Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



Հայրիկ եւ իր ժողովուրդը


Բ. ՎԱՆԱՅ ՀՐԴԵՀԸ

Վասպուրական առաջին անգամն էր որ հրդեհը կը տեսնէր: Ժամանակին, անմոռանալի խրիմեա Հայրիկը Վանայ այս աղէտին առթիւ հրատարակած է «Վանգոյժ» անունով գրքոյկ մը, առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու. մենք կ՚ուզենք այդ աղէտին մանրամասնութիւնը տալ , եւ աւելորդ չենք նկատեր «Հայրիկի» «Վանգոյժ» էն քանի մը խօսքեր մէջ բերել:

«Ո՜ տայը ինձ, ո՜հ գեղեցիկ Վան, Վասպուրական աշխարհի զարդն ու պսակ, որ աւելորդ աճիւնացեալ մոխիրին վրայ նստելով՝ արժանի լինէի զքեզ եւ քոյ որդիքներ ողբալու»:

«Պատահար քոյ երկնից պատահար չէր, այլ նոյն իսկ քոյ երկրէն եւ քոյ մէջէն, հին դրացի քաղաքացիները դաւեցին զքեզ, նոքա որ քեզ հետ կ՚ուտէին հայրենի սեղանէն, նոքա՝ որ քոյ ճակտի քրտանց վաստակով լիապէս կը յագենայի, ո՜հ անխնայաբար ոտնակոխեցին բարելից հացի սեղանդ չգիտեմ քոյ մեղքն ի՞նչ էր, ո՜վ անզէն եւ հլու ժողովուրդ Վանայ, դու ոչ զէնք ունէիր եւ ոչ երբէք ըմբոստացար տիրող տիրող գաւազանին դէմ, քոյ հաւատարմութեան չափ հինգ հարիւր տարի է, եւ քոյ զէնքն միայ խոփն ու արօր, արուեստ եւ վաճառականութիւն քոյ զբաղումն էր, եւ միթէ ա՞յս հատուցումն քոյ հաւատարիմ հպատակութեան: Ողորմիմ քեզ, ժողովուրդ հայոց, ողորմիմ, արդեօք լաւագոյն չէ՞ր քեզ, որ միանգամ մեռնէիր եւ կնքուէր քոյ հանգստեան գերեզման եւ դու երթայիր դադարէիր առ հարս քոյ, քան թէ այսպէս ի գետին թալկանալով արիւնացամաք մեռնիս: Ո՜հ մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր: Ելէք ուրեմն, մի՛ նստիք եւ յուսահատ ողբաք այդ ապաժոյժ աւերակաց վրայ. ելէք, Վանեցիք, Թաղեցէք այդ մեռելը, վրան կոթող մի կանգնեցէք ու գրեցէք այս յիշատակարան».

«ԱՍՏ ԹԱՂԵՑԱԻ ՎԱՆԵՑԻ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴՈՅ

ԳԱՆՁՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔՆ»

Վանայ զինուորականութեան հրահանգ տրուած էր Վասպուրականի զօրքերն եւ պահեստիներւ Պայազիտ փոխադրելու պատրաստութիւններ տեսնել: որոշուած էր վաղահաս ձմեռուան պատճառաւ բանակ երթալիք զինուորներուն համար բամբակէ մինթաններ շինել ալ հանգանակութեամբ:

Հանգանակութեան սկսուած էր Հայոց գլխաւոր վաճառականներէն , որոնք մանիֆաթուրայի վրայ գործ չէին ըներ, այլ տարբեր ճիւղերու վրայ: Պէտք է ըսել թէ որչափ որ գործին հանգանակութեան գոյն տրուած էր եւ այն ըստ կամս, բայց իրականութեան եւ գործնականին մէջ այդպէս չէր եւ բոլորովին տարբեր ձեւ մը ստացած էր:

Մէհմէտ պէյ, Վանայ նշանաւոր Թիմուրզատէ պէյերուն եւ Թուրք երեւելիներուն հետ նախապէս որոշած էր իւրաքանչիւր վաճառականէ առնուելիք գումարի քանակը, եւ ցանկն ալ պատրաստած էին. պատրաստուած ցանկին համեմատ ամբողջէն ալ գանձեցին: Կը մնային մանիֆաթուրայի վրայ գործ ընող վաճառականներ եւ խանութպաններ, որոնցմէ պէտք էր առնէին շինուելիք մինթաններուն կերպասը, կտաւը, բամբակը, եւն:

Մանրավաճառ եւ այլ արհեստաւորներէն հնչուն դրամ կը գանձէին իբր նուէր: Դերձակներէն թէ՛ դրամ կ՚առնէին եւ թէ մինթաններ ձրի կարել կուտային: Արդէն վանայ հրապարակը բացի մսավաճառներէն եւ նպարավաճառներէն, ամբողջ Հայոց ձեռքն էր: Վերջի երկու արհեստաւորներն առանձնաշնորհեալ էին եւ պէտք չէր որ հանգանակութեան մասնակցէին:

Հանգանակութիւնը շատ ոգեւորութեամբ յառաջ կը տանէին, եւ կեդրոնատեղին էր շուկային մէջ Մարութեան Մկրտիչ էֆ[էնտի]ի սենեակը, իսկ գործին նախագահն էր Մէհմէտ պէյ:

Աւելորդ է ըսել թէ Հայերը ակամայ ստիպուած էին իրենցմէ պահանջուած գումարը վճարել. բնական էր որ եթէ երբեք գտնուէին Հայեր, որոնք դժկամակէին իրենց մասին որոշուած գումարը վճարել ամբողջովին եւ աղերսական ձեւով նուազումը խնդրէին, որ ինքնին իրենց համար ծանր էր, այդ դիտողութեանց պահուն Մէհմէտ պէհ իր խոժոռ դէմքով եւ խռպոտ ձայնով խօսքն այդպիսիներուն ուղղելով, յանդիմանական ձեւով կ՚ըսէր.

«Իսլամ զօրքեր ձեր հանգստութեան, ինչքի եւ կեանքի ապահովութեան համար բանակ պիտի երթան քեաֆիր Մօսկօֆին դէմ կռուելու, հանգանակութիւնը քանի որ այդ զօրքերուն համար է, պէտք է սիրով մասնակցիք եւ ձեզմէ պահանջուած գումարն ամբողջ վճարէք, ինչպէս նաեւ կերպասներ եւայլն, ապա թէ ոչ վերջէն պիտի զղջաք. չտուած կերպասնիդ, դրամնիդ եւ դուք պիտի այրիք. ուստի տուէք ձեզմէ պահանջուածները, որպէս զի վերջէն չզղջաք եւ այլեւս ուշ չըլլայ»:

Մէհմէտ պէյի սոյն վերջին սպառնական խօսքերուն իմաստը գրեթէ ոչ ոք կրցաւ ըմբռնել: Վանեցին որ դարերէ ի վեր եւ նոյն իսկ Վան որ հրդեհ տեսած չէր եւ բնաւ հրդեհի վրայ գաղափար իսկ չունէր, բնական էր որ չպիսի կարենային ըմբռնել թէ, «կ՚այրի» «կ՚այրիք» խօսքերն ի՛նչ կը նշանակէին: Մանաւանը որ օնաւ չէին երեւակայեր եւ երազեր իսկ Մէհմէտ պէյի մը դիւային ծրագիրը:

Մէհմէտ պէյ երկուշաբթի օր մը իր ստացած հրահանգին համաձայն Վանէն մեկնեցաւ դէպի Կարին:

Չորեքշաբթի գիշեր: Ժամը 3ին . Թ. ) միջոցները Վանեցին անակնկալի մը առջեւ կը գտնուէր, քաղաքին պարիսպներէն ներս կրակի բոցեր կը տեսնուէին եւ մուխերն երկինք կը բարձրանային:

Շուկային ճիշտ կեդրոնէն, մանրավաճառ Տլոտեան Սիմէոնի խանութէն ելած էր հրդեհը, կ՚ըսուէր, այն խանութէն, որմէ հինգ քայլ հեռուն շուկայի պահապաններուն պետին մշտական նստախ տղեն էր, եւ անկէ քանի մը քայլ անդին ահագին մեծ երկու ծորակով ջուրի աղբիր մը կար, քանի մը քայլ հեռու նաեւ եօթ խոշոր ծորակէ աղբիւր մը:

Եթէ Պոլսոյ նման հրդեհ ծագած պահուն, աշտարակի սպասաւորներով կամ թաղի պահապաններով հրդեհի լուրը ժողովուրդին տալու սովորութիւն ըլլար, հաւանական էր որ Հայերէն շատերը փութեային իրենց խանութներուն մէջ գտնուած ապրանքներն ազատել. շուկային մէջ գտնուած պահապաններն եթէ երբեք ուզէին, կարող էին շուկային մէջ եւ բոլորտիքը գտնուող աղբիրներու ջուրերով հրդեհը մարել: Վան ո՛չ հրդեհի աշտարակ ունէր ու սպասաւոր եւ ոչ ալ թաղերու պահապաններ. ու շուկային պահապանները փոյթ չէին ըրած հրդեհը մարելու, ուրեմն շուկային հրդեհը բախտին ձգուած էր: Հրդեհն այնպիսի պահու մը կը սկսէր որ գրեթէ ամբողջ Հայութիւնը խոր քունի մէջ կը խորդար. միայն քաղաքին մէջ գտնուած Հայերէն մէկ մասն կրնար հրդեհն իմանալ. արդէն Այգեստանի Հայերը, որ մեծամասնութիւն կը կազմէին, ոչինչ կրնային իմանալ, քանի որ քաղաքէն կամ շուկայէն 25-45 վայրկեան հեռու էին:

Մէհմէտ պէյ, Չորեքշաբթի գիշեր Արճէշի հեռագրատունը նստած՝ Վանէն գրուելիք հեռագրին կը սպասէ եղեր, որպէս զի իրեն աւետէ թէ ծրագիրը գործադրուած է եւ շուկան կ՚այրի: Մէհմէտ պէյ երբ շուկային այրուելուն հեռագիրը կը ստանայ, «կը հարցնէ թէ Գալճեան Գէորգ պէյի շուկան սկսա՞ւ այրիլ, եթէ չէ այրած, անպատճառ պէտք է այրել. ինչպէս նաեւ Շարան պէյի շուկան»։

Մենք պէտք չենք զգար ըսել թէ հեռագրական այս գաղտնիքն ի՞նչպէս երեւան ելած է եւ մենք իրազէկ ենք : Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէին Մէհմէտ պէյի այն խօսքերը զորս հանգանակութեան ատեն Հայերուն կ՚ուղղէր՝ «Կ՚այրի», կ՚այրիք ըսելով:

Վանայ հրդեհին նախապէս ծրագրուած ըլլալը միայն Մէհմէտ պէյի հեռագրական պարագան չէ որ կը հաստատէ, այլ կան ուրիշ պարագաներ, զորս մենք իրենց կարգին պիտի պարզենք:

Գիշերուան այն պահուն, երբ մէկը դիպուածաւ շուկան մտած ըլլար. պիտի տեսնէր խուժան եւ Քիւրտերէ բաղկացեալ ահագին բազմութիւն մը, ձիեր, էշերպ պարկեր եւ չուաններ: Բազմութիւնն այն աստիճան էր որ մէկը դժուարաւ կրնար մէկ շուկայէն միւս շուկան անցնիլ, եւ թէ հրեհն արդէն հազիւ 10-15 վայրկեան էր որ սկսած էր, բազմաթիւ Քիւրտեր բոլորոն ալ զինուած էին եւ իսկոյն արդէն ապրանքները պարկերուն մէջ կը լեցնէին եւ ձիերուն եւ էշերուն բառնալով՝ ճամբայ կը հանէին:

Սկիզբէն արդէն բաւական զօրք եւ ժանտարմաներ կային շուկային մէջ. յանկարծ զինուորական փող հնչեց, բերդին եւ միւս զօրանոցներուն զօրքերը կանչելու. թերեւս միամիտներ ենթադրէին թէ եկող զօրքերը հրդեհը մարելու պիտի աշխատէին. ընդհակառակն ձեռքերնին մէյմէկ տապար եւ խորտակիչ գործիք ունեցող զօրքեր հասան փակ մնացած խանութներու փեղկերը խորտակելու:

Վանայ խանութներուն փեղկերն ամբողջովին շինուած էին բարակ տախտակներէ եւ իւրաքանչիւր խանութ ունէր երկու պարզ կղպանք կամ փականք, որոնք տապարի մը հարուածով ջարդ ու փշուր կ՚ըլլային:

Վանայ խանութներուն մէջ երկաթէ դրամարկղ պահելու սովորութիւն չկար, եւ թերեւս մինչեւ հիմա ալ երկաթեայ դրամարկղներ մատի վրայ համրելու աստիճան ցանցառ ըլլան: Վանայ վաճառականն ու խանութպանն իր ունեցած դրամներն՝ իբր ամենաապահով տեղ՝ խանութը գտնուած տախտակէ դզրոցին մէջ կը պահէր, որովհետեւ Վանայ մէջ դրամատուն գոյութիւն չունէր:

Տեղական զինուորներ ձեռքերնին ունեցած տապարներով իսկոյն խանութներու փեղկերը կը կոտրէին եւ ներս կը մտնէին, խանութին մէջ գտնուած գզրոցը կոտրելէ վերջ մէջը գտնուած ոսկի եւ արծաթ դրամներն առնելով. իսկ պղինձէ դրամները ծանր ըլլալուն պատճառաւ հոն թողելով՝ գոց մնացած խանութը կ՚երթային եւ իրենց գործն այս կերպով կը շարունակէին:

Զօրքերէն վերջ տեղացի Իսլամներ եւ Քիւրտեր խանութներէն ներս կը խուժէին եւ դեռ չհասած իրենց ընտրած մետաքսեայ, ասուի եւ ծանր արժեքաւոր ապրանքներն առնելով, պարկերուն մէջ լեցնելով ու պատրաստուած գրաստներուն բեռցնելով ճամբայ կը հանէին, գլխաւորապէս դէպ ի Այգեստան:

Տարիներէ ի վեր շինուած շուկայի մը այրելիը շատ հեշտ էր, քանի որ ամբողջ կազմուածքով գրեթէ տախտակէ եւ փայտէ կը բաղկանար, քանի որ հրշէջ գործիքներ գոյութիւն չունէին Վանայ մէջ, քանի որ վազած աղբիրներու ջուրը հրդեհը մարելու չէր գործածուեր, քանի որ կառավարութիւնը ժամ առաջ հրդեհը մարելու փոյթ չէր ըներ, խանութներուն մէջ գտնուած դրամներուն, ապրանքներուն կողոպտուելուն արգելք չէր ըլլար, ու քանի որ ներկայ գտնուող Հայերուն աղերսն ու պաղատանք եւ նոյն իսկ արտասուքը փոխանակ իր գութը շարժելու, ընդհակառակին հաճոյք կ՚զգար, եւ բացայայտ էր այս. ըսել է կառավարութիւնը ժամ առաջ այդ ահագին շուկային եւ ապրանքներուն մոխիր դառնալուն փափաքող էր: Ուրեմն շատ բնական էր եւ զարմանալու ոչինչ չկար որ կրակն իր դժոխային դերը պիտի կատարէր ուզածին պէս:

Ինչպէս ստուգուեցաւ, Զիա փաշա եւ իր զաւակը Ճէմիլ պէյ այդ դիւային ծրագրէն տեղեկութիւն չունէին. որովհետեւ հաւաստի աղբիւրէ ստուգուեցաւ թէ Զիա փաշայի լուսամտութիւն, արդարասիրութիւնն եւ անկողմնակալութիւնը բնաւ հաճելի թուած չէին Վանայ Իսլամներուն, որոնք արդէն հրդեհէն շատ առաջ Վանայ թուրք եւ քիւրտ երեւելիներու բազմաթիւ ստորագրութեամբ հանրագիր մը ղրկած էին Պոլիս եւ Զիա փաշայի պաշտօնանկութիւնը պահանջած էր. որովհետեւ Չորեքշաբթի Զիա փաշայի պաշտօնակութեան եւ Վանայ՝ կուսակալութեան վերածուելուն հեռագիրը կը հասնէր եւ հեռագրին հասնելէն 11 ժամ վերջ շուկային հրդեհը կը սկսէր:

Վանայ հրդեհը կանխապէս ծրագրուած ըլլալու յայտնի ապացոյցը կրնայ սեպուիլ հետեւեալ պարագաները եւս:

Շուկայի պահապաններուն պետը միշտ իրեն քով պատրաստ կ՚ունենայ 3-4 պահապան: Ինչո՞ւ չկարծել թէ եթէ այդ պետին գիտակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ չըլլար. իրմէ 5-6 քայլ հեռու գտնուող ծագած կրակն իսկոյն մարել պիտի տար, քանի որ այը կրակի պատասխանատուն ինք պիտի ըլլար. ուրեմն ինք հրահանգուած էր ու մեղսակիցներէն մէկն էր:

Հրդեհի սկզբնաւորութեան պահուն, ի՞նչպէս շուկայէն գրեթէ մէկ ժամ հեռաւորութիւն ունեցող հարիւրաւոր տեղացի իսլամներ եւ քիւրտեր ներկայ կը  գտնուէին ձիերով, էշերով, պարկերով եւ չուաններով: Զօրանոցներէն եկած զինուորներն ինչո՞ւ փոխանակ հրացանի, տապարներով շուկային մէջ խուժած էին: Ինչո՞ւ այդ հարիւրաւոր խուժողներուն, պաշտօնեաներուն եւ զինուորներու մէջ չգտնուեցան մարդիկ, որոնք կողոպուտին արգելք ըլլային եւ ժամ առաջ հրդեհը մարելու միջոցներուն աշխատէին:

Մէհմէտ պէյի Արճէշի հեռագրատունը նստիլն եւ Վանէն հրդեհի հեռագրին սպասելը, Գալճեան, եւ Շարան Պէյի շուկաներուն այրիլը կամ չայրլիը հարցուիլը, այս բոլոր ջախջախիչ փաստեր չե՞ն որ հրդեհը կանխամտածուած էր եւ Զիա փաշայի պաշտօնանկութեան հեռագրին կը սպասէին: Գալճեան Գէորգ պէյի երկյարկանի շուկան այնպիսի կոկիկ եւ շքեղ կերպով շինուած էր որ, վանայ պատիւ բերով շէնք մը կրնար սեպուիլ, եւ կառավարութիւնը պէտք էր քաջալերէր Հայերը, որպէս զի Անատօլուի մէջ այդ տեսակ շէնքեր շինուէին, իսկ ընդհակառակն այրելուն լուրն առնելէն վերջ կ՚երթար մրափելու: Թէեւ հրդոհը սկսելէ բաւական ուշ քաղաքամիջի Հայերը շուկայ հասան, իրենց դրամներն ու ապրանքները ազատելու, բայց այդ մթութեան մէջ ի՞նչ կարող էին ընել, դեռ կրակ չառած շուկաները բոլորովին մութ էին, այնպէս որ ո՛չ ոք զիրար կը ճանչնար, այլ խառնիճաղանճ բազմութիւն մ՚էր որ զիրար հրմշտկելով իրենց գործն յառաջ կը տանէին: Թէեւ կային խորտակուած խանութները, որոնց մէջ ահագին քանակութեամբ մոմ կը գտնուէր, բայց զօրքերն եւ խուժանը այդ մոմերը չէին գործածեր. մոմ չը գործածելն իր թաքուն նպատակ ունէր. չէ՞ որ մոմ գործածելով Հայերը կարող էին իրենց հայրենակից խուժանը եւ զօրքերը ճանչնալ, եւ ապագային զիրենք մատնանիշ ընել, դատարաններ քաշել եւ դատապարտել տալ կամ տուներնին խուզարկել: Ահա այս պատճառաւ էր որ մոմ չէին գործածեր եւ խանութներուն մէջ թանկագին ապրանքները՝ գրպաննին գտնուած լուցկիով կը զանազանէին եւ կ՚ընտրէին:

Հայերուն շատ աննշան մէկ մասը երբ շուկան հասաւ, սկսաւ մոմ վաչել եւ այդպէսով իրենց ստացուածքն ազատել: Հայերէն շատերը յուսախաօ եղան, իրենց գզրոցները ջարդուած դատարկ կը մնային, եւ խանութներուն մէջ շատ քիչ քանակութեամբ աննշան եւ անարժէք ապրանքներ գտան, զորս կողոպտիչները զիջած չէին այդ կարգի ապրանքներ տանիլ. իսկ իրենց այրած խանութներուն մասին ոչինչ. անոնք գրեթէ կ՚այրէին կամ այրած մոխիեր դարձած էին:

Հրդեհը տեւեղ մինչեւ առաւօտ, կառավարութեան կողմէ իբր ձեւակերպութիւն հրդեհը մարելու՝ այն ատեն գործի սկսուեցաւ՝ երբ արդէն կարեւոր մասը այրած ու մոխիր դարձած էր ու աւերակներ կը մխային, երբ Այգեստան գտնուող Հայերն ըստ սովորութեան սկսած էին շուկայ գալ եւ որոնց մեծամասնութիւնն անգիտակ էր անցուդարձին:

Ամենէն սարսռազդեցիկ տեսարանն այն ատեն պարզուեցաւ, երբ Հայերը հետզհետէ Այգեստանէն քաղաք գալ սկսան, շատ բնական եւ սովորական երեւոյթով, զանազան մտածումներով եւ ծրագիրներով, որովհետեւ եկողներուն մեծ մասը աղէտին լուրը առած չէր. պատճառը շատ պարզ էր/ նախ որ չէին կրնար երազել իսկ թէ շուկային մէջ կրնայ գիշերը  հրդեհ պատահիլ. Երկրորդ աղէտին գիտակ եղողներ խոհեմութիւն չէին սեպած իրենց բարեկամին եւ ծանօթին այդ չարաշուք լուրը գուժել:

Աւերակներու մէջ տեղի ունեցած լաց ու կոծը երկինք կը հասնէր եւ երկիրը կը դղրդէր. չկար Հայ մը որ չլար եւ չողբար. բայց աւա՜ղ, այլ եւս ուշ էր. արտասուաց շիթերը մոծիրներու վրայ կը թափէին, այն մոխիրներուն վրայ՝ որ գոյացած էին այն ստացուածքէն եւ ապրանքներէն որ Վանայ Հայութեան յոյսն ու ապագան կը կազմէին. եւ Վանայ Հայութեան ապագան փճացած էր եւ ինքը օրական չոր հացի մը կարօտ թողուած էր:

Հայերէն քանիներ իրենց այրած ապրանքներուն մոխիրները գլխնուն վրայ կը թափէին եւ այդ մոխիրները իրենց աչքէն վազախ արտասուքով կը շաղախուէր: Եղան քանիներ որոնք իրենց խանութի մոխրակոյտը տեսնելով իսկոյն յուշաթափ ինկան եւ մոծրակոյտին վրայ փռուեցան. գտնուեցան ոմանք որ խելագարեցան, իսկ ամենէն ցաւալին էին անոնք որ իրենց կեանքը վրայ տուին: Ճիտաճեան Մ. Ասատուր աղան իր քանի մը խանութներուն մոխիր դառնալը տեսնելով՝ զգացած կսկիծէն չկրցաւ տոկալ, իսկոյն խելագարեցաւ եւ քանի մը օր վերջ այդ վիճակին մէջ մեռաւ, կարծես այլ եւս չտեսնլու իր խանութներու մէջ գտնուած ապրանքներուն մոխիրները, որոնք իր դիրքը հարստութիւնն ու ապագան կը կազմէին:

Ի հարկէ շատ դժուար է այս տեսակ տխուր տեսարաններ նկարագրել, երբ մօտաւորապէս երկու հազարէ աւելի Հայերու աչքերէն արտասուքներ կը հոսին, ամէն կողմէ գոռում գոչում, վայ ու վայնասուն, ախ ու վախ հառաչներ ականջները կը խլացնեն: Ահա այս տեսակ սրտակեղեք եւ կսկծալի տեսարան մը դժուար է գրչով նկարագրել, եւ ո՞վ կը յանրգնի Վանայ Հայերը մեղադրել. որոնք իրենց ունեցած չունեցած օրապահիկն ու հարստութիւնը իրենց խանութներուն մէջ ըլլալով՝ առաւիտուն կուգան եւ այդ բոլորը ոչնչացած ու փճացած կը տեսնեն: Երէկուան հարուստը, բարեկեցիկն ու միջին դասակարգի քաղաքացին՝ այսօր չքաւոր աղքատ ու մուրացիկ. ահա՛ կեանքի ամենադառն եւ ամենատխուր պատկերը. որուն շատ քիչեր ուժ եւ կամք կ՚ունենան տոկալու: