Ա.
—
ԲՌՆԱՊԵՏԻՆ
ԱՌԱՋԻՆ
ՔԱՅԼԸ
Վասպուրական
իր
աշխարհագրական
դիրքով
եւ
բնական
գեղեցկութեամբ
չէր
որ
Ապտ-իւլ-Համիտի
ուշադրութիւնն
իրեն
դարձուացած
էր:
Կար
ուրիշ
պարագայ
մը:
Այն
Վասպուրականը
Հայ
Ազգին
տուած
էր
Խրիմեաններ,
Սրուանձտեաններ,
Թօխմախեաններ,
Տէր
Սարգիսեաններ,
որոնք
թէ
Հայ
Ազգին
անկեղծ
եւ
նշանաւոր
գոծիչներ
եւ
թէ
բազմաթիւ
գրքերու
հեղինակներ
եղած
էին,
ուրեմն
Եըլըըզի
բռնապետը
կանխատեսած
եւ
կարծես
թէ
մարգարէացած
էր
որ
Խրիմեանի
եւ
այլոց
օրրան
եւ
ծննդավայր
Վասպուրականն
ունէր
իր
մէջ
եւ
օր
մը
պիտի
տար
նաեւ
Ագրիպասեաններ,
Կիւլագսզեաններ,
Աւետիսեաններ
եւայլն,
որոնք
իբր
նախակարապետներ,
Թուրքիոյ
մէջ
առաջինները
պիտի
ըլլային
Յեղափոխութեան
կարմիր
դրօշակը
պարզողներ,
իր
բռնապետութեան
դէմ
բողոքողներ
եւ
Րայայական
ու
ստրկական
լուծը
թօթուողներ,
եւ
իրենց
անձերը
հայրենիքին
համար
պիտի
զոհաբերէին
Յեղափոխութեան
Ս.
Սեղանին
վրայ:
Անշուշտ
այս
նկատումով
էր
որ
Համիտ
գահը
բարձրանալէն
անմիջապէս
յետոյ
իր
առաջին
քայլը
Վասպուրականէն
սկսաւ,
իր
նպատակն
ըլլալով
այդ
երկրին
մոխրակոյտի
վերածել,
Հայութիւնը
թշուառացնել
եւ
ոչնչացնել:
Անշուշտ
Համիտ
նկատողութեան
առած
եւ
կարեւորութիւն
տուած
չէր
այն
անհերքելի
իրականութեան
եւ
ճշմարտութեան
թէ
ժողովուրդի
զաւակներ
եղած
են
որ
միշտ
իրենց
բռնապետներուն
գահերը
տապալած
ու
իրենց
ազատութիւնը
ձեռք
բերած,
իրենց
մարդկային
իրաւանց
տէր
եղած
են:
Ահա
մենք
Համիտի
այս
թաքուն
մտադրութեանը
եւ
դիւային
գաղափարի
յղացման
արդիւնք
եղող
Վասպուրականի
ահռելի
աղէտներուն,
սրտաճմլիկ
տեսարաններուն
եւ
կսկծալի
դէպքերուն
պատկերներն
են
որ
պիտի
նկարագրենք
ըստ
կարելւոյն:
Վեհապետներ
եւ
թագակիրներ
իրենց
տիեզերակալ
տենչանքներ
իրականացնելու
եւ
կիրքեր
յագեցնելու
նպատակաւ
երբ
ո
եւ
իցէ
կառավարութեան
դէմ
պատերազմ
հրատարակելու
գաղափարը
կը
յղանան
եւ
որոշում
կուտան,
բնա՜ւ
նկատի
չեն
ունենար
թէ
իրենց
առած
քայլին
հետեւանքով,
ո՞րչափ
մայրեր
ու
հայրեր
պիտի
լան,
ո՞րչափ
կտրիճ
հասակներ
իբր
ծաղիկ
պիտի
խամրին,
ո՞րչափ
օճախներ
պիտի
մարին
եւ
տուներ
անբնակ
պիտի
դառնան,
եւ
ժողովուրդին
տնտեսական
վիճակը
պիտի
քայքայի
ու
փճանայ:
Ահա
այդ
տեսակ
ահռելի
պատերազմի
մը
յայտարարութիւնը
կրնար
սեպուիլ
1876ի
ռուսեւթրքական
պատերազմի
յայտարարութիւնը:
Ռուսեւթրքական
պատերազմի
յայտարարարութիւնը
խիստ
դառն
կսկիծով
լսեց
Վասպուրականի
Հայ
եւ
Թուրք
տարրը:
Գոյժը
այդ
տարրերուն
սիրտն
ու
հոգիին
անհուն
ցաւերով
խոցեց
եւ
մռայլ
ամպով
մը
ծածկեց,
իսկ
Քիւրտ
տարրը
անհուն
բերկրանքով
լսեց
այս
յայտարարութիւնը:
Վասպուրականի
Հայութիւնը
լաւ
գիտէր
թէ
այդ
պատերազմին
պատճառաւ
պիտի
հարստահարուի,
կեղեքուի,
տնտեսապէս
պիտի
քայքայուի,
եւ
անլուր
չարչարանքներու
ենթարկուելէն
վերջ
շատ
հաւանական
էր
որ
իր
կորսնցուցած
նիւթական
դիրքին
հետ
օր
մ՚ալ
իր
կեանքը
վրայ
պիտի
տար:
Վասպուրականի
լեռն
ու
ձորը,
դաշտն
ու
բլուրը
եւ
փողոցները
անմեղ
Հայերուն
արիւնով
պիտի
ներկուէին:
Ասոնք
բոլորն
ալ
ճակատագրական
էին
Վասպուրականցիին
համար,
ուզէր
չուզէր
պէտք
էր
համակերպէր,
ուրիշ
միջոց
չկար
եւ
ոչ
ալ
փախուստի
ճամբայ:
Թուրք
տարրը
տարբեր
տեսակէտով
ցաւօք
սրտի
լսեց
պատերազմի
յայտարարութիւնը:
Թուրք
զինուորը
պէտք
էր
երթար
եւ
կռուէր.
ի՞նչ
վստահութիւն
եւ
ապահովութիւն
թէ
ողջ
պիտի
դառնար
պատերազմի
դաշտէն
դէպի
իր
հայրենիքն
եւ
ընտանիքի
ծոցը:
Ուրեմն
Հայ
եւ
Թուրք
տարրի
վիշտերն
եւ
կսկիծներն
այնչափ
շատ
իրարմէ
չէին
տարբերեր:
Վասպուրականի
վաչկատունները
բոլորովին
կը
տարբերէին
Հայ
եւ
Թուրք
տարրէն:
Անոնք
ուրախութեամբ
եւ
սրտի
հրճուանքով
լսեցին
այդ
յայտարարութիւնը,
որովհետեւ
աւարառութեան ,
կեղեքման,
ճնշումներու ,
ոճրագործութեան
ու
մասնաւորապէս
Հայ
տարրը
ոչնչացնելու
բերկրառիթ
ժամն
հնչած
էր:
Քիւրտը
այլ
եւս
իբր
պարզ
մահկանացու
չպիտի
նկատուէր,
Թուրքին
նման
իբր
պահեստի
զինուոր
չպիտի
երթար
թշնամիին
դէմ
կռուելու,
Քիւրտին
ըրած
մեծ
զոհողութիւնն
էր
որ
ինքնաբերաբար
պատերազմի
դաշտը
կ՚երթար
ու
ինքն
իբր
առանձնաշնորհեալ
մը
իր
լեռներէն
մինչեւ
բանակ
ազատ
էր
իր
ուզածին
պէս
շարժելու,
ապրելու,
մէկ
խօսքով
իր
քմահաճոյքին
գոհացում
տալու,
կարծես
իրեն
ֆէրման
մը
տրուած
ըլլար.
հետեւաբար
տուժողն
ո՞վ
պիտի
ըլլար,
Հայը.
չէ՞
որ
այն
«Ֆլայ»
էր,
եւ
խեղճ
հայուն
հարստութիւնն
եւ
տուն
ու
տեղը
«հէլալ»էր,
մանաւանդ
այն
պարագային
որ
Քիւրտը
կ՚երթար
Մօսկօֆին
դէմ
կռուելու:
Ահա
թէ
ինչու
Հայը,
Թիւրքը
եւ
Քիւրտ
տարրը
տարբեր
տարբեր
տպաւորութեան
ներքեւ
լսեցին
Ռուսեւթրքական
պատերագմին
յայտարարութիւնը:
Վանայ
կառավարիչը
Կարնեցի
«Ճէննատզատէ»
Զիա
փաշան
էր
որ
ունէր
նաեւ
Ճէմիլ
պէյ
անունով
28-30
տարեկան
զաւակ
մը:
Ինք
նշանաւոր
գերդաստանի
զաւակ,
բարի,
արդարասէր
եւ
լուսամիտ
մէկն
էր:
Չգիտենք,
դժբախտութիւնը
Զիա
փաշայի՞ն
վերագրենք
թէ
Վասպուրականի
Հայութեան,
որովհետեւ
Զիա
փաշա
Վան
հասնելէն
վերջ
հազիւ
երեք
ամիս
իր
պաշտօնին
գլուխը
կեցաւ,
յանկարծ
անբուժելի
հիւանդութեան
մը
ենթարկուեցաւ:
Վան
գտնուած
բժիշկները
Զիա
փաշայի
երկար
ապրելուն
կամ
ապաքինելուն
յոյս
չէին
ներշնչեր,
այնպէս
որ
ստիպուեցան
Կարինէն
նշանաւոր
բժիշկ
մը
կանչել
հեռագրով:
Դժբախտաբար
եկող
բժիշկը
Վանայ
բժիշկներուն
համակարծիք
գտնուեցաւ:
Ուրեմն
Զիա
փաշայի
մեռնիլը
վճռուած
էր:
Բժիշկներուն
վճիռը
գաղտնի
կը
մնար
փաշային
տիկինէն
եւ
իր
աղջիկներէն.
զաւակը՝
Ճէմիլ
պէյ,
գիակ
էր
բոլոր
անցուդարձերուն:
Վանայ
զինուորական
հրամատարի
փոխանորդն
էր
գնդապետ
Մէհմէտ
պէյ,
ծագումով
Չէրքէզ,
թուխ
մորթով,
դժնեայ
դէմքով,
միջահասահ,
40ը
անցուկ,
յանդուգն,
խռպոտ
ձայնով,
նիհարակազմ
եւ
ջղուտ
մէկն
էր,
կեղծաւոր,
Հայերուն
կատաղի
հակառակորդ:
Այդ
հրեշը
բառին
բովանդակ
նշանակութեամբ
պատուհաս
եւ
աղէտաբեր
եղաւ
Վասպուրականի
Հայութեան: