Ը.
-
ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Ժողովասրահէն
ներս
մտած
պահուս
Տէրվիշ
այնպիսի
դիրքով
մը
նստած
էր
որ,
կարելի
չէր
աչքէ
վրիպիլ.
մինչեւ
այդ
օրը
Տէրվիշ
փաշա
այդ
տեսակ
դիրք
մը
առած
չէր,
եւ
ոչ
ալ
այդչափ
լաւ
տրամադրութիւն
ունեցած
էր։
Թուղթ
մը
կար
ձեռքը։
Աթոռին
վրայ
նստելէս
վերջ
Տէրվիշ
ձեռքի
թուղթը
բացաւ
եւ
գրութեան
ներքեւ
գտնուած
Աշըգեան
Պատրիարքի,
Տաճատ
Վարդ.
ի,
Մամբրէ
Վարդ.
ի,
Սուքիաս
Քահանայի
եւ
լուսարար
Յովհաննէսի
կնիքն
եւ
ստորագրութիւններն
ինձ
ցոյց
տալէ
վերջ՝
քարտուղար
հարիւրապետին
տուաւ
որ
կարդայ։
Թուղթի
պարունակութիւնը
բաւական
երկար
էր,
Հնչակեան
կուսակցութեան
մասին
կը
խօսէր՝
մանրամասն
եւ
նոյն
իսկ
չափազանցեալ,
ցոյցի
նկարագրութիւնը,
վերջապէս
մինչեւ
հոն,
ուր
զիս
կառք
դնելով՝
Յոյնին
տունէն
հեռացուցած
եւ
Սպարապետութեան
Դուռը
տարած
էին։
Մասնաւոր
ճիգ
մը
կար
թափուած,
Հնչակեան
կուսակցութիւնը
նսեմացնելու
եւ
զիս
դատապարտել
տալու.
գրութիւնը
կը
վերջանար
գրեթէ
հետեւեալ
կերպով։
Մեր
այս
ըսածներուն
իրականութիւն
եւ
անսխալ
ըլլալուն
համար,
մեր
խղճի
հանդարտութեամբ
կը
վկայենք,
եւ
եթէ
պէտք
զգացուի,
պատրաստ
ենք
անձամբ
ալ
վկայել։
Մեր
կղերական
դասին
սոյն
վկայութիւնն
օրինաւոր
եւ
կատարեալ
էր
այլեւս,
բնաւ
փախուստի
ճամբայ
չունէի։
Այդ
հռչակաւոր
գրութիւնը
կարդացուած
պահուն
եւ
կարդացուելէն
հինգ
վայրկեան
վերջը
սրահին
մէջ
գերեզմանային
լռութիւն
կը
տիրէր.
գրեթէ
ամէնքն
ալ
գլուխնին
կախած
կը
մտածէին։
Ինչպէս
կ՚երեւէր
ամենէն
շատ
ազդուողն
էր
Ալի
Սայիպ
փաշան։
Տէրվիշ
փաշա
ճիշդ
հնդկահաւերուն
պէս
փքացած,
խրոխտ
դէմք
մը
առած
ու
աչքերը
դէպի
սենեակին
ցեղունը
յառած
սկսաւ
մենախօսել.
«Թող
ամէն
ոք
չկարծէ
թէ
դիւրութեամբ
կարելի
է
աստիճանի
բարձրացում
եւ
պատուանշաններ
ձեռ
բերել.
ասոնք
ամենքն
ալ
գործունէութեամբ
եւ
խելքով
կարելի
են։
Քա՛նի
քա՛նի
դժուարին
գործեր
երեւան
հանած
եմ,
որ
այս
աստիճանին
հասած
եմ.
այդ
տեսակ
գործերէն
մէկն
ալ
այս
էր,
որուն
համար
Ն.
Վեհափառութիւնը
զիս
իրեն
փոխանորդ
կարգեց,
վստահելով
իմ
տաղանդիս
եւ
նրբամտութեանս.
ուրախ
եմ
այսօր
որ
այս
դժուար
գործը
վերջացած
է
այլեւս,
կը
մնայ
պարտ
ու
պատշաճ
տնօրինել։
Տէրվիշ
դէպի
ինձ
դառնալով
ըսաւ.
–
Կարդացուած
գրութիւնը
մտիկ
ըրիր։
Հիմա
կրնա՞ս
այս
վկայութեան
բան
մը
ըսել
եւ
օձիքդ
ազատել։
Տէրվիշ
ոտքի
ելաւ
ձեռքերը
ետին
կապած,
գնաց
պատուհանէն
Պայազիտի
հրապարակը
դիտել։
Տէրվիշ
իր
մենախօսութիւնը
ըրած
միջոցին
շատ
բնական
էր
որ
ես
ալ
ունենայի
իմ
ներքին
մտածմունքներս.
որովհետեւ
ամենասոսկալի
ճգնաժամ
մը
կ՚անցունէի
եւ
ինչ
որ
ալ
մտածէի՝
չէի
կրնար
որոշ
եզրակացութեան
մը
յանգիլ։
Ուստի
Տէրվիշ
այդ
մտածմունքներս
ընդհատելով
ըսաւ.
–
Քու
պատասխանիդ
կ՚սպասեմ,
ըսէ
ըսելիքներդ
որ
լսենք։
–
Ձեր
յատկութիւններո՞ւ
մասին
կուզէք
որ
ես
ալ
քանի
մը
խօսք
ըսեմ։
–
Ինչո՞ւ
չէ՞
–
Այո՛,
ես
ալ
ժամանակին
ձեր
մասին
բաներ
մը
լսած
եմ։
–
Ի՞նչ
լսած
ես։
–
Ալպանիոյ
մէջ
անկարգութիւն
մը
պատահած
է
եւ
անոնց
վրայ
արշաւող
զօրքերու
հրամանատարը
եղած
էք։
–
Այո,
այդ
թէեւ
ինձ
համար
աննշան,
բայց
շատերու
կարծիքով
իիմ
քաջագործութիւններէս
մէկն
է։
–
Բայց
ձեր
կարծածին
նման
գաղափար
կազմած
չեմ
այդ
գործին
նկատմամբ,
այլ
ընդհակառակն
բոլորովին
տարբեր
գաղափար
մը,
ինչ
որ
արդէն
ուրիշները
ներշնչած
են
ինծի։
Ինչպէս
լսած
եմ,
Ալպանիա
երթալով
ի
շահ
Կառավարութեան
ձեր
պաշտօնը
կիրարկելու
փոխարէն,
ընդհակառակն
տարբեր
կերպով
վարուած
էք
այդ
խեղճ
Արնաւուտներուն
հետ։
Ամէն
կողմ
խողխողումի
սրտաճմլիկ
տեսարաններ
պարզած
էք.
աւարի
ու
քանդումի
եւ
արհաւիրքի
յայտնի
ապացոյցներ
ու
նշաններ
թողնելէ
վերջ
մեկնած
էք.
ուստի
ատոր
քաջագործութիւն
եւ
գործունէութիւն
չեն
ըսեր,
այլ
անգթութիւն
եւ
անիրաւութիւն։
–
Բոլորովին
տարբեր
պատմած
են
քեզի,
ըրածնիս
բարեկարգութիւն
է
եղած
եւ
քանի
մը
ըմբոստներ
ձեռք
անցուցած
ենք.
եղածը
այսչափ
է։
–
Ես
ինձ
պատմուածներն
աւելի
հաւանական
կը
նկատեմ
քան
թէ
ձեր
ըսածնիրը,
որովհետեւ
պարագայ
մը
կայ
որ
կը
հաստատէ
թէ
ձեր
կողմէ
գործադրուածը
անգթութեան
արրդիւնք
է։
–
Ի՞նչ
է,
ես
չեմ
յիշեր։
–
Չէ՞
մի
որ
Առնաւուտները
ձեր
մեկնելէն
վերջ
ձեր
զաւակը
ձեռք
անցնելով
իբր
վրէժխնդրութիւն
անոր
մորթը
կը
քերթեն
եւ
կաշիին
մէջ
յարդ
լցնելով
ձեզ
կը
ղրկեն։
Իմ
կարծիքովս
Առնաւուտները
սխալ
մը
գործած
են՝
ձեզ
դէմ
ունեցած
ատելութեան
պատճառաւ
իրենց
վրէժը
ձեր
զաւակէն
չպիտի
լուծէին,
որովհետեւ
ձեր
զաւակը
բնաւ
պարտաւոր
չէր
ձեր
ըրածին
պատիժն
ինք
կրելու։
Ցաւեցայ
ձեր
զաւկին
համար,
թերեւս
անիկա
կրնար
պարկեշտ
մէկն
ըլլալ։
–
Ցաւեցա՜ր,
հէ՞,
կը
հասկնամ
ըսածդ,
բայց
սուտ
է,
այդպէս
բան
չկայ։
–
Ես
արդէն
ականատես
եղած
չեմ,
այլ
ուրիշներէ
լսած
եմ.
Այս
պատմութիւնս
յիշելուս
նպատակն
էր
Տէրվիշի
սիրտը
կսկծեցնել,
եթէ
ոչ
բնաւ
կապակցութիւն
չունէր
խնդրին
հետ։
Արդէն
Աշըգեանի
ղրկած
տեղեկագրէն
ազդուած
էր
Ալի
Սայիպ
փաշա,
իսկ
Տէրվիշի
այդ
գոռոզ
մենախօսութիւնն
աւելի
գէշ
ազդեց
իր
վրայ,
ուստի
խօսքս
իրեն
ուղղելով
ըսի.
–
Փաշա՛
էճէնտի,
կարծեմ
հարցաքննութիւնս
վերջացած
ըլլալով
կարգն
եկած
է
ինձ
վերջին
խօսքս
ըսելու
եւ
ըստ
օրինի
պէտք
է
լսէք։
Ալի
Սայիպ
փաշա
խօսքը
ժողովին
ուղղելով.
–
Ըստ
օրինի
խօսքը
Ճանկիւլեան
էֆ.
ին
է
կարծեմ,
կ՚արտօնէ՞ք
որ
խօսի։
Բացի
Տէրվիշէն
ամենքն
ալ
«Այո՛,
այո՛,
պէտք
է
լսենք
իր
վերջին
խօսքերը»,
ըսին։
–
Ուրեմն
այլ
եւս
գործս
հոս
վերջացած
է
ձեր
միաձայն
հաւանութեամբ,
կարգն
եկած
է
վերջին
խօսքս
ըսելու
Սուլթանին
ներկայութեան.
ուստի
պատրաստ
եմ
Ն.
Վեհափառութեան
ներկայանալու։
Տէրվիշ
փորձեց
վրաս
յարձակելու
եւ
զիս
լռեցցնելու,
ես
առանց
տեղէս
շարժելու
ըսի.
Ժողովը
միաձայնութեամբ
հաւանեցաւ
վերջին
խօսքս
արտասանելու.
դուք
բնաւ
իրաւունք
չունիք
միջամտելու,
քանի
որ
վերջին
խօսքս
ինձմէ
կախում
ունի.
ես
որոշած
եմ
որ
Սուլթանին
ներկայութեան
խօսիմ։
–
Այդ
անկարելի
ըսաւ
Տէրվիշ։
Իսկ
ես
կ՚ըսեմ
որ
կարելի
է։
–
Դուն
ո՞վ
կ՚ըլլաս
որ
Սուլթանին
պիտի
ներկայանաս։
Եթէ
դուն
մինչեւ
այսօր
զիս
չճանչցար
հոն
պիտի
ճանչնաս։
Սպարապետը
մեղմ
կերպով
մ՚ըսաւ.
–
Ձեզի
Սուլթանին
տանելու
համար
մասնաւոր
Իրատէ
մը
պէտք
է։
Չէ՞
մի
որ
Տէրվիշ
փաշա
փոխանորդ
է,
կրնայ
զիս
տանիլ։
–
Ես
փոխանորդ
եմ
ձեզ
հարցաքննելու
համար.
եթէ
ուզեմ
կը
տանիմ.
ձիերուս
ոտքերը
չեն
յոգնիր
եա՜։
–
Քանի
որ
դուք
տանիլ
չէք
ուզեր,
ուրեմն
ես
ալ
այստեղ
խօսիլ
չեմ
ուզեր։
–
Չէ՞
մի
որ
Վեհ.
Կայսեր
երթալուդ
պէս
քեզի
կախելու
Իրատէ
պիտի
ընէ։
Այդ
խօսքը
մեռնելէ
վախցողին
ըսէ։
Սպարապետը
ժողովին
կամքն
առնել
ուզեց
զիս
Պալատ
տանելու
համար.
ամենքն
ալ
մերժեցին։
Առաջին
անգամ
ըլլալով
դադար
տուին
ժողովին.
մասնակի
խօսքերն
ու
համոզելու
փորձերն
ո՛
եւ
է
կերպով
իմ
վրայ
չկրցան
ազդել։
Հիւսէյին
Սըտգին
սկսած
էր
իրենց
յաջողութեան
վրայ
ճառել.
ինք
որ
քանի
անգամներ
հարցումներ
ուղղած
ինծի
եւ
պատասխանը
առած,
դարձայ
իրեն
ըսի.
Լսուած
համբաւիդ
չափ
չես
եղեր,
ո՞ւր
էր
կարողութիւնդ,
ի՞նչ
կրցար
ընել.
զրօ
ես
եղեր
խապար
չունէինք։
Դադարը
վերջացած
էր,
կրկին
ուզեցին
զիս
խօսեցնել.
նորէն
նոյնը
պատասխանեցի.
Տէրվիշ
նորէն
միւսներուն
խօսքը
ընդհատելով
ըսաւ.
–
Քանի
որ
կը
փափաքիս
վերջին
խօսքդ
Սուլթանին
ներկայութեան
ըսել,
անոր
մէկ
դիւրին
միջոցը
կայ.
քարտուղարին
հետ
քովի
սենեակներէն
մէկը
կ՚երթաք
քու
խօսքերդ
թուղթի
մը
վրայ
գրել
կուտաս,
կ՚ստորագրես
պահարանի
մը
մէջ
դնելով
կը
փակես
ինծի
կուտաս
եւ
ես
ալ
հիմա
անիկա
Սուլթանին
կը
տանիմ
ու
պատասխանը
շուտով
կը
բերեմ։
Այդ
ըսածդ
երկար
եւ
ձանձրացուցիչ
կ՚ըլլայ,
հիմա
զիս
կառքը
դնես
Պալատ
կը
տանիս
եւ
խնդիրը
կը
վերջանայ։
Վերջապէս
անկարելի
եղաւ
զիս
համոզել.
Տէրվիշ
ստիպեալ
ըսաւ.
–
Ուրեմն
ես
հիմա
Պալատ
կ՚երթամ
եւ
դիմում
կ՚ընեմ
Սուլթանին.
եթէ
Իրատէ
ընէ
քեզի
Պալատ
կը
տանինք։
Արդէն
Աշըգեանի
ղրկած
տեղեկագրին
պարունակութիւնը
լսելէս
վերջ
ամբողջ
էութեամբս
շանթահարուած
էի,
միշտ
կը
ջանայի
ներքին
ատելութեանս
ու
կատաղութեանս
պոռթկումը
զսպել,
այն
աստիճան
յուզուած
էի
որ
բարկութենէս
կը
դողայի.
բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլար,
ինչ
վիճակի
ալ
ենթարկուէի,
որոշած
էի
մինչեւ
վերջը
պաղարիւնութիւնս
պահել,
որպէս
զիս
յուզումներս
արգելք
չըլլային
զիս
Սուլթանին
ներկայութեան
տանելուն.
արդէն
երբ
յաջողէի
Սուլթանին
ելլել,
այն
ատեն
էր
որ
ամբողջ
ատելութեանս
ու
վրէժխնդրութեանս
մաղձերը
պիտի
թափէի.
ահա
թէ
ինչո՛ւ
ինքզինքս
զսպած,
պաղարիւնութիւնս
պահած
եւ
մինչեւ
խուցս
եկած
էի։
Բօլիս
հասնելուս
պէս
ընկճուած
եւ
խիստ
յոգնած
վիճակով
մը
ինքզինքս
խոտէ
խշտեակին
վրայ
ձգեցի
ու
պառկեցայ։
Չնայելով
որ
տեղեկագրին
ընթերցումը
քանի
մը
ժամ
առաջ
տեղի
ունեցած
էր,
մինչեւ
այն
ատեն
կարծես
տեղեկագրին
ամէն
մէկ
բառերը
շատ
որոշ
կերպով
ականջիս
մէջ
կ՚արձագանգէին
եւ
կը
լսէի։
Տեղեկագրին
ներքեւ
ստորագրողներուն
անուններն
երբ
կը
յիշէի,
խուլ
կերպով
կը
մռնչէի,
սիրտս
կը
գալարուէր
եւ
ձեռքերովս
կուրծքս
կը
տրորէի։
Յուզումս
եւ
բարկութիւնս
իր
գագաթնակէտին
հասած
էր
այլ
եւս.
տեղեկագիրն
իմ
վրայ
այնչափ
գէշ
ազդած
էր
որ.
մտածելէս
ուղեղս
կը
պայթէր,
բայց
ի՞նչ
օգուտ
ձեռքս
ճար
մը
չկար։
Տէրվիշի
ըսած
ճիշտ
էր
այլեւս
փախուստի
միջոց
չկար
ինծի։
Եթէ
խնդիրը
անձնականիս
վերաբերէր,
բնաւ
փոյթս
չէր
եւ
այնչափ
յուզուելու
ու
ինքզինքս
տանջելու
բնաւ
տեղի
չկար,
որովհետեւ
ես
արդէն
օրեր
առաջ
իմ
աչքիս
առջեւ
պատկերացուցած
էի
կախաղանը,
սուր
եւ
գնդակ,
վերջապէս
պիտի
մեռնէի,
ես
այս
համոզման
վրայ
կեցած
էի՝
առանց
մազի
մը
չափ
ընկրկելու։
Զիս
յուզող
եւ
տանջող
պարագան
այն
էր
թէ,
զիս
մահուան
գիրկը
նետելու
ջանքեր
կ՚ըլլային
իմ
ազգիս
Պատրիարքէն,
վարդապետներէն
եւ
քահանաներէն.
բնական
է
որ
ասոնց
փոխարէն
եթէ
ըլլային
քանի
մը
Նաթուրեաններ
ես
այնչափ
չպիտի
յուզուէի.
այդ
Նաթուրեանները
կրնային
ապուշներ,
տխմարներ
եւ
վատեր
ըլլալ
ամենքն
ալ
լոկ
իբր
անհատ
իրենց
անհատական
կեանքին
մէջ,
բայց
ի՞նչպէս
կարելի
էր
չը
յուզուիլ
որ
այդ
վկաներս
Հայ
ազգին
պետը
ու
ղեկավարը,
Հայ
ազգին
հովիւները
եւ
առաջնորդներն
էին։
Կը
մտածէի
թէ
որչափ
որ
իմ
մասիս
վկայողները
կը
պատկանին
կղերական
դասակարգին
այդ
դասակարգին
մէջ
կը
գտնուէին
Խրիմեաններ,
Սրուանձտեանցներ
եւ
ուրիշ
շատ
կղերականներ՝
որոնց
ազգասիրութիւնն
ու
հայրենասիրութիւնը
բնաւ
կասկածի
ներքեւ
չէր
կրնար
ըլլալ,
եւ
բնական
էր
որ
ես
բացառութիւն
յարգէի
բառին
լայն
իմաստովը,
եւ
պէտք
չէր
որ
տարուէի
պահ
մը
ենթադրելու
թէ
Աշըգեանի,
Տաճատի
եւ
Սուքիասի
արարքները
կրնային
մազի
չափ
ստուեր
ձգել
միւս
մաքուր
եւ
ազնիւ
կղերականներու
վարքին
ու
բարքին
վրայ։
Այդ
մտածմունքս
ինծի
մխիթարական
կը
նկատէի։
Ձերբակալուելէս
ի
վեր
այս
տեսակ
ճգնաժամի
մը
մէջ
գտնուած
չէի
եւ
ոչ
ալ
այնչափ
ինքզինքս
չարչրկած
էի։
Առաջին
անգամն
ըլլալով
այլեւս
չկրցած
կատաղութիւնս
զսպել
կիրքիս
զոհուեցայ
եւ
արտասուքներս
սկսան
աչքերէս
վազել.
կուլայի
մտածելով
թէ
ըրած
գործս
ո՛չ
փառքիս,
ո՛չ
ալ
անձնական
օգտիս
համար
էր
այլ
լոկ
իբր
անհատ
ուզած
էի
պարտականութիւնս
կատարել։
Ուրեմն,
կը
խորհէի
ինչո՞վ
մեղաւոր
էի
որ
Պատրիարքը
իրեններով
որոշած
էին
զիս
դատապարտել
տալ։
Կուլայի
որ
Աշըգեանը
իր
խումբով
զիս
մահուան
դատապարտելու
կ՚աշխատէր,
իսկ
անդին
Հայ
ժողովուրդը
իր
դժոխային
կեանքի
բարեփոխումը,
ինչքի
եւ
պատուոյ
ապահովութիւնը
ձեռք
բերելու
յոյսն
իր
պետին՝
Աշըգեանի
վրայ
դրած
եւ
ամէն
ինչ
անկէ
կ՚սպասէր…։
Պալատ
երթալու
եւ
Սուլթանին
ներկայանալու
յոյսով
օրօրուելով
գիշերն
անցուցած
էի։
Սուլթանին
ներկայանալով
Վարիչ
Մարմնոյն
կողմէն
ինծի
տրուած
պաշտօնը
կատարած
պիտի
ըլլայի.
թէեւ
փոքրիկ
շեղում
մ՚էր
որ
Աշըգեանի
հետ
չէի
ներկայանար,
այդ
պարագան
իբր
պատասխանատուութիւն
արդէն
չէր
կրնար
ինծի
վերագրուիլ,
քանի
որ
կամքէս
անկախ
էր։
Ամբողջ
22
օր
աղտոտութեան
եւ
գարշահոտութեան
մէջ
տապլտկուած
զիս
Սուլթանին
պիտի
ներկայացնէին։
Բայց
ամենէն
մտահոգ
պարագան
այն
էր
որ
Թուրքերէն
պէտք
եղած
կերպով
լաւ
չպիտի
կրնայի
խօսիլ.
կը
մտածէի
թերեւս
թարգմանի
միջոցաւ
խօսեցնել
տան։
*
*
*
Ժողովասրահին
մէջ
գտնուած
աթոռս
նստելէս
վերջ
Տէրվիշ
դաժան
դէմքով
մը
հրամայեց
որ
խսՙօսիմ։
Տէրվիշի
այդ
հրամանը
ունեցած
յոյսիս
փճացումն
էր,
եւ
այնպէս
ալ
եղաւ։
Իբր
թէ
բռնապետ
Համիտը
բացարձակապէս
մերժած
էր
զիս
իր
իր
ներկայութեան
ընդունիլ։
Եթէ
ժողովը
յարմար
կը
տեսնէր
վերջին
խօսքերս
լսել
լաւ,
իսկ
եթէ
ոչ,
այնչափ
ալ
կարեւորութիւն
չունին
եղեր
վերջին
խօսքերս։
Տէրվիշ
իր
այս
խօսքերուն
ճշդութեանը
մասին
երդում
ըրաւ։
Քիչ
մը
եւս
յամառեցայ
եւ
պնդեցի,
բայց
ի
զո՜ւր.
ժողովը
գրեթէ
միաձայնութեամբ
որոշեց
իր
ներկայութեան
լսել
իմ
վերջին
խօսքերս։
Ուրեմն
կ՚ուզէք
որ
հոս
ըսեմ
վերջին
խօսքս։
Այո՛,
ըսին
ամբողջը
միասին։
Փաշա՜ներ,
իմ
վերջին
խօսքերուս
անցնելէ
առաջ՝
կ՚ուզեմ
երկու
խօսք
ըսել։
Տէրվիշ
փաշան
այս
գործին
յաջողութիւն
իրեն
վերագրեց,
եւ
հիմա
կ՚երազէ
ըլլալիք
վարձատրութեան։
Այդ
իրեն
գործն
է,
ես
չեմ
խառնուիր։
Տէրվիշ
աշա
այս
գործին
մէջ
բնաւ
դեր
մը
չկրցաւ
խաղալ,
որովհետեւ
անկարող
էր։
Ապացո՞յցը
կ՚ուզէք։
Ցոյցին
օրը
ամբողջ
հինգ
ժամ
իր
աչքին
դիմաց
նստած
իր
քիթին
խնդացի,
հետեւաբար
Տէրվիշ
փաշա
կը
սխալի
երբ
յաջողութիւնն
իրեն
կը
վերագրէ։
Անշուշտ
կը
ներէք
ինծի
որ
խօսքերս
քիչ
մը
դժուար
պիտի
հասկնաք
կը
ցաւիմ
որ
գաղափարներս
լաւ
չպիտի
կարենամ
պարզել
քանի
որ
թուրքերէն
շատ
լաւ
չեմ
կրնար
խօսիլ։
Ձեր
այս
յաջողութիւնը
կը
պարտիք
Աշըգեան
խումբին.
որչափ
որ
այդպիսիներ
գտնուին
Հայոց
մէջ,
եւ
այդ
կարգի
վատ
ու
ստորին
մատնիչներ
գոյութիւն
ունենան,
բնականաբար
դուք
պիտի
յաջողիք
եւ
ինձ
նմանները
կաշկանդուած
պիտի
տեսենէք
միշտ
ձեր
առաջ,
հիմա
տեսա՞ք
յաջողութեան
գաղտնիքն
ո՛ւր
է։
Բայց
ես
ձեզ
բացարձակապէս
կը
վստահեցնեմ
որ,
այդ
խմբակէն
եւ
ոչ
մէկը
անպատիժ
պիտի
մնայ,
անոնք
ամենքն
ալ
սոսկալի
կերպով
պիտի
պատժուին.
զանոնք
պիտի
պատժէ
այն
կուսակցութիւնն
որուն
պատկանելու
պատիւն
ունեցած
եմ,
մանաւանդ
որ
անոնց
պատժուիլը
դաս
մը
պիտի
ըլլայ
ուրիշ
Աշըգեաններու.
եթէ
երբեք
կը
գտնուին
եւ
կան։
Հնչակեան
կուսակցութեան
մը
գոյութիւն
ունենալն
արդէն
գիտէք։
Կուսակցութիւնն
որոշած
է
ցոյց
մ՚ընել
եւ
այդ
ցոյցը
ղեկավարելու
պաշտօնն
ինձ
յանձնուած
էր,
բայց
չթողուցինք
որ
պաշտօնս
լիովին
կատարեմ.
թէեւ
ձեզի
դժուար
կը
թուի
այս
կարգի
գործերը,
բայց
ինծի
եւ
ընկերներուս
շատ
հեշտ
եւ
աննշան
են.
չարչարուիլն
ու
մեռնիլը
մեզի
համար
բնաւ
նշանակութիւն
չունին
եւ
չպիտի
ունենան,
քանի
որ
որոշած
ենք
օր
մը
չէ
օր
մը
մեր
նպատակին
հասնիլ,
ի՛նչ
գնով
ալ
ըլլայ։
Ուստի
կուսակցութեանս
եւ
իմ
մասիս
այսչափ
բացատրութիւն
տալս
բաւական
համարելով
դառնամ
այն
կէտին
թէ՝
ինչո՞ւ
կազմակերպեցինք
այս
ցոյցն
եւ
թէ
ի՞նչ
կ՚ուզենք
ձեզմէ,
որ
ստիպուած
ենք
տալու։
«Օսմ.
Կայսրութեան
հպատակութիւննիս
կ՚սկսի
մեր
պապերէն՝
այսինքն
հինգ
վեց
դար
առաջ.
ձեր
Կայսրութեան
ամենէն
հաւատարիմ
եւ
օգտակար
հպատակը
մենք
Հայերս
եղած
ենք,
ինչ
որ
չէք
կրնար
ուրանալ.
ամենէն
նպաստաւոր
եւ
արդիւնաւոր
ծառայութիւնը
մենք
մատուցած
ենք
ձեզի.
աս
ալ
պարզ
ճշմարտութիւն
մ՚է։
Գացէք
ձեր
պատմութիւնը
կարդացէք,
հոն
պիտի
տեսնէք
ըսածներս։
«Յանկարծ
դրութիւնը
փոխուեցաւ
եւ
դուք
սկսաք
կասկածանօք
վարուիլ
դէպի
այդ
դարաւոր
վստահելի
Հայ
ազգը.
իսկ
այս
բռնապետ
Համիտը
գահ
բարձրանալէն
յետոյ
իր
առաջին
գործն
եղեւ
հալածել
Հայ
ազգը.
ասով
ալ
չգոհանալով
սկսաւ
Հայերը
բնաջինջ
ընելու
ծրագիր
մը
գործադրել։
Հայաստանի
մէջ
գտնուած
բարբարոս
եւ
արիւնկզակ
Քիւրտերուն
հրահանգ
տրուեցաւ
մեր
վանքերն
ու
եկեղեցիները
պծել,
մեծէն
մինչեւ
փոքրը
մորթել
ոչխարներու
նման,
առեւանգել,
բռնաբարել
սանձարձակ
կերպով,
իսկ
գոութեան
եւ
աւարառութեան
չափն
ու
սահմանը
չկայ
արդէն.
այդ
մասին
բան
մը
ըսել
աւելորդ
է.
մէկ
խօսքով
Հայաստանի
մէջ
ինչքի,
կեանքի
եւ
պատուոյ
ապահովութիւն
չմնաց,
Հայ
արիւնով
լեռներ
ու
դաշտեր
ներկուեցան.
բողոքեցինք,
խնդրեցինք,
բայց
մեր
այս
բոլոր
բողոքներն
անլսելի
մնացին
եւ
այդ
առթիւ
չարագործներէն
ու
ոճրագործներէն
եւ
ոչ
մին
պատժուեցաւ,
թարմ
օրինակ
կ՚ուզէ՞ք.
ահա
երէկ
ձեր
քթին
տակ
ոչ
միայն
Հայերուս,
այլ
արար
աշխարհի
առջեւ
կատարել
տուիք
Մուսա
պէյի
մը
կատակերգութիւնը։
«Ինքնապաշտպանութեան
համար
պարզ
հացի
դանակ
մը
ունենալնիս
չարտօնուեցաւ
մեզի,
քանի
որ
հազարաւոր
զինեալ
Քիւրտերէ
պաշարուած
էինք։
Իսկ
ինչ
որ
անտանելի
էր
մեզի
համար,
մեր
պապերէն
ժառանգութիւն
մնացած
հողերը
մեզմէ
խլելով
Քիւրտերուն
եւ
Մուհաճիրներուն
սկսաք
տալ.
ասով
երկու
նպատակ
հետապնդեցիք.
Հայ
շինականին
միակ
ապրուստի
միջոցն
եղող
հողն
առնել,
որպէս
զի
թշուառանայ
ու
աղքատանայ
եւ
մէկ
խօսքով
ապրուստի
միջոցէն
զրկուի,
կամ
այն
է
զզուելով
ձգէ
իր
հայրենիքն
ու
հեռանայ։
«Ուրեմն
ըսել
է
Հայաստան
դժոխքի
վերածուած
էր
եւ
դրութիւնը
անտանելի
կը
դառնար.
հետզհետէ
բաժակը
լեցուելու
կ՚սպասուէր
եւ
դուք
այդ
բանը
չուշացուցիք։
Արդարութիւն
կայ
եւ
կը
գործադրուի
ըսելով
միամիտներու
աչքին
փոշի
փչելու
նպատակով
Մուսան
Պոլիս
բերել
տուիք
դատելու
եւ
դատապարտելու
համար։
Մուսա
պէյը
անպարտ
արձակելնիդ
ամենէն
ցայտուն
ու
ամենէն
որոշ
մէկ
ապացոյց
էր
որ
տուիք
ամբողջ
աշխարհին
թէ
այս
երկրին
մէջ
Արդարութիւնը
գոյութիւն
չունի,
եւ
դուք
որչափ
որ
ապրիք,
այդ
սեւ
արատը
ձեր
ճակտին
վրայ
խարանած
պիտի
մնայ։
«Դուք
կը
կարծէիք
(խօսքս
Տէրվիշին
ուղղելով)
թէ
ձեր
իսկ
մասնակցութեամբ
Պալատին
մէջ
սարքուած
դաւադրութիւնը
մեզմէ
գաղտնի՞
պիտի
մնար.
Մուսա
պէյի
նման
հռչակաւոր
աւազակ
մը
եւ
ոճրագործ
մը
վարձատրելով
կ՚ուզէիք
կրկին
Մուշ
ղրկել
որ
հոն
գտնուած
Հայերը
բնաջինջ
ընէ։
Ահա
հիմա
այս
ժողովի
ներկայութեան
ձեզի
կը
հարցնեմ.
Ո՞ւր
է
Մուսա
պէյը,
ո՞ւր
րկեցիք,
ինչո՞ւ
ղրկեցիք,
ղրկեցիք
որ
ընդհատուած
վայրագութիւնները
շարունակէ՞։
Մուսան
ճամբայ
ելած
է
Սեբաստիոյ
ճամբով
Մուշ
երթալու։
Ձեզի
կը
հարցնեմ
Տէրվիշ
փաշա,
եթէ
քաջութիւն
ունիք
հարցումիս
պատասխանեցէք
եւ
ըսածներս
հերքեցէք։
Ուրեմն
լռելովնիդ
կը
նշանակէ
ըսածներս
կը
հաստատէք.
Հիմա
կը
տեսնեմ
որ
քիչ
մը
խորհելու
կարողութիւն
ունիք,
որովհետեւ
եթէ
փոքրիկ
դիտողութիւն
մը
ընէք
ըսածներում
մասին,
լաւ
համոզուած
էք
որ
ամենաջախջախիչ
փաստերով
պիտի
ապացուցանեմ։
«Մուսա
պէյի
դատավարութեամբ
արդէն
բաժակը
լեցուեցաւ,
իսկ
Մուսան
կրկին
Մուշ
վերադարձնելով
բաժակը
յորթեցաւ,
եւ
ահա
այդ
պատճառաւ
էր
որ
ուզեցինք
այս
ցոյցն
ընել
եւ
իսկոյն
գործի
ձեռնարկեցինք,
եւ
հիմա
պատիւ
ունիմ
պաշտօնապէս
ձեզ
յայտարարելու
թէ՝
ցոյցին
ղեկավարներէն
մին
ես
եմ։
«Կը
յիշէ՞ք
քանի՛
քանի՛
անգամներ
իբր
յանցանք
մը
երեսիս
զարկիք
թէ
մենք
անգութներ,
անխիղճներ
ենք
եղեր
որ
դիտմամբ
որոշած
ենք
եղեր
ցոյցը
ձեր
նուիրական
Գուրպան
Պայրամի
առաւօտուն
ընել,
ձեր
հանդէսը
խանգարելու
եւ
նոյն
իսկ
այդ
մեծ
օրուան
մէջ
ձեզի
ձեր
ընտանեաց
հետ
կամ
ապարանքին
մէջ
ճաշել
չտալու
համար։
Պահ
մը
ընդունիմ
մեզի
վերագրուած
անգթութիւնը.
իսկ
հիմա
ձեզի
հարցնեմ։
Ուրեմն
դուք
չափազանց
անգութ
եւ
խիղճ
ու
զգացում
չունիք
եղեր
որ
մեր
նուիրական
օրերուն
ո՛չ
թէ
մեր
հանդէսներուն
արգելք
եղաք,
այլ
հազարաւոր
Հայեր
այդ
օրերուն
մէջ
իրենց
սուգը
պահեցին
եւ
իրենց
դժբախտութիւնը
ողբացին։
Այդ
օրերուն
հազարաւոր
Հայերը
իրենց
տունէն
դուրս
ելլելու
եւ
իրենց
նուիրական
վայրը՝
եկեղեցին
երթալու
յանդգնութիւնը
չունեցան.
հազարաւոր
Հայեր
այն
աստիճան
կեղեքուած
եւ
հարստահարուած
էին
որ
այդ
նուիրական
օրերուն
ո՛չ
թէ
կերակուր՝
այլ
ցամաք
հացի
պատառ
մը
չգտան
իրենց
տան
մէջ՝
իրենց
զաւակներուն
տալու
գոնէ։
Շա՜տ
ու
շա՜տ
Հայերու
հանդիպեցան
այդ
նուիրական
օրերը.
անոնք
փոխանակ
ուրախանալու,
ոճրագործներէն
յօշոտուած
իրենց
սիրականներուն
արիւնթաթախ
դիակները
առջեւնին
դրած
ողբացին։
Այդ
վիճակը
ձեզի
պատահածին
նման
մէկ
անգամ
չէր,
այլ
հարիւրհազար
անգամներ։
Եթէ
կ՚ուզէք
ըսեմ
թէ,
այո՛,
դիտմամբ
այդ
օր
ընել
որոշեցինք,
որպէս
զի
գէթ
այդ
դառնութիւնը
զգայինք։
«Հնչակեան
կուսակցութեան
պահանջմնագիրը
ձեր
ձեռքն
ունենալով
հանդերձ
կ՚ուզէք
զանիկա
խեղաթիւրել
եւ
անոր
տարբեր
գոյն
տալ
եւ
այդ
մասին
ինծի
ահագին
հարցումներ
ընելով
իմ
միտքս
չարչրկեցիք,
իբր
թէ
մեր
նպատակն
անկախութիւն?,
իշխանութիւն?
եւ
թագաւորութիւն?
ձեռք
բերել
է,
եւ
այդ
պատճառաւ
էր
որ
ցոյցը
կազմակերպած
ենք
եւ
ըմբոստութեան
դրօշակը
պարզած
ենք։
«Մենք
մեր
պահանջմնագրով
մեր
իրաւունքին
մէջն
ենք
ու
ձեզմէ
կը
պահանջենք։
«Իբր
Օսմանեան
հպատակներ
մինչեւ
հիմա
մեր
պարտականութիւնը
կատարած
ենք
անթերի,
ատոր
փոխարէն
ըստ
օրինի
կ՚ուզենք
որ
գործադրուի
եւ
կիրարկուի
մեր
իրաւունքը,
որով
Հայերս
իբր
մարդ
ապրինք
ինչպէս
կ՚ապրին
ձեր
հպատակ
այլազան
տարրեր,
այսինքն
մեզի
տրուին
մեր
իրաւունքները՝
բոլոր
լրացուցիչ
պայմաններով,
որով
ուրիշ
պահանջ
մը
չէ,
այլ
Հաւասարութեան
գործադրութիւնը։
Կը
պահանջենք,
ինչպէս
ունին
միւս
տարրերը՝
կեանքի,
ինչքի
եւ
պատուոյ
ապահովութիւն,
նոյնն
ունենանք
եւ
մենք։
Կը
պահանջենք,
իսկոյն
եւեթ
վերջ
տալ
Հայաստանի
մէջ
տեղի
ունեցած
հարստահարութեանց,
ոճրագործութեանց
եւ
առեւանգութեանց։
Կը
պահանջենք,
մեզի
տրուի
ինքնապաշտպանութեան
միջոցներ
եւ
կամ
չարագործներու
խստիւ
պատժուիլը։
Կը
պահանջենք
վերջապէս,
անմիջապէս
վերջ
տրուի
Հայաստանի
դժոխային
դրութեան,
որ
այլեւս
անտանելի
դարձած
է
մեզ
համար։
«Այս
ամենքը
կը
պահանջենք
իբր
այս
երկրին
զաւակներ
եւ
Կայսրութեան
հպատակներ,
մեր
միակ
եւ
միակ
նպատակն
ըլլալով
մեր
երկիրը
տեսնել
տնտեսական
զարգացման,
քաղաքակրթութեան
եւ
յառաջադիմութեան
շաւղին
մէջ,
բան
մը
որ
իբր
երկրին
տէր
եւ
զաւակները՝
փառք
եւ
պատիւ
պիտի
ըլլայ
մեզ
համար։
«Իսկ
եթէ
երբեք
մեր
սոյն
պահանջներուն
կարեւորութիւն
չտրուելով
չգործադրուին
եւ
մեզ
գոհացում
չտրուի,
ահա
այն
ատեն
է
որ
պիտի
ընդվզինք,
նորէն
կը
կրկնեմ
առանց
անջատողական
գաղափար
մը
ունենալու,
եւ
պիտի
պարզենք
ըմբոստութեան
եւ
ապստամբութեան
դրօշակը,
մա՛հ
կամ
ազատութի՛ւն
գոչելով
ձեր
դէմը
պիտի
ելլենք,
մինչեւ
վերջին
շունչերնիս
կռուիլ
եւ
մեր
արեան
վերջին
կաթիլը
թափել,
կամ
այն
է
ԻԲՐ
ՄԱՐԴ
ապրելու
մեր
իրաւունքը
ձեռք
բերել
եւ
կամ
պատուաւոր
կերպով
մեռնիլ։
«Երկրի
անհրաժեշտ
պէտքերէն
մէկն
է
արմատական
բարենորոգումը,
որմէ
կախում
ունի
մեր
երկրի
տնտեսական
զարգացումն
ու
յառաջադիմութիւնը։
Պէտք
է
երկրի
վարչութեան
մասը
այնպիսի
ձեւով
եւ
կազմով
մը
ըլլայ
որ
ոչ
թէ
միայն
երկրին
հպատակները
օգտուին
ու
զարգանան
եւ
բարգաւաճին,
այլ
նոյն
իսկ
օտարներու
նախանձը
շարժեն։
«Թերեւս
եւ
հաւանական
է
որ
Հայերուս
եւ
մասնաւորապէս
մեր
Հնչակեան
Կուսակցութեան
հայեացքները
ձեզի
դժուար
եւ
ըստ
ձեր
կարծեաց
անգործադրելի
թուին։
Երկբայելու
եւ
տատամսելու
ժամանակը
անցած
է.
այլ
եւս
շատ
ուշ
է.
որովհետեւ
վէրքը
ոչ
թէ
թարախոտած
այլ
փտախտի
փոխուած
է,
ուրեմն
մարմնին
միւս
մասերը
չվարակելու
համար
պէտք
է
գործողութեան
սկսիլ
եւ
վէրքը
կտրել
ձգել,
քանի
որ
ուշ
չէ։
Թէ
ի՛նչպէս
սկսելու
է
այդ
գործողութիւնը։
«Ինչպէս
մենք
ամենքս
մեր
անհատական
կեանքին
մէջ
գող,
զեղծարար
եւ
ծոյլ
ծառաներուն
առաջին
եւ
երկրորդ
անգամ
կ՚ազդարարենք
որ
ուրիշ
անգամ
եւս
եթէ
երբեք
իրենց
այդ
ընթացքը
շարունակեն
պիտի
վտարուին,
եւ
շատերս
նոյն
իսկ
սկզբէն
երբ
կասկած
մը
ունենանք
իսկոյն
կը
վռնտենք,
ասիկա
ճշմարտութիւն
մ’է
որ
ամենքդ
ալ
կը
խոստովանիք։
Ճիշդ
ասոր
նման
եւ
աւելի
խիստ
կերպով
պէտք
է
վարուիլ
անխտիր
մեր
կառավարական
բոլոր
խաշտօնեաներուն
հետ,
սկսեալ
ամենէն
բարձրէն
մինչեւ
ամենայետինը.
զեղծարար,
կաշառակեր
եւ
անպէտ
պաշտօնեաները
պէտք
է
անմիջապէս
վտարել
իրենց
պաշտօնէն,
որովհետեւ
քանի
որ
ամբողջ
Կայսրութեան
ղեկն
եւ
ժողովուրդին
ճակատագիրն
անոնց
յանձնուած
է,
եթէ
երբեք
այս
գործողութիւնը
չկատարուի,
Օսմ.
Պետութիւնը
դէպի
խորխորատ
եւ
անկումն
կ’երթայ
եւ
երկիրը
դէպի
քայքայում
եւ
ժողովուրդը
կ’ոչնչանայ։
Օրինա՞կ
կ’ուզէք։
Ահա
մեր
Կայսրութեան
դիրքը,
մեր
երկրին
հարստութիւնն
եւ
եկամուտը,
մեր
գանձին
պարապութիւնը,
մեր
պարտքին
մէջ
խրուիլն
մեր
ժողովուրդի
անտեսական
վիճակը,
եւ
վերջապէս
ահա
մեր
երէկի
ունեցած
Յունաստանը,
Սերպիան,
Սեւ
Լեռը,
Պուլկարիան
եւ
այլն։
Տեսա՞ք
հիմա
օրինակը։
«Մեր
փափաքն
է
որ
մեր
երկիրը
տնտեսապէս
զարգանայ,
ժողովուրդը
անդորր
ապրելով
(ասիկա
անխտիրր,
քանի
որ
մենք
Սօսիալիսդներ
ենք),
երկիրը
յառաջադիմէ,
ասոնք
իրականանալու
միակ
միջոցը
կը
գտնենք,
անխտրաբար
պաշտօնի
կոչելուն
մէջ՝
անշահախնդիր,
անկեղծ
ու
գործունեայ
անհատները։
«Քանի
որ
ընդունուած
օրէնք
մ՚է
այս
այսպէս
ըլլալուն,
եւ
հարկ
չկայ
անգլիոյ,
Ֆրանսայի
եւ
այլ
պետութեանց
կառավարական
պաշտօնեաները
իբր
օրինակ
ցոյց
տալ,
հետեւաբար
պէտք
է
ասկից՝
կեդրոնէն
սկս
նախ
այդ
գործողութիւնը,
որովհետեւ
զեղծումներու
եւ
անկարգութեանց
բոյնը
եւ
որջը
հոս
Պոլսոյ
մէջ
է,
քանի
որ
հրահանգները
Պոլսէն
կը
տրուին
իբր
կեդրոն
եւ
քանի
որ
Օսմ.
Կայսրութեան
ղեկը
ձեզի
յանձնուած
է։
Իսկ
եթէ
դուք
մեր
այս
մտածմունքները
անկարեւոր
նկատէք,
ինդ
որ
ազատ
էք,
խթանի
մը
վրայ
ձեռք
զարկած
պիտի
ըլլաք
եւ
այս
երկրին
հարազատ
զաւակները
եւ
անկեղծ
հայրենասէրները
չպիտի
ըլլաք.
իսկ
մենք
Հնչակեաններս
իբր
այս
երկրին
զաւակները
եւ
հայրենասէրները,
այն
համոզումը
գոյացուցած
ենք
թէ,
եթէ
ներկայ
դրութիւնը
շարունակէ՝
այս
երկրին
կործանումը
մօտ
է,
եւ
մենք
ի
սրտէ
շատ
պիտի
ցաւինք
անոր։
Այս
ըսածներուս
շատ
պարզ
օրինակ
մը
եւ
ապացոյցն
պարզեմ.
«Աւազան
մը
որուն
մէջ
սկիզբէն
ի
վեր
անընդհատ
չորս
կողմէն
առատ
ջուր
կը
վազէ,
բնականաբար
այդ
աւազանը
որ
այնչափ
ալ
մեծ
չէ,
պէտք
էր
իսկոյն
լեցուէր
եւ
ջուրը
սկսէր
յորդելով
դուրս
վազել
եզերքներէն.
ընդհակառակն
ոչ
թէ
աւազանը
կը
լեցուի,
այլ
նոյն
իսկ
շատ
անգամ
այդ
վազած
ջուրն
իսկ
աւազանին
մէջ
չի
մնար։
Բնականաբար
շատեր
պիտի
հետաքրքրուէին
եւ
ուզէին
գաղտնիքն
իմանալ.
իսկոյն
աւազանը
կը
քննեն
եւ
զարմացմամ
ինչ
կը
տեսնեն
գիտե՞ք.
կը
տեսնեն
որ
աւազանին
մէջ
այնչափ
մեծ
ու
պզտիկ
ծակեր
կան
ոչ
թէ
վաղելիք
ջուրը,
այլ
եթէ
անոր
տասնապատիկն
ալ
վազէ,
նորէն
ի
զո՜ւր,
նորէն
աւազանին
մէջ
ջուր
չպիտի
մնար։
Ուստի
կը
մտածեն
իսկոյն
միակ
միջոցը
գործադրել,
ջուրը
աւազանին
մէջ
լեցնելէ
առաջ
նախ
անոր
մէջ
գտնուած
մեծ
ու
փոքր
ծակերը
գոցել
որպէս
զի
ջուրը
աւազանին
մէջ
մնայ
եւ
իր
նպատակին
ծառայէ
այսինքն
ծառերու
եւ
բոյսերու
ոռոգման
գործածուի
որպէս
զի
այդ
ծառերը
եւ
բոյսերը
իրենցմէ
պահանջուած
պտուղները
տան։
«Յարգոյ
ժողովականք,
աւազանն
Օսմ.
Պետութեան
գանձի
դրամարկղն
է,
վազած
ջուրերը
պետութեան
ոսկի
եւ
արծաթ
հասոյթներն
եւ
եկամուտներն
են։
Աւազանին
մէջ
գտնուած
մեծ
ու
փոքր
ծակերը,
զեղծարար
եւ
կաշառակեր
մեծ
ու
փոքր
պաշտօնեաներուն
բերաններն
են
որ
այդ
հասոյթները
կը
կլլեն
եւ
դրամարկղը
միշտ
պարապ
կը
մնայ։
Հիմա
շատ
որոշ
է,
ամենէն
առաջ
պէտք
է
այդ
բերանները
գոցուին…
Տէրվիշ
խօսքս
ընդհատելով
ըսաւ.
Ասո՜ր
նայեցէք,
ասո՜ր.
հա՜
յիմար
հա՜,
դուք
եւ
ձեր
կուսակցութիւնը
այդ
խելքով
գիտէք
եղեր
որ
Օսմ.
Պետութիւնն
այս
դրութեամբ
դէպի
քայքայում
եւ
փճացում
կ՚երթայ
եւ
այդ
բանը
ձեզի
ցաւալի
կը
թուի
եղեր
եւ
մենք
չենք
գիտեր
թէ
դէպի
ուր
կ՚երթանք.
վա՜յ
ապուշներ
վա՜յ…։
Տէրվիշի
մտայնութիւնը
չէր
որ
զիս
զարմացուց,
այլ
իր
ինծի
եւ
ընկերներուս
ուղղեալ
նախատինքն
էր
որ
զայրացուց
եւ
գոռռալով
ըսի։
(Քանի
որ
գիտէի
թէ
զիս
մահուան
պիտի
դատապարտեն,
այլ
եւս
ի՞նչ
վախ
ունէի)։
Այո՛,
որչափ
որ
Օսմ.
կառավարութիւնը
ձեզ
նման
զեղծարար,
կաշառակեր
եւ
ապուշ
պաշտօնեաներ
ունենայ,
միշտ
իր
վիճակն
այս
եւ
թերեւս
ասկէ
աւելի
վատթար
պիտի
ըլլայ։
Արիւն
ձեր
ի
գլուխ
ձեր
եղիցի։
Ժողովն
ուզեց
որ
խօսքս
շարունակեմ,
իսկ
ես
ըսի.
Օսմ.
Կառավարութեան
Միւշիր
մը.
Տէրվիշ
փաշա
մը
երբ
այս
տեսակ
ժողովի
մը
մէջ
հրապարակաւ
կը
խոստովանի
իմ
ըսածներուս
ճշմարտութիւնը,
եւ
կ՚ըսէ
թէ
դուք
մեզմէ
լաւ
գիտէք
այդպէս
ըլլալը.
վերջապէս
երբ
այդ
Տէրվիշ
փաշան
այնչափ
կը
ցնծայ
իմ
աչքիս
իր
փողոցային
խօսքերով
եւ
ես
կ՚ստիպուիմ
այդ
ձեւով
պատասխանել.
ուստի
այլ
եւս
իմ
վերջին
խօսքս
աւարտած
կը
նկատեմ,
հետս
տանելով
այն
համոզումը
թէ
դուքոր
մեզմէ
աւելի
լաւ
կը
տեսնէք
գալիք
վտանգը
ոչ
թէ
անոր
առաջքն
առնելու,
այլ
փութացնելու
կողմն
էք։
Ես
կ՚ողբամ
Օսմ.
հպատակ
ժողովուրդին
վրայ
եւ
կը
ցաւիմ
որ
ձեզ
ունեցած
այս
մտայնութեան
պատճառաւ
դեռ
շատ
պիտի
տառապին
այդ
հպատակներն
իրենց
այս
ներկայ
դրութեամբ
եւ
թերեւս
աւելի
վատթար
դրութեան
մը
ենթարկուին։
Ափսո՜ս,
շատ
ափսո՜ս
ըսի
ու
լռեցի։
Շարունակեցէ՛ք,
շարունակեցէ՛ք
կ՚ըսէին
ժողովականները։
Այո՛
դեռ
ըսելիքներ
շատ
ունէի
եւ
արդէն
առանց
ձեր
կողմէ
պահանջուելու
ես
պիտի
խօսէի,
բայց
Տէրվիշ
փաշայի
խօսքերը
վերջ
տուին
իմ
այ
խօսքերուս,
որովհետեւ
ինքն
անկեղծօրէն
խոստովանեցաւ
ձեր
կառավարութեան
մտայնութիւններն
ու
մտածելակերպը,
քանի
որ
ձեր
կողմէ
Տէրվիշ
փաշայի
խօսքերը
չհերքուեցան,
ես
զանոնք
իրողութիւններ
կը
ճանչնամ
եւ
անոր
իսկութեանն
համոզուելով՝
կ՚ըսեմ
վերջին
խօսքս։
Հիմա
շատ
որոշ
է,
դուք
մեզ
կ՚ստիպէք
դիմել
մեր
մէկ
որոշման,
կամ
այն
է
մեր
արիւնով
մեր
ազատութիւնը
ձեռք
պիտի
բերենք
կամ
այն
է
պատուաւոր
կերպով
պիտի
մեռնինք։
Ահա
իմ
խօսքիս
վերջաւորութիւնը։
Հրամանատար
փաշան
ըսաւ,
քանի
որ
ըսիք
թէ
դուք
էք
ցոյցին
ղեկավարը,
ուրեմն
ըսէք
թէ
որո՞նք
են
ձեր
ընկերները,
քանի
որ
այստեղ
այնչափ
բանտարկեալներ
կան,
գոնէ
անմեղներ
չպահենք։
(Ձեռքովս
մերժողական
ձեւով
մը),
Այլ
եւս
բան
մը
չունիմ
ըսելու
եւ
խօսելու։
Ես
խոստովանեցայ
թէ
ցոյցն
ընողն
ես
եմ
ընկեր
չունիմ
եւ
թէ
բանտարկեալներն
անմեղ
են։
Երկու
բառով
կը
վերջանայ,
ըսաւ
փաշաներէն
մին։
Ընկեր
չունիմ
ես,
ահա
ձեզի
երկու
բառ։
Ուրեմն
այլեւս
չպի՞տի
խօսիք.
ըսաւ
սպարապետը։
Այո՛,
փաշա,
չպիտի
խօսիմ,
խօսքերս
վերջացած
են։
Հրաման
ըրին
զիս
բօլիսս
տանելու։
Բօլիսիս
բարձիկին
վրայ
երկնցած՝
սիկառէթէս
վեր
բարձրացած
ծուխի
գուլաներու
մէջ
կը
տեսնէի
կարծես
շունչս
ալ
հետզհետէ
կը
պատրաստուէր
ինծի
տալու
վերջին
հրաժեշտը։
Ես
շատ
տխուր
չէի,
որովհետեւ
խիղճս
հանդարտ
էր.
այդ
վայրկեանն
կը
դիմաւորէի
թէեւ
ապարդիւն
կերպով,
բայց
ինչ
կարող
էի
ընել
քանի
որ
պատճառը
կամքէս
անկախ
էր…։
Իմ
վայրկեաններս
այլեւս
համրուած
էին.
այս
ճգնաժամը
թերեւս
ուրիշներու
համար
հաճելի
չթուէր,
բայց
ինծի
համար
հաճելի
է
կ՚ըսէի։
Միայն
դժբախտ
եմ
եղեր
որ
ասկից
վերջը
տեղի
ունենալիք
բռնութեանց
դէմ
մղուած
պայքարին
մէջ
բաժին
չպիտի
ունենամ։
Բաւական
է
որ
ինձմէ
վերջը
տեղի
ունեցած
կռիւներու
մասնակցողները
պիտի
կրեն
Հայ
անունը
զոր
ես
կը
կրէի,
եւ
քանի
որ
ասկից
յետոյ
ըլլալիքներու
յաղթանակը
վստահ
եմ
որ
մերիններուն
(Հայերուս)
պիտի
մնայ,
ուրեմն
ես
այժմէն
կրնամ
ինքզինքս
երջանիկ
զգալ։
Այս
եւ
ասոր
նման
խել
մը
մտածմունքներով
քնացած
էի…։
*
*
*
Կէս
օրէն
վերջ
բանտին
փոխ
տնօրէն
Մէհմէտ
էֆէնտին
իր
քով
գտնուած
երկու
տասնապետներով
բօլիսիս
առաջ
եկաւ
եւ
զիս
դուրս
հանել
տուաւ։
–
Մօն
շէր
Ճանկիւլեան
քիչ
մը
պարտէզ
երթանք
պտտինք։
Պարտէզ
ըսուածը
փոքրիկ
բան
մ՚էր
չորս
անկիւնն
մէյ
մէկ
ծառով.
ցորեկները
բանտարկեալներ
դուրս
կը
հանէին
երեք
ժամու
չափ
այդ
պարտէզին
մէջ
պտտելու,
բայց
ոչ
թէ
Հայ
բանտարկեալները։
Մէհմէտ
էֆ.
ի
հետ
քով
քովի
քալելով
պարտէզ
ելանք,
ինչպէս
կ’երեւէր
այդ
օրը
սաստիկ
տաք
էր
եւ
արեւէն
այդ
մերկ
գետինը
շատ
տաքցած
էր.
չէ՞
մի
որ
ես
այնչափ
ատեն
գրեթէ
արեւի
լոյս
տեսած
չէի
եւ
միշտ
մութին
մէջ
մնացած
էի,
պարտէզին
դռնէն
դուրս
ելած
հազիւ
երեք
քայլ
յառաջացած
էինք
գետնին
տաքութիւնը
երեսիս
զարկաւ
եւ
իսկոյն
գլուխս
դարձաւ
ու
գետին
փռուեցայ։
Նուաղած
էի։
Չգիտէի
քանի
վայրկեան,
միայն
թէ
երբ
սթափեցայ՝
տեսայ
որ
Մէհմէտ
էֆ.
ի
լանջքին
մէջն
էի.
հագուստներս
բոլորովին
թրջուած
էին.
աչքերս
երբ
բոլորտիքս
դարձուցի
եւ
Մէհմէտ
էֆ.
ի
երեսը
նայեցայ
բոլորն
ալ
շուարած
վիճակ
մը
ունէին,
եղածն
հասկցայ
իսկոյն։
Մէհմէտ
էֆէնտին
իսկոյն
երկու
աթոռ
բերել
տուաւ
նստեցանք.
սուրճերնիս
խմելէ
յետոյ
առաջարկեց
քիչ
մը
պտտիլ
պարտէզին
մէջ։
Մէհմէտ
էֆ.
ի
հետ
ժուռ
կուգայինք
եւ
բանտերու
պատուհաններէն
բանտարկեալները
մեզի
կը
դիտէին։
Մէհմէտ
էֆ.
ըսաւ.
Մեծ
սենեակ
պիտի
տանիմ
քեզի,
որպէս
զի
ասկից
վերջը
ազատ
ըլլաս
ընկերներուդ
եւ
բանտարկելոց
հետ
տեսնուիլ.
երթանք
ուրեմն։
Երբ
սենեակէն
ներս
մտանք
իսկոյն
հոն
գտնուող
Հայ
եւ
Թուրք
բանտարկեալներ
ոտքի
ելան։
Մէհմէտ
էֆ.
ն
զիս
սենեակին
վերի
գլուխ
տարաւ
եւ
հոն
գտնուող
ենթասպայի
մը
քով
կեցուց
ու
ըսաւ
անոր.
Այս
էֆէնտին
քու
եւ
մեր
հիւրն
է,
պէտք
է
լաւ
նայիլ։
Սենեակին
սպասաւորին
պատուիրեց
որ
անկողնոյս
մաքրութեան
հոգ
տանի։
Մէհմէտ
էֆէնտիին
մեկնելէն
վերջ
շուրջս
հաւաքուեցան
Հայ
եւ
Թուրք
բանտարկեալները,
«անցած
ըլլայ»
ըսելով։
Առաջին
գործս
եղաւ
իմանալ
թէ
քանի՞
Հայ
բանտարկեալներ
կան։
27
հոգի
է
ըսին։
Ներկաներուն
մէջ
թէ՛
այնչափ
Հայ
չկար
եւ
թէ
մեր
ընկերներէն
ոչ
ոք
կար,
միւս
սենեակներէն
Լուսիկեան
Նազարէթը
եւ
միւս
Հայերը
եկան,
ինչպէս
նաեւ
Յոյն
Եուվանն
ու
Նիգօլին.
միայն
Նաթուրեանն
էր
որ
նրբանցքին
մէջ
կը
ճեմէր։
Նազարէթէն
հասկցայ
որ
միայն
ինքը
եւ
մեր
տասնեակներէն
(այսինքն
պարզ
ընկերներէն
երկուքը)
կային
որ
ձերբակալուած
էին։
Իրենց
ալ
այդ
օրը
արտօնուած
էր
բօլիսներէն
դուրս
ելլել
եւ
իրարու
հետ
խօսիլ,
բայց
ոչ
մէկերնիս
գիտէինք
թէ
պատիժնիս
ո՞րքան
որոշուած
է.
զինուորական
ատեանի
մէջ
սովորութիւն
չկայ
յանցաւորին
իր
պատիժն
ըսել։
Զինուորական
բանտերու
մէջ
տիրողը
նորէն
զինուորական
սովորութիւնն
է։
Որոշեալ
ժամուն
պէտք
էր
քնանալ։
Քովիս
ենթասպային
հետ
սկսանք
պառկած
տեղէս
ցած
կերպով
խօսիլ,
դրան
քով
գտնուող
պահապանը
չլսեու
աստիճան,
որովհետեւ
արգիլուած
էր։
Ինքը
կ’երեւէր
որ
իրազեկ
էր.
ուզեց
հասկնալ
թէ
ե՞ս
եմ
ղկավարն
եւ
թէ
խոստովանա՞ծ
եմ։
Ինքը
լուր
չունէր
կամ
թերեւս
կեղծեց
թէ
ի՞նչ
պատիժ
տնօրինած
են.
այլ
ցաւ
յայտնեց
որ
պէտք
չէր
այդ
օրը
ձեռք
անցնէի
եւ
կամ
այնտեղ
գանուէի։
Երբ
ըսի
թէ
ամէն
ինչ
գիտակցօրէն
ըրած
եմ,
լռեց
եւ
ոչինչ
չըսաւ։
Ինքը
ցմահ
դատապարտուած
էր
իր
զինուորութիւնը
Ֆիզանի
մէջ
կատարելու
համար
եւ
կ’սպասէր
իր
աքսորման
օրին։
Շատ
բնական
էր
որ
օրերով
սալայատակներուն
վրայ
եւ
«բօլիս»ի
աղտոտութեան
մէջ
պառկելով
այդ
գիշերը
հանգիստ
քուն
մը
պիտի
քաշէի
եւ
նամանաւանդ
երբ
իմացայ
թէ
մերիններէն
որո՛նք
ազատ
են
եւ
կամ
որոնք
ձերբակալուած
են։
Վաղուց
անտի
գիշերները
քունիս
մէջ
խօսելու
սովերութիւն
ունէր
սոսկալի
կերպվ,
այնպէս
որ
ներկայի
եւ
ապագայի
մասին
խորհածներս
գիշերը
քունիս
մէջ
կը
խօսէի,
կը
ծրագրէի
եւ
իբր
թէ
կը
գործադրէի։
Ես
չէի
գիտեր
արդէն
իմ
մասիս
տրուած
վճիռը,
բայց
հաւատացած
էի
որ
մահուան
պիտի
դատապարտեն
զիս.
գեշերը
քունիս
մէջ
Հայ
բանտարկեալներուն
կ՚ըսեմ
եղեր
թէ
«Ես
բոլոր
եղածներուն
պատասխանատուութիւնն
իմ
վրաս
առնելով
յայտարարած
եմ
թէ
դուք
ամենքդ
ալ
ո՛
եւ
է
բանէ
մը
տեղեկութիւն
չունիք,
ինչպէս
նաեւ
ցոյցին
մասնակցած
չէք,
բոլորովին
անմեղ
էք.
ինչ
որ
եղած
է
ես
եմ
հեղինակն
եւ
ընողը։
Ուստի
կրնաք
ապահով
ըլլալ
որ
դուք
անպարտ
պիտի
արձակուիք,
իսկ
կարծեմ
զիս
մահուան
պիտի
դատապարտեն։
Ինծի
համար
հոգ
ընելիք
բան
մը
չկայ,
ես
արդէն
սկիզբէն
գիտէի
որ
զիս
մահուան
պիտի
դատապարտեն
եւայլն
եւայլն։
Այս
եւ
ասոր
նման
խօսքերը
քունիս
մէջ
այն
աստիճան
բարձր
–այնով
կը
խօսիմ
եղեր
որ
սենեակին
մէջ
գտնուող
բոլոր
բանտարկեալները
քուներնէն
կ՚արթննան։
Թուրքերն
երբ
կ՚ուզեն
Հայ
բանտարկեալներէն
իմանալ
խօսքերուս
նշանակութիւնը,
Հայերը
բոլորովին
տարբեր
մեկինութիւններ
կուտան
խօսքերուս
եւ
այդպիսով
Թուրքերը
կը
համոզուին։
Առաւօտ
երբ
Լեւոն
եւ
ուրիշներ
ինձ
պատմեցին
եղածները,
ես
իրենց
ըսի
թէ
դժբախտաբար
այդ
վիճակը
կ՚սկսի
12-13
տարեկան
հասակէս
եւ
դեռ
կը
շարունակուի.
ասիկա
այնպիսի
սովորութիւն
մ՚է
զոր
չեմ
կրնար
ձգել
եւ
կարծեմ
դարման
մ՚ալ
չկայ։
Քիչ
մը
վերջը
մեզի
ազդարարուեցաւ
թէ՝
կառավարութեան
կողմէ
մասնաւոր
սափրիչներ
բերուած
են
եւ
պարտէզին
մէջ
մեզի
կարգաւ
ձրիաբար
պիտի
ածիլեն։
Ածիլուելէս
վերջը
սափրիչը
հայելին
ձեռքս
տուաւ
ըստ
սովորութեան,
որ
կը
նշանակէր
իրեն
սուրճի
մը
դրամ
նուէր
տալ։
Դէմքս
հայելիին
մէջ
տեսնելուս
պէս
շատ
դժուարաւ
ինքզինքս
զսպեցի
եւ
հայելին
մէկ
կողմ
դրի.
հայելիին
մէջ
տեսայ
որ
23
օրուան
մէջ
թուխ
մազերս
ճերմկցած
էին
34
տարեկան
հասակս
մէջ
այդ
աբնը
շատ
գէշ
ազդեց,
23
օրուան
մէջ
այդ
աստիճան
փոփոխութիւն
կրելս
իսկապէս
զարմանալի
էր։
Որչափ
որ
34
տարեկան
էի,
բայց
այնպէս
խանդոտ
ու
վառվռուն
բնաւորութիւն
մը
ունէի
որ,
տեսնողներն
հազիւ
թէ
21-22
տարեկան
կը
կարծէին,
եւ
նոյն
իսկ
Տէրվիշ
փաշա
անգամ
մը
հարցաքննութեան
միջոցին,
իբր
յանցանք
երեսիս
զարկած
էր։
Ձեր
այս
գործին
ղեկավար
եւ
գլխաւոր
ըլլալուն
մէկ
ապացոյց
ալ
այս
է
որ,
ժամանակին
խորհած
ես
եւ
Օսմանիէ
Թէզքէրէսիիդ
մէջ
դիտմամբ
տարիքդ
մեծ
նշանակել
տուած
ես.
հիմա
կը
կարծեմ
թէ
Օսմ.
Թէզքէրէդ
մէջտեղ
ըլլալով,
կ՚ուզես
մեզ
հաւատացնել
թէ
34
տարեկան
ես,
շատ
շատ
21-22
տարեկան
ըլլալուս
ես։
Ի
հարկէ
Տէրվիշին
այսխօսքերը
ծիծաղ
շարժելէ
անդին
չէին
անցներ,
իսկ
ինքը
այդ
ընթացքս
տեսնելով
կ՚ըսէր.
–
Կը
խնդաս
ինչու
չէ,
ահաւասիկ
քու
ամէն
մէկ
խօսքերն
եւ
պատասխանները
տարիքիդ
պէս
շինծու
եւ
խարդախ
են,
բայց
աչքդ
բա՛ց,
մենք
այդ
բաներէն
խաբուողներ
չենք։
Ինչպէս
կ՚երեւէր,
դուրսը
ամէն
ոք
հասկցած
էր
մեր
մասին
անցած
դարձածը,
որովհետեւ
հայ
բանտարկելոց
ծնողքներն
եւ
բարեկամներն
սկսան
ճերմակեղէններ
եւայլն
բերել
եւ
թուրքերէն
լեզուով
տեսակցիլ
անոնց
հետ։
Ամենէն
առաջ
մեր
ընկեր
տասնապետներէն
Ազարիկ
Քօլօլեանն
էր
որ
քովս
եկաւ.
ճերմակեղէններս
եւ
քիչ
մը
դրամ
ու
ծխախոտ
բերած
էր։
Որչափ
որ
թուրքերէն
կը
խօսէին
քեւ
երկու
տասնապետները
մեր
խօսակցութեան
կը
հսկէին,
ես
կրցայ
իմանալ
եւ
Ազարիկ
կրցաւ
ինծի
հասկցնել
թէ
Մուրատ,
Անպարճեան
եւ
վարիչ
մարմնոյն
անդամները
Պոլիս
են
եւ
առանց
վտանգուելու
կը
գործեն։
Ամենէն
առաջ
պէտք
էր
աճապարէի
շուտով
երկտող
մը
հասցնել
դուրսը
գտնուած
ընկերներուս,
որովհետեւ
իմ
մասիս
եղած
վկայութիւնները
եւ
մանաւանդ
գլուխ
գործոց
ըլլալով
Աշըգեանի
տեղեկագիրը
զիս
այն
համոզման
հասցուցած
էին
թէ
ինծի
տրուած
վճիռը
մահուան
վճիռ
պիտի
ըլլար։
Պէտք
չունիմ
պարզելու
թէ,
քանի
որ
երկու
տասնապետները
մեծր
թուրքերէն
տեսակցութեանը
կը
հսկէին,
քանի
որ
թուղթ
եւ
գրիչ
արգիլուած
էր
ինձ
համար
եւ
թէ
քանի
որ
սենեակին
մէջ
50է
աւելի
բանտարկեալներ
կային,
ի՞նչպէս
այդ
երկտողս
պատրաստեցի
եւ
ընկերներուս
ղրկեցի.
բայց
իրողութիւնն
այն
էր
որ
պատրաստած
ու
ղրկած
էի
եւ
ընկերներուս
ձեռքն
հասած
էր։
Անշուշտ
այդ
գաղտագողի
եւ
խիստ
հսկողութեան
ներքեւ
գրածներս
այնչափ
խնամքով
եւ
երկար
բան
մը
չպիտի
ըլլային։
Հայ
մատնիչներու
անունները
յիշած
էի
եւ
եթէ
երբեք
մեր
ընկերական
կեանքին
մէջ
թերութիւններ
եւ
յարգանքի
պակաս
մը
ունեցած
էի,
այդ
բոլորին
հանդէպ
ներողութիւն
կը
խնդրէի
ընկերներէս,
քանի
որ
մահուան
վճիռս
պիտի
գործադրուէր։
Իսկ
կտակագիրս
խիստ
մանր
գրերով
ժամացոյցիս
կափարիչին
մէջ
զետեղած
էի՝
որ
թերեւս
մեռնելէս
վերջ
ընկերներուս
ձեռքը
հասնէր։
Միլօշեան
Կարապետ
ըստ
իր
սովորութեան
այցելութեան
կ՚երթայ
Ալի
Սայիպ
փաշային,
եւ
փաշան
խօսքը
Միլօշեանին
ուղղելով
կ՚ըսէ.
«Այսօր
վերջացաւ
Ճանկիւլեանի
հարցաքննութիւնը
եւ
զինքը
դատապարտեցին
մահուան,
որովհետեւ
ես
իբր
նախագահ
ազատ
էի
իմ
ձայնս
տալու
կամ
չտալու։
Դատապարտեցին
զինքը,
բայց
ես
ցաւ
զգացի։
Ճանկիւլեան
քանի
մը
անգամ
ընդդիմացաւ
չուզեց
մեր
ներկայութեան
ըսել
իր
վերջին
խօսքերը,
այլ
ուզեց
Սուլթանին
ներկայութեան
երթալ
ու
ըսել,
բայց
Սուլթանը
մերժեց
եւ
Իրատէ
ըրաւ
որ
ժողովին
ներկայութեանն
ըսէ։
Ես
սխալած
չէի
Ճանկիւլեանի
մասին
կազմած
գաղափարիս
համար.
մեծ
յանդգնութիւն
էր
պնդել
թէ
Սուլթանին
ներկայութեան
կ՚ուզեմ
խօսիլ։
Քանի
որ
այսօր
իր
վերջին
խօսքերն
ըսաւ,
իր
ըսածէն
եւ
խոստովանութենէն
երեւցաւ
որ
շատեր
սխալ
գաղափար
կազմած
էին
ձեզ
Հայոցդ
նկատմամբ,
իբր
թէ
դուք
թագաւորութիւն
կ՚ուզէք
եղեր
կամ
անկախութիւն,
մինչդեռ
Հնչակեան
կուսակցութիւնն
իր
այդ
ցոյցով
կը
պահանջէր
հարստահարութեանց
վերջ
տրուիլը
եւ
Հայոց
կեանքի,
ինչքի
եւ
պատուոյ
ապահովութիւն։
Ճանկիւլեան
շատ
որոշ
կերպով
այս
փփանը
կը
պահանջէր
կառավարութենէն
եւ
կ՚ըսէր.
«Եթէ
երբեք
մեր
սոյն
իրաւացի
պահանջքին
գոհացում
չտրուի,
եւ
մենք
կեանքով,
ինչքով
եւ
պատուով
ապահովուած
չըլլանք,
ահա
այն
ատեն
է
որ
ստիպեալ
պիտի
դիմենք
ըմբոստութեան
եւ
ապստամբութեան։
Ասկէ
վերջը
ընելիքնիս
այդ
կը
մնայ
մեզ
համար,
ուրիշ
ոչինչ։
Իմ
խիղճս
հանդարտ
է,
քանի
որ
ձեռնպահ
մնացի,
իսկ
ժողովը
միաձայնութեամբ
զինքը
մահուան
դատապարտեց։
Ես
ցաւ
զգացի
Ճանկիւլեանէն
լսելով
որ
ձեր
(Հայոց)
պահանջները
շատ
իրաւացի
եւ
արդարացի
էին.
չէ՞
մի
որ
դուք
իբր
հաւատարիմ
հպատակ
ժողովուրդ
ձեր
պարտականութիւնները
կատարելէ
եւ
նոյն
իսկ
այս
Պետութեան
շատ
ծառայութիւններ
ընելէ
վերջ,
պարտաւոր
էինք
մենք
ըստ
օրինի
ձեր
կեանքը.
ինչքն
ու
պատիւը
ապահովել։
Այս
տարրական
եւ
բնական
բաները
պահանջելու
համար
ելլել
մահուան
դատապարտել,
ահա
իմ
ցաւ
զգացած
պարագան։
Ներկայ
ըլլալու
եւ
լսելու
էիր
Ճանկիւլեանի
վերջին
խօսքերը,
բայց
ափսո՜ս
որ
աւազանի
մը
նմանութիւնը
մէջ
բերելէ
վերջ
ՏԷՐՎԻՇ
փաշա
ընդմիջեց,
եւ
Ճանկիւլեան
անկէ
ետքը
այլ
եւս
չշարունակեց
իր
ըսելիքը,
որչափ
որ
ժողովը
ստիպեց։
Ճանկիւլեան
գիտնալով
հանդերձ
որ
զինքը
մահուան
պիտի
դատապարտենք
եւ
իր
վերջին
օրը
պիտի
ըլլար
այսօր,
փոխանակ
տխուր
եւ
մելամաղձոտ
ըլլալու,
ընդհակառակն
ամէն
օրէ
աւելքի
այսօր
ուրախ,
խրոխտ
եւ
յանդուգն
էր,
պարագայ
մը
որ
իր
խոստովանութեան
իրողութիւն
ըլլալը
կը
հաստատէր.
նաեւ
թէ
ինքը
արդէն
այդ
ցոյցը
սկսելէ
առաջ
գիտէ
եղեր
որ
իր
ըրածին
վախճանը
մահ
պիտի
ըլլայ
եղեր։
Կը
համակրէի
իրեն
այս
խոստովանութեան
համար։
Մեր
այս
ընթացքին
հետեւանքն
այնչափ
լաւ
չեմ
տեսներ.
նշանաւոր
առածն
պէտք
է
նկատի
ունենանք.
որ
կ՚ըսէ.
«Դանակն
ոսկորին
դպած
է
այլեւս»։
Ճանկիւլեանի
ըսածներէն
կը
գուշակուի
թէ
կրակը
ասկէ
վերջը
պիտի
բռնկի։
Ափսո՜ս
մեզի
եւ
ափսո՜ս
այս
երկրին…։
Բնական
է
որ
Նազարէթ
եւ
միւսները
հետաքրքրուէին
թէ
իմ
մասիս
ի՞նչ
վկայութիւններ
եղած
են
եւ
կամ
որո՞նց
կողմէ,
եւ
ես
ալ
պիտի
հետաքրքրուէի
թէ
իրենց
մասին
վիրաւորուած
զինուորները
ի՞նչ
վկայութիւն
տուած
են.
որովհետեւ
օր
մը
զիս
ալ
տարին
հիւանդանոց
եւ
վիրաւորուած
զօրքերուն
ցոյց
տուին
հասկնալու
համար
թէ
ե՞ս
եմ
զիրենք
վիրաւորողը.
զօրքերը
ժխտական
պատասխան
տուին։
Ես
Նազարէթէն
իբր
գաղտնիք
ոչինչ
ունէի
պահելու,
հետեւաբար
իրեն
ըսի
որ
Նաթուրեանն
էր
միայն
որ
երեսիս
հանդէպ
վկայեց
իմ
մասիս։
Եթէ
երբեք
քանի
մը
վայրկեան
առաջ
չկռահէի,
այդ
գիշերը
ճէմիշին
մէջ
պիտի
սպաննէին
Նաթուրեանը,
իմ
մասիս
վկայութիւն
տալուն
համար.
որով
խստիւ
արգիլեցի
այդ
բանը։