Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

1882ին Սեւ խաչի Կազմակերպութիւնն որոշած էր Սահմանադրութեան  22րդ Տարեդարձը կատարել Վարագայ վանքին մէջ: Հանդէսին պատրաստութիւնը երկու ամիսէն աւելի տեւեց. որովհետեւ 80ի չափ զինուորական հագուստներ պատրաստուեցան, որոնց կէսը հեծեալ եւ կէսը հետիոտներու կը վերաբերէին իբր ոստիկան զինուորներ: Հեծեալները թափօրին երկու կողմէն պիտի քալէին՝ իբր կարգապահութեան հսկիչնր: Ամենքն ալ գրեթէ զինուորական մարզանքներով վարժուած էին իբր զինուորներ, ունենալով իրենց սպաները, ենթասպաներն եւ տասնապետները:

Վարագայ վանքին պարտէզին մէջ սեղան մը պիտի պատրաստուէր, որուն պիտի մասնակցէին 100է աւելի Հայեր՝ վճարումով:

Կիրակի առաւօտ, ըստ որոշման, Վանայ մէջ գտնուած ինն ընկերութիւններ Արծրունեան, Խորէնեան, եւայլ, իրենց անդամներով եւ դրօշներով պիտի հաւաքուէին Այր Յարոյց եկեղեցիին հրապարակը: Որոշեալ ժամուն կը հասնէին Ընկերութիւնները՝ իրենց դրօշներով եւ ամբողջ անդամներով: Թափօրին առջեւէն կ՚երթային քանի մը սրինդ զարնողներ՝ իբր նուագախումբ, ուրկէ վերջ կուգային հետիոտն զինուորները կամ ոստիկանները՝ իրենց զէնքերով. անկէ վերջ կուգային Ընկերութիւնները խումբ խումբ, իսկ հեծեալ զօրքերը՝ թափօրին չորս կողմէն, նորէն իրենց հրացաններով, ու թափօրը ճամբայ կ՚ելլէր դէպի Վարագայ վանքը՝ իրեն առաջքը պարզելով օսմ[անեան] մեծ դրօշ մը, ուրկէ անիջապէս յետոյ ուրիշ դրօշ մը, որուն վրայ մակագրուած էր Կեցցէ Սահմանադրութիւն: Թափօրը ծանր ծանր, երբեմն նուագելով եւ երբեմն Հայկական երգեր երգելով կը յառաջանար դէպի Վարագ, իրեն շուրջն ունենալով, հարիւրաւոր Հայեր:

Թափօրը Վարագ հասնելէն վերջ, անմիջապէս կը սկսի զօրանցք մը եւ ժողովուրդը միաբերան միշտ կը գոռայ. «Կեցցէ՜ Հայութիւնը. կեցցէ՜ Ազգ[ային] Սահմանադրութիւնը»: Երկու երեք հազար Հայերուն այս միանուագ բացագանչութիւնը օդը կը թնթացնէր: Երկսեռ բազմութեան թիւը անհամեմատ մեր կարծածէն շատ աւելի էր, որովհետեւ Կազմակերպութիւնը մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած էր ժողովուրդին որ Կիրակի Սահմանադրութեան տարեդարձ պիտի կատարուէր:

Թէեւ Հայրիկը հրաւիրուած էր սեղանին նախագահելու, բայց իր բացակայութեան պատճառաւ Երեմիա եպիսկոպոսը նախագահեց: Սահմանադրութեան հիմնադիրներուն համար հոգեհանգիստ մը կատարուելէն վերջ սեղանն սկսաւ: Սեղանին վրայ բաժակաճառեր առաջարկուեցան կաթողիկոսին, Սուլթանին, Պատրիարքին, Խրիմեանին, Կամսարական պէյինն եւ Հայութեան կենաց: Սեղանէն մէկ ժամ  վերջ իսկոյն սկսան ճառախօսութիւնները, բանախօսութիւններն եւ հայկական երգերը, որ տեւեցին մօտաւորապէս երեք ժամ՚Անկէ վերջ սկսան պարերն եւ զօբսանքը: Ըստ որոշման, ժամը ճիշտ . Թ. ) երեկոյեան թափոր մը կազմուելով Խրիմեանց տան առջեւն հասած էր. Խրիմեանին ձօնեալ մասնաւոր երգն երգուելէ եւ «Կեցէ՜ Խրիմեան» ըսելէ վերջ թափօրը մեկնեցաւ: Կոստանդին Կամսարական պէյի տան դիմաց նորէն մասնաւոր երգն եւ «Կեցցէ՜ Կոստանդին Կամսարական պէյ»ը ըսելէ վերջ, այլ եւս թափօրը ցրուեցաւ: Թափօրին մեկնելու պահուն Թուրքերն հետաքրքրուած էին թէ այդ զինուորներուն հագած հագուստներն ո՞ր կառավարութեան հագուստներն են. իրենց կ՚ըսուէր թէ ասոնք բուն Հայկական զինուորական հագուստներ էին: