Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ. ՄԱՀՈՒԱՆՍ ՎՃԻՌԸ

Երեկոյան ժամը ինն էր . Թ. ), լուր եկաւ որ հրամանատարը եւ ուրիշներ բանտը աչքէ անցըննելու պիտի գան։ Բանտերը եւ նրբանցքները շուտով մաքրած ու աւլած էին սպասաւորները։

Հազարապետ Իսմայիլ պէյ ձեռքը կարգ մը թուղթեր եւ ծրարներ բռնած սենեակէս ներս մտնելով ուղղակի իմ դիմացս եկաւ կեցաւ ու ըսաւ.

Յարութիւն Ճանկիւլեանը դո՞ւն ես։

Այո։

Ունեցածդ հաւաքէ որ երթանք։

Այն հազարապետը որ 22 օր ինծի հարցաքննութեան տարած բերած եւ բանտին տնօրէնն էր, բնականաբար շատ լաւ գիտէր անունս եւ մականունս. ուրեմն պաշտօնական ձեւակերպութիւն մ՚էր որ կը կատարէր։ Բաց ի աղտոտ ֆլանելէս եւ ներքնաշորէս, ունէի նաեւ ընկերներու բերած մեծ տուփերով ծխախոտները, ձմերուկ, սեխ եւ բաւական խոշոր խնձոր մը։ Կ՚ուզէի գիտնալ թէ օրուան այդ պահուն զիս ո՞ւր կը տանին, վայրկեան մը առաջ իմանալու պատրուակաւ, ձմերուկները, սեխերը հոն գտնուող բանտարկելոց տալէ վերջ խոշոր խնձորը որ գրպան մտնելիք բան չէր, հազարապետի պարզեցի եւ ըսի, կը խնդրեմ այս նուէրս ընդունեցէք որ ինքնին չնչին բան մ՚է. հազարապետը մերժեց ըսելով. շնորհակալ եմ պահէ հետդ տար։ Ես մտածեցի թէ քանի որ կախաղան կը տանին զիս, ասոնք ինչո՞ւ միասին տանիմ եւ ի՞նչ պէտք ունի։ Այս մտածմունքս եւ որոշումս վայրկենական եղաւ եւ նորէն խնձորը հազարապետին ներկայացուցի եւ ըսի.

Կը խնդրեմ որ ընդունիք, քանի որ այս տեսակ խնձորներ հազուագիւտ են եւ ձեզ նմաններուն կը վայելէ ունենալ։ Հազարապետը դարձեալ մերժեց ըսելով.

Պահէ՛, գացած տեղդ պէտք կ՚ունենաս։

Խնդիրը նորէն մութ մնաց ինծի, ու ես ամբողջ բանտարկելոց եւ մասնաւորապէս Հայոց «մնաք բարեաւ» ըսելով հազարապետին հետեւեցայ։ Հազարապետը նրբանցքին մէջ կը համոզէր զիս որ ընկերներուս անունները յայտնելս ինծի նպաստաւոր կ՚ըլլայ եւայլն. եւ ես իրեն ըսի.

Ինծի նպաստաւոր եղածը կախաղանին սիւն եւ չուան է։

Նրբանցքին դրան աջ կողմը կեցած էին Սպարապետ Ալի Սայիպ, հրամանատար եւ Տէրվիշ փաշաները եւ կարգ մը պալատականներ ու պաշտօնեաներ. հազարապետը զիս անոնց ներկայութեանը տարաւ։

Թիկնապահ մը իր սիրտը դրած կանանչ սնդուսէ թղթապանակը դուրս քաշեց, համբուրեց, Տէրվիշին տուաւ եւ Տէրվիշն ալ համբուրելով ու գլխուն վրայ դնելէն վերջ ինծի երկարեց ու ըսաւ.

Առ համբուրէ գլխուդ վրայ դիր եւ տուր։

Չե՛մ համբուրեր, եւ ոչ ալ ձեռքս կ՚առնեմ։

Տէրվիշ քայլ մը յառաջացաւ եւ հրամայեց որ պէտք է անպատճառ համբուրեմ։

Ես առանց տեղէս շարժելու ցուցամատս շարժելով ըսի։

Չպիտի՛ առնեմ եւ չպիտի՛ համբուրեմ։

Մահուանս վճիռն համբուրէի՜. միթէ կարելի՞ էր։

Տէրվիշ ետին դարձաւ ու իր սպասաւորին ըսաւ.

Տուր սա սուրս, տեսնենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ ու չի համբուրեր։

Քայլ մը յառաջանալով ըսի.

Առ սա սուրդ տեսնենք ի՞նչ պիտի ընես։

Սպարապետը Տէրվիշին ձեռքէն սնդուսէ պահպանակն առաւ համբուրեց, մէջը գտնուած խոշոր կնքուած ծրարը հարիւրապետի մը յանձնեց եւ ըսաւ. տարէ՛ք։

Երկար շարք մը, երկու կողմը երկու կարգով զինուորներ կեցած էին. յիսնապետ մը առջեւէս եւ հարիւրապետը քովէս կ՚երթային։ Չորս կողմս կը դիտէի, ահագին բազմութիւն մը կար։

Զիս կառքի մը մէջ նստեցուցին, հարիւրապետը քովս եւ յիսնապեետը առջեւս նստած, ենթասպայ մը կառապանին քով եւ բոլորտիքս չորս սուինաւոր զօրքեր։ Կառքը ճամբայ ելաւ դանդաղօրէն։ Պայազիտի հրապարակը ահագին բազմութիւն լեցուած էր. խանութներու առջեւ, պատուհաններու եւ պատշգամբներու մէջ ահագին հետաքրքիր բազմութիւն մը կար։ Անդրադարձայ թէ կախաղանս պէտք էր ըլլար Պայազիտի հրապարակը, իսկ հոս եէսիր բազար հասած ենք. կախաղանը առաւօտուն կ՚ըլլայ, իսկ հիմա այս միջոցիս ո՞ւր կը տանին զիս։ Առանց մտաբերելու թէ կեդրոնական բանտին ճամբուն վրան ենք. կը հետաքրքրուէի ուր երթալս հասկնալ. քովս հարիւրապետին ըսի.

Կը խնդրեմ ըսէք ո՞ւր կը տանիք զիս։

Քանի մը վայրկեանէն կ՚իմանաս։

Դարձեալ մտահոգ յիսնապետին ըսի.

Ինչո՞ւ չէք ըսեր.

Հոգ մի ըներ, բան մը չկայ, քիչ մը վերջ կը գիտնաս։

Հետաքրքրութեանս պատճառը փողոցին երկու կողմը խռնուած բազմութիւն էր, որ որոշ կերպով կը տեսնուէր թէ մեր անցքին կ՚սպասէին։ Կառքը կեդրոնական բանտի դռնէն ներս մտաւ եւ որոշեալ տեղ մը կեցաւ։ Ինչպէս կ՚երեւէր կեդր. բանտի Տնօրէնութեան լուր տրուած է թէ այդ օրը մեզ կեդր. բանտը պիտի փոխադրեն. երբ կառքէն վար իջայ բանտի տնօրէն Հասան էֆ. ն իր սենեակին քով աթոռի մը վրայ նստած էր. երբ զինքը բարեւեցի ոտքի ելլելով «Հրամմեցէ՜ք» ըսաւ, իր քով գտնուած պարապ աթոռ մը ցոյց տալով ու նստեցայ։ Հասան էֆ. ն սիկառ մը տոււաւ եւ ժպտուն դէմքով ըսաւ.

Անցած ըլլայ, բնաւ հոգ մի՛ ընէք, մեր Վեհ. Սուլթանը գթասիրտ է. շուտով ներման պիտի արժանանաք։

Շնորհակալութիւնս յայտնելով սիկառն առի, որ միանգամայն կրնար հասկցուիլ թէ սիկառէթի եւ թէ իր մաղթանքներուն համար էր որ շնորհակալութիւն կը յայտնէի։

Հարիւրապետը պահարանը տնօրէնին տուաւ, իսկ տնօրէնն առարկեց թէ Ոստիկանութեան նախարար Նազըմին երթալէ վերջն ինքն արտօնուած է բանալու։ Հարիւրապետն աճապարանօք գնաց, մինչեւ իր գալն արդէն հետզհետէ զոյգ զոյգ հասած էին Նազարէթ, Խաչիկ, Կարապետ, Եուվան, Նիքօլի, Նաթուրեան եւ Պարոն։ Նազըմին գացող հարիւրապետն եկաւ եւ թուղթը տնօրէնին տուաւ։ Տնօրէնը պալատէն եկած Իրատէի թուղթը կարդալէ վերջ՝ անունս եւ մականունս ստուգեց եւ ապա հրաման ըրաւ զիս Թէրսանէ տանիլ։

Բանտարկեալներուն մէջ կային սովորական յանցանքով դատապարտուած Յովհաննէս եւ Արմենակ, որոնք իսկոյն զիս դիմաւորելով իրենց սենեակը տարին. ըստ իրենց պատմածին՝ մեր պատիժը մահուան եւայլն չէր, այլ թեթեւ եւ աննշան բերդարգելութիւն։ Ի հարկէ բոլորովին առասպել եւ հանելուկ պիտի թուէր ինձ իրենց ըսածները, քանի որ գիտէի թէ իմ տուած պատասխանս եւ ըսած խօսքերս ի՜նչ պիտի արժէին ինձ համար։ Ուզեցի իրենց կարդացած Արեւելք թերթը տեսնել, քիչ մը վերջն եկան եւ ըսին թէ ոչնչացուցած են։

* * *

Առաւօտուն բաղնիքէն ելլելէս վերջը ծանէՙօթ սեղանաւոր Գուլագսըզեան Մարգար ինձ այցելութեան եկած էր. իբր թէ ինքը անդրադարձած չէր երէկի թերթերուն գրածներուն եւ չէր գիտէր թէ ի՞նչ էր պատիժս՝ կը կեղծէր։ Իր գրպանը եղած թերթի մը ծայրը կ՚երեւէր, իսկոյն գրպանէն թերթը քաշեցի, ներողութիւն ըմսելով։ Արեւելք ի պաշտօնական լուրերը աչքէ անցուցի։ Ես մահուան դատապարտուած էի, ինչպէս որ կ՚սպասէի արդէն, Նազարէթը եւ Նաթուրեանը 15 տարուան բերդարգելութեան. իսկ միւսները 8էն 5 տարուան բերդարգելութեան։ Իսկ ամենէն վարը կ՚ըսէր։ «Ն. Վեհափառութիւնն իր գթասրտութեամբ Յարութիւն Ճանկիւլեանի մահուան պատիժը մեղմացնելով, որոշեց ցկեանս բանտարկութիւն Աքեայի բանտին մէջ, եւայլն»։

Որչափ որ մահուան պատիժս կարդալով ուրախացած էի, ցկեանս փոխուիլը կարդալով տխրեցայ մահուան պատիժս գործադրելով ահագին ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջ պիտի բերէր մեր յեղափոխական շարքերուն մէջ եւ Յեղափոխական ոգին աւելի պիտի տարածուէր Հայ ժողովուրդին մէջ. ափսո՜ս որ մահուան պատիժս բարեփոխուած էր։ Վերջէն ստուգեցինք որ ռուսական դեսպանը խորհուրդ տուած էր Ապտիւլ Համիտին մահուան պատիժս չգործադրել, որպէս զի Հայերուն մէջ աւելի գրգռութիւն, եւ ոգեււորութիւն յառաջ չի գար յեղափոխականներուն մէջ. չէ՞ որ Աքեայի զնտանը ցկեանս դատապարտութեամբ երթալս աւելի սոսկալի էր եւ տաժանելի պիտի ըլլար ինձ համար՝ քան թէ կախաղան արձրանալս։

Վեցերորդ սենեակի բանտարկեալները լուր ղրկած էին ինծի թէ բանտի դրան վրայ ահագին Հայեր լեցուած են եւ կը փափաքին եղեր ինծի այցելութեան գալ, բայց տնօրէնը չի թոյլատրեր։

Քանի որ դատապարտուած էի, տնօրէնը իրաւունք չունէր ինծի եկող այցելուներն արգիլել, ուստի անմիջապէս իրեն լուր ղրկեցի թէ զինքը տեսնել կ՚ուզեմ իսկոյն զիս իր քով կանչել տուաւ։ Տնօրէնը ըրած դիտողութեանս պատասխանեց.

Ոստիկանութեան նախարար Նազըմ պէյը երէկ երեկոյ ինծի լուր ղրկած էր որ չարտօնեմ ձեզ տեսնուիլ Հայերու հետ, գիտէք որ ես չեմ կարող անոր հրամանին հակառակ շարժիլ։

Տնօրէնին այս պատասխանը չափէն աւելի զիս յուզեց եւ դարձայ տնօրէնին ըսի.

Ես կը խնդրեմ ձեզմէ որ նեղութիւն կրէք եւ երթաք Նազըմ պէյին ինձմէ բարեւէք եւ ըսէք թէ՝ թող հրաման տայ որ այսօր իսկ՝ եւ մինչեւ վերջ ազատ ըլլամ ինծի այցելութեան եկողներուն հետ տեսնուիլ, ինչ որ օրէնք եւ սովորութիւն է. իսկ հակառակ պարագային թող լաւ գիտնայ որ ես ցկեանս  շղթայակիր բանտարկութեան դատապարտուած եմ, ասկէց վերջ կեանքը այլեւս նշանակութիւն չունի ինծի համար արդէն. այս ըսածներուս հետեւանքն ի՛նչ ըլլալը դուք շատ լաւ գիտէք, տեսէք որ ես իմ պարկեշտութեանս եւ հնազանդութեանս շաւղին մէջ եմ, քանի որ նախապէս ձեզի լուր կուտամ։

Տնօրէնը իսկոյն հաւանեցաւ Նազրմին երթալ եւ քսան վայրկեանէն վերադառնալով, զիս իրեն քով կանչել տուաւ։ Մենք իսկոյն նկատեցինք որ սպառնալիքին տեղի տուած էին, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ բանտարկեալներուն մահուան եւ ցկեանս դատապարտեալները միւս բանտարկեալներէն կը յարգուին, իսկ բանտի պաշտօնէութեան ահ ու սարսափ կ՚ազդեն. ասոր պատճառն այն է որ մահուան կամ ցկեանս դատապարտեալներ բնաւ վախ մը չունին, քանի որ այդ դատապարտութեանց ենթարկուած են, որչափ ոճիրներ ալ գործեն բանտի մէջ, չարչարանքէ զատ այդպիսիներու համար ուրիշ պատիժ մը չկայ այլեւս. ուստի այդպիսիները քանի որ իրենց յուսահատական րոպէները միշտ կրնան ունենալ, այդ րոպէներուն կրնան շատ ոճիրներ գործել. ահա այս պատճառաւ է որ բանտի պաշտօնէութիւնը միշտ կը վախենայ այդպիսիներէն։

Նազըմ տնօրէնին ըսած էր թէ եկած Իրատէն էր որ գործադրել կ՚ուզէր, հետեւաբար մինչեւ որ Պալատ չերթար չէր կրնար արտօնել։ Տնօրէնը իբր վերջաւորութիւն ըսաւ.

Կէս օրին Նազըմ պէյ Սէլամլըքի պիտի երթայ եւ պէտք եղածը պիտի իմացնէ Վեհ. Սուլթանին, հետեւաբար պէտք է Նազըմ պէյի վերադարձին սպասէք։

Սիրով ընդունեցի տնօրէնին առաջարկը եւ տեղս վերայդարձայ։ Եղածները պատմեցի Օննիկին եւ Արմենակին եւ ըսըի որ պատրաստ ըլլան հակառակ պարագային խռովութիւն մը հհանելու բանտին մէջ. երկուքն ալ հաւանեցան եւ ինծի հաւատալիքներ տուին թէ մեզի գործակիցներ կրնային ըլլալ քանի մը Ալպանացիներ եւ Թուրքեր։