ԺԴ.
–
ՆԵՐՄԱՆ
ԱՐԺԱՆԱՆԱԼՍ
Անկողինս
ճիշտ
դրան
քովն
էր
որ
սենեակին
ալ
ամենէն
մաքուր
օդաւէտ
տեղն
էր։
Սովորականէն
(արշալոյսին)
արթնցած
էի,
յանկարծ
հին
յիշատակներս
կրկին
ծայր
տուին
եւ
սկսայ
այդ
յիշատակներուս
վրայ
մտածել.
տարակոյս
չկար
որ
այդ
մտածմունքներս
իրենց
տխուր
կողմերով
զիս
կը
յուզէին։
Կը
մտածէի
այս
դժոխքէն
ազատուելուս
մասին,
միջոցներ
կը
խորհէի
եւ
ծրագիրներ
կը
կազմէի,
իսկ
երբ
կը
մտածէի
թէ
վեցուկէս
տարի
այդ
հիւանդագին
վիճակիս
տոկալէն
վերջ
թերեւս
ասկէց
վերջ
այլ
եւս
ուժ
չունենամ
տոկալու,
ուստի
իսկոյն
աչքերս
փակեցի
ու
քնացայ...
«Յարութիւն
էֆ[էնտի]
Արթին
աղա»
ձայնելու
ժխորէ
մը
արթնցայ
(ինչպէս
նաեւ
արթնցան
մեր
սենեակին
մէջ
գտնուող
բանտարկեալները)
եւ
ելայ
իսկոյն
անկողնոյս
մէջ
նստայ։
Հեռագրատան
ցրուիչը,
փոխտնօրէնը
եւ
քանի
մը
ոստիկաններ
դրան
առջեւ
կեցած
անընդհատ
կը
պօռային.
«Ազատուեցա՜ր,
ազատուեցա՜ր,
մեր
նուէրը»։
Անկողնոյս
մէջ
նստած
յանկարծակիի
եկած
ճիշդ
ապուշներու
նման
դրան
վրայ
կեցողներու
եւ
սենեակիս
մէջ
եղողներու
երեսները
կը
նայէի.
իսկ
միւս
սենեակներուն
բանտարկեալները
«անցա՜ծ
ըլլայ,
աչքդ
լոյս»
կը
պոռային։
Ցրուիչը
այդ
վիճակս
տեսնելով
պատւոյն
վրայ
երդում
ըրաւ
որ
եկած
հեռագիրը
հազարապետին
յանձնած
է
որով
ներման
արժանացած
եմ։
Ցրուիչին
այդ
շեշտակի
խօսքերը
ապուշութիւնս
փարատեցին
եւ
մտածելով
որ
այդ
տեսակ
անհամ
կատակ
ընել
կարելի
չէ,
իսկոյն
բաճկոնակս
առի
եւ
պէտք
եղած
նուէրը
տալով
ցրուիչը
շնորհակալութիւն
յայտնելով
մեկնեցաւ։
Փոխ-տնօրէնը
եւ
ոստիկանները
իրենց
շնորհաւորութիւննին
յայտնելէ
վերջ
զիրենք
նստեցուցի,
սիկառ
տուի
եւ
սրճեփին
պատուիրեցի
փոխ-տնօրէնին,
ոստիկաններուն
եւ
սենեակին
մէջ
գտնուող
ամբողջ
բանտարկեալներուն
սուրճ
պատրաստէ։
Խօսակցութիւննիս
եւ
խնդակցութիւննիս
ինչ
բանի
շուրջ
դառնալը
ինքնին
յայտնի
է
արդէն։
Բակին
մէջ
կեցած
կը
խօսէի
բանտարկեալներուն
հետ,
հազարապետին
տասնապետը
եկաւ
եւ
զիս
դուրսի
կողմի
բակը
կանչելով
ըսաւ.
«Պէյը
բարեւ
կ’ընէ
եւ
կ’ըսէ
որ
իրեն
խոստացած
15
ֆրանսական
ոսկին
տաք,
որպէս
զի
բոլորովին
ազատուիք»։
Խոստացայ
վճարել
եւ
տասնապետը
մեկնեցաւ։
Ինչպէս
երեւցաւ,
հազարապետը
կ’սպասէ
եղեր
իմ
հաւանութիւնս
առնելուն.
տասնապետին
մեկնելէն
քիչ
յետոյ
հազարապետը
եկաւ
բանտին
դուրսի
դրան
վրայ
կեցաւ
եւ
գրպանէն
հեռագիրը
հանելով
սկսաւ
կարդալ,
որուն
պարունակութիւնը
գրեթէ
հետեւեալն
էր.
«Ցկեանս
բանտարկութեան
դատապարտուած
Յարութիւն
Ճանկիւլեանի
շղթայակիր
պատիժը
փոխուած
է
բերդարգելութեան
յարմար
տեսնուած
մէկ
բերդին
մէջ»։
Ոչ
թէ
միայն
բանտարկեալներն
ու
ոստիկանները
հետաքրքրուած
էին
ինձմով,
այլ
նաեւ
քաղաքին
մէջ
գտնուողներն
ալ,
որ
դրան
վրայ
լեցուած
էին.
եւ
լսեցին
հեռագրին
պարունակութիւնը։
Բնականաբար
հազարապետը
կրնար
ինքնին
գիտնալ
թէ
պատիժիս
բերդարգելութեան
փոխուիլը
իմ
վրաս
այնչափ
լաւ
տպաւորութիւն
չպիտի
ընէր,
ուստի
դարձաւ
ինծի
ըսաւ.
–
Հոգ
մի
ըներ,
բոլորովին
կ’ազատուիս։
Տնօրէնը,
փոխ-տնօրէնը
եւ
ժողովուրդը
ինշալլահ,
ինշալլահ
ըսելէն
վերջ
հազարապետը
ոտքիս
փոքրիկ
շղթան
քակել
հրամայեց
ու
գնաց։
Եկած
հեռագիրը
կեղծ
չէր,
բերդարգել
ըլլալս
կը
նշանակէր
քանի
մը
ամիս
բերդին
մէջ
կենալ.
կրնայի
անմիջապէս
փախչելու
փորձ
մը
ընել
եւ
յաջողելուս
շատ
վստահ
էի,
բայց
ինչու
բոլորովին
ազատ
չըլլայի։
Իսկոյն
որոշեցի
հազարապետին
երթալ.
տնօրէնին
ըսելուս
պէս
անմիջապէս
զիս
հազարապետին
ղրկեց։
Ճամբան
Գըլըճեանը
հանդիպեցաւ.
բռնազբօսիկ
ժպիտով
«անցած
ըլլայ»
ըսելով
ձեռքս
թօթուեց։
–
Քու
մասին
ի՞նչ
կայ
բացագանչեցի։
–
Ես
բոլորովին
ներուած
եմ
եւ
այս
գիշեր
զիս
Պէրութ
պիտի
ղրկեն։
Շա՛տ
ուրախ
եղայ.
երթաս
բարով,
յաջողութի՜ւն։
Անշուշտ
երթալէդ
առաջ
պիտի
գաս
համբուրուինք,
չէ՞։
–
Անշուշտ,
ինչո՞ւ
այդպէս
կը
մտածես,
այսօր
ի՞նչ
եղած
ես։
–
Ոչինչ
չկայ.
հազարապետին
15
Ֆրանսական
ոսկի
խոստացած
եմ
որ
ազատէ,
հակառակ
պարագային
եթէ
չիկրցաւ,
գոնէ
այնպիսի
բերդ
մը
որոշել
պիտի
տամ
ուրկէ
փախչիլս
դիւրին
ըլլայ.
տարբերութիւնն
այն
պիտի
ըլլայ
որ
քանի
մը
ամիս
վերջ
պիտի
ազատուիմ։
–
Արդէն
ես
լաւ
համոզուած
եմ
որ
դուն
երկար
չես
սպասեր
մեզի
պէս,
եւ
ուզածդ
պիտի
ընես.
ահա
այդ
պատճառաւ
է
որ
կ’ըսեմ
թէ
ի՞նչ
եղած
է
քեզ
այսօր։
Գըլըճեանի
հետ
խօսելով
կառավարչատուն
գացինք։
Հազարապետը
կառավարիչին
քովն
էր։
Գըլըճեանի
հետ
հազարապետին
սենեակը
նստած
կը
ծխէի։
Հազարապետը
եկաւ
եւ
ժպտադէմ
ըսաւ.
–
Գիտեմ,
ցաւալի
է
որ
այս
(Գըլըճեանը
մատնանշելով)
սիրելի
ընկերդ
ալ
քեզի
հոս
թողլով
Պէրութ
պիտի
մեկնի։
Բայց
դուն
քանի
մը
օր
հիւր
պիտի
մնաս
ինծի,
որովհետեւ
թէեւ
Պէրութ
հեռագրեցինք
որ
Ճանկիւլեան
արդէն
վաղուց
ի
վեր
զգաստացած
է
եւ
թէ
իր
ունեցած
հիւանդութիւնը
բժշկական
տեղեկագրով
հաստատուած
է
որ
անբուժելի
է
եւ
երկար
ատեն
չպիտի
ապրի,
խնդրեցինք
որ
բոլորովին
ազատ
արձակուելու
հրաման
ըլլայ,
եւն.
եւ
որովհետեւ
հաւանական
է
որ
կուսակալը
մեզի
պատասխանէ
թէ,
քանի
որ
հեռագիրը
կեդրոնէն
կուգայ,
պէտք
է
կեդրոնէն
գայ
այդ
հրամանը,
հետեւաբար
մենք
պիտի
ստիպ
ուինք
կեդրոն
հեռագրել.
եւ
այդ
պատճառաւ
է
որ
կ’ըսեմ
թէ
քանի
մը
օր
հիւր
պիտի
մնաս
ինծի.
այս
ըսածիս
վստահ
եղիր։
Ուրեմն
ելէք
Գըլըճեանի
հետ
գացէք
քաղաքին
մէջ
եւ
դուրսի
պարտէզը
պտտեցէք.
իսկ
եթէ
կ’ուզես,
անկողինդ
թող
հոս
բերեն,
գիշերները
հոս
ոստիկաններու
գօվուշը
պառկէ
որ
աւելի
մաքուր
է
եւ
հանգիստ
կ’ընես։
–
Շնորհակալ
եմ
կ’ուզեմ
որ
այս
մէկ
քանի
գիշերներն
ալ
Լիմանին
մէջ
անցունեմ
ընկերներուս
հետ։
Գըլըճեանի
հետ
քաղաքին
ամէն
տեղուանքը
պտտելէն
վերջ
Լիմանէն
ոստիկան
մը
ուզեցի
իբր
առաջնորդ
պարսպադռնէն
դուրս
գտնուած
պարտէզը
պտտելու
համար։
Օրը
կը
տարաժամէր,
Գըլըճեանի
մեկնելու
ժամը
կը
մօտենար.
պարտէզին
մէջ
կուշտ
ու
կուռ
զիրար
համբուրեցինք
կրկին
ազատ
հողի
վրայ
համբուրուելու
յոյսով
Լիման
եկանք։
Գըլըճեան
բանտարկելոց
եւ
տնօրէնին
մնաք
բարով
ըսելով
կրկին
համբուրուեցանք
ու
մեկնեցաւ։
Ինչպէս
բոլոր
բանտարկեալները
ցաւ
զգացին
իմ
բոլորովին
առանձին
մնալուս
համար,
նոյնպէս
բնական
էր
որ
ինծի
ալ`
ճգնաժամ
մը
թուէր
եթէ
երբեք
ազատուելու
յոյս
չունենայի։
Երկու
օր
վերջ
բոլորովին
ազատ
արձակուելուս
լուրը
եկաւ
Պոլսէն։
Պէտք
էր
Գըլըճեանի
նման
մէկ
ոստիկանով
զիս
Պէրութ
ղրկէին
պաշտօնական
ձեւակերպութեանց
համար։
Շոգենաւը
որ
պզտիկ
բան
մըն
էր,
ծովուն
սաստիկ
ալեկոծութենէն
կը
վախնար
ճամբայ
ելլելու.
ուզեցի
ցամաքէն
երթալ,
ան
ալ
անկարելի
էր
տեղատարափ
անձրեւին
պատճառաւ։
Թէ՛
ալեկոծութիւնը
եւ
թէ
անձրեւին
շարունակութինը
բանտարկեալները
իմ
բախտիս
կը
վերագրէին։
1896
Դեկտ.
22ին
Աքեայի
մէջ
գտնուած
բոլոր
բարեկամներուս
արդէն
շնորհակալութիւն
յայտնած
եւ
«Մնաք
բարով»
ըսած
էի։
Լիման
ին
մէջ
նստած
կը
խօսակցէինք,
երբ
ինծի
յատկացուած
ոստիկանը
եկաւ
լուր
տալու
թէ
պիտի
մեկնինք.
իսկոյն
անկողինս
եւ
ունեցածներս
բանտարկեալները
շոգենաւ
փոխադրեցին։
Է՛հ
ժամանակը
հասած
էր
տարիներով
միասին
ապրած
ընկերներուս
հրաժեշտ
տալ,
որոնց
մէջ
ուրախացողներ
եւ
արտասուողներ
պակաս
չէին։
Համբուրուելէս
վերջ,
տնօրէնին
եւ
ամբողջ
ոստիկաններուն
հետ
ալ
թէ
համբուրուեցայ
եւ
թէ
ձեռքերնին
թօթուելէ
ու
իրենց
նուէրները
տալէ
յետոյ
ամբողջ
բանտարկեալներուն
ազատութիւն
մաղթելէս
ետք
հեռացայ։
Նաւահանգիստէն
հազիւ
մէկ
ժամ
հեռացած
էինք,
կրկին
սոսկալի
փոթորիկ
մը
եւ
ալեկոծութիւն
սկսաւ,
այնպէս
որ
նաւապետը
ուզեց
դէպի
Աքեա
դառնալու
որոշումը
տալ,
բայց
քանի
մը
վայրկեան
վերջ
նորէն
շոգենաւը
դէպ
ի
Պէրութ
դարձուց.
նաւապետը
շոգենաւը
ընկղմելու
վտանգէն
կը
սոսկար։
Մտածեցի
որ
վեցուկէս
տարուան
տառապանքս
բաւական
չէր,
հիմա
ալ
նոյն
կեանքն
էր
գրեթէ.
վար
իջնեմ
գոնէ
աչքովս
չտեսնեմ
անդունդին
յատակը
երթալս։
Չգիտէի
ինչով
մեկնել
կեանքիս
այս
դժնդակ
վիճակը։
Աքեայէն
Պէրութ
6
ժամ
կը
տեւէր,
բայց
21
ժամէն
հազիւ
կրցանք
ոտքերնիս
Պէրութի
քարափը
դնել։
Կառավարչատուն
գացինք.
ոստիկանութեան
ներկայանալէս
եւ
Աքեայի
պաշտօնական
գրութիւնը
կարդացուելէ
վերջ
դրան
առջեւ
պատրաստուած
կառքին
մէջ
դրին
զիս,
քովս
նստեցաւ
ոստիկանութեան
տնօրէն
Վանցի
Սէրվէթ
պէյը,
իսկ
դիմացս
հարիւրապետ
մը։
Հայոց
վանքը
կ’երթայինք։
Տեսուչին
ազդարարեցին
որ
պէտք
է
երդուընցնէ
զիս
որ
ասկէ
վերջ
հաւատարիմ
մնամ
Օսմ[անեան]
Պետութեան
եւ
ո
եւ
իցէ
խռովարար
ընթացքի
մէջ
չգտնուիմ։
Տնօրէնը
եւ
հարիւրապետը
եկեղեցիին
դրան
ներսի
կողմը
աթոռներու
վրայ
նստեցան,
իսկ
վարդապետը
զիս
հետն
առնելով
դէպ
ի
սեղան
տարաւ
երդուընցնելու
համար.
վարդապետին
ըսի.
—
Քու
ըսածներուդ
ինչ
ձեւով
որ
պատասխանեմ
պէտք
չէ
դիտողութիւն
ընես.
ես
արդէն
գլխու
շարժումով
հաւանութիւնս
ձեւացնել
պիտի
տամ։
Վարդապետը
հաւանեցաւ։
Խաչ
եւ
Աւետարան
բերաւ
եւ
ձեռքս
վրան
դնել
տուաւ,
եւ
սկսաւ
բարձրաձայն
ըսել.
—
«Պէտք
է
երդնուս
եւ
ուխտես
որ
ասկէց
վերջ
Օսմ[անեան]
Կայսրութեան
հաւատարիմ
պիտի
մնաս»։
—
Գլուխս
ծռելով
«չպիտի
մնամ»
ըսի։
—
«Պէտք
է
ուխտես
որ
ասկէ
վերջ
խռովարար
ընթացքի
մէջ
չպիտի
գտնուիս»։
—
Գլուխս
ծռելով
«այո՛,
միշտ
պիտի
գտնուիմ»
ըսի։
Վարդապետը
դարձաւ
ոստիկանութեան
տնօրէնին
եւ
հարիւրապետին
ըսաւ.
–
Ուխտեց
եւ
երդուընցաւ
Խաչին
ու
Աւետարանին
վրայ.
այլեւս
ուրիշ
բան
մը
մնա՞ց
ընելիք։
–
Ոչ,
ուրիշ
բան
չկայ
այլեւս։
Վարդապետը
մեզի
վերի
սենեակը
տարաւ
եւ
սուրճերնիս
խմելէն
վերջ
կառք
նստելով
լուսանկարչատուն
եկանք։
Լուսանկարչին
պատուիրեցին
որ
ուշադրութեամբ
պատրաստէ
լուսանկարս,
որովհետեւ
Սուլթանին
պիտի
ղրկուէր։
Մտածեցի
թէ
քանի
որ
ասկէց
վերջ
նորէն
պիտի
գործէի,
ուրեմն
պէտք
չէր
որ
լաւ
շինուէր
լուսանկարս,
որպէս
զի
հակառակ
պարագային
չճանչցուիմ։
Լուսանկարիչը
պատուիրեց
որ
հանդարտ
կենամ,
իսկ
ես
կամացուկ
մը
դէմքս
շարժեցի,
ինչ
որ
չվրիպեցաւ
լուսանկարչին
աչքէն։
—
«Վերջացաւ,
վաղը
փորձը
ձեզի
կը
ղրկեմ
եւ
կը
տեսնէք»,
ըսավ
լուսանկարիչը։
Կառավարչատուն
եկանք.
վարդապետը
հոն
կ’սպասէր,
որովհետեւ
դէմքէս
ճանչցած
էր
զիս։
Ոստիկանութեան
տնօրէնը
ըսաւ.
—
Ազատ
է
այլեւս
կրնաք
տանիլ։
Պէրութ
Աղաճանեանի
պանդոկը
եկանք
որ
քաղաքին
ամենէն
նշանաւոր
օթէլնէր։
Օրը
շաբաթ
էր։
Պէրութ
գտնուող
Հայեր
եկան
ազատուիլս
շնորհաւորելու.
նոյնպէս
Գըլըճեանը,
որ
յաջորդ
օր
պիտի
մեկնէր։
Ես
զինքը
համոզեցի
փախչիլ
արտասահման
երթալ.
սակայն
ինք
ընդհակառակը
կը
համոզէր
զիս
որ
Պոլիս
երթանք։
Վերջապէս
չկրցի
զինքը
համոզել,
ու
Պոլիս
մեկնեցաւ։
Լուսանկարիչը
իմանալով
ով
ըլլալս,
պանդոկ
եկաւ։
Ինք
Հայ-Հռոմէական
էր,
ըսի
իրեն։
–
Այո՛,
դիտմամբ
շարժեցայ
որ
լաւ
չելլէ։
Երբ
դիտաւորութիւնս
յայտնեցի,
ըսաւ։
–
Արդէն
անիկա
անճոռնի
բան
մը
ելած
է,
ուրեմն
վաղը
երբ
ձեզի
կրկին
բերեն,
ես
գիտեմ
թէ
այլ
եւս
ի՛նչ
տեսակ
բան
պիտի
շինեմ։