունը։

/51/ Հռոմ ի մէջ Լեհահայոց Տօնացոյցը յանձնուած էր Տօն Ճուզեփփէ անուն եկեղեցականի մը, որ Սուքիաս Եպս-ի առաջնորդութեամբ կը քննէր տպագրելի գիրքը, եւ երբ առաջարկ կ՚ըլլայ Յովնան Եպս. ին՝ ձեռք տալ գործին, վերջինս ինքն իրմէ կը խորհրդածէ թէ «միայն Տօնացոյցով ոչ լինի բժշկութիւն, զի գոն բազում ինչ սրբագրելիք, կարգաւորելիք եւ ուղղելիք հարկաւորաբար, մանաւանդ ժամակարգութիւնսն ըստ պատշաճին եւ զարարողութիւնս պատարագացն, զի լինիցին ամենեքեան համաձայնք ի տօնախմբութիւնս, ի ժամակարգութիւնս եւ ի արարողութիւնս։ Այլ եւ սրբագրօղ սոցին պարտի գոլ տեղեակ հնոց եւ նորոց սովորութեանցն Հայոց կարգաց եւ կրօնից եւ համայնից պաշտամանց սոցին. զի որ սրբագրէ, ուղղէ եւ կարողգաւորէ զՏօնացոյցն, համահետեւաբար ուղղիցէ…։ Սուքիաս Եպս. ն եւս (մինչ զայսոսիկ առանձին ասացի) խոստովան եղեւ թէ իրաւի այդպիսի է, ես եւս ըղձամբ զի լինիցին ձեռամբք վարդապետացն Խաչատրոյ եւ Մխիթարայ, սակայն Տօն Ճիւզէփի խաթրէն չեմ կարեր անցնիլ» [1] ։ Սուքիաս եւ Յովնան Եպս. ներու փափաքը չիրագործուիր, ու կը տեսնենք որ Մխիթար ոչ մէկ կերպով այս գործին մէջ մատ ունի, մանաւանդ որ Տօնացոյցի սրբագրութեան գործին մէջ, բացի վերեւ յիշուած անձերէն, դեռ կային Վրթանէս Եպս. եւ Եւդոկիացի Ստեփանոս Աբեղայ մը, որոնք բուռն բախում կունենան կարծիքներու՝ նկատմամբ Մխիթարի աջակցութեան, ու ծայր կու տայ տաք վիճաբանութիւնը։ Հոն է նաեւ Յովնան Եպս., որ 27 Մայիս 1721 թուակիր նամակով անցուդարձը կը հաղորդէ Մխիթարի. «զկնի այլոց բանից ի մէջ բերին զբան Տօնացոյցին, ժամերգութեան եւ պատարագին. ոմն ասէր այսպէս, եւ ոմն՝ այնպէս, իսկ մինչ յիշեցաւ անուն քո զկնի Խաչատուր Վրդ-ին՝ թէ նոքա միայն կարող են ի ձեռն բազմազան աշխատութեանց ուղղել զայն ամենայն, եթէ Սուրբ Ժողովն հրամայեսցէ։ Յայնժամ վեր թռեաւ Տէր Ստեփանն եւ ասաց. Եթէ Մխիթար Վրդ. ի ձեռացն անցանի, նա կու ֆռանկացուցանէ զՀայոց ժամակարգութիւնն։ Եւ ես պատասխանեալ ասացի թէ սղալաբար իմացեալ ես, զի Մխիթար Վրդն. է բոլորովիմբ ընդդէմ այդպիսի կարծեաց, եւ ջանք նորին է բառնալ զտարաձայնութիւնն, եւ սերմանել զսէր եւ զմիաբանութիւն, ոչ խնդրէ զիւրն, այլ՝ զօգուտն հասարակաց, քանզի է ցանկացօղ փրկութեան հոգւոց, եւ վասն այ/52/նորիկ տուեալ է զանձն իւր ի աշխատութիւնս, ոչ ջանայ թէ այլք հետեւիցին կարծեաց եւ արարողութեանց իւրոց, այլ սպասէ այցելութեան Աստուծոյ, որով զարթուցեալ Սուրբ Ժողովն հոգայցէ սրբագրել, ուղղել, կարգաւորել եւ կանոնաւորել, զի ընթանայցեն ամենեքեան այնուհետեւ համակերպաբար։ Եթէ դու զմի կողմն նկատիցիս, նա նկատէ զտասն, եւ եթէ դու զտասն, նա՝ զհազարն։ Ամենեքին եղեն ջատագով բանիցս այսոցիկ, մանաւանդ Տէր Պաղտասարն…։ Արդ կերպիւ իւիք ուրախացայ ես, մինչ լուայ ի Տէր Ստեփանէն զբանն զայն։ Պատճառն այն է, զի խանգարիչքն յարեւելեան ասեն՝ թէ Մխիթար Վարդապետն է ի կողմն Հայոց. եւ յարեւմտեանն ասէ՝ թէ ֆռանկացուցանէ. ուրեմն՝ ես ի մէջն, որ ի յաջ խոտորօղին՝ երեւիս ի ձախն, եւ ի ձայն խոտորօղին՝ երեւիս ի յաջն, իմ սիրականս»։

Այս բոլոր մանրամասնութիւններով հանդերձ, յաջորդաբար կը տեսնենք որ Լեհահայոց Տօնացոյց–Պատարագամատոյցին համար ոչ մէկ դիմում կատարուած է Մխիթարի, ոչ ալ Խաչատուր Վրդ. ի, թողունք որ Ս. Աթոռը չէր կրնար միաժամանակ երկու գործ յանձնել անոնց, որովհետեւ 1723ի Օգոստոսէն սկսեալ երկուքն ալ զբաղած էին արմատապէս սրբագրելով Պատարագամատոյց Եղբարց Քարոզչաց հսկայ Հատորը։

Երկար լռութենէ մը ետք՝ Յովհաննէս Արքեպս. Աւգոստինովիչ 1729ի Յունիս ամսուն կը գտնենք Հռոմ, ուսկից կը գրէ Մխիթարի: «Աղաչեմ զի հաճեսցի Հ(այրութիւն) Ձ(եր) Ամե(նապատիւ) ուղարկել ինձ զՏօնացոյցն ի Վարդան Վրդ. է շարադրեալն, զի կարծեմ եւ հաստատապէս գիտեմ թէ անդ գտանիւ նաեւ զՊատարագամատոյց, զոր Տ(էր) Արութիւն օրինակեաց ի լաթենացւոց. քանզի կարծեմ եւ յուսամ թէ Ս. Ժողովն կամ ի զերկոսինս ստամբա զարնել»։

Կը պակսին անդրագոյն ծանօթութիւններ եւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղած է Մխիթարի պատասխանը եւ յարաբերութիւնը Յովհաննէս Արքեպսի հետ։

* * *

Լեհահայոց ծիսական գիրքերու մասին անդրադարձած ատեն, ակնարկ մըն ալ տանք այն յարաբերութեան՝ որ եղած է Մխիթարի եւ Ստեփանոս Վրդ. Ստեփանեան Ռոշքայի միջեւ։

Բարեկամական հաղորդակցութիւնը սկսած է Ռոշքայ, որ պատրաստած ըլլալով զանազան գիրքեր, ինչպէս Տրամաբանութիւն եւ /53/ Բարոյական, իր աշակերտին՝ Տէր Յովհաննէս Մխիթար Յօհանեանի ձեռքով Uդանիսլաւովէն կը ղրկէ Հռոմ, հոն տպել տալու համար։ Հակառակ պարագային՝ Հռոմէն «յետ բերել զնոսա, պարգեւեսցէ զնոսա վանացդ… որպէսզի եւ փոքրիկ ինչ յիշատակ իմ առ սրբազան կրօնաւորսդ մնացեալ վկայեսցէ զիղձն իմ առ նոսա, եւ փոխանակ իմ՝ ժամանակաւ խօսել կարասցէ ընդ աշխարհի» [2] ։ Ռոշքայի նոյն այս նամակէն կիմանանք որ Մխիթարի կը նուիրէ Նոր Տոմար մը, որ շարադրած է ինք անձամբ՝ Լեհահայոց համար, իմացնելով միաժամանակ թէ պատրաստելու հետ է «զԳանձն Հայոց լեզուին, զորն յանկ հանել տգնիմ ի մէջ բազմազան պաղատանացս»։

Տէր Յովհաննէս Հռոմ երթալով՝ չէ կրցած տպագրել տալ վերոյիշեալ գիրքերը, այնպես որ անցնելով Վենետիկէն՝ կը թողու Ս. Ղազար, որոնց համար Մխիթար յատուկ նամակով մը կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնը ու կը յանձնէ նոյն Տէր Յովհաննէսին, որ անձամբ տանի Ռոշքայի։ Մխիթարի առաջին նամակն է սա, 1728 Յուլիս թուականով, ուղղուած Տէր Ստեփանոսի, որու մասին «ի բազմաց ժամանակաց հետէ ի բարի հռչակէ համբաւոյդ զսիրտ մեր առլուցեալ ունէաք ի սէր գերյարգութեանդ, ըստ որում գիտէաք զգութ սիրոյ քոյոյ առ ամենայն ոք անխայաբար տարածել»։

Ստեփանոս Ռոշքայ տարուած Մխիթարի բարեացակամ կեցուածքէն, յաջորդաբար կը տեղեկացնէ թէ տեղւոյն ժողովուրդին եւ կղերին հաւանութեամբ պատրաստած է Նոր Տոմար մը, եւ կը փափաքի տպել տալ Վենետիկ, յետ առնելու Ս. Աթոռին հաւանութիւնը։ Այս առընչութեամբ՝ Ստեփանոս ունի երկար բացատրական նամակներ, գրուած լատիներէն, ուղղուած Խաչատուր Վրդ. ին ալ, խնդրելով որ հետամուտ ըլլան եւ տան բարի վկայութիւն Ս. Աթոռին։

Նոյն շրջանին Թրանսիլվանիա կը գտնուէր Մխիթարի աշակերտներէն Հ. Մանուէլ Խուպիարեան, որ Մխիթար Աբբահայրը տեղեակ կը պահ էր երկրին անցուդարձերուն, մանաւանդ ազգային լուրերուն։ Հ. Մանուէլի տուած վկայութիւնները, գրեթէ բառ առ բառ զոյգ կ՚ընթանան Ստեփանոս Վրդ-ի գրածներուն հետ։ «Գերապատիւ Լեհացի Ստեփանոս Վրդ նախ ի Կեռլայ եւ ապա այժմ աստ զբազում բարեզարդ բանս հաստատեալ է եւ հաստատէ նաեւ զՏօնացոյցն եւ զՏօմարն հանդերձ աղիւսակիւք, որ ինքն աշխատեալ է մեծաւ ջա/54/նիւք, որպէսզի զԾնունդն եւ զԶատիկն ընդ լաթենացւոց գայցէ անվրէպ: նաեւ զխորշումն ի ծռազատկաց համանշանեալ է…։ Նա ասաց թէ գրեալ է Վեհիդ եւ ծանուցեալ, եւ այլ եւս գրելոց է. կամ ի զի այդր տպիցի, հրամանաւ Ս. Ժողովոյն, եւ խարճն ինքն կու քարշէ որքան դրամ եթէ լինիցի գինն» [3] ։

Ո՛չ Մխիթար եւ ոչ ալ Խաչատուր Վրդ. կրնային ձեռնարկել Նոր Տոմարի տպագրութեան, առանց Ս. Աթոռի բացայայտ կարգադրութեան, եւ հակառակ որ Խաչատուր Վրդ. «ի վաղուց հետէ գրեալ է առ Սուրբ Ժողովն, թէ արժան է զի տպագրեսցի Տօմարն այն, սակայն մեք մինչեւ ցայս վայր ոչ լուաք յեկելոցն ի Հռօմայու թէ իցէ տպագրեցեալ» կը գրէ Մխիթար՝ Ստեփանոս Վրդ. ին, 1 Ապրիլ 1730 թուակիր նամակով։

Տոմարի տպագրութեան հարցը չլուծուած, երեւան կելլէ Լեհահայոց Մաշտոցի տպագրութեան խնդիրը։ Ալիշանի 1896ին հրատարակած «Կամենից»ի մէջ կը գտնենք Լեոպոլսոյ Յովհաննէս Արքեպս. Ակուսդինովիչի յայտարարութիւնը (էջ 199–200), գրուած 1728ի Ապրիլ 15ին, ուսկից կիմանանք թէ Լեհաստանի մէջ պատրաստուած է յատուկ Մաշտոց մը «ի ձեռն աստուածաբանից մերոց, եւս առաւել պատուելի Տեառն Ստեփանոսի Ստեփանեան աստուածաբանութեան վարդապետի», որ զանազան հին ձեռագիր Մաշտոցներ համադրելով՝ ձեւացուցած է օրինակ մը, եւ Արքեպիսկոպոսը իր հեղինակութեամբ կը վաւերացնէ զայն, պարտաւորելով անոր գործածութիւնը իր թեմէն ներս [4] ։ Յայտարարութենէն երկու տարի ետք՝ կը մտածուի տպագրութեան յանձնել յիշեալ Մաշտոցը, ու Ռոշքայ կը խորհի Մխիթարի ձեռքով կատարել անոր հրատարակութիւնը. «որպէսզի ի ձեռն Գեր. Հայրութեանդ, ըստ գովելի երկասիրութեանդ, որով ի նմանիս պայծառանաս, ի հրապարականն եկեսցէ ի լոյս» [5] ։

| Ստեփանոս Վրդ. անցնելով Պաշպալով, կը խօսի իր պատրաս/55/տած Մաշտոցի մասին՝ տեղւոյն գլխաւորներէն Պր. Պետրոս Քէլեանի հետ, գովելով գիրքը եւ դրուատելով անոր օգտակարութիւնը ժողովուրդին համար. բայց որովհետեւ ձեռագիր Մաշտոցը չունէր իր հետ, Պաշպալովէն հեռանալուն՝ կը ղրկէ Հ. Մանուէլ Խուպիարեանի, յորդորելով որ ինքն ալ իր կարգին բարեխօսէ Պր. Քէլեանի մօտ, որպէսզի անոր ծախսով տպագրուի գիրքը։ Պր. Քէլեան կը հաճի, ու Հ. Մանուէլ կը գրէ Մխիթարի, գիտնալու համար «թէ որքան տապաղայով լինի, գրովն Դրախտի հոգւոյ. նաեւ այս՝ թէ արդեօք հազա՞ր գիրք տպել տայցէ, թէ հինգ հարիւր միայն, եւ կամ թէ հազար եւ թէ հինգ հարիւրն ո՞րքան դրամ՝ պիտոյանայ, թէ շալուածքին եւ թէ թղթին եւ այլ խարճին։ Նաեւ աղաչէ գրով Ստեփանոս Վրդն. թէ սրբագրութիւնն է մեր վանուցն լիցի մի ոք, մինչ զի եթէ հախով (sic) եւս իցէ, պատրաստ են վճարմանն» [6] ։

Մաշտոցին հետ Մխիթարի կը ղրկուի «զնոր Տօմարն Տօնացուցիւն ի միասին կարգաւորեալ» [7], որ բոլորովին տարբեր է վերեւ յիշուած Տօնացոյցէն. պատրաստած է Ստեփանոս Վրդ. Ռոշքայ, նկատի առած տեղւոյն պահանջները [8]. ում ինչ Մաշտոցին տպագրական ծախսերը պիտի հոգայ Պր։ Պետրոս Քէլեան, Տօնացոյցինը կը խոստանայ Հոդալ Թրանսիլվանիոյ ժողովուրդը. իսկ Վիեննայի Ծիրանաւոր Կրիմալտի ալ իր վրայ կ՚առնէ Տօնացոյցը տպագրելու արտօնութիւնը ստանալու Հոգը։ Ստեփանոս Վրդ. լիուլի ազատութիւն կու տայ Մխիթարի՝ բարեփոխելու Տօնացոյցը, խնդրելով «միայն թէ այս հարկաւոր գիրքս հաստատեսցի, եւ այսքան ժամանակաց անկարգութիւն եկեղեցւոյս մերոյ ի բաց բարձցի եւ նախատինք մեր վերասցին Հանդերձ անիծիւք ժողովոցն մերոց Սսոյ եւ Ատանայ» [9] ։

/56/ Շուրջ վեց ամիս ետք, 1731ի Յունիս ամսուն վերջաւորութեան, Մխիթար կը ստանայ Մաշտոցն ու Տօնացոյցը, եւ ցոյց կու տայ մեծ պատրաստակամութիւն. «վճռաբար եւ առանց կեղծման ասեմ - կը գրէ Ստեփանոս Վրդ-ին, 14 Յուլիս 1731ին պատրաստ եմ այնոքիւք բնաւիւք զորս կարեմ, որպէսզի տպագրութեամբ ի լոյս ածից ի Տօնացոյցն եւ Մաշտոցն ձեր, թէեւ իցէ ծանր աշխատանք…, սակայն դոյզն ինչ է այս, մինչ կատարեալ սիրոյն ոչ իմն աշխատանք թուի ծանրագոյն»։

Տպագրելի գիրքերուն ծախսը այնքան մեծ մտահոգութիւն չէր Մխիթարի համար, որովհետեւ այս կամ այն ձեւով կարելի էր գտնել հարկաւոր գումարը. գործին անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ Մխիթար ալ եւ կ՚ուզէ անպայման օգտակար ըլլալ Լեհահայոց։ Սակայն, կային աւելի մեծ արգելքներ, որոնք անկախ էին իր կամքէն, եւ որ կը կասեցնէին տպագրութիւնը։

Առաջին, Մխիթար կ՚առաջարկէ Ստեփանոս Վրդ. ի սրբագրել տպագրուելիք գիրքերուն տիտղոսները, ու փոխանակ դնելու «Մաշտոց կամ Տօնացոյց Հայոց Ուղղափառաց», վրան աւելցնել «որք բնակին ի Լեհաստան եւ ի Թռանսիլուանիա», որպէսզի յաջորդ սերունդներուն մէջ չծագի չփոթութիւն։

Երկրորդ, հարկաւոր էր վկայական մը, ստորագրութեամբ Լեհաստանի Արքեպիսկոպոսին, կղերին եւ իշխաններուն, որպեսզի ներկայացնելով Ս. Աթոռին, կարելի ըլլար ստանալ տպագրութեան արտօնութիւնը։

Երրորդ, գիրքին տպագրութեան արտօնութիւնը Ս. Աթոռէն պէտք էին խնդրել Լեհաստանի իշխանութիւնները, որպէսզի գործը աւելի դիւրաւ ընթանար. այսքան հսկայ ու պատասխանատու գործի հհամար՝ եթէ միայն Մխիթար ու Խաչատուր Վրդ. խնդրագիր ներկայացնէին Ս. Աթոռին, գործը կրնար երկարիլ ու վրիպիլ նպատակէն։

Մխիթար, 13 Յուլիս 1731 թուակիր նամակով, կը ներկայացնէ այս ամէնը Ստեփանոս Վրդ. ի, ու իրեն կը թողու կարգադրել հարցը, ցոյց տալով իր կողմէ, պատրաստակամութիւն. «արասցէ գերապատւութիւն ձեր զայն զոր հաճի, եւ մենք պատրաստագունեղ եմք ծառայել ի յայնս բնաւս զորս կարեմք»։ Խաչատուր Վրդ. ալ ունի նամակ մը, լատիներէն լեզուով, ուղղուած Ստեփանոս Վրդ. ին, ուր ինքն ալ կը կրկնէ համառօտ մը Մխիթարի պատճառաբանութիւնը, /57/ աւելցնելով։ «Ego et Rev. us Abbas Mechitar prestabimus quot potuerimus» [10]:

Թէ յաջորդաբար ի՛նչ եղած է Մխիթարի եւ Ստեփանոս Վրդ. ի յարաբերութիւնը, չենք գիտեր, որովհետեւ մեր դիւանը յանկարծ կը լռէ։ Հաւանաբար դժուարութիւնը Ս. Աթոռին կողմէ էր, մինչ Մխիթար միայն տպագրութեան հոգը ստանձնել խոստացած ըլլալով, կը սպասէր հրամանի։ Ձեռագիր Մաշտոցը, Տօմարն ու Տօնացոյցը ներկայիս կը պահուին Ս. Ղազարի Մատենադարանը» [11] ։

* * *

Ակնարկ մըն ալ տանք Ռոշքայի բառարանին, որ եղած է հեղինակին երկար տարիներու յոգնութիւններուն պտուղը։

Վերեւ յիշատակուած նամակներուն մէջ տեսանք թէ զանազան անգամներ Ստեփանոս Վրդ. կը խօսի իր պատրաստած Բառարանին մասին, կոչելով զայն «Գանձ Հայոց Լեզուին, զորս յանկ հանել տգնիմ ի մէջ բազմազան պատաղանացս» [12], եւ այլուր՝ «զԲառարանն իմ Աստուծոյ ձեռնտուութեամբն յուսամ ի նորագայ ամին (1731) շուրջ զՈւլիսիւն աւարտել» [13] ։

Ստեփանոս Վրդ. ի այլ եւ այլ նամակներէն կ՚իմանանք որ Բառարանը վերջնական կերպով աւարտած է 1731ի Հոկտեմբեր ամսուն, եւ իսկոյն կը խորհի տպագրել տալ Վենետիկ։ Առ Աբրահամ Վրդ. ուղղած 3 Օգոստ. 1731 թուակիր նամակին համաձայն, Ստեփանոս դիմում կատարած է Վենետիկ, ու նախահաշիւ մը խնդրած Բառարանին տպագրութեան, եւ երբ իմացած է թէ հազար ոսկի հարկաւոր /58/ է՝ ետ կեցած է, նոյնքան գումար տրամադրելի չունենալուն համար [14] ։ Թէ Վենետիկ որո՞ւ հետ Ստեփանոս Վրդ. յարաբերութեան մէջ մտած է՝ իր գործին տպագրութեան համար, չենք կրնար որոշ բան մը ըսել: Մխիթարի ստացած եւ գրած նամակներուն մէջ՝ այս ուղղութեամբ՝ ոչ մէկ ակնարկ կը գտնենք։ Անկարելի չէ որ դիմած ըլլայ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի, որու դիւանին մէջ նոյնպէս, դժբախտաբար, ոչինչ գտանք այս ուղղութեամբ։ Հակառակ դրամական նեղութեան, Ստեփանոս Վրդ. կուզէ անպայման տպել տալ: 23 Յուլիս 1732ին «առ Գեր։ Աբրահամ Վրդ. » ուղղուած նամակին մէջ դարձեալ կը շեշտէ թէ Բառարանը «Ծրագիրն իմ օրինակելոց է, եւ զօրինակն ի Վէնէտիկ յղեցից ի տիպ, իսկ զբնագիրն առ իս պահեցից. բայց զդրամս ոչ ունելով առ տիպն, յուսամ ի նախախնամութիւնն Աստուծոյ» [15] ։

Ստեփանոս Վրդ: Ռոչքայի մահէն (31 Հոկտ. 1739) ետք, Արմէնոպոլի աւագերէցներէն Տէր Մինաս Թորոսեան եւ իր եղբայրը Տէր Սիմէոն, երկհատոր Հայ-Լատին, Լատին–Հայերէն Ռոշքեան Բառարանը կ՚ուզեն ղրկել Մխիթարի, որպէսզի տպագրութեամբ հրապարակ հանէ, խոստանալով տալ ճանապարհի ծախսը։ Այս մանրամասնութիւնները մեզի կու տայ մերս Հ. Թէոդորոս Մէտիաշցի, իր 4 Դեկտ. 1740 թուակիր նամակով, գրուած Մխիթարի, տալով միաժամանակ այլ եւ այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ՝ նոյն Բառարանին մասին [16] ։

Մխիթար, որ աւելի գործնական մտքով ալ օժտուած էր, շատ լաւ գիտէր թէ տպագրութեամբ հրապարակ հանել նման հսկայ հատոր մը՝ ահաւոր ծախսի դուռ էր, եւ օգուտը անորոշ, ուստի մերժողական շեշտով կը հիւսէ նամակին պատասխանը. «գրեալ ես այսպէս մեզ՝ եթէ յանձն առնուք ի տպագրութիւն զԲառգիրքն Ստեփանոս Վրդ. ին Լեհացւոյ, առաքեսցուք զայն առ ձեզ, ծախիւքն նոցա որք կամին առաքել, իբր թէ զծախսն ճանապարհին նոքա տան եւ ոչ առ ի մէնջ լինի։ Զայս գիտասջիր, զի մեք եւս զբազում գրեանս ունիմք տպագրելիս, բայց ոչ ունիմք այժմ զմիջոցս տպագրութեան, որպէսզի ի լոյս ածցուք զնոսա, եւ զիա՞րդ մարթ է մեզ առ տպա/59/գրութիւն դորին ձեռնամուխ լինիլ, այդպիսի գործոյ ձեռն արկանել, յորում դնան բազումք ծախք եւ գնօղք նորա յոյժ սակաւք։ Սակայն եթէ կամին յղել մերոյ մենաստանի յիշատակ, բարւոք է. ո՞ գիտէ, թերեւս եկեսցէ ժամանակ զի նաեւ առ այլս տարածեսցի տպագրութեամբ, եթէ լաթին լեզու գիտողք բազմանայցեն յազգի մերում, որ գնելով զայն՝ ծախն տպագրութեան ելանէր» [17] ։

Այսպէս ահա Ռոշքեան Բառարանը կը մնայ ուր էր, մինչեւ որ 1842ի Յուլիս 2ին բուն բնագիրը անցնի Վենետիկէն, ձեռամբ Տէր Գրիգոր Ռոմանշքիի։ Ս. Ղազարի Հայրերը կը քակեն գրքին կազմը, ու իրարու մէջ բաժնելով՝ կ՚օրինակեն ամբողջ, դնելով սկիզբը հետեւեալ ծանօթութիւնը։ «Զբնագիր Ստեփանեան Բառարանիս, զոր ի 1942ի Յուլիսի 2 ընդ իւր բերեալ էր Իլովայ Տէր Գրիգոր Ռոմանշքի, քակեալ ի կազմիցն եւ բաժանեալ ի մեզ զտետրակս՝ առաք զհաւասարն զառաջնոյ հատորոյն եւեթ, աշխատեալ ամսօրեայ ժամանակաւ, եւ վերստին կազմեալ զբնագիրն՝ յանձնեցաք նմա»։

Այս նամակէն կը հետեւի՝ թէ Մխիթար, 1841ին, տակաւին ծրագիրներ կը մշակէր «զբազում գրեանս» հրատարակելու։

Ռոշքեան Բառարանին բուն բնագիրը ներկայիս կը հանգչի Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարանը, բայց թէ ե՞րբ մտած է հոն՝ չէ նշուած Տաշեանի ցուցակին մէջ. անշուշտ 1842էն ետք։



[1]              ՅՈՎՀԱՆ ԵՊՍ. ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ Հռոմէն, 23 Յունիս 1724ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[2]     USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ Uդանիսլաւովէն, 13 Յունիս 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[3]     Հ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԽՈՒՊԻԱՐԵԱՆ Պաշպալովէն, 25 Հոկտ. 1729ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[4]     Յովհաննէս Արքեպս. ի Յայտարարութիւնը, որ Ալիշան հրատարակած է «Կամենից»ի մէջ (տպ։ Վենետիկ, 1896, էջ 199–200), առած է Լեհատայոց ձեռագիր Մաշտոցէն, որ ղրկուած էր Մխիթարի, հրատարակելու համար (Ձեռ, Ս. Ղազարի, թիւ 713)։

[5]     USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ Uդանիսլաւովէն, 6 Դեկտ. 1730ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[6]     Հ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԽՈՒՊԻԱՐԵԱՆ Պաշպալովէն, 1 Ապրիլ 1731ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[7]     USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ Uդանիսլաւովէն, 6 Դեկտ. 1730ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[8]     Տօնացոյցի առընչութեամբ Պաշպալովէն Հ. Մանուէլ կը գրէ Մխիթարի, 1730ի Մայիսին. «Ստեփանոս Վրդ. ն յետ ժամանելոյն ի Լէհաստան, ինձ ողջունագիր գրեալ էր եւ յանձնեալ զոմանս խնդիրս, նաեւ թէ զմի գիրգ ձեռագրով մաքուր գրչի գրել տամ, ասէ, եւ առաքելոց է այսր ինձ, զի առաքիցեմ առ Վեհդ իմ զի տպագրիցի. կարծեմ թէ Տօմար եւ Տօնացոյց է, զորմէ գրէ, եւ գիտեմ որ տեղեակ ես վասն այսմ, զի գրեալ է եւս Վեհիդ, որպէս որ ինքն ասէր»:

[9]     USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ Uդանիսլաւովէն, 6 Դեկտ. 1730ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[10]   ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՎՐԴ. ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Վենետիկէն, 4 Յուլիս 1731ին, առ Ստեփանոս Վրդ. Ռոշքայ, Uդանիսլաւով։

[11]   Ձեռագրին նկարագրութիւնը տե'ս ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Հ. Բ ., Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց, Հտ. Գ, տպ. Վենետիկ, 1966, էջ 597–606։ Ձեռագրին ճակատին վրայ կը կարդանք. «Մաշտոց Հայոց Ուղղափառաց, հրամանաւ Գերապայծառի եւ Ամենապատուոյ Տեառն Յօհաննու Տօբիայ Ավկուշդինովիչի Արհի Եպիսկոպոսի Լէօպօլսեցւոյ Հայոց, սրբագրեալ եւ կարգաւորեալ ի Լէօպօլիս, յամի Տեառն 1728»: Ասոր կը յաջորդէ նոյն Արքեպիսկոպոսին կոնդակը փոխան յառաջաբանի:

      Վանքիս Մատենադարանի թիւ 1416 Ձեռագիրը, թէեւ չունի ո՛չ յիշատակարան եւ ոչ անուանաթերթ, սակայն առաջին էջին վրայի գրութիւնը «Տօմար եւ Տօնացոյց Հայոց Ուղղափառաց», ինչպէս նաեւ պարունակութիւնը, տարակոյս չեն թողուր որ ճիշտ սա ըլլայ Ստեփանոս Վրդ-ի առ Մխիթար ղրկած Տօմար–Տօնացոյցը։

[12]   USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ, 13 Յունիս 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[13]   USԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՌՈՇՔԱՅ, 6 Դեկտ. 1730ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[14]   Հմմտ. ՏԱՇԵԱՆ Հ. Յ., Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց, Վիեննա 1895, էջ 23։

[15]   Անդ։

[16]   Յիշեալ նամակին ամբողջութիւնը տե՛ս ՏԱՅԵԱՆ Հ. Ղ., Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար, տպ. Վենետիկ 1930, էջ 94–95։

[17]   ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅ Վենետիկէն, Յունուար 1741ին, առ Հ. Թէոդորոս Յովնանեան, Պաշպալով։