Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԱՆՑԵԱԼԸ ՆԵՐԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՆ

Գիշերը լուսնկայ էր։ Զիս Աքեա տանելու հսկողութիւնը յանձնած էին ոստիկան զօրաց հարիւրապետ Իսմայիլ էֆէնտիին։ (Նշանաւոր աւազակապետ եւ ոճրագործ Էտհէմ փէհլիվանը ձերբակալողը)։

Խորհեցայ գլխուս ցաւի պատրուակաւ Իսմայիլ էֆէնտիէն հրաման եռնել, քիչ մը «ամպար»էն դուրս ելլել, շոգենաւի կամուրջին կամ ցռուկին մօտերը նստիլ, նպատակիս անգամ մ’ալ Պոլիսը տեսնել էր, որ քանի մը ժամէն պիտի աներեւութանար։

Իսմայիլ էֆ[էնտի]ն քանի մը վայրկեան մտածելէ վերջ ըսաւ.

Ո՞րչափ ժամանակէ որ այդ գլխի ցաւն ունիս. բժիշկները ի՞նչ ըսին. դեղ չտուի՞ն։

Շոգենաւ մտնելէս վերջ ունեցայ. ինչպէս կ’երեւի շոգենաւէն է։

Արդէն ես ալ քիչ մը վեր ելլելու մտադիր էի. ելլենք քիչ մը վերը նստինք։

Երեք ոստիկան-զինուորներ հետերնիս առած վեր ելանք. երեսս դէպի Պոլիս դարձուցած ուղղակի Գում Գաբու կը նայէի։

Մախսուսէի Ալի Փաշա շոգենաւը պայծառ լուսնին տակ եւ մեղմ ու հանդարտ ծովուն վրայ դանդաղաբար իր ճամբան կը շարունակէր։

Պայծառ լուսին ու հանդարտ ծովը ինձ յիշեցուցին վեցուկէս տարուան անցեալը որ Պոնտոսէն մինչեւ Պոլիս փուռն փոթորիկներով եւ սաստիկ ալէկոծութիւններով ու թանձր մշուշով մը շոգենաւնիս խարսխած էր Սալը Բազարի առջեւ։ Իսկ վեց տարի վերջ այդ օրը անցեալին բոլորովին հակապատկերն ըլլալով մեղմ ու հանդարտ կերպով դէպ ի Աքեա կ’երթայինք։

Աչքերս դէպ ի Պոլիս յառած լռիկ մնջիկ ծխելով դէմս կը պատկերանար կարծես բոլոր սրտակից եւ սիրելի ընկերներս որոնք Պոլիս թողած էի, եւ կարծէի թէ ընկերներս ինծի կ’ուղարկէին իրենց ընկերական հրաժեշտները եւ փոխադրաձաբար ես ալ անոնց իմ վերջին հրաժեշտս։

Այս տխուր մտածմանցս մէջ յիշեցի Մայր եկեղեցին եւ Պատրիարքարանը, որոնց դէմ նստած լուռ ու մունջ կը դիտէի, որ բոլորովին հակապատկերն էր երկու ամիս առաջ տեղի ունեցածին։ Կը խորհէի թէ երկու ամիս առաջ ուրախ զուարթ, գոռուն գոչուն՝ ընկերներով շրջապատուած էի եւ անոնց օժանդակութեանց եւ անձնուիրութեանց վստահելով կը յուսայի նպատակիս հասնիլ՝ այսինքն ընկերներուս կողմէ իբր պատիւ ինձ յանձնուած պաշտօնը ի գլուխ հանել եւ առ սիրելի ազգս եւ հայրենիքս ունեցած անհատական պարտականութիւնս կատարելէ վերջ հանդարտ խղճով վերջնականապէս աչքերս փակել... ։ Յանկարծ բուռն սարսուռ մը զգացի, երբ ա՜խ հառաչէ մը վերջ շուրջս նայեցայ եւ ոստիկան-զինուրներն ու Նաթուրեանը տեսայ. ա՜խ ի՜նչ սոսկալի հակապատկեր անցեալին ու ներկային միջեւ։ Միտքս նորէն սեւեռեցաւ դէպ ի անցեալը. բնական էր որ այդպէս ալ պիտի ըլլար, քանի որ այդ անցեալի քաղցր եւ տխուր ընկերական յիշատակները այնչափ ամուր գամուած էին սրտիս կեդրոնը որ ոչ միայն մահունաս մուրճը կարող էր այդ յիշատակները փշրել ու ոչնչացնել, ոչ թէ բռնապետութիւն, բանտ ու աքսոր։

Կը խորհէի թէ անցեալին մէջ դրութիւնս երբեմն զուգընթաց եղած է բնութեան, ինչպէս նաեւ ներկան։ Չէ՞ որ փորձով տեսած էի այդ անցեալը, եւ ներկան արդէն շօշափելու իսկ պէտք չկար։ Ուրեմն այլեւս բնութեան չհաւատալս եւ չդաւանիլս պարզապէս տգիտութեանս պէտք էր վերագրէի։ Ի՞նչ կ’արժէր այլեւս թերահաւատութիւնս, չէ՞ որ կենդանի օրինակը մէջտեղն էր։

Պոնտոսէն մինչեւ Պոլիս մեզի պատահած փոթորիկն ու ալեկոծութիւնը, եւ Վոսփոր մտնելէն մինչեւ քարափ տարածած թանձր մշուշը սրտիս կը նմանէին, որովհետեւ շոգենաւ նստած միջոցիս սրտիս մէջ ալ ելեւէջներ կային, սիրտս տարակոյսներու մէջ թաղուած էր. յուսալից եւ անյոյս հովերէ կը տատանէր եւ անորոշութեան սոսկալի փոթորիկէն բռնուած էր. ուրեմն սրտիս եւ շոգենաւին վիճակը բնաւ իրարմէ չէին տարբերեր, երկուքին վիճակն ալ իրար կը համապատասխանէին։

Իսկ գալով Վոսփորի մշուշին, շոգենաւէն հինգ քայլ հեռու ոչինչ չէինք տեսներ եւ շոգենաւն յամր յամր կ’երթար ու նաւապետը արկածի երկիւղէն բռնուած՝ խարխաբելով շոգենաւն առաջ կը տանէր. չէ՞ որ սիրտս ալ նոյն վիճակին մէջ էր։ Չէ՞ որ ինչ որ կը յուսայի գտնել Պոլսոյ մէջ՝ նեցուկ մը եւ միջոց մը, այդ բոլորն ինծի համար թանձր մշուշով մը պատանքուած էին, եւ ես ստիպեալ էի շատ զգոյշ ու խոհեմ եւ հեռատեսութեամբ խարխաբելով մօտենալ այն անձնաւորութեանց՝ որոնցմէ կը յուսայի գտնել իտէալիս իրականացումը, չէ՞ որ պզտիկ անզգուշութիւն մը, անխոհեմութիւնը մը եւ սխալ քայլ մը զիս ահագին արկածի մը պիտի ենթարկէր եւ ամբողջ իղձս ու նպատակս խորտակուելով օդը պիտի ցնդէր։ Ուրեմն այս պարագային ալ վիճակս բաղդատելով շոգենաւին եւ նաւապետին դրութեան հետ, բնաւ տարբերութիւն չկար։ Ըսել է անցեալիս մասին ըրած բաղդատութիւններս շատ ճիշդ էին, ուրեմն կը մնար ներկան։

Ներկայի մասին պէտք չէի զգար մտածել իսկ. արարածներու ամենէն դժբախտն էի այլ եւս, քանի որ նպատակիս չհասած զիս կը տանէին հոն, որ ինծի անծանօթ եւ խորթ էր. միայն սա որոշ էր որ կաշկանդուած էի եւ համակերպած այն վճիռին, որմէ կախուած էր կորուստս։ Եթէ երբեք ապագայիս համար կեղծ յոյսեր մը տածէի, նորէն ի զո՜ւր, քանի որ դեռ երէկ Աքեայէն վերադարձած խուլ Սատըգի եւ ուրիշ մէկ քանիներու թէ՛ անվերապահութեամբ եւ թէ բացակայութեանս բացագանչութեամբ եւ խուլ կերպով արտասանած ցաւակցախառն խօսքերը լսած էի։

«Շատ կը ցաւիմ ձեր երիտասարդութեանը, աւելի լաւ է ճամբան ինքզինքդ ծով նետես ու խեղդուիս քան թէ Աքեա աքսոր երթաս ու բանտարկուիս։

Աքեա երթալ գերեզման երթալ կը նշանակէ, աւելի լաւ է որ մէկը կախաղանի վրայ իր շունչը փչէ, քանի թէ ազատուելու եւ ապրելու յոյսով Աքեա երթայ»։

Դեռ ասոնց նման կարգ մը խօսքերը լսելէ վերջը չէի գիտեր թէ ինչո՞ւ ապագաս որոշ կերպով աչքիս առջեւ չէի պատկերացներ. արդեօք մանկութենէս ի վեր ունեցած յատկութիւնս, թէ «յուսահատութիւնը վատութւին է». զիս կը մղէր լսածներուս կարեւորութիւն չտալ եւ հաւատք չընծայել, եւ որոշած էի այդ համոզմանս կառչած մնալ ցկեանս. ըսել է ապրելու յոյսս էր որ ինծի կը ներշնչէր անգոսնել եւ արհամարհել ջուրի նման վճիտ եւ հայելիի նման պայծառ երեւցող այդ վտանգն եւ անոր սոսկումն իսպառ վանել ինձմէ, եւ կարծես այս բոլորին արդիւնքն էր որ ինձ մտածել կուտար եւ ինքզինքս կը յուսադրէի ըսելով. թէպէտ ծովը հանդարտ օդը մեղմ եւ ճանապարհն անվտանգ է դեռ, բայց եթէ երբեք ասկէ վերջ շոգենաւնիս ծովերու կատաղի ալիքներու եւ մրրկալից փոթորիկներու ենթարկուելով ու իր ղեկը կորսնցնելէ վերջ ժայռերու բաղխելով խորտակի, թերեւս նորէն բախտս ինձ ժպտի. լասթակի մը փաթտուելով ինքզինքս ցամաք ձգեմ ազատուիմ եւ նոր կեանք մը ապրիմ։ Թերեւս Աքեայի սոսկալի վիճակը ինծի պարզողներն եւ իմ հոն երթալուս համար ցաւակցութիւն յայտնողներն ներքին մտածումներուս թափանձելով ծիծաղելի գտնէին այս մտածումներս. նորէն ինծի ի՞նչ փոյթ. ես դարձեալ չպիտի յուսահատէի եւ ապագաս վարդագոյն պիտի տեսնէի, քանի որ յոյսի մը կառչած էի, քանի որ ապրիլ կուզէի... ։

Երբ ոստիկանները զիս քունէս արթնցուցին, այլ եւս Պոլիս չէր երեւնար. քովս կեցած էր Իսմայիլ էֆէնտին, որ ըսաւ.

Անշուշտ գլխուդ ցաւը անցաւ որ մրափել սկսար. վար երթանք քնանանք։

Շնորհակալութիւնը յայտնելով վար իջանք քնացանք։

* * *

Ոստիկանները լուր տուին թէ Միտիլլի կ’երեւայ. ուրեմն իմ սիրելի ընկերս Նազարէթը պիտի բաժնուէր մեզմէ. բնական էր որ շատ յանձնարարութիւններ ընէինք իրարու եւ զիրար խրախուսէինք եւ այնչափ ալ տխուր չէինք։ Յանկարծ ոստիկան-զինուորներէն մէկը երկաթէ ձեռնակապ մը առնելով մեզի մօտեցաւ. չգիտէինք թէ որո՞ւ համար. ինծի համար էր. իսկոյն դարձայ Իսմայիլ էֆ[էնտի]ի երես նայեցայ եւ ինքը ինծի մօտենալով ըսաւ.

Կեդրոնէն ինծի տրուած հրահանգն է որ կը գործադրեմ։

Ըսել է այն «օճախ»էն ուրկէ կը բղխի անիրաւութիւն եւ բռնապետութիւն ըսի, եւ երկու ձեռքերս դէպ ի երկաթէ ձեռնակապը պարզեցի։

Նազարէթ իսկոյն ձեռքերուս վրայ ծռեցաւ ամբուրելու եւ իր արտասուքները ձեռնակապիս վրայ թափելու, Նազարէթի գլուխը վեր առի եւ ըսի.

Արտասուքներդ մեղք են որ բռնապետութեան համար կը թափես. պահէ այդ արտասուքներդ կռուոյ դաշտին վրայ նահատակուած ընկերներուդ շիրիմները թրջէ, եւ ծնկաչոք ուխտէ որ արտասուքներուդ հետ լուծես նաեւ իրենց վրէժները։

Ես Նազարէթի վրայ այդ հաւատքն ունէի եւ ենթադրութիւն չէին ըսածներս։ Աւելորդ է ըսել թէ մեր իրարմէ բաժնուելու եւ վերջին հրաժեշտնիս տալու տասարանը շատ յուզիչ եղաւ, որով Իսմայիլ էֆէնտին եւ ոստիկաններէն մէկ քանիներ իսկ յուզուեցան բաց ի Նաթուրեանէն։

Նազարէթ 15 տարուան բերդարգելութեան դատապարտուած էր, բայց հազիւ թէ 3 տարի Միտիլլի մնաց, իր ճարպիկութեամբ փախաւ եւ արտասահման գնաց։

Եւ որովհետեւ ինքը կռուի համար ստեղծուած զինուոր մ’էր, իսկոյն քանի մը ընկերներ գտած անոնց պարագլուխ եղած եւ իսկոյն դէպի Վան երթալ որոշած էր ուր իրենց ներկայութեան պէտք կար. դեռ Վան չհասած Պօղազքէսէն գիւղին մօտ քիւրտերուն հետ կռուի կը բռնուին. թէեւ քանի մը Քիւրտեր դիապաստ կ’իյնան, բայց վերջ ի վերջոյ Նազարէթը եւ իր ընկերները կը նահատակուին այդ դաշտին վրայ, իրենցմէ անհամեմատ բիրտ ոյժի մը կողմէ։

Անշուշտ միայն ընկերական համբոյրները չէին կրնար մեր հրաժեշտը նուիրագործել. պէտք էր անպարէն դուրս ելնէի մինչեւ որ Նազարէթը ցամաք տանող մակոյկն աներեւութանար, վերջին հրաժեշտները փոխանակէինք։

Արդէն միւս բանտարկեալները բոլորն ալ վեր ելած էին. միայն ես անպարը մնացած էի Իսմայիլ էֆէնտիին եւ երեք ոստիկաններուն հետ։

Կը պատրաստուէի ես ալ վեր ելլելու, բայց Իսմայիլ էֆէնտին ըսաւ.

Ի՞նչ կայ, եւ պէտք ալ չկայ վեր ելլելու, մինչեւ որ դուք վեր ելլեք արդէն մակոյկը մեկնած կ’ըլլայ։

Իսմայիլ էֆ[էնտի]ի այս խօսքերուն նպատակաւոր ըլլալը իմացայ եւ դարձայ իրեն ըսի.

Ըսել է շոգենաւին մէջ գտնուող բանտարկեալներուն արգիլ արգիլուած չէ, այլ միայն ինծի։

Իսմայիլ էֆ[էնտի] ըսածիս չպատասխանեց. ըսել է իր լռութիւնը ըսածս կը հաստատէր։

Իսմայիլ էֆ[էնտի] զիս իր քով կանչեց եւ Նաթուրեանէն չը լսուելու աստիճան ցած ձայնով ըսաւ, որովհետեւ շղթայի երկարութիւնը գրեթէ 8 մէթրոյն չափ էր.

Ձեռքերուդ ձեռնակապ դնելու հրահանգը Պոլիսէն տրուած է, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստները հասած միջոցնիս քեզ անպարէն դուրս չհանել եւ որչափ ատեն որ շոգենաւը նաւահանգիստ մնայ լաւ հսկել քու վրայ։

Այդպէս ընելուդ պատճառը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

Գուցէ այդ նաւահանգիստները կեցած միջոցնիս քեզ փախցնեն, ըսաւ քմծիծաղով մը։

Միտիլլիէն գօմիսէր մը եւ պաշտօնեայ մը անպար իջան եւ ուղղակի մեր քով գալով խօսքերնին Իսմայիլ էֆէնտիին ուղղելով ըսին.

Արթին էֆէնտի Ճանկիւլեանը ո՞րն է։

Իսմայիլ էֆէնտին ինծի ցոյց տուաւ։

Ոստիկանապետը գրպանէն հեռագիր մը հանելով կարդաց եւ դիմագիծս եւ այլն բաղդատութեան դնելէ եւ կրկին իսկութիւնս ստուգելէ վերջ մեկնեցան։

* * *

Իզմիրին կը մօտենայինք, բայց ես նորէն չպիտի փորձէի անպարէն դուրս ելլել. նորէն ոստիկան գօմիսէր մը եւ երկու պաշտօնեաներ եկան զատ զատ ձեռքերնին ունեցած հեռագիրները կարդալով, զիս գրուածին հետ բաղդատելէ եւ իսկութիւնս հաստատելէ վերջ մեկնեցան, բայց մեկնելէ առաջ Իսմայիլ էֆէնտիին ականջին քանի մը խօսքեր փսրտացին եւ անիկա հաւանութեան նշան տուաւ։ Ամէն մէկ նաւահանգիստ հանդիպած միջոցնիս, պաշտօնեաները կուգային միշտ եւ զիս լաւ մը դիտելէ եւ անունս մականունս հարցնելէ վերջ կը մեկնէին եւ այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ Աքեա, վերջէն իմացայ որ այդ հեռագիրները Պոլսէն տրուած էին իմ նկարագրութիւնս ընելով, եւ հրահանգած էին իսկոյն Պոլիս հեռագրել թէ՝ այդ նաւահանգիստն հասած եւ մեկնա՞ծ եմ։

Հետզհետէ մեր հայերն իրենց որոշեալ վայրերուն նաւահանգիստները թողլով մեր ճանբան կը շարունակէինք։ Երեք չորս նաւահանգիստ հանդիպելէ վերջ Իսմայիլ էֆէնտին այլեւս երկաթէ ձեռնկապներ ձեռքս անցունել չտուաւ եւ թէ նաւահանգիստ հանդիպած միջոցնիս զիս իր հետ առնելով ամպարէն դուրս կը հանէր եւ շոգենաւին մէջ մէկ մեկուսացեալ տեղ մը կը նստէինք 3-4 ոստիկաններով։ Իսմայիլ էֆ[էնտի]ն ըսել է զիս նկարագրուածին պէս չըլլալուս համոզում գոյացուցած էր։ Վերջապէս 13րդ օրն Սեպտ. 26ին երբ կամրջակին վրայ նստած կը խօսակցէինք, Իսմայիլ էֆէնտին ինծի ցոյց տուաւ Աքեան։ Պարսպապատ փոքրիկ քաղաք մը կ’երեւէր։ Աքեան հարիւրապետին ծանօթ էր, ցոյց տուաւ զօրանոցն ու ասոր ներքեւն է բանտը ըսաւ, որուն մէկ պատը ծովուն մէջ է։ Նաւահանգիստը եւ պարիսպներուն վրայ ահագին բազմութիւն լեցուած էր. ինչպէս կ’երեւէր նախապէս ամէն մէկը իր տեղը գրաւած էր. այդ բազմութիւնը տեսնելով հարիւրապետին ըսի։

Ինչպէս կ՚երեւի, այսօր այս քաղաքին տօնավաճառն ըլլալու է եւ կամ տարօրինակ բան մը պատահած է, որ ամէն կարգի այսչափ բազմութիւն հոս խռնուած է։

Հարիւրապետը քմծիծաղով մը պատասխանեց.

Տարօրինակ չէ, եւ ոչ ալ տօնավաճառ, ասոնք բոլորն ալ եկած եւ պատրաստուած են ձեզ տեսնելու։

Հարիւարպետին ըսածը կատակ կարծեցի։

Հիմա պիտի տեսնես. չե՞ս տեսներ ոստիկանութիւնն եւ պաշտօնեաները ինչպէս կեցեր կ’սպասեն, որովհետւ Պէյրութէն իրենց հեռագրուած է թէ այս ժամուն հոս Աքեա պիտի հասնինք։