Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՏԱՍՈՒՕ՜Ք

Երգո՞վ։ Հոգիս ըզգայուն յոյժ է ձայնի,

Եւ եթերին յարամայիս գաւառներ

Փոխադրեն զիս բանիցդ, երգոցդ հո՜ւր վանկեր,

Այլ երգով չէ՜, որ պիտի սիրտս նըւաճի։

 

Գիրո՞վ։ Հրայրքն է դըպրութիւնն իմ յաւէտ,

Եւ մանանայն են իմ մըտաց քո գըրուածք,

Յորըս գոգցես խօսին ինքեանք իսկ աստուածք.

Այլ ո՛չ գըրով նըւաճի սիրտս սիրաւէտ։

 

Յորժամ յաչուիդ շողայ սիրո՜յն արտասուք,

Մունջ, սուղ, անգոյն, այլ անպատիր հաւաստիք,

Ոյր մօտ են ձիրք ու ցոյցք ամէն սընոտիք,

Յայնժամ, դըշխո՛յն սրտիս դու, ես` քո ըստրուկ։

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1916-20, էջ 15)