Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՒՆԿ [1]

ԱՌ ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

Անունդ անլոյծ, Հո՛ւնկ, կապուեցաւ

Երկաթակազմ անթեւ թըռչնոյն

Ծանր ո՛ւ թեթեւ, տափակ կըլոր,

Որ սողալով սատանարա՜գ

Թըռցունէ մարդն երկրէ յերկիր,

Շուտամոլիկ մարդն այս դարուն

Կենցաղատենչ այլ դառնավի՜շտ.

Անունդ անոր, Հո՛ւնկ, կապուեցաւ։

 

Որո՞ւն արդեօք, մենէ որո՞ւն

Շարեցիր դու գըրուածն անձկոտ,

Որ յանըզգայս աչացըդ տակ

Մարմին առաւ` հրապոյր համա՜կ,

Թեւն հոգիիդ շուրջը ձըգեց,

Միտքդ իւր հերաց մէջ բոլորեց.

Մըթի՜ն տեսիլ, սարսուռ անծա՜ն

Հոգիդ ու միտքդ, ո՜հ, ունեցան…։

 

Մըթի՜ն տեսիլ այս աշխարհիս,

Ուր գիծն ուղիղ ու ծուռ լեզուն

Տիրապետեն եւըս քան զեւս։

Քաղաքները` քարերո՜ւ կոյտ.

Երկաթն ամէն ինչ կը պատէ,

Մինչեւ անգամ սի՜րտը կընոջ։

Միտքըդ` հերաց մէջէն աղջկան,

Ամէն ինչ մութ տեսաւ ւ՚ ունա՜յն։

 

Եւ անծանօթ սարսուռ մ՚երկար

Պըտըտեցաւ հոգւոյդ մէջ կոյս`

Քայքայմա՜ն ցուրտ սարսուռն էր այն։

Նիւթը հիմայ զքեզ կը սեղմէր.

Յամր, անողոք, կըրծէր հոգիդ.

Ւ՚ որպէս զի որսն ըլլայ պարարտ,

Սեւ տա՛ռերուդ, սեւ օրերուդ

Մըթութիւններն հոն կը կըռէ՜ր։

 

Տըպարանէն տուն քու ճամբադ,

Մութ խորշերէն մըթին քո խուց,

Թըւէր երկար հիմայ ճամբադ։

Խութ կը զգայիր, փոս` ոտքիդ տակ.

Գըլորէիր ու գայթէիր։

Անցորդներուն, պարիսպներուն,

Ճակտին խորշոմքը դիտէիր.

Կարդայիր նո՛յն մըտածումն հոն։

 

Երիտասարդ, դեռ սեւահեր,

Հաճոյքդ հիմայ, հաճոյքդ ա՜յն էր,

Հիւա՜նդ հաճոյք, խորշո՜մ դիտել։

Դու փոսահատ մ՚եղար ճակտի.

Միշտ աւելի սուր նայուածքիդ

Բըրիչի ձեւ տըւիր, ու միշտ,

Միշտ փորեցիր ձիգ խորշոմներն

Մահկանացուաց ճակտին վըրայ։

 

Նոճեաց ներքեւ մեր ճակատներ

Մութ առաւել են քան այլուր.

Ու տատրակաց թեւքն ըսպիտակ

Թանձրագոյն եւս երեւցընեն

Գիծերն նըսեմ մեր ճակատուց։

Ճերմակ թեւոց ու թուխ ոստոց

Ընդմէջ յառաջ տարիր յամառ

Փոսահատի գործդ, Հո՛ւնկ, տենդո՜տ։

 

Վարդավառ մերթ այտերու հո՜ւրն

Արշալուսոյ մը ծաւալով

Փոսերուդ մըռայլըն հրդեհէր։

Հողը վարդին վրայ կու տայիր.

Արշալոյսին, այտին վըրայ,

Համբոյրներու խոստմանց վըրայ,

Ուրուագրաց վրայ երանութեան

Մութ փոսին հողը ծածկէի՜ր…։

 

Այսպէս, ամէն պայծառութեանց

Ընդդէմ, ընդմէջ աշխատեցար,

Հո՛ւնկ, մահաշուք վաստակդ ահե՜ղ։

Նաւուն կաթէ ծիրն ի ծովուն,

Յերկինս անհուն ծիրն ա՜յն կաթին,

Փոսահայեաց փորող աչերդ

Ո՛չ եւս, աւա՜ղ, այլ յանկուցին,

Ճակտին սե՛ւ ծիրն, ա՜յն միայն կար։

 

Եւ օր մըն ալ, մոլորելո՜վ

Տըպարանին ուղիղ ճամբէն,

Դաշտաց ուղին դու բըռնեցիր։

Յառաջ մատեար… մօտ սեւ գըծին,

Զոյգ սեւ գըծին անշարժ, անվե՜րջ.

Քե՜զ Աստուծոյ ճակտին խորշոմք

Սեւ անվախճան գիծքն այն թուեցան

Բըրի՛չդ ու բահդ, ո՜ փոսահատ։

 

Բըրիչդ առիր ու բահդ, Հո՜ւնկ, Հո՜ւնկ.

Քո Արարչի՜ն ճակատն իսկ դու

Պիտի փորել յանդըգնէիր…։

Պատուհա՜սը սուլեց սուրաց`

Շոգեշարժ կառքն անիծապա՜րտ…։

Եւ անունդ, Հո՜ւնկ, Հո՜ւնկ, կապուեցաւ

Երկաթուղւոյ սեւ գըծերուն,

Մութ մեր դարուն եւ Աստուծո՜յ…։

(Մասիս, 24 Յունուար, 1892)



[1]            Ողբացեալ Հունկ գրաշարին վրայ երկրորդ բանաստեղծութիւն մ՚է այս։ Առաջինն «Երկրագունտ» Հանդիսին մէջ հրատարակուեցաւ։ Ընթերցողք կը յիշեն, թէ Հունկ գրաշարն իր չարատանջ հէգ գլխիկն ի Գում-Գամփու երկաթուղւոյ գծին վրայ դրաւ ի հանգի՜ստ…։