Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՄԵԾ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

1884 Յունիսի ամսուն Պօնտոսէն մինչեւ Պոլիս, Սեւ ծովը իր մոլեգնած ալիքներով երկծխնելոյզ վիթխարի շոգենաւին ճամբորդները կ՚օրօրէր, եւ ա՛յն աստիճան կատաղի ալիքներ կը բարձրանային որ կամրջակին վրայ գտնուած քանի մը ճամբորդներ մազապուր ազատած էին ալիքներուն հետ ծով թափուելէ:

Հասան փաշան իր սրտին վախէն առանձնաձած էր առաջին խուցերէն մին, միշտ հետաքրքրուելով իր ծառաներէն իմանալու թէ փոթորիկն ի՞նչ աստիճանի է եւ թէ վտանգ մը կ՛սպառնա՞յ: Ծառաները կը պատմէին թէ Վանը իրենց տիրոջը վրայ այնչափ լաւ տպաւորութիւն է ըրեր եւ զմայլած է եղեր որ մեկնիլ չուզեր եղեր եւ շատ անգամ Թուրքերէն նշանաւոր առածը կը կրկնէ եղեր. «Տիւնեատա Վան, ախրէթտէ իման»: Հասան փաշան շատ զայրացած է եղեր իր պաշտօնանկութեան պատճառ եղող Կոստանդին Կամսարական պէյին: Կարծես բնութիւնը կը հալածէր Հասան փաշան. իր պաշտօնանկութեան ցաւը իր սիրտն ու հոգին խռոված էր, իսկ վերջին պահուն Սեւ ծովը զինք հանգիստ չէր թողուր, ուստի նաւապետը հազիւ վեց օրէն կարողացաւ շոգենաւը խարսխել Պոլսոյ առաջ:

Հասան փաշան Վանայ մէջ 5-6 թիկնապահներով ու երկու ոստիկաններով եւ մէկ սպայով կ՚երթեւեկեր, բայց Պոլսոյ մէջ շատ աննշան մէկն էր Հասան փաշա:

Որչափ որ կը խօսուէր երջանկայիշատակ Ներսէս Վարժապետեանի հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մասին, բայց Խրիմեան վկայութիւնն ու գովեստն ամենէն գեր ի վեր կրնար նկատուիլ, այնպէս որ, փորձելու եւ կասկածելու տեղի չէր մնար. նմանապէս Վարժապետեանը չէր կրնար կասկածիլ Խրիմեանէ մը յանձնարարուած ո՛ր եւ իցէ մէկու մը վրայ:

Վարժապետեան շատ հետաքրքրութեամբ կ՚ուզէք լսել ականատեսէ մը՝ Հայաստանի Հայութեան ցաւալի եւ անտանելի վիճակը: Աչքէ չէր վրիպեր իր վշտակցութիւնն եւ հառաչները: Վարժապետեան կը յուսար եւ կը հաւատար թէ դիւանագիտութեամբ խնդիրը պիտի կարգադրուի: Եթէ երբեք ինք այնչափ յեղափոխութեան կողմնակից չէր, ատոր պատճառը ուրիշ բան չէր այլ ժամանակի կարօտ ըլլալը, ու կ՚ըսէր.

 

 

Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեան

 

«Լաւ է Յեղափոխութեամբ ձեռք բերել, բայց աւա՜ղ որ շատ ժամանակի կը կարօտի ժողովուրդը այդ շրջանին հասցնել. մինչեւ այդ օրը ժողովուրդը այս վիճակին մէջ մնա՞յ»։ Խրիմեանէն իրեն հասած տեղեկութիւններէն ինքը շատ լաւ ճանչցած էր Վասպուրականը, որով վստահ եւ համոզում գոյացուցած էր թէ Վասպուրականը ապագայ պատմութեան մէջ իր որոշ տեղն ունենալու կոչուած է արդէն. «եթէ Յեղափոխութեամբ սկսինք, հաւատացած եմ որ առաջին քայլը ան պիտի առնէ», կ՚ըսէր։

Կարնոյ դէպքն անհուն վիշտ պատճառած էր իրեմն. եթէ կարելի ըլլար իսկոյն կախաղան պիտի բարձրացնել տալ այդ չքահանան, ուրիշներու դաս մը եւ օրինակ ըլլալու համար, ոչ թէ այդ չիքին իբր պատիժ, որովհետեւ քահանան այլ եւս իրենց համար փճացած էակ մը դարձած էր: Պէտք է խոստովանիլ թէ Վարժապետեանը ըրաւ այն, ինչ որ կարող էր, ուրեմն անկեղծ հայրենասէր մ՚էր. բայց աւա՜ղ. կարծես ինք զգացած էր որ չպիտի կարենայ այդ հիւանդութեան ճիրաններէն ազատիլ ու մեռնելէն քանի մը օր առաջ կ՚ըսէր:

«Կը փափաքէի Ազգիս ծառայել եւ պարտականութիւնս կատարել իբր ազգին մէկ անհատը. դժբախտութիւնն հոն է որ փափաքիս չպիտի կարենամ հասնիլ. արդեօք ըսե՞մ, հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար»։

Աւելորդ է նկարագրել այն մեծ սուգն եւ անհուն վիշտը զոր Հայ ազգը կրեց Վարժապետեանի մահուան առթիւ:

Խրիմեան եւ Վարժապետեան այնպիսի անկեղծ սիրոց իրարու կապուած էին. որուն անվերապահօրէն անզուգական կրնանք ըսել:

Վարժապետեանի մահուան գոյժն այն ժամուն կը հասնի Վան Խրիմեան որ ինքը խառն ժողովին կը նախագահէ եղեր: Հեռագրին ընթերցումէն վերջ Խրիմեան իսկոյն ձեռքերը կը սկսի գլխուն զարնել ու մազերը քաշել. Վարչութեան անդամները զինքը կը հանդարտեցնեն: Ա՜խ հառաչէ մը վերջ կը սկսի լալ, ոտքի կ՚ելլէ եւ Առաջնորդարանին մէջ երկու ձեռքերը ետին դրած անդադար կը դառնայ ու կը դառնայ եւ լալով կ՚ըսէ եղեր.

«Ներսէս մեռաւ, Հայրիկ մեռաւ,

Ներսէս մեռաւ, Խրիմեան մեռաւ,

Ներսէս մեռա՜ւ, Խրիմեան ինչո՞ւ կ՚ապրի»։

Խրիմեան Վարժապետին մահուանէն վերջ կը սկսի պատմել թէ Վարժապետեան ի՛նչ կարգի նեցուկ մ՚էր իրեն եւ ի՜նչ հայրենասիրական կապերով իրարու կապուած էին եւ թէ Վարժապետեանի մահուամբ Հայ ազգն ո՜րքան մեծ կորուստ ունեցաւ: