Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՐՏՄՈՒԹԻՒՆ

Զըւարթութիւնն ո՞ւր բընակի.

–Բնութեան ի ծոցն` ի Մայիսի.

Լալով ծընի մարդ, այլ տարերք`

Գարնան` խինդ են համակ եւ երգ։

 

Զըւարթութիւնն ո՞ւր բընակի.

–Բնութեան ի ծոցն` յԱլէմտաղի.

Լալով ծընի մարդ, այլ անտառք

Նորափըթիթ տան երկնից փառք։

 

Զըւարթութիւնն ո՞ւր բընակի.

–Բնութեան ի ծոցն` ի Կէօք-Սույի.

Լալով ծընի մարդ, այլ վըտակ

Նորափըրփուր նուագէ յալեակ։

 

Զըւարթութիւնն ո՞ւր բընակի.

–Բնութեան ի ծոց` Մօտա-Պուռնի.

Լալով ծընի մարդ, այլ հող, ծով,

Փարին` նո՜ր կեանք աւետելով։

 

Զըւարթութիւնն ո՞ւր բընակի.

–Բնութեան ի ծոցն, ի Մեծ-Կղզի.

Լալով ծընի մարդ, այլ յուշի՜կք

Զարթնուն զըւարթ յուշկապարի՜կք…։

***

Այսպէս ըսին, եւ գընացի,

Բնութեան ի ծոցն որոնեցի

Զըւարթութիւնն, որ իմ սըրտէն

Խոյս է տըւած անհետօրէն…։

 

ՅԱլէմտաղի գնացի, յանտառս,

Սոխակաբոյն յոստախիտ ծառս.

Եւ տրտմագին ոմն անդ հեծէ՜ր.

«Պէշիկթաշլեանն աստ, ա՜հ, շընչէր…։

 

Ի Կէօք-Սույի գնացի, յառուակս.

Առուափին վրայ` աչկունքն յալեակս`

Արտասուագին ոգէր ոք նուագ.

«Ալթըն թօփրա՛գ, Իւսթիւն եափրա՜գ…. ։

 

Ի Մեծ-Կըղզի գնացի, յալիս,

Մըշտադալար յանո՜յշ սոճիս.

Եւ զողբ թըռչնոյն լուայ սիրագութ.

«Անիծեա՛լ լեր, որսողդ անգութ…»։

 

Մօտա-Պուռնի գնացի, ի ժայռս.

Դիտէի զծով լա՜յն` յեց ի ծառս.

Եւ ջուրց խորէն ձա՜յն կոչէր զիս.

«Ո՜ խօսեցեալդ իմ, ե՞րբ իմ գիրկս…»։

***

Ամենուրեք է տրտմութիւն,

Որորանէն մինչեւ տապան.

Ո՛չ բընութիւն ո՛չ մարդկութիւն

Զըւարթութիւն ինձ տալ կըրնան։

Եւ ո՛ր կոչէ զիս ի խորոց,

Նիրվանան է` հանգի՜ստն հոգւոց…։

(Երկրագունտ, 1884, էջ 203)