Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ՎԵՆԵՏԻԿԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ 1723-1727

/60/ Եւդոկիացի Յովնան Եղիայեան Եպիսկոպոս Սեբաստիոյ [1] սերտ բարեկամ եղած է Մխիթարի եւ անոր հիմնած Միաբանութեան, իր երիտասարդ օրերէն մինչեւ մահը։ 1702-1704 տարիներուն՝ կը գտնուի Մեթոն, սակայն տեսնելով նորածին Միաբանութեան յետին աղքատութիւնը, իր ներկայութեամբ չծանրացնելու համար անոնց մտահոգութիւնները՝ ազնուօրէն կը հեռանայ ու կ՚երթայ նախ Պոլիս, ապա կանցնի Սպանիա եւ հուսկ կը հաստատուի Հռոմ։ 1717ին, երբ Մխիթար Մեթոնէն փախչելով ապաստանած էր Վենետիկ ու ծերակոյտէն կը խնդրէր բնակարան մը, նիւթական օժանդակութիւն կը հայցէ նաեւ Յովնան Եպս. էն, որ նոյն տարուան Սպտ. 4 թուակիր նամակով Հռոմէն Մխիթարի կը ղրկէ շօշափելի գումար մը։

Յովնան Եպս ի յիշեալ նամակը գրուած է «ի սուրբ Օնոֆրիոսի թաղն», ուրկէ Մխիթարի ղրկած է նաեւ այլ բազմաթիւ նամակներ, բոլորն ալ դժբախտաբար անթուական, որոնցմէ մաս մը պէտք է զետեղել 1716–1717 տարիներու ժամանակաշրջանին, մաս մըն ալ 1719ի Յունուար–Յուլիս ամիսներուն մէջ: 1718 տարին գրեթէ ամբողջութեամբ Մխիթար անցուցած է Հռոմ, իսկ 1719 Յուլիսէն ետք՝ Յովնան Եպս. փոխադրուած է Վենետիկ ու բնակած Ս. Ղազար։

Այս հակիրճ ճշտումները կարեւոր նկատեցինք, որովհետեւ Յով/61/նան Եպս-ի այս անթուական նամակներուն մէջ կը շօշափուին նիւթեր՝ որոնք մեզ մօտէն պիտի հետաքրքրեն, լուսաբանելու համար՝ այս շրջանին Մխիթարի կողմ է կատարուած հրատարակութիւններու վերաբերող հարցեր։

§ 1. ՅՈՎՆԱՆ ԵՊՍ. ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳԻՐՔ ԿՈՉԵՑԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ (տպ. 1723)

1723ին Յովնան Եպս. Վենետիկ է։ Նոյն տարին Անտոն Պորթոլիի տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Գիրք կոչեցեալ հոգեւորական պատերազմ» 369 էջնոց հատորիկը, որու անուանաթերթին վրայ թէեւ յիշատակուած չեն ո՛չ Յովնան Եպս. ի եւ ո՛չ ալ Մխիթարի անունները, սակայն այդ գրքոյկը սերտօրէն կապուած է անոնց անունին հետ։

Յովնան Եպս. Հռոմ էն Մխիթարի ուղղած իր անթուական նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ընէ հետեւեալ առաջարկը: «մին գիրք մի տեսի, որ կոչի Քօնպաթիմէնթօ իսփիրիթուալէ. զնա համարեցայ կարի օգտակար մեզ եւ ազգի մերում է կրթութիւնս հոգեւորականս։ Թօմայ Գմբեցուն չափ է գիրքն. սուրբ Ֆրանչիսկոսի Սալէզին գովեալ է եւ սիրեցեալ, եւ նորակիրթ ջերմեռանդ անձանց ցուցեալ է զսա միջնորդ կատարելութեան. վասն որոյ խնդրեմ ի քէն՝ եթէ իցէ հնար թարգմանել զնա պարզ բառիւք եւ ածել ի լոյս. ով որ թարգմանէ՝ տասն սկութ հատուցանեմ նմա. եւ ո՞ գիտէ վասն սիրոյ գրքիս արարից օգնութիւն գործարանաց տպագրութեանն մենաստանիդ.   եւ սա լինիցի առջինն որ տպիցի ի նմա»։

Վերոյիշեալ տողերուն մէջ ուշադրութեան առնելի երկու կետեր կան։ Յովնան Եպս. շատ լաւ գիտէ որ Մեթոնէն նոր փախած փոքրիկ Միաբանութիւնը տնտեսապես շատ խեղճ վիճակի մէջ է. նիւթական օգնութիւն մը տալու փափաքէն մղուած է, հաւանաբար, որ կ՚առաջարկէ այս նոր գիրքին թարգմանութիւնը, տասը սկութ խոստանալով թարգմանողին։ Երկրորդ կէտը նամակին վերջին բառերն են. «եւ սա լիցի առջինն որ տպիցի ի նմա», ինչ որ կենթադրէ թէ տակաւին լոյս չէր տեսած Մխիթարի առաջին գրքոյկը «կրթութիւն աղօթից», տպուած 171-ին։ Այս կերպով «Հոգեւորական պատերազմ» գրքին թարգմանութեան գաղափարը Յովնան Եպս. պէտք է ունեցած ըլլայ 1716–1717 տարիներու ընթացքին։

Մխիթար Աբբահօր այս շրջանի նամակներուն պատճէնները չունինք պատուած, սակայն Յովնան Եպս-ի այլ եւ այլ անթուական նա/62/մակներէն կ՚իմանանք թէ Մխիթար յանձն առած է թարգմանել տալ. եւ որովհետեւ աղքատութիւնը կը ճնշէր Մխիթարի վրայ, կ՚ուզէ իմանալ գրքին տպագրութեան համար Յովնան Եպս. ի տրամադրելիք գումարին քանակը։ Յովնան Եպս., որ գիրքին թարգմանութիւնը առաջարկած էր 11 Փետրուար թուակիր նամակով (անթուական), ամիս մը ետք, 11 Մարտին, Մխիթարի կը պատասխանէ ըսելով. «ի կողմանէ գրգին, որ յանձն առեալ է տէրութիւն ձեր տալ զնա թարգմանել եւ կամ ի իմանալ՝ թէ մեք զօգնութիւնն որ գրեցինք առնել զորչափ է, այժմ ոչ ասեմ ք. պատճառն է, զի մեք ընթերցաք բովանդակ զգրգուկն այն գովելի, եւ թուեցաւ մեզ քաղցրագոյն իբրեւ «Համահետեւումն Քրիստոսի», եւ ի վեր քան զնա օգտակար ի կրթումն կատարելութեան. յորժամ թարգմանիցի բանիւք եւ բառիւք պարզագունիւք եւ շարադրիցի վայելչաբար եւ քաղցրաբար… յայնժամ ոչ միայն ասեմք զորքանն, այլ եւս հատուցանեմք փութով. դու այժմ հոգա՛ զայլոցն եւ ջանա՛ յառաջացուցանել զգործն, եւ զմերն թող զկնի թարգմանութեան գրգին, զի տեսից նախ զթարգմանեցեալն»։

Երրորդ նամակէ մը, գրուած Յուլիս 7ին (անթուական), կիմանանք թէ թարգմանութիւնը աւարտելու վրայ է եւ Մխիթար անձամբ ինքը պիտի սրբագրէ։ Յովնան Եպս. կու տայ ուղղութիւններ՝ զգուշութեամբ կատարելու սրբագրութիւնը։ «գրեալ էիր վասն գրգին թէ մերձ է ի յեզերիլ եւ պարտի սրբագրիլ ի քէն. եւ երբ սրբագրեսցես զնա զգուշութեամբ պարտ է նկատել, զի գրգուկն այն շարադրեցեալ է վասն զարգացման կուuի ումեմն, եւ սակս զայնորիկ ի բազում տեղիս առնու ի կիր զդէմն իգական . եւ այս ի մէջ Հայոց երեւի խորթ. վասն որոյ զդէմքն արական է յարմարագունեղ ի կիր արկանել հասարակաբար, որ քաջ գիտէ քո տէրութիւնն»։

Այս բոլորին իբր եզրակացութիւն կրնանք ըսել թէ «Հոգեւորական պատերազմ» գիրքին թարգմանութեան մեկենասը եղած է Յովնան Եպիսկոպոս։ Իսկ գիրքին ճակատին վրայ գրուած է։ «թարգմանեցեալ ի յումեմնէ ջերմեռանդէ, ի լեզուէ իտալականէ ի Հայկական բարբառ»։ Հոս կը ծագի հարց մը՝ վերեւ հիշուած նամակներէն այն կը հասկցուի՝ թէ Մխիթար ուրիշին թարգմանել տուած է գիրքը եւ ինքը անձամբ սրբագրած. տպագրուած գիրքին մէջ երեք տեղ կը յիշատակուի իբր թարգմանիչ՝ ջերմեռանդ մը, որու անունը կը մնայ ծածուկ։ Անուանաթերթին վրայ կայ նաեւ հետեւեալը։ «Ի լոյս ածեցեալ հոգաբարձութեամբ եւ սրբագրութեամբ նոյնոյ /63/ թարգմանչի». թարգմանիչը կը նոյնանայ, ուրեմն, հրատարակիչին եւ սրբագրիչին հետ։

Չունինք անդրագոյն վկայութիւններ յստակելու համար թէ հատորիս մէջ ի՞նչ չափով մաս ունի Մխիթար։ Անուանաթերթին վրայ նշանակուած «1723 Հոկտեմբերի 20-ը հաւանաբար տպագրութիւնը սկսելու թուականն է, որմէ քանի մը ամիս առաջ` Մխիթար կը գրէ. «թէ Տէր կամեսցի, յուսամք զի ի գարնանս այն գիրքն որ «Գօմպաթիմէնթօ սփիւռիթուալէ» կոչի, այսինքն «Պատերազմ հոգեւոր», տպեսցի աստ ի Վենետիկ, զի թարգմանեցեալ եւ պատրաստեցեալ է, եւ կարի մեծագոյն ջերմ եռանդաշարժ գիրք է եւ համբաւաւոր, որպէս զԹօմա Գեմբեցին, եւ մեծութեամբ եւս նորա չափ լինի» [2] ։ Տպագրութենէն քանի մը ամիս առաջ գրուած այս ընտանի ոճով տողերը ցոյց կու տան՝ թէ Մխիթար մօտէն ծանօթ էր գիրքին եւ ձեւով մը կապուած անոր՝ բայց թէ ի՛նչ ձեւով ու չափով, դժուար է որոշ բան մը ըսել։ Մխիթար ինչո՞ւ պիտի վարանէր դնել իր անունը՝ գիրքին ճակատին, ինչպէս ըրած էր նախորդ տարիներուն, իր տպել տուած գիրքերուն մէջ։

Գիրքին տպագրութիւնը կատարուած է «արդեամբ եւ գոյիւք կոստանդինուպոլսեցւոյ Յօհաննիսի որդւոյ Տիրացու Պարոն Գեւորգին»։ Յովնան Եպս. ի յաջորդ նամակներուն մէջ (172–1728) ամենեւին ակնարկ ու կարգադրութիւն չկայ այս գիրքին մասին, նշան՝ թէ տպագրուած օրինակներուն սեփականատէրը չէ եղած ինքը։ Նմանապէս, Մխիթար Աբբահօր ցանկերուն մէջ ալ չէ անցած այս գիրքը. սակայն Մխիթար ունի իր տրամադրութեան քիչ թիւով օրինակներ, որոնք կը ցրուէ հոս ու հոն. 1738ին՝ ունի տրամադրելի տասը օրինակ է։

Գիրքին սեփականատերը պէտք է եղած ըլլայ տպագրութեան ծախսերը հոգացող Պր. Գէորգը, որ կը խնդրէ Մխիթարէն՝ գրել յանձնարարական մը Պոլիս գտնուող Մխիթարեան վարդապետներուն, որպէսզի խթանեն գրավաճառը եւ ծախեն նորատիպ գիրքէն։ Պոլիսէն Հ. Միքայէլ կը պատասխանէ թէ «նաեւ սահաթհի Պետրոսի տղին ասացանք ի կողմանէ Պարոն Գեւորգին վասն հոգեւոր պատերազմ գրեանցն». ասաց առնօղ ոչ գոյ, վասն ոչ հասկանալոյն եւ ոչ առնելոյն զախորժ, առնօղքն յետս տան» [3] ։

 

ՊԱՏՄԱԳԻՐՔ ՀՈԳՒՈՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՆՆՋԵՑԵԼՈՑ ԵՒ ՀՐԱՇԱԼԵԱՑՆ ՍՐԲԱԶՆՈՒԹԵԱՆ (տպ. 1724)

/64/ 1719–1724 տարիներուն Յովնան Եպս. կը մնայ Ս. Ղազար, միջանկեալ շրջանը անցնելով Թրանսիլվանիա։ «Յամի Տեառն 1724 ի Մարտի ը. » կը սկսի տպագրութիւնը իր մէկ երկին «Պատմագիրք հոգւոց հաւատացեալ ննջեցելոց եւ հրաշալեացն սրբազնութեան» վերնագրով, զոր թարգմանաբար քաղած է իտալական գիրքերէ։ Տպագրութիւնը սկսելէն երկու ամիս ետք, Մայիսի սկիզբը [4], Յովնան Եպս. ընդ միշտ կը թողու Ս. Ղազարը ու կը մեկնի Հռոմ, գիրքին տպագրութեան եւ սրբագրութեան հոգը ձգելով Մխիթարի եւ անոր աշակերտներուն վրայ։ Ու այնուհետեւ նամակներով կը հետեւի տպագրուած գիրքին, խնդրելով Մխիթարէ՝ որ պրակ առ պրակ ղրկէ իրեն. «յորժամ գայցէ ոք ի Հռոմ, շնորհ առնիցես եւ քանի տետր որ հանեալ է սթամփաթօռն, դիցես ի մէջ պահարանի եւ յղիցես առ իս» [5] ։ Մխիթար հետեւելով Եպս. ին տուած ուղղութիւններուն, կը ղրկէ պրակները։ Յովնան Եպս. կը կարդայ եւ ահա իսկոյն հարկաւոր դիտողութիւնները. «Շնորհակալ եմ վասն առաքման երկու տետրիցն, սակայն ունիմ ինչ ընդդէմ տպողին, մին՝ վասն յամեցուցանելոյն, եւ միւսն՝ վասն ոչ նկատելոյն բարեպէս, զի վրիպեալ է տող մի ամբողջ ի 5 թապաղայն, ի 35 պատմութեանն, ի 171 համարն եւ ի եօթնում տողին, որ է այս. երակին, կտրեաց պատահաբար ընդ նմին եւ զջիլ. տողս այս եթէ ոչ դիցի գոնեայ ի լուսանցն, լինի արատ մեծ պատմութեանն եւ շարադրութեանն . ինձ այնպէս թուի թէ, ընդ յղել սրբագրելիսն, զօրինակն ընդ նոսին ոչ իցէ յղեալ, եւ թէ իցէ յղեալ՝ զիա՞րդ վրիպեցան սրբագրօղքն. զարմանամ։ Վասն որոյ խնդրեմ զի Ովանէս վարդապետն ընդ Հայր Մաթէին գնայցեն առ գրաշարն եւ ցուցեալք զվրիպումն նորին եւ զտեղին, եւ ստիպիցեն ուղղել զայն ի ներկայութեան իւրեանց, որ ընթեռնանի այսպէս. բայց ի ծածկելն երակին, կտրեաց պատահաբար ընդ նմին եւ զջիլ բազկին։ Խնդրեմ չձանձրանալ վասն այսմ իրի հոգեւորականի, եւ թէ իր ինչ պատահիցի հարկաւոր եւ հոգալի ձեզ է տեղս այս, գրեցէք ամենայն համարձակութեամբ, եւ ես ծա/65/ռայեցից յօժարութեամբ եւ սիրով» [6] ։ Գործնականին մէջ, Յովնան Եպս. ի փափաքած սրբագրութիւնը չի կատարուիր, ու 17-րդ էջը կը մնայ այնպէս՝ ինչպէս որ է։

Նոյն տարուան (1724) Սեպտ. 16ին, Յովնան Եպս. Մխիթարի կը գրէ իր քով ունեցած պրակներու վրիպակները, խնդրելով որ Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի պատրաստէ մնացած պրակներունը (էջ 219–576), ու բոլորը միասին զետեղուի հատորին վերջաւորութեան, գիրքին ցանկէն առաջ, զոր նախապէս Յովնան Եպս. պատրաստած ու ձգած էր Հ. Թէոդորոսի քով [7] ։ Սակայն Յովնան Եպս. ի յաջորդ նամակէն, գրուած Մխիթարի, կը տեսնենք որ սրբագրութիւնները չէ հանած ճամբայ, «գոլով յուսահատ հասմանն եւ զտեղւոյն պարունակեցման» [8] ։

Հոկտեմբերին՝ գիրքին տպագրութիւնը պէտք է աւարտած ըլլայ։ Մխիթար հեղինակին կը հասցնէ աւետաբեր լուրը ու կընդունի անոր հրահանգները. «ջանայցես որքան կարելի է ընդ պարքայով եկողացն յղել ինձ զճ (100) հատս անկազմ 30 հատ կազմել տայցես, կամ այլ աւելի, եւ ի կողմանէ իմմէ մէկ մէկ հատ ընձեռեսցես մերայնոցն, բ (2) հատ Խաչատուր Վարդապետին, բ (2) տիրացու Գեւորգին եւ տասն հատ մեր Հայր Թէոդորոսին, որ յղեսցէ եղբօր իւրում» [9] ։

Տպագրուած հատորին հրատարակիչը կրնանք նկատել Մխիթար, որ իր աշակերտներուն հետ հսկած էր անոր վրայ, վճարելով տպարանին [10] «նաեւ շարողին պոնաման» [11], այսինքն՝ բարի–ձեռքը, ի հաշիւ Յովնան Եպս. ի։

/66/Գիրքին տպաքանակը եղած է հազար, որմ է հարիւր հատ Մխիթար անմիջական կերպով, Յարութիւն Եպս. Լեւոնեանի Հետ, 19 Դեկտ. 1724ին, կը ղրկէ Հռոմ, Յովնան Եպս. ի, որ տեսնելով գիրքը ամբողջ ու կատարեալ, կը յայտնէ Մխիթարի իր երախտագիտութիւնը. «… որոյ վասն շնորհակալ եմ զքէն եւ այնոցիկ, որք աշխատեցան ի սրբագրելն» [12] ։

Գիրքին սեփականատէրը Յովնան Եպս. ըլլալով, ուզած կերպով կը դա չխէ զանոնք՝ Մխիթարի միջոցով. այսպէս, 23 Դեկտ։ 1724 թուակիր նամակով, յետ ընդ գաղտնօք յայտնելու Մխիթարի՝ թէ Ս. Ժողովը նպատակ ունի զինքը Վենետիկէն կանչել Հռոմ, սուրբ տարւոյն (1725) առիթով Հռոմ եկող ուխտաւորներով զբաղելու համար, կը յանձնարարէ այդ առթիւ բերել «ընդ քեզ ճ (100) գիրք եւս, եթէ իցէ հնար, կամ գոնեայ ծ (50)» [13] ։ Տարի մը ետք՝ կը խնդրէ Մխիթարէ «Հրաշալեաց գրքիցն ճ (100) կամ գոնեայ ծ (50) հատս կազմել տալ եւ յղել ի Թօխաթ, առ Պետրոսն մեր, որ է որդեակ լուսաւոր հոգի Տէր Յարութեանն. կամ գնացօղն անմիջապէս տարցէ, կամ միջոցաւ ի ձեռն ուրուք յԻզմիրու կամ ի Կոստանդուպօլսոյ յղեսցէ առ նա հոգաբարձութեամբ. եթէ գնացօղքն մերայինք կամիցին ունել առ ինքեանս քանի մի հատ իւրաքանչիւրն, տուր եւ նոցա ի կողմանէ իմմէ՝ իբր զպաշար իմն փոքրիկ» [14] ։

Գիրքը ամէն տեղ նոյն ընդունելութիւնը չի գտներ. այսպէս՝ Էրզրումէն, Մխիթարի աշակերտներէն մին կը գրէ. «գոյն խնդրող… մանաւանդ այն Քաւարանի գրգէն, որ է Յովնան Եպիսկոպոսին, եթէ հնար է առաքել աստ, բարւոք լինի» [15] ։ Սակայն ինչ որ կը տեսնուի՝ Պոլսոյ մէջ չի տարածուիր այս հատորը «վասն Բաւարանի գրգին, յեկեղեցիս՝ փատրիքն (Պատրիարքն) ծանուցումն արարեալ է թէ /67/ մի՛ առնուցուք… եւ յայլ ուստեքէ լուայ թէ փաթրիքն ասացեալ է յեկեղեցիս՝ ոչ հասկացօղքդ մի՛ առնուցուք, զի անդէն բան գոյ՝ որք ոչ լաւ հասկանաք, այլ հասկացօղքն առնուցուն» [16] ։ Տարիներ ետք դեռ մնացած պէտք է ըլլայ նոյն արգելքը՝ այս գիրքին նկատմամբ, որովհետեւ «գիտելի է զի քաւարանի գիրգքն արգիլեցեալ է, բնաւ ոչ վաճառին» կը գրէ Պոլիսէն Հ. Պօղոս, 1732ին [17] ։

ՎԱՐՔ ԵՐԱՆԵԼՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ՅՈՀԱՆՆԻՍԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (տպ. 1726)

1726ին Հռոմ էն Յովնան Եպս. կը մտածէ Վենետիկի մէջ տպագրել տալ նոր գիրք մը եւս 6 երկու մասով, առաջին մասը թարսմանութիւն մը՝ կատարուած իրմէ, «Վարք երանելւոյն սրբոյ Յօհաննիսին Աստուծոյ» (էջ 1-178), երկրորդ մասը «Եղանակ մխիթարելոյ զհիւանդս եւ օգնելոյ, զի բարեպէս մեռանիցին» (էջ 179–298), որ ազատ թարգմանութիւն մըն է, միշտ կատարուած Յովնան Եպս. է, «արտահանեալ նմանապէս ի լեզէ իտալիականէ », յայտարարելով դիրքին յառաջաբանին մէջ՝ թէ «շարադրեցի դիւրիմաց ոճիւ ի բարբառն Հայկական»։

Մխիթար Աբբայ 1725-1726 տարիներուն չափազանց զբաղած ըլլալով, Յովնան Եպս. կը մտած է տպագրութեան հոգը յանձնել Էրզրումցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանին, որ նոյն շրջանին Հոգաբարձուն էր Վենետիկի Ս. Խաչ եկեղեցիին։ Եւ որովհետեւ 17265 Յունիս ամսուն սկիզբը Յարութիւն Արքեպս. Հռոմ էն կը դառնար Վենետիկ [18], տպագրուելիք գիրքին ձեռագիրը կը յանձնուի իրեն. իսկ տպագրութեան հետամուտ պիտի ըլլար Խաչատուր Վրդ. ։

Յովնան Եպս. ի խնդրանքին վրայ՝ Խաչատուր Վրդ. կը խօսի տպագրիչ Անտոն Պորթոլիի հետ, խոստանալով տալ երեք կամ չորս տուգաթ՝ իւրաքանչիւր պրակի համար, 200 օրինակ տպելու պայմանով։ Պորթոլի չընդունելով եղած առաջարկը, Խաչատուր Վրդ. կը ներկայացնէ երկրորդ մը, խոստանալով տալ ութ ու կէս տուգաթ՝ իւրաքանչիւր պրակի համար, տպաքանակ ունենալով 1000։ Պորթոլի այս երկրորդ առաջարկն ալ կը մերժէ, պահանջելով տասը տուգաթ, փոխան 700 օրինակի։ Բայց որովհետեւ Խաչատուր Վրդ. /68/ տեղեակ չէր թէ Յովնան Եպս. կրնա՞ր հաւանիլ այս նոր կարգադրութեան, կը կասի գործելէ, նամակով մը իմացնելով կացութիւնը Յովնան Եպս. ի։

Այս կացութեան մէջ՝ Յովնան Եպս. կը խնդրէ Մխիթարի միջամտութիւնը. «յենլով ի վերայ բարեիղձ նախանձու քոյին, որով բորբոքեալ աշխատիս վասն ուղղութեան մերազնեայց եւ փրկութեան նոցին հոգեաց, գրեմ առ գերյարգելիդ եւ աղաչեմ, զի հոգ տարեալ առաջացուսցես զտպումն գրականս (որ եօթն կամ ութ տետր հազիւ լնու), ըստ հաշուին մերոյ առաջնոյ, որ եղեւ ձեռամբ տիրացու Գեւորգին, ծախիւքն իմօք։ Նախ ոչ գրեցի զայսմանէ հրամանուցդ, զի է իր ներզբաղման շինւածոյն. գոհութիւն Տեառն՝ այժմ եզերեցաւ շինուածն՝ խնդրեմ զի մի՛ համարիցես իբրեւ զօտար իմն եւ զաչխատանն որ վասն այսմ իբրեւ անտարիայ, այլ վարկեաց իբրեւ զքոյն եւ զաշխատանքն ի փառս Աստուծոյ, վասն կեցութեան հոգւոց. եթէ տպօղն ըստ ազատութեան իւրոյ աշխատութիւն ինչ հասուսցէ, քո հրամանքն երկայնմտաբար ջանայցէ համոզել եւ հաճեցուցանել զնա, ինքեամբ թէ միջնորդիւ, քանզի չունիմ զայլ ինչ այսպիսի. եթէ կամիցիս՝ կարես ածել զսա ի լոյս։ Զիարդ եւ իցէ՝ յանձն առնեմ՝ զբոլորն հոգաբարձութեան քում» [19] ։

Մխիթարի համար կացութիւնը շատ փափուկ էր ու դժուարին, որովհետեւ ինքն ալ իր տպագրելի գործերուն համար լաւ յարաբերութիւններ պետք էր պատել Պորթոլիի հետ, եւ յարմար չէր որ Յովնան Եպս. ի գործին համար անհամաձայնութիւն ստեղծուի՝ իր ու Պորթոլիին միջեւ, մանաւանդ որ նոյն խնդրով Խաչատուր Վրդ. երկու անգամ տեսակցած էր տպագրիչին հետ։ Արդ՝ այս կացութեան մէջ, Մխիթար չ՚ուզեր գործը ստանձնել, այլ միայն կատարել վճարումները՝ ի հաշիւ Յովնան Եպս. ի, որու դրամները կը մնային իր քով։

Այս բոլորը մանրամասն կերպով պարզելէ ետք, Մխիթար «Յետ Գրութեան» մը կ՚աւելցնէ նամակին, որ ջնջուած է սեւագիր օրինակին վրայ, նշան՝ որ չէ ղրկած Յովնան Եպս. ի, բայց որ մեր նիւթին հետ սերտօրէն աղերս ունենալով՝ մէջ կը բերենք հատուածը. «Եւ այսպէս մնաց իրն, եւ Խաչատուր Վրդ. ն սպասէ հաճութեան քում, եթէ հաճիս՝ տայցէ 10 տօգաթ, եւ եթէ ոչ՝ մնայ այնպէս, եւ մինչ իրն այսպէս յառաջացեալ է, գրգուկն այն ձեռամբ Խաչատուր Վրդ. ին /69/ պարտի եզերիլ, եւ ոչ կարեմ ես հանել ի ձեռաց նորա եւ այլով կերպիւ տալ տպել, մինչ այլ ոք տպագրօղ ոչ գոյ, եւ ընդ նոյնոյ տպագրողի, այսինքն՝ ընդ Պօռթօլօին ոչ կարեմ ես զայսպիսի դաշնադրութիւն առնել, թէ 10 տօգաթ տայցեմ տապաղային եւ 1000 գիրք առնուցում, կամ 700։ Եւ՝ մանաւանդ զի նա զմեծամեծ յոյս վաստակոց ունի ի Խաչատուր Վրդ. էն, եւ նմա ոչ առնէ զշնորհ՝ արդար գնով տպել. եթէ ես տանիցեմք, քառապատիկ աւելի պահանջէ, նաեւ բարկանայ, քանզի գիտէ նոյն գիրք գոլ, մինչ տեսեալ է բազմիցս։ Եւ ահա այսոքիկք են պատճառք ոչ առնելոյս զգիրքն. ուստի լեր անմեղադիր, եւ գիտեա՛ զի թէ զերկրորդ կերպ ոչ իցէր սկսեալ խօսիլ, այլ մինչ առաջնով կերպիւն ոչ եղեւ՝ թոյլ իցէր տուեալ մնալ, ես այժմ առեալ զգիրքն, երկրորդիւ կերպիւն դաշնադրիլ՝ խօսէի ընդ նմա, կամ անմ՝ իջապէս կամ միջնորդութեամբ Տիրացու Գէորգին, եւ թերեւս ութ եւ կիսով լինիցիւր. բայց մինչ սկսեալ է նա եւ այս կերպ եւ այնպէս յառաջացեալ է, որպէս ի վերոյ ասացաք, այլ ճանապարհ ոչ է վերամնացեալ մեզ» [20] ։

Յովնան Եպս. տրամադիր է ամէն կերպով տեղիք տալու, եւ իր 26 Հոկտ. 1726 թուակիր նամակէն կը տեսնուի թէ կը զիջանի դրուած պայմանին տալով մինչեւ ինը տոգաթ, իւրաքանչիւր պրակի տպագրութեան, հազար օրինակի համար։ Հակառակ պարագային՝ յանձնել գիրքը Պորթոլիի, որ իր հաշուին տպէ, տպագրատան թողլով նաեւ շահաբաժինը [21] ։

Յաջորդ թղթակցութիւնները անկատար ըլլալով, Յովնան Եպս ի գրած ակնարկներէն կը հասկցուի որ տպագրութեան Հոգերը ստանձնած են Խաչատուր Վրդ. եւ Յարութիւն Արքեպիսկոպոս։ Մխիթար ալ դեր ունեցած պէտք է ըլլայ գործին մէջ։ Տպագրուած պրակ/70/ները Մխիթար կը ղրկէ Հռոմ, ու Յովնան Եպս. միշտ Մխիթարի միջոցով՝ կը կատարէ դիտողութիւնները: «մերձ ի վերջն գոյր ոչ սակաւ սղալանս, վասն որոյ խնդրեմ ի քէն, զի ողջունիցես նախ ի կողմանէ իմմէ զգերապայծառ Յարութիւն Արքեպիսկոպոսն եւ զՎ. Խաչատուր Վրդ. ն, հանդերձ բազմա շնորհակալութեամբ, եւ ապա ծանուսցես զյոլովութիւն սղալանացն, եւ աղաչեսցես զի առաւելուցուն զհոգաբարձութիւն . ահաւասիկ յղեցի զցանկն, դնել ի վերջն գրգկանս» [22] ։ Գիրքին 299–312 էջերուն վրայ դրուած է Եօթն սաղմոսք ապաշխարութեան, Մխիթար Աբբահօր կարգադրութեամբ, որու համար Յովնան Եպս. կը յայտնէ յատուկ շնորհակալութիւն։

Նորատիպ գիրքին 321–322 էջերուն վրայ նշանակուած են տպագրական վրիպակները. հոն պէտք է աւելցնել մեծագոյն վրիպակը, որ վրիպած է սրբագրողներու աչքէն։ Վերեւ յիշուած թղթակցութիւններէն երեւան կելլէ որ գիրքին տպագրութիւնը սկսած է 1726 Հոկտեմբեր ամսուն, ու նոյն տարուան Դեկտեմբերին արդէն իսկ պէտք է աւարտած ըլլայ, մինչ գիրքին անուանաթերթին վրայ կը կարդանք «Յամի Տեառն 1724», փոխանակ 1726ի։

Գիրքին սեփականատէրը Յովնան Եպս. ն է, իսկ մատակարարը՝ Մխիթար։ Արդարեւ, 1727 ին գրուած նամակներուն մէջ՝ Յովնան Եպս. հրահանգներ կը ղրկէ Մխիթարի. այսպէս, Յունիս 14ին կը յանձնարարէ կազմել տալ 150 օրինակ, մէկական օրինակ բաժնել Ս . Ղազարի բոլոր միաբաններուն, քանի մը օրինակ՚ Խաչատուր Վրդ. ին, մինչ Վենետաբնակ քահանաներուն տալ անկազմ օրինակներէն, իսկ ծախու ուզողներուն տալ երկու լիրայի։ 25 Հոկտեմբերին գրած նամակով, դարձեալ կը յանձնարարէ կազմել տալ 200 օրինակ, ղրկել Զմիւռնիա, որպէսզի հաւատարիմ անձերու ձեռքով հասնին Թօխաթ, իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն բաժնելու համար։

ԴԱՇՏԻԿ ԾԱՂԿԱԼԻ (տպ. 1727)

Ս . Յովհաննէսի վարքին տպագրութիւնը հազիւ աւարտած, Յովնան Եպս. նոր առաջարկ մը ունի, միշտ Մխիթարի միջոցով, որպէսզի նոյն ոճով տպագրուի այս նոր հատորն ալ, որու մասին հազիւ երբեք ակնարկներ ունինք։

Յովնան Եպս. 4 Յունուար 1727 ին կը գրէ Մխիթար Աբբայի. «յայտ առնեմ քո հրամանուցն զայս. ունիմ 50—60 պատմութիւնս եւ /71/ օրինակս պատուականս, ազնիւս եւ յոյժ շահաւէտս առ ամենայն մարդիկս, զոր հանեալ եմ՝ ի պատմագրգէն, որ կոչի «Փրաթօ ֆիօրիթօ»: Ծանուսցես ողջունելով ի կողմանէ իմմէ Խաչատուր Վրդ. ին, եթէ հաճի ինքն եւ տպագրօղն, յղեցից զայն եւս ի տպիլ, զկնի եզերման դորին։ Իսկ զվարձս սրբագրութեանն, ընդ եզերիլն, տացէ ի գրգիցն տպեցելոց, քանի հատ որ կամի, ըստ արդար դատողութեան իւրում, որովհետեւ միանգամ խարճ մտաց, այս վերջի պատմութեանց գրգուկն եւս լոյս ածելոյ դիցուք ջան»։

«Փրաթօ ֆիօրիթօ» կոչուածը՝ 1727ին տպագրուած Դաշտիկ ծաղկալին է, որու սեւագիր օրինակը Հռոմէն ղրկուած է նոյն տարուան Փետրուար ամսուն վերջաւորութեան [23], նամակատան միջոցով, Խաչատուր Վրդ. ի անունին։ Բայց որովհետեւ նախորդ տպագրուած հատորին մէջ բազմաթիւ վրիպակներ սպրդած էին, Յովնան Եպս. մտահոգուելով թէ մի՛ գուցէ «Դաշտիկ ծաղկալի»ն ալ նոյն ճակատագիրը ունենայ, թախանձագին կը խնդրէ Մխիթարէ, որ էսկէ ինքը անձամբ եւ կամ աշակերտներէն մէկուն միջոցով։ «Խնդրեմ հոգ տանիլ ի սրտէ, կը գրէ Մխիթարի՝ 1 Մարտ 1727ին, զի բարեպէս սրբագրեցեալ տպիցի, եթէ սրբագրօղն առաջին՝ գիտես որ տկարանայ առ այն եւ վարի անհոգութեամբ, լեր քո հրամանքն հոգաբարձ, եւ տուր միաբանից մէկին սրբագրել, զի մի՛ ծախքն մսխիցին ընդ վայր, քանզի եղեւ ինձ ոչ սակաւ վիշտ՝ տեսանելով զայնքան արատս ի մէջ գրգկանն որ տպեցաւ»։

Ինչպէս ըսինք վերեւ, չունինք Մխիթարի այս շրջանին գրած բոլոր նամակներուն պատճենները, սակայն Մխիթար պէտք է խոստացած ըլլայ իր աջակցութիւնը, որովհետեւ 12 Ապրիլ 1727ին՝ Յովնան Եպս. կը գրէ . «շնորհակալ եմ վասն համայնից այնց ամենից հոգաբարձութեանցն», ու տպագրուելիք գիրքին թուղթին տեսակն որոշելը կը յանձնէ Մխիթարի։

Սեպտեմբեր ամսուն (1727) կը սկսի գիրքին տպագրութիւնը, որու սրբագրութիւնը կը կատարէ Պետրոս Վրդ. [24] ։ Տպագրուած ա/72/ռաջին պրակները Մխիթար կը ղրկէ Յովնան Եպս. ի, Ջուղայեցի Պօղոս Արքեպս. ի ձեռքով, որ 5 Հոկտեմբերին կը մեկնէր Վենետիկէն Հռոմ։ Գիրքին տպագրութիւնը պէտք է աւարտած ըլլայ 1728ի Յունուար ամսուն, հազար տպաքանակով, որոնց համար Մխիթար վճարած է 2012 լիրէ, Յովնան Եպս. ի ի հաշիւ։

* * *

Տպագրուած վերջին երեք գիրքերուն սեփականատերը Յովնան Եպս. ըլլալով հանդերձ, անոնց մատակարարը է ինքն Մխիթար, որ կը կարգադրէ՝ Եպս. ին տուած ուղղութիւններուն համաձայն, այսպէս՝ Յովնան Եպս. զանազան անգամներ կը յանձնարարէ Թոխաթ ղրկել յիսունական օրինակ [25], եւ կամ բաժնել զանազան անձերու։ Ինչ որ կը տեսնուի, 1728ին Մխիթար ալ խնդրած է Եպս. էն ունենալ նորատիպ երեք գիրքերէն, ու Յովնան Եպս. իր 10 Յունուար 1728 թուակիր նամակով կը պատասխանի Մխիթարի. «իւրաքանչիւր տեսակացն երկ–երկուհարիւր հատս, զոր գրեալ ես, յոյժ հաճիմ ընդ շնոր(հ)ումն այն. արա որպէս եւ առաջադրեցերն, վասնզի ոչ այլ ինչ ունիմ ի մտի, եթէ ոչ զայս, այսինքն՝ ժամանել նոքօք ի յօգնութիւն ազգին մերոյ ըստ իմում կարի»։

1724–1727 տարիներուն, Հռոմէն երեք գիրք տպագրել տալէն ետք, անկարելի չէ որ Յովնան Եպս. ծրագրած ըլլայ տպագրութեան յանձնել չորրորդ հատոր մը եւս, «Գիրք պատմութեանց հրաշալեացն Աստուծոյ առ հոգիս քաւարանին». աս ալ, նախորդներուն նման, թարգմանութիւն մըն է իտալերէնէ, կատարուած 1723ին, Ս . Ղազարի մէջ։ Ներկայիս, այս ձեռագիրը կը գտնուի Վիեննայի Մխիթարեան մատենադարանը [26] ։ Նոր գործի մը տպագրութեան չձեռ/73/նարկելու պատճառ եղաւ Յովնան Եպս. ի առաքելութեան երթալու փափաքը՝ դէպի Անտիոք, որու շրջակայքը եօթը գիւղեր մնացած էին առանց հովիւի։

Հռոմէն նաւով ճամբայ կ՚ելլէ 4 կամ 5 Մայիս 1728ին։ Մեկնելէն վեց ամիս առաջ՝ կը գրէ Մխիթարի, որպէսզի պատրաստէ կազմուած գիրքեր, տանելու եւ բաժնելու համար ազգայիններուն։ 3 Ապրիլ 172-ին Մխիթար դէպի Հռոմ ճամբայ կը հանէ փափաքուած գիրքերը, նոյն թուականին գրելով նաեւ նամակ մը. «թիւք գրեանցն որք պարունակին ի յերկուս սնտուկս՝ են սոքին. 100 Դաշտիկ, 100 Հրաշից, 100 Վարք Յօհաննու, 30 Սաղմոս, 2 Առաքինութեանց, 2 Մոլութեանց, 1 Ալպերտ, 6 Կտակարան, 8 Բուրաստան, 8 Քրիստոնէական գրաբառ, 8 Պարտէզ, 4 Կրթութիւն աղօթից, 6 Աղբիւր, 40 Քրիստոնէական աշխարհաբառ եւ մէկ Մաշտոց գրչագիր։ Նաեւ 50 Քրիստոնէական աշխարհաբառ, ցած կազմով, զորս եդի ես անդ՝ առ լցուցումն պարապութեան սնտկին, այսու դիտմամբ զի զայնս ձրիապէս բաշխիցես՝ ում եւ կամ իցիս, զի առ այս վախճան այնպէս կազմ ել տուեալ եմ զոմանս, որպէսզի ձրի բաշխեսցի»:

Յովնան Եպսի վերջին նամակը ուղղուած Մխիթարի՝ կը կրէ 24 Ապրիլ 1728 թուականը, գրուած Հռոմէն։ Նոյն տարուան Օգոստոս 17ին, Փայասի մէջ, կը հիւանդանայ Յովնան Եպս. կը գրէ կտակը, ու քիչ ժամանակ ետք կը վախճանի [27] ։ Մխիթարի կը մնան Յովնան Եպսի տպել տուած բոլոր գիրքերը, որոնք արդէն թիւով /74/ բաւական վերածուած էին։ 1738ին, Յովնան Եպս. ի մահէն տասը տարի ետք, Մխիթարի քով մնացած են «Պատմագիրք հոգւոց» 235 օրինակ, «Վարք Յովհաննու» 412 օրինակ եւ «Դաշտիկ» 420 օրինակ։ 1748ին ցանկը գրեթէ նոյն մնացած է եւ չսողիւ երբեք քանի մը օրինակ ծախուած եւ կամ իբր նուէր բաժնուած են, ու մնացած են «Պատմագիրք» 229, «Վարք Յովհաննու» 400 եւ «Դաշտիկ» 362 օրինակ։

§ 2. ՄԽԻԹԱՐԻ ԻՆՔՆԱԳԻՐ ԳՈՐԾԵՐԸ

Պահ մը ետ վերադառնանք՝ լոկ քանի մը տարիով, մօտէն քննելու համար Վենետիկի Հայոց կղզիին մէջ եռացող աշխատանքները։ Որմնադիրները տակաւին չեն հեռացած Ս. Ղազարէն ու շաղախով կը պատեն վանական յարկերու նորաշէն որմները կամ կը նորոգեն կղզեակին խարխուլ պարիսպները (1724 Նոյեմբեր–1725 Մայիս), մինչ անդին՝ Մխիթար հետամուտ է նորանոր հրատարակութիւններով կառուցանել մեր Վերածնունդի լուսաւորութեան շէնքը, եւ առաջին՝ գրաբար լեզուով շարադրուած օգտաւէտ երկով մը։

ԳԻՐՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ (տպ. 1725)

Շատ կանուխէն Մխիթար կ՚ուզէր տպագրել Քրիստոնէականի գիրք մը։ 1718ին, Հռոմ գտնուած շրջանին, Հ. Եղիա Վրդ. կը գրէ Ս. Ղազարէն՝ թէ «Հայր Յովսէփն սկսեալ է գրել զգիրգն զայն որ եւ կոչի Կաթագիզմo: էանց զկէսն» [28] ։ Այս ակնարկը ինքնին բաւական է մատնանշելու՝ թէ Մխիթարի կողմէ սկսած էր շարժումը, կար մտահոգութիւնը ունենալու տպուած Քրիստոնէական մը։ Երկու տարի ետք՝ Յովնան Եպս. եւ Հ. Մանուէլ Վրդ. կը մեկնին Ս. Ղազարէն Թրանսիլվանիա, ուր տեսնելով ժողովուրդ ին հետաքրքրութիւնը՝ նամակներով կը պնդեն ու կը պահանջեն Մխիթարէն Այբենարան ու Քրիստոնէականի գիրք։ Մխիթար կը խոստանայ կատարել անոնց փափաքը, ու «Գիրք Առաքինութեանց» հատորներու տպագրութենէն անմիջապէս ետք՝ կը մտած է տպել Վարդան Վրդ. Յովնանեանի անտիպ Քրիստոնէականը, սակայն դէպքերն այնպէս կը բերեն որ չի կրնար իրագործել փափաքը։

/75/ Բարոյական ստիպողութիւններու տակ էր, ուրեմն, Մխիթար, եւ ինքզինքը պարտական կը զգար այս գործին։ Անկախ Թրանսիլվանիոյ պահանջէն, Մխիթար իր աշակերտները ղրկելով Արեւելք, գլխաւոր նպատակ ունէր «կրթելոյ զմանկունս… ի յուսումն գրոց եւ ի յերկիւղ Տեառն, ի վարժումն քրիստոնէականի վարդապետու– թեան» [29]. միաժամանակ հետամուտ էր, անշուշտ, տալ անոնց ձեռքը նաեւ դասագիրք մը։

Գիրքին պատրաստութեան Համար Մխիթար ձեռքի տակ ունէր իրմէ առաջ կատարուած հրատարակութիւնները, ըլլայ Ոսկան Վարդապետինը (տպ. 1670), ըլլայ Բարսեղ Հոլովինը (տպ. 1680) եւ ուրիշներ։ Բացի Հայկական օրինակներէն, Հռոմէն բերել տուած էր իտալերէն եւ լատիներէն նորագոյն հրատարակութիւններ [30], «եթէ ունիցիս ընդ քեզ դրամ, կը գրէ Մխիթար Հռոմ՝ իր աշակերտներէն մէկուն, զչորս գիրք Քրիստոնէականի վարդապետութեան գնեսցես ի Փռօփականտայէն, եւ կազմած լիցին, եւ յորժամ Հաւատարիմ բերող լինիցի՝ յղեսցես առ մեզ» [31] ։ Երբ Ս. Ղազարէն կանցնի Պաղտասար անունով մէկը, Մխիթար տեսնելով անոր ձեռքը իտալերէն կամ լատիներէն Քրիստոնէականի նոր գիրք մը, որ կրնար ծառայել իր պատրաստելիք հատորին, կ՚առնէ զայն ձեռքէն, խնդրելով որ Հռոմ դարձին՝ ուրիշ մը ճարէ [32] ։ Եթէ օրը օրին հետեւելու ըլլանք Մխիթարի կեանքին, շուտով պիտի արդարացնենք տարիներու այս յապաղումը։ 1721ին կը խոստանայ տպել Քրիստոնէական գիրքը, ու միայն 1725ին կը յաջողի լոյս ընծայել զայն։

Գիրքը կը բաժնուի երկու մասի. սկիզբը ունի Այբենարան մը (էջ 1-74), որուն կը յաջորդէ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը:

/76/ Այսպէս բաժնած է, որպէսզի հայ մանուկը նախ սորվի կարդալ եւ ապա սերտէ քրիստոնէական ճշմարտութիւնները, որոնք գրուած են դիւրին եւ մերձենալի ոճով։ Այս նոր հատորը կու գայ անդամ մը եւս երեւան հանելու եւ խիթարի ունեցած առաքելական մեծ հոգին. վաճառաշահութեան համար չէ որ՝ հազար զբաղումներու մէջ՝ կը հրատարակէ այս գիրքը, այլ նկատած իր ժողովուրդին հոգեւոր ծարաւը, կը մատուցանէ անոր հոգեւոր բաժակը։

Վանքիս ժամանակագիրը կը գրէ «յամի յայսմիկ (1725) «Քրիստոնէական վարդապետութեանց գիրսն արար Աբբայ Հայր մեր եւ ի տպագրութիւն ետ, եւ առաքեալ սփռեաց յազգի մերում ի յօգուտ մանկանց եկեղեցւոյ» [33] ։ Պէտք է շեշտենք «առաքեալ սփռեաց յօգուտ մանկանց եկեղեցւոյ» բառերուն վրայ, որոնք կը համապատասխանեն Մխիթար Աբբահօր գոհունակ խօսքերուն՝ թէ «Աստուծով լաւ տարածեցան գրեանքն աստ եւ անդ», գրուած առ Պր. Մէլիք Խալտարեան, որ կը գտնուէր Սուրաթ (Հնդկաստան) [34] ։

Տպագրուած է 2000 օրինակ, 500 աւելի՝ քան միւս գիրքերու տպաքանակը։ Առաջին երկու տարիներուն (1725–1727) արդէն կը սպառի շուրջ 500 օրինակ, որոնցմէ մաս մը անձամբ կը բաշխէ ձրի [35], տասական օրինակ կը տրամադրէ առաքելութեան մէջ գտնուող իր աշակերտներուն յարելով՝ «որպէսզի ընծայ տայցէք ոմանց ձերոց ծանօթից եւ բարեկամաց» [36], ու ամէն նամակի միշտ յիշեցնելով /77/ անոնց՝ «ջանա՛ զի ուր եւ շրջիցես անդր, միշտ ընտանեաց տան զՔրիստոնէական վարդապետութիւնն ուսուցանել, եւ լաւ աշխատիլ առ փրկութիւն հոգւոց» [37] ։

Յովնան Եպս. որ երկար տարիներ ապրած է Մխիթարի հետ ու հիացող մը եղած է անոր վրայ, շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ հոգի է առաջնորդուած՝ Մխիթար կը հրատարակէ այս գիրքը, եւ երբ ձեռքը կ՚առնէ գրքոյկը, կը յայտնէ Հռոմէն իր շնորհակալութիւնը՝ գրելով. «ո՛չ միայն վասն ընծային, այլ նաեւ վասն օգտի ազգին, որ ջան եդեալ աշխատիս, Աստուած ընդ երկայն աւուրս արասցէ զքեզ՝ հանդերձ քոյայնօքդ» [38] ։

Շուտով կը ցրուի գիրքը Պոլիս ու գաւառները, Թրանսիլվանիա. էն մինչեւ Հնդկաստան, եւ Մխիթարի կը հասնին գնահատանքի բիւր խօսքեր։ Ամէնէն առաջ` իր իսկ աշակերտները. «զայն տասն գիրք Քրիստոնէական վարդապետութեան եհաս ինձ կը գրէ Պոլիսէն Հ. Պետրոս, 3 փետր։ 1726ին - մեծապէս շնորհակալ եմ, զի կարի է ընդունելութիւն եղեն որոյ եւ շնորհեցի. ես եւս ըստ պատուիրանի վեհանձնութեանդ՝ որքան կարեմ վարդապետեմ զվարդապետութիւն ի գրքանէ յայնմանէ»։ Հ. Յակոբ միայնակեաց, Գաղատիոյ երկար տարիներու քարոզիչը, կը վկայէ՝ թէ «գոհութիւն զկրօնէ մերմէ եւ զգերյարգեցելոյդ այնքան է, զի ի թղթի գրել ոչ կարեմք։ Մանաւանդ մինչ եհաս առ իս ի Գաղատիա 10 «Քրիստոնէական վարապետութիւն, զորս գերյարգելիդ շարադրեալ է, զի բերան ներհակաց մերոց ոչ այլով իւիք խցել կարեմք՝ եթէ ոչ գրեամբք ի քէն շարադրեցելոց» [39] ։

Գիրքին տպագրութենէն անմիջապէս ետք՝ Հ. Միքայէլ եւ Հ. Ստեփան կը մեկնին Պոլիս, տանելով հետերնին նորատիպ մատեաններէն։ Կոլոտ Պատրիարք հրամանագիր հանած էր պետութենէն՝ քննել Վենետիկէն հասնող բոլոր նաւերը։ Կոլոտ լսած էր թէ Մխիթար պիտի տպագրէ Ս. Թոմաս Ագուինացիի գործերը, ու ծարաւով կը սպասէր։ Նաւահանգիստ կը ղրկէ երկու քննիչ, որոնք գիրքերը քննելով՝ թոյլ կու տան դուրս հանել մաքսատունէն. քննիչներէն մէկը, տիրացու Գրիգոր, իբր նուէր կ՚ընդունի նորատիպ հատորեն /78/ օրինակ մը, ու այնքան կը խանդավառուի, որ «կամ ի զբնաւ գրեանսն, որք ընդ Հ. Միքայէլ Վրդին եկին՝ գնել» [40] ։

Կրնանք ըսել թէ Մխիթար լիուլի կը հասնի իր նպատակին, քարոզել իր ազգի զաւակներուն քրիստոնէական վարդապետութիւնը, առանց աղմուկի, առանց ստեղծելու հակառակութեան հոգի, առանց յետին նպատակներու։ Գիրքը տպագրուած է խոշոր տառերով. նուիրուած է գիրքը Հայ մանուկին՝ գիրքին վերջաւորութեան (էջ 302) դնելով տաղաչափեալ վերջաբան մը, հրաւիրելով ամբողջ ժողովուրդը սիրելու եւ սերտելու այդ գիրքը։ «Մատի՛ր, մանկիկ, տիով փոքրիկ Խնդրեա սիրով դու զայս գրգիկ» [41] տարին սկզբնատառերուն մէջ ծածկելով ինքզինքը՝ իբր «Մխիթար Աբբայ որ բնաւից ծառայ». ամէնուն ծառայելու տենչէն մղուած՝ Մխիթար մանուկներէն մինչեւ մեծահասակները կը հրաւիրէ քալել առաքինութեան ճամբէն։ Ու կը գրեն. «վասն այսմ գրական եւս այլոց գրեանց, որք ի ձեռաց քոց ելեալք են, Պատրիարգն (Կոլոտ) կարի յոյժ զգոհութիւնս տուեալ եւ ընդունեալ է ընդ մեծամեծ համախոհ իւր պարօնեօք, մինչ զի մինն նոցին ասացեալ է թէ այն Աբբայն մեր, այն սուրբ Աբբայն ուղղէ զմեզ, զի որպէս գրեանքն, որք ի ձեռաց նորին ելեալք են՝ լուսաւորիչ են Հայոց ազգին. եւ այնպէս բարի վարիւք եւ խոհեմութեամբ շրջելով որդիքն, այսինքն աշակերտք նորին, լուսաւորեն զմեզ» [42] ։

/79/ Դեռ տարիներ ետք՝ ստէպ կը խնդրուի Քրիստոնէականի այս գիրքը, ժողովուրդին բուռն պահանջին համապատասխանելուն համար։ 1736ի Մայիս 23ին Հ. Թոմաս կը գրէ Պոլիսէն. «Գրաբառ Քրիստոնէական վարդապետութիւնն յոյժ խնդրի, վասն որոյ է յղելի». քանի մը ամիս ետք՝ դարձեալ կը յիշեցնէ Մխիթարի թէ «գրաբառ Քրիստոնէական բնաւ ոչ գոյ, եւ յոյժ բազմաց պիտոյանայ վասն տղայոց ուսման, զի ունի զԱյբբենարան յսկիզբն» [43]: Մխիթար կը լսէ անոնց ձայնին, բայց ահա նոր գանգատ մը՝ թէ Այբբենարանով Քրիստոնէականն յոյժ սակաւ յղեալ էք, որք պարտէին յայսմ տեսակէս 400 հատ մի յղիլ» [44] ։

1725ը կրնանք ըսել յաղթանակի ու մխիթարութեան տարի մը է՝ ըլլայ Մխիթարի եւ իր նորակազմ Միաբանութեան համար։ Հրատարակած գիրքը, փոքր է ինքն իր մէջ, սակայն անոր բերած Հոգեւոր պտուղը եւ գտած յաջողութիւնը կը գոհացնէ անոր հեղինակը։ 2000 օրինակները կը սպառին 25 տարուան ընթացքին [45], ու Մխիթար հազիւ վախճանած, 1750ին կը կատարուի նոյնին երկրորդ տպագրութիւնը։

* * *

1725ի Յուլիս ամսուն վերջնական կերպով կ՚աւարտին միաբաններու բնակարաններու շինութիւնները. արդարեւ ուրախութիւն կը պատճառէ տեսնել նոր շէնքերու բարձրանալը Ս. Ղազարի վրայ. տարուէ տարի է՝ ընդարձակուի վանքը, եւ ընդարձակուի գործունէութիւնը։ Շէնքերը աւարտած՝ կը պատրաստուին կատարելու զուարթ նաւակատիքը, երբ յանկարծ կը հասնի բօթը թէ Էրզրումի մէջ՝ Մխիթարի ամէնէն սիրելի աշակերտներէն Հ. Գաբրիէլ, ամբաստանութեան տակ չտոկալով, կնքած է մահկանացուն։ Մխիթարի ուրախութիւնը կը փոխուի սուգի. «մխիթարութիւն մեր ի ողբ փոխեցաւ» [46], «լռեցից աստէն երկարել, զի խորին ենք վէրք իմ» [47] ։

/80/ Կը բազմանան Միաբանութեան անդամները. կը զգացուի կարիքը նոր շէնքի, սակայն նիւթական միջոցները շատ սահմանափակ ըլլալով՝ Մխիթար կը ստիպուի ամփոփել ձեռքը«զբաղմունք իմ կարի բազմացան, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ խարտերնիս ծանրացաւ, եւ հետեւաբար ծանրանայ՝ մինչ միւսքն եւս գան, եւ պատանիքն առաւել ունին զծախս քան զմեծահասակսն» [48] ։ Այս բոլորով հանդերձ՝ Մխիթար կը տեսնէ անհրաժեշտութիւնը լինելու նորահաս մանուկներու բնակավայրը (Նորընծայարան), մեծապէս վստահացած Աստուծոյ օգնութեան վրայ, «որ տայ զկերակուր ձագուց ագռաւուց» [49] ։ 1726ին կը սկսի շինութիւնը, որ արդարեւ սպառիչ է Մխիթարի համար՝ ան բացի քար առ քար հսկելէ լինութեանց վրայ, ունի հոգը նաեւ ամբողջ հասարակութեան, կը կատարէ դասաւանդութիւնները, կը պահէ թղթակցութիւնը իր աշակերտներուն հետ. ու այս ամէնը կրանիթեայ կամքով, որովհետեւ աջէն ու ձախէն կը հասնին սլաքներ։

Այսքան ծանր եւ դժուարին օրերու մէջ, Մխիթար ձեռքէ չի ձգեր գրական գործերը, որովհետեւ Միաբանութեան ծանր հոգերուն հետ միասին՝ իր ուսերուն վրայ կը զգայ ամբողջ ազգինը: 1726–1727-ի ձմեռուան ընթացքին կ՚աշխատի մեղուաջան, որու պատկերը կը գծէ ինքը նամակի մը մէջ. «բազումք գործք իմոց աշխատանաց յառաջացան. քանզի մի հատոր Սրբոյն Թովմայի զԽորհրդոց Եկեղեցւոյ, որ տակաւին սրբագրելի էր՝ սրբագրեցաւ, եւ կարի հարկաւոր իմն էր նաեւ մի աշխարհաբառ Քրիստոնէական շինեցաւ, եւ աշխարհաբառի Քերականութեան մնացորդն լրացաւ…, այժմ գրաբառ Քերականութիւն է ի ձեռն մեր, զոր ջանամ եզերել…։ Նաեւ զՔերականութիւն եւ զբառգրքիկն էնկիւրեցւոց եզերեալ, տուաք եւս տպել, եւ մինչ ի վերջն Մարտի (1727) եզերի տպագրումն։ Եւ բաց յայսմանէ տպագրի եւս այժմ Քրիստոնէականն եւ ընդ նմին բնաւք տաղք յինէն շարադրեցեալք» [50] ։

Այս է ահա՛ ընդհանուր կացութիւնը՝ երբ կը փակ է 1726 տարին, ու յաջորդին արշալոյսին հրապարակ կը հանէ երկու հատոր, երկուքն ալ համեստ, բայց երկուքն ալ գրուած մեծ հոգիով ու մեծ սիրով։

 

ԴՈՒՌՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՌ ԼԵԶՈՒԻՆ ՀԱՅՈՑ (տպ: 1727)

/81/ 1720 թուականին, երբ Հ. Փիլիպպոս Վրդ. կը գտնուի Գաղատիա, տեղւոյն հաւատացեալները դրամական գումար մը կը յատկացնեն Ս. Ղազարի եկեղեցիի նորոգութեան, եւ այդ առիթով կը յիշեցնեն Մխիթարի իր տուած խոստումը, պատրաստելու յատուկ քերականութեան գիրք մը, հայատառ տաճկերէն, իրենց մանուկներուն համար [51] ։ Մխիթար անձամբ կը պատասխանէ անոնց, ու յետ շնորհակալ ըլլալու եղած օգնութեան, կ՚աւելցնէ. «լուայ թէ կարօտիք ուսման հայէվար լեզուի, եւ բաղձանք ունել զգիրք ինչ, որով կարիցէք ուսանիլ. վասն որոյ ջանամ գտանել զժամանակ, զի շինեցից վասն ձեր զգրքուկ մի եւ տպել տուեալ յղեց ից առ ձեզ, զի ուսանիցիք։ Քանզի նաեւ ես յոյժ բաղձամ զի հայ լեզուն տարածեսցի ի միջի ձերում, եւ զի պատրաստ եմ, հանդերձ բնաւիւք աշակերտօք իմովք ծառայել ձեզ ի համայնս պիտոյութիւնս ձեր ի փառս Քրիստոսի, միայն թէ ձերն աստուածսիրութիւն ունիցի ըզմիութիւն սիրոյ եւ զխաղաղութիւնն Քրիստոսի» [52] ։

Զանազան գաղափարներ կը շեշտուին այս նամակին մէջ, որոնցմ է գլխաւորը հետեւեալն է. «նաեւ ես բաղձամ՝ զի հայ լեզուն տարածեսցի ի միջի ձերում», եւ ասոր հասնելու համար՝ Մխիթար ցոյց կու տայ թէ պատրաստ է ծառայելու անձամբ եւ իր միաբաններով, իբր վախճան ունենալով աշխատիլ ի փառս Քրիստոսի»։

Յաջորդ տարիներու ընթացքին գրուած նամակներէն կիմանանք թէ Մխիթար դաշնադրութեան մէջ կը մտնէ գաղատացի Տիրացու Սահակի մը հետ, որ կը խոստանայ մասնակցիլ տպագրական ծախսերուն, յանձն առնելով գնել 300 օրինակ, ու կանխիկ կը վճարէ հարիւր ղուռուշ։ Բայց, Մխիթարի համար, նիւթականէն աւելի դժուարինը՝ ժամանակ գտնելն էր։ «դժուարութիւն սորին է այս՝ զի գտանիցեմ զժամանակ եւ շինիցեմ, եւ յետ գրելոյս եւ լինելոյս՝ /82/ պասմայ լինիլն դիւրին է…, միայն թէ ես ունիցիմ զժամանակ եւ շարադրիցեմ. եւ զի յոյժ ջանամ եւ կամ իմ՝, զի գոնեայ մի ամսոյ չափ ժամանակ բացորոշիցեմ, վասն այսր իրի եւ կատարիցեմ զխնդիր ձեր, եւ յուսամ կատարել» [53] ։ Նոյն այս նամակին մէջ, Մխիթար կը ներկայացնէ ծրագիրը՝ թէ ինչ կերպով պիտի շարադրէ Քերականութիւնը, թէ պիտի ունենայ Սաղմոսի մը մեծութիւնը, պիտի դնէ յաւելուած մը 300–400 Հայ–տաճկերէն բառերու, նմանապէս Հայերէն տաճկերէն ասացուածքներու շարք մը, այնպէս որ նոյն գիրքը օգտակար պիտի ըլլայ ո՛չ միայն գաղատացիներուն, այլ նաեւ շրջակայ գաւառներու հայութեան։

Տիրացու Սահակ Պատկերահան խոստացած գումարը կը ղրկէ Պոլիս. ասիկա բարոյական ստիպողութիւն մը պիտի ըլլար Մխիթարի՝ ձեռնարկելու գործին, մինչ զբաղումները թույլ չեն տար նուիրուելու անոր, ուստի 1723ի Հոկտ. ամսուն կը գրէ Պոլիս, Հ. Պօղոսին. «զայն հարիւր ղուռուշն ետո՞ւն քեզ՝ թէ ոչ…, եթէ տուեալ են եւ առեալ ես՝ լաւ, եւ թէ ոչ են տուեալ, այն եւս լաւ է, քանզի տակաւին զխնդրեցեալ գրքուկն նոցին ոչ եմ եզերեալ, զի զբաղմունքն իմ բազումք են եւ յուսամ այս ձմեռան եզերել». ու տեսնելով որ անկարելի է օրուան մէջ ժամանակ գտնել, կը մտածէ «գիշերն նստելով, ի յոր զբաղմունք ոչ է, եւ եզերել զայն» [54] ։

Գործնականին մէջ ե՞րբ շարադրած է Մխիթար Քերականութեան այս գիրքը, յայտնի չէ Մխիթարի նամակներէն։ 1726ի Յունիս ամսուն Հ. Ստեփան Ս. Ղազարէն ճամբայ կ՚ելլէ Արեւելք, իր հետ ունենալով Քերականութեան ձեռագիր օրինակ մը [55] ։ Պոլիս հասնելուն՝ Էնկիւրիի հաւատացեալներուն կը հաղորդէ թէ Մխիթար պատրաստած է Քերականութիւնը եւ փութով պիտի տպագրուի [56], /83/ եւ որովհետեւ կ՚իմանան թէ Հ. Ստեփանի քով կը գտնուի Քերականութեան սեւագիր օրինակը, երկու անգամ նամակով կը խնդրեն Հ. Ստեփանէն՝ ղրկել իրենց։ Հ. Ստեփան կը մերժէ, յուսալով Գաղատիա մտնել փութով եւ անձամբ ցոյց տալ սպասուած հատորը [57] ։

Մինչ այս՝ Վենետիկի մէջ կը սկսի Քերականութեան տպագրութիւնը։ Մխիթար 20 Նոյեմբեր 1726 թուակիր նամակով կիմացնէ Հ. Եղիա Վրդ. ի՝ թէ «յաւուրս յայսոսիկ սկսանելոց եմք տպել տալ»: Դեկտեմբեր 9ին դեռ գիրքը չէ սկսուած տպուիլ, այլ «մերձ է սկuումն տպագրեցման». ու վերջապէս տպագրուած գիրքին անուանաթերթին վրայ կը կարդանք «Յամի Տեառն 1727, Հունվարի 29», ինչ որ տպագրութիւնը աւարտելու թուականը կ՚ուղղենք նկատել, որովհետեւ 1727 Փետրուար 8ին, Հռոմէն, Յովնան Եպս. արդէն իսկ ստացած է գիրքը եւ նոյն թուականով կը հասցնէ Մխիթարի շնորհակալութեան ձայնը՝ գրելով. «յոյժ ուրախ եղէ վասն աշխարհօրէն Քերականին եւ այլոց իրացն պիտանաւորաց ի նմին, մանաւանդ վասն էնկուրցոց եւ նմանեաց նոցին ողորմելեացն. վասն որոյ նախ քան զնոսա, որք զնա վայելելոցք են, մատուցանեմ գերյարգելւոյդ զշնորհակալութիւնս»։

Բոլոր այս մանրամասնութիւնները գիտնալէ ետք՝ դիւրին է այլ եւս լըմբռնել գիրքին Յառաջաբանը, որ կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Բազմիցս մեծաւ աղաչանօք խնդրեցաւ յոմանց բարեպաշտից, զի շարադրիցեմ զհոլովից անուանց… եւ ես ոչ ունելով զժամանակ արարի զվաղարկութիւն զամս բազումս, եւ վերջապէս ստիպեցեալ ի թախանձանաց, ձեռն արկի ըստ դոյնոյ կարի իմոյ վերագտնել զինաւորեցեալս կանոնաւորմունս…»։

/84/ 150 էջով գրքոյկ մըն է տպագրուածը. չենք գիտեր տպաքանակը։ Դաշնադրութեան համաձայն, Մխիթար փոխան հարիւր ղուռուշին՝ Էնկիւրի կը ղրկէ երեք հարիւր օրինակ, աւելցնելով 150 նորատիպ աշխարհաբար Քրիստոնէական վարդապետութիւն. սա վերջիններէն 117 հատը կազմուած են Քերականութեան հետ, իսկ 33ը անկախ։ Գիրքերու ծրարները Ս. Ղազարէն ճամբայ հանած ատեն, Մխիթար դարձեալ կը գրէ Գաղատացիներուն, յանձնարարելով սորվիլ եւ իրենց զաւակներուն սորվեցնել թէ՛ հայերէն լեզուն եւ թէ՛ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ըսելով թէ Քերականութեան գիրքին պատրաստութեան համար «կարի յոյժ աշխատեցայ», ինչպէս նաեւ տպագրութիւնը եղաւ դժուարին «զի շարադրութիւնն տաճկերէն գոլով՝ բազմացաւ աշխատանքն շարողին զգիրս տպագրութեան» [58] ։

Մեր այս զանազան տեսութիւնները գեղեցիկ կերպով կը համադրէ վանքիս Ժամանակագրութիւնը գրելով. «Յաի յայսմիկ (1727) Աբբայ Հայր մեր, զաշխարհ արար Քերականութիւն ինչ հայկական բարբառոյս մերոյ, զոր արար, ի հագարացւոց բարբառն հեղեալ եւ զգումար բառից բարբառոյս մերոյ, եւ բառիցն հագարացւոց թարգմանաբար հանդէպ միմեանց կարգեալ, ի տպագրութիւն ետ, յաղագս գաղատացւոց, որք ի կանուխ ժամանակաց զխօսիլն ի հայ բարբառ ի բաց թողեալ մոռացեալ էին եւ միայն ի հագարացւոց բարբառն խօսէին, որպէսզի վարժութեամբ մանկանց նոցա ի գիրս յայս, վերստին նորոգեսցի եւ հաստատեսցի առ նոսա ի հայ բարբառ խօսիլն։ Ընդ գրոյս այսմիկ արար զ«Քրիստոնէական վարդապետութիւն» ինչ է ռամկական բարբառ յաղագս աշխարհականաց, եւ զայն եւս ետ տպագրել, որպէսզի յարեւելս ի յԱնկիւրիա եւ յայլ տեղիս առաքեալ սփռեսցի ի յուսումն մանկանց ազգիս մերոյ, ի փառս Քրիստոսի» [59] ։

ԳԻՐՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԱԴՐԵՑԵԱԼ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՌԻՒ ԼԵԶՈՒԱՒ (տպ: 1727)

1725ին, Մխիթար գրաբար լեզուով հրատարակած էր Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, բայց իր «վաղեմի» բաղձանքը մնացած էր անկատար։ Տարիներէ ի վեր Մխիթար երազած էր աշխար/85/հաբար լեզուով բացատրել քրիստոնէական վարդապետութիւնը՝ ամենախոնարհ դասակարգին եւ հայ մանուկին։ Իր այս մաքուր փափաքը կը յայտարարէ նորատիպ Քրիստոնէական գիրքին Յառաջաբանին («Բան առ ընթերցօղս») առաջին տողով. «Ի բազմաց հետէ ըղձայի զքրիստոնէական վարդապետութենէ զոմանս հարկաւորս ուսանելիս աշխարհաբառիւ լեզուաւ շարադրել», բայց խուլ երկիւղ մը զինք կը կասեցնէր, թէ մի գուցէ յանկարծ աշխարհաբար լեզուով արտայայտուելուն համար «եպերիցի յոմանց». սակայն մտածելով թէ գրաբար Քրիստոնէականը արդէն հրատարակած է եւ գրագետ դասակարգը կրնար գոյանալ անով, ժողովուրդին համար անհրաժեշտ կը տեսնէ պատրաստել աւելի մատչելի հատոր մը, ուստի «ի բաց ձգելով զկասկածանս եպերանաց՝ ձեռն արկի շարադրել աշխարհաբառիւ լեզուաւ զայս»։)

Համառօտ կարծուած աշխարհաբար Քրիստոնէականը արդիւնք է երկար տարիներու փորձառութեան. Մխիթար եղած էր քարոզիչ, ապրած ժողովուրդին ծոցը, թափանցած անոր պահանջներուն մինչեւ խորը, ըմբռնած էր թէ առանց քրիստոնէական վարդապետութիւնը ուսուցանելու՝ հայը չէ կարելի պահել իր հոգեկան բարձրութեան վրայ, ու երբ կ՚ամփոփէ ձեռքերը քարոզութենէն ու կը կղզիանայ Ս. Ղազարի անապատը, առիթը ներկայանալուն՝ կը յանձնարարէ ո՛չ թէ միայն իր աշակերտներուն, այլ նաեւ հաւատացեալներուն, հոգ եւ փոյթ ունենալ քրիստոնէական ճշմարտութիւնները սորվեցնել իրենց զաւակներուն, որովհետեւ ինչպես զինուորը երբ կը փափաքի իր զաւակը իրեն նման տեսնել կ՚աւանդէ անոր իր փորձառութիւնը, այնպէս հաւատացեալ ծնողքները պէտք է սորվեցնեն իրենց մանուկին քրիստոնէականը, եթէ չեն ուզեր օր մը տեսնել զանոնք հեռու իրենց նախնիքներու հաւատքէն «յայսմիկ ամ ի զմի աշխարհաբառ Քրիստոնէական վարդապետութիւն շարադրեցի, նաեւ ետու տպագրել…, եւ դու որքան կարես՝ ուր եւ իցէ, այնց՝ որք ոչ գիտեն, ջանա ուսուցանել զհարկաւոր մասունս հաւատոյ, եւ զպատուիրանս Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ, նաեւ զշահաւէտութենէ առաքինութեանց եւ զգարշութենէ մոլութեանց, զի այսոքիւք առաւել լինին պտուղք ի հոգիս» [60] ։

/86/ Մխիթար Աբբահօր թողած ձեռագիրներուն մէջ պահուած է տպագրուած աշխարհաբար Քրիստոնէականի բնագիրը, ոչ՝ մէկ, այլ՝ երկու օրինակ, մին նախագիծ է եւ երկրորդը՝ մաքուր օրինակը։ Երկուքին համեմատութենէն կարելի է տեսնել թէ որքան մեծ խնամքով աշխատած եւ ընդարձակելով կատարելագործած է։

Նախագիծ օրինակը պատրաստուած է ուսուցիչին համար։ «յորժամ բերին մանկունքն ի ուսումն գրոց, նախ պարտի ուսուցիչն այսու աշխարհաբար լեզուաւ առնել զայսոսիկ հարցումս որք հետեւին»: Մխիթար կենթադրէ որ մանուկը անում է, ու հայերէն լեզուն սորվելէ առաջ՝ նախ պէտք է գիտնայ քրիստոնէական վարդապետութիւնը, եւ ապա անցնի լեզուի ուսուցումին։ Եւ իրապէս համառօտ նախագիծ օրինակը կ՚աւարտի հետեւեալ կերպով. «Յայսմիկ տեղւոջ ապա սկսանիցի ուսուցիչն ասել տալ մանկանն «Խաչ, օգնեա՛ ինձ», եւ առաջադրեսցի նմա զայբ եւ բեն, որ հետեւի, եւ յորդորեսցէ զմանուկն լաւ ուսանիլ զհեգելն եւ զընթեռնուլն, զի յետոյ կարիցէ առաջադրիլ ինքեան ուսումն քրիստոնէականի վարդապետութեան, ուր կատարեալ վերահասու լինի ամենից հարկաւորաց մասանց հաւատոյ եւ քրիստոնէականի կրօնի, որով ժամանիլ կարիցէ վախճանին առ որ ստեղծեալ է, այսինքն՝ յաւիտենականի երանութեան. ամէն»։ Այս վերջաբանէն կը տեսնուի որ Մխիթար ծրագիր ունեցած է գիրքին կցել Այբենարանը, որպէսզի հայերէն լեզուին տիրանալով՝ ինքնաբավ ըլլայ սերտելու Քրիստոնէականը։

Նախագիծին վրայէն Մխիթար հիւսած է ընդարձակը, եւ որ տպագրած է չնչին փոփոխակներով։ այսպէս սկիզբը զանց ըրած է խորագիրը «Քրիստոնէական վարդապետութիւն համառօտ եւ աշխարհաբար ոճիւ շարադրեցեալ ի օգուտ մանկանց եւ պարզամտաց անձանց». երբեմն տպագրութեան մէջ կը տեսնենք նախադասութիւններ, որոնք կը պակսին ձեռագիրին մէջ։

/87/ Գիրքին երկրորդ մասը (էջ 77-130) Տաղարանն է, որ կը պարունակէ 33 տաղեր, յօրինուած Մխիթարէ, պատանեկութեան շրջանին։ Տաղերէն ոմանց սկզբնատառերը կը կապեն «Մխիթար» եւ կամ «Մխիթար Սարկաւագ»։ Տաղերը հոս հրատարակելու երկու շարժառիթ կը դնէ. նախ «Ի զուարճութիւն մանկանց ուսանողաց զքրիստոնէական վարդապետութիւնն», եւ երկրորդ՝ ինչպէս Բան առ ընթերցօղսի մէջ կը պարզէ, «գիտեմ, զի ի միջոցի այսքանեաց բազմաց ամաց, ի ձեռն անհմտից գրչաց զոչ սակաւ սղալանս պարունակեն նոքին. վասն որոյ նաեւ որքան առ այս ետու տպագրել զսոսին, զի այնպիսի սղալանքն առնիցին»։ Վերջին այս տողերը կը փաստեն՝ թէ Մխիթարի տաղերը իր իսկ կենդանութեան ընդհանրացած էին։

Քրիստոնէական Տաղարանի տպագրութիւնը կատարուած է Դուռն քերականութեան գիրքին տպագրութենէն երկու ամիս ետք, «Յամ ի Տեառն 1727, Մարտի , 1500 տպաքանակով, ինչ որ քիչ ատենուան մէջ կը սպառի, ու 1732ին կը կատարուի նոյնին երկրորդ տպագրութիւնը, նոր յաւելումներով։

Իրական յաղթանակ մըն ալ այս հատորիկին տպագրութիւնն էր՝ Մխիթարի համար. ձեռքէ ձեռք խլելով է որ կը սպառեն առաջին տպագրութիւնը. «որպէս զթութեայ (յ)աբշտակեցին, կը գրէ Հ. Պետրոս՝ Պոլիսէն, եւ եթէ հինկ հարիւր լինիցէր զբնաւն տասական փարայ ծախուէր, թէպէտ ութ ութ փարայ ծախեցինք. որով, ով տէր իմ, որքան կար է՝ փութով յղեսցես զչորս հինգ հարիւր մի, զի կարի ընդունելի եղեւ բնաւից» [61] ։ Նոյնը տարբեր բառերով կը գրէ Հ. Միքայէլ, 8 Դեկտեմբեր 1727ին. «նոր եկեալ Քրիստոնէականն խիստ հաճելի եղեւ, եթէ 4–5 հարիւր ուղարկէր էիք, կու ճաղուպւէր. եթէ կարելի է՝ շուտով ուղարկեցէք»։ Դիւանական թուղթերէ կարելի չեղաւ ստուգել թէ տպագրութենէն ետք իսկոյն Պոլիս քանի՞ օրինակ ղրկուած է, որ 21 Ապրիլ 1728ին Միքայէլ կը գրէ Աբբահօր. «Փոքր Քրիստոնէական ոչ երբեք գոյ. խնդրողք բազումք են»։ Կարինէն կը հասնի մխիթարական լուրը՝ թէ նոր աշխարհաբար Քրիստոնէականը աւելի ընդունելութիւն գտած է քան գրաբար շարադրուածը. «յղեցին առ իս 20 հատ, որ է աշխարհօրէն. արդ՝ երբ տեսին, առաւել ուրախացան ի վերայ սոցա, այլ եւս իւրաքանչիւր /88/ ոք խնդրեն, բայց ոչ գտանեն, ուրեմն հարկաւոր է զի յղիցես հարիւր հատ, զի սովաւ առաւել չափին քան զառաջնովքն» [62] ։

Ու դեռ երկրորդական մանրամասնութիւններ կու գան յայտնել գիրքին ունեցած յաջողութիւնը։ «լսեցի թէ, կը գրէ Պոլիսէն Հ. Միքայէլ, մերձ միոյ նաւապետի 50 աշխարհաբար Քրիստոնէական գոյ, վաճառել կամ ի աստ, արդեօք ուստի՞ իցէ» [63] ։ Տարի մը ետք, 1729ին, Պոլիս Հ. Պօղոսի ականջը կը հասնի թէ Պատրիարքը «ընդ միոյ վանէտկեցւոյ սակ արկեալ է բերել զիւր կամեցեալ գրեանս եւ տալ նմա Ժ–ԺԱ (10–11) չափել, եւ գնել զնոսա» [64] ։ Թէ այս շրջող լուրերը ո՛րքան իրականութեան կը համապատասխանեն՝ չենք կըրնար դրական բան մը ըսել, միւս կողմէ սակայն, ցոյց կու տան թէ իրապէս լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ ին գիրքերը։



[1]     Յովնան Եպս. Եղիայեանի մասին կենսագրական ծանօթութիւններ կու տայ ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ Հ. Գ., Կենսագրութիւններ (Ազգային Մատենադարան ՀԸ), տպ: Վիեննա, 1915, էջ 284–295։

[2]     Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 12 փետր. 1723ին, առ Հ. Պօղոս Վրդ., Պոլիս։

[3]     Հ. Միքայէլ Պոլիսէն, 26 Ապրիլ 1727ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[4]     Յովնան Եպս. Հռոմ Հասնելուն կը գրէ. «Շնորհիւ Տեառն չւեալ ի Վէնէցիոյ, ըննում աւուրն հասեալ ի Անգօնայ» (առ Մ Մխիթար, 27 Մայիս 1724). ուրեմն, Մայիս 3–4ին պէտք է մեկնած ըլլայ Վենետիկէն։

[5]     Թովնան Եպս. Հռոմէն, 27 Մայիս 1724ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[6]     Յովնան Եպս. Հռոմ էն, 23 Յունիս 1724ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ :

[7]     «Յայտ առնեմ եւս զի ցանկ պատմութեանցն գրեալ եւ թողեալ եմ Հայր Թէօդօրոսին մօտն՝ ահաւասիկ յոյժ գլխաւոր սղալանսն ի միջոյ աստ եղեալ տետրիցն հանեալ գրեցի զիւրաքանչիւրսն համարաւ իւրով եւ եդի ներ գրոյս, զի Հայր Մատթէն շնորհ արարեալ զննիցէ զերկոտասաներորդ տետրն եւ զայլսն ի կարգին. եթէ գտցէ զաղաչանս իմն մեծ՝ հանցէ այսու օրինակաւ եւ դիցէ ի չարն, որ տպիցի ներ աւարտմանն». (Յովնան Եպս. Հռոմէն, 16 Սեպտ։ 1724ին, առ Մխիթար, Վենետիկ)։

[8]     Յովնան Եպս. Հռոմէն, 15 Հոկտ. 1724ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[9]     Անդ։

[10]   Թուղթի մը վրայ, Մխիթար նշանակած է հետեւեալը։

      Հաշիւ ընդ Օնանու Եպ. ի 1724

      Մայիսի 1 ետու նմա փոխ 660

      Յուլիսին վասն սթամբային ետու 155

      Սեպտ. 1 վասն սթամբային ետու 294

      Հոկտ. 29 ետու վասն սթամբային 100

      փետր։ (1725) քառասուն գրգից կազմին ետու 24.

                                                                լիրէ 1133

[11]   Մխիթար Աբբայ Վենետի էն, 4 Նոյեմբ. 1724ին, առ Յովնան Եպս. Հռոմ։

[12]   Յովնան Եպս. Հռոմէն, 23 Դեկտ. 1724ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[13]   1725ին, փոխանակ Մխիթարի՝ Խաչատուր Վրդ. կ՚երթայ Հռոմ։

[14]   Յովնան Եպս. Հռոմէն, 15 Յունիս 1726ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[15]   Հ. Յակոբ՝ Կարինէն, 7 Օգոստ։ 1727ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[16]   Հ. Միքայէլ՝ Պոլիսէն, 13 Դեկտ. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[17]   Հ. Պօղոս՝ Պոլիսէն, 29 Ապրիլ 1732ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[18]   «Յարութիւն Արքեպս. 15 օր է որ ի Հռօմայ չուեաց» (Յովնան Եպս. Հռոմէն, 15 Յունիս 1726ին, առ Մխիթար)։

[19]   Յովնան Եպս. Հռոմէն, 21 Սեպտ. 1726ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[20]   Մխիթար Աբբայ, Վենետիկէն, Հոկտեմբեր 1726ին, առ Յովնան Եպս., Հռոմ։

[21]   Մեր գրութեան ամբողջութիւն մը տալու համար, հոս կը ներկայացնենք Յովնան Եպս. ի նամակին այն հատուածը՝ որ կը հայի գիրքին տպագրութեան. «իսկ ի կողմանէ գրքկանն առաջնոյ, տպեցաւ ութն տօգաթ, եւ ոչ ութ ու կէս. այժմ որ տուեալ է ինն տօգաթ, հաճիմ եւ ես, զի տեսցէ վասն իմ զ1000 գրգուկս, որպէս եւ նախ։ Եթէ ոչ կամ իցի տպել վասն իմ Պօռթօլն, տպեսցէ ծախիւք իւրօք վասն իւր եւ շահեսցի զայն, զոր եսն շահելոցն էի։ Զայս առաջադրեալ տեսցես թէ զի՛նչ պատասխանէ։ Քանզի այժմ ոչ է ինձ այնքան փոյթ, որովհետեւ էանց ամառն. այլ եւ ոչ եմ ստոյգ ի կողմանէ սրբագրողին, արդեօք իցէ՞ հմուտ, եւ զսրբագրութիւնն առնէ՞ իսկական հոգաբարձութեամբ՝ որպէս եւ պահանջի. եթէ զայս գիտենայի, զաւելի ծախս քանի մի տօգաթիցն ոչ հոգայի». (26 Հոկտ. 1726ին, առ Մխիթար Արբայ)։

[22]   Յովնան Եպս. Հռոմ էն, 14 Դեկտ. 1726ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[23]   «Դաշտիկ»ի ձեռագրին Համար Յովնան Եպս. 8 փետր. 1727ին կը գրէ Մխիթարի. «աստի եկող չկայ որ զգրգուկն ուղարկէի. թերեւս մինչեւ ի մասն լինիցի ոք…, միւս գրգուկն եւս հասուցանեմ՝ նմա (Խաչատուր Վրդ. ին) ի մէջ պասուցն»։ Մարտ 1ին գրած նամակով կ՚իմացնէ՝ թէ ճամբայ հանած է ձեռագիրը։

[24]   Պետրոս Վրդ. գուցէ ըլլայ Թիֆլիսեցին, զոր 172Տի Յունուարին կը գտնենք Հռոմ։ Յովնան Եպս. կը գրէ Մխիթարի. «Տէր Պետրոսն չուեաց աստի եւ գայ այդր. ես իւրեան աստ բան մի չետու, ինքն եւս ոչ կամ ի առնուլ զայս գրեցի առ քեզ՝ զի յատկաբար խօսեսցիս ընդ նմա ի կողմանէ իմմէ, եւ ստիպմամբ տայցես զգրեանս անկազմս յիւրաքանչիւր տեսակացն, որքան եւ համարիս թէ բաւական է ի վարձ սրբագրութեանն». (10 Յունվար 1728)։ Մխիթար կու տայ 12 օրինակ «Դաշտիկ ծաղկալի»:

[25]   Յովնան Եպս. ի փափաքին համաձայն՝ Մխիթար Պոլիս կը ղրկէ գիրքերու ծրարը, որպէսզի անկէ ղրկուին Թօխաթ, ինչ որ «խիստ դժուարին է ուղարկելն, եւ եթէ հնար լինի ուղարկելն, բնաւն ընսուն ղռշի գիրգ է, 7 ղռչ: մագս անէ»։ . Պօղոս Պոլիսէն, 13 Դեկտ. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ)։

[26]   1912ին, Արդուինէն՝ Հ. Ներսէս Ակինեան ձեռագիրը տարած է Վիեննա։ Գիրքին մասին անդրագոյն ծանօթութիւններ տե՛ս ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆ Հ. Գ., Անդ, էջ 293–295։

[27]   Տէր Յովհան անուն քահանայ մը, 1729ի Յունուար 8ին, կը գրէ Մխիթարի՝ թէ նամակ ստացած է Յովնան Եպս. էն, որ կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնը, թէ Հռոմ էն գացած է «Նապոլի, անկից գնաց Մեսինէ, անկից գնաց Կիրիտ, Կիրուտու գնաց Աղեքսանդրիա»։ Տէր Յովհան չէ յիշատակած Յովնան Եպս. ի նամակին թուականը, ու մենք կը համարինք որ գոնէ ամիս մը առաջ գրուած ըլլայ. ուրեմն՝ մինչեւ 1728 Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսները դեռ ողջ էր: Մխիթար պէտք է Ապրիլին (1729) իմացած ըլայ Յովնան Եպս. ի մահը, բայց թէ ի՛նչ աղբիւրէ իմացած է, կարելի չեղաւ ստուգել։ 1729ի Ապրիլ 21ին Մխիթար կը գրէ Պոլիս՝ Հ. Եղիային. «մեր աշնան Եպս. ն որ չուեալ ի Հռօմայ, գնաց ի կողմանս Անտիօքայ, ի հասանելն Յիսկէնտրին, հիւանդացեալ է, եւ անտի չուեալ ի Լաթաքիա, եւ անդ զկնի ոմանց աւուրց վախճանեալ է»։ Այս մանրամասնութիւնները թերեւս կու գան ճշտելու Ս. Դաւիթեանի (DAVIDIAN S., Biografia di S. B. Abramo Pietro I. ... Cairo 1861, pp. 68) եւ Գալէմքեարեանի (Ազգ. Մտնդ։ ՀԸ, էջ 294–295) կարծիքները, որոնք Յովնան Եպս. ի մահը կը դնեն ի Փայաս՝ Կիլիկիոյ մէջ, կտակը հոն գրուած ըլլալուն համար։

[28]   Հ. Եղիա Վրդ. Վենետիկ էն, 26 Հոկտ. 1718ին, առ Մխիթար Աբրայ, Վենետիկ։

[29]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 12 Մարտ 1720ին, առ Հաւատացեալս Կեռլայի։

[30]   Մխիթար մանր գործերու Համար կը դիմէր Հռոմ բնակող Յովհաննէս Պատկերահանի. շատ հաւանաբար դիմած է նաեւ այս անգամ Քրիստոնէականի գրքեր ստանալու համար։ Չունինք Մխիթարի նամակին պատճէնը։ Յովհաննէս կը պատասխանէ անուղղակի կերպով. «նաեւ զայս եւս մտադիր եմ վասն Քրիստօնէական վարդապետութեան գրեանցն…, եթէ լինի այնպիսի ոք որ գայ ի յայն կողմն, եղելոց եմք»։ (16 Սեպտ։ 1724)։

[31] Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 31 Դեկտ. 1723ին, առ Տէր Յակոբ Էրզրումցի, Հռոմ։

[32] Այս մանրամասնութիւնները եւ եզրակացնենք Յոհան Եպս. ի 16 Սեպտ. 1724 թուակիր նամակ էն, գրուած առ Մխիթար, «Լաւ ես արարեալ զՔրիստոնէականն առնուլ ի Պաղտասարէն վասն պիտոյից. յորժամ գայցէ տամ նմա զայլ» (Հռոմ էն)։

[33]   Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի, Ժամանակագրութիւն վանացս, էջ 328։

[34]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, Մայիս 1725ին, առ Պր. Մէլիք Խալտարեան, Սուրաթ։

[35]   1725 Ապրիլ ամսուն աւարտած է Քրիստոնէական գիրքին տպագրութիւնը: Նոյն տարին «Սուրբ տարի» հռչակուած ըլլալով, բազմաթիւ հայ ուխտաւորներ արեւելքէն կ՚երթային Հռոմ, անցնելով Ս. Ղազարէն։ Մխիթար անոնցմէ շատերուն բաժնած է նորատիպ գիրքէն. ուխտաւորներէն Մահտեսի Սահակ կը գնէ տասը օրինակ։ Մխիթար ընծայած է նաեւ Սարգիս եւ Յարութիւն Եպս. ներուն՝ մէկական օրինակ, որոնք կը գտնուէին Հռոմ. վերջինս կը գրէ։ Մարաշն եւս մի Քրիստոնէական վարդապետութիւն կու խնդրէ հրամանուցէդ, զերէ Սարգիս Եպս. ին օղարկածդ քովս էր, կարդացի, տեսաւ, թողութիւն անես»։ (24 Նոյեմբ. 1725)։ Մխիթար փոխանակ մէկի՝ կը ղրկէ երկու օրինակ, ու կը ստանայ Յարութիւն Եպս. ի շնորհակալութեան գիրը. «բերաւ... երկու Քրիստոնէականն, մինն ես առի, չէն կենաս, եւ միւսն ետու Մարաշին» (5 Յունվ։ 1726)։

[36]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 16 Սեպտ. 1725ին, առ Հ. Միքայէլ Վրդ., Պոլիս։

[37]   Անդ։

[38]   Յովնան Եպս. Հռոմ էն, 7 Նոյեմբ. 1725ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[39] Հ. Յակոբ՝ Գաղատիայէն, 24 փետր. 1726ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[40] Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 22 Սեպտ. 1725ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։ Հ. Միքայէլ Վրդ. ի 14 Նոյեմբ. 1725 թուակիր նամակին մէջ ալ կը շեշտուի նոյնը. «խօսք գոյ թէ Պատրիարգն (Կոլոտ) միջնորդութեամբ ումեք կամ ի գնել» Վենետիկէն հասած գիրքերը։ Ամիս մը ետք, 23 Դեկտ. 1725ին, նոյն Հ. Միքայէլ կը ծանուցանէ Մխիթարի թէ ծախու գիրքերը «միջնորդութեամբ եւ Հաճի Պալիին տուաք Շապան Օղլի Սառաֆի Տիրացու Գրիգորին, աջ բազկի Պատրիարգին. գրեթէ ի կողմանէ Պատրիարգին առին. տակաւին զգինն չեմք առեալ այնու թէութեամբ առին՝ զի թարց կամեցման տայցեն, որք են իբրու հարիւր եօթանասուն եւ ութ բոլոր»։ Գիրքերը յանձնելէն երեք ամիս ետք՝ կը վճարուի Հ. Պօղոսի հարիւր բոլոր, ու յաջորդաբար (վեց ամիս ետք) մնացածը։

[41] Հ. Միքաէլ Վրդ. ի. Պոլիս գտնուած շրջանին՝ կը ներկայանայ պատանի մեր ու կը յայտնէ փափաք Վենետիկ երթալու, աշակերտելու Մխիթարի։ Հ. Միքայէլ կը փորձէ տղուն ուշիմութիւնը, «մի օր զօտանաւորն, որ ի վերջն Քրիստոնէական, Մատիր մանկիկն ի բերան առեալ կարաց (ուսանիլ)»։ (16 Նոյեմբ. 1726)։

[42]   Հ. Պետրոս Վրդ. Պոլիսէն, 3 Փետր. 1726ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[43]   Հ։ Թոմաս Վրդ. Պոլիսէն, 22 Սեպտ։ 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ

[44]   Հ. Թոմաս Վրդ. Պոլիսէն, 29 Հոկտ. 1736ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ

[45]   1725-1727 տարիներուն, երկու հազար օրինակներէն ցրուած է 424 հատ ու մնացած 1576 Հատ։ 1728–1738ի շրջանին ծախուած է 775 Հատ։ 1739–1748 տարիներուն ցրուած է 361 օրինակ, ու մնացած է միայն 437 օրինակ։ Նկատի առնելու ենք որ երկու տարի ետք՝ Մխիթար պիտի հրատարակէ աշխարհաբար լեզուով Քրիստոնէական մըն ալ, որ պիտի վերահրատարակուի 1732ին։

[46]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկ էն, 8 Յուլիս 1725ին, առ Հ. Պետրոս Վրդ., Պոլիս։

[47]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 11 Յուլիս 1725ին, առ Հ. Յակոբ Վրդ., Պոլիս։

[48]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 10 Դեկտ։ 1725ին, առ Հ. Պօղոս Վրդ., Պոլիս:

[49]   Անդ։

[50]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 18 Փետր։ 1727ին, առ Հ. Եղիա Վրդ., Պոլիս:

[51]   «… գաղատացի առաջակայ ոմն եղբայր ազնուազարմ, որ կոչի Գրիգոր չէլէպի, խնդրէ... զՔերականութիւն, զոր խոստացեալ է ձեր, հայէվար եւ տաճկէվար. որքան եւ փող գնայ պատրաստ եմք, վճարել ում եւ հրամայիցէ տալ եւ յորժամ, այսպէս ասեն լինել եւ ստամբան տալ 300ի չափ։ Կարի աղաչեն, նաեւ ես աղաչեմ, եթէ հնար է, զի խիստ բաղձան հայերէն խօսիլ»։ . Փիլիպպոս Գաղատիայէն, 5 Դեկտ. 1720ին, առ Մխիթար)։

[52]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 1721ին, առ Հաւատացեալս Գաղատիոյ։

[53]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 1723ին, առ Տիրացու Սահակ Պատկերահան, Էնկիւրի։

[54]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 8 Հոկտ։ 1723ին, առ Տիրացու Սահակ Պատկերահան, Էնկիւրի։

[55]   «Մերձակայ օրերս կամ իմ զմի գիր գրել առ Պատկերահան Սահակն, եւ ծանուցանել զՔերականութեան ընդ իս գոլն»։ . Ստեփան Պոլիսէն, 10 Հոկտ. 1726ին, առ Մխիթար)։

[56]   Այս ծանօթութիւնը քաղած ենք Հ. Ստեփանի նամակէն, գրուած Պոլիսէն՝ 29 Դեկտ. 1726ին, առ Մխիթար։ «Ի Յէնկիւռոյ ընկալայ զգիր մի պատասխանի իմոյ գրոյս, նորում դրեալ էին այսպէս. Շնորհակալ եմք զԱբբայէն, որ ի կատար հասուցեալ է զմեր վաղեմի բաղձացեալ Քերականութիւնն. 300 Հատ մի խոստացեալ է յղել. երանի թէ շուտով տպիցիւր»։

[57]   Հ. Ստեփան կը խոստանայ անձամբ Գաղատիա տանիլ Քերականության ձեռագիրը, սակայն զանազան պատճառներով չի յաջողիր Պոլիսէն փութով մեկնիլ, եւ երբ գաղատացիները կը պնդեն ունենալ ձեռագիրը, Հ. Ստեփան տարակոյսի կը մատնուի, ու խորհուրդ կը հարցնէ Մխիթար Աբրահօր, ընդունելով սա պատասխանը. «Ծանուցեալ ես էնկիւրեցւոց թէ ընդ քեզ է Քերականութիւնն բարւոք է, բայց թէ զքեզ կոչեսցեն՝ զի ուսուսցես, սակայն եթէ միայն զքերականութիւնն պահանջիցեն՝ առանց քեզ, համարելով թէ ինքեանք կարեն չափիլ զիմն յայնման է թարց քեզ, զի՞նչ առնել պարտիս, ի հարկ է ստիպեալ ի խնդրոյ նոցին՝ պարտիս յղել։ Եւ թէպէտ լաւն այն է զի ոչ յղիցի, բայց եթէ լինիցի յղել՝ ծանո՛ թէ սոյնս մուսաւէտէն է, եւ այլ առաւել լաւ է այն որ տպեցեալ լինի…, բայց եթէ հարկիցիս եւ յղիցես, համբերութիւն»: (9 Դեկտ։ 1726):

[58]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 20 Մայիս 1727 ին, առ Գաղատացիս։

[59]   Հ. Մատթէոս Եւդոկիացի, Ժամանակագրութիւն վանացս, էջ 345։

[60]   Մխիթար Աբբայ՝ Վենետիկէն, 5 Մայիս 1727 ին, առ Հ. Յակոբ Վրդ., Էրզրում։ Նիւթիս ամբողջութիւն մը տալու համար՝ մէջ կը բերենք նոյն գաղափարները ունեցող նամակի հատուած մը, գրուած Մխիթարէ, 10 Դեկտ. 1726ին, ուղղուած Տրապիզոնի հաւատացեալներուն. «Դարձեալ աղաչեմ զձեզ, եղբարք, կարի հոգ եւ փոյթ տանիլ առ ի ուսուցանել որդւոց ձերոց զքրիստոնէական վարդապետութիւն, եւ այնպէս դիք ի մտի, զի զոր ինչ եւ առնիցէք որդւոց ձերոց զուսումն բարի, ոչ այնքան կարէք բարերարել` որքան կարէք այսու զի քրիստոնէականի վարդապետութիւն ի միտս որդւոց ձերոց տպաւորիցէք։ Վասնզի այնպէս անօգուտ է քրիստոնէին սնուցանել զորդի քրիստոնեայ առանց ուսուցման քրիստոնէականի վարդապետութեան, որպէս անօգուտ է զինուորին սնուցանել զզինուոր որդի առանց ուսուցման արհեստի զինուորութեան»։

[61]   Հ. Պետրոս Վրդ. Պոլիսէն, 20 Փետր. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[62]   Հ. Յակոբ Վրդ. Կարինէն, 19 Մարտ 1729ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[63]   Հ. Միքայէլ Վրդ. Պոլիսէն, 13 Դեկտ. 1728ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։

[64]   Հ. Պօղոս Վրդ. Պոլիսէն, 15 Նոյեմբեր 1729ին, առ Մխիթար Աբբայ, Վենետիկ։