Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ. ԱՂԱԲԷԳԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Հրդեհին եւ Քիւրտերուն ի գործ դրած աւերումներէն վերջ, Վանայ կառավարութիւն եւ թուրք ժողովուրդը փոխանակ բացուած խրամատին հետքը կորսնցնելու եւ կամ մոռցնելու, ընդհակառակն աւելի խորունկցնելու կը ջանային, եւ իրենց այս զազրելի մտածումներն առանց վարանելու երեւան կը հանէին:

Վանայ շուկան գրեթէ ամբողջովին շինուած էր. հինէն աւելի փառաւոր կերպով, ինչ որ Թուրքերուն զարմանք եւ ցաւ կը պատճառէր:

Հայերն հետզհետէ իրենց առեւտրական նախկին դիրքը գրաւած էին 6-7 տարուան մէջ: Բնականաբար գտնուեցան ցանցառ թիւով Հայեր որոնք հրդեհի պատճառաւ չկրցան իրենց նախկին դիրքը գտնել:

Թուրքերը Հայոց այս զարմանալի յաջողութիւնն ու յառաջդիմութիւնը տեսնելով չէին վարաներ կեղծ ցաւակցութեամբ ու ափսոսանքով մը բացագանչել. շ            «Մենք սխալ ըրինք. փոխանակ շուկան վառելու, ձեզի սուրէ անցնելու էինք, որպէս զի այսօր կրկին նախկին դիրքերնիդ չգտնէինք»։

Ահա երկիր մը որուն Թուրք ժողովուրդը իր զգացումները բացէ ի բաց կը յայտնէր: Վասպուրական ըսել է դժոխքի մը վերածուած էր, ուրեմն իր Հայ ժողովուրդին անզգալ եւ անտարբեր գտնուիլը ոճիր կրնար սեպուիլ. ուրեմն անոր կը մնար գործել ու գործել…:

Շատ բնական էր որ Աղաբէգեան Մարկոս էֆ[էնտի]ի նման անկեղծ հայրենասէր մը իբր պաշտօնեայ Վանայ մէջ պահել՝ Թուրքերուն բնաւ ձեռնատու չէր: Երկրորդ անգամ պատրաստուած հանրագիր մը Պոլիս հասնելէն քանի մը օր վերջ. իր պաշտօնակութեան հեռագիրը Վան հասաւ: Արդէն Աղաբէգեան գիտէր թէ օր մը այդ հեռագիրը պիտի հասնէր. եւ թէ ինքը այլ եւս յասահատած էր նկատելով որ այդ տեսակ դժոխքի մը մէջ դժուար է պաշտօն վարել, որով քանիցս իր մտերիմներուն ըսած էր.

«Եթէ ականատես չըլլայի, դժուար պիտի համոզուէի թէ դուք այս դժոխային կեանքով կ՚ապրիք. դուք գովելի էք որ տոկաք եւ կը տանիք կեանքի այս դառնութիւնները, ինչ որ շատ քիչեր կարող են տանիլ: Ափսո՜ս, շատ կը ցաւիմ որ ո՜ւշ մնացած էք. տարիներ առաջ պէտք էր ձեր քունէն արթնցած ըլլայիք եւ գիտնայիք իբր մարդ ապրելու միջոցներուն վրայ խորհիլ. եթէ օր մը այս երկրէն մեկնիմ ուրախ պիտի ըլլամ գոնէ ըսելու. «Լաւ է ուշ քան երբէք»:

Աղաբէգեանի ողջերթի գացողները բոլորն ալ Հայեր էին՝ բաւական ստուար թիւով. երբ ողջերթի գացողներուն վերջինները կը մնային իբր մտերիմներ, ահա՛ այն ատեն Աղաբէգեան կը սկսի լալ ու կ՚ըսէ: «Չկարծէք թէ պաշտօնանկութեանս համար կուլամ. ո՛չ, լալուս պատճառը ձեր դժոխային կեանքն է, եւ թերեւս ձեզի աւելի սոսկալի կեանք պահուած է... »։ Աղաբէգեան առանց կարենալու իր խօսքն աւարտել, հրաժեշտ կ՚առնէ ու կը մեկնի:

Կազմակերպութիւնն աւելի կորով առաւ երբ գիտցաւ թէ Կարնոյ մէջ զօրաւոր Կազմկերպութիւն մը կայ որ կանոնաւոր կերպով կը գործէ, եւ իսկոյն սկսաւ թղթակցիլ, բայց, ափսո՞ս, որ շատ երկար չը տեւեց եւ մատնութեան գոյժն Վան հասաւ:

Կարնոյ Կազմակերպութիւնը շատ ուշ սկսաւ թղթակցութեան, որովհետեւ Վանայ Կազմակերպութիւնն իրեն ծանօթ չէր: Կազմկերպութիւնն իր մէկ ժողովին մէջ կ՚որոշէ որչափ կարելի է ոյժ տալ ու Վանէն դուրս փնտռել եւ գտնել ուրիշ Կազմկերպութիւններ եւ անոնց հետ կապուիլ կամ թղթակցիլ:

Ահա՛ Եըլտըզի բռնապետը սխալ համոզում գոյացուցած չէր, իր բռնապետութեան առաջին քայլը Վանէն կամ Վասպուրականէն սկսելով. Վասպուրականը ճիշդ էր որ Յեղափոխական Կազմակերպութիւնը սարքողներէն առաջինն եղաւ, եւ թերեւս Յեղափոխութեան համար ալ անդրանիկ զոհըինքը տար:

Բաղէշի Հայերն ուսումնասիրելու համար օրերով հոն մնալու բնաւ պէտք չկար. հետաքրքիր այցելու մը կամ շրջիկ մը շատ հեշտութեամբ կարող էր քանի մը օրէն իրենց ըմբռնումներն հասկնալ եւ հոգեբանութեանց գիտակ ըլլալ: Բաղէշի Հայութիւնն հանրային կարծիքով զբաղելու եւ հետաքրքրուելու բնաւ տրամադրութիւն չունէր, չնայելով որ Վասպուրական իրմէ քանի մը օրուան հեռաւորութիւն ունէր եւ արեան ճապաղիքներուն մէջ կը լողար: Բաղէշի Հայութեան այդ դրութիւնը թէեւ ցաւալի բայց յուսահատական չէր, թերեւս օր մը սթափէր իր խոր քունէն եւ արթնութեան նշան մը տար:

Մուշ եւ Սասուն անհամեմատ շատ բարձր էին իրենց դրացին Բաղէշէն:

Այդ թուականներուն Վասպուրականին բոլորովին բացառիկ դիրք մը պէտք էր տալ եւ կարելի չէր հաւատալ եւ սպասել որ ուրիշ քաղաքներ իրեն համապատասխանէին:

Մուշ իրեն այցելուին քանի մը օրէն վերջ կրնար տալ յոյս մը. որչափ որ կազմկերպութիւն մը չկար Մուշի մէջ, ինչ որ անհրաժեշտ պայման մը չէր, բայց ապագային խոստմնալից ըլլալն ինքնին ակներեւ էր: Անշուշտ յուսահատելու տեղի չկար կարծելու թէ, ինչո՞ւ չէին խորհիր Ս. Կարապետի Վանքին Միաբանութիւնն եւ թէ բոլորովին հակապատկերն էր, վանք մը որուն բազմաթիւ միաբանները պէտք էր գերազանցէին Առաքելոց եւ միւս վանքերը, բայց դժբախտաբար այդ միաբանութիւնը, առանց բացառութեան, երկու ճիւղի բաժնուած էր, Խրիմեան եւ Հակախրիմեան: Այդ երկու կուսակցութիւններն իրենց պայքարն այն աստիճանի հասուցած էին որ այցելու մը իր ականջները գոցելու եւ ժամ առաջ հեռանալու կ՚աճապարէր, պարզապէս նողկալով կղերական դասի այդ ղանգուածէն:

Սասուն իր դիրքով, իր կտրիճ եւ անվախ Հայ բնակիչով. ինքնին հրաշալի տպաւորութիւն մը կը թողուր իր այցելուին վրայ, եւ այդ տպաւորութիւնն ունենալու համար օրերով սպասելու պէտք չկար: Ոտքը Սասունի սահմանագլուխը դնելուն պէս, մինչեւ վերջ ո՛ւր որ երթար, տպաւորութիւնը նոյն կը մնար: Սասուն եթէ գէշ տպաւորութիւն մը պիտի թողուր, ժողովուրդին աղքատութիւնն էր: Բայց ի՞նչ փոյթ այցելուին եւ ի՞նչ յուսահատութիւն, չէ՞ որ զգացումները կարող են աղքատ եւ թշուառ վիճակէ մը դէպի լաւ, դէպի հանգիստ տանիլ, իսկ անզգայութիւնը կարող է հանգստութիւնն եւ հարստութիւնը փճացնել: Ուրեմն, Սասունէն մեկնող մը կրնար բացագանչել. «Երանի քեզ Սասուն, որ լաւ եւ նախանձելի ապագայ մը պահուած է քեզ համար»։

Հայ քահանային մատնութեան Հայ զոհերը դեռ Կարնոյ բանտին մութ անկիւններուն մէջ շղթայակապ կը հեծէին, որոնց վախճանը դեռ անորոշ կը մնար: Հայ բանտարկեալներուն այցելել բացարձակապէս անկարելի էր. միայն սովորական յանցանքներով բանտարկեալներուն կարելի էր այցելել:

Կարնոյ Կազմակերպութեան բանտարկուած Հայ անդամնները դեռ կը պահէին իրենց յանդուգն եւ սէգ դէմքերը. պատրուակով բանտ այցելող մը միայն այս բանը կրնար տեսնել. ուրիշ ոչինչ:

Հայ քահանային այդ զզուելի արարքը, առանց բացառութեան, շատ գէշ ազդած էր Կարնեցւոց վրայ, այնպէս որ, ամէն բերնէն նողկանք եւ նախատինք կը թափէր այդ չքահանային հասցէին: Եթէ իր առած քայլէն միայն քանի մը Հայեր վտանգուէին, այնչափ փոյթ չըլլար թերեւս, բայց ցաւալին այն էր որ այդ մատնութեանը պատճառաւ Կարնոյ Հայութիւնը սմքած էր. քանի որ կառավարական պաշտօնեաներ գիշեր ցորեկ բանտարկելիք կը փնտռէին, որով ամբողջ Կարնեցին կասկածելի դարձած էր յաչս անոնց: Ահա այս տեսակ ցաւալի տպաւորութիւն պիտի կրէր Կարին այցլեող մը:

Վանայ այն խորամանկ եւ կեղծաւոր կուսակալ Հասան փաշան, որ ուխտած էր առանց Խրիմեանն եւ Կոստանդին Կամսարական պէյը Վանէն հեռացնելու ինքը Վանէն չմեկնիլ, պաշտօնանկ եղած Պոնտոսէն շոգենաւ կը նստէր դէպի Պոլիս երթալու, Վանայ մէջ թողլով Խրիմեան եւ Կոստանդին պէյ Կամսարականը:

ՎԵՐՋ Ա. ՄԱՍԻՆ