Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՔԻՒՐՏԵՐ ԴԷՊԻ ԲԱՆԱԿԸ

Շէյխ Ճէլալէտտինի Շէյխ Ուպէյտուլլահի եւ այլ նշանաւոր քիւրտ ցեղապետներուն իրենց հազարաւոր արիւնկզակ եւ աւազակաբարոյ մարդիկներով դէպի պատերազմի դաշն երթալնին ի՜նչ անմոռանալի աղէտներու ենթարկեց Վասպուրականի Հայութիւնը. այդ մասին երջանկայիշատակ Խրիմեան Հայրիկ իր Հայգոյժ գրքոյկն հրատարակած է, գրքոյկէն քանի մը խօսքերը մէջ բերելն աւելորդ չենք սեպեր, եւ անկէ վերջ պիտի սկսինք այդ սարսռազդեցիկ դէպքերուն մանրամասնութեանց մտնել:

«Ողբա՜մ զքեզ, Հայոց Աշխարհ, զի քո կեանք ողբերգութիւն է. ամէն դար եւ ժամանակ երբ աղէտներ զքեզ պատեցին, դու միշտ աղէտներուդ հետ մի ողբերգու ծնար:

Անշուշտ կ՚ողբաս կին դու, թէ թշուառ եմ, որդի ծնայ, այլ ամուսինս կորուսի. բայց դու զքեզ բախտաւոր համարէ, կին, որ վերահաս անձկութեանդ մէջ կարացիր աղջամբ ծնիլ եւ մանուկդ ազատել: Քան զքեզ անբախտ եղան այն մայրեր որ մայրենի գրկերէն մանուկներ ձգեցին ու փախան, որպէս զի գթէ ազատեն իրենց անձն չարաշուք քրտաց լլկանքէն.

Ողբամ զձեզ. Հայոց մայրեր, որ կորուսիք լծակից ամուսինները եւ սիրական զաւակներ, թէ մեռաք երա՜նի ձեզ, թէ ողջ մնացեր էք եղո՜ւկ ձեզ:

Յո՜ւշ, յո՜ւշ, ո՜վ կոտորուած գառներ, ո՜վ Հայոց ողջ մնացող որդիքներ, դեռ պիտի կոտորուիք, դեռ պիտի մորթուիք այդ չքոտի Քիւրտերէն, քանի որ անզէն, անեղջիւր, անասպար կ՚ապրիք, դուք մարդ էք, ձեռք եւ բազուկ ունիք. միթէ անզգայացած մեռե՜ր է ձեր սրտմտութեան ոգին, միթէ կը հաւատա՞յք որ իշխանութեան աչքը հասնի մինչեւ Հայոց ամայի լեռներն ու դաշտեր եւ ձեզ պահան լինի:

Մի մի կամ ուրոյն ուրոյն գերեզման մի փորէք այդ անտէր մեռեալներու, այլ բոլոր միահամուռ խոր վիհերու մէջ թաղեցէք, միայն խաչքարէ նշան մի կանգնեցէք հողակոյտին վրայ, ես աստ կ՚արձանագրեմ նոցա սուրբ եւ անմահ յիշատակ:

ԱՍՏ ԿՈՏՈՐԵՑԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԱՆՈՂՈՐՄ ՍՐԷՆ. ՕՍՄ[ԱՆԵԱՆ] ՏԷՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆԳ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՀԱՅԵՐԸ»:

Վասպուրականի գրեթէ ամբողջ Քիւրտ ցեղապետները վերէն եկած հրամանին համակերպած եւ խոստացած էին պատերազմին մասնակցիլ: Յեղապետներն իրենց հարիւրաւոր ստորադասեալներով տարբեր տարբեր ճամբաներով Վան կը հասնէին, իրենց ճամբուն վրայ լտնուած գիւղեր, գիւղաքաղաքներ, վանքերն եւ եկեղեցիները կը կողոպտէին եւ կը պղծէին. ինչպէս որ գիւղերու մէջ դիմադրութիւն ընող Հայերն իսկոյն կը սպաննէին, նոյնը կ՚նէին նաեւ վանքերու վանականներուն: Գիւղերէն եւ վանքերէն դուրս ճամբուն վրայ իրենց հանդիպած Հայերն իսկոյն սրախողխող կ՚ըլլային. իրենց յանցանքն Հայ ըլլալն էր, ուրիշ ոչինչ: Իրենց չհամակերպող կիներու եւ աղջիկներու որովայնները կը ճեղքէին եւ աղիքները դուրս կը թափէին:

Շէյխ Ճէլալէտտինի խումբին մէջ տեսնուեցաւ Հայ մանկիկի մը գլուխը տէգին ծայրն անցուած իբր պարծանք եւ իբր իրենց քաջագործութեան նշան: Շէյխ Ճէլալէտտինի համար շատ աննշան էր այսպիսի դէպք մը եւ բնաւ նորութիւն չէր սեպուեր, որովհետեւ սովորական դարձած էր եւ կը գործադրուէր այն գեղանի կիներու եւ հարսներու մանկիկներուն վրայ, որոնց մայրերն անձնատուր չէին ըլլար:

Շէյխ Ճէլալէտտին քանի՜ քանի՜ գեղեցիկ Հայ հարսներ եւ աղջիկներ առեւանգելով՝ բռնի կերպով իր հարէմը ղրկեց:

Հայոց ինչքեր ու ստացուածքները տանելու համար իրենց հետ մասնաւոր գրաստներ ունէին, նորէն Հայերէն յափշտակուած. իսկ եզներ, գոմէշներ ու ոչխարներ մասնաւոր տեղ մը կը ղրկէին: Հայոց ա՛յն գիւղերը կողոպտուելէ զերծ մնացին, որոնք ճամբու վրայ չէին գտնուեր եւ Հայ գիւղ ըլլալ որոշ չէր գիտցուեր Քիւրտերէն: Ճամբուն վրայ գտնուած ա՛յն Հայերը կողոպտուելէ զերծ կը մնային որ գիւղին մեծամասնութիւնը Քիւրտերէն կը բաղկանար, իրենց մէջ ունեցած Հայերը կը պաշտպանէին եւ այս տեսակ գիւղ արդէն շատ քիչ կը գտնուէր:

Հայ գիւղացիներէն անոնք որ գալիք աղէտը կանխատեսելով՝ օր առաջ իրենց ընտանիքն ու անասուններն առնելով լեռներու գագաթներ ու ձորերու մէջ ապաստանած էին, քիւրտերն այդ կարգի անմարդաբնակ գիւղերու հանդիպած ատեն գտնուած յարդին եւ խոտերուն ու տուներուն կրակ տալով կ՚այրէին ու մոխիր կը դարձնէին: Քիւրտ վաշտեր դեռ Վան քաղաքը չհասած՝ հրդեհէն ազատուած աննշան խանութներն իսկոյն կը փակուէին եւ Հայերն իրենց տուները կ՚ապաստանէին. որովհետեւ սկզիբի օրերը տեսան թէ Քիւրտեր Վան մտած միջոցին ուզած ապրանքնին աննշան գնով մը կ՚առնէին կամ բնաւ չէին վճարեր, Հայերու բողոքը կառավարութեան կողմէ բնաւ նկատի չէր առնուեր, եւ բողոքներուն պարզ կերպով կ՛սուէր.

«Վնաս չունի, անոնք կամաւորներ են որ կ՚երթան թշնամրին դէմ կռուելու»։

Արդէն քաղաքէն դուրս գտնուած գիւղերու ճամբաներուն վրայ սպաննուած Հայերուն ուշադրութիւն դարձնող չկար: Քանի քանի Հայեր քաղաքին մէջ իսկ սպաննուեցան Քիւրտերէն: Բնաւ ուշադրութեան առարկայ չեղաւ եւ կառավարական պաշտօնեաներուն կարճ ու կարուկ պատասխանը պատրաստ էր.

«Ի՞նչ ընենք թող ինքզինքնին պաշտպանեն»։

Կառավարութեան վարուելակերպէն կ՛երեւէր թէ մասնաւոր հրահանգներ տրուած էին Հայերը բնաջնջելու եւ թշուառացնելու:

Քիւրտեր քանի մը անգամներ փորձեցին Հայ թաղերուն վրայ յարձակիլ եւ կողոպտել, բայց ձեռնունայն ետ դարձան՝ Հայոց տանիքներէն կարկուտի նման տեղացող քարերուն առջեւ: Քիւրտ վաշտերուն քաղաքը մնացած օրերն իւրաքանչիւր Հայ Թաղը ինքզինքը կը պաշտպանէր գիշեր ցերեկ եւ Քիւրտերուն խումբերն ե կը մղէր: Նօրտուզի Տռպազ աղան իր 500ի աւելի ստորադասեալներով երկու ժամ առաջ Վան հասած էր. ինքը կուսակալին եւ փոխ-հրամատարին այցելութիւն տալէ վերջը, կարգն եկած էր այցելելու Ալայ պէյի Օսման պէյին:

Զգիտցուեցաւ թէ կօշկակար Դաւիթ ինչո՞ւ իր խանութը գոցած չէր: Տռպաղ աղայի Քիւրտերը Դաւիթի խանութին վրայ կը յարձակին եւ ներս կը խուժեն՝ կողոպտելու: Դաւիթ բնականաբար պիտի դիմադրէր. իր դիմադրութեան պատճառաւ գլուխը քանի մը տեղերէ պատուած էին: Դաւիթ արիւնլուայ վիճակի մէջ ինքզինքն ազատելով Օսման պէյի սենեակը կ՚երթայ բողոքելու: Օսման պէյ Դաւիթի այս վիճակը տեսնելէ ու բողոքը լսելէ վերջ, կը հրամայէ որ դուրսը քանի մը վայրկեան սպասէ:

Օսման պէհ Տռպազին կը հարցնէ. «Այս Հայն այս այս վիճակին հասցնողը ձեր մարդի՞կն են»։

Տռպազ պաղարիւնութեամբ եւ քմծիծաղով մը կը պատասխանէ.

«Այո՛, իմ մարդիկս են. կը տեսնէ՞ք իրենց տրուած հրահանգներն ի՞նչպէս ճշդութեամբ կը գործադրեն, ամբողջ կեավուրներն այս վիճակին հասցնելու են…»

Օսման պէյ այլեւս չի կրնար հանդուրժել եւ Տռպազին խօսքն ընդհատելով եւ դէպ ի Տռպազ յառաջանալով կ՚ըսէ.

«Կեավուրն այն է որ մեզ դէմ պատերազմ հրատարակած է եւ մեզի թշնամի է, որ կ՛ուզէ մեր երկրին մէկ մասն ալ առնել. դուք կանչուած էք բանակը երթալու եւ թշնամրին դէմ կռուելու. այս Հայը Օսմ[անեան] հպատակ եւ այս երկրին զաւակն է, դուք «պատերազմի կ՚երթանք» ըսելով երկրին Հայութեան պատուհա՞ս եկաք: Քիչ մը համբերեցէք, հիմա կուգամ»:

Օսման պէյ ուղղակի կուսակալին կ՚երթայ եւ պէտք եղածն հաղորդելէն վերջ լիազօրութիւն կը ստանայ իսկոյն Տռպազը իր մարդիկներով բանակը ղրկելու, որովհետեւ Տռպազ աղայէն առաջ Վան հասնողներն առնուազն 3-4 օր Վան մնալէ վերջ կը մեկնէին: Խեղճ արիւնաթաթախ Դաւիթ զղջացած էր իր բողոքելուն, կարծելով թէ իր պատճառաւ Օսման պէյի եւ Տռպազ աղայի մէջ տեղի ունեցծա բանավէճն իրեն սուղի պիտի նստէր:

Օսման պէյ կուսակալէն վերադառնալով, Տռպազը Դաւիթն եւ քանի մը ոստիկան զինուորներ հետն առած, ուղղակի այն մզկիթին գաւիթը կ՚երթայ՝ ուր իջեւանած էին Տռպազի Քիւրտերը: Այո վերջինները ապշութիւնը կ՚ունենան կարծելու թէ Օսման պէյ իրենց բարի գալստեան շնորհաւորութեան եկած էր:

Կառավարչատունէն մինչեւ Ուլի մզկիթը ճամբան հետաքրքիրներէ բաղկացեալ ահագին խումբ մը կազմուած էր, որուն շարժառիթն էր Դաւիթի արիւնաթաթախ վիճակը:

Օսման պէյի հրամանաւ Քիւրտերն իրենց գոյքերէն կը զատուին եւ Գաւիթին մէկ կողմը կը կենան, ոստիկան զինուորները քիւրտերու պարկերն եւ մախաղներ գետին կը պարպեն, որով Դաւիթի խանութէն կողոպտուած 150զոյգէ աւելի կօշիկները մէջտեղ կ՚ելլեն, ինչպէս նաեւ իրենց մինչեւ Վան հասնիլն ՀԱյոց գիւղերէն եւ Հայերէն ըրած կողոպուտնին:

Դաւիթի կօշիկները զատ զատ պարկերու մէջ լեցնելէ վերջ, ինչպէս նաեւ միւս կողոպուտները, Օսման պէյ խօսքը Դաւիթին ուղղելով կ՚ըսէ. « Ասոնց մէջէն մատնանշէ այն Քիւրտերը, որոնք քու վրայ յարձակեցան եւ վիրաւորեցին»։ Դաւիթ անոնցմէ ինն հոգի կը մատնանշէ:

Օսման պէյ Դաւիթի կօշիկները, ինչպէս նաեւ միւս պարկերն իբր գրաստ ինն քիւրտերուն կռնակը բեռցնել կուտայ, ոստիկաններուն կը պատուիրէ որ կօշիկներն ամբողջովին Դաւիթի խանութը տանին, իսկ միւսները կառավարչատուն եւ ինը Քիւրտերն բանտարկել:

Օսման պէյ խօսքը Տռպազին ուղղելով կ՚ըսէ. «Պարաստուեցէք որ կէս ժամէն ճամբայ պիտի ելլէք դէպի Պայազիտ»:

Տռպազ աղան իբր ցեղապետ մը իր արժանապատուութիւնը վիրաւորուած կ՚զգայ, ու չկարծելով թէ Օսման պէյ լիազօր է, կ՚ըսէ.

«Այսօր վաղը ժամանակ չունինք երթալու եւ ըստ սովորութեան 3-4օր հանգիստ պիտի ընենք քաղաքիս մէջ»։

Օսման պէյ առանց Տռպազին առարկութեան կարեւորութիւն տալու, կ՚ըսէ.

«Վանի մէջ կուսակալէն բարձր պաշտօնեայ չկայ, իրեն հրամանն է որ կը գործադրեմ, եթէ կէս ժամէն ձեր յօժարութեամբ դուրս չելլէք, բռնի կերպով դուրս հանել պիտի տամ ձեզի. այսչափ, ուրիշ ոչինչ»։

Օսման պէյ իր ձիուն վրայ նստած եւ արդէն քանի մը հեծեալ ոստիկանները պատրաստ հրամանի մը կը սպասէին. Տռպազ աղան ուզած չուզած կը համակերպի: Տռպազ աղայի աղերսն ի զո՜ւր էր փափաքելով որ իր ինն մարդիկն ալ իրենց ընկերանան դէպի բանակը:

Օսման պէյ Տռպազին վաշտը առաջքը ձգած մինչեւ Աւանց գիւղ կը տանի: Տռպազի վաշտին կ՚ընկերացնէ հինգ ոստիկաններ, որոնց խստիւ կը պատուիրէ.

Տռպազի վաշտը Վանայ սահմանէն դուրս պէտք է հանեն, առանց ո՛ր եւ իցէ Հայու մը կեանքին եւ ինչքին դպչելու, հակառակ պարալային կարող են իրեն (ալայ պէյին) հաղորդել եղածը: եթէ տրուած հրահանգը ճշդութեամբ չգործադրեն, իրենք պատասխանատու պիտի նկատուին:

Օսման պէյի ընթացքն իր բարերար ազդեցութիւնն ըրած էր, եւ որովհետեւ դէպքն իսկոյն տարաձայնուած էր Քիւրտերուն մէջ, ուստի Տռպազէն վերջ եկող ցեղապետները թէ՛ ճանապարհին բացարձակապէս չէին կողոպտեր եւ թէ քաղաքին մէջ շատ հանդարտ կը մնային. այլ եւս Հայերը Քիւրտերուն գալուն պատառաւ խանութները չէին փակեր:

Ցաւալի է ըսել թէ Օսման պէյ իր տրամադրութեան ներքեւ պէտք եղած ոյժը չունէր: Օսման պէյ գիտեր թէ քաղաքէն դուրս ամէն քայլափոխին ՀԱյոց դիակները գետին փռուած էին, գիտեր որ գեղեցիկ հարսեր ու աղջիկներ կ՚առեւանգուէին եւ շէյխերու ու ցեղապետներուն հարէմները կը ղրկուէին, գիտէր որ գիւղեր, վանքեր եւ եկեղեցիները կողոպուած եւ շատերը մոխրակոյտ դարձած էին: Օսման պէյ այս ամենը ցաւօք սրտի իր մէկ Հայ մտերիմին ըսած էր: Իսկ անդին, հեռո՜ւն, մայրաքաղաքին մէջ գտնուած բռնապետը այս բոլոր տեղեկութիւններն ունենալով, կ՚ուրախանար որ իր նպատակին հասած էր, Հայութեան սիրտն ու վառարան եղող Վասպուրականը աւերակ ու մոխիր դարձած էր եւ Հայերու դիակներն ու արիւնը լեռն ու ձորը լեցուցած էին: Թերեւս բռնապետը կը կարծեր որ մինչեւ աղէտին վերջը Վասպուրականի Հայութեան մէկ մասը բնաջինջ ըլլալով, մաս մ՚ալ մուրացիկ ու թշուառ, այդ բարեբեր երկրին բնակիչները պիտի ըլլային Չէրքէզներն եւ Քիւրտերը: Բռնապետը կը սխալէր:

Օսման պէյի դէպ ի Տռպազ աղան ունեցած ընթացքը Վասպուրականի նշանաւոր Թուրքերու Քիւրտերու եւ նոյն իսկ կառավարական շրջանակին մէջ շատ գէշ ազդեցութիւն ըրած էր: Մեր ըսածները կատարեալ իրողութիւններ են, ոչ թէ գաղտնիք մը: Օսման պէյի վրայ բնաւ ազդեցութիւն ըրած չէր այդ դժգոհութիւնը եւ կարեւորութենէ զուրկ ըլլալը երեւան եկաւ իր մէկ Հայ մտերիմն հետ տեսակցութեան առթիւ.

«Գիտեմ եւ կը տեսնեմ որ անկողմնակալութիւնս եւ արդարասիրութիւնս բնաւ հաճելի չի թուիր Վասպուրականի էշրաֆին, խուժանին եւ Քիւրտ տարրին եւ կը ցաւիմ ըսելու նաեւ կառավարական պաշտօնէից. Ես վախ մը չունիմ, ո՛ւր որ երթամ, ուղղամտութենէս չեմ շեղիր. եթէ երբե՛ք աստիճանազուրկ ալ ըլլամ՝ կրնամ ապրելու միջոց մը ձռք բերել. խղճիս հանդարտութիւնն ամէն բան կ՚արժէ ինձ համար ինչպէս ցարդ հակամարդկային եւ հակաբնական ընթացք մը չունեցայ, ասկէց վերջն ալ չպիտի ունենամ եւ արդարադատութիւնէ չպիտի խուսափիմ, որչափ որ ապրիմ»:

Քիւրտերու ճամբորդութեան վերջն եկած էր այլ եւս, եթէ երբեք շարունակուէր ալ, այլ եւս Հայերն ոչինչ ունէին կորսնցնելու, որովհետեւ բազմաթիւ գիւղեր ամայի ու աւերակ դարձած էին. լեռներու ու ձորերու մէջ Հայոց դիակներ անթաղ մնացած էին, հայրեր իրենց կորուսած զաւակներուն վրայ կ՚ողբային, որբեր իրենց հայրը մայրը կը փնտռէին, կիներ, հարսներ ու աղջիկներ իրենց պատիւն ու կուսութիւնը կ՚ողբային. Հայ գիւղացին թափառական եղած, ձեռքն ի ծոց, տխուր, լալագին, իր երկրի շէն օճախն ու տունը, իր միակ ապրուստի միջոցն եղող դուարն ու ոչխարը կը փնտռէր. իր ընտանիքն ապրեցնող եզն ու գոմէշը, խոփն ու արօրն այլեւս չկա՜յին, հետքն իսկ մնացած չէր:

Թշուար գիւղացիին սիրտն ու զգացումը կարծես խոպանացած էր, իր աղօթքներ ու անէծքները ոյժ չունէին, այդ շուարած վիճակին մէջ ոմանք յուսահատած՝ երանի կուտային անոնց, որոնք Քիւրտի եաթաղանին եւ գնդակին ակ ինկան ու խողխողուեցան եւ ոչ թէ ողջ մնալով այդ տեսակ անհանդուրժելի վիճակի մը ենթարկուեցան:

Աղէտն ընդհանուր էր, Հայ գիւղացիին վիճակը նոյնչափ եւ աւելի ազդած էր Վանայ Հայութեան վրայ. Վանայ առեւտրական եւ արհեստաւոր դասակարգը անսայթաք դէպի անկում սնանկութիւն կը գլորէր. քանի որ Հայ գիւղացին հերկելու, ցանելու եւ շտեմարանը լեցնելու միջոցներէն զրկուած էր, ուրեմն առեւտրականները եւ արհեստաւորները որոնցմէ՞ պիտի սպասէին իրենց օրապահիկն ու շահը:

Ինչպէս Մէհմէտ պէյ իրեն բարիերթ գացողներուն գոռոզ եւ պարծենկոտութեամբ ըսած էր՝ «Օսմ[անեան] դրօշակը Թիֆլիսի փոխարքայի պալատին վրայ ծածանեցնել պիտի տամ»։ Կուսակալ Հասան փաշան ալ իրեն բարիերթ գացողներուն կ՚ըսէր.

«Մինչեւ Երեւան պիտի երթամ»:

Հասան փաշան դէպի Պայազիտի բանտը կ՚երթար, իր բացակայութեան գործերը կը վարէր Աղաբէկեան Մարկոս էֆէնտին: