Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ

1. - Տոհմը - Տեսանք այս տոհմին մեծ շառաւիղը` Մագիստրոսը։ Գրական սպասէն դուրս մեր եկեղեցական աւագ դէմքերէն ան ունի շքեղ ներկայացուցիչներ։ Կը յիշեմ Լամբրոնացին՝ հայ հին մատենագրութեան ամենէն լայնատարր միտքը։ Շնորհալին միջին օրն է այս երկու ծայրայեղութիւնները համադրող։ Մագիստրոսի հետաքրքրութիւնը, Լամբրոնացիի մտքին լայնքը, իր մէջ կը վերածուին իր մակդիրը արդարացնող արիստոտելեան չափին։ Արդար միջինին (le juste milieu) դէմքն է անիկա։ 

2. Կրթութիւնը. Պէտք է յիշել, որ ԺԱ. դարը իմացական կենդանութեան մեծ ապացոյցներ տուած է մեր պատմութեան։ Ասողիկի առթիւ ես խօսեցայ ստեղծուած այդ շարժումէն։ Ծանօթ ենք Մագիստրոսի հիմնած կրթական հաստատութիւններուն, դպրոցներուն։ Տոհմին աւանդութեանցը մէջն է ուսումին հանդէպ սա խանդավառ կեցուածքը։ Յատուկ խնամքով, Ներսէս աշակերտած է Հայոց կաթողիկոսութեան մայր դպրանոցին։ Եւ ինչպէս ինքը կը վկայէ, իր մեծ եղբայրը բացառիկ խնամք է տարած իր վրայ։ Իր մէկ գործը, զոր կ՚որակէ « Վիպասանութիւն », արդիւնք «համբակ–տիոց» (իրն են բառերը), աշակերտական ոտանաւոր մը չէ մինակ, այլ նաեւ փաստ մը, թէ ի՛նչ ոգիով եւ ի՛նչ իտէալներով այդ պատանին կը մեծնար իր ժողովուրդին սպասին համար։ «Շնորհալի» մականունն ալ դպրոցական վերադիր մըն է, հաւանաբար քանի որ զայն կը գտնենք մէկէ աւելի մարդոց քով, որոնք իրեն ընկերակիցը եղած են ուսմանց մէջ զոր յետոյ իր գործունէութիւնը լուսաւորող պատմութիւն մը նուիրագործած է միայն, իր անձին եւ հանճարին ներդաշնակ շաղապատուքովը կնքաւորելով այդ գեղեցիկ բառը։ 

Ի՞նչ կրնար ըլլալ այս տղուն սորվածը եթէ ոչ ժամանակին ընթացիկ կրթութիւնը, պակաս՝ Հելէներէնէ։ Ինք կ՚ըսէ տեղ մը  թէ Աթէնք չէ գացած եւ թէ Հոմերական վարժութիւններ չունի, ակնարկելով անշուշտ յունարէնի իր անգիտութեան։ Այս շքեղ մտքին սա հզօր պակասը եթէ չէ վնասած անոր բանաստեղծական հանճարին, աղէտալի եղած է անոր մտքին զարգացմանը։ Այս պակասին կը պարտինք իր գեղեցիկ լեզուն եւ իր մտքին միջակութիւնը։

3. Գործունէութիւնը. Պատմութենէն գիտենք, թէ անիկա մատաղ հասակէն օգնականն է իր եղբօրը, որ զինք ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, գործածելու համար անոր շնորհները, մա՛նաւանդ քաղցրութիւնը, կեդրոնական Աթոռին բազմապահանջ կարիքներուն հայթայթումին համար։ Յորովայնէ ընտրեալ եկեղեցականն է անիկա, եթէ կը ներուի այդ բացատրութիւնը, եկեղեցական մը որոշադրող բոլոր բարձրագոյն առաքինութեանց շտեմարանը։ Քաղցրութիւն, բարութիւն, ժուժկալութիւն, պարզութիւն, սիրելու կարողութիւն, եւայլն, եւ այլն։ Կը յիշեմ իր կենսագրին մէկ բառը, որով անոր նկարագրին այս կողմը անխորտակելի կերպով կը մնայ մեր մտքին մէջ. զինքը բարկացնողի մը անիկա կ՚ըսէ. « Սէ՛ր, պիտի բարկանայի քեզի, եթէ ինծի չխնայէիր »։ Աւելի քան 40 տարիներ, մինչեւ իր եղբօրը մահը, անիկա հոգին էր այդ կաթողիկոսարանին, որ, թափառական բերդէ բերդ, Հռոմկլայի անջրդի ժայռին վրայէն պատասխանատուութիւնը ունի աւելի քան տարտղնուած հօտի մը յանձանձումին։ Կիլիկիա, Կապադովկիա, Մեծ-Հայք, Միջագետք, Եգիպտոս, Պաղեստին, հո՛ն՝ ուր այս ժողովուրդը ունի իր գաղթականները, կաթողիկոսին կողմէն Ներսէսն է, որ պիտի երթայ, պիտի սփոփէ, յուսադրէ, պիտի փրկէ յոյներէն, արաբներէն, թուրքերէն, ներքին ցեղերէն ամէն օր հալածական իր դժբախտ ժողովուրդը։ Եկեղեցականի անոր ճկունութիւնը, համոզկեր հեղինակութիւնը այնքան է, որ անոր կը յանձնուի դժուար առաքելութիւնը պառակտուած Կիլիկեան իշխանութիւնը հաշտութեան մը մօտեցնելու Թորոսն ու Օշինը Միջնադարեան այդ կատաղի ասպետները հաճեցնելով իրարու, մէջտեղէն վերցնելու համար աղէտալի պառակտումը։ Ուշագրաւ է Պոլսոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, իր ազդած հմայքովը։ Ծանօթ է Ալեքսիսի հետ իր խօսակցութիւնը, եւ ասոր հետեւանք ընդարձակ էջը « Խնդրոց պատճառաբանութիւնք » անունով, որ երկու քույր եկեղեցիներուն ցանկալի միութիւնը ունէր իբրեւ հեռաւոր նպատակ։ Իր եղբօրը մահէն ետքը, Լուսաւորչի գահին վրայ գահակալ. պաշտօն՝ զոր կը վարէ եօթը տարի, մինչեւ իր  մահը։

Այս պատուական դէմքին վրայէն կը զատեմ շեշտ գիծերը իր  նկարագրին

ա. Կրօնաւորի

բ. Ազգային գործիչի,

գ. Մատենագրի։  

Հիմնական այս տարրերէն կազմուած դէմքը կը զատուի ընթացիկ թիփ էն անո՛վ, որ բոլոր այդ գիծերը կը համախռնուին, կը ներդաշնակուին առանց մէկուն կամ՝ միւսին զանցումին կամ նուաղումին։ Քաղցը ու մեծ կրօնաւոր մըն է, հասկցող, ազդեցիկ, հաշտարար գործիչ մը։ Ներշնչեալ, բարձրաթռիչ գրագէտ մը հաւասարապէս։

ա. Կրօնականը

Իր կեանքին մէջ ես տուի պատկերը կէս դարում, որ անցած է կաթողիկոսարանին մեծ շրջանակէն ներս։ Թէ՛ իբրեւ իր եղբօրը օգնական եւ թէ իբրեւ գահակալ, անիկա ունի անառարկելի գեղեցկութեամբ գործունէութիւն մը, որուն պատկերը չէ աղօտած դարերու ճնշումովը։ Հաւատք, բարութիւն, խոհեմութիւն, զգաստ կեանք, քաղցր արժանապատուութիւն, բեմերու վրայ Աստուծոյ խօսքը մեկնելու սրտաշարժ խորութիւն, թեմէ թեմ, երկրէ երկիր կրօնական առաքելութիւնը կրելու հեքիաթունակ գեղեցկութիւն։ Զուր տեղը չէ, որ մեր եկեղեցին սրբացուցած ըլլայ զինքը։ Արիւնի նահատակութեան հետ մտքի սա նահատակութիւնը ես կը բերեմ դէմ դէմի։ Ինչ փաստ, որ մինակն է մեր մատենագիրներէն, որուն գործը բացառաբար կառուցուած, շրջանակուած ըլլալ միայն ու միայն կրօնական նկատումներէն։ Քերթուած, մեկնութիւն, թուղթ դաւանաբանութեան, բոլորին մէջ ալ առաջին գծին կ՚երեւայ կրօնաւորը։ Եւ եթէ զինք զետեղենք իր շրջանին մէջ այնքան դժուարութեանց կարիքներուն դիմաց, կը հասկցուի, թէ ի՛նչ սրբազան խորութիւններ, ի՛նչ աստուածային շնորհներ նպաստած են լինելու այս կաղապարը։ Շնորհալի, մեր հայրապետներուն շարքին մէջ, ամենէն իրաւ կրօնաւորն է, բառին տալով Ժ. դարու երանգ, այսինքն՝ մարդը, որ փրկութիւնն է զանգուածին, սփոփանքը՝ տառապածներուն, խելքի եւ կեանքի ուղեցոյցը՝ տգիտութեան մէջ թաւալող ամբոխներուն։ 

բ. Գործիչը.

ԺԲ. դարը դժուարագոյն դարերէն մէկն է Հայոց Պատմութեան։ Բեմին վրայ են երեք մեծ ժողովուրդներ՝ թուրքը, յոյնը եւ արաբը Եգիպտոսով։– Մեծ Հայաստանը ընկղմած է թրքական ալիքներուն մէջ։ Տաւրոսի կարկառներուն վրայ, հերոսական, դժնդակ ճիգերով, ոտքերը անդունդին, ունինք իշխանութիւն մը։  Եւ, ինչպէս ինք՝ Շնորհալի կը պատկերէ, «իբրեւ զայծեամն հալածեալ յորսորդաց» կաթողիկոս մը, որ պիտի աշխատի թէ՛ իր թագաւորին գահը եւ թէ հայրապետութեան աթոռը ազատելու այդ գազաններուն ժանիքէն։ Կը հասկցուի, թէ ինչ ծանր տուրքեր պէտք է միջամտեն այդ դժուարին առաքելութիւնը ի գլուխ հանելու համար։ Իր թուղթերուն մէջ այդ տուրքերուն փաստը պայծառ կ՚երեւայ մեզի։ Յունաց կայսեր հետ իր թղթակցութիւնը ապացոյց է, թէ ո՛ր աստիճան հեղինակաւոր ազդեցութիւն մը կրցած է ձեռք ձգել դարաւոր ատելութեամբ մը մեզի դէմ կարծրացած Պոլսոյ աթոռին մէջ։ Վասնզի իր մահը բռնի վկայութիւն մը կը խլէ կայսեր բերնէն, երբ անիկա կը խոստովանի, թէ «Եկեղեցին Քրիստոսի, շատ մեծ, շատ զգաստ զգայարանք մը կորսնցուց»։ Իր մահը ցոյց կը տրուի իբրեւ պատճառ, որով Արեւելքի այս երկու եկեղեցիները չեն հասնիր իրենց ցանկալի միութեան։ Բայց իր կեանքը այդ միութիւնը յարդարող գեղեցկագոյն պողոտան չեմ վարանիր անուանելէ։ Յիշեցի իր կեանքին մէջ հաշտարարի իր դերը Ռուբինեանց գժտութեանց ընթացքին Թորոսի եւ Օշինի խնդիր։– Կ՚աւելցնեմ, որ Ասորիքէն, Աղուաններէն, հեռու գաւառներէ անհատներ, իշխաններ, պատրիարքներ չեն վարանիր իր խելքին ցուցմունքներուն դիմել, երբ ատոր պէտքը կը զգան։ Շնորհալի կը գրէ ամենուն, կ՚ուղղէ, կը թելադրէ, կը կազմակերպէ։ Եւ եթէ նկատի ունենանք, որ կաթողիկոսական աթոռը գերի աթոռ մըն է Հալէպի սուլթաններուն ենթակայ, եւ թէ անիկա պատրաստ է հասնիլ իր ժամանակին ալ գոյութիւն ունեցող սփիւռքին Եգիպտոսի մէջ 30, 000 հայութիւն մը ունինք այդ օրերուն բայց մա՛նաւանդ Մեծ Հայքը, բաժան-բաժան պատռտող թուրք աւատապետներու տակ իսկապէս գերի մեր ժողովուրդին կրօնական պէտքերուն, այն ատեն կ՚ունենանք մօտաւոր պատկերը սա կիսադարեան գործունէութեան շարժական մասին։ Շնորհալին մեր կրօնական գործիչներէն ոչ ոքէ վար է, եթէ այս բառը կը նշանակէ ընթացիկ կարիքներու գոհացում, ինչպէս են արդէն ստուար թիւով Լուսաւորչի գահուն իշխանաւորները։

գ. Մատենագիրը ։ 

Բայց ինչ որ Շնորհալին եզակի կ՚ընէ մեր կաթողիկոսներու շարքին մէջ, ան ալ իր մատենագրական վաստակն է, կրօնաւորի, հովուապետի, գրագէտի անխառն վաստակ մը։

Շնորհալիի մէջ մատենագիրը կը յայտնաբերէ շքեղ յատկանիշներ՝ 

1. Գործնական զգայարանք,

2. Բարձր կրօնազգած ոգի,

3. Մարդերու խոր ճանաչողութիւն,

4. Բանաստեղծական աւիւն,

5. Խորազննին դիտողութիւն եւ ապրուած բարոյախօսութիւն

6. Սքանչելի ճկունութիւնով ոճի զգայարանք մը,

7. Քերթողական հզօր շնորհներ (սիրտ, երեւակայութիւն, խոյանք, միտք, քնքշութիւն, յուզում),

8. Իմաստասիրական ոգի,

9. Գերազանց հասկացողութիւն (բոլոր հարցերու, որոնց  կը մօտենայ),

10. Կառուցման բնազդ (հարցեր, վարդապետութիւններ շինելու եւ զանոնք ուրիշին մատուցանելու),

11. Ոճ (որ համադրութիւնն է իր ժամանակին)։, - 

 

4. Համադրութիւն դէմքին 

Հովուապետ, սրբազգեաց վանական, ամենահաս գործիչ եւ բարձր ներշնչումներով թրթռուն այս դէմքը ինծի կը յիշեցնէ Գ. եւ Դ . դարու յոյն եւ լատին եկեղեցւոյ մեծ հայրերը։ Ինչպէս նաեւ իր ժամանակուան կրօնական մեծ կարգերու հիմնադիրներու Դոմինիկեան, եւայլն նկարագիրը։ Ազնուական իր արիւնը, դժուար պայմաններու մէջ իր ստացած ընդարձակ եւ գեղեցիկ փորձառութիւնը, զանգուածին վրայ իր ազդելու սքանչելի եղանակները, հոգիները ուղղելու, խանդավառելու երկնանուէր իր եռանդը, խօսքի, արարքի, մա՛նաւանդ մտածման իր պերճ տուրքերը, եկեղեցական նուիրապետութեան մէջ արդիւնալից իր կէս դարը, մանաւանդ իր շրջապատին վրայ իր անձին սրբազան հեղումը, ճառագայթումը, մտքիս մէջ կը դիզուին, որպէսզի ինքզինքս զգամ ճշմարիտ սուրբի մը ոլորտին մէջը իր պատկերին դէմ։ Ան մարդկային է՝ ինչպէս երկնային, կը գոհացնէ երկինքին հուրքովը տարուած աղանդաւորը՝ ինչպէս իմաստի ու ձեւի հետամուտները, արուեստի հետամուտները։