Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ՄՇԵՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՄՈՒՍԱ ՊԷՅ

Հայաստանի մէջ չկար Հայաբնակ գաւառ մը որ բացառութիւն կազմէր եւ Քիւրտերու հարստահարութեանց, ոճրագործութեանց եւ բռնակալութեանց ենթակայ չըլլար. գողութիւն, աւարառութիւն արդէն շատ սովորական բանի մը գոյն առած էին. վերջապէս ամէն ինչ արիւնկզակ տարրին քմահաճոյքէն կախում ունէր, քանի որ Կառավարութեան կողմէն բնաւ ուշադրութեան չէր առնուեր, եւ եթէ երբէք Հայերու կողմէ ազդու բողոքներ ըլլային, Կառավարութիւնը երեւոյթը փրկելու համար ճիշդ կը դիմէր սովորական առածի ձեւին. (Թավշանա գաչ թազըյա թութ): Իսկ եթէ երբեք գտնուէին Հայեր որ իրենք ձերբակալած ըլլային ոճրագործը կամ յանցաւորը, յանցաւոր Հայերը կ՚ըլլային որ իրենց չվերաբերելիք գործին ձեռնամուխ կ՚ըլլային եւ օրերով կառավարութեանց դուռներ եւ նոյնիսկ բանտին մէջ քաշկռտուուելով կը հարցաքնուէին:

Այս տեսակ ոճրագործութեանց, բռնաբարութեանց եւ աւարառութեան նշանաւոր վայրն ըլլալու պատիւն ունենալը վիճակուած էր խեղճ Մշոյ դաշտին մէջ իր արիւնկզակ մարդիկներով կը սպաննէր, կ՚առեւանգէր, կը թալանէր եւ կ՚այրէր:

Մշեցիները նկատելով որ Մուսա պէյի մասին իրենց տուած բողոքագիրները կառավարիչին ու կուսակալին կողմէ անլսելի կը մնան, ստիպեալ հանրագրութիւն մը կը պատրաստեն Բ[արձարգոյն] Դուռ կը ղրկեն եւ իրենց այդ հանրագրութեան ալ կարեւորութիւն չի տրուիր. կ՚որոշեն Պոլիս գալ անձամբ բողոքել եւ 29 օրէն քալելով Պոլիս կը հասնին:

Պոլիս հասնող 58 Մշեցիները՝ քահանայ, այր, կին ու աղջիկ՝ տեսնողներն ինքնին կարող էին գաղափար մը կազմել թշուառութեան մասին:

Մշեցւոց մէջ գտնուած աղջիկը՝ քահանային եղբօր աղջիկը Կիւլիզարն էր, որ Մուսա պէյը առեւանգած եւ իր հարէմը տարած էր եւ խեղճ աղջկան պատիւը բռնի կերպով բռնաբարելէն վերջ. իր եղբօր կնութեան տուած էր, անպայման կերպով որոշելով որ Իսլամական կրօնքը ընդունի: Վայրենի Մուսա պէյ երբ իր գազանական կիրքը յագեցնելու բռնաբարման կը սկսի, Կիւլիզար իր ամբողջ էութեամբ կը դիմադրէ եւ Մուսա պէյ անգթաբար իր մուճակի կրունկով Կիւլիզարի աչքին կը զարնէ եւ այդ պատճառաւ մէկ աչքը կը վնասուի:

Կիւլիզարը նկատելով որ ամէն ճիգ կը թափուի զինքը իսլամացնելու մեռնիլ աւելի նախամեծար կը սեպէ քան թէ իսլամանալը: Ուրիշ Հայ աղջիկ մը որ արդէն տարիներ առաջ նորէն բռնի կերպով Մուսա պէյի հարէմ տարուած էր. այդ կնոջ ջանքերով Կիւլիզարը գիշերանց հարէմէն կը փախչի եւ ապահով տեղ մը կ՚ապաստանի: Մուսա եւ Գասըմ Կիւլիզարը փնտռել կուտան իսկ կը տեղեկանան որ Կիւլիզարը արդէն Կարին հասած է:

Պոլիս հասնող 58 Մշեցիները ամէնքն ալ իրենց առանձին դատերն ունէին Մուսա պէյին դէմ. բաց ի անոնցմէ, Մուսա պէյ դեռ շատ Հայ դատախազներ ունէր Մշոյ մէջ, որոնք յուսահատած էին եւ անկարելի եղած էր իրենց Պոլիս գալը, որովհետեւ Մշեցիները գրեթէ գաղտնի կամ անակնկալ կերպով Պոլիս եկած էին. եթէ Մուսա պէյ տեղեկութիւն ունենար ատոնց բոլորը սրէ անցնել կուտար:

Մշեցիները Պոլիս հասնելէ վերջ բնականաբար առաջինը մենք պիտի ըլլայինք իրենցմով հետաքրքրուող եւ պէտքերը հոգացող, քանի որ ամէնքն ալ կողոպտուած, թալանուած թշուառ էակներ էին: Իրենց բնակութեան համար Թավուգ Բազար, Վէզիր խանի մէջ 7 մեծ սենեակներ վարձեցինք եւ քանի մը հատ փսիաթներ դնեցինք: Աշըքեան Պատրիարքին դիմեցինք եւ Պատրիարքարանէն իւրաքանչիւրին օրական մէկ մէկ օխա հաց եւ պանիր ու ձիթապտուղ նշանակել տուինք:

Մշեցիներու Պոլիս հասնիլը բնական էր որ հետաքրքրէր Հայերը, այդպիսիներէն գտնուեցան շատեր որ իրենց նուէրներն եւ նպաստները չզլացան այդ թշուառներուն:

Մշեցիներն աղերսագիրներով նախ դիմեցին Եպարքոսին եւ Դատատան նախարարութեան, որոնցմէ բնաւ պատասխան մը իսկ չկրցան առնել գրեթէ. ուրեմն պէտք էր Համիտին դիմել աղերսագիրով:

Համիտին աղերսագիր տալը ամենէն դժուար գործն էր: Թէեւ մեր մէջ ունէինք ընկերներ որոնք կարող էին պարզ աղերսագիր գրել, բայց Համիտին այդ Եըլտըզի բորենիին աղերսագիր չէին կարող գրել։ Թէեւ ուրիշ գրողներ կային բայց կը զգուշանային որ մի գուցէ վերջէն երեւան ելլէ թէ իրենք են գրողները: Աղերսագրի խնդիրը շատ գէշ ազդեց մեր վրայ, քանի որ   պահանջուած վարձքը կը վճարէինք. գրելու չափ զոհողութիւն չկար այդ թշուառ Մշեցիներուն հանդէպ. վերջապէս Ղալաթիոյ կողմը Հայ մը գտանք, որ հազիւ հազ հաճեցաւ երեք ոսկիի փոխարէն աղերսագիր մը գրել:

Ուրբաթ օրը աղերսագիրն Եըլտըզ տարին, չորս օր սպասելէ վերջ երբ լուր մը չելաւ, որոշեցինք հետեւեալ կերպով տալ աղերսագիրը, որ աւելի ուշագրաւ ըլլայ:

Վեց հոգի էինք, մէջերնիս ըլլալով նաեւ ջորեպան Ալին (ինք Մուսայի դատախազներէն էր, որուն ջորիները Մուսան առած էր. Պոլիս եկած էր բողոքելու): Զօրքերու ետին Եըլտըզի շրջապատի անկիւնը լռիկ մնջիկ կեցած էինք, բայց բնաւ նկատի ունեցած չէինք թէ աղերսագիրն Համիտի տալու միջոցին կարող են մեզ ձերբակալել եւ ես Վանեցի ըլլալով ի՞նչ պիտի պատասխանէի իրենց հարցումներուն:

Համիտը Եըլտըզի  դուռնէն ելլելով երբ հասաւ մեր դիմացը եւ դեռ մզկիթի շրջափակը չմտած, իսկոյն Մշեցիներէն մէկը որուն քովն էր աղերսագիրը, երկու Մշեցիներուն կռնակն ելաւ եւ աղերսագիրը վեր բարձրացուց եւ ամենքս մէկ սկսանք բարձր ձայնով պօռալ.

Բատիշահը՜մ մէրհամէփ էյլէ:

Համիտը իսկոյն կառքը կեցնել տուաւ եւ հրամայեց աղերսագիրն առնել:

Աղերսագիրն առնելէ վերջ մենք թէ՛ մեր առջեւ կեցած զօրքերէն, հեծելազօրքերէն եւ թէ պալատականներէն իսկոյն պաշարուեցանք: Արդէն մեր կեցած տեղը մեզմէ զատ ուրիշ Հայեր չկային, մեզի շրջապատած Եըլտըզ տարին եւ մէկ սենեակի մը մէջ հսկողութեան ներքեւ դրին: Պալատականները կը հետաքրքրուէին եւ կուգային մեզ դիտելու, իսկ մենք լռիկ մնջիկ սենեակին մէջ նստած էինք:

Ընկերներս զգուշացուցի որ, չըսեն թէ ես Վանեցի եմ. եթէ այդ մասին հարցում մ՚ըլլայ, ես ինքս պիտի պատասխանեմ:

Երեք ժամ վերջ (անշուշտ Համիտ մզկիթէն վերադարձած էր) երեք պալատական պաշտօնեաները թուղթ ու գրիչ հետերնին սենեակին մէջ գտնուած աթոռներուն վրայ նստելով հարցուցին.

Սուլթանը անցած միջոցին ինչո՞ւ պօռացիք:

Անոր համար պօռացինք որպէս զի Սուլթանին ուշադրութիւնը գրաւէինք, եւ մեր այս աղերսագիրն ալ միւսին նման աննկատ չմնար:

Աղերսագիրով ի՞նչ կ՚ուզէք:

Մեր վիճակին դարմանը եւ արդարութեան գործադրումը:

Ձեր վիճակին ի՞նչ դարման կ՚ուզէք:

Աղերսագրին մէջ գրուած է, դատ ունինք:

Որո՞ւն դէմ:

Մուսա պէյ դէմ:

Շա՛տ լաւ. ուրիշ ինչ նպատակ կար ձեր պօռալուն մէջ:

Բնաւ ուրիշ նպատակ մը չունինք. մեր դատավարութիւնը եւ արդարութիւնը կը պահանջենք, որովհետեւ այլ եւս չենք կարող այս վիճակին սոկալ:

Ուրիշ ի՞նչ կը պահանջէք:

Մուսա պէյի պատժուիլը:

Պալատականները ոտքի ելան մեկնելու՝ Ալին ըսաւ.

Ասոնք Հայ են, իսկ ես Իսլամ, ու անունս աղերսագրին մէջ գրուած է:

Ուրեմն դո՞ւն ինչ գործ ունիս ասոնց մէջ:

Ես ալ դատախազ եմ, որովհետեւ Մուսա պէյ զիս ալ կողոպտած եւ իմ ջորիներս առած է եւ թէ վկաներ ունիմ:

Շատ լաւ, ըսելով մեկնեցան:

Պաշտօնեաները մեկնելէ վերջ մեզի նորէն հոն թողուցին հսկողութեան ներքեւ: Երկոյին մեզ չարձակեցին եւ գիշերն հոն պահեցին: Մենք իրարու հետ խօսելու ազատ էինք. չէինք կրնար եզրակացութեան մը յանգիլ թէ մեզի ինչո՞ւ գիշերը պալատը պիտի պահեն. կրկի՞ն հարցաքննելու եւ չարչարելո՞ւ համար, չարչարուելու արժանի բան մը ըրած չէինք. իսկ եթէ չարչարէին ի՞նչ կարող էինք ընել:

Առաւօտուն նորէն այն անորոշութեան մէջն էինք. յանկարծ դուռը բացուեցաւ եւ նորէն երեք տարբեր պալատականներ եկան, գրեթէ իրենց նախորդներուն  հարցումները կրկնեցին եւ մենք նորէն նոյն պատասխանները տուինք ու մեկնեցան. պալատականները մեկնելէ երկու ժամ վերջը մեզի աղատ արձակեցին:

Արդէն Պոլիս գտնուող դեսպանները եւ հիւպատոսները հետաքրքրուած էին Մուսա պէյի եւ Մշեցւոց խնդրով, եւ քանի մը օր վերջ ստուգեցինք որ Մուսան Պոլիս բերելու Իրատէն ելած էր արդէն:

 

Մուսա պէյ

Գրեթէ ամբողջ Պոլսոյ ուշադրութիւնը դէպի Մշեցիներուն խնդիրը դարձած էր, ոչ թէ միայն Հայերը, այլ ամէն դասակարգերուն մէջ այդ խնդիրը խօսակցութեան նիւթ դարձած էր եւ Եւրոպական թերթերն արդէն սկսած էին այդ խնդրոյն առթիւ գրել: Օր ըստ օրէ կը սպասուէր Մուսա պէյին Պոլիս հասնելուն որ արդէն ճամբայ ելած էր, առանց ոստիկանի եւ առանց հսկողութեան:

Հայոց դրութիւնն եւ վիճակն ամէն կողմ նոյն էր. ոչ միայն ցաւալի էր արտաքին տեսակէտով, այլ ցաւալի էր նաեւ ներքին տեսակէտով:

Դէպ ի Հայերս այն աստիճան սիսթեմաթիք հալածանք մը սկսած էր որ կը շուարէինք իսկապէս. ձերբակալութիւն, բանտարկութիւն սովորական բաներ դարձած էին:

Լսեցի որ Վանեցի Նաթանեան Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ] (Արտասուք Հայաստանի գրքին հեղինակը) Պոլիս բերուած հակօրինական կերպով առանց Պատրիարքարանի գիտութեան կամ փոխանակ Պատրիարքարանի մէջ բանտարկելու Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ դատապարտեալ բանտարկեալներու մէջ կը գտնուէր, առանց դատավարութեան եւ առանց իր մասին վճիռ մը արձակելու:

Իբր Հայ եւ իբր հայրենակից՝ պարտականութիւնս սեպեցի իրեն այցելել, թէեւ Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ] ինծի ծանօթ չէր: Ինքնին ցաւալի էր որ վարդապետ մը այդ սովորական բանտարկեալներուն մէջ կը գտնուէր, առանց նոյն իսկ իրեն մասնաւոր սենեակ մը տալու:

Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ] բռնակալութեան զոհ մը ըլլալէ աւելի՝ այցելուի մը վրայ կը թողուր այն սառսռազդեցիկ տպաւորութիւնը թէ Պատրիարք եւ ազգային իշխանութիւն՝ ինչո՞ւ չէին հետաքրքրուած Ազգին անպատարբեր եւ ուղղակի նախատինք եղող այս տեսակ գործով մը:

Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ը տեսնող մը անգութ ըլլալու էր որ չարգահատէր իր վրայ եւ վշտակցէր իր վիճակին:

Չգիտեմ ո՛ւսկից տեղեկութիւն առած էր (ըստ իր խոստովանութեան ) թէ խիստ կը հետաքրքրուիմ այդ տեսակ գործերով. ուստի Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ] շատ անվերապահ կերպով պարզեց իր թշուառութիւնը. վրայի հին ու պատռտած վերարկուն էր որ իր մերկութիւնը կը ծածկէր եւ ինքը ծխախոտի դրամ իսկ չունէր քովը: Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ի այս գրեթէ արտասուախառն յայտարարութիւնը չափէն աւելի յուզած էր զիս արդէն եւ թաշկինակովս արտասուքներս կը սրբէի. երբ խռպոտ ձայն մը զիս սթափեցուց խոր եւ մելամաղձոտ մտածմունքէս:

«Այս ձեր վարդապետն է. ասոր այս վիճակը ձեզի պատիւ կը բերէ՞. ըսել է դուք անուանական Հայ էք. ի՞նչ , քրիստոնեայ չէ՞ք»։

Խօսողն Յոյն մ՚էր եւ Պօղոս Վարդ. ին սենեակակից. ուստի Պօղոս Վրդ, Յոյնին խօսքն ընդհատելով ըսաւ.

«Այս Յոյնը գրեթէ ներքինս ամբողջ գիտէ, այդ պատճառաւ այսչափ յուզուած կը խօսի»։

Զգացած վիշտը ելեկտրականացած՝ մէճիտ մը սպրդեցուցի Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ի ձեռքին մէջ. «ցտեսութիւն» ըսելով բանտի դուռնէն դուրս ելլելով ինքզինս Գալրագճըլարի գլուխը գտայ:

Ծանօթ եւ վստահելի բարեկամներուս դիմեցի աճապարանօք, խնդիրը պարզեցի եւ երկու ժամուան մէջ գոյացած հանգանակութենէն 2 հատ բրդէ եւ 2 հատ դերձան ֆանէլա, 4 հատ ներքնաշորեր, 6 զոյգ գուլպա, մէկ զոյգ մուճակ եւ մէկ քանի մը ղրշ. մանր դրամ առնելով ուղղակի Կեդրոնական բանտը գացի եւ Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ին յանձնելով վերադարձայ:

Հետեւեալ առաւօտ Պատրիարքարանէն բարապան եկաւ՝ զիս Փոխանորդ Իւթիւճեան Գէորգ Վ[ա]րդ[ապետ]ի քով հրաւիրելու:

Իսկոյն աչքիս զարկաւ Իւթիւճեանի պաղ ընդունելութիւնը. ես պատճառ մը չունէի իսկոյն կասկածելու, քանի որ նամակները մակագրելու զբաղած էր, թերեւս դէմքի խոռոչները ատկէ յառաջ եկած էին, ինք սպառնական ձեւ մը առնելով ըսաւ.

Կեդրոնական բանտը գացած էք այցելելու Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ] Նաթանեանին եւ թէ միեւնոյն ժամանակ պէտք ըլլալիքները տարած էք, Ձեզի ո՞վ արտօնութիւն տուաւ կամ մեզմէ հրաման առի՞ք:

Ես արդէն այլայլմէ եղած եւ դեռ առջի օրուան Յոյնին խօսքերուն գէշ տպաւորութիւնն անցած չէր. որոշեցի ընելիքս ու ոտքի ելլելով ըսի.

Դուք ինծի չէք ճանչնար. ուրեմն ճանչեցէք եւ անկէ վերջ ուրիշ անգամ զիս հոս կանչեցէք: Ես հիմա ձեզ կը ճանչնամ եւ հակառակ ձեր արգելքին՝ ուղղակի Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ի քով պիտի երթամ:

Անիկա քաղաքական յանցաւոր մ՚է, պէտք է կառավարութեան հանդէպ փափկանկատ ըլլանք, հետեւաբար ձեզիպէսները (նախատական ձեւով) արգիլենք իրեն քով երթալու:

Ինծիպէսներն ալ ձեր մօրուքին մազերը փետտելէ վերջը Պօղոս Վ[ա]րդ[ապետ]ին քովը կ՚երթան ըսելով ուզեցի վրան յարձակիլ, բայց ներսը գտնուող բարապանը դէմս ելաւ եւ չթողուց: Իւթիւճեան իսկոյն ուժգին զանգակը հնչեցուց եւ դուրսը գտնուողները ներս խուժեցին, որ արդէն մեր մէջ տեղի ունեցած բանավէճը լսած էին: Ուզեցի հոն գտնուած աթոռով մը Իւթիւճեանի վրայ յարձակիլ. վերջապէս զիս համոզելով դուրս հանեցին Փոխանորդարանէն:

Իւթիւճեանի վարմունքը զիս չէր կրնար վհատեցնել. քանի մը անգամներ Նաթանեանին այցելեցի եւ պէտք ունեցածն հայթայթեցի:

Մուսա պէյ Պոլիս հասնելէն երեք օր վերջը Պատրիարքարանը դադրեցուց Մշեցիներուն տրուելիք հաց, պանիր եւ ձիթապտուղը: Բնականաբար Պատրիարքարանի այս առած քայլը մեզի շատ զարմանալի թուեցաւ եւ իսկոյն Աշըգեանին դիմեցինք բացատրութիւն պահանջելու:

 

Խորէն Աշըգեան Պատրիարք

Աշըգեան հետեւեալ կերպով բացատրութիւն տուաւ մեզ, Մաքսուեան–Նուրեան Վարչութեան տուած որոշման մասին.

«Նկատելով որ Մշեցւոց հաց եւ ուտեստ տալ Կառավարութեան հաճելի չպիտի թուի եւ Մշեցիներուն պարզապէս թելադրանք պիտի նկատուի, ազգային տեսակէտով այդ նպաստը դադրեցնելը աւելի նպաստաւոր է»։

Քանի որ Պատրիարք մը եւ Կեդրոնական Վարչութիւն մը դէպ ի այդ խեղճ եւ չուառ Մշեցիներն այդպէս կը վարուէին, աւելորդ նկատեցինք ո եւ իցէ բառ մը արտասանել եւ այդ տեսակ Պատրիարքարանէ մը բան սպասել:

Պոլսոյ մէջ 58 Մշեցիներու սենեակի վարձքը տալ, հաց, ուտելիք, ծխախոտ եւ այլ հայթայթելը այնչափ դիւրին գործ մը չէր, եւ ոչ ալ աննշան նուէրներով եւ նպաստներով կարգադրելիք գործ մը:

Վարիչ Մարմինն երբ Պատրիարքին այդ պաշտօնական որոշման տեղեկութիւնը լսեց, իսկոյն որոշեց Մշեցիներու ապրուստի միջոցն ինք հայթայթել, նկատելով որ Մշեցիները խնամել իբր մարդ ամէն անհատի պարտականութիւնն էր եւ թէ Մշեցիները անօթի թողուլ բնաւ երբեք Հայութեան պատուաբեր չէր կրնար ըլլալ. եւ թէ օտարներու առաջ ծաղրելի եւ արհամարհելի ըլլալ կը նշանակէր Մշեցիները երեսի վրայ թողուլ, եւ մանաւանդ որ զիրենք լքելը յուսահատութեան եւ վհատութեան ենթարկել ըսել էր: Ահա այս եւ ասոր նման կարգ մը նկատումներով էր որ Վարիչ Մարմինը Մշեցիները խնամելու հոգն ստանձնեց իբր պարտականութիւն:

***

Կարնոյ կառավարութիւնը կը կասկածի եղեր թէ Հայերը զէնք պահած ըլլան Հայոց խորաններուն մէջ եւ կ՚որոշէ եկեղեցին խուզարկել: Թէեւ Կարնեցի Հայ Երիտասարդները կանխօրօք տեղեկութիւն կ՚ունենան, բայց դիտմամբ ինքզինքնին անտարբեր կը ձեւացնեն եւ միեւնոյն ժամանակ կ՚որոշեն ի՛նչ գնով ալ ըլլայ՝ դիմադրել եւ թոյլ չտալ եկեղեցիէն ներս մտնել եւ խուզարկել:

Կառավարական քանի մը պաշտօնեաներ 1890 Յունիս 18ին 30է աւելի ոստիկան-զինուորներով կուգան եկեղեցիէն ներս մտնելու եւ խուզարկելու: Հայերը կազմ ու պատրաստ ոստիկանութեան կը դիմադրեն եւ կը յայտարարեն թէ թոյլ չպիտի տան եկեղեցիէն ներս մտնելու եւ խուզարկելու:

Բնականաբար ոստիկանութիւնը զէնքի ոյժով իր որոշումը պիտի գործադրէր. բայց կը տեսնէ որ առաջին նշանին վրայ Հայ երիտասարդներու ատրճանակները երեւան կ՚ելլեն, որով ոստիկաններու եւ Հայերու մէջ կռիւը կը սկսի սոսկալի կերպով:

Հրացաններու եւ ատրճանակներու ձայներէն հայ եւ թուրք բնակչութիւնը եկեղեցւոյ գաւիթը կը լեցուի: Ոստիկանութիւնը կը ստիպուի վերջ տալ արիւնահեղ կռիւին՝ երբ Հայերէն երկուքը եւ ոստիկաններէն մէկը անկենդան գետին կը փռուին եւ քսանէ աւելի Հայեր եւ ոստիկաններ կը վիրաւորուին:

Կառավարութիւնը կը սկսի Հայերէն քանիները ձերբակալել, եւ միեւնոյն ժամանակ եկեղեցւոյ խորանները խուզարկելով՝ ձեռնունայն դուրս կ՚ելլէ եկեղեցիէն:

Սոյն արիւնահեղ դէպքը տեղի կ՚ունենայ օտար հիւպատոսներու աչքին առաջ եւ քիթին տակ: Հիւպատոսներու ցոյց տուած արտարբերութիւնը եւ գրեթէ չհետաքրքրուիլը՝ Հայոց վրայ բնականաբար շատ գէշ տպաւորութիւն պիտի ընէր, եւ Հայերը այդ դէպքէն վերջ բոլորովին տարբեր համոզում կ՚ունենան դէպի քրիստոնեայ ըսուած Եւրոպան:

Դէպքը իր մանրամասնութեամբ տեղեկագրուած էր Վարիչ Մարմնոյն. տարակոյս չկար որ Վարիչ Մարմինը իր ուշադրութիւնը անգամ մը եւս դարձնէր դէպի Հայաստան եւ աւելի լրջութեամբ խորհէր թէ իրօք Հայաստանի մէջ Հայերու վիճակը հետզհետէ անտանելի կը դառնար: Եկեղեցին եւ խորանները խուզարկելը ի հարկէ անհանդուրժելի պիտի թուէր Վարիչ Մարմնոյն:

Մշեցւոց թշուառ վիճակը եւ չքաւորութիւնը բնականաբար շատերու ուշադրութենէն չպիտի վրիպէին, մանաւանդ անոնց՝ որոնք մօտէն գիտէին Վարիչ Մարմնոյն նիւթական կարողութիւնը. հետեւաբար ամէն մէկը իր կարողութեան եւ դատողութեան չափով միջոց մը պիտի խորհէր. ուստի մեր ընկերներէն լուսանկարիչ Յարութիւն Տէր Բաղտասարեանց սքանչելի գաղափար մը յղացած էր: Մուսայէն առեւանգուած Կիւլիզարի, մօրը եւ հօրեղբայր քահանային լուսանկարները պատրաստել ծախել գաւառները եւ արտասահման ղրկել, Յարութիւնին տալ շատ աննշան շահ մը: Բայց խնդիրն այն էր որ գործը պէտք էր գաղտնի մնար եւ Կառավարութիւնը չգիտնար թէ այդ լուսանկարները Պոլսոյ մէջ կը պատրաստուին:

Յարութիւնի առաջարկը Վարիչ Մարմինը շնորհակալութեամբ եւ ուրախութեամբ ընդունեց. քանի որ գոյացած շահը Մշեցւոց հացագին պիտի ըլլար եւ իսկոյն պատրաստուիլ սկսուեցաւ «գապինէ»ի վրայ, երեք ձեւով. 1. Կիւլիզար առանձին. 2. Կիւլիզար իր մօր հետ, իսկ 3. Կիւլիզար իր քահանայ հօրեղբօր եւ մօր մէջտեղ նստած:

Լուսանկարի գործը այնչափ յաջողութիւն գտաւ որ բնաւ չէինք երեւակայեր. գինը որոշուած չէր, ըստ կամս էր, բայց հատը 5 ղրշ. էն պակաս չըլլալու պայմանաւ:

Շատ սպառելուն պատճառաւ Յարութիւն ստիպուած էր աշխատաւորներն փնտռել, բայց այդ բանը քիչ մը դժուար էր, քանի որ գործը Կառավարութենէն գաղտնի կը պատրաստուէր, պէտք էր աշխատաւորները, գաղափարակից եւ վստահելի ըլլային:

Եւրոպայէն եւ նոյ իսկ Ամերիկայէն այնչափ շատ յանձնարարութիւններ կ՚ըլլային որ ստիպեալ առաքումը կ՚ուշանար:

Չկրցանք գիտնալ թէ ո՞ր Հայը բարեմտամաբար եւ ի՛նչ նպատակաւ լուրը Աշըգեանի եւ Վարչութեան ականջը հասցուցած էր թէ պատկերներու հաշիւները իմ քովս կը կեդրոնանայ. արդէն Կառավարութիւնը եւ Պատրիարքարանը իրենց հետաքրքրոըթենէն վերջ այլ եւս համոզուած էին թէ լուսանկարները Եւրոպայի մէջ կը պատրաստուէին, որովհետեւ լուսանականերուն ներքեւը եւ ետին տառ մը իսկ չկար՝ որով կարենային գիտնալ թէ Եւրոպայի ո՞ր քաղաքին մէջ կը պատրաստուէին, որպէսզի նամակատանց վրայ ուշադրութիւն դարձնէին պատկերները ձեռք բերելու կամ գրաւելու համար: Թողունք որ եթէ յայտնի ըլլար իսկ, ձեռք անցընելը անկարելի էր, ինչպէս որ արգիլեալ թերթերը եւ գրքերը չէն կրնար ձեռք անցընել:

Օր մը ստիպողաբար Աշըգեան զիս Պատրիարքարան կը կանչէ եւ մենք կ՚ենթադրէինք թէ կրկին Մշեցւոց հաց տալ պիտի շարունակեն, եւ այդ խեղճ Մշեցիները գոնէ պատկերի շահէն գոյացած դրամով շաբաթը մէկ անգամ կերակուր ուտելու բախտին պիտի արժանանան:

Ուրախ զուարթ եւ այդ ենթադրական յոյսերնուս իրականացման համոզումով իսկոյն դէպի Պատրիարքարան վազեցի, չնայելով թէ այն օրէն երբ Մշեցիներուն նպաստը դադարեցնելու որոշումը Աշըգեանէն լսած էինք, ընկերներուս եւ մասնաւորապէս իմ մէջս հակակրանք եւ զզուանք մը ստեղծուած էր դէպի Աշըգեան եւ Քաղ[աքական] Ժողովը:

Սենեակէն երբ ներս մտայ եւ Աշըգեանի դէմքը տեսայ, իսկոյն ներքնապէս կորսնցուցի ուրախութիւնս եւ զուարթութիւնս, իսկ արտաքինս նոյնը պահելու բռնազբօսիկ ճիգով մը Աշըգեանի ցոյց տուած աթոռը նստեցայ: Եւ գրեթէ Աշըգեան սա ձեւով եւ իմաստով սկսաւ ճառել.

Կը լսենք թէ մեր Հայերու նախաձեռնութեամբ եւ օժանդակութեամբն է որ այդ (դէմքը թթուեցուցած) Մշեցի աղջկան եւ մօրը լուսանկարները հրապարակի վրայ ելած կը ծախուին: Գիտէ՜ք որ այդ բանը շատ վտանգաւոր, է եւ պարզապէս կառավարութեան ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրած կ՚ըլլանք. չեմ յուսար որ դուք համամիտ չըլլաք մեզի. արդեօք դուք տեղեկութիւն ունի՞ք եւ գիտէ՞ք թէ որոնք են այդ նախաձեռնարկները:

Տեղեկութիւն ունիմ եւ քանի որ չէք գիտեր, ուրեմն ձեզի ըսեմ. նախաձեռնարկը եւ ծախողը մենք էնք: Կարծեմ հիմա հասկցաք: Ձեր եւ Վարչութեան մտածելակերպը մեր վրայ այնչափ գէշ ազդած է մասնաւորապէս այս Մշեցիներուն խնդրին առթիւ, որ մենք վերջնականապէս որոշած ենք այդ մասին բառ մ՚իսկ չարտասանել: Ուրեմն միակ հարցում մը եթէ կարելի է Ձեզի չըսի՞ն թէ այդ պատկերներուն հաշիւն իմ քովս կը կեդրոնանայ:

Այո՛, ըսին:

Ուրեմն ես ալ անձամբ կը խոստովանիմ թէ ճիշտ է եւ կարելի եղածին չափ պիտի աշխատինք շատ ծախել, ըսելով դուրս ելայ սենեակէն:

Աշըգեան գիտէր որ Պոլսոյ մէջ կազմակերպութիւն մը կայ եւ թերեւս այդ լուրը Չաքըրեաններու կողմէ անուղղակի կերպով իրեն հասած էր, ինչպէս նաեւ լուսանկարի խնդիրը:

Արդէն գիտէինք որ Չաքըրեանները բարոյապէս մեզի կը հալածեն սոսկալի կերպով: Որչափ որ Չաքըրեաններուն այդ ընթացքը մեզի այլ եւս գաղտնիք մը չէր, բայց չէինք կրնար մազի մը չափ կասկածիլ թէ իրենք օր մը կարող են մեզ դաւաճանել. ուստի բացարձակապէս ըսեմ թէ այդ կասկածով չէր որ մենք միշտ հակառակը կը խորհէինք եւ ձերբակալուելու մղձաւանջը աչքի առջեւ ունէինք, ինչպէս Հայրիկ կ՚ըսէր երբեմն «անկողիննիդ պատրաստ եւ կապուած պահեցէք միշտ» այնպէս որ հակառակ պարագային եթէ մեր սենեակները խուզարկուէին՝ վտանգաւոր թուղթ մը, եւն, ձեռք չպիտի անցուէր:

Աշըգեանի առաջարկը եւ տուած պատասխանս ընկերներու հաղորդեցի, որուն համամիտ գտնուեցան, բայց ցաւալին այն էր թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէր ազգային իշխանութեան այս նողկալի ընթացքը որ հետզհետէ անտանելի ըլլալու աստիճանին կը հասնէր:

Մուսա պէյ սիգաճէմ հարսներու նման գոռոզ դիրքով մը Պոլսոյ մէջ կը պտտէր. պէտք չէր որ ինք ողջ Պոլիս բերուէր, Պոլսոյ մէջ իսկ միթէ կը պակսէի՞ն անձնուէրներ եւ անձնազոհներ Լինչի օրէնքը գործադրել այդ յելուզակին վրայ. բայց դիւանագէտները եւ ջոջ աղաները այն հաւատքը ունէին թէ Մուսան անպատճառ պիտի դատապարտուի եւ իր արժանի պատիժը պիտի կրէ: Մենք բոլորովին հակառակը կը պնդէինք եւ այդ պատչառաւ մեզի Տաքարիւն եւ Անփորձ տիտղոսները կուտային:

Մուսան Պոլիս հասնելով, պատուիրակութիւն մը շոգենաւէն իշխանավայել կերպով Սկիւտար Պահրի փաշայի ապարանքը տարաւ: Մուսան անշուշտ ամենէն առաջ իր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնէր Պահրի փաշային որ այնքան տարիներ իր պողպատի նեցուկը եւ պաշտպանը եղած էր Պոլսոյ մէջ, եւ աւելորդ կը նկատէր խնդրել Պահրի փաշայէն որ իր Պոլիս գալը պարզ պտոյտ մը նկատուի եւ ուզած ատենը ազատ ըլլայ կրկին Մուշ վերադառնալ. այդ մասին վաղուց իր ծրագիրը կազմած էր Պահրի փաշան եւ Մուսան արդէն անոր գործադրման մասին բնաւ կասկած մը չունէր:

Մուսայի խնդիրը սկիզբէն գոնէ Եւրոպացւոց աչքին իբր զաւեշտ եւ կատակերգութիւն մը չձեւացնելու համար, լոկ իր ձեւակերպութիւն պէտք էր հարցաքննել եւ դատարանի դատաւորներուն առջեւ հանել: Չէ՞ որ այդ դատաւորներուն եւ ընդհ. դատախազ Խալիտ պէյին պէտք եղած հրահանգները նախօրօք տրուած էին:

Մուսան շաբթուան մէջ քանի մը օր կը հարցաքննէին եւ գիշերները նորէն Սկիւտար կը վերադառնար, առանց հսկողութեան: Արդէն սկիզբէն մինչեւ դատավարութեան վերջանալը եւ անպարտ արձակուիլը Մուսայի վրայ ո եւ է ոստիկանական հսկողութիւն տեղի չունեցաւ:

Հայրիկի գլխաւոր փափաքն էր որ գաւառացի երիտասարդները Պոլսէն իրենց հայրենիքը վերադառնային: Հայրիկին նպատակը շատ որոշ էր որու մասին գրել աւելորդ կը նկատենք:

Բնական էր որ լուրը շուտով հայերու մէջ տարածուէր մանաւանդ որ քանիներուն ալ ճամբու ծախքը տուած էր Հայրիկ: Գաւառացի երիտասարդները սկսեցին հետզհետէ դիմել Հայրիկին եւ Հայրիկը անոնք մեզի կը ղրկէր որոնց ճանապարհածախս տալով կը ղրկէինք: Մեկնողներէն էր նաեւ մեր ընկեր Գըլըճեանի եղբայրը Միսակը որ իր չորս ընկերներով Տիվրիկ գնացին. գրեթէ ամէնքն ալ 19 եւ 20 տարեկան երիտասարդներ էին:

Միսակը Տիկրիկի շրջանին մէջ իր 30ի չափ ընկերներով երկու տարիի չափ գործելէն վերջ քանիները կը ձերբակալուին եւ երեք տարիի չափ բանտ մնալէ վերջ կ՚ազատուին:

Կառավարութիւնը նորէն կը սկսի իրենց վրայ կասկածիլ, բայց այս անգամ անձնատուր ըլլալ չեն ուզեր այլ կ՚որոշեն իբր փախստական լեռ ելնել ու գործել. գրեթէ 15 տարիի չափ գործելէն վերջ Օսմ[անեան] սահմանադրութեան հռչակումն վրայ կը հասնի եւ այն ատեն է որ իրենց ասպատակային գործին վերջ կուտան:

Մուսայի դատավարութեան սկսիլը կը մօտենար: Պատրիարքարանի կողմէ փաստաբան կարգուեցան Վռամշապուհ Մանուկեան եւ Թընկըր Սիմոն: Յիշեալ փաստաբաններուն կարողութիւնը անժխտելի էր եւ իրենց ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը բնաւ կասկածի տակ չէր. բայց ինչ կ՚արժէր այդ ամենքը, քանի որ Մուսայի անպարտ արձակման հրամանը շատ վերէն տրուած էր: Վարիչ Մարմինը այսպէս կը տրամաբանէր եւ կը կարծէր: Իսկ եթէ Մուսան դատապարտուէր մենք այն ատեն մեր սխալած ըլլալը սիրով պիտի խոստովանէինք, բայց մենք դժբախտաբար այն համոզումը գոյացուցած էինք որ օր մը Հայութիւնը դառն իրականութեան մը հանդէպ պիտի գտնուէր:

Մենք օրը օրին կը տեղեկայինք թէ պալատին մէջ ի՛նչ կ՚անցնէր կը դառնար Մուսայի մասին, թէ պալատին մէջ Տէրվիշ եւ Օսման փաշաները եւ աւագանիներէն քանիները ինչ որոշած են եւ ինչ պիտի գործադրեն: Մեր տեղեկութեան աղբիւրը բնա՛ւ կասկածելի չէր. թերեւս Մավրոյէնի փաշան ինքզինք Մուսա պէյին համակիր ձեւացնէր պէտք եղած միջոցին եւ այդ խնդրով մասնաւորապէս հետաքրքրուէր իսկ. ատոնք բոլորը պիտի ծառայէին այն բանին որ Մավրոյէնի փաշան կարենար հիմնական եւ ստոյգ տեղեկութիւններ տալ Նար- Պէյին, եւ Նար-Պէյէն արդէն շուտով մեզ կը հասնէին այդ տեղեկութիւնները ծանօթ միջոցաւ:

Պալատին մեկ տեղեկաբերն ալ բարեծաղիկն էր, որ կ՚ուզէր ինքզինքը հայրենասէր եւ ազգասէր ներկայացնել եւ Խրիմեանին բարեմտութենէն օգտուիլ կամ զայն շահագործել. «բարի ծաղիկ» ըսելուս պատճառն այն էր որ եթէ երբեք մեր ընկերներէն Տինօեան Վարդան եւ Համբարձում քիչ մը հեռատես չըլլային, իր դաւաճանութեան մէկ զոհն ալ ես պիտի ըլլայի, եւ այդ բանն ընելով ո՞վ գիտէ ատոր փոխարէն ի՞նչ պիտի ձեռք անցընէր եւ ի՞նչ բանի տիրանար: Եւ իր այս նպատակին հասնելուն մազ մնացած էր:

Մենք եւ մասնաւորապէս Հայրիկը կը շահագործէինք զինքը, քանի որ ինք միշտ պալատին մէջ ելեւմուտ կ՚ընէր եւ Հայրիկ երբեմն կ՚ըսէր. «Չար է, բայց երբեմն բերած տեղեկութիւններէն կ՚օգտուիմ, անոր համար է որ երես կուտամ»։

Վարիչ Մարմինը որոշեց որ Արշակ Հայկունիի հետ Մագրգիւղ երթանք եւ Աշըգեան իր տան մէջ տեսնենք եւ մեր ժողովին որոշումն յայտնենք կամ իր տրամադրութիւնը հասկնանք:

Աշւգեան նախ չընդունեց մեզի եւ բարապանը մեզ յայարարեց որ մէկ քառորդ ժամէն դիտի ընդունի:

Մենք համակերպեցանք, բայց 15 վայրկեան վերջ ընդունիլը մեր միտքին մէջ կասկած ծագեցուց, մի գուցէ ոստիկանութեան լուր պիտի ղրկէր եւ որոշեալ ժամուն մեզ իր տան մէջ ձերբակալել պիտի տար: Որոշեցինք այնպիսի սրճարան մը նստիլ, որ կարենայինք Աշըգեանի տանը դուռնէն ներս մտնողը տեսնել: Մեր ատրճանակները պատրաստած էինք արդէն մեր գրպաններուն մէջ, հակառակ պարագային գործածելու համար:

Աշըգեան իր աթոռին մէջ նստած, դէմքը քիչ մը գունատած էր, մենք կարծեցինք թէ անհանգիստ էր: Ամենէն աւելի մեզի զարմացնող կէտն այն էր որ Աշըգեան զիս չճանչցաւ, քանի որ երրորդ անգամն էր որ իրեն կը ներկայանայի, թէեւ հագուստներս փոխած:

Վարիչ Մարմնոյն կողմէ մեզի յանձնարարուածը Հայկունիի հետ հաղորդեցինք Աշըգեանին: Մուսա պէյի Հայերուն ձեռքով պատժուիլը այնչափ յայտնի պիտի չըլլար եւ սպաննողը (եթէ երբէք ձերբակալուէր) պիտի ըսէր թէ ինքնաբերաբար իր զգացումներէն մղուած սպաննած էր ոչ թէ մէկու մը կողմէ թելադրուած էր:

Աշըգեան մերժեց միշտ մեր առաջարկը եւ միշտ պնդեց թէ իրենք հաւաստի աղբիրէ տեղեկացած են թէ անպատճառ Մուսա պէյ պիտի դատապարտուի:

Բնականաբար մենք չէինք կրնար եւ արտօնուած ալ չէինք ըսելու թէ մենք հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած ենք որ Մուսա պէյ չպիտի պատժուի եւ անպարտ պիտի արձակուի: Ինքը Աշըգեան կարող էր մեր ըսածներուն հաւատք չընծայել, կարծելով թէ մեզի նման երիտասարդներ ո՞ւրկէ կրնայինք գիտնալ թէ Մուսան անպարտ պիտի արձակուի:

Մուսան սպաննելու մասին խօսած ատեննիս իրեն քով նստող վարդապետին հետ սկսաւ ֆրանսերէն խօսիլ, ձեւերէն այնպէս կ՚երեւէր որ Հայկունիի եւ իմ մասին կը խօսէր վարդապետին հետ:

Աշըգեան երբ մեզի հանդարտութեան եւ խոհեմութեան քարոզներ սկսած էր շռայլել, մենք այլ եւս չուզեցինք նստիլ. ու մեկնեցանք:

Երկաթուղւոյ կայարանը կեղած կառախումբին կը սպասէինք Պոլիս վերադառնալու: Քանի մը վայրկեան վերջը Աշըգեանի քով գտնուող վարդապետը եկաւ քովերնիս կեցաւ: ենթադրելով որ Աշըգեան դիտմամբ վարդապետը ղրկած է, սկսանք ժուռ գալ, կասկածելով թէ մի գուցէ Աշըգեան մեզ ձերբակալել պիտի տար այդ վարդապետին միջոցաւ կամ ցուցմունքով:

Կառախումբը կ՚ուշանար եւ վարդապետը մեզի հետեւելէ ետ չէր կենար, բան մը որ որոշ կերպով կ՚երեւէր: Հայկունին որ աւելի կրակոտ բնութիւն մը ունէր, կէս զայրացկոտ եղանակաւ մը յանկարծ վարդապետին ըսաւ.

Ներողութիւն, Հայր Սուրբ, ի՞նչ է ձեր անունդ, եւ ինչո՞ւ հոս կը սպասէք:

Ես Արշարունի Յովհաննէս վարդապետն եմ, (այժմ Ս. Պատրիարք) կառախումբին կը սպասեմ Պոլիս երթալու, ես շատ համակրեցայ ձեր վառվռուն յանդուգն բնաւորութեանը. եթէ կ՚ուզէք ձեզի ըսեմ ձեր բացակայութեան եղած խօսքերը, ինչպէս նաեւ մեր Ֆրանսերէն խօսակցութիւնը:

Քանի որ կը փափաքիք մենք ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ պիտի լսենք, ըսի:

 

 

Տ. Յովհաննէս Արշարունի Վարդապետ

«Չգիտեմ բարապանը կամացուկ մը ինչ ձեւով Աշըգեանին իմացուց ձեր գալը, որովհետեւ այն ատեն Աշըգեանէն բաւական հեռու նստած ի (վերջէն հասկցայ որ Աշըգեան եւ բարապանը ձեզի չեն ճանչնար): Աշըգեան յանկարծ գունատեցաւ եւ բարապանին ըսաւ. «Ըսէ թող քիչ մը սպասեն, վերջէն գան»: Աշըգեան գրեթէ վախէն դողա սկսաւ եւ տրամադիր չէր վերջէն ձեզի ընդունելու եւ հակառակ պարագային ձեզի ոստիկանութեան պիտի յանձնէր. ինքը այնպէս ենթադրեց թէ դուք այնչափ լաւ մարդիկ չպիտի ըլլաք քանի որ իր տունդ եկած էք. եթէ գործ մը ունենայիք, կարող էիք Պատրիարքարանին մէջ զինք տեսնել»:

Անպատճառ դուք գէշ նպատակաւ եկած պիտի ըլլայիք, քանի որ Մշեցւոց ու Մուսա պէյին խնդիրը կայ հրապարակին վրայ: Ես զինքը վստահեցուցի թէ ցորեկով այդ բանը կարելի չէր ընել Մաքրիգիւղի մէջ. ըստ իմ կարծեաց պէտք էր ինքը ձեզի ընդունէր եւ լսէր ձեզի:

Աշըգեան բարապանին արտօնեց ձեզի ներս առնել: Ֆրանսերէն ինծի կ՚ըսէր. «ասոնք գէշ մարդիկ չեն եւ գէշ նպատակով եկած չեն. մի՛ գուցէ առանց համոզուելու երթան եւ Մուսան սպաննեն որ այնչափ նպաստաւոր չպիտի ըլլայ »։ Իսկ ձեր մեկնելէն վերջը ըսաւ.

«Աղէկ որ միջամտեցիր եւ ներկայութեանս ընդունեցի, ապա թէ ոչ սիրտս հանդարտ չպիտի ըլլար եւ պիտի կարծէի թէ անոնք գէշ նպատակաւ եկած պիտի ըլլան անպատճառ, ինչ որ թիւրիմացութիւն մը պիտի ըլլար: Աշըգեան շատ վախկոտ է. ձեր պատճառաւ էր որ զիս իր քովը պահեց»։

Մեր մեկնելէն վերջը Մուսայի համար բան մը չըսա՞ւ, հարցուց Հայկունին:

Չէ՛, ոչինչ չըսաւ, պատասխանեց Արշարունի վարդապետ եւ մենք շնորհակալութիւն յայտնելով բաժնուեցանք իրմէն:

Մուսա պէյի դատավարութիւնը մօտ էր: Մուսան առանց ոստիկանի դատարան կը մտնար եւ առանց ոստիկանի կը մեկներ. եթէ գտնուէին իրեն հետ ոստիկաններ ալ., փոխանակ Մուսան անոնց տրամադրութեան եւ հսկողութեան ներքեւ ըլլալու, ընդհակառակն ոստիկան զինուորները Մուսայի տրամադրութեան ներքեւ էին, քանի որ Մուսան իր ուզած կերպով կը շարժէր: Այսպիսի պարագայ մը աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող եւ ոչ մէկ պետութեան եւ կառավարութեան մէջ կար, ան ալ Մուսայի նման 58է աւելի դատախազ եւ վկաներ ունեցող ոճրագործ մը, ճիւաղ մը: Այս տեղի ունեցած զաւեշտին մէկ ուրիշ վարագոյրն էր, որ կը բացուէր աշխարի առջեւ:

Մուսան Պոլսոյ շուկաներուն եւ փողոցներուն մէջ ժուռ եկած միջոցին իր դէմը ելլող Մշեցիին հեգնական կերպով կ՚ըսէր.

«Ինչո՞ւ զիս չմեղքցաք, ինչո՞ւ զիս Պոլիս բերել տալով բանտարկեցիք ու առանց զիս խնայելու եւ ձեզի ըրած բարիքներս մոռնալով. զիս դատապարտել պիտի տաք: Չէ՞ որ մեք մէկ երկրացի ենք, չէ՞ որ նորէն իրարու երես պիտի նայինք, եւն»։ Այս տեսակ նախատական խօսքերով խեղճ Մշեցիներուն հետ շնական հաճոյք կ՚ունենար:

Արդէն Եւրոպական թերթերը Մուսայի հարցաքննութեան եւ դատավարութեան «խեղկատակութիւն եւ թատերական զաւեշտ» անունը կուտային:

Դատավարութեան մօտեցած օրերը Մուսան սկսաւ լուրջ եւ շնական յոխորտալից կերպով բացէ ի բաց եւ աներկիւղ իրեն հանդիպած Մշեցիներուն ըսել.

«Քիչ ատենէն Մուշ պիտի վերադառնա եւ այս անգամ ձեռքս անցած Հայերը ողջ չպիտի թողում, որպէս զի Պոլիս գան եւ ձեզ նման շուներուն պէս փողոցները պտտելով՝ ինծի պէս մէկու դէմ բողոքեն: Խընզըրնե՛ր, առնելիքնիդ ըլլայ. այս անգամ եթէ Մուշ ուղեւորիմ, Հայութեան նմոյշն իսկ չպիտի թողում: Մուշ եկէ՛ք ու հոն կը տեսնուինք…»

Մուսա պէյը այս խօսքերը այնպիսի ձեւով եւ բարձր ձայնով կ՚արտասանէր որ անցնող դարձողներն իսկ կը լսէին:

Մուսա պէյի այդ սպառնական խօսքերը կը հաստատէին մեր ստացած տեղեկութիւնները թէ Եըլտըզի մէջ աւագանիները վեջնական կերպով որոշած են Մուսան կրկին Մուշ վերադարձնել, դրամական նուէրներով ու շքանշանի վարձատրութեամբ:

Դեռ դատավարոըթիւնը չսկսած արդէն ամէն կարգի ունկնդիրներով հոծ բազմութեամբ մը սրահը լեցուած էր: Ունկնդիրները այնչափ շատ էին որ նմանը շատ քիչ անգամ տեսնուած էր: Սրահէն դուրս նրբանցքին մէջ ալ այնչափ բազմութիւնը խռնուած էր որ ասեղձգելու տեղ չկար, եւ ոստիկանները շատ դժուարաւ կարգապահութիւնը կը պահէին, որովհետեւ վերջին դատավարութիւնն էր. արդէն նախընթաց դատավարութեանց միջոցին պարբերաբար լսուած էին 60է աւելի օրինաւոր վկաներ, որոնց վկայութիւնները լիովին Մուսայի յանցաւոր ըլլալը կ՚ապացուցանէին: Մուսան աթոռին վրայ նստած էր, իր շուրջն ունենալով իր երկու փաստաբանները. ինչպէս նաեւ Մշեցիներուն երկու փաստաբանները: Հետզհետէ կը հասնէին գրեթէ բոլոր օտար տէրութեանց ներկայացուցիչներն եւ եւրոպական կարեւոր թերթերու թղթակիցներն եւ իրենց յատկացուած տեղերը գրաւած էին:

Դատաւորներն իրենց ամբողջ կազմով սրահէն ներս մտան եւ իրենց աթոռները գրաւեցին:

Մուսայի երկու թուրք փաստաբաններն իրենց երկարապատում եւ կրկնութիւններով լեցուն փաստերով Մուսայի անպարտութիւնը եւ ազատ արձակումը կը պահանջէին:

Խօսքը Մշեցիներու փաստաբաններուն տրուեցաւ. Վռամշապուհ Մանուկեան եւ Թընկըր Սիմոն էֆ[էնտի]ները շատ որոշ եւ յստակ ձեւով Մուսայի յանցաւոր ըլլալը մատնանշեցին եւ պէտք եղած պատիժը պահանջեցին:

Նախագահն ընդհ. դատախազին կարծիքն (խօսքը լսել ուզեց. ընդհ. դատախազը քանի մը բառեր մրմրդաց, եւ առանց շիկնելու Մուսայի անպարտ արձակուիլը պահանջեց:

Դատաւորները խորհրդակցութեան համար ներսի սրահը քաշուեցան եւ քանի մը վայրկեան վերջ վերադարձան. իրենց աթոռները գրաւելէ ետքը, նախագահը հանդիսաւոր կերպով օրինագիրքը ձեռք առաւ եւ անոր մէկ հատուածը կարդալէ վերջ, հետեւեալ խօսքերն արտասանեց.

«Ուստի, դատարանս եղածները միաձայնութեամբ լոկ զրպարտութիւն նկատելով Մուսա պէյը անպարտ կ՚արձակէ եւ Մշեցիները կը դատապարտէ դատական ծախքերը վճարելով, որով դատավարութիւնը վերջացած է»:

Նախագահին արտասանած այդ բառերը եթէ երբեք կարգ մը ունկնդիրներու համար նորութիւն եւ կամ անակնկալ մ՚էին, բայց մեզի եւ խեղճ եւ տարաբախտ Մշեցի դատախազներուն համար ոչ անակնկալ մը եւ ոչ ալ յուսախաբութիւն էին, որովհետեւ անկէց առաջ տեղի ունեցած դատավարութիւնները մեզի այն եզրակացութեան հասցուցած էին թէ օր մը այդ կատակերգութեան հանդէպ պիտի գտնուէինք. մեր այս համոզումին իբր ապացոյց ըսենք թէ նախընթաց դատավարութեան միջոցին եթէ երբեք ես արգիլած չըլլայի քովս գտնուող մեր ընկերներէն Վանեցի կաղ Մալխասը իր գրպանի ատրճանակով պիտի սպաննէր տեղն ու տեղը:

Քանի որ եղածը մեզ համար անակնկալ մը չէր, մենք միայն հետաքրքիր էինք տեսնել թէ արտասանուած վճիռը ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ընէր Եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչներուն վրայ: Այդ ներկայացուցիչներէն միայն  մէկ քանիներն էին որ արձակուած վճիռը լսելով քիչ մը դէմքերնին սահմռկած եւ գլուխնին կախելով մտածել սկսած էին: Մեզի համար գոնէ այդ չափն ալ կը բաւէր, խուլ կերպով եւ շատ իրաւացիօրէն իրենց երեսին շպրտելու «Քրիստոնէից Պաշտպան» բառերը, քանի որ անորակելի կատակերգութիւն մը եւ արտառոց զաւեշտ մ՚էր որ տեղի կ՚ունենար իրենց աչքին առջեւ եւ քիթին տակ: Եթէ երբեք միշտ մեզի հրամցուած այդ բառերը լոկ կեղծիք մը չէին եւ իրողութիւնը այդ բառերուն անժխտելի հերքումը չէր, ուրեմն Հայաստանի եւ անոր յետ ինկած անկիւններու մէջ տեղի ունեցածը մեր կողմանէ գրել, հրատարակել եւ հրապարակելը պարզ եւ անտեղի յոգնութիւն կրնայինք նկատել: Քանի որ մայրաքաղաքին ու կեդրոնին եւ ամենէն բարձր դատարանին մէջ իսկ օրէնքը եւ արդարութիւնը չէր որ կը գործադրուէր, այլ պարզ ու աղաղակող ապօրինութիւն եւ անիրաւութիւնը: Եւ այս բոլոր եղածները Օսմանեան ապագայ պատմութիւնը սեւ էջերով պիտի արձանագրէր հարկաւ. այլ եւս մեզի ի՞նչ փոյթ եւ չէր արժէր իսկ հետաքրքրուիլ թէ՝ Մարդասէր եւ իրաւասէր ըսուած Եւրոպան իր պատմութեան մէջ այս եղածները ի՞նչ կերպով պիտի արձանագրէր…:

ՎԵՐՋ Բ. ՄԱՍԻՆ