Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՀԱՅ ՄԱՏՆԻՉՆԵՐ

Աշըգեանի յայտարարութենէն վերջ շատ հեշտութեամբ եւ անկասկած ու պատուաւոր կերպով կարող էի փաշաներէն ներողութիւն լխնդրել ո հեռանալ, ՜ թէ միշտ կրնայի մեկնիլ, քանի որ հսկողութեան ներքեւ չէի. սակայն սիրելի ընկերներուս մահը տեսնելով չափէն աւելի վշտացած էր, եւ վերրջապէս կրնայի մտածել թէ հեռանալս աւելի խոհեմութիւն էր։ Բայց ուրիշ պարագայ մը կար, չէ՞ միոր խղճիս դէմ ուխտած էի ինծի յանձնուած ծրագիրը գործադրել եւ ընկերներուս հանդէպ պատասխանատու չըլլար։ Չէ՞ մի որ այդ պարագան որչափ ալ սուղ արժէր ինձ համար կարեւորութիւն չունէր, քանի որ գիտակցաբար ստանձնած էի այդ դերը եւ մինչեւ վերջը կատարել ջանայի, ուրեմն պէտք էր մինչեւ վերջը աշխատէի եւ ոչ թէ իբր դասալիք խոյս տայի։ Ահա այսպէս կը մտածէի եւ այդ պատճառաւ էր որ չէի ուզեր հեռանալ։

Երեւոյթը դեռ այնչափ կասկածելի չէր. Աշըգեանը պալատ տանելու յոյսեր կ՚երեւէին, եւ ես կը կարծէի որ անպատճառ պիտի կասկածին թէ ես եմ իրենց փնտռած մարդը, զիս ալ պալատ պիտի տանէին Աշըգեանի հետ. որով ինծի յանձնուած պաշտօնը կատարած կ՚ըլլայի արդէն։

Նստած տուներնիս կարծես պաշտօնատուն մը դարձած էր. լրտեսներ իսկ ել ու մուտ կ՚ընէին, որոնցմէ մէկ քանիները կը ճանչնայի ուրիշներու ցուցմունքներով։

Տէրվիշը եւ հրամանատարը կրկին եկան, եւ այս անգամ քիչ մը անհանգիստ կ՚երեւէին. այդ անհանգստութեան եւ վրդովման պատճառը՝ ճառը կարդացողը չգտնելնին էր։

Նորէն նոյն նկարագրութիւնը. բայց Աշըգեան իրենց ըսած էր թէ ես եմ եղեր իրեն կեանքը մահուընէ ազատողը։ Տէրվիշին քանի մը խօսքերէն այնպէս կ՚ենթադրուէր որ Աշըգեանը Պալատ տանելու պէտք չպիտի ըլլայ, այլ միշտ կը պնդէին թէ այդ օրը պէտք է չպիտի ըլլայ, այլ միշտ կը պիդէին թէ այդ օրը պէտք է ճառը կարդացողը գտնել։

Ժամերը կը սահէին, բազմութիւնը դեռ բոլորովին ցրուած չէր. գործին վախճանին կ՚սպասէին։ Սրտիս մէջ քաղցր յիշատակները ելեւէջ կ՚ընէին երբ կը տեսնէի Անպարճեանն Աչըգպաշեանը, որոնք իբր հանդիսատեսներ եւ հետաքրքիրներ՝ բազմութեան մէջ ժուռ կ՚ուգային. ակնարկներով շատ բաներ կը հասկնայինք եւ կը հասկցնէինք իրարու։

Տէրվիշին մտադրութիւնն ուրիշ կերպով կը պարզուէր մտքիս մէջ. Աշըգեանը Պալատ չտանիլ եւ միայն զիս փնտռել. յոգնած ուղեղովս այն եզրակացութեան եկայ թէ հոս մնալէս եւ կամ հեռանալէս ո՞րը աւելի տրամաբանական է եւ հեռանալը զիս պատասխանատուութեան չե՞նթարկեր։ Այս մտածումներով կ՚օրօրուէի, եւ ուզեցի սենեակէն դուրս ելլել եւ ժուռ գալ տան միւս մասերուն մէջ կամ նոյն իսկ դուրսը։ Սենեակէն դուրս ելլելէս վերջ, դէմս եկաւ մեր ընկերներէն բարապան…ը եւ կամացուկ մը ինծի հասկցուց որ, զիս ճանչնալու համար Տ. Սուքիաս քահանան պիի բերեն։ Իսկոյն ատրճանակս ուզեցի, որ կառքէն իջնելէ վերջ իրեն տուած էի որ պահէ։ Մենք այս խօսակցութիւննիս դեռ չաւարտած, սանդուխէն վեր կ՚ելլէր Տ. Սուքիաս քահանան։ Բարապանը սենեակին դրան քովը քաշուեցւ եւ ես իր ետեւի անկիւնը նստայ, որպէս զի Տ. Սուքիաս զիս չտեսնէ։

Տ. Սուքիասին կը հետեւէին այն լրտեսները որոնք քանի մը անգամ եկած ու մեկնած էին։ Տ. Սուքիաս սենեակը մտնելէն վերջ, իսկոյն լրտեսները կանգ առան եւ դարձան ինծի նայեցան։ Տ. Սուքիաս զիս մատնանիշ ըրած էր, թէ փնտռածնին ես եմ։

Լրտեսները բարապանը մէկ կողմ առին եւ ես անտարբեր կերպով նստած կը ծխէի։

Էֆէնտի՛, քիչ մը վեր կը հրամմէ՞ք։

Ինչո՞ւ, վերը ի՞նչ կայ, ըսի։

Մէկը կայ որ պիտի գայ ձեզի հետ խօսելու։

Ո՞վ ըլլալը կրնա՞մ հասկնալ ըսի։

Վերջէն պիտի հասկնաք անշուշտ։

Դիմադրութիւնս զո՜ւր էր…

Վերի սենեակը ո՛չ ոք կար. դիմացը պարտէզին վրայ նայող պատշգամբ մը կար, սենեակին պատուհանէն ընկերներուս հասկցուցի թէ ձերբակալուած եմ, եւ պատշգամբին կողմը գալու նշան տուի իրենց։ Պատշգամբէն կարելի էր պարտէզ իջնել եւ պարտէզին փոքրիկ դռնէն ետեւի խուլ փողոցը ելնել։ Դիտաւորութիւնս ընկերներուս հասկցուցի եւ իրենք ըսին թէ պատրաստ են դիւրութիւններ տալու։

Պատշգամբը շատ բարձր էր եւ ներքեւը քարէ սալայատակ, ցատկելը վտանգաւոր էր։ Կը պատրաստուէի մէջքիս գօտին քակել չուանին կցել եւ շուտով վար իջնել։ Ընկերներէս քանիները դռնակին քով կ՚սպամէին. յանկարծ սանդուխէն ոտքի ձայներ լսեցի. իսկոյն առանց շշուկի սենեակն անցայ։ Հայ երիտասարդ մը եկաւ եւ աճապարանօք ըսաւ.

Խաչիկը ինչ որ ըսէ մի պատասխաներ։

Դաժանադէմ քօմիսէր Հիւսնիին կ՚ընկերանար Խաչիկ փաստաբանը եւ քանի մը ոստիկաններ։

Խաչիկ փաստաբանը եւ քանի մը ոստիկաններ։

Խաչիկ ինծի հարցուց.

Անունդ ի՞նչ է։

……

Կարնեցի՞ ես, ըսելով սկսաւ ժպտիլ։

Խաչիկի շնական ժպտումը հեգնանգ էր Կարնոյ ցոյցին. իսկոյն ոտքի ելայ եւ քովիս աթոռ առնելով ուզեցի գլխուն իջեցնել։ Հիւսնին եւ ոստիկանները միջամտեցին։ Հիւսնին զիս հանդարտեցնելու համար նորէն տեղս նստեցուց, ուրկէ արդէն կրնայի տեսնել պատշգամբը, որ իրենց մեկնելէն վերջ իսկոյն գործի պիտի սկսէի։ Հիւսնին ուզեց անունս հասկնալ եւ ես իրեն ըսի չոր շեշտով մը.

Եթէ այս մարդը հարցաքննիչ չէր, ինչո՞ւ անունս եւ ո՞ւրտեղացի ըլլալս կ՚ուզէր հասկնալ իսկ եթէ երբեք ես ձերբակալեալ մ՚եմ, կարծեմ հոս հարցաքննութեան սենեակ չէ։

Շատ իրաւունք ունիք այդպէս ըսելու, ըսաւ Հիւսնին, եւ գլխով Խաչիկին նշան ըրաւ որ մեկնին։

Խաչիկ՝ Հիւսնին առաջնորդեց պատշգամբը, ցոյց տուաւ կախուած չուանը եւ պարտէզին դռնակը, եւ հասկցուց թէ կրնամ փախչիլ։ Հիւսնին ինքզինքին գալու պէս սկսաւ մտածել եւ գլխով հաւանութեան նշան ըրաւ։ Ոստիկաններէն մէկը պատշգամը թուղուց եւ երկուքը նստած սենեակիս դրան քով։ Հիւսնին վրաս խուզարկել տուաւ, ոչինչ չկար։ Շատ կը ցաւէի որովհետեւ Խաչիկի ցուցմունքով փախչելուս յոյսը փճացած էր։

Հիւսնին ոստիկաններուն պատուիրեց որ զիս պատուհանին քով չը նստեցնեն. մի գուցէ ինքզինքս պատուհանէն վար նետեմ, իր ըրած այս կարգադրութիւնը տեսնելով ըսի.

Շատ կը սխալիս, ես քու կարծած Հայերէն չեմ, ի՛նչպէս մէկը ըլլալս վերջը պիտի իմանաս։

Շատ ճիշդ է այդ խօսքդ. հինգ հարիւր տարուն Պոլիսը այսպիսի աբն մը տեսած չէր, եւ չէինք կարծեր որ ձեզի պէս մէկը գտնուի որ ասանկ Ազիզ օր մը ամբողջ Պոլիս տակնուվրայ ընէ, (զիս պատուհանին առջեւ տանելով) տե՛ս այս վիճակը, տե՛ս այս ի՞նչ է, պատերազմի դա՞շտ է։

Չեմ զարմանար՝ ձեր թուրք պաշտօնեաներուն խելքերն իրարմէ չեն տարբերիր բնաւ. միթէ չէ՞ք գիտէր թէ Հայերուն պահանջն ի՛նչ է։ Թող չընէիք ու չգտնէիք, եւ եթէ նորէն շարունակէք, ասկէ աւելի վատթարն պիտի տեսնէք։

Քանի մը խօսքեր մռլտաց եւ դուրս ելաւ։ Նստած սենեկիս պատուհանէն ընկերներուս հասկցուցի թէ փախչելու յոյս չկայ այլեւս եւ հսկողութեան տակ եմ։

Հեռագիրներն անընդհատ կը շարունակուէին, որով վայրկեանէ վայրկեան նորութիւններ երեւան ելելու կ՚սպասուէր։

Ստացուած հեռագիրէ մը վերջ անմիջապէս կառք մը պատրաստուեցաւ դրան առջեւ, ես կը կարծէի թէ Աշըգեանի հետ պալատ պիտի երթանք։

Յիսնապետը զիս առաջնորդեց Աշըգեանի նստած սենեակը։ Սենեակին մէջ այնչափ բազմութիւն լեցուած էր որ հազիւ յիսնապետին հետ կենալու տեղ մը գտնուեցաւ մեզ համար։ Սենեակէն ներս մտածիս պէս Աշըգեանի դէմքն աչքիս զարկաւ։ Աշըգեան բոլոր ուշադրութիւնը լարած, եւ ինչպէս կ’ըսեն, աչքերը չորս բացած, կարծես ինծի կ’սպասէր։ Սենեակին մէջ խորին լռութիւն մը կը տիրէր, ամբողջի ուշադրութիւնը դէպի ինձ դարձած էր, ուստի սկսան կարգաւ խօսիլ եւ մատնանշել։

Տաճատ Վրդ. ըսաւ. այս է որուն ճակատն համբուրեցի Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ եւ իր ընկերը ըսաւ որ ճառ կարդացաղը, թուղրան եւ պատկերը կոտրողը այս է։

Սուքիաս քահանան ըսաւ. այս էր ճառ կարդացողը, որուն ձեռքէն յափշտակեցի եւ չթողուցի որ կարդար։

Աշըգեան ըսաւ. այս է ճառը կարդացողը եւ վերջէն ինծի սպառնացողը որ զինքը Պալատ տանիմ եւ Նորին Վեհափառութեան ներկայացնեմ։

Սիմէոն Եպիսկոպոս ըսաւ. այս էր որ Բաթրիգ էֆէնտին սպաննել կ’ուզէր եւ զիս եկեղեցիին մէջ գետին գլորելով դէպի Պատրիարքարան գնաց։

Լուսարար Յովհաննէս ըսաւ. այս էր ճառ կարդացողն եւ ինքզինքն մեռած ձեւացնելով, նորէն ոտքի ելաւ եւ դէպի Պատրիարքարան գնաց։

Տէրվիշ փաշա ուզեց որ  խօսիմ, իսկ ես մատիս շարժումով մերժեցի։

Ես չէի ուզեր խօսիլ, որովհետեւ կը մտածէ թէ Պատրիարք մը, Եպիսկոպոս մը, Վարդապետ մը, Քահանայ մը, որ Հայկական այդ ճգնաժամին մէջ մատնութիւնն եւ դաւաճանութիւնն իրենց համար պարծանք մը եւ դէպի բռնապետ կառավարութեան մը ծառայութիւն ընել կը համարէին, մինչ անդին Հայաստանի մէջ գտնուող թշուառ ժողովուրդ մը իր վիճակին բարեփոխման եւ ազատութեան յոյսն ասոնց վրայ դրած է. վա˜խ ողբալի Հայ ժողովուրդ, մինչեւ ե՞րբ…։

Հարիւրապետ մը եւ յիսնապետ մը Հիւսնիին հետ սանդուխէն վար իջեցուցին զիս եւ դրան առջեւ կեցող կառքին մէջ դրին։