Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՀԱԶԱՐԱՊԵՏԻՆ ՍՐՏԻՆ ՑԱՒԸ

Հետզհետէ կը հասնէին Մուշէն, Կեսարիայէն եւ Պոլսէն Հայ աքսորեալներ որոնց մէջ կը գտնուէին վարդապետներ եւ քահանաներ իսկ։ Մշեցիներէն Միսակը, Մանուկը, Գասպարը եւ Սայատը 7 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էին ասոնք Լիմանը բերին, որով եղանք հինգ քաղաքական յանցաւորներ, իսկ Աքեա հասած միջոցիս հոն գտնուող Հաճընցի չորս աքսորեալներն իրենց աքսորման պայմանաժամը լրանալով մեկնած էին, ատոնց մէջ գտնուող Տիկին Սառան իր հետ տարաւ իս խորին համակրանքս, որ Աքեա գտնուած միջոցին իբր մայր եւ քոյր մինչեւ վերջն իր խնամքները չզլացաւ։

Ատանայէն Աքեա հասաւ Կէօքտէրէլեան Կարապետ քաղաքական յանցանքով աքսորեալ։

Աքեա գտնուած Հայ աքսորեալներու թիւը 80ը անցաւ անոնց մէջ բոլորն ալ որոշ պայմանաժամերով դատապարտուած էին, 5 եւ 15 տարուան։

Քովս գտնուած դրամով ուզեցի բանտին մէջ զամբիւղ շինելու եւ ծախելու առեւտուր ընել, ինչպէս կ’ընէին ուրիշները, բայց պէտք էր տեղացի մէկն ընկեր ընել քանի որ Արաբերէն դեռ լաւ սովրած չէի։ Ճարպիկ ու անկեղծ եւ Աքեայի մէջ քիչ շատ ազդեցիկ եւ բանտին մէջ համակրանք շահած յանդուգն Սէլիմ Հանուշ անուն արիտասարդ մը կար, որ սկիզբէն ի վեր մեզի հետ կ’ապրէր. ինքը արդէն քիչ մը դրամ ունէր, որոշեցի զայն ընկեր առնել ինձ եւ իսկոյն գործի ձեռնարկեցինք։

Որչափ որ հազարապետը նոր եկած էր, բայց գիտէինք որ կաշառակերին մէկն է. եւ մանաւանդ որ մեր շինելիք խանութէն առաջ ուրիշ երկու հատ կար արդէն։ Վերջապէս հազարապետին, տնօրէնին եւ փոխ-տնօրէնին հաւանութիւն կրցանք առնել մօտաւորապէս 4 անգլ. ոսկի վճարելով խանութ մը շինելու արտօնութիւն տուին։ Բանտին բակին մէջ տախտակէ փոքրիկ կրպակ մը շինել տուինք ուր բանտարկելոց վերաբերեալ պիտոյքները պիտի ծախէինք. մեզ համար աշխատող 30է աւելի բանտարկեալներ մեզմէ առեւտուր կ’ընէին, ինչպէս նաեւ միւս բանտարկեալները։

Շինուած զամբիւղները պէտք էր Պէրութ ղրկել հոն ծախուելու համար, ինչպէս կ’ընէին բանտին մէջ գտնուող միւս բանտարկեալները։ Քանիներու յանձնարարութեամբ մենք սկսանք մեր ապրանքները Եուսուֆ Սէմինին ղրկել, եւ վերջապէս իրեն հետ ծանօթանալով ուզեցի Հնչակ եւ նամակ ստանալու համար մէկ հասցէ մը ալ Պէրութի վրայ ունենալ։ Արդէն օրը օրին Հնչակ կը ստանայինք, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարեւոր թերթերը։

Օր. Վէրժինը Պէրութէն ինծի քանի մը կտոր ճերմակեղէն ղրկած էր եւ ցաւօք սրտի կը ծանուցանէր թէ, զիս Հռոդոս փոխադրել չէին յաջողած. բռնապետ Համիտ ըսած էր.

«Հոն պիտի մնայ հոն պիտի մեռնի»։

Օր. Վէրժին այս անյաջող լուրը ստանալէն վերջ, աշխատած էր զիս բանտէն փախցնել տալու միջոցներ ձեռք առնել ու աշխատիլ։ Փախուստիս գործին համար իրեն խոստացուած էր եւ յաջողած էր միջոցներ գտնել եւ պէտք եղած պարագային մինչեւ 200 ոսկի տրամադրելի ընել։ Պէրութի մէջ Քրիստոնեայ բժիշկ մը գտած էր որ այդ գումարին փոխարէն զիս նուաղեցնելու ձեւով (արդէն տկար էի), բանտէն իբր մեռաց դուրս հանելու յանձնառու եղած էր, քանի որ Աքեայի բժշկապետ Էլիաս էֆէնտին իրեն բարեկամն էր եւ անոր հետ համաձայնութեամբ պիտի ընէին։ Ես հազարապետին դէպի ինձ ունեցած կասկացները եւ հակառակութիւնը նկատի ունենալով, բոլորովին վտանգաւոր գտայ այդ միջոցոցն եւ իրեն գրացի մանրամասնութեամբ եւ ինքն ալ հաւանած էր։

Հազարապետը համոզուած էր թէ անպատճառ ուրիշներու հասցէներով նամակ եւ թերթ կ’ստանամ եւ նաոնց միջոցած նամակներս կը ղրկեմ ինքը կը ջանար այդ նամակներէն կամ թերթերէն ձեռք անցընել ինքը թող ուզածին չափ երազէր, չպիտի կարենար իր նպատակին հասնիլ։ Անպարճեանին այնպիսի բանալի մը տուած էի որ, գաղտնիքին տեղեակ չեղող մէկը անկարելի էր որ լուծէր։ Տեղեկութիւններ կամ լուրեր պարունակող ո՛ եւ է թուղթ… թող անցնէր ամենէն զարգացեալ մէկու մը ձեռքը (ինչպէս որ շատ անգամ կ’անցնէր) կարդալով պարզ եւ սովորական բաներ պիտի կարդար եւ հասկներ. ներքին պարունակութիւնն եւ իմաստն հասկնալ անկարելի էր։ Թող չկարծուի թէ ծածկագիր էր եւ ո՛ր եւ իրէ նիւթով մը կը բացուէր, ո՛չ միայն բանալիին ծանօթը կրնար հասկնալ, որոշ նպատակաւ մը պարզելու պէտք չեմ զգար այդ գաղտնիքը։ Եթէ այդ թուղթն Եահեա պէյի ձեռքն անցնէր, մազի չափ վախ չունէի որ բանալին պիտի կրնայ գտնել, մանաւանդ եթէ քիչ մ’ալ խնամքով պատրաստուած ըլլար։

Աքեայէն կը գրուի Պոլիս թէ ես Խրիմեանի հետ թղթակցելով միջոցներ գտած եւ խոշոր գումարով մը Աքեայի կառավարութիւն կաշառելով բանտէն ազատ արձակուած եմ եւ թէ Աքեա գտնուող Ճանկիւլեան անուանական եւ կեղծ Ճանկիւլեան մը է։ Պոլսէն անմիջապէս քննիչ մը կը նշանակուի (անշուշտ նկատելով որ Աքեայի արաբ պաշտօնէութիւնն ընդունակ է այս տեսակ բան մը ընելու) եւ Աքեա կը ղրկուի. քննիչը թէ պալատական եւ թէ զինուորական կ’ըլլայ. բնական էր որ Աքեա հասնելուն պէս, զինուորական հրամանատարին հիւր պիտի ըլլար։ Խնդիրն հրամանատարին կը պարզէ եւ հրամանատարն իսկոյն կը հաւաստէ թէ եղածը կամ կառավարութեան եւ կամ Ճանկիւլեանի դէմ դաւ մ’է եւ կ’ըսէ.

Ճանկիւեանը հոս ղրկուածին երկրորդ օրը տեսայ եւ անկէ վերջ քանի մը անգամ բանտ գացած եւ զինքը տեսած եմ. հետեւաբար հոս գտնուողն այն Ճանկիւլեանն է եւ այժմ ալ բանտը կը գտնուի։

Խանութս նստած գործաւոր բանտարկեալի մը շաշիւները կը կարգադրէի, յանկարծ հրամանատար պէյը զիս բարեւեց, քովի զինուորականը զիս ուշ ուշով կը դիտէր եւ ես հրամանատար պէյի հետ կը տեսնուէի։ Սիւրէյեա պէյ ձեռքս բռնելով՝ ձեռքիս վրայի Երուսաղէմի նշանը ցոյց տուաւ զինուորականին եւ զինուորականը ինծի ըսաւ.

Խրիմեանն ալ հոս Աքեա կը գտնուի եղեր, կը տեսնուի՞ս իրեն հետ։

Խրիմեան հոս չէ, սխալ հասկցած էք, անիկա Երուսաղէմ է։

Ըսել է իրեն հետ կը թղթակցիս։

Ոչ չեմ թղթակցիր, Պոլսոյ թերթերու մէջ կարդացի որ ինքը ուխտի գացած է Երուսաղէմ։

Սիւրեյեա պէյ քմծիծաղով մը բարի ազատում ըսելով մեկնեցաւ իբր թէ բանտը նորեկին ցոյց տալու պատրուակաւ։

Մինչեւ բանտէն ազատուիլս չկրցի այդ դաւադրութեան աղբիւրը գտնել։

Աթէնքի մեր ընկերներէն նամակ մը ստացայ, որով կ’ուզէր զիս իրազեկ ընել թէ Աթէնքի մէջ ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ այդ օրերը. եւ համառօտ կերպով հետեւեալ նկարագրութիւնը կ’ընէր.

«Հնչակեան կուսակցութիւնը կ’որոշէ Յուլիս 15ի տարեդարձը կատարել Աթէնքի մէջ, ճիշտ 1891 Յուլիս 15ի օրը, եւ այդ մասին ծրագիր մը կը պատրաստէ եւ Աթէնքի թերթերը կ’սկսին գրել այդ տարեդարձին մասին Հայերուն նպաստաւոր կերպով։

Օսմանեան դեսպանը իրար անցաւ եւ դիմեց Յունաց արտաքին գործոց Նախարարին այդ հանդեսն արգիլելու համար։

Մեր կեդրոնական Վարչութիւնը դիմեց «Արեւելեան Դաշնակցութեան» եւ անոր հովանաւորութիւնը խնդրեց։ Դաշնակցութեան 95ամեայ ծերունի նախագահ Մ. Բօցարիսը խոստացաւ իր աջակցութիւնը նուիրել եւ իսկոյն ստորագրեց 500 հրաւիրագիրները եւ ղրկեց նշանաւոր անձնաւորութեանց։ Թուրքը դեսպանը ճարահատեալ դիմեց անգլիական եւ աւստրիական դեսպաններուն, գոնէ արգիլելու Հայոց թափորը։ Նախարարապետ Մ. Տէլիանիսը դիմեց Մ. Բօցարիսին, բայց նորէն անդրդուելի մնաց։ Հանդէսը տեղի ունեցաւ նշանաւոր Օփօլօն պարտէզին մէջ։ Բեմը զարդարուած էր Յունական եւ Եւրոպական դրօշներով, ինչպէս նաեւ Հայոց եռագոյն դրօշակով. դրօշակներու մէջ բեմին ճակատը զետեղուած էր ցոյցի նշանաւոր հերոսներու՝ քոյ, Նալպանտեանի եւ Ղումրիկեանի մեծագիր պատկերները։

Հանդէսին ներկայ էին մօտաւորապէս 6-700 երկսեռ նշանաւոր Յոյներ, ինչպէս նաեւ Կրետէի նշանաւոր ապստամբապետները, Մակեդոնացիներ, Ալպանացիներ եւ Եւրոպացիներ, Աթէնքի բոլոր թերթերուն ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ եւրոպական թերթերու թղթակիցները։ Բազմաթիւ ոստիկաններ կը հսկէին հանդէսին կանոնաւորութեան։ Յունական Պաշտօնական մուզիքը նախ երգեց Յունական քայլերգը եւ անկէց վերջ սկսաւ նուագել հայկական երգեր։

Մեր ընկերներէն մէկը նախ կարմիր թուղթի վրայ տպուած Յուլիս 15ի ցոյցի նկարագրութիւնը կարդաց, ինչպէս նաեւ դերակատարներուն կենսագրականը։

Երկրորդ ճառը խօսեցաւ Կրետացի նշանաւոր ուսուցիչ Մ. Վասիլոսը։ Նորէն մերիններէն մէկը կարդաց Հայերէն ճառ մը։ Վերջին խօսքն առաւ «Արեւելեան Դաշնակցութեան» ներկայացուցիչ Մ. Վուլկարիսը ու բուռն ծափահարութեանց մէջ վերջացուց իր խօսքերը, ինչպէս որ ծափահարուած էին միւս ճառախօսները։

Թափօրը կազմուեցաւ փողոցներ պտտելու համար եւ այս անգամ հեծեալ ոստիկաններն ալ կը հսկէին կարգապահութեան։ Թափօրը երբ հասաւ Մ. Բօցարիսի տան առաջ, իրեն ուղղեալ շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդացուեցաւ, եւ Մ. Բօցարիս յուզեալ վիճակի մը մէջ պատշգամն ելաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ բուռն ծափահարութեանց արժանացաւ. թափօրը վերջացաւ ու ժողովուրդը ցրուեցաւ»։