Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՅՐՔ ՄՈՒԹԻՆ

Ա.

Ծածկըւելու տենչ մ՚ախտագին

Զիս ատեցող ըրաւ արփւոյն.

Բռնաւոր պէտք, սէր կաթոգին

Կը զգայ սիրտն իմ առ մո՜ւթ, լո՜ւռ բոյն։

 

Արգանդին մէջ մղձկեալ տըղան,

Մարդն, որ ի խոր իջաւ վիրապ,

Մանաւանդ ա՜յն, որ գերեզման,

Կը նախանձի՜մ անոնց, Վշտա՛սպ։

 

Չը ծընած` մօրս ըսի. «միշտ հո՜ն»,

Եւ առ Աստուած յաճախ «Ա՜՛լ հո՜ն».

Արգանդն, աւա՜ղ, բացուեցաւ, փո՜ս,

Գերեզմանին չը՜ բացուիր փոսն …։

 

Արփւոյն կռնակս երբ դարձուցի,

Արփիաշող դէմք մը տեսայ.

Ա՜հ, չեմ ուզեր ինձ դըրացի,

Բայց թէ սե՜ւ խաչդ, երկնից փեսա՛յ։

 

Լուսնի գիշեր ամէն անգամ

Տափակ գըտայ չքնաղ Մոտան.

Վըսեմացաւ այն գամ ըզգամ,

Ագռա՜ւք ծովափն երբոր եկան։

Բ.

Անձա՜ւ մ՚ըլլար բընակարանս,

Ինձ ընտանիք` ցաւո՜տ չըղջկունք,

Յաղթ բոյն մ՚անգեղց` առաջի դրանս,

Միշտ սե՛ւ հողին մած` իմ ծընգունք։

 

Ծովեզերքին` գերեզմանին

Մէջտեղ անձաւ մը խո՜ր ու մո՜ւթ.

Ու տքնութիւնս որորէին

Աղեկիզիկ գեղօնք անգութ։

 

Սեւ իր վէպերն ինձ պատմէ՜ր ծով,

Սեւ իր երգերն ոսկրն ինձ յըղէ՜ր

Սեւ մըրըրկին լեշկ թեւերով.

Ո՜, ճաշակման մահու մեղեր.. ։

 

Այտերուս տակ գանկդ, ո՜վ Մաքրիկ,

Աչքերուս տակ խաչդ, ո՜վ Յիսուս։

Ո՜վ Մաքրուհի, լո՛ւռ քանարիկ.

Խաչեա՜լդ, որ միշտ խնդրես արտսո՜ւս։

 

Ուտեստս ագռա՜ւք դուռնէն տային.

Ու քիրտն սրմոց` ինձ իբրեւ ջուր.

Չըղջկանց թեւերն ալ իմ մարմին

Թո՜ղ ծածկէին։ Իսկ գըլուխս ո՞ւր…։

 

Այլ գլխուդ դուն ունեցա՞ր տեղ,

Փրկի՛չ մարդկան, Տէ՛ր իմ Յիսուս.

Եւ, վերջապէս մահիճդ` այդ նեղ

Փայտը չեղա՞ւ, փայտն, որ յի՛մ ուս…։

 

Եւ այդ շրջեալ Դըրախտին մէջ

Անցնէ՜ր, ո՜հ, կեանքն իմ բովանդակ.

Մինչեւ լեցուէր այդ սընամէջ

Գանկն աղջըկան. վե՜հ նահատակ։

 

Մինչեւ որ գանկդ, առեղծուած` կո՜յս,

Լեցուէր իմ հո՜ւր, հո՜ւր արտասուօք

Ու լեցընէր անձաւս անլոյս

Ու չարչարանքս ոչ տեսնէ՜ր ոք։

 

Քընարիս թելք` թուխ գիսակիդ

Թելերն։ Հըմայրքն` ոյժն իմ մատանց

Գա՜յր վէրքերէն խոցեալ կողիդ,

Տէ՜ր, արիւնէդ` հուպ իմ շրթանց։

 

Եւ Խաչիդ սեւն յար թանձրանա՜ր,

Այնքա՜ն, որ ա՛լ պայծառ թըւէր

Մութն, որ պատէր շիրիմն իմ այր։

Եւ Խաչիդ ոտքն իմ ողբերգներ

 

Այնքան սուր շեշտ մը ստանային

Որ… քարանձաւն հերձեալ բացուէր,

Եւ, երեւո՜յթ նոր` երկնային,

Մոնազն ոչ մարդ, այլ… Աստուած մ՚էր։

 

Տըւայտանաց հըրաշքն է այդ։

Հըրապուրեց զԱստուած, ու Մա՛րդ

Զոր Էն զիջոյց լինել. տըւա՛յտ

Կացուցանէ Աստուած ըզմարդ։


Հասգիւղ, 6 Ապրիլ, 1895

(Անահիտ, նոր շրջան, Ա, տարի, 1929-30 թիւ 1)