Զ.
–
ԱՐՏԱԿԱՐԳ
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ
ԱՏԵԱՆ
Կառքին
մէջ
քովս
նստած
էր
հարիւրապետն
եւ
դիմացս
յիսնապետ
մը,
կառապանին
քով
ենթասպայ
մը
եւ
կառքին
կը
հետեւէին
չորս
կողմէ
վեց
հեծելազօրքեր։
Կառքը
դիտմամբ
կամաց
քալեցնել
կուտային,
անշուշտ
պարծենալու
եւ
կամ
ցուցադրելու
թէ
կառավարութիւնը
կարող
է
տեղն
ի
տեղը
ձերբակալել
յանցաւորները
եւ
կամ
դէպքի
պարագլուխները։
Սրտիս
մէջէն
կը
բացագանչէի՝
«Հա˜յ
մատնիչներ»,
իսկ
արտաքուստ
այնպէս
կը
ձեւացնէի
թէ
եղածը
ինծի
հաճոյք
կը
պատճառէր։
Փողոցներուն,
պատուհաններուն
եւ
պատշգամբներուն
մէջ
խռնուած
բազմութիւնը
թող
տեսնէր
թէ
բռնակալութեան
դէմ
պէտք
է
ըմբոստանալ,
թէ
Հայերն
ալ
ուրիշներուն
նման
ազատիլ
կ’ուզեն,
Հայերը
թող
տեսնէին
թէ
այդ
միջոցաւ
կարելի
է
ազատուիլ,
եւ
վերջապէս
Հայերը
թող
զգային
որ
իրենք
ալ
իբր
Հայ
պէտք
էր
իրենց
պարտականութիւնները
կատարէին։
Կառքը
միշտ
նոյն
դանդաղութեամբ
հասաւ
Սպարապետութեան
դուռը։
Պայազիտի
հրապարակը
խռնուած
բազմութիւնը
շատ
տարօրինակ
բան
մ’էր.
ամբողջ
հրապարակը
լեցուած
էր
առանց
ցեղի
եւ
կրօնի
խտրութեան,
իսկ
Սպարապետութեան
փակը
զինուորներով
եւ
սպաներով
լեցուն
էր։
Կառքերնիս
երբ
դուռի
մը
առաջ
կեցաւ,
արդէն
տասնէ
աւելի
հրացանակիր
զօրքեր
հոն
կ’սպասէին
եւ
սանդուխէ
մը
վեր
հանեցին։
Սանդուխին
երկու
կողմերն
եւ
մինչեւ
երթալիք
սենեակին
դուռը
սպաներ,
պաշտօնեաներ
ու
զինուորներ
կեցած
էին,
երբ
իրար
կը
հրմշտկէին,
լսեցի
որ
կ’ըսէին
իրարու.
«Ինչո՞ւ
զիրար
կը
հրմշտկէք,
քանի
որ
տեսաք
անգամ
մը»։
Հասկցայ
որ
անոնք
զիս
տեսնելու
եւ
դիտելու
համար
հոն
կեցած
էին։
Սենեակէն
ներս
մտանք
քանի
մը
բարձրաստիճան
սպաներ
նստած
էին։
Անունս,
մականունս,
ո´ւր
տեղացի
եւ
քանի
տարեկան
ըլլալս
հարցնելէ
վերջ,
հոն
կեցող
հազարապետին
ըսի.
«Վա´ր
տարէք»։
Հազարապետը
Սպարապետութեան
բակի
դէպի
մէկ
անկիւնի
շէնքը
տարաւ
զիս
եւ
սկսան
գրեթէ
մերկացնել.
միմիայն
շապիկ
մը
եւ
ներքնաշոր
մը
թողուցին
վրաս։
Գոնէ
քովս
թաշկինակ
մը
ունենալ
ուզեցի,
բայց
չտուին։
Արդէն
առաջին
անգամն
էր
որ
այդ
տեսակ
բան
մը
կը
տեսնէի
եւ
թէ
բնաւ
լսած
ալ
չունէի.
ուստի
որչափ
որ
կը
մտածէի,
չէի
կարող
եզրակացութեան
մը
յանգիլ,
չէի
գիտեր
թէ
զիս
այդպէս
մերկացնելուն
պատճառն
ի՞նչ
է
կամ
մերկացնելէ
վերջ
ի՞նչ
պիտի
ընեն.
որոշեցի
համբերել,
կարծելով
որ
քիչ
վերջը
ամէն
ինչ
պիտի
պարզուի։
Սալայատակ
փոքրիկ
խուցի
մը
մէջ
դրին
զիս,
առանց
նոյն
իսկ
խոտէ
խշտեակի
մը՝
երեք
զինեալ
զինուոր
պահապաններու
յանձնելով,
ուրեմն
այդ
փոքրիկ
եւ
քարայատակ
խուցը
իմ
բանտս
էր
այլեւս։
Մահուանս
չափ
ատելի
թուեցաւ
այդ
խուցը
ինծի,
կախաղանի
չուանը
աւելի
հաճելի
էր
ինծի
քան
թէ
այդ
խուցը,
քանի
որ
ծրագիրը
վիժեցաւ
եւ
գոնէ
ես
իմ
նպատակիս
չհասայ.
կախաղանը
աւելի
լաւ
էր
որ
մահս
վայրկենական
կ’ըլլար։
Փորձառուներ
կրնան
գիտնալ
այն
ցաւալի
վիճակը,
որուն
ենթարկուած
էի։
Քանի
մը
ժամ
առաջ
ընկերներուս
հետ
ուրախ
զուարթ
կ’
երթայինք
հոն,
ուր
որ
պէտք
էր,
կա´մ
մեր
նպատակն
իրագործել
կամ
մեռնիլ
եւ
կը
յուսայինք
ձեռնարկուած
գործի
յաջողութիւնը։
Գէթ
ես
այն
ատեն
ինքզինքս
շատ
երջանիկ
եւ
բարեբախտ
կ’զգայի,
քան
թէ
ողջ
մնալով
ծրագրի
եւ
գործի
վիժումը
տեսնելով
տառապիլ
եւ
կսկծալ.
ուրեմն
ես
արարածներուն
ամենէն
դժբախտն
եւ
ապերջանիկն
եմ
եղեր,
կ՚ըսէի։
Մտքիս
մէջ
հետեւեալ
խօսքերը
իրենց
խուլ
արձագանքը
կուտային.
Ոչ,
չպիտի
ընկրկիմ
չպիտի
ընկճուիմ
եւ
մինչեւ
վերջի
օրհասական
վայրկեանը
բնաւ
երբեք
չպիտի
յուսահատիմ,
ինչ
դրութեան
ալ
ենթարկուիմ
եւ
ինչ
անտանելի
վիճակ
ալ
ունենամ.
ահա
այս
մասին
այս
է
իմ
որոշումս,
որուն
վրայ
կառչած
պիտի
մնամ
մինչեւ
վերջը։
Վայրկեանը
վճռական
էր
եւ
սոսկալի
ճգնաժամ
կ՚անցընէի.
պէտք
էր
ժամ
առաջ
որոշէի
եւ
ծրագրէի
ատկէց
վերջ
ընելիքներս։
Գլխուս
վէրքերը
սոսկալի
կերպով
կը
ցաւէին.
վէրքերը
այդ
արիւնաթաթախ
վիճակին
մէջ
մնացած
էին,
առանց
նոյն
իսկ
հարեւանցի
եւ
նախնական
դարմանի
մը։
Կ՚զգայի
որ
գլխուս
կրած
բռունցքներէն
եւ
բիրերու
հարուածներէն
գլխուս
քանի
մը
տեղեր
ուռենալ
կ՚սկսէին,
կոտրած
ակռաներուս
ցաւն
ու
կսկիծն
անտանելի
էր,
բայց
ես
այդ
տեսակ
վէրքերով
եւ
կսկիծներով
զբաղելու
ժամանակ
չունէի։
Գիտէի
որ
առաւօտուն
հարցաքննութիւնս
պիտի
սկսէր,
պէտք
էր
ամփոփ
մտքով
առտու
չեղած
պատասխանս
պատրաստէի
լուրջ
եւ
հեռատես
կերպով,
որովհետեւ
կ՚զգայի
թէ
անզգոյշ
եւ
սխալ
պատասխան
մը
կարող
է
գործ
ը
վտանգել
եւ
ընկերներս
անելանելի
կացութեան
մը
ենթարկել։
Ուստի
հետեւեալ
եզրակացութեան
յանգեցայ
եւ
որոշեցի։
Մինչեւ
վերջին
վայրկեան
անվհատ
եւ
վեհանձն
մնալ,
ինչ
որ
պիտի
նշանակէր
Յեղափոխականի
մը
վայել
ընթացքը,
եւ
թէ
սուրբ
գործին
եւ
Հնչակեան
կուսակցութեան
պատիւը
գեր
ի
վեր
պահել։
Մինչեւ
վերջին
վայրկեանը
ուրանալ,
ուրանալ
մինչեւ
այն
աստիճան՝
որ
Հնչակեան
կուսակցութեան
բրէսդիժը
բարձր
մնար
սակայն։
Ձերբակալուած
ընկերներու
եւ
Հայերու
վերագրուած
մասնակցութիւնը,
յանցաւորութիւնը
եւ
տրուելիք
պատիժը՝
իմ
վրայ
կեդրոնացնել
եւ
ջանալ
զանոնք
անմեղ
զոհեր
եւ
զրպարտեալներ
ցոյց
տալ։
Վերջապէս
անվհատ
կերպով
պէտք
էր
ջանայի
որ
ինձմէ
զատ
ուրիշ
ընկերներ
չդատապարտուին,
եւայլն
եւայլն։
Խուց
մտնելէս
ի
վեր
հետաքրքիրներու
շարք
մ՚էր
որ
սկսեց
եւ
տեւեց
քանի
մը
օր,
զինուորական
պաշտօնեայ
եւ
Եւրոպացի.
բայց
ոչ
ոքի
արտօնուած
էր
ինծի
հետ
բառ
մը
իսկ
փոխանակել,
միայն
կը
դիտէի
ու
կը
հեռանային.
որովհետեւ
խցիկիս
դուռը
մինչեւ
վերջը
բաց
թողուցին։
Միայն
երբեմն
Եւրոպացիներուն
արտօնուած
էր
խօսիլ
ինձ
հետ
բանտի
տնօրէնին
ներկայութեան,
Թուրքերէն
լեզուով։
Չնայելով
որ
առաւօտուն
փոքրիկ
նախաճաշ
մը
ըրած
էի,
երեկոյան
զինուորներուն
տրուած
կերակուրէն
ինծի
ալ
տուին.
մերժեցի,
որովհետեւ
ցոյցի
վիժումը
սիրտս
խոցած
էր,
եւ
Հայ
մատնիչներուն
ընթացքը
զայրոյթս
իր
գագաթնակէտին
հասցուցած
էր,
մատնիչ
մը,
որուն
յանձնուած
էր
Հայութեան
ճակատագիրը։
Միայն
կը
ծխէի
եւ
միշտ
կը
ծխէի։
Զինուորական
վերարկուի
մը
(եաղմուրլուք)
մէջ
փաթթուելով
քարերուն
վրայ
գիշերը
լուսցուցի,
եւ
արդէն
մինչեւ
վերջջը
վերմակս,
անկողինս
եւ
ամէն
ինչս
այդ
վերարկուն
եղաւ։
***
Հազարապետի
մը
առաջնորդութեամբ,
ենթասպայէ
մը
եւ
երկու
հրացանակիր
զօրքերէ
շրջապատուած՝
(մինչեւ
հարցաքննութեան
վերջանալը
այս
ձեւով
կ՚երթայի
հարցաքննութեան)
սանդուխէն
վեր
ելանք
ու
մեծ
սենեակէ
մը
ներս
մտանք։
Մէջտեղը
դրուած
էր
կանանչ
չուխայով
ծածկուած
սեղան
մը,
որուն
գլուխը
նստած
էր
Սպարապետ
Ալի
Սաիպ
փաշա,
իրմէ
քիչ
հեռու
Տէրվիշ
փաշա։
Սեղանին
երկու
կողմերը
նստած
էին
միւշիր,
ֆէրիգ
եւ
լիվա
12
փաշաներ.
սեղանին
վարը
ծայրը
նստած
էր
հռչակաւոր
հարցաքննիչ
Հիւսէյին
Սըտգը
եւ
հարիւրապետ
մը
իբր
քարտուղար։
Իսկ
ինծի
աթոռ
մը
ցոյց
տուին
որ
Տէրվիշին
քովը
պարապ
կը
մնար։
Խօսքը
Տէրվիշ
փաշայինն
էր,
ինձ
ուղեալ.
«Ինչպէս
կը
տեսնես
արտակարգ
ժողով
մը
կազմուած
է
ձեր
ըրած
ցոյցին
պարագաները
ստուգելու
համար։
Ժողովին
միշտ
պիտի
նախագահէ
Սպարապետ
փաշան,
իսկ
ես
Ն.
Վեհափառութիւն
Սուլթան
Ապտիւլ-Համիտ
Կայսեր
կողմէ
ամէն
օր
ներկայ
պիտի
գտնուիմ
հարցաքննութեան
եւ
իրիկունը
արդիւնքը
պիտի
ներկայացնեմ
Վեհ.
Կայսեր»։
Երբ
ներկաները
ո՛
եւ
է
դիտողութիւն
մը
չըրին
Տէրվիշի
ըսածներուն,
ես
այդ
խօսքերն
իրական
պիտի
նկատէի
եւ
իրօք
ժողովն
այդպէս
եւ
նոյն
կազմով
շարունակուեցաւ
մինչեւ
դատապարտութեանս
օրը։
Սովորական
պարզ
հարցումներէ
եւ
ձեւակերպութիւններէ
վերջ՝
կարգը
եկած
էր
հարցնելու
թէ
ինչո՞ւ
եւ
ի՞նչ
նպատակաւ
այդ
ցոյցն
ըրած
էինք։
Ես
բացարձակապէս
ուրացայ
իմ
մասնակցութիւնս
եւ
պարագլուխ
ըլլալս։
Եղածը
զրպարտութիւն
մը
նկատեցի
եւ
ինքս
այդ
զրպարտութեան
զոհը։
Մայր
եկեղեցիին
մէջ
գտնուիլ
ինծի
համար
բնաւ
յանցանք
մը
չէ
ըսի,
քանի
որ
Հայ
մ՚եմ։
Խօսքս
Տէրվիշ
փաշային
ուղղելով.
Չեմ
կարծեր
որ
դուք
եւ
հրամանատար
փաշան
այնչափ
անազնիւ
ըլլաք
որ
հոս
այս
ժողովին
մէջ
չըսէք
թէ
Աշըգեան
Պատրիարք
երեք
անգամ
ձեզի
յայտարարեց
որ
ես
եղած
եմ
իր
կեանքն
ազատողը.
իսկ
չը
գիտեմ
թէ
վերջէն
Աշըգեան
ի՞նչ
մտածելով
իրեն
ենթակայ
կղերականները
հաւաքելով
ինծի
զրպարտել
տուաւ։
Փաշա՛,
դուք
եւ
հրամանատար
փաշան
չէի՞ք
որ
ինծի
շնորհնկնլութիւն
յայտնեցիք
թէ
Աշըգեանը
մեռցնելէ
ազատելու
համար
իրական
վտանգը
աչք
առած
էի,
իսկ
հիմա
զիս
ցոյցին
պարագլուխ
եւ
յանցաւոր
կը
նկատէք.
ահա
զարմանալի
կէտը
հոս
է.
եթէ
ճառ
կարդացող
եւ
Թուղրան
ու
պատկերը
կոտրողն
ես
ըլլայի,
ինչո՞ւ
ձեր
գալէն
առաջ
եւ
վերջը
չհեռանայի,
երբ
հսկողութեան
ներքեւ
չէի.
եւ
եթէ
երբեք
ես
ըլլայի,
մինչեւ
վերջ
Աշըգեանի
հետ
ծունկ
ծունկի
նստած
սիկառ
չէի
ծխէր.
վերջապէս
եթէ
ես
ըլլայի
ապո՞ւշ
էի
որ
չհեռանայի
առանց
իսկ
կասկածանաց
տեղի
տալու։
Քանի
մը
անգամնեար
եկաք
եւ
ճառ
կարդացողը
նկարագրեցիք
եւ
պահանջեցիք
Պատրիարքէն
որ
ցոյց
տայ,
այլեւս
տարակուսելու
պէտք
չէր
մնար
թէ
դուք
զիս
կը
փնտռէք
եղեր,
քանի
որ
երէկ
4-5
ժամ
ձեր
ներկայութեան
մնացի
ըսել
է
յանցաւոր
ես
չէի
որ
չէի
հեռանար։
Կարծեմ
ժողովը
այս
մասին
տուած
բացատրութիւնս
բաւական
կը
սեպէ։
Խրիմեանի
մասին
եղած
հարցման
պատասխանեցի.
Խրիմեան
հայրենակիցս
էր
եւ
իր
աշխարհական
եղած
ատեն,
եթէ
հայրս
հաւանէր,
մեզի
փեսայ
պիտի
ըլլար։
Իբր
հայրենակից
եւ
նշանաւոր
մէկը
բնաւ
վնաս
մը
չկար
կարծեմ
իրեն
հետ
տեսնուելէս
եւ
իրեն
այցելութեան
երթալէս,
ինչպէս
որ
ինքը
իր
ուզած
միջոցին
խանութս
կուգար,
միթէ
կարելի՞
էր
իրեն
ըսել
որ
խանութս
չի
գայ,
ընդհակառակն
հաճոյք
կ՚զգայի
որ
ինքնին
մեծ
պատիւ
մը
եւ
բարեբեխտութիւն
մ՚էր
ինձ
համար։
Իսկ
թէ
ինձ
ծանօթացուցած
է
Հայ
հարուստներու
անուններուն,
բնաւ
պարտաւոր
չեմ
յայտնելու
եւ
չպիտի
յայտնեմ
ալ,
եւ
դուք
իրաւունք
չունիք
զիս
ստիպելու
որ
հարուստներու
անունները
տամ։
Այդ
առաջին
օրը
կարգ
մը
այդ
տեսակ
հարցումներ
ինծի
ուղղելէն
եւ
պատասխանելէ
վերջ
զիս
խուցս
վերադարձուցին։
Երեկոյեան
ժամը
մէկին
միջոցին
դեր-հազարապետ
մը
խուցիս
դրան
առջեւ
կեցաւ
եւ
քմծիծաղով
մը
ըսաւ.
–
Աչքդ
լոյս,
այսօր
քանի
մը
Հայեր
ալ
բերինք,
որոնք
խոստովանեցան
թէ
քու
ընկերներդ
են։
–
Ես
բնաւ
ընկեր
չունիմ,
ըսածնին
սո՜ւտ
է։
Գլուխը
երերցնելով
եւ
սպառնական
շեշտով
մը.
–
Հիմա
դեռ
նոր
ես,
կամաց
կամաց
քեզի
կը
վարժեցնենք,
քե՜զի
խընգըր
քեզի.
ամենքը
սուտ
կ՚ըսեն
եւ
դո՞ւք
ճիշտ
կ՚ըսես,
ես
քեզի
այս
գիշեր
կը
սորվեցնեմ
ամէն
բան։
Եւ
անկից
վերջ
սկսաւ
խիստ
նախատական
խօսքեր
ուղղել
դէպ
ի
Հայ
Ազգը
եւ
դէպ
ի
Հայութիւնը
եւ
դեռ
պիտի
շարունակէր
իր
գռեհիկ
խօսքերը,
զինուոր
մը
եկաւ
եւ
ըսաւ
թէ
հազարապետը
զինքը
կ՚ուզէ։
«Քիչ
մը
վերջը
կը
տեսնուինք»,
ըսելով,
հեռացաւ։
Ի
հարկէ
դեր-հազարապետին
խօսքերն
անտանելի
էին
ինձ
համար.
եւ
հաւանական
էր
քիչ
մը
վերջ
վերադառնար։
Ես
չարչարանքէ
ու
խոշտանգումէ
չէի
վախնար,
այլ
այդ
տեսակ
նախատական
խօսքերն
էին
որ
անտանելի
պիտի
ըլլային
ինձի,
եւ
թերեւս
չհանդուրժելու
պարագային՝
ուրիշ
կերպ
վարուէի
իրեն
հետ։
Վիճակս
սոսկալի
էր,
գլուխս
ուռիլ
սկսած
էր.
թէեւ
այդ
օրը
վիրաբոյժը
գլխուս
վէրքերուն
վրայ
դեղեր
դրած
ու
կապած
էր,
բայց
նորէն
ցաւը
անցած
չէր։
Այդ
գիշերը
դեր-հազարապետը
չեկաւ
եւ
ես
մտածեցի
թէ
այդ
նախատինքներուն
վերջ
տալու
միակ
միջոցն
էր
հետեւեալ
օրը
հարցաքննութեան
ատեն
բողոքել
ժողովին։
Թէեւ
ես
հաւատացած
էի
այդ
բողոքս
իր
օգուտը
չպիտի
ունենայ,
բայց
պէտք
էր
բողոքէի
գոնէ
անկէ
վերջ
ըլլալիքները
քիչ
մը
մեղմացնելու
համար։
*
*
*
Հարցաքննութեան
դեռ
չսկսած
ես
խօսք
առի
ու
ըսի.
Որչափ
որ
ժամանակին
լսած
էի,
բայց
չէի
ուզեր
հաւատալ.
իսկ
քանի
որ
երեկ
իրիկուն
դեր-հազարապետ
մը
բանտիս
դրան
առջեւ
եկաւ
եւ
լսեցի
այն
լպիրշ
եւ
զզուելի
խօսքերը,
այն
ատեն
մտածեցի
թէ՝
քանի
որ
դեր-հազարապետ
մը
այսպէս
կը
վարուի
ինծի
պէս
պատուաւոր
մէկու
մը
հետ,
հապա
ուրիշ
պարզ
զինուորներ
ի՞նչպէս
պէտք
էր
վարուէին։
Դեր-հազարապետին
նախատական
եւ
կոչտ
խօսքերն
ես
իր
անկրթութեան
կուտամ,
բայց
կը
զարմանամ
թէ
դուք
ի՞նչպէս
կը
թոյլատրէք
եւ
ինչո՞ւ։
Իսկ
եթէ
երբէք
ձեր
հրահանգովն
է
եղածն,
ինչ
որ
չեմ
հաւատար,
ահա
ես
ձեր
ներկայութեան
կ՚ըսեմ.
Ես
ձեր
կարծած
անկիրթ,
սրիկա
եւ
գռեհիկ
դասակարգին
պատկանողներէն
չեմ։
Ես
տղայ
հասակէս
թէ՛
հայրենիքիս
եւ
թէ՛
Պոլսոյ
մէջ
պատուաւոր
ճանչցուած
եմ,
եթէ
ըսածներս
ձեզի
անհաւատալի
կը
թուին,
կրնաք
քննել
եւ
տեղեկանալ։
Ես
այսօր
ձեր
ներկայութեան
կը
գտնուիմ
իբր
յանցաւոր,
ես
յանցաւոր
չեմ,
այլ
թիւրիմացութեան
մը
զոհ
գացած
եմ։
Այս
ըսածիս
փորձով
պիտի
համոզուիք
քիչ
օրէն։
Դուք
ազատ
էք
իմ
ըսածներուս
կարեւորութիւն
չտալ
եւ
ձեր
համոզումները
չփոխել։
Բայց
պէտք
է
գիտնաք
թէ՝
դուք
միայն
իրաւուինք
ունիք
զիս
հարցաքննելու,
իմ
խոստովանութեամբ
կամ
պատուաւոր
անձերու
օրինաւոր
վկայութեամբ
ըստ
օրինի
դատապարտութեանս
որոշումը
տալու
եւ
այդ
վճիռին
համեմատ
պէտք
եղածը
գործադրելու,
բայց
իրաւունք
չունիք
եւ
քաղաքակրթութեան
դէմ
է
որ
այս
վիճակիս
մէջ՝
այնպիսի
ընթացք
մը
ունենաք
ինձ
հանդէպ,
որ
անկրթութիւն
կը
նկատուի,
Արդեօք
ըսածներս
դուք
ալ
ճիշտ
չէք
գտներ։
Դուք
պէտք
է
խոնարհիք
եւ
գիտնաք
թէ՝
զիս
այնպիսի
վիճակի
մը
ենթարկած
էք
որ,
ոչ
թէ
դեր-հազարապետ
մը,
այլ
նոյն
իսկ
աննշան
զօրք
մը
իսկ
կարող
է
զիս
խոշտանգել,
չարչարել
եւ
նախատել,
քանի
որ
այսօր
ես
ձեր
ձեռքը
ինկած
գերի
կը
նկատիմ։
Եթէ
ըսածներս
ձեզ
համար
կարեւորութիւն
չունին
եւ
թերեւս
դուք
ինձ
նկատմամբ
այնպիսի
միջոցներ
ընտրած
էք
որ
ցարդ
եղածներէն
աւելի
սոսկալի
պիտի
ըլլան
վստահ
եղէք
որ
պիտի
համակերպիմ
եւ
պիտի
տոկամ
մինչեւ
վերջին
շունչս,
բայց
պէտք
է
գիտնաք
եւ
հաւատաք
թէ՝
(ցուցամատս
դէպի
երկինք
բարձրացուցած)
կայ
ամենէն
բարձր
անաչառ
դատաստան
մը,
եւ
պիտի
ենթարկուիք
օր
մը
այդ
արդար
դատաստանին
եւ
վրէժխնդրութեան։
Ահա
այսչափ
է
իմ
ըսելիքներս։
Ես
այնպէս
կը
նկատէի
թէ
իմ
այս
խօսքերս
բաւական
ազդած
էին
իրենց
վրայ,
եւ
թէ
իրօք
մինչեւ
դատապարտութեանս
օրը
այլ
եւս
այդ
տեսակ
նախատական
խօսքեր
չլսեցի,
բացի
Տէրվիշ
փաշայէն։
Սպարապետը
«սխալ
մը
եղած
է»
ըսելով,
հրամայեց
որ
հարցաքննութիւնս
սկսի։
Փորթուգալեանի
հետ
ունեցած
յարաբերութիւնս
եւ
Արմէնիան
տարածելս
անշուշտ
Պ-ին
մատնութիւնն
էր։
–
Ցոյցը
Հնչակեան
կուսակցութեան
կարգադրութեամբ
տեղի
ունենալը
դուք
ինձմէ
շատ
լաւ
կրնաք
գիտնալ.
երէկ
ինձ
պահանջմնագիր
մը
ցոյց
կուտայիք
որ
Պոլսոյ
Հնչակեաններուն
կողմէ
պատրաստուած
էր,
հետեւաբար
ինծի
հարցնելու
բնաւ
պէտք
չունիք,
ըսի։
Երկու
ժամու
չափ
զիս
հարցաքննեցին
այդ
օրը,
եւ
յետոյ
Տէրվիշ
փաշան
դիւրին
կերպով
խոստովանցնելու
սպառնալիքով
խուցս
ղրկեց
զիս։
Պէտք
է
գիտնալ
որ
այս
տեսակ
արտակարգ
ժողովի
մը
ներկայութեան
հարցաքննուիլը
սոսկալի
եւ
շատ
դժուար
է։
Դատական
նախարարութեան
հարցաքննիչներու
ներկայութեան
նստիլ
շատ
հեշտ
է,
որովհետեւ
հարցում
ընողը
միայն
հարցաքննիչն
է,
իսկ
այս
տեսակ
ժողովներու
մէջ
ամէն
մէկ
անդամ
ազատ
է
իր
ուզածին
պէս
հարցումներ
ուղղել
եւ
թէ
պարտաւոոր
ես
ամենուն
ալ
պատասխանել։
Յանցաւորը
կամ
ամբաստանեալը
միշտ
անակնկալ
հարցումներու
հանդէպ
կը
գտնուի։
Դեռ
կէս
գիշեր
չեղած՝
բանտին
տնօրէնը
զիս
խուցէս
հանելով
քանի
մը
զօրքերով
շրջապատուած,
հրամայեց
իրեն
հետեւիլ։
Գիշերուան
այդ
պահուն
զիս
ո՛ւր
պիտի
տանէին՝
չէի
գիտեր։
Յանկարծ
Տէրվիշին
ցերեկուան
սպառնալիքը
յիշեցի
անկասկած
զիս
չարչարելու
կը
տանին
կը
մտածէի։
Սենեակէ
մը
ներս
մտանք։
Բանտին
տնօրէն
հազարապետ
Իսմայիլ
պէյ
դեր-հազարապետի
եւ
հարիւրապետի
մը
մէջտեղը
նստեցաւ։
Երկու
ենթասպաները
մէյմէկ
անկիւն
կեցած
էին,
այս
չորս
նորեկներուն
դէմքերն
այնչափ
դաժան
եւ
սոսկալի
էին
որ
զիրենք
տեսնողին
համար
դժուար
չէր
անոնց
ներքինը
հասկնալ,
կարծես
չորսն
ալ
զատուած
էին
մասնաւորապէս։
«Գործ
ունինք»
մտածելով,
ցոյց
տրուած
աթոռին
վրայ
նստած
էի։
Դեր-հազարապետը
սկսաւ
հետեւեալ
կերպով.
Վերջը
պիտի
հասկնաս
թէ
ինչո՛ւ
համար
գիշերուան
այս
պահուս
քեզ
հոս
բերինք,
այդ
բանը
վերջէն
չհասկնալու
համար,
հիմա
մեր
ներկայութեան
եթէ
խոստանաս
թէ
բուն
իրողութիւնը
պիտի
խոստովանիս,
նոյն
իսկ
վաղը,
այդ
խոստումիդ
քեզի
նպաստաւոր
ըլլալը
ես
կ’երաշխաւորեմ,
իսկ
եթէ
ոչ՝
կ’ուզես
գործի
սկսինք,
ահա՛
սկիզբէն
ըսելնիս
մեր
պարտականութիւնն
է,
դուն
գիտես
այլեւս,
երկուքէն
ո՛րը
կուզես
այն
ընտրէ։
–
Պէյ
էֆէնտի,
դուք
այս
եղած
ցոյցը
կարեւո՞ր
դէպք
մը
կը
նկատէք
թէ
անկարեւոր,
ըսի։
–
Տարակոյս
չկայ
թէ
կարեւոր։
Ամբողջ
Պոլիսն
եւ
Թուրքիան
տակնուվրայ
ըրաւ։
–
Ուրեմն
դուք
կը
կարծէք
թէ
այդ
դէպքին
գլխաւոր
դերակատարն
ես
եմ։
Քանի
որ
այդպէս
համոզուծ
էք,
ուրեմն
ինչո՞ւ
չէք
կարծեր
որ
այդ
կարեւոր
պաշտօնը
յանձն
առնողն
այն
աստիճան
ընդունակ
մէկը
պէտք
է
ըլլայ
որ
կարենայ
մտածել
թէ
այդ
տեսակ
դէպքի
մը
պարագլուխ
ըլլալը
կը
նշանակէ
թէ
ձեռք
անցած
պահուն
իրեն
տրուելիք
պատիժը
մահ
պիտի
ըլլայ։
Քանի
որ
հաւատացած
էք
թէ
այս
այսպէս
է,
ուրեմն
ինչո՞ւ
չէք
մտածէր
որ
այդ
դերակատարն
իր
ընկերներուն
այն
վստահութիւնը
ներշնչած
մէկն
է
որ
պիտի
կարենայ
այդ
գործը
գլուխ
հանել.
վերջապէս,
ինչո՞ւ
չէք
համոզուիր
թէ
այդ
դերակատարն
այս
գործին
ձեռնարկելէն
առաջ
կատարեալ
համոզումն
ունեցած
է
թէ
այդ
վայրկեանէն
սկսեալ
ինք
մեռած
է
այլեւս,
ու
կեանքը՝
ապրիլը՝
այլեւս
իր
աչքին
նշանակութիւն
չունի։
Եթէ
երբեք
դուք
կը
կարծէք
թէ
ես
եմ
այդ
մարդը
եւ
զիս
հոս
չարչարելու
համար
բերած
էք,
ուրեմն
համոզուեցէք
եւ
հաւատացէք
որ
ի՛նչ
ալ
ընէք,
ի՛նչ
տեսակ
ահռելի
չարչարանքի
ալ
ենթարկէք,
քանի
մը
ժամ
առաջ
կամ
վերջ
մեռնելիս
ինծի
համար
աւելի
հաճելի
է
քան
թէ
գաղտնիք
մը
տալ։
Կ՚ուզէք
գործի
սկսեցէք
ու
ես
պատրաստ
եմ։
Գործի
սկսելէ
առաջ
պարագայ
մ՚
ալ
կ՚ուզեմ
հասկնալ։
Եթէ
երբեք
իմ
յիշած
պարագաներով
չէ
որ
զիս
հոս
բերած
էք
ու
դուք
եղած
դէպքը
«սրիկայական»,
եւ
ինպէս
ըսուեցաւ՝
յելուզակային
կը
նկատէք,
ես
այն
ատեն
սա
(պատէն
կախուած
սուրը
ցոյց
տալով)
սուրը
առնելուս
պէս
վայրկենական
կերպով
անձնասպան
կ’ըլլամ,
եւ
ոչ
թէ
այդ
տեսակ
սրիկայական
դէպքերու
եւ
կամ
խռովարարներու
ղեկավարը
կը
նկատուիմ։
Հիմա
այլեւս
վերջացած
է
իմ
ըսելիքս
եւ
որոշումը
ձեզի
կը
մնայ։
Նորէն
կը
կրկնեմ,
եթէ
կը
կարծէք
եւ
համոզում
գույացուցած
էք
թէ
ես
եմ,
ուրեմն
ձեր
ամէն
ըրածին
տոկացող
եւ
գաղտնիք
մը
չտուողն
ալ
ես
եմ՝
ի՛նչ
գնով
որ
ալ
ըլլայ։
Ինչպէս
ըսի,
արդէն
սենեակին
մէջ
գտնուած
այդ
դաժան
դէմքերը
եւ
մանաւանդ
անկիւնները
կեցած
երկու
«զպանտուտ»
ենթասաները
բաւական
էիմ
պէտք
եղած
վախն
ու
սոսկումն
ազդել։
Դեր-հազարապետը
խօսքը
հազարապետին
ուղղելով
ըսաւ.
Ասոր
ըսածներէն
այնպէս
կ’երեւի
թէ
ասիկա
ծաղիկ
մ’է
որուն
նմանը
շատ
քիչ
կը
գտնուի.
քանի
որ
ինքը
տեսած
չէ՝
պէտք
է
տեսնէ
թէ
զինքը
ի՛նչ
միջոցներով
շատ
դիւրութեամբ
պիտի
խոստովանցնենք։
Հազարապետը
եւ
հարիւրապետը
ջանացին
զիս
համոզել
եւ
սպառնալ,
իսկ
երբ
տեսան
թէ
այդ
խօսքերէն
բերաւ
չազդուեցայ,
իբրեւ
վերջին
խօսք
ըսին.
–
Ի՞նչ
կ’ըսէք,
կո՞ւզէք
որ
գործի
սկսինք։
–
Ինչ
որ
սկիզբէն
ըսի
նորէն
նոյնը
կ’ըսեմ,
ես
պատրաստ
եմ։
Հարիւրապետը
ենթասպաներէն
միոյն
նշան
տուաւ։
Ենթասպան
դուրս
ելլելով՝
երեք
ուժեղ
եւ
հաստանդամ
զօրքերով
ներս
մտաւ,
քանի
մը
հատ
հաստ
բիրեր
եւ
աքցան
մը
բերաւ
սենեակին
մէջտեղ
դրաւ։
–
Սկսեցէ՛ք,
ըսաւ
հարիւրապետը։
Զօրքերն
իսկոյն
վրայիս
վերարկուն
առնելով՝
զիս
գետին
պառկեցուցին։
Նորէն
խօսիլ
ուզեցի։
–
Թողուցէք
որ
խօսի,
ըսաւ
դեր-հազարապետը։
–
Հիմայ
հասկցայ
որ
զիս
ծեծելու
եւ
կամ
չարչարելու
հրաման
պիտի
տաք։
Կ’ուզէք
այդպէսով
զիս
խոստովանցնել
տալ
կամ
ինձմէ
գաղտնիք
մը
առնել,
այնպէս
չէ՞
եթէ
ձեր
սխալը
հիմայ
չէք
զգար,
քիչ
մը
վերջը
պիտի
զգաք,
ահա
ես
ձեզի
վերջին
խօսքս
ըսեմ.
պատւոյս
վրայ
կ’երդնում
որ
ինձմէ
ո՛չ
գաղտնիք
կրնաք
առնել
եւ
ոչ
ալ
զիս
խոստովանցնել
տալ։
Թերեւս
անշուշտ
դիակէս
կարենաք
գաղտնիք
մը
առնել,
ըսելով
գետին
պառկեցայ։
Քանի
մը
փայտերու
հարուածներէ
վերջ
յանկարծ
դադրեցան։
Կարելի
է
իրենք
համոզուած
էին
որ
այդպէսով
չպիտի
կրնան
գաղտնիք
մը
կործել
ինձմէ
եւ
թերեւս
հրահանգուած
էին
որ
աւելի
յառաջ
չերթան։
Հազարապետ
Իսմայիլ
պէյ
զիս
առնելով
խուցս
բերաւ։
***
Սպարապետ
Ալի
Սայիպ
փաշան
զիս
քովը
կանչեց
եւ
ձեռքը
ունեցած
թուրքերէն
գրութեան
մը
ներքեւ
Հայերէն
ստորագրութիւն
մը
եւ
կնիք
մը
ցոյց
տուաւ.
ստորագրութիւնը
եւ
կնիքը
Տաճատ
Վրդ.
Ոսկանեանին
էր։
Տաճատ
Վարդ.,
որ
առաջին
անգամ
ըլլալով
Պատրիարքարանի
դահլիճին
մէջ
Յուդայի
դեր
կատարած
էր
եւ
երկրորդ
անգամ
ըլլալով
Յոյին
տան
մէջ
Տէվրիչին,
հրամանատարին
եւ
այլոց
ներկայութեան
բացագանչած
էր
թէ
«Այս
է,
որուն
ճակատն
համբուրեցի»,
կարծես
Տաճատը
իր
երկու
անգամի
կատարած
դաւաճանութիւնը
բաւական
նկատած
չէր,
այոս
անգամ
կուգար
երկարպատում
զազրելի
գրութեամբ
մը
կը
նկարագրէր
զիս,
անունով,
մականունով,
զբաղմունքով
եւ
այլ
բոլոր
մանրամասնութիւններով։
Տաճատը
իր
այդ
դրութեամբ
կը
դաւէր
ու
կը
դաւաճանէր
նաեւ
ընկերս,
նկարագրելով
անոր
դէմքը,
տարիքը
եւն.
եւն.
(ակնարկութիւնը
Մուրատի
մասին
էր)
եւ
անկէ
վերջը
ցոյց
կը
նկարագրէր,
չմոռնալով
նաեւ
դահլիճին
մէկ
անկիւնը
ձգուած
Թուղրային
եւ
պատկերը
շրջանակին
ու
ապակիին
կտորները։
Իր
խորին
ցաւը
կը
յայտնէր
զանոնք
ջարդ
ու
փշուր
վիճակի
մէջ
տեսնելուն
համար,
եւ
իբր
գրութեան
եզրակացութիւնը
գրեթէ
անուղղակի
կերպով
Կառավարութեան
խորհուրդ
կուտար
եւ
կը
թելադրէր
թէ
ի
գործ
դրուած
չարչարանքներն
եւ
խոշտանգումները
միակ
միջոցը
կրնան
ըլլալ
զիս
խոստովանցնելու
եւ
մատնանիշ
ընել
տալ
ընկերս
(Մուրատ),
թէ
ինքը
մինչեւ
այդ
օրը
հակառակ
իր
բուռն
ջանքին
եւ
աշխատութեան,
չէր
կարողացած
այդ
ընկերս
գտնել
եւ
կառավարութեան
յանձնել,
ինչ
որ
իր
պարտականութիւնն
էր
հանդէպ
Օսմ.
Կառավարոիթեան,
իբր
ապացոյցը
իր
հաւատարմութեան։
Սպարապետը
կարծելով
թէ
չպիտի
ուրանա,
Տաճատի
ինքնութիւնն
եւ
Պատրիարքարանի
մէջ
իրեն
մեր
քով
գալը,
գրութիւնը
կարդացուելէ
վերջ
ըսաւ.
Անշուշտ
ճանչցաք
Տաճատ
Վարդ.
ը
եւ
թէ
այս
գրութեան
պարունակութեան
մասին
դիտողութիւն
մը
չունիք,
այնպէ՞ս
չէ՞։
–
Քանի
որ
Տաճատը
տեսած
չեմ
եւ
զինք
չեմ
ճանչնար,
հետեւաբար
այդ
գրութեան
պարունակութիւնն
որ
ինծի
չի
վերաբերիր,
ինձ
համար
առասպել
մը
կրնայ
ըլլալ,
ուրիշ
ոչինչ։
–
Ի՞նչ,
միթէ
կ’ուրանա՞ք
Տաճատը
ճանչնալ։
–
Ուրանալու
խնդիր
չկայ,
միայն
Տաճատ
Վարդ.
անունով
մէկը
լսած
եմ,
բայց
ոչ
զինքը
տեսած
եմ
եւ
ոչ
ալ
կը
ճանչնամ։
–
Չէ՞
որ
իր
նկարագրածը
դուք
էք։
–
Քանի
մը
օր
առաջ
ես
արդէն
ձեզի
ըսած
եմ
որ
ինծի
կը
նմանի
այդ
ձեր
փնտռած
անձը։
–
Տաճատը
ձեր
նկարագրութիւնը
ընելէ
վերջ՝
անուննիդ,
մականուննիդ
գործերնիդ
եւ
հայրենիքդ
ու
Պոլսոյ
մէջ
սկզբէն
մինչեւ
ետքը
ո՛ւր
բնակիլդ,
ի՞նչպէս
կրնար
գիտնալ,
եթէ
երբէք
ձեզ
ճանչցած
չըլլար։
–
Փաշա՛,
կը
զարմանամ
որ
այդչափ
բան
չգիտնալ
կը
ձեւացնէք,
այդ
դէպքը
այսօր
ո՛չ
թէ
միայն
Հայոց,
այլ
գրեթէ
Պոլսոյ
ամբողջ
բնակչութեան
ծանօթ
է,
եւ
քանի
որ
այդ
դէպքէն
ի
վեր
մէկ
քանի
օր
անցած
է,
այսօր
փորձի
համար
առանց
խտրութեան
դէմերնիդ
ելլող
հետաքրքիր
ո՛ր
եւ
իցէ
անձի
մը
հարցուցէք
եւ
պիտի
տեսնէք
թէ
Տաճատէն
աւելի
լաւ
պիտի
նկարագրէ
զիս
եւ
իմ
բնակավայրս,
զբաղումս,
եւն.
։
Հետաքրքիր
դասակարգը
շատ
հաւանական
է
որ
նոյն
իսկ
ցոյցին
առաջին
օրն
իսկ
հասկցած
եւ
ձերբակալուողի
մասին
տեղեկութիւններ
առած
է,
հետեւաբար
քանի
որ
ցոյցէն
մէկ
քանի
օր
վերջն
է
որ
Տաճատ
Վարդ.
կուգայ
այդ
գրութիւնը
ձեզ
յանձնելու,
ուստի
իր
ըրածը
մեծ
գիւտ
մը
չէ,
որովհետեւ
այսօր
ամբողջ
Պոլիս
գիտէ
որ
ես
եմ
ձերբակալուողը։
–
Եթէ
վկաներ
գան
եւ
Տաճատին
ծանօթ
ըլլալդ
վկայեն,
անոր
ի՞նչ
պիտի
ըսես։
–
Պատուաւոր
եւ
օրինաւոր
վկայութեանց
մասին
ոչինչ
չունիմ
ըսելու.
կրնաք
այդ
վկաները
բերել
եթէ
երբեք
կան։
–
Շատ
լաւ,
հիմա
ըսէք
ձեր
ընկերոջ
անունը
եւ
հասցէն։
–
Ներողութիւն
փաշա,
ես
ձեր
ըսածները
չեմ
կրնար
ըմբռնել.
ահա
բառ
առձ
բառ
նորէն
կ’ըսեմ.
ես
ոչ
Տաճատը
կը
ճանչնամ
եւ
ոչ
տեսած
եմ.
Տաճատի
ըրածը
ամենաստոր
զրպարտութիւն
մ’է,
հետեւաբար
ձեր
փնտռած
մարդը
չեմ,
եւ
ոչ
ալ
ընկեր
ունիմ
որ
ձեզի
ցոյց
տամ,
ահա
յասչափ։
Սպարապետ
փաշան
նկատելով
որ
չպիտի
կարողանայ
այդ
գրութեան
մասին
բառ
մը
իսկ
առնել
ինձմէ,
իրեն
կողմէ
ըլլալիք
հարցումները
վերջանալուն
համար
նշան
մը
ըրաւ,
եւ
հրամատարն
սկսեց։
–
Մանզումէ
լրագրին
տէր
Կարապետ
էֆէնտին
կը
ճանչնա՞ս։
–
Գիտեմ
որ
այդ
անունով
մէկը
Մանզումէ
թերթը
կը
հրատարակէ,
բայց
անձամբ
ճանչնալու
պատիւն
ունեցած
չեմ։
‒
Չէ՞
որ
ինքը
ականաւոր
մէկն
էր,
ի՞նչպէս
չես
ճանչնար։
‒
Թէ՛
ականաւոր
եւ
թէ
պատուաւոր
մէկն
է
կ՚ըսեն,
բայց
կը
ցաւիմ
որ
ծանօթանալու
բախտն
ունեցած
չեմ։
‒
Խրիմեանի
հետ
գիշեր
մը
անոնց
տունը
գտնուած
էք,
քանի
մը
ընկերներով։
‒
Այդ
խօսքն
առաջին
անգամ
ըլլալով
ձեզմէ
կը
լսեմ,
ըսի
զարմացական
ձեւով
մը։
‒
Եթէ
նոյն
գիշերը
ձեզի
հետ
հոն
գտնուողը
գայ
եւ
քու
ներկայութեանդ
վկայէ։
–
Այլ
եւս
խնդիրը
կը
վերջանայ,
ըսի,
եւ
ինծի
այլ
եւս
հարցնելու
պէտք
իսկ
չի
մնար։
Տէրվիշ
փաշան
Լոնտոն
հրատարակուած
Հայաստան
թերթին
մասին
հարցում
ըրաւ
եւ
իբր
թէ
ես
անոր
գործակատարն
ըլլամ։
Այս
մատնութիւն՝
նորէն
Պ-էն
ըլլալը
հասկցայ
իսկոյն։
–
Թերթի
մը
գործակատարն
ըլլալը
միթէ
մե՞ղք
է
ըսի։
–
Այդ
թերթին
Թուրքիա
մուտքին
արգիլուած
ըլլալը
չէի՞ր
գիտէր։
–
Եթէ
մուտքն
արգիլուած
է,
ուրեմն
ես
ի՞նչպէս
անոր
գործակատարը
կ՚ըլլայի։
–
Գաղտնի
կերպով
բերել
կուտաք
եւ
կը
ցրուէք
եղեր։
–
Փաշա,
քանի
որ
կ՚ըսէք
թէ
մուտքն
արգիլուած
է,
եւ
թէ
գաղտնի
կերպով
կ՚ստանայի
եւ
կը
ցրուէի,
այդ
ձեր
ըսածին
ամենէն
դրականն
այն
կ՚ըլլար
որ
առած
եւ
ցրուած
միջոցիս
ձերբակալէին
զիս.
քանի
որ
այդպէս
բան
մը
եղած
չէ,
ըսել
է
բոլորովին
անհիմն
են
ձեր
ըսած
խօսքերը։
Ամենէն
վերջ
Տէրվիշ
փաշա
գրպանէն
թուղթ
մը
հանեց
ու
կարդացնել
տուաւ։
Գումգաբուի
պահականոցին
գօմիսէր
Տաղիստանցի
Մուսթաֆա
պէյի
տեղեկագիրն
էր։
Շատ
ծիծաղելի
էր
այդ
տեղեկագիրը
ինծի
համար.
ցոյցին
օրը
Նազարէթի
եւ
Կարապետի
ձեռքի
շարժումներէն
իսկ՝
իր
հետ
ունեցած
քանի
մը
ոստիկաններով
չուած
էր,
իսկ
այդ
օրը
տեղեկագիր
մը
պատրաստած
էր,
կէս
մը
ցոյցի
նկարագրութիւնն
ընելով,
եւ
իբր
թէ
ինքը
այդ
օրը
զօրքերը
դեռ
չհասած,
մեզի
պիտի
ձերբակալէ
եղեր,
բայց
իր
քով
շատ
ոստիկաններ
չգտնուելուն
պատճառաւ
չէ
կրցած
ձերբակալել։
Ես
եթէ
երբեք
Տէրվիշ
փաշային
եւ
ժողովին
պարզէի
Մուսթաֆա
պէյի
պարագան
թերեւս
կասկած
հրաւիրած
ըլլայի
իմ
վրայ,
բայց
երբ
Տէրվիշ
փաշան
տեղեկագրի
մասին
իմ
դատողութիւնս
ուզեց
գիտնալ,
ըսի.
Մուսթաֆա
պէյը
ո՛չ
տեսած
եւ
ոչ
ալ
ճանչցած
եմ,
եւ
ոչ
ալ
իր
մասին
բան
մը
լսած
եմ։
Քանի
որ
Գումգաբուի
գօմիսէր
մ՚է,
իմ
թաղս
Կէտիք
փաշա
ըլլալով,
բնական
է
որ
զինք
ճանչցած
ալ
չըլլամ,
թերեւս
ինք
ալ
Տաճատ
Վարդ-էն
ներշնչուած
այդ
տեսակ
տեղեկագիր
մը
պատրաստած
է։
Այդ
մասին
ըսելիքս
այսչափ
է։
Հարցաքննութիւնս
վերջացած
էր։
Հարցաքննութեանս
մասին
կանխօրօք
պատրաստած
ծրագրիս
մէջ
նկատողութեան
առած
չէի
թէ՝
Հայերեն
իսկ
կրնան
իմ
մասին
վկայել,
ինչ
որ
արդէն
երեւակայել
իսկ
աւելորդ
պիտի
ըլլար։
Բայց
այդ
օրը
երբ
Հայ
կղերականը
թէ՛
կը
վկայէր
գրաւոր
կերպով
եւ
թէ
շատ
աշխատած
էր
Մուրատը
գտնել
եւ
կառավարութեան
յանձնել,
ու
միանգամայն
կը
թելադրէր
զիս
չարչարել
եւ
խոշտանգել,
ահա
այս՝
եւ
մանաւանդ
վերջին
պարագան
էր
որ
զիս
կը
յուզէր
եւ
արիւնս
երակներուս
մէջ
կ՚եռացնէր։
Տխո՜ւր
էի
եւ
դառն
կերպով
կը
մտածէի.
Հայ
ժողովուրդը
ի
պահանջել
հարկին
կարող
էր
պարծենալ
թէ
Տաճատի
նման
վարդապետ
մը
ունի
եւ
Պոլսոյ
եկեղեցիներէն
միոյն
քարոզիչն
է,
եւ
կ՚սպասէ
որ
օր
մը
պէտք
զգացուած
միջոցին
իբր
հովիւ
գաւառներն
երթայ
եւ
Հայերը
պաշտպանէ
ու
անոնց
հանդէպ
եղած
զրկանքներուն
դիմադրէ,
ինչ
որ
իր
պարտքն
էր
արդէն։
Արիւնս
փրփրելուն
պատճառն
այն
էր
որ
Տաճատը
շատ
լաւ
գիտէր
եւ
գուշակ
ըլլալու
պէտք
չկար
թէ
ինծի
տրուելիքը
մահուան
վճիռէն
ի
զատ
ուրիշ
բան
մը
չէր
կրնար
ըլլալ։
Գիտէր
թէ
անձնական
փառքի
եւ
բախտախնդրութեանս
պատճառաւ
չէր
որ
այդ
վիճակին
ենթարկուած
էի,
եւ
վերջապէս
Տաճատ
շատ
լաւ
գիտէր
որ
Հայ
ժողովուրդին
վիճակին
անտանելի
կացութիւնն
էր
որ
զիս
եւ
ընկերներս
մղած
էին
յանձն
առնել
այդ
չարչարանքներուն
ենթարկուիլ
եւ
ինքզինքնիս
մահուան
գիրկը
նետել։
Տաճատ
իբր
կղերական
փոխանակ
ինձ
նմանները
բռնապետութեան
ճանկէն
ազատելու,
եւ
կամ
տառապանքներս
մեղմացնելու
միջոցներ
ձեռք
բերելու,
ընդհակառակն
ճիշդ
մատնիչի
դերին
մէջ
մտած
էր,
զիս
մատնելէ
վերջը
ափսոսալով
որ
չէ
կրցած
ընկերս
գտնել
եւ
կառավարութեան
յանձնել,
որպէս
զի
այն
ալ
ինձ
նման
տառապի
եւ
ծանր
պատժոյ
մը
ենթարկուի.
կարծես
այս
ամենը
բաւական
չըլլալով,
խորհուրդ
կուտար
եւ
կը
թելադրէր
կառավարութեան,
զիս
չարչարել
եւ
խոշտանգել։
Ահա
այս
մտածումներն
էին
որ
այն
գիշերը
իմ
վրայ
շատ
գէշ
կը
ճնշէին։
Մանաւանդ
ինքզինքս
շատ
դժբախտ
կ՚զգայի
որ
գոնէ
երկտողով
մը
անկարելի
էր
իրողութիւնն
իմացնել
ընկերներուս։
Թէեւ
Տաճատի
այդ
ընթացքը
շատ
վհատեցուցիչ
եւ
յուսահատական
կրնար
ըլլալ
ինձ
համար,
բայց
ես
նորէն
վճռեցի
եւ
որոշեցի
մինչեւ
վերջը
տոկալ
եւ
հանդուրժել
այդ
տեսակ
զզուելի
պարագաներուն՝
առանց
յուսահատելու։
*
*
*
Նորէն
խնդիրը
դերակատար
ըլլալուս
շուրջը
կը
դառնար,
որուն
տալիք
պատասխանս
նորէն
նոյնն
էր,
տարօրինակ
հարցումներու
տարափ
մ՚էր
որ
կը
թափուէր
վրաս
եւ
կ՚ըսէի.
–
Եկեղեցի
երթալս
չեմ
ուրանար.
ինչ
միթէ
ինծի
ազդարարուած
էր
որ
նոյն
օրը
եկեղեցի
երթալն
արգիլուած
է։
Ես
ալ
կ՚ըսեմ
թէ
ճառ
կարդացողը
ճիշդ
ինծի
կը
նմանէր
եւ
եթէ
երբեք
ձերբակալուէր
հիմա
երկուքս
չպիտի
կարենայիք
իրարմէ
զանազանել։
Չեմ
ճանչնար
որպէս
զի
ձերբակալել
տաք։
Ինչպէս
որ
ձեր
փաթթոցաւորները
ենթակայ
են
ձեր
Շէյխ-իւլ
–Իսլամին,
նոյնն
է
մեր
կղերականներուն
համար
Աշըգեանին
ենթակայ
ըլլալը։
Եթէ
կան
պարկեշտ
մարդիկ,
թող
գան
վկայեն։
Հարցաքննութեանս
ներքեւ
ինծի
ստորագրել
տալէ
վերջ,
զիս
խուցս
կը
ղրկէին.
ես
կարդալ
տալու
եւ
ստուգելու
պէտք
չէի
զգար.
կ՚ստորագրէի
եւ
դուրս
կ՚ելլէի։
Իմ
ուշադրութեանս
առարկան
էր
ինծի
վերագրուածներն
ուրանալ
եւ
բնաւ
չխոստովանիլ,
քանի
որ
ցոյցը
վիժեցաւ,
ազատիլ
եւ
գործել
կ
՚ուզեմ
կը
մտածէի։
Դրանս
առջեւ
կեցող
պահապանները
զիս
քնացած
կարծելով,
կ՚սկսէին
իրարու
հետ
խօսիլ,
բայց
ցաւալին
այն
էր
որ
պաղ
քարերուն
վրայ
պառկելով
ականջիս
մէկը
խլացած
էր
եւ
շատ
քիչ
բան
բան
կրնայի
լսել
քանի
որ
առ
ի
զգուշութիւն
շատ
կամաց
կը
խօսէին։
Քեամիլ
պէյը
ինձմէ
առաջ
բանտարկած
էին.
ինձմէ
առաջ
կամ
վերջը
զինքը
կը
հարցաքննեն
եղեր
եւ
նոյն
իսկ
շատերը
գիշերները
կը
հարցաքննեն
եղեր։
Դէպքէն
ի
վեր
փաշաներն
իրենց
ճաշը
Սպարապետութեան
Դուռը
կ՚ընեն
եղեր։
Ամբողջ
Հայ
բանտարկեալները
խիստ
հսկողութեան
ներքեւ
են
եղեր,
բայց
ոչ
թէ
ինծի
պէս,
որ
երեք
պահապան
ունէի։
Հայ
բանտարկեալներուն
մէջ
կը
գտնուին
նաեւ
երկու
Յոյներ,
որ
մասնակցած
են
եղեր
ցոյցին։
Արդէն
զօրքերէն
երեքը
մեռած
ու
չորս
զօրքերու
ալ
վէրքերը
ծանր
են
եղեր,
այնպէս
որ
բժիշկը
ապրելու
յոյս
չիտար։
Վիրաւորուած
զօրքերուն
թիւն
տասներեք
է
եղեր։
Պահապանները
կաշառել
կարելի
չէր
եւ
ոչ
ալ
սիրաշահիլ,
որովհետեւ
ամէն
մէկ
ժամուն
կը
փոխուէին
եւ
արդէն
իրենց
հետ
խօսիլ
արգիլուած
էր։
*
*
*
Տէրվիշ
փաշան
ձեռքը
բռնած
տոմար
մը
ինծի
ցոյց
տուաւ
եւ
ըսաւ.
–
Այս
տոմարին
մէջ
քու
200է
աւելի
նամակներդ
թարգմանուած
են.
ասոնց
մասին
ի՞նչ
պիտի
ըսես։
–
Ոչինչ
չունիմ
ըսելիք.
եթէ
թարգմանուած
այդ
նամակներուս
մէջ
վտանգաւոր
բան
մը
կայ,
ըսէք
որ
պատասխանեմ։
–
Ոչ,
վտանգաւոր
բան
մը
չկայ։
–
Ուրեմն
աւելորդ
ձանձրութիւն
մը
կրած
էք.
բայց
միեւնոյն
ժամանակ
ուրախ
եմ
որ
այդ
թարգմանութեամբ
ալ
անմեղութիւնս
երեւան
կուգայ։
Արդէն
իրենց
ձեռք
բերած
նամակներն
անձնական
նամակներ
էին
եւ
վտանգաւոր
չէին
ու
այդ
պատճառաւ
էր
որ
պահած
եւ
ոչնչացուցած
չէինք։
Ունեցած
բանալիներուս
մէջ
կը
գտնուէր
նաեւ
այն
սնտուկի
բանալին,
որուն
մէջ
լեցուցած
էինք
Յեղափոխական
գիրքերն
ու
թերթերը
եւ
մեր
տունէն
հանելով
կասկած
չհրաւիրող
տուն
մը
տարած
եւ
հողին
տակ
թաղած
էինք։
Գիրքերը
տրամադրելի
կ՚ընէիք
այն
ընկերներուն՝
որոնք
կարող
չէին
գնել
եւ
այսպէսով
փափաքող
ընկերները
կարող
էին
ըստ
կարգի
այդ
գիրքերը
կարդալ
եւ
վերադարձնել,
եւ
քանի
որ
այդ
գիրքերը
իբր
գանձապետ
ինծի
յանձնուած
էին,
բնական
էր
որ
բանալին
իմ
քովս
գտնուէր
եւ
մոռցած
էի
բանալին
ուրիշ
ընկերի
մը
յանձնելու,
ուստի
Տէրվիշ
փաշան
սնտուկին
բանալին
ինծի
ցոյց
տալով
ըսաւ.
–
Այս
բանալին
ո՞ր
սնտուկին
կամ
դարակինն
է։
–
Այդ
բանալին
ոչ
սնտուկի
է
եւ
ոչ
դարակի,
քանի
մը
օր
առաջ
ատոր
կղպանքն
աւրուեցաւ,
անոր
տեղ
ուրիշ
կղպանք
մը
առի,
մոռցած
եմ
այդ
բանալին
օղակին
մէջէն
հանելու
եւ
նետելու։
Մեր
Հայ
մատնիչները
զիս
այնչափ
յուզած
էին
եւ
իրենց
ըրածը
այնչափ
գէշ
ազդած
էր
որ
կը
կարծէի
այդ
յուզումս
ծխելով
ցրուել.
զօրքերը
կը
զարմանային
այդչափ
շատ
ծխելուս։
Երբեմն
սոսկալի
վհատութիւն
մը
կը
պատէր
զիս,
իսկ
յուսահատիլ
մտքէս
չէի
անցներ
բնաւ.
մտանտանջութիւնս
սոսկալի
էր.
կը
խորհէի
թէ
մի
գուցէ
ընկերներէս
ձերբակալուածներ
շատ
ըլլան։
*
*
*
Ժողովասրահ
մտնելով
մէկը
գտայ
աթոռի
մը
վրայ
նստած.
զինքը
առաջին
անգամն
էր
որ
կը
տեսնէի.
իսկ
նարեկը
զիս
այդ
վիճակին
մէջ
տեսնելով
խնդաց
եւ
Տէրվիշ
փաշայի
երեսը
նայեցաւ։
Տէրվիշ
փաշան
այն
աստիճան
կրօնամոլ
եւ
Քրիստոնէից
հակառակ
մէկն
էր
որ
նմանը
շատ
քիչ
կը
գտնուի.
ինքը
վերին
աստիճանի
գռեհիկ
մէկն
էր
եւ
շատ
անգամ
փողոցային
ոճով
կը
խօսէր.
իր
նկարագիրը
քտչ
շատ
շատ
ուսումնասիրելէս
վերջը
բացարձակապէս
իրեն
ըսած
էի
օր
մը.
–
Եթէ
երբեք
շարունակես
այդ
տեսակ
փողոցային
խօսքեր
ըսելու
ինծի,
պէտք
է
լսես
ինձմէ
ալ
այդ
տեսակ
պատասխան
մը։
Քանի
որ
ես
վարժուած
չեմ
այդ
տեսակ
փողոցային
խօսքերու,
այդ
խօսքերդ
քեզի
վերադարձնելս
պէտք
է
գիտնաս
այն
ատեն,
երբ
ձեզի
չեմ
պատասխաներ։
Տէրվիշ
այդ
օրուան
ունեցած
տրամադրութենէն
գոհ
երեւոյթով
մը
դէպի
ինձ
դարձաւ
եւ
ըսաւ.
–
Այս
մարդը
կը
ճանչնա՞ս,
(նորեկը
ցուցանելով)։
–
Ո՛չ։
–
Քեզի
«ատաշ»
է,
եւ
ցոյցին
օրը
Պատրիարքարան
գտնուած
է։
Յարութիւնը
ապուշներու
նման
երեսս
կը
նայէր
ու
կը
խնդար։
–
Առաջին
անգամն
է
որ
զինքը
կը
տեսնեմ։
–
Ուրեմն
Յարութիւն
այս
գիշերուան
ըսածներդ
ըսէ
իր
ներկայութեան,
ըսաւ
Տէրվիշ
փաշան։
Յարութիւն
Նաթուրեան
Սեբաստացի
էր,
մեզմէ
չէր,
Պատրիարքարան
է
գտնուեր
եւ
իր
ապուշ
հետաքրքրութեան
պատճառաւ
ցոյցին
օրը
ձերբակալած
եւ
բանտ
տարած
էին։
Պատկերն
եւ
Թուղրան
կոտրած
միջոցիս
Պատրիարքարան
կը
գտնուի
եղեր,
Թուղրայի
եւ
պատկերի
կտրոններէն
քիչ
մը
առած
եւ
գրպանը
դրած
է
եղեր.
երբ
զինքը
ձերբակալելէ
վերջ
վրան
կը
խուզարկեն
եւ
գրպանէն
պատկերի
ու
Թուղրայի
կտորներ
կը
գտնեն
կը
կարծեն
թէ
Նաթուրեանն
է
Թուղրան
ու
պատկերը
կոտրողը։
Նաթուրեան
իր
երկարապատում
պատմութիւնը
կը
շարունակէր,
իսկ
ես
կը
խորհէի
որ
Նաթուրեանի
նմաններէն
ի՞նչ
կրնայ
սպասել
ազգը,
մանաւանդ
որ
անզգայ
կերպով
եկեր
նստեր
եւ
խնդութեամբ
կը
վկայէ
իմ
մասիս։
Տէրվիշ
դէպի
ինձ
դարձաւ
եւ
յոխորտանօք
ըսաւ։
–
Հիմա
ի՞նչ
պիտի
ըսես
այս
վկայութեան։
–
Կ՚ուզէք
որ
պատասխանեմ
այնպէս
չէ՞։
Թոյլ
տուր
ինծի
ըսելու
որ
պարզ
խօսքեր
իսկ
ըմբռնելու
կարողութիւն
չունիք,
Միւշիր
եւ
թիկնապահ
մը
ըլլալով,
ինչո՞ւ
չես
կրնար
ըմբռնել
թէ
այս
Յարութիւնն
իր
ըրածը
կը
խոստովանի։
Թուղրան
եւ
պատկերը
կոտրած
է
եւ
կտորները
գրպանը
պահած
է
որպէս
զի
ուրիշները
չտեսնեն.
իսկ
վերջէն
ձերբակալուած
ատեն
գրպանէն
հաներ
են.
անշուշտ
հիմա
համոզուեցար
որ
պատկերը
կոտրողը
սրածայր
մօրուքով
երկայնահասակ
այս
Յարութիւնն
է
եղեր.
իմ
եւ
ասոր
մէջ
ի՞նչ
տարբերութիւն.
նիհարակա՞զմ
եւ
գիրո՞ւկ
ու
մականունը.
է՜հ
ատոնք
ալ
մեծ
բան
մը
չեն,
քանի
որ
Թուղրան
եւ
պատկերը
կոտրողը
մէջտեղ
ելաւ
ու
խոստովանեցաւ,
ես
վստահ
եմ
արդէն՝
վան
ալ
ճառ
կարդացողը
մէջտեղ
կ՚ելլէ
ու
կը
խոստովանի։
Տէրվիշ
իմ
պատասխանս
լսելէն
վերջ
ջուրը
ինկած
մուկերու
նման
աթոռին
մէջ
սմքած
մնացեր
էր,
իսկ
Նաթուրեան
սկսած
էր
բացագանչել,
բայց
ես
անխռով
ու
անվրդով
Տէրվիշի
եւ
Նաթուրեանի
կացութիւնը
կը
դիտէի։
Տէրվիշ
դէպի
Սպարապետը
դառնալով
ըսաւ.
–
Տեսա՞ր
մեր
մարդը,
լսեցի՞ր
իր
պատասխանը։
Սպարապետը
քմծիծաղով
մը
ըսաւ.
–
Ըսածները
միայն
ես
չլսեցի,
դուք
եւ
ժողովն
ալ
լսեց։
Տէրվիշ
փրփրած
եւ
բարկութենէն
դող
ելած
ըսաւ
ինծի.
ի՞նչ
ընելու
է
քեզի
եւ
ի՛նչպէս
վարուելու
է
չեմ
գիտեր։
Իսկոյն
նստած
տեղէն
վեր
ցատկեց
եւ
սկսաւ
ժուռ
գալ։
–
Ընելիք
մէկ
բաներնիդ
մնաց,
ըսի,
հիմա
խնդիրը
մնաց
միայն
ճառ
կարդացողին
վրայ.
շուտով
անիկա
ալ
երեւան
կելլէ
ու
այն
ատեն
ես
ալ
ձեր
ձերքէն
կ՚ազատիմ։
Նաթուրեան
իր
տեղը
ղրկուեցաւ
եւ
մէկ
ժամու
չափ
հարցաքննութիւնս
շարունակուելէն
յետոյ
զիս
խուցս
ղրկեցին։
Ես
սխալած
չէի
կարծելով
որ
Սպարապետ
Ալի
Սաիպ
փաշան
ազատամիտ
եւ
արդարսէր
մէկն
էր,
այնպէս
որ
Տէրվիշին
հետ
բաղդատութեան
դնելն
աւելորդ
էր.
աչքիս
առաջ
էին
Տէրվիշի
գռեհիկ
եւ
փողոցային
խօսքերը,
նմանապէս
եւ
Ալի
Սաիպ
փաշայի
լրջութիւնն
եւ
հեզահամբոյր
խօսքերը։
Միլօշեան
Կարապետ
Ալի
Սայիպ
փաշայի
թէ՛
բարեկամն
եւ
թէ՛
միեւնոյն
ժամանակ
դրացին
էր։
Միլօշեան
ինքզինք
բոլորովին
պահպանողական
եւ
ցոյցին
հակակիր
ձեւացնելով՝
Ալի
Սայիպ
փաշային
կարծիքն
հասկնել
կ՚ուզէ։
Ալի
Սայիպ
փաշա
ցոյցը
անկարեւոր
չի
նկատեր
եւ
թէ
բաւական
լուրջ
ձեռնարկի
մը
գոյնը
կուտայ
եղեր,
ի
մէջ
այլոց
ձերբակալուածներուն
կանխամտածուած
հրահանգ
մը
տրուած
ըլլալը
կը
նկատէ,
խնդիրը
չպարզելու
եւ
եղածն
ուրանալու
միտումներ
կը
տեսնէ։
Տէվրիշի
վարմունքը
մասնաւորապէս
դէպի
ինձ
բնաւ
հաճելի
չի
թուիր
եղեր
իրեն,
գիտէ
եւ
համոզուած
է
եղեր
որ
պարագլուխն
ես
եմ
եղեր,
բայց
Տէրվիշի
կոշտ
վարուելուն
փոխարէն,
իմ
ուրացումս
եւ
չխոստովանիլս
զիս
համակրելի
դարձուցած
են
իրեն,
մանաւանդ
որ
պատասխաններս
լուրջ
եւ
քաղաքավարութեան
վայել
կերպով
կը
տրուին
եղեր,
եւ
ի
վերջոյ
կ՚ըսէ.
–
Պիտի
դատապարտուի,
բայց
կը
մեղքնամ
իր
երիտասարդութիւնը
եւ
իր
ընտանիքն
ու
զաւակները.
եթէ
երբեք
քեզի
ծանօթ
ըլլար,
դուն
աւելի
պիտի
մեղքընայիր։
*
*
*
Արդէն
քանի
մը
օրէ
ի
վեր
հարցումներու
ահագին
շարք
մը
սկսած
էր.
այդ
հարցումները
մեր
ներքին
խնդիրներու
մասին
էին։
Հարցաքննութիւնս
սոսկալի
կերպով
սկսաւ
այդ
օրը,
այնպէս
որ
գլխու
ցաւ
կեղծելով
նորէն
չկրցաւ
օձիքս
ազատել։
Ուրիշ
անգամներ
մինչեւ
կէս
օր
ճաշի
միջոցին
կը
տեւէր,
իսկ
այդ
օրը
ճաշի
ժամանակն
եկաւ,
դարձեալ
զիս
խուցս
չղրկեցին,
այլ
իրենց
համար
բերուած
կերակուրին
զիս
ալ
մասնակից
ըրին.
հասկցայ
որ
կերակուրները
եկած
էին
Ալի
Սայիպ
փաշայի
ապարանքէն։
Քանի
որ
իրենք
ժողովին
մէջ
կը
ծխէին,
խնդրած
էի
եւ
ինձ
ալ
արտօնած
էին
ծխելու։
Ճաշէն
վերջ
նորէն
հարցաքննութեան
սկսան.
ես
տալիք
պատասխաններէս
չէր
որ
կ’ընկրկէի,
այլ
այնպիսի
գործերու
մասին
հարցումներ
կ’ընէին
որ
Վարիչ
Մարմնոյն
ընկերներս
կրնային
գիտնալ
այդ
գաղտնիքները.
արդեօք
անոնցմէ
մէկը
ձերբակալուելով
ճնշման
ներքեւ
ստիպուա՞ծ
է
եղեր
այդ
գաղտնիքները
տալ։
Ո՞վ
կրնար
ըլլալ
Վարիչ
Մարմնոյն
այդ
անդամը։
Չէ՞
որ
ուխտած
էինք
մինչեւ
վերջը
ամէն
ինչ
ուրանալ։
Ահա
այս
մտածմունքներն
էին
որ
այդ
օրը
զիս
կ’ընկճէին
եւ
տոկալու
կը
տկարանային։
Երկար
եւ
վրդովեցուցիչ
հարցաքննութիւնն
այն
աստիճան
ազդած
էր
վրաս
որ
գիշերն
արդէն
վրայ
հասած
էր
եւ
չէի
կրնար
քնանալ
եւ
կը
մտածէի։
Վարիչ
Մարմնոյն
ընկերներս
նկատի
ունենալով,
չէի
կրնար
իրենց
անկեղծութիւնը
կասկածի
ներքեւ
դնել,
չէի
կրնար
հաւատալ
եւ
համոզուիլ
որ
այդ
ընկերներս
ընեն
այդպիսի
յայտնութիւններ.
իմ
դատապարտութիւնս
բնաւ
փոյթս
չէր,
այլ
յայտնութիւններն
էին
որ
ընկերներուս
անկեղծութիւնը
կասկածի
կ’ենթարկէին,
եւ
ինչո՞ւ
ես
ժամանակին
սխալած
էի
այդ
տեսակներու
հետ
կապուելով
եւ
զիրենք
դէպի
գործը
անկեղծ
եւ
անձնուէր
ճանչնալով։
Ուրեմն
եթէ
անոնցմէ
մէկը
չէ
այս
յայտնութիւններն
ընողը.
հապա
ո՞վ
է,
կը
հարցնէի
ինքնիրենս։
Այս
եւ
ասոր
նման
մտատանջ
մտածմունքներով
չգիտէի
թէ
գիշերուան
ո՞ր
պահուն
քնացած
էի,
երբ
արթնցայ
դրան
վրայ
հազարապետը
տեսայ
որ
եկած
էր
զիս
քննութեան
տանելու։
Գրեթէ
նախորդ
օրուան
կեւկնութիւնն
էր,
միշտ
նոյն
կարեւոր
խնդրոց
վրայ
էր
որ
հարցումներ
կ’ուղղէին
եւ
միշտ
նոյնն
էր
տուած
պատասխաններս։
Եթէ
երբէք
մխիթարական
պարագայ
մը
կար,
հարցուցած
խնդիրները
անցեալին
կը
վերաբէրէին
ու
մեծ
մասամբ
զիս
դատապարտել
տալու
բնոյթն
ունէին,
որով
գործը
վտանգելու
կասկած
մը
չկար։
Քանի
որ
պատասխաններս
ուրացումէ
անդին
չէին
անցներ,
զիս
խուցս
վերադարձուցին։
Այլ
ւս
որոշեցի
չմտածել
այդ
խնդրոց
մասին։
Քանի
որ
կարեւոր
ընկեր
մը
ձերբակալած
էին
եւ
յաջողած
էին
զիս
դատապարտելու
համար
պէտք
եղածներն
աբկէ
իմաբալու,
այլ
եւս
արդէն
ո՜ւշ
էր
եւ
չէր
արժէր
այդ
մասին
յուզուիլ
եւ
մտատանձուիլ.
ինծի
կը
մնար
ուրեմն
աչքիս
առաջ
բերել
Յուլիս
12ի
ժողովը
որուն
մէջ
ինքնաբերաբար
յանձն
առած
էի
ցոյցին
ղեկավարն
ըլլալ։
***
Հարցաքննութեան
գցած
պահուս
տեսայ
որ
Մամբրէ
Վարդ.
սանդուխէն
վար
կ’իջնէր.
հազարապետը
դարձաւ
դէպի
ինձ
եւ
ըսաւ.
–
Այս
վարդապետը
կը
ճանչնա՞ս։
Ես
փոխանակ
Մամբրէի
կողմը
նայելու
հակառակ
կողմը
նայեցայ։
Հազարապետը
գլուխը
երերցնելով
ըսաւ.
–
Իրաւ
է
եղեր
որ
քեզի
հետ
գլուխ
ելլելը
շատ
դժուար
է։
Մամբէն
սանդուխին
ստորոտը
հասած
էր
ու
իր
կօշիկներն
եւ
հովանոցը
պիտի
առնէր.
թէեւ
սանդուխէն
իջած
միջոցին
զիս
տեսաւ
բայց
չկրցաւ
ճանչնալ
եւ
ի՞նչպէս
ճանչնար։
Զինուորականներէ
պաշարուած,
զօրքի
վերարկուին
մէջ
փաթթուած.
գլուխս
բաց,
դէմքս
դալկացա,
իսկ
երբ
հետաքրքրուեցաւ
նայելու,
ուղղակի
նայուածքս
իրեն
ուղղուած
էր.
երբ
ճանչցաւ՝
իսկոյն
գունաթափեցաւ
եւ
ընկրկեցաւ.
եթէ
պատին
չը
կրթնէր
գետին
պիտի
փռուէր։
Հոգեկան
զուարթութեամբ
մը
եւ
խղճի
հանդարտւթեամբ
մտայ
ժողովասրահ,
որովհետեւ
այլեւս
բացորոշ
էր
որ
Մամբրէն
էր
մատնիչը։
Տէրվիշ
փաշա՝
խշոր
թերթի
մը
վրայ
գրուած
Թուրքերէն
գրութեան
ներքեւ
Մամբրէի
կնիքն
եւ
ստորագրութիւնը
ցոյց
տուաւ
ինձ
եւ
ըսաւ.
–
Այս
վարդապետը
կը
ճանչնա՞ս։
(Տէրվիշ
չէր
գիտեր
թէ
սանդուխին
քով
Մամբրէն
տեսած
էի,
որովհետեւ
հազարապետը
դուրսը
սենեակին
քով
կ’սպասէր.
դուրս
ելած
միջոցին
զիս
բանտ
կ’առաջնորդէր.
ուրիշ
պաշտօն
չունէր)։
Ո՛չ,
չեմ
ճանչնար։
–
Բայց
անիկա
ձեզ
լաւ
կը
ճանչնայ։
–
Ինծի
շատ
մարդ
կը
ճանչնայ,
ատկէ
ի՞նչ
կ’ելլէ։
Ուրեմն
մըիկ
ըրէ,
թող
Մամբրէի
գրութիւնը
կարդան։
Խղճահարութենէ
ազատուած
էի
այլեւս,
մինչեւ
այդ
օրը
բերանացի
տուած
գաղտնիքները
այլեւս
Մամբրէն
գրաւոր
կուտար։
Իր
գրութեան
մէջ,
ճարպիկութիւն
եւ
գործունէութիւ
ցոյց
կուտար,
որոնք
կրնային
ծառայել
երկու
բանի,
իրեն
խոստացուած
վարձատրութեան՝
կամ
ապագայ
ստանալիք
լրտեսութեան
հող
պատրաստելուն։
–
Հիմա
ալ
ըսելիք
մը
ունի՞ս,
ըսաւ
Տէրվիշ
փաշան։
–
Իսկոյն
զինք
վարձատրեցէք
եւ
պատուանշան
մը
տուէք։
–
Այս
ըսածները
պիտի
յանդգնի՞ս
ուրանալ։
–
Հայ
ազգին
մէջէն
վատ
վարդապետ
մը,
ինչպէս
ձեր
մէջ
վատ
հօճաներ։
–
Դուն
Հնչակի
կողմը
չե՞ս
(Հնչակեան
ըսել
կ’ուզէր)։
–
Եմ,
եւ
չեմ
ուրանար
մինչեւ
ցմահ։
–
Դուն
անոր
Պոլսոյ
ժողովի
անդամը
չե՞ս։
–
Ուրիշ
անգամ
չեմ
ներեր
որ
այդ
խօսքն
ըսես,
որով
նախատած
կ’ըլլաս
Հնչակեան
Կուսակցութիւնը.
քանի
որ
անոր
ժողովին
անդամները
ինձմէ
քեզմէ
շա՜տ
բարձր
մարդիկներ
են։
–
Այս
ցոյցը
Հնչակի
գործը
չէ՞։
–
Հարցնելդ
աւելորդ
է.
պահանջմնագիրը
ձեռք
անցուցած
պահած
էք։
–
Ուրեմն
որո՞նք
կազմակերպեցին
եւ
որո՞նք
վարեցին
այս
գործը։
–
Չեմ
գիտեր
կրնաք
գտնալ։
–
Ես
քեզի
շատ
դիւրին
եւ
շուտով
ըսել
կուտամ։
–
Սպասելդ
աւելորդ
է։
–
Քու
գիտցած
կամ
լսած
չարչարանքներդ
չեն.
պիտի
տեսնես
թէ
ի՛նչ
սոսկալի
են։
–
(Ժպտուն
դէմքով
մը).
աւելի՜
լաւ։
–
Մարմինը
այրել
շամփուր
զարնել
գիտե՞ս։
Քեզի
նմանը
չտեսնուած
եւ
չլսուած
չարչարանքներով
պիտի
մեռցնել
տամ։
–
(Ուրախ
դէմքով
մը)
Այդ
ալ
բան
մը
չէ,
արդէն
ձեզ
նմաննռրէն
ուրիշ
ի՞նչ
սպասելու
է։
–
Դուն
Բանիցայ
մ’ես,
ուրեմն
ըստ
այնմ
վարուելու
է
քեզ
հետ.
ողջ
ողջ
ոսկորներդ
իրարմէ
բաժնել
պիտի
տամ։
–
Մեծ
պատիւ
մը
ըրած
կ’ըլլաս
ինծի,
քանի
որ
հայրենիքիս
փրկութիւնը
պիտի
փութացնես,
այն
հայրենիքս
որ
ամբողջ
էութեամբս
կը
պաշտեմ
եւ
նուիրական
է
ինծի
համար։
–
Պայազիտի
հրապարակի
վրայի
(ծառը
ցուցնելով)
սա
ծառէն
քեզի
կախել
պիտի
տամ,
ինչպէս
կախեցինք
Չէրքէզ
Հասանը։
–
Օ՜հ,
ատիկա
ալ
բախտ
մ’է
ինձ
համար։
Չէ՞
որ
ամենէն
վերջը
մահն
է,
ա՜հ,
ես
ո՛րչափ
երջանիկ
կզգամ
ինքզինքս
որ
ձեզ
նման
բռնապետներէ
Ազգիս
եւ
Հայրենիքիս
համար
պիտի
մեռնիմ։
–
Ըսել
է
բնաւ
բանէ
մը
եւ
մեռնելէ
չես
վախնար։
–
Արդէն
այդ
կարողութիւնը
չունիս,
մինչեւ
այսօր
ինծի
ճանչցած
ըլլալու
էիր։
–
Ճանչցած
եմ,
սրիկային
մէկն
ես,
ըսաւ
Տէրվիշ
փաշան
եւ
փորձեց
վրաս
յարձակիլ.
Իսկոյն
տեղէս
ցատկեցի
եւ
թեւը
բռնելով
ըսի.
–
Պայմանաւ
որ
ուրիշները
չմիջամտեն.
եւ
քեզի
ցոյց
տամ
թէ
սրիկան
ո՛վ
է.
է՛հ,
այլեւս
չափն
անցուցիր…..
։
Իսկոյն
միջամտեցին
եւ
Տէրվիշը
մէկ
կողմ
տարին
եւ
ես
սպարապետին
եւ
ժողովին
դառնալով
ըսի.
–
Տէրվիշ
փաշայի
ինծի
հանդէպ
ունեցած
այս
վարմունքին
եւ
նախատանաց
այլեւս
չեմ
կրնար
հանդուրժել,
այս
վիճակը
այլեւս
անտանելի
է,
Ինքը
միւշիր
մը,
թիկնապահ
մը
եւ
զիս
հարցաքննելու
համար
Սուլթանին
կողմէ
փոխանորդ
մ’է,
արդէն
սկիզբէն
ի
վեր
ինծի
հետ
այս
ձեւով
վարուիլը
զիս
չափէն
աւելի
զզւեցուցած
է,
որովհետեւ
ես
իրեն
նման
փողոցային
լեզուներու
վարժուած
չեմ։
Եթէ
երբէք
համոզում
գոյացուցած
էք,
տուէք
վճիռը,
մեռնելէն
վախցողներէն
չեմ,
իսկ
եթէ
ոչ,
զիս
ազատ
արձակեցէք։
Ժողովին
կողմէ
քանի
մը
հարցումներ
եղան,
Մամբրէն
Աշըգեանի
ազդեցութեան
ներքեւ
կամ
ինչ
ինչ
նկատումներով
զիս
կամբաստանէ,
որ
լոկ
զրպարտութիւն
է։
Հանչակեան
կուսակցութիւնն
հազարաւոր
անդամներ
ունի
եւ
Թիւրքիայէն
դուրս
ո՛ւր
որ
փնտռէք
Հնչակեան
պիտի
կարենաք
գտնել,
որովհետեւ
ահագին
ծաւալ
ստացած
է։
Վատ
Մամբրէի
մը
եւ
այլոց
զառանցանքներուն
կարեւորութիւն
տալով
ինչո՞ւ
ժամավաճառ
կ’ըլլաք։
Վերջապէս
կը
խնդրեմ
որ
վերջ
տաք
խնդրին,
միմիայն
աչքի
առաջ
ունեցէք
որ
անմեղ
մը
չդատապարտէք
եւ
վերջէն
ձեր
խիղճը
ձեզ
չտանջէ,
ահա
այսչափ։
Ժողովին
տրամադրութիւններէն
այնպէս
կ’երեւէր
որ
Մամբրէի
դրութիւնն
սպասուած
արդիւնքը
չունեցաւ։
Գոնէ
ժողովին
մէջ
անհամաձայնութիւն
յառաջ
բերած
էր։
***
Հազիւ
թէ
քանի
մը
հարցումներ
ըրած
եւ
ես
պատասխանած
էի,
Հիւսէիյին
Սըտգին
ոտքի
ելաւ
եւ
խօսքը
ժողովին
ուղղելով
ըսաւ.
«Կը
խնդրեմ
ինչո՞ւ
կը
յոգնիք,
հրաման
ըրէք
եւ
թոյլատրեցէք
ինծի
որպէս
զի
ես
գործը
շուտով
վերջացնեմ։
Ն.
Վեհափառութեան
շնորհիւ
արդէն
ունեցած
տաղանդս
յայտնի
է
ձեզ.
մինչեւ
այսօր
հազարաւորները
ձեռքէս
անցած
են,
այդպիսիներուն
հետ
բաղդատմամբ
ասիկա
(ինծի
ցոյց
տալով)
ոչինչ
է,
եւ
կարեւորութենէ
զուրկ։
Ժողովականներէն
մէկ
քանիները
«Շա՛տ
լաւ»
ըսելով
արտօնեցին
որ
զիս
հարցաքննէ։
Լսած
էի
որ
իբր
հարցաքննիչ
Հիւսէյին
Սըտգին
համբաւաւոր
է,
բայց
քանի
որ
իր
յառաջաբանին
մէջ
զիս
ոչնչութիւն
մը
նկատեց,
այդ
պարագան
իմ
վրայ
շատ
գէշ
ազդեց։
Հիւսէյին
Սըտգին
նախ
սկսեց
ինքզինքը
ռէքլամ
ընել
եւ
պարծանքով
ըսել
թէ,
եթէ
երբեք
մինչեւ
այդ
օրը
իրեն
հետ
գործ
ունեցած
մէկն
ըլլայի
արդէն
ահ
ու
սարսափով
լեցուած
պիտի
ըլլայի
եւ
հիմայ
իսկոյն
պիտի
խոստովանէի
եղածները։
Սըտգիին
հարցումները
նորութիւն
մը
չունէր
իր
մէջ.
Տաճատի,
եւ
Մամբրէի
Ժուրնալները
եւ
Նաթուրեանի
վկայութիւնը
մէջ
բերաւ
եւ
կ՚եզրակացնէր
թէ
ատոնք
արդէն
բաւական
են
իմ
դատապարտութեանս
իբր
ապացոյց.
Սըտգին
եբր
ուզեց
իր
ըսածներու
մասին
առարկութիւնս
լսել
ես
պատասխանեցի,
ինքը
որ
ընդհանրապէս
գողերու,
սրիկաներու
եւ
ոճրագործներու
հետ
գործ
կ՚ունենայ,
եւ
պատուաւոր
ու
պարկեշտ
մէկու
մը
հետ
գործ
չէ
ունեցեր,
որովհետեւ
այդպիսիները
հարցաքննիչի
հետ
գործ
չեն
ունենար
բնաւ.
հետեւաբար
քանի
որ
մինչեւ
այդ
օրը
իրեն
հետ
գործ
ունենալու
դժբաղդութիւն
չեմ
ունեցած.
ուստի
ինքզինքս
չեմ
ներեր
եւ
անպատուութիւն
կը
նկատեմ
այդ
օր
ալ
իրեն
հետ
գործ
ունենալ։
Սըտգին
իր
արժանապատուութիւն
վիրաւորուած
զգալով
բողոքեց
ժողովին։
Ժողովը
որչափ
որ
ստիպեց
միշտ
մերժեցի
Սըտգիի
հարցումներուն
պատասխանել։
Ժողովականներէն
ոմանք
մէկ
ժամու
չափ
հարցումներ
ըրին
եւ
հարցումներուն
պատասխանելէ
վերջ
զիս
խուցս
ղրկեցին։
Բանտարկութեանս
տասնեւհինգերորդ
օրն
էր
տկարութեանս
որոշ
կերպով
զգալի
եղած
էր.
թէեւ
դատաւորներուս
աչքին
ընկճուած
ցոյց
չտալու
համար
կը
տոկայի
տկարութեանս,
բայց
հետզհետէ
կը
սաստկանար,
այնպէս
որ
քալելու
ոյժս
իսկ
կը
պակսէր։
Այդ
տկարութեան
ենթակայ
ըլլալս
շատ
բնական
էր.
միայն
մէկ
ֆանէլայով
եւ
ներքնաշորով
ի՞նչպէս
կարելի
էր
15
օրէն
աւիլի
դիմանալ
այդ
պա
քարերուն
վրայ։
Հինգ
օրէ
ի
վեր
արդէն
հաց
ու
կերակուր
չէի
ուտէր։
Վերջապէս
որոշեցին
որ
բժիշկ
կանչեն
եւ
ժողովին
մէջ
զիս
քննեն։
Բժիշկը
քննեց
եւ
յայտարարեց
թէ
ծանր
հիւանդ
եմ
եւ
պէտք
է
հիւանդանոց
պառկիմ։
Տէրվիշ
փաշան
հրամայեց
որ
դեղագիր
մը
գրէ։
Երեկոյին
դեղեր
բերին.
մինչեւ
միւս
օր
ոչ
մին
գործածեցի։
Հարցաքննութեանս
ժամանակ
հարցուցին
«Ինչո՞ւ
դեղերը
չես
գործածեր»։
(Ոտքի
ելլելով
ու
վերարկուս
մէկդի
ձգելով).
այս
վիճակն
ունեցող
եւ
գիշեր
ցորեկ
այդ
պաղ
քարերուն
վրայ
նստող
կամ
պառկողը
այդ
դեղերը
գործածելով
ի՞նչ
օգուտ
կրնայ
ունենալ.
ոչինչ։
Ըսածիս
ոչ
մի
առարկութիւն
ըրին
եւ
քիչ
մը
մտածելէ
վերջը
սկսան
հարցաքննութեան։
Յաջորդ
առաւօտուն
զիս
տարին
«Պէքիր
աղա»
ըսուած
խօվուշը,
որ
Սպարապետութեան
բանտն
է։
Բանտը
երկու
մեծ
սենեակներէ
կը
բաղկանայ
եւ
անոր
կողքը
մէկ
կարգի
վրայ
հինգ
փոքր
նեղ
եւ
մութ
խուցեր
կան,
որոնց
կ’ըսուի
«բօլիս».
ահա
զիս
այդ
բօլիսներէն
մէկուն
մէջ
դրին
եւ
դրան
վրայ
երկու
պահապան
կեցուցին,
բօլիսն
այնչափ
մութ
էր
որ,
դուրսէն
անցնող
բանտարկեալը
զիս
չէր
տեսներ.
շատ
անգամ
պահապանները
լուցկի
կը
վառէին
որպէս
զի
զիս
իրենց
յաջորդին
յանձնէին։
Քանի
մը
ժամ
վերջ
բժիշկներէն
մէկը
եկաւ
եւ
ներքեւս
գտնուած
խոտէ
«շիլթէ»ն
տեսաւ
եւ
տնօրէնին
պատուիրեց
որ
հագուստներս
տան
որ
հագնիմ,
քիչ
վերջը
հազարապետը
հագուստներս
ինձ
յանձնեց։
Թէեւ
բօլիսը
տախտակամած
էր
եւ
գոնէ
խոտէ
շիլթէ
մը
ունէր,
բայց
ոջիլ,
լու
եւ
մլուկ
խիստ
շատ
էին.
վերջապէս
ինչ
որ
ալ
ըլլար՝
նախկին
տեղէս
լաւ
էր
գոնէ
քարերու
վրայ
չէի
պառկեր
եւ
թէ
հագուստներս
հագած
էի,
իսկ
բաղնիք
երթալ
անկարելի
էր,
այդ
աղտոտութեան
մէջ
պիտի
տապլտկուէի։
Ինչ
որ
ալ
ըլլար,
չէի
ուզեր
ինքզինքս
նուաճուած
ցոյց
տալ։
Գիշերն
հանգիստ
քուն
մը
քաշեցի,
չնայելով
որ
քարերու
եւ
սալայատակներուն
վրայ
պառկելով,
ֆիզիքական
կազմս
բոլորովին
քայքայուած
էր.
բաւական
էր
որ
այդ
օրերը
խղճի
հանդարտութիւն
մը
ունեցած
էի
եւ
հանգիստ
էի
եւ
կասկածներս
փարատած
էին,
ինչ
որ
կը
կարծէի
թէ
ընկերներս
ձերբակալուած
են։