Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԱՌԱՋԻՆ ԶՈՀԵՐ

Հայաստանի մէջ քիչերն էին որ Արմէնիան ուղղակի Մարսիլիայէն կը ստանային., հոն դիւրութիւն կար ուր Եւրոպացիներ կը գտնուէին եւ անոնց հասցէով կը ստանային, որով Արմէնիան Հայաստանի մէջ մուտք կը գտնէր Պոլսէն:

Պոլսոյ Կազմակերպութիւնը օր ըստ օրէ իր շարքը կը լայնցնէր. որուն գլխաւոր պատճառը հետեւեալն էր.

Վարիչ մարմինն սկիզբէն ի վեր այն համոզումն ունէր թէ պիտի գայ ժամանակ մը որ մենք հրահանգուինք մեզմէ բարձր եւ կարող մարմինէ մը, իսկ եթէ երբէք հակառակ պարագային այդ կարծեցեալ ոյժն երեւան չելլէ, այն ատեն վա՜յ է եկեր այն Հայ ազգին եւ ժողովուրդին, որ իր յոյսը մեր վրայ դրած է. այսպէս կը տրամաբանէինք կ՚ըսէինք մենք միշտ մեր բարեկամներուն ռ համակիրներուն: Ուրեմն մեզնք օրէ օր անձկանօք կը սպասէինք մեզմէ աւելի կարողներու հրապարակ գալուն՚ Սկիզբէն այդպէս որոշած էինք եւ այդ որոշման վրայ պիտի մնայինք մինչեւ վերջը: Եթէ երբեք մենք դիմէինք կամ մեզի դիմէին կարեւոր անհատներ, մենք մեր ծրագիրը բացատրելով կ՚առաջարկէինք որ իրենք մեզի մերինէն աւելի նպատակայարմար ծրագիր մը ունէին, սիրով եւ ուրախութեամբ կ՚ընդունէինք եւ կը հավակերպէինք, որով բացայայտ կերպով ցոյց կուտայինք թէ Պոլսոյ վարիչ մարմինն անպայման կառչած չէ իր դիրքին եւ պաշտօնին, այլ իր գլխաւոր փափաքն է որ իրմէ կարող (ինչ որ շատ շատեր կային) եւ գործունեայ անհատներ մէջտեղ գալով գործին ղեկը ձեռք առնէին եւ վարէին, թէեւ այդ ոյժերու երեւան չելլելը մեզի յուսահատութիւն չէր պատճառեր, այլ վհատութիւն եւ ցաւ:

Վարիչ մարմնոյ անդամներուն վրայ աւելցան Միհրան Տամատեան Պոլսոցի, Մշեցի Արշակ Հայկունի, Մշեցի Մարգար Վարժապետ, Յակոբ Գազանճեան եւ Գրիգոր Տէր Բաղտասարեանց:

Հայաստանի մէջ ոճրագործութիւնները բռնաբարումները աւազակութիւնները օրէ օր կը սաստկանային եւ այդ հարստահարութեանց պարագլուխները անպատիժ կը մնային եւ թէ կը քաջալերուէին: Կառավարութեան այս ընթացքը գոնէ մեզի զարմանալի չէր թուեր, քանի որ մենք վաղուց այդ փորձը մեր կաշիներուն վրայ տեսած էինք:

Պարսկաստանի մէջ Արմէնիաի մուտքն ազատ էր. Արմէնիան թէ Մարսիլիայէն եւ թէ Պոլիսէն Վան հասցնելն ահագին դժուարութիւն ունէր. ուստի Վան երթալիք Արմէնիաները Պարսկաստանէն կ՚երթային գրեթէ մասնաւոր սուրհանդակով, եւ ամէն անգամի սուրհանդակն ահագին Արմէնիաներ եւ յեղափոխական գիրքեր կը փոխադրէր Վան, հարկ չկայ ըսելու թէ այդ սուրհանդակները Վանայ անձնուէր եւ անձնազոհ երիտասարդներ էին: Սուրհանդակի գործն այդ անգամին համար կը ստանձնեն Ագրիպասեան, Գուլագսզեան եւ Գօլօշեան որ 18 եւ 20 տարեկան երիտասարդներ էին:

Ագրիպասեան խումբը կարգ մը գիրքեր եւ Արմէնիաներ առնելով Պարսկաստանէն ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Վան, ինչպէս նախորդները, իրենք ալ ստիպուած էին Պարսկաստանէն մինչեւ Վան ուղիղ ճամբով չերթալ, այլ խուլ եւ լեռնային ճամբաներով:

Խումբը կը հասնի «Ջուխ Կէտիկ»ի գլուխը. հոն յանկարծ իր դէմը կը տեսնէ վեց զինեալ Քիւրտեր: Բնականաբար Քիւրտերը պիտի առաջարկէին անձնատուր ըլլալ. խումբին անձնատուր ըլլալը կը նշանակէր զէնքերնին եւ ունեցածնին յանձնել: Բնականաբար խումբը չէր կարող այդ առաջարկն ընդունիլ. ուրեմն կռիւն անխուսափելի էր:

Քիւրտերուն անձնատուր ըլլալ երկու պարագայ ունի. մէկը որ Քիւրտերը իրենց անձնատուր եղողին վրան գտնուածները ամբողջովին կ՚առնեն եւ սպաննելէ վերջը կը հեռանան. իսկ միւս պարագան՝ կողոպտելէն վերջ ոտքերնին եւ ձեռքերնին կապելով կը հեռանան. այլ եւս այդ թշուառները կապուած վիճակի մէջ սողոսկելով իրարու կը մօտենան եւ կապերնին իրենց ատամներովը կը քակեն:

Խումբն իսկոյն քարերու ետեւ անցած դիրք կը բռնէ եւ կռիւի կը սկսի. բնական էր որ իրենք չէին կարող յաղթել վեցին, իսկ իրենց զէնքերը, գիրքերն եւ Արմէնիաներն ալ իրենց ձեռքով Քիւրտերուն չպիտի յանձնէին. ճարահատեալ գիրքերն եւ Արմէնիաները վառելով մոխիր կը դարձնեն, իսկ փամփուշտնին սպառած միջոցին զէնքերնին կը կոտրտեն եւ Քիւրտերը վրանին յարձակելով զիրենք սրախաղող կ՚ընեն արեան ճապաղիքներու մէջ:

Արգիպասեան խումբը ասկէ զատ ուրիշ միջոց մը չէր կրնար ընտել, քանի որ ուխտած էին Մահ կամ Ազատութիւն, իսկ գիրքերը եւ Արմէնիաներ պէտք էր այրէին որպէս զի Քիւրտերը վերջէն կառավարութեան չյանձնէին:

Ագրիպասեան խումբի նահատակութիւնն եւ իրենց մինչեւ վերջին վայրկեանը արիաբար դիմադրելն ահագին ոգեւորութիւն յառաջ բերաւ մեր շարքերուն մէջ, եւ մեր համակիրներուն թիւը ստուարացաւ, մանաւանդ որ Ագրիպասեան խումբն առաջինն էր որ բռնակալութեան դէմ կը կռուէր եւ առաջին զոհը կ՚ըլլար:

Կարծես նախախնամական ոյժ մը մղում կուտար մեր շարքերը խտացնելու: Ագրիպասեան խումբի նահատակութեան իսկոյն կը յաջորդէր Վանէն հասած յուզումնալից լուր մը: Թօխմանեան Արսէն Վարդ[ապետ] եւ Բաղէշցիեան Գարեգին քաղաքական խնդրոյ ամբաստանութեամբ Վանայ բանտին մէջ բանտարկուած էին: Կառավարութիւնը Գարեգինը բանտին մէջ պատին վրայ կը խաչէր Քրիստոսի նման, որպէս զի այդ տանջանքներուն ներքեւ խոստովանութիւններ լսէին իրմէ: Գարեգինը հաւատարիմ կը մնար իր ուխտին եւ կառավարութիւնը չէր յաջողէր անոր բերնէն գաղտնիք մը կորզել: Այս իր տեսակին մէջ եզական չարչարանքին լուրը ահագին յուզում յառաջ բերաւ ժողուրդին մէջ. կառավարութեան այս տեսակ միջոցներու դիմելը նպաստաւոր էր գործին թէ՝ «որչափ հալածում այնչափ տարածում»:

Չաքըրեաններու կողմը մնացողներն հետզհետէ մեր կեղմը կ՚անցնէին, համոզուելով մեր ըսածներուն եւ մեր ըրած առարկութիւններուն, ինչ որ միշտ ստիպուած էինք կրկնել այդ խնդրով հետաքրքրուողներուն:

Յեղափոխականները պէտք է իրենց վարքով ու բարքով միշտ բարձր ըլլան չէզոք ժողովուրդին աչքին եւ իբր օրինակ՝ լուրջ, պարկեշտ եւ մաքուր ըլլան: Յեղափոխութեան անունով հաւաքուած դրամներուն հետ վերին աստիճան խղճմտօրէն պէտք է վարուիլ, եւ յումպէտս վատնել բնաւ ներելի չէ: Ուստի քանի որ Չաքըրեանները սոյն տեսակէտին համաձայն եւ մեզ համակարծիք չեն, ուրեմն մենք չենք կարող այդպիսիներն իբր մեզ ընկեր ընդունիլ: