Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾՈՎՆ

Ծովն ալ` նըման ցամաքին, ունի պէս-պէս թըռչուններ,

Իւր փըրփուրին պէս ճերմակ, իւր ալեաց պէս սրընթաց.

Ծովն ալ` նըման երկընքին, ունի պէս-պէս տեսիլներ.

Եւ չը գիտեմ, թէ ի ջո՞ւրս կամ բընակի յա՞մպս Աստուած։

 

Ես յո՜յժ սիրեմ ծովն աղի, յոյժ աղկիովն, յոյժ փըրփուր,

Մըտնեմ ի նաւ սըրտատրոփ, տենչայի ցանգ նաւարկել.

Խայտան ալեակք Պոսֆորին, յորժամ տեսնեն փոքր իմ կուր.

Զինեւ շարժուն շըրջանակ գան կազմել հաւք եւ երգել։

 

Մոռնամ, թէ կան ընդ ինեւ մութ ալք, նըհանգք, ահ եւ մահ.

Կապոյտ կոհակք, հաւք ճերմակ, ա՛յնք իմ աչաց երեւին,

Եւ ինձ թըւի, թէ հոգւոյն իմոյ աննիւթ եւ անմահ`

 

Տեսանելի հատուածք են զըւարթ թըռչունք հարաւին

Եւ հիւսիսին շոյտ ալիք. թ՚է փըրփուր` սուրբ ճանապարհ,

Յորում հոգին Աստուծոյ շըրջի` սաստեալ մըրըրկին։

16 Մարտ 1886

(Երկրագունտ, 1888, էջ 456)