Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՕԹՔ

Ալ չեմ ուզեր, ալ չեմ կրնար

Ըզքեզ խաբել, ամբիծ հոգի՛.

Թո՛ղ ինձ, եթէ այսքա՜ն երկար

Զքեզ պատրանօք որորեցի։

 

Սուրբ բուրվառին իսկոյն հանգոյն,

Պարուրաձեւ, կապուտագեղ,

Ի խորոց քո պայծառ հոգւոյն

Վերուղղեցայ յերկինս, անե՜ղ։

 

Այնքան էին համեղ քո բանք,

Քո կացք այնքա՜ն ըզմայլելի,

Եւ սրտառուչ այնքա՜ն նայուածք,

Զի ցարդ, ո՜վ իմս… զքեզ խաբեցի։

 

Գընայր Աղօթքդ, հաւատա՛ միշտ,

Անսայթաք մինչ վերին երկինք,

Ուր երազէք, կեանքն է անվիշտ,

Ուր համէք, յար, աստուածայինք։

 

Այլ… խի՛ց ականջդ, ո՛վ հրեշտակ…

Ես ըսեմ, դուն, ո՜հ, մի՛ լըսեր.

………………………………………

Երկինքն յաւէտ գըտայ դատարկ

………………………………………

Ունա՜յն Աստուած, եւ ունա՜յն Սէր…։

Մեղա՜յ Տէր։

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, Տարի 1915, էջ 240)