Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ. ՓԱԽՉԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Մենք Այնպէս կը կարծենք թէ շատերու ծանօթ չէ բանտը, բանտային կեանքը եւ բանտարկեալներու վիճակը։ Բանտը փորձառութեան դպրոց է, գոնէ ես այնպէս համոզուած եմ։ Ամէն անոնք որ գոնէ 3-4 տարի իրենց ծննդավայրէն քանի մը օր հեռու գտնուած բանտի մէջ մնացած չեն, մարդկային կեանքը լաւ ուսումնասիրած չեն կրնար ըլլալ։ Դէպքեր կրնան պատմուիլ, որոնք պարզ առասպելներ եւ հանելուկներ կրնան նկատուիլ, իսկ երբ մէկը բանտարկուի՝ այն ատեն կը համոզուի թէ անոնք իրողութիւններ են, եւ թէ այդ չարիքներու եւ ոճիրներու հեղինակները բանտի մէջ իր քով կը գտնուին, որովհետեւ այլեւս ծածկելու պէտք չեն զգար, քանի որ իրենց այդ արարքին պատճառաւ մահուան կամ ցկեանս դատապարտուած են։ Ո՞վ կը յանդգնի ըսել որ այդ տեսակ ոճրագործներու երեսն անգամ չուզեր տեսնել, բայց ընդհակառակն անոնք իր ամէնօրեայ ընկերներն եղած են, անոնց հետ պիտի ապրի երկա՜ր տարիներ, պժգանք ու սոսկում այլեւս ոչինչ չեն արժեր, պէտք է համակերպիլ. եւ աւելի ցաւալին այն է որ իր մէկ սառն վերաբերմունքը պատճառ կ’ըլլայ որ զոհ երթայ այդպիսիներուն։ Ոճիրներու եւ չարագործութեանց այն տեսակները կան որ մարդ բնաւ չուզեր հաւատալ, բայց իրողութիւն են, եւ անոնց հեղինակները իրեն բանտակից եղած են. ամենէն փափուկ կողմը եւ նրբամտութիւնն հոն է որ այդպիսիներուն հետ վարուիլ պէտք է, եթէ ոչ. սխալ քայլ մը, եւ ահա ամէն ինչ վերջացած է այլեւս անդառնալի կերպով։

Կարծեմ բանտին մէջ պատահածներէն միայն դէպք մը յիշելը բաւական է։ Ինչպէս ուրիշ բանտերը, նմանապէս Աքեայի բանտին մէջ կը գտնուէին բանտարկեալներ որ ամբողջ բանտին մէջ եւ թէ կառավարութեան ու պաշտօնէից առջեւ նշանաւոր հանդիսացած էին ու միշտ կը յարգուէին։

Երբ Աքեա հասայ, ինծի ներկայացուցին Բանայօթ Գաբտան անունով 65 տարեկան մարդ մը, որ 15 տարի աւազակապետութիւն ըրած եւ Թուրք կառավարութիւնն ամբողջ 10-11 տարի զինքը հետապնդած եւ հազիւ ձեռք անցուցած էր։ Ցկեանս դատապարտուած էր, եւ 17 տարի էր Աքեայի բանտը կը գտնուէր։

Բանայօթ Գաբտանի ճարպիկութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ մանաւանդ այդ վիճակին մէջ դեռ գործելու եւ իր արհեստը շարունակելու փափաքը այդ տարիքին մէջ, զինքը յարգել կուտային բանտին մէջ. եւ անխտիր ամէն բանտարկեալ որ անոր պատմութիւնները կը լսէր, կը հիանար եւ այդ չքաւոր վիճակին մէջ անոր կ’օգնէր։

Աքեայի մէջ գտայ նախկին յիսնապէս Մահմուտ պէյը, որ 15 տարուան դատապարտուած էր։ Այդ ալ նշանաւոր էր բանտին մէջ եւ կը յարգուէր թէ՛ բանտարկեալներէն եւ թէ պաշտօնեաներէն. այս երկուքէն ուրիշ նշանաւոր չկային բանտին մէջ։ Աքեայ հասնելէս վերջ զիս ալ անոնց կարգն անցուցին, քանի որ ըրած գործս եւ դէպքը ինքնին զիս այն աստիճանին հասցնելու յարմար դատած էին։

Պոլսէն Աքեա աքսորուեցաւ չափազանց գիրուկ հարիւրապետ Նուրի պէյը 15 տարուան դատապարտուած։ Նուրի պէյը. ինչպէս կ’երեւէր, նախապէս ծանօթ էր բանտի կենցաղին։ Աքեա հասնելէն վերջ սկիզբէն ինքզինքը այնպիսի դրութեան մը մէջ դնել տուաւ որ իսկոյն նշանաւոր դիրք մը ստացաւ եւ քիչ օրէն ու հետզհետէ Մահմուտ պէյի նշանաւորութիւնը սկսաւ անհետանալ։ Նուրի պէյը իսկոյն եւեթ Սալէհ անունով բանտարկեալ մը քովը առաւ իբր ծառայ, եւ Ալիշ անունով Առնաւուտ մը իբր թիկնապահ կարծես, բան մը որ մահմուտ պէյ չունէր։ Նուրի պէյի համար կ’ըսուէր թէ բաւական դրամ ունի իր քով։ Մահմուտ պէյ չունէր եւ իրեն համար Պոլսէն ղրկուած ամսական երեք ոսկիով կ’ապրէր։ Նուրի պէյ Աքեայի մէջ գտնուող իրեն նախկին պաշտօնակիցներն ունէր, որոնք անմիջապէս եկան զինքը պաշարեցին եւ շաբաթը քանի մը անգամ իրեն կ’այցելէին անպատճառ։ Նուրի պէյ քանի մը ամիս նմալէ վերջ՝ 100 ոսկիի դրամագլուխով բանտարկեալներէն Էլիասի հետ ընկերացաւ եւ սկսաւ զամբիւղի գործ ընել, ինչ որ ես կ’ընէի Սէլիմի հետ։ Նուրի պէյը Քէօթահեացի էր, եւ ինչպէս կ’երեւէր իր ընթացքէն, Գապատայի կամ պըչգըն դասակարգի մարդոցմէ մէկն էր. իսկ Մահմուտ պէյ Պոլսեցի էր եւ Նուրի պէյէն քիչ մը աւելի թէ՛ զարգացեալ եւ թէ Արաբերէն լեզուն լաւ մը սովրած էր։ Բնական էր որ Նուրի պէյն ալ մեր սենեակը պառկեցնէին իբր պատուաւոր եւ նշանաւոր անձ մը։ Նուրի պէյի այդ աստիճանին հասնիլը բնաւ իմ ունեցած դիրքիս չվնասեց եւ մենք մինչեւ վերջ իրարու հետ իբր բարեկամ ապրեցանք։

Պոլսէն բանտարկեալ մը եկաւ «Հաճի Մահմուտ պէյ» անունով, ինքը Չէրքէս էր. գրեթէ իր երիտասարդ հասակէն Եըլտըզ տարուած էր, քանի որ իր քոյրն Ապտ-իւլ-Համիտի հարճերէն մէկն էր, եւ այդ պատճառաւ ինքը հազարապետի եւ Համիտի թիկնապահութեան աստիճանին հասծ էր։ Չգիտցուեցաւ թէ ի՞նչ պատճառաւ Համիտ զինքը պաշտօնազուրկ ըրած եւ ցկեանս շղթայակիր բանտարկութեան դատապարտելով Աքեա ղրկել տուած էր։

Հաճի Մահմուտ պէյ գերազանցօրէն շատ բարձր էր Մահմուտ եւ Նուրի պէյերէն, իր ունեցած դաստիարակութեամբ. 40 տարեկանը անցած կ’երեւէր եւ ինքնին յայտնի էր որ ժամանակին շատ գեղեցիկ եղած էր, որուն նշանը դեռ կը մնար իր դէքին վրայ։ Քանի որ Հաճի Մահմուտ պէյ Սուլթանին թիկնապահ եղած նախկին հազարապետ մ’էր, եւ մանաւանդ կ’ըսէին որ մօտաւորապէս 6-700 ոսկի դրամ ունի իր քով, բնական էր որ Հաճի Մահմուտ պէյի անկողինը մեր սենեակը պատրաստէին. եւ այնպէս ալ ըրին, ճիշդ իմ անկողինիս դիմացը։ Հաճի Մահմուտ պէյ իսկոյն բանտարկեալներէն ծառայ մը առաւ իր քով՝ «Պզտիկ Սալէ» անունով։ Հաճի Մահմուտ պէյ չուզեց ինքն առանձին կերակուր պատրաստել տալ, ինչպէս կ’ընէր Նուրի պէյ, այլ ուզեց Նուրի պէյի սեղանակից ըլլալ եւ թէ արդէն Րամազանն ալ վրայ հասած էր։ Հաճի Մահմուտ պէյը ինչպէս կ’երեւէր շատ բարեսիրտ անձ մ’էր. սակաւ աղքատ ու թշուառ բանտարկելոց ձեռքի տակէ ողորմութիւն տալ, գրեթէ առանց կրօնքի խտրութեան։

Է՛հ, բաւական էր որ Հաճի Մահմուտ պէյի այդ ողորմութիւն տալը տարածուեցաւ բանտին եւ կառավարական շրջանին մէջ. արդէն ինքը սկիզբէն նշանաւոր հանդիսացած էր բանտին մէջ եւ Նուրի պէյի նշանաւորութեան շուքը սկսած էր նսեմանալ. այս ողորմութիւն տալու խնդիրը, եւ իր վեհանձնութիւնը, նիստն ու կացը բոլորովին զինք նշանաւոր հանդիսացուցին։ Այդ Րամազանի օրերը այնպիսի սեղան մը պատրաստել կուտար որուն օրական ծախքը 30-35 ղրուշ կ’ըլլար։ Աքեայի նման տեղ մը չորս մարդու համար օրական 35 ղրուշ ծախսել շատ մեծ բան էր, որովհետեւ Աքեայի մէջ ամէն ինչ անհաւատալի կերպով աժան էր. ոչխարի մը գլուխը 1-2 ղրուշ էր զոր կը խաշէինք ջուրն առնելու համար. առանց ոսկորի միսին օխան 6-7 ղրուշ էր. ասոնց հետ բաղդատմամբ իւղ եւն. խիստ աժան։ Դամասկոսի կարկանդակին օխան 5-6 ղրուշ, իսկ նարինջներու եւ լեմոնի խօսքն ընել չարժեր, որոնք հատը 2-3 փարա էր։ Սեղանէն աւելցածներն արդէն քանի մը աղքատ բանտարկեալներ կը կշտացնէին։

Հետզհետէ Նուրի պէյի դժգոհութեան եւ բամբասանքի ձայները սկսան ականջնուս հասնիլ, որմէ կրնայինք որոշ կերպով հասկնալ թէ Նուիրի պէյ հաճի Մահմուտ պէյի մասին մեզի այդ տեսակ խօսքեր ըսելը կամ զայն ծաղրելը՝ կը նշանակէր թէ իր նախանձն է եւ մանաւանդ իր դիրքին կորուստն է շարժառիթը։ Իսկ հաճի Մահմուտ պէյ բոլորովին միամիտ, պարզ, անհեռատես եւ անփորձ կը շարունակէր մնալ Նուրի պէյի հետ սեղանակից եւ բարեկամը։ Ինչպէս կ’երեւէր, հաճի Մահմուտ պէյ որ իր երիտասարդ հասակէն հալատին մէջ փափուկ մեծցած եւ անհոգ ապրած էր, չէր գիտէ» թէ Եըլտըզէն դուրս գտնուած երկրին կեանքն ի՞նչ է, եւ մանաւանդ հետաքրքրուած չէր թերեւս, եւ աւելորդ նկատուած էր բանտի կեանքով քիչ մը հետաքրքրուելէ վերջ Աքեա գալ, որովհետեւ ինք կը յուսար թէ իր քոյրը շուտով իրեն ներել պիտի տայ եւ Աքեայի բանտէն պիտի ազատէ։

Հաճի Մահմուտ պէյ այնչափ միամիտ եւ անհեռատես անձ մ’էր որ իր ունեցած դրամները իր կաշեպատ ճամատանին մէջ դրած էր եւ նոյն իսկ Պզտիկ Սալիհը այդ դրամները տեսած էր։ Արդէն մեր սենեակին մէջ եղած անկողինները 16-18էն աւելի չէին։ Սովորութիւն ըրած էին Թուրքերը եւ քարիւղի թիթեղով կրակարան մը վրայ ջուր կը տաքացնէին եւ ճէմիշին մէջ բաղնիքի պէս կը լուացուէին։ Կէս օրէն վերջ յանկարծ տեսանք որ, երկու Սալիհները մեր սենեակին մէջ գտնուած անկողինները մէկ կողմ հաւաքելով, սկսած էին ամբողջ սենեակն աւլել ու մաքրել եւ թէ ճէմիշին մէջ այնչափ փայտ լեցուցած կը վառէին որ, ծուխն ամբողջ սենեակը լեցուած էր, ինչպէս նաեւ մեր անկողիններուն տակէն բարձրացած փոշիները. որչափ որ բանական կը նկատէինք երկու Սալիհներուն ըրած մաքրութիւնը, բայց այդչափ ծուխ լեցնելը, որով մեզմէ եւ ոչ մէկը չպիտի ուզեր սենեակէն ներս մտնել, քիչ մը տարօրինակ կը թուէր մեզի, եւ այդ իսկ պատճառաւ էր երկու Մալիհները գործին կատակի գոյն կուտային եւ մեզի կ’ըսէին. Քարանթինայի թիւթսիւ կուտանք։ Սալիհները իրենց այդ կատակներով չէին կրնար մեր ուշադրութիւնը վրիպեցնել եւ մենք մեր միտքերը կը չարչրկէինք այդ խորհրդաւոր գործին օր առաջ թափանցելու։ Մեր միտքերը հանդարտեցան երեք օր վերջ երբ հաճի Մահմուտ պէյը զիս առանձին իր քով կանչելով ըսաւ արտասուախառն.

Արըին էֆ[էնտի] «ճամատան»իս մէջ ունեցած ամբողջ դրամներս գողցուած են.

Ո՞րչափ դրամ կար մէջը։

Ամբողջ 430 ոսկի։

Ե՞րբ գողցուած են։

Չեմ գիտեր. երբ համա բացի դրամ առնելու, տեսայ որ դրամ չկայ չորս օր առաջ բացի երկու ոսկի առի։

Ձեզմէ զատ ուրիշ ո՞վ գիտէր դրամներուդ «ճամատան»ին մէջ ըլլալը։

Միայն Սալիհը գիտէր։

Ուրո՞ւ վրայ կը կասկածիք եւ թէ «ճամատան»ին կղպանքը կոտրա՞ծ են։

Բնական է որ Սալիհի վրայ կը կասկածիմ եւ թէ կղպանքը կոտրած չեն։ Եւ հաճի Մահմուտ պէյ սկսաւ լալ ու ըսել. «Քանի մը օր առաջ խորհեցայ քեզի տալ որ սնտուկիտ մէջ պահես կամ դուրս գտնուած բարեկամներուդ ղրկես որ պահեն. երանի թէ տուած ըլլայի եւ այս դժբախտութիւնը չպատահէր ինծի, ասկէց վերջ ի՞նչպէս ապրիմ»։

Սկսայ մխիթարել հաճի Մահմուտ պէյը բայց չէի կրնար դրական բան մը ըսել. իսկոյն հասկցայ որ սենեակը մաքրած օրը գողցած են, եւ չորրորդ օրն էր որ հաճի Մահմուտ պէյ կ’իմանար։ Այլեւս ուշ էր. դրամները ճամբայ ելած եւ բանտէն գացած էին... ։ Երբ հաճի Մահմուտ պէչ ուզեց կարծիքս առնել, ըսի.

Եթէ երբէք ճիշտ գողցուած օրը իմանայինք կարելի էր բան մը ընել, իսկ քանի որ կ’ենթադրուի թէ երեք օր առաջ գողցուած է, ուրեմն շատ ուշ է. բնական է որ հազարապետին պիտի բողոքէք, տեսնենք ի՞նչ պիտի ըսէ։

Արդէն հաճի Մահմուտ պէյ դեռ հազարապետին չգացած եւ երբ տակաւին կը խօսէինք, նոյն պահուն երկու Սալիհները սենեակէն ներս մտան կռահելով թէ անպատճառ դրամի մասին կը խօսէինք։

Հազարապետը ըսած էր ցաւ ի սիրտ.

Այլեւս ուշ է. եթէ ճիշտ օրին իմացնէինք, կարելի էր խուզարկելով բան մը երեւան հանել. հիմակուան խուզարկութիւնը բնաւ օգուտ մը չունի, դրամները կամ թաղուած ենեւ կամ ձեռքէ ձեռք անցնելով ո՛վ գիտէ հիմա ո՞ւր են. եթէ կ’ուզէք Սալիհին պէտք եղածն ընել տամ, թերեւս խոստովանի, բայց բնաւ չեմ յուսար։

Հազարապետին ըսածները շատ ճիշտ էին. այլեւս օգուտ չունէր եւ հազարապետը կարող չէր այդ դրամներն այլեւս գտնել։ Հաճի Մահմուտ պէյ ինձմէ վերջ խնդիրը կը պարզէ Նուրի պէյի եւ անիկա իրեն կ’ըսէ.

Երանի թէ ճիշտ ժամանակին ըսէիք. անմիջապէս կարող էինք գտնել. քանի որ մեր սենեակին դուռը միշտ բացէ, ո՛վ գիտէ որո՞նք գողցած են։

Հետեւեալ օրը լուրը այլեւս տարածուեցաւ բանտին մէջ։ Ամէն ոք Մահմուտ պէյի դրամներուն վրայ կը խօսէր։

Մեզի համար գաղտնիքը պարզուած էր. ծուխ ու փոշի հանած օրը երկու Սալիհները միանալով գողցած էին եւ այդ գողութեան ծրագիրը կազմած պիտի ըլլար Նուրի պէյը, եւ դրամներու մէկ մասը բանտին մէջ էր եւ մէկ մասը դուրս ելած էր բանտէն։ Նուրի պէյը ստակները գողցնել տալուն նպատակը այն էր որ հաճի Մահմուտ պէյի քով դրամ չմնար եւ քիչ ատենէն բանտարկելները յուսախաբ ըլլային որոնք կարծած էին թէ հաճի Մահմուտ պէյը շատ հարուստ է։ Չէ՞ որ հաճի Մահմուտ պէյը շատ հարուստ է։ Չէ՞ որ հաճի Մահմուտ պէյի թշուառանալով Նուրի պէյը նորէն իր դիրքին պիտի տիրանար։ Բայց կարծիքները եւ ենթադրութիւնները բոլորովին հակառակ արդիւնք տուին։

Նուրի պէյ եւ երկու Սալիհները սկսան բանտին մէջ զրոյց տարածել թէ հաճի Մահմուտ պէյի դրամները սպառեցան եւ գողութեան խնդիր մը մէջտեղ հանեց իր չքաւորութիւնը ծածկելու համար։

Հաճի Մահմուտ պէյ իր կրած կսկիծին շատ չկրցաւ դիմանալ. երեք օրէն վերջը այլեւս չկրցաւ անկողնէն ելլել։ Մեռնելէն մէկ օր առաջ ինծի կ’ըսէր.

«Եթէ քրոջմէս դրամ ուզեմ պիտի ղրկէ, բայց պիտի ըսէ ինծի թէ՛ որչափ ապուշ եմ եղեր որ այդչափ դրամները մէկէն գողցնել տուած եմ։ Գոնէ 100 ոսկիի չափ թողնէին նորէն բաւական ժամանակ անով կ’ապրէի. վստահ էի որ քոյրս ինծի ազատել պիտի տար. հիմա ամօթէն մեռնելէն ի զատ ուրիշ միջոց չկայ ինծի համար»։

Մխիթարութիւններս ո՛ եւ է օգուտ չէին ունենար. Հաճի մահմուտ պէյի վիճակն հետզհետէ կը ծանրանար։ Խեղճ հաճի Մահմուտ պէյ միշտ «դրամնե՛րս, դրամնե՛րս» ըսելով կը տառապէր եւ նոյնիսկ վերջի վայրկեանին «Ա՛խ դրամնե՛րս» ըսելով հոգին աւանդեց։

Հաճի Մահմուտ պէյի մահը, բացի Նուրի պէյէն եւ երկու Սալիհէն ու Նուրի պէյի մէկ քանի բարեկամներէն, թէ՛ կառավարական շրջանակին եւ թէ բանտարկելոց վրայ շատ գէշ տպաւորութիւն ըրաւ։ Նուրի պէյ ի՛նչ որ կ’երազէր, բոլորովին հակառակը տեղի ունեցաւ։

Հաճի Մահմուտ պէյի մահը չափազանց վարկաբեկ ըրաւ Նուրի պէյը. թէ՛ կառավարական շրջանակները, թէ բանտարկեալները եւ նոյնիսկ դուրս գտնուած բարեկամներն այլեւս բոլորովին երես դարձուցին իրմէ, որովհետեւ ամենքն ալ համոզուած էին թէ այդ գողութիւնը կատարուած էր իր հրահանգով եւ շատ որոշ նպատակաւ։ Նուրի պէյ նախատանաց եւ անպատուութեան այլեւս չկարողացաւ տոկալ, այնպէս որ օրէ օր սկսաւ նիհարնալ. մտածելով սկսաւ իր ընչացքները բերանն առնել ծամել եւ փետտել։

Սալիհը երբ տեսաւ որ ամէն ոք իրմէ երես դարցուց եւ իրեն հետ բառ մը իսկ չեն փոխանակեր. գիշեր ցորեկ մտածելով, յանկարծ քանի մը շաբաթ վերջ հիւանդութենէ մը բռնուեցաւ եւ իսկոյն մեռաւ։ Գրեթէ նոյն վիճակին ենթարկուեցաւ նաեւ Պզտիկ Սալիհը, թէեւ իր պատիժին պայմանաժամը լրանալը վրայ եկաւ եւ բանտէն ազատուեցաւ, բայց երկար ապրելու եւ այդ հիւանդութենէն ազատելու յոյս չկար։ Նուրի պէյ վաղուց զղջացած էր, բայց ի՞նչ օգուտ, այլեւս ուշ էր։ Ժամանակին արդէն Հաճի Մահմուտ պէյ մտացած էր որ Նուրի պէյի դրամները գրեթէ սպառած է եւ առաջարկած էր որ իր ունեցած դրամները գործին մէջ դնէ եւ անոր շահով միասին ապրին։ Նուրի պէյ չէր ընդունած, չէ՞ մի որ եթէ այդ բանը ընէր, նորէն ամէն ոք պիտի գիտնար թէ դրամներն Հաճի Մահմուտ պէյին էին, եւ Հաճի Մահմուտ պէյ դարձեալ իր դիրքին վրայ պիտի մնար։ Անշուշտ գողցուած դրամին մէկ հողին տակ թաղուած մնաց եւ մէկ մասն ալ Նուրի պէյի դուրսը գտնուած բարկեամներուն քով. այդ բարեկամներն ոչ թէ դրամը վերադարձնել, այլ նոյնիսկ դէպքը տեղի ունենալէն քանի մը օր վերջ այլեւս չուզեցին իրենց այցելել, քանի որ եղածն իրենց վրայ շատ գէշ ազդած էր։ Նուրի պէյ թաղուած դրամները դէր կարող դուրս հանել ու ծախսել, որովհետեւ ամէն ոք պիտի եիտնար թէ գողցուած դրամն է որ կը ծախսէ։

Հաճի Մահմուտ պէյի մահը համեմատաբար աւելի հանգիստ եղած էր քան թէ Նուրի պէյին. որովհետեւ Նուրի պէյ մտածելով մտածելով թոքախտաւոր դարձաւ եւ բաւական երկար ատեն տառապելով շատ չքաւոր եւ թշուառ վիճակի մէջ մեռաւ։

Ահա թէ անհեռատեսութիւն մը եւ սխալ մը ինչ տեսակ տռամի մը պատճառ եղաւ։

Մշեցի Գասպարը եւ Սայատը Գահիրէ գտնուող իրենց բարեկամ Տ. Մամբրէ քահանայէն խնդրուած էին որ իրենց օգնէ, քանի որ շատ թշուառ են Աքեայի բանտին մէջ. դրամները իրենց ձեռքը հասնելու ապահով միջոցը իմ հասցէս տուած էին, առանց իմ գիտութեանս։ Նամակնին Գահիրէ հասած էր եւ Տ. Մամբրէն հինգ անգղիական ոսկի ղրկած էր, Մամբրէի նամակը ինծի տուին (ոչ տ. Մամբրէն եւ ոչ ալ իր ձեռագիրը ինձ ծանօթ էին) որուն մէջ կ’ըսուէր. «Ըստ ձեր խնդրանաց 5 անգղիական ոսկի յանձնեցի բոստային ձեր ցոյց տուած Ճանկիւլեան էֆ[էնտի]ի հասցէին որ ձեզի պիտի յանձնէ»։

Շատ ուրախ եղայ որ այդ խեղճերը որոնցմէ Սայատն ալ հիւանդ էր, հինգ ոսկի պիտի ստանային եւ բաւական ատեն պիտի ապրէին այդ դրամով։

Դրամը դեռ եկած չէր եւ շատ անգամներ արդէն կը պատահէր որ դրամները նամակէն բաւական ուշ կուգային։

Օրէ օր այդ խեղճերը կ’սպասէին դրամին։ Օրերը շաբաթներ եղան եւ վերջապէս երկու ամիսը լրացաւ եւ դրամները դեռ չեկան։ Իրենց խորհուրդ տուին կրկին գրել։

Գրած նամակներնուն պատասխանը առին 11 օրէն, որուն մէջ կ’ըսէր թէ «5 ոսկին ժամանակին ղրկուած է, փնտռեցէք»։ Նամակատունէն փնտռել տուինք դրամները թէ մի՞ գուցէ սխալ մը գործուած ըլլայ։ Ինչ որ կ’սպասէինք ան պատասխանուեցաւ մեզի։ «Անկարելի է որ այդ տեսակ սխալ մը ըլլայ, մանաւանդ որ դրամները Ճանկիւլեանի հասցէին եկած են եւ ուրիշ Ճանկիւլեան չկայ Աքեայի մէջ»։ Կզպէն եւ Սայատը խնդիրը դուրսը իրենց բերդարգել հայրենակիցներուն իմացնելով, յանձնարարած էին որ անձամբ երթան նամակատուն փնտռեն. նորէն ի զուր, դրամը եկած չէր։ Կզպէի եւ Սայատի միտքերը կը թունաւորեն եւ հաւտացնել կուտան՝ իբր թէ հինգ ոսկին եկած եւ ես իւրացուցած եմ։ Երբ Կզպէի եւ Սայատի կողմէն այդ տեսակ զրոյց մը ականջս հասաւ, իսկոյն զիրենք կանչեցի եւ քանի մը նշանաւոր բանտարկեալներու ներկայութեան ըսի իրենց վճռական կերպով.

«Անգամ մ’ալ գրեցէք քահանային, եթէ երբեք ստուգուի որ ես ժամանակին ձեր դրամները առած պահած եմ այն ատեն ես ձեզի պիտի վճարեմ ոչ թէ 5 այլ 25 ոսկի»։ Այս խոստումիս վրայ սկսեցին գլխիկոր մտածել եւ ես իսկոյն նամակ մը գրեցի իրենց ստորագրութեամբ եւ անմիջապէս նամակատուն ղրկել տուի կրկնակի ապահովագրեալ։

Նորէն նամակին պատասխանը նոյնը եղաւ թէ «ղրկած եմ». եւ նոյն գիրը եւ նոյն ստորագրութիւնը։ Սաստիկ յուզուեցայ նամակը մէկդի շպրդեցի, ատամներս կրճտելով սկսայ քահանային հասցէին անլուր հայհոյութիւններ տեղալ. ես բնաւ մեղադրելի չէի, որովհետեւ այդ քահանան ուղղակի իմ պատւոյս հետ կը խաղար։

Թելադրած էին Կզպէին եւ Սայատին որ հազարապետին բողոքեն, սենեակէն ներս մտած միջոցիս հազարապետը գլուխ երերցնելով ըսաւ.

Կը յիշե՞ս, ես քեզի քանիցս ըսած եմ թէ քոյ պատուհասներդ որո՞նք են. ըսածս ճիշտ չէ՞։

Այո՛ լաւ կը յիշեմ, բայց չեմ գիտեր թէ մինչեւ ե՞րբ այսպէս։

Հազարապետը խնդիրը ինծի պարզեց Կզպէի եւ Սայատի ներկայութեան եւ ես ըսի.

Պէ՛յ էֆէնտի, նամակատունը հոս է. դուք կարող էք նոյնիսկ ձեր ուզած մէկու մը միջոցաւ նամակատունէն տեղեկանալ թէ Աքեա գտնուելէս ի վեր Գահիրէէն ոչ թէ հինգ ոսկի, այլ ո՛ եւ իցէ գումար իմ հասցէիս եկա՞ծ է։ Իսկ գալով աւելի դրական միջոցին, հեռագրի բոլոր ծախքերն իսկ այս վայրկեանիս պիտի վճարեմ իսկոյն հեռագրով պաշտօնապէս եւ ստիպողական կերպով դուք Գահիրէի նամակատունէն հարցուցէք թէ Աքեա գալէս ի վեր ո եւ իցէ գումար մը ղրկուա՞ծ է ինծի։ Ասկէց ի զատ ես ուրիշ դրական միջոց մը չեմ կրնար գտնել այս անիրաւի զրպարտութենէն ազատուելու համար, պարագայ մը որ ուղղակի պատւոյս հետ խաղալ է, ուրիշ ոչինչ։

Հազարապետը դարձաւ Կզպէին եւ Սայատին ըսաւ.

«Տեսա՞ք, լսեցի՞ք, ըսած խօսքերը. անպատճառ այդ քահանան ձեզի խաբած է գլխէն տէֆ ընելու համար։ Չէ՞ որ Արթին աղան դեռ քովս չեկած ես ձեզի ըսի թէ չեմ յուսար որ Արթին աղան ձեզի այդպէս բան մը ընէ։ Դուք կը կարծէք թէ ես տեղեկութիւն չե՞մ ունենար որ Արթին աղան երբեմն երբեմն ձեզի նիւթապէս կ’օգնէ»։

Կզպէն եւ Սայատ համակերպեցան ու դուրս ելան։

Կզպէն եւ Սայատը ընդհանուր ներումին ազատուելէն վերջ ուղղակի Գահիրէ կ’երթան։ Տ. Մամբրէն իրենց անցեալը կը պրպտէ եւ կ’ըսէ թէ ինչո՞ւ այլեւս ուրիշ դրամ չեն ուզած իրմէն։ Կզպէն ու Սայատ խնդիրը մանրամասնութեամբ կը պարզեն եւ եղելութիւնը հետեւեալը կ’ըլլայ.

Տ. Մամբրէ վստահութիւն կ’ունենայ Ե. Թ. ի վրայ։ Հինգ անգլ. ոսկին կուտայ եւ կը յանձնարարէ որ ինքը՝ Տ. Մամբրէի ստորագրութեամբ նամակ մը կը գրէ Կզպէին եւ Սայատին եւ հինգ ոսկին բօսթայով իմ հասցէիս ղրկէ Կզպէին եւ Սայատին յանձնելու համար։

Ե. Թ. գիտէ եղեր որ Կզպէն ու Սայատ գրել կարդալ չեն գիտեր. քանի մը օր վերջ շինծու նամակ մը կուտայ Տ. Մամբրէին որով Կզպէն ու Սայատ շնորհակալութիւն կը յայտնեն 5 ոսկին ստանալնուն համար, եւ որովհետեւ Տ. Մամբրէն այնչափ վստահութիւն ունի եղեր Ե. Թ. ի վրայ որ նամակատուն պատուիրած է իր հասցէին եկած նամակները Ե. Թ. ին յանձնեն, ուստի Աքեայէն Կզպէի եւ Սայատի նամակները կ’առնէ եղեր եւ ուզածին պէս կը պատասխանէ եղեր. մինչդեռ մենք Աքեա կը կարծէինք որ պատասխանողը Տ. Մամբէն է, եւ նամակը իր ձեռագիրն է։

Տ. Մամբրէ երբ Կզպէէն ու Սայատէն այդ տեղեկութիւնները կը լսէ եւ կը տեսնէ որ մասամբ իրենց ընթցքով զիս անպատուած են Աքեայի մէջ, շատ կը յուզուի եւ կը ցաւի եղածին, եւ իսկոյն եւեթ Ե. Թ. ն բերել տալով չափէն աւելի կը նախատէ եւ կ’անարգէ, բայց ինչ օգուտ, եղածը եղած էր, եւ այլեւս շատ ուշ էր։

Ահա այս ալ բանտային կեանքիս տաժանելի մէկ դրուագն էր զոր կրեցի բաւական սրտմաշուքներով, պարագայ մը ուր եւ ոչ մէկը կրնար երեւակայել թէ կը գտնուին այդ կարգի արարածներ որ նոյնիսկ իրենց բոլորովին անծանօթ անհատներու պատւոյն հետ կը խաղան, իրենց բախտախնդրութեամբ եւ խաչագողութիւնով։

* * *

Բանտարկեալ մը երբ բանտի սեմէն ներս մտնէ, այդ վայրկենէն կ’սկսի փախչելու ծրագիրներ շինել եւ անոնց գործադրութեան վրայ մտածել գիշեր ու ցորեկ. խնդիրը հոն է եւ աւելի ճարպիկութիւնը այն է որ չյաջողած միջոցին չվտանգուի եւ թէ փառքի ու պատուոյ կ’արժանանայ երբ իր պատրաստած ծրագիրներ գերազանցեն մինչեւ այդ օր գործադրուած ծրագիրներէն, որովհետեւ այդպիսիներու անունը եւ ծրագիրը միշտ պիտի յիշուի։

Ես ալ իմ կարգիս սկսած էի ծրագիրներ կազմել՝ փախչելու համար, բայց թէ՛ լաւ չէին եւ թէ յաջողելու յոյս չկար։

Բանտին նորոգութեան եւ կոյուղիներու շինութեան ատեն հասարակ գործաւորներն աղքատ բանտարկեալներն էին, որ օրական 2-3 ղրուշի կ’աշխատէին. գործաւորներուն մէջ կը գտնուէր՝ միջահասակ եւ նիհար 30-32 տարեկան Եանի անուն Յոյն մը, որ քանի մը տարի խումբի մը գլուխ անցած Րումէլիի մէջ աւազակութիւն ըրած էր. ձերբակալուած եւ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր եւ չորս տարիէ ի վեր Աքեա կը գտնուէր։ Եանին վստահ ըլլալով որ Արմենակ իմ խօսքս չէր մերժեր, ինծի եկաւ եւ խընդրեց, կեանքն ինծի պիտի պարտի եթէ երբեմն չմերժեմ իր առաջարկը։ Բնականաբար պիտի հետաքրքրուէի լսել։ Ինքն Արեւմենակի սենեակը կը կենար. ինձմէ կը խնդրէր որ Արմենակին պատուիրեմ որ գիշեր մը իրեն օգնէ, որովհետեւ կ’ուզէր բանտին փախչիլ։ Սիրով յանձն առի եւ ըսի թէ՝ ես ալ փախչելու դիտաւորութիւն ունիմ. եթէ կարելի է միասին փախչինք, ինչպէս նաեւ Արմենակը։ Ինքն երբ լրջօրէն ըսաւ թէ, անկարելի է որ իրմէ զատ ուրիշ մէկը յաջողի փախչիլ, այլեւս չպնդեցի. Արմենակը տեսայ որ սիրով յանձն առաւ պէտք եղածն ընել։

Արմենակի հետ շատ մտածեցինք եւ իրենց (միջին) սենեակին դիրքը նկատի ունենալով անկարելի գտանք այդ սենեակէն փախչելու միջոցը։ Գիշերը ամէն երկու ժամը անգամ մը ներսի պահապան ոստիկանները կը փոխուէին. փոխուած միջոցին յաջորդ պահապանը կը համրէր բանտարկեալները եւ ամբողջը իրեն յանձնուելու պարագային գռնէն դուրս կեցող պահապանը տասնապետին լուր կուտար թէ ամբողջ է։

Ժամը երեքին միջոցները Արմենակ կամացուկ մը կ’երթայ Եանիի հագուստները եւ բարձը անկողնոյն մէջ կը դնէ եւ վերմակը այնպէս ձեւով մը վրան կը քաշէ որ յաջորդ պահապանը իբր Եանին համրելով ստանձնէ, քանի որ պահապանները միշտ չեն պտտիր բանտին մէջ, Արմենակ ահա այդ ատեն գործի կը սկսի։ Եանիի դիմացի կարգը Արաբ Կարումը արթուն կ’ըլլայ եւ մաշլախին տակէն կը դիտէ Արմենակի ըրածը։ Կարումը կը խորհի պահապանին լուր տալ. հա՞պա եթէ պահապանը վերջէն ըսէր թէ լրատուն Կարումն է, չէ՞ որ Արմենակ կամ Եանին զինքը օր մը չէ օր մը անպատճառ պիտի սպանէին բանտին մէջ։

Արմենակ իր գործը լրացնէլէ վերջ իր անկողինին մէջ կը պառկի եւ քնանալ կը ձեւացնէ, իսկ Եանին արդէն վաղուց ճէմիշ գացած էր. իբր նշան իր հին շապիկէն մէկը ճէմիշը կը թողու եւ անոր ծակէն կոյուղիին մէջ կը մտնէ ու կ’երթայ, բանտին «մնաս բարով» ըսելով։

Ժամը չորսին պահապանութիւնը պիտի ստանձնէ եղեր ոստիկան Թունին. Թունին Եանիի անկողնոյն մէջ եղածը Եանին կարծելով երբ կուզէ լուր տալ տասնապետին, Կարում Թունին կանչելով կամացուկ մը կ’ըսէ.

Ծօ, տնաքանդ, Եանին իր անկողնոյն մէջ չէ. ի՞նչպես համրեցիր. Եանին ճէմիշ գնաց ու չվերադարձաւ։

Թունին իսկոյն վերմակ կը վերցնէ եւ կը տեսնէ որ իրօք Եանին չկայ. անմիջապէս ճէմիշ կը վազէ. Եանին ճէմիշը չէր, այլ իր շապիկը հոն թողուցած էր։

Թունին իսկոյն դուրսը լուր կուտայ. տնօրէնը կուգայ, ինչպէս նաեւ ոստիկաններ, յարուցուած աղմուկէն բանտարկեալները կ’արթննան ինչպէս նաեւ մենք. սենեակին մէջ Եանին կը փնտռեն, չկա՛յ։ Փախա՛ծ էր։

Առտուն՝ կառավարիչը, հազարապետը եւ ընդհանուր դատախազը եկան սենեակէն ներս մտնելով ուղղակի ճէմիշ գացին, ծակը փոքր կ’երեւէր, կարելի չէր որ Եանին այդ նեղ ծակէն ներս մտած ըլլար։ Քանի քանի բանտարկեալներ վկայեցին որ ժամը 12էն մինչեւ 2 տեսած էին, քանի որ բանտին դուռը կոտրուած եւ պատը ծածկուած չէր, ուրեմն ճիշտ էր որ ճէմիշին ծակէն փախած էր։ Անմիջապէս ստուգեցին որ ծովուն մէջ եղած կոյուղիին երկաթէ վանդակները չեն բացուած, որով Եանին դեռ կոյուղիին մէջ էր. իսկոյն 10-20 բանտարկեալներու համար գործիքներ բերել տուին եւ սկսան կոյուղինիներու կափարիչները տեղ տեղ բանալ եւ մէջը Եանին փնտռել։

Եանին մտածելով թէ անպատճառ նախ պիտի սկսէին սենեակին քովի սրահէն բանալ կոյուղին, բանտարկեալներուն շատ նեղութիւն չտալու համար իր քասքէթը իբր նշան հոն թողուցած էր դիտմամբ։ Թէ՛ այդ նշանը եւ թէ կոյուղիին մէջ Եանին չգտնելնին շուարեցուց կառավարութիւնը։ Սկսան այլեւս կոյուղիները գոցել, ամէն ոք կը մտածէր, եւ ամբողջ Աքեա զարմացած էր թէ ի՞նչպէս այդ փոքրիկ ծակէն ներս մտած էր Եանին. մտա՜ծ, բայց ո՞ւրկէ դուրս ելած էր։

Յաջորդ օր Եանի լուր ղրկած էր ինծի որ անվտանգ եւ ապահով Պասա գիւղը հասած էր եւ քանի մը օրէն պիտի մեկնէր դէպի Աթէնք։ Պասա ըսուածը Լիբանանի մէկ ծայրէն քիչ մը հեռու անառիկ դիրքով գիւղ մ’է. քանի քանի անգամներ կառավարութիւնը փորձած էր ոճրագործները ձերբակալել, բայց անկարելի եղած էր. անոնք իսկոյն վերի լերան ճամբով Լիբանան կ’անցնին եղեր։

Քանի մը օր վերջ իմացուեցաւ թէ Եանին ի՛նչպէս կոյուղիէն դուրս ելած փախած էր։

Բանտին շրջապատի փողոցին կողմէն կը տեսնեն որ պատին ներքեւ փոս մը կայ, ճիշդ այն ձեւով շինուած որ շուները իրենց ձագերը մէջը կը պահեն կամ իրենք կը պառկին։ Չէ որ հազարապետը կը կասկածէր թէ փոխ-տնօրէնը Եանիէն կաշառք առած եւ ուրիշ միջոցաւ փախցուցած է, եւ ըսած էր եթէ հետքը չգտնուի զինքը պաշտօնանկ ընել պիտի տայ, քանի որ Պէրութն ալ համոզում գոյացուցած չէր թէ այդ տեսակ փախուստ մը կարելի է. մինչդեռ ամէն ոք կը վկայէր եւ գիտէր թէ Եանին այնչափ աղքատ էր որ օրական 30-40 փարայի կ’աշխատէր։ Փոխ-տնօրէնը ստիպուած էր իր անմեղութիւնը երեւան հանել։ Կը կասկածէր մի գուցէ պատին տակը գտնուած փոսը շինծու ըլլայ. ճարահատեալ երկու բանտարկեալներ կը տանի եւ փոսը պեղել տալով կը տեսնէ թէ կեղծ է եւ Եանին ճիշդ այդտեղ ծակած եւ կոյուղիէն դուրս ելած է, եւ գիշերուան այն պահուն ալ շատ դիւրին էր պարիսպին դռնէն դուրս ելլել ու երթալ։ Ամենէն զարմանալին այն էր եր Եանին կոյուղիներու շինութեան աշխատած օրերուն անոր երկայնութիւնը այնփաչ մաթեմաթիքական ճշդութեամբ չափած էր իր ոտներով որ առանց ուշադրութիւն գրաւել տալու կարողացած էր այդ պատին դուրսի կողմի երեսը ծակել, ոչ թէ ուրիշ տեղ մը, կամ պատին հակառակ կողմը, որ բանտին բակին մէջ պիտի ելլէր։

Պահապանները ամէն իրիկուն աչքէ կ’անցունէին սենեակներուն մէջ գտնուած տախտակամածին այն մասերը ուրկէ կարելի կ’ըլլար կասկածիլ ներքեւ փորել եւ պատը ծակելով դուրս ելլել։ Այդ տախտակամածները որոնց վրայ բանտարկեալները կը պառկէին, վերցնելու հարկ չկար. իրենց ձեռքի հաստ բիրերու հարուածներու ձայնէն յայտնի կ’ըլլար թէ տախտակամածին ներքեւը պարա՞պ է թէ լեցուն։ Կասկածելի եղած տեղերու տախտակները երբեմն աչքէ կ’անցընէին թէ մի՞ գուցէ տախտակները իրենց տեղէն շարժած են։

Արմենակ կրկին մեծ սենեակը փոխադրուած էր։ Օր մը ինծի խորհուրդ կը հարցունէր ծրագրի մը յաջողութեան մասին. ծրագիրը լաւ էր եւ յաջողութեան յոյս կար, եթէ երբեք սա երեք պարագաները գործադրուէին.

Նախ պէտք էր որ համամիտ ըլլային առնուազն 30-40 վստահելի բանտարկեալներ, երկրորդ՝ ահագին աշխատանք պէտք էր, իսկ երրորդ պարագան արդէն ես յանձն կ’առնէի որ մօտաւորապէս 3-4 ոսկի ծախսել։ Արմենակ կը յուսար թէ ըսածս քանակութեամ պիտի կարենայ վստահելի բանտարկեալներ գտնել։ Ուրեմն զինքը ղրկեցի որ ժամ առաջ այդ մարդիկը պատրաստէ։ Արմենակ քանի մը օրուան մէջ ըսածիս չափ մարդիկ պատրաստած էր։ Խալիլին պատուիրեցի որ երկու հատ սրածայր եւ տափակածայր երկաթներ շինել տայ. Խալիլ երկաթները բերաւ եւ գործի սկսուեցաւ։ Պատը պիտի ծակուէր եւ այդ ծակէն դուրս ելլելով գիշերանց Պասա պիտի երթայինք։ Չմոռնամ ըսելու թէ բանտարկեալ մը որչափ որ փախչելու գործին մէջ տրամաբանօրէն կը շարժի եւ ամէն կարելի միջոցները ձեռք կ’առնէ, նմանապէս ալ բռնուելու եւ լարուած թակարդներու մասին ալ լուրջ կերպով կը խորհի, եւ միշտ չյաջողելու ուրուականն իր աչքին առջեւ կ’ունենայ։

Արմենակ իրաւունք կուտար ինծի որ ես յաջողութեան պայմաններէն մին նկատած էի աշխատութիւնը, ինչպէս վերջէն փորձով տեսնուեցաւ եւ ինք կատարելապէս համոզուեցաւ։

Տախտակամածին ներքեւ բացուած էր երեք մէդր երկայնութեամբ եւ մէկուկէս մէդր լայնութեամբ փոս մը. այդ փոսէն ելած հողը պէտք էր փոքրիկ զամբիւղներու մէջ լեցնել եւ առանց 120ի չափ բանտարկեալներէն տեսնուելու եւ կասկած ներշնչելու՝ տանիլ ու ճէմիշին ծակը լեցնել եւ վրան ջուր պարպել որպէս զի այդ հողերը դէպի ծով երթային եւ թափուած հողերու հետքը բնաւ չերեւար, որովհետեւ ամէն իրիկուն սենեակը խուզարկող ոստիկանները ճրագով այդ ճէմիշներուն ծակերը կը քննէին թէ մի գուցէ պատը ծակուած եւ հողը ճէմիշ թափուած ըլլար։ Փոսէն հանուած հողերը անպատճառ ներսը գտնուող պահապաններու քովէն կամ առջեւէն անցուելով պէտք էր ճէմիշ լեցուէին։ Հողը պարպելու գործողութիւնը վերջացած էր 32 օրէն, կը մնար պատը ծակելու գործողութիւնը. հողերը դուրս հանելու չափ զգուշութեան պէտք չկար, բայց դժուար էր պատը ծակել. որովհետեւ կը կարծուէր թէ 4-500 տարուան շէնք մ’էր եւ կիրը այնչափ լաւ եռացած եւ փակած էր որ ճիշդ քարի նման եղած էր, միւս կողմէ մուրճ գործածելը անկարելի էր, այլ միայն կամաց կամաց պիտի փորէին քարերու բոլորտիքը գտնուած կիրերը պարպէին՝ որպէս զի քարերը դուրս հանէին, ծակին լայնութեան այն աստիճան պէտք կար որ հակառակ պարագային երկու մարդ քով քովի սողոսկելով կարենային դուրս ելլել։ Բացուելիք ծակը կը գտնուէր պարսպադուռին քով գտնուած պահակին տաղաւարին (գուլիպէ) դէմ. ծակէն դուրս ելլելուն պէս պիտի երթայինք տաղաւարի մէջ գտնուած երկու ոստիկաններուն առաջարկել մեզի ընկերանալ, ինչ որ շատ հաւանական էր, իսկ հակառակ պարագային երկուքն ալ դաշոյնով պիտի սպաննէինք, որպէս զի մեզի արգելք չըլլային կամ մեր փախուստը վերի զօրանոցին չիմացնէին, ուրիշ կերպ կարելի չէր։ Արդէն ծակ ունեցող տախտակամածին բոլորտիքը գտնուող բանտարկեալներն ամբողջն ալ մեզի համամիտ էին եւ հետզհետէ մեզի ընկերացողներուն թիւը կ’աւելնար. տախտակամածին ներքեւ քուրջերով այնպէս շինուած էր որ, պահապաններն իրիկունը խուզարկութիւն կատարած ատեն, իրենց բիրերու հարուածով չէին կրնար հասկնալ թէ ներքեւը պարապ էր։ Պատի հաստութիւնը գրեթէ մէթրօյէն քիչ մը պակաս էր. քանի մը անգամ երկաթներու ծայրերը նորոգել տուինք եւ շատ դժուարութեամբ գործը դիւրացուցինք եւ կատարելութեան աստիճանի հասցուցինք։

Ծակը կը գտնուէր մեծ սենեակը իսկ ես կը պառկէի դիմացի փոքր սենեակը. քանի որ երրորդ գիշերը ժամը 3էն վերջ ծակէն դուրս ելլելով պիտի երթայինք, բայց միեւնոյն ատեն նկատի կ’ունենայի եւ կը խորհէի թէ հակառակ պարագային եթէ չյաջողէինք կամ բռնուէինք, իմ մեծ սենեակը երթալս կամ փոխադրուիլս չկասկածուէր թէ ծակին համար էր, եւ նոյն իսկ չը կարծուէր թէ ես արդէն գիտէի որ ծակ մը բացուած էր մեծ սենեակին մէջ, եւ թէ փախչողներէն մէկն ալ ես պիտի ըլլայի։ Ուրեմն աճապարելու եւ գործի սկսելու էի։

Չէ՞ որ պէտք էր պատրուակ մը ստեղծէի որ վերջէն կասկածանաց տեղի չտար, ուստի հետեւեալ որոշեցի.

Մահմուտ պէյին միշտ ապրանք կուտայի եւ ինքը Պոլսէն իրեն ղրկուած ամսական դրամէն կը վճարէր. ինքը չափազանց կրօնամոլ մը եւ Քրիստոնէից հակառակորդ մ’էր. ուզեցի անոր սրտին մէջ խոր վէրք մը ձգելէ վերջ փախչիլ եւ իրեն զգացնել տալ թէ Հայերը ո՛րչափ նրբամիտ, ճարպիկ եւ խորամանկ են։ Մահմուտ պէյ արդէն իմ պառկած սենեակս կը պառկէր։ Գիտնալով հանդերձ որ կուտ մը չունի քովը եւ չէ կարող վճարել, խանութիս առջեւ կանչեցի եւ առնելիքս պահանջեցի։ Բնական էր որ ինք կատակ պիտի կարծէր, իսկ ես սպառնական ձեւ մը առի. ինք նորէն խնդրեց ինձմէ որ կատակ չընեմ, քանի որ տրամադրութիւն չունէր։ Ես լուրջ կերպով սպառնացի ու ըսի.

Եթէ այսօր մինչեւ իրիկուն իմ դրամներս չվճարես, երեկոյին չյանդգնիս սենեակէն ներս մտնել. քեզ կտոր կտոր ընելով մեծ կտորդ միայն ականջդ պիտի թողում։

Մահմուտ պէյ կեցած տեղը գամուած մնաց. այն աստիճան շուարեցաւ որ, չկրցաւ երկու բառ արտասանել։ Իմ սպառնալիքներս լսած էին նաեւ մէկ քանի բանտարկեալներ, որոնք նոյնպէս շուարած երեսս կը նայէին, մտածելով թէ Արթին աղան ոճրագո՜րծ, մարդասպա՜ն ըլլայ, անհաւատալի բան, երա՞զ էր արդեօք թէ իրականութիւն։ Մահմուտ պէյ իսկոյն տնօրէնին եւ փոխ-տնօրէնին իմաց տուած էր, որոնք նոյնպէս կատակ կարծած էին, իսկ երբ Մահմուտ պէյ սպառնացած էր հազարապետին բողոքել, ստիպեալ երկուքն ալ խանութս եկան ժպտուն դէմքով. երբ դէմքիս յոխորտութիւնն եւ ճակատիս կնճիռները տեսան, հասկցան որ կատակ չէր ըրածս, փորձեցին սիրտս սիրաշահիլ եւ առաջարկեցին հաշտուիլ Մահմուտ պէյի հետ. իսկ երբ խիստ կերպով մերժեցի, երկուքն ալ գլուխնին երերցնելով հեռացան։ Մահմուտ պէյ աղերսագիրն հազարապետին ղրկեց։ Միջանկեալ ըսեմ թէ այդ միջոցին հազարապետն ինձ հետ շատ լաւ կը վարուէր, համոզուած ըլլալով թէ մօտ ատենէն բանտէն կ’ազատուիմ եւ ինքը անպատճառ 15 ֆրանս. ոսկին նորէն ինձմէ պիտի առնէ։ Հազարապետին ինձ հետ այդ կերպ վարուիլը կը նշանակէր որ ամբողջ պաշտօնեաները պէտք է լաւ վարուէին ինծի հետ։ Փոխ-տնօրէնին եւ հազարապետին ղրկած ոստիկանին հետ հազարապետին գացի. ինծի նստեցուց եւ սիկառ մը տուաւ, իբր թէ ինձ կանչած է տեղեկանալու համար թէ ո՛ եւ իցէ լուր առած եմ, թէ կը յուսա՞մ որ մօտ օրէն պիտի ազատուիմ։ Պէտք եղածը պատասխանելէս վերջ ըսաւ.

Գլխաւոր փափաքս այն է որ, քանի որ մէկ քանի օրուան հիւր էք ինծի, վերջէն չգանգատիք թէ ձեր ուզած կերպով ապրած չէք բանտին մէջ, շուկայ ելլելու կամ ուզած սենեակիս մէջ պառկելու մասին։

Ես իսկոյն հասկցայ հազարապետին նրբամտութիւնն թէ քաղաքավար կերպով կը հասկցնէ ինձ ուրիշ տեղ մը փոխադրել, ինչ որ փափաքս էր արդէն, եւ եթէ երբեք չուզէի փոխադրուիլ, Մահմուտ պէյ պիտի փոխադրուէր։

Շնորակալ եմ ըսի, ես միշտ գոհ եղած եմ ձեզմէ, իսկ եթէ կը հաճիք հրաման տալ որ ինծի արդի տեղքս փոխադրեն ուրիշ սենեակ մը, շնորհակալ կ’ըլլամ որովհետեւ քիչ մ’ալ կ’ուզեմ ուրիշ սենեակի մը մէջ պառկիլ։

Ամենայն սիրով, ըսաւ հազարապետը։

Զանգակը զարկաւ, փոխ-տնօրէնը որ դուրս ինծի կ’սպասէր, ներս մտաւ եւ հազարապետը ըսաւ.

Արթին էֆէնտին կ’ուզէ քիչ մ’ալ ուրիշ սենեակ պառկիլ. տար որ սենեակը եւ որ տեղը որ կ’ընտրէ հոն անմիջապէս պատրաստել տուր անկողինը։

Փոխ-տնօրէնը խոնարհութիւն ընելով իրեն ընկերացայ եւ շուկային մէջ պտտելնէս վերջ Լիման գացինք։

Փոխ-տնօրէնը սենեակիս սպասաւորին հրամայեց անկողինս ժողվել։ Մահմուտ պէյ կարծեց թէ յաղթանակը տարած էր. իսկ ես արդէն նպատակիս հասած էի, փոխ-տնօրէնը անկողինս դուրս հանել տալէն վերջ ըսաւ ինծի.

Հրաման ըրէ ո՞ր սենեակը կ’ուզես։

Միջին սենեակը կ’ուզեմ։

Եւ սպասաւորը իսկոյն իր ուսին վրայ ունեցած անկողինս միջին սենեակին դուռնէն ներս պիտի մտցնէր այդ պահուն ճիշդ զղջացածի ձեւով մը դարձայ փոխ-տնօրէնին ըսի.

Չէ՛, չէ՛, քիչ մը մեծ սենեակը պառկիլ կուզեմ, անիկա աւելի օդաւէտ է։

Անկողինս իսկոյն մեծ սենեակէն ներս մտցուցին եւ ես ալ Փոխ-տնօրէնին հետ ներս մտայ։ Արմենակ պատրաստուած էր եւ տեղ բանալ կուտար իր քով զետեղելու համար անկողինս. փոխ-տնօրէնը դարձաւ ըսաւ ինծի.

Հրաման ըրէ եւ որոշէ ո՞ւր դնել տամ անկողինդ։

Ճիշդ գիշերուան պահապան ոստիկաններու անկողիններուն քով ցուցուցի եւ փոխ-տնօրէնին սիկար մը եւ սուրճ մը առնել տալէս վերջ մեծ սենեակէն դուրս ելանք։

Արմենակ բոլորովին զարմացած էր թէ ինչու նախ կ’ուզէի միջին սենեակը երթալ եւ թէ մանաւանդ ինչո՞ւ ոստիկաններու քով շինել տուի անկողինս։ Արմենակին կարճ պատասխան մը տուի, ըսելով որ երբ Պասայի լեռը գտնուինք այն ատեն պիտի բացատրեմ։

Ամէն ոք իր պատրաստութիւնը տեսած էր։ Արդէն խանութիս մէջ շատ արժէքաւոր բան մը չէր մնացած. յաջորդ իրիկուն ժամը երեքէն վերջ Լիմանին «մնաս բարով» պիտի ըսէինք։ Մէկ քանիներու հետ խանութիս առջեւ աթոռներու վրայ նստած կը ծրագրէինք մեր ապագայ ճամբորութիւնները։

Բանտին մէջ խաշխաշ (աֆիօն, հաշիշ) ծխելու եւ ուտելու սովորութիւն կար, ինչպէս նաեւ կ’ուտէին եւ կը ծխէին քանի մը ոստիկաններ, մանաւանդ երբ ձրի ըլլար։ Ժամը 2½ին մեր գաղափարակից բանտարկեալները, որոնք որ բարեկամ էին նոյն ժամուն պահապան ոստիկանին (վասն զի ցորեկին յայտնի կ’ըլլար արդէն պահապաններու որոնք ըլլալը) իրենց հետ առնելով ուրիշ երկուքն ալ պիտի սկսէին խօսիլ ու ծխել, այդ բարեկամներէն մէկը պիտի սկսէր գովել բերնի ջուրերը վազելու աստիճան իր թուզէ շինուած հաշիշով անուշը, այնպէս որ պահապանը ստիպուէր աղաչել որ բերեն որ քիչ մը ուտէ, եւ պիտի բերէր, հաշիշն այն աստիճան շատ պիտի տրուէր որ ուտելէն կէս ժամ վերջը պահապան ոստիկանը անկենդան դիակ մը պիտի դառնար եւ միւս պահապաններն արդէն քնացած եւ խոր քունի մէջ ընկղմած պիտի ըլլային։ Ահա այն ատեն էր որ ծակին դիմացը մնացած մէկ քանի քարերը վար առնելով դուրս պիտի ելլէինք եւ Պասայի ճամբան ձեռք պիտի առնէինք։

Կը խօսէինք Պասայի մէջ ունենալիք մեր կեանքին վրայ. Պետրոս Հատատ արդէն Պասացի էր եւ մեզի հետ պիտի փախչէր. սկսանք անկէ պահանջել ամէն տեսակ հիւրասիրութիւններ։

Յանկարծ Արմենակ եկաւ ու ըսաւ.

Դրօշակ պարզուեցաւ ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Դեռ Արմենակ իր խօսքը չաւարտած, փողի ձայն լսեցինք, որ զօրքերը զէնքի գլուխ կը կանչէր։

Ընկերներուս պատուիրեցի բոլորովին հանդարտ եւ պաղարիւն կերպով եղածը դիտել։

Աքեայի ժողովուրդը սկսաւ բանտը շրջապատել եւ զօրքերը զէնքով ու սուիններով Լիմանի տանիքը շարժուեցան. պատերու վրայէն ժողովուրդն եւ տանիքին վրայ կեցած գօրքերը բանտին բակը կը նայէին. բանտարկեալներն ու ոստիկաններն իրենց սովորական կենցաղին մէջ տեսնելով կը զարմանային թէ քանի որ կռիւ ու խոռվութիւն չկար բանտին մէջ, ինչո՞ւ դրօշակ պարզուեցաւ եւ զօրքը զէնքի գլուխ կանչուեցաւ։

Հազարապետը, ընդհ. դատախազի օգնականը եւ քանի մը պաշտօնեաներ Լիմանի բակը մտան եւ տնօրէնը իսկոյն երկու ոստիկան ղրկեց, որոնք եկան մեծ սենեակէն ներս մտան եւ հարմայեցին որ ներսը մնացած քանի մը բանտարկեալները դուրս ելլեն։

Ես անխռով խանութս նստած իբր թէ Արմենակի, Առնաւուտ Շաքիրի եւ Չերքէզ Խուրշիտի հաշիւերը կը տեսնէի, որոնք մեզի հետ միշտ գործ կ’ունենային, այդ պատրուակաւ իրենց ըսի.

Մատնուեցա՜նք, ափսո՜ս, մեր 49 օրուան աշխատութիւնը եւ մօտաւորապէս 300 ղրուշ ծախքը պարապը գնաց, բայց մատնիչը պէտք է գտնենք եւ պէտք է իսկոյն պատժենք չարաչար կերպով։

Հազարապետը, տնօրէնը եւ ընդհ. դատախազը գալով մեծ սենեակը մտան, եւ իրենց չորս կողմը կը դիտէին կը տեսնէին որ ամենուն դէմքին վրայ ալ անմեղութեան եւ զարմացման նշաններ կ’երեւան։ Մերիններն արդէն պաղարիւն էին, իսկ անմեղները բնական էր որ զարմանային։

Հազարապետը երբ խանութիս առջեւ հասաւ եւ երբ զինքը տեսայ, իբր յանկարծակիի եկած հաշուետետրը ձեռքը բռնած ոտքի ելայ. բարեւեց ինծի ու անցաւ մեծ սենեակէն ներս մտաւ։ Տասը վայրկեան վերջ խմբովին դուրս ելան տխուր եւ մտածկոտ. միւս բակին մէջ աթոռներու վրայ նստեցան. հազարապետը երկտող մը գրելով ոստիկանի մը տուաւ եւ քանի մը բառեր ըսաւ. ոստիկանը աճապարանօք դէպ ի դուրս խոյացաւ։

Ես մերիններուն ըսի որ մատնիչը կառավարչատուն ըլլալու է. ուրեմն ո՞վ է բանտարկեալներէ այսօր կառավարչատունը գացողը, փնտռեցինք ու գտանք. փաթթոցաւոր Էմին Հօճան էր. բայց անիկա մեզմէ չէր. ուրեմն ի՞նչպէս իմացած էր։

Էմին հօճային մատնութիւնը ճիշդ էր. բայց մենք այդ տախտակները այնչափ խնամքով վերցուցած ու տեղը դրած եւ տախտակամածին ներքեւը այնքան խնամքով շինած էինք որ մատնուելով հանդերձ նորէն չկրցան գտնել եւ ուզեցին Էմին Հօճայէն ճշդել։

Երկտողին պատասխանը գալէն վերջ կրկին սենեակէն ներս մտան, բայց այս անգամ որոշեցին հանուած քարերը պատին մէջ շարել եւ դուրսէն հող բերել տալ ու փոսը լեցնել։ Իսկոյն երկու որմնադիրներ եկան կիր ու հող բերել տալով գործի սկսան. հազիւ մինչեւ միւս օրը ուշ ատեն վերջացաւ գործը։

Հօճան տեղն ի տեղը ըսած ըլլալու էր թէ քանի՛ հոգի պիտի փախչէինք. որոշուածները 60էն աւելի էին. իսկ երբ մէկ կողմէն փախչիլ սկսուէր, ըսել է ոչ ոք պիտի մնար սենեակին մէջ։

Հազարապետը ու պաշտօնէութիւնը բանտարկեալները պատժելու մասին չէր որ կը մտածէին, այլ եղածը իրենց երազ կը թուէր. միթէ կարելի՞ էր գիշեր ցորեկ հսկողութեան ներքեւ գնուած միջոցին այդպիսի հսկայ գործ մը գլուխ հանել. ահա թէ ինչո՛ւ կը զարմանային ու ինչու ժողովուրդը բացագանչելով պրկունքները կը խածնէր։ Հազարապետը նկատեց թէ այդչափ բանտարկեալները պատժելը կրնայ գէշ հետեւանք ունենալ եւ խռովութիւն յառաջ գալ, եւ արդէն իրենք պատասխանատու պիտի մնային, քանի որ պահապաններուն անզգուշութիւնը եւ լաւ չհսկելու արդինքն էր այդչափ մեծ գործ մը գլուխ հանելը. չէ որ սկիզբէն մինչեւ վերջը բանտարկեալի մը նպատակը փախչիլն է. բանտարկեալները ինչո՞վ մեղաւոր էին։ Այս խորհրդակցութիւններ փոխանակուելէն վերջ ընդհ. դատախազին եւ հազարապեին միջեւ, հազարապետը ոտքի ելաւեւ տնօրէնը եւ փոխ տնօրէնը կանչելով քանի մը խօսքեր փոխանակելէ վերջ մեկնեցան։

Անմիջապէս տնօրէնին գնացի որ իր սենեակին մէջ ոստիկաններէ եւ աչքի զարնելիք բանտարկեալներէ շրջապատուած էր, պոռալով ըսի.

Ես Մահմուհ պէյի հետ հաշտուած եմ (այո՛, ըսաւ Մահմուտ պէյ). կը խնդրեմ շուտով իմ անկողինս նորէն իմ հին տեղս տանելու հրաման ընէք, այլեւս վայրկեան մը իսկ մեծ սենեակը մնալ չեմ ուզեր։

Տնօրէնը, փոխ-տնօրէնը, ոստիկանները եւ ներկայ գտնուող բանտարկեալները սկսան ցաւակցական եւ խնդակցական ձեւով հետեւեալ խօսքերն ըսել.

«Տեսէք, գէշ տրամադրութիւն, եւ սատանան ի՛նչ կ’ընէ մարդս. Արթին աղան սպառնաց Մահմուտ պէյը սպաննել. իրեն տեղը փոխուեցաւ. այս ամէնը չար սատանային գործը չէ՞ր։ Արթին էֆէնտին կ’ուզէր միջին սենեակը երթալ եւ անկողինը ներս մտցնելու պահուն յանկարծ իր որոշումը փոխեց եւ մեծ սենեակը գնաց։ Ո՛վ ինչ կ’ուզէ թող ըսէ, Արթին էֆ[էնտի]ի պարկեշտութիւնը մէջտեղն է, եթէ ինքը տեղեկութիւն ունենար, մեծ սենեակը մտած միջոցին Արմենակը իրեն պատիւ ընելով իրեն տեղ բանալ կուտար. բայց Արթին աղան գնաց պահապաններուն ճիշդ քովը ընտրեց իր անկողինը. չէ մի որ մէկ մատը շարժելու ըլլար իսկոյն պահապանները պիտի իմանային։ Հազարապետը եւ միւսները ներս մտած պահուն Արթին աղան հետաքրքրուած կ’ուզէր մեզմէ իմանալ թէ ի՞նչ անցած դարձած է. վերջապէս Արթին աղան պարկեշտ մէկն է»։

Այս խօսքերը փոխ-տնօրէնը եւ ոստիկանները կ’ըսէին։ Տնօրէնը ինծի ըսաւ.

Արդէն հազարապետը հրամայեց տեղափոխութիւն եւ պիտի ընենք հիմա։

Կ’ուզէք ըրէք, կ’ուզէք մի ընէք. վայրկեան մը այլեւս այն սենեակը չեմ մնար, որովհետեւ ես շատ յուզուած եմ։

Տնօրէնը եւ ամբոջ ոստիկանութիւնը մէկ բերան, «հաշա՜ հաշա՜, մենք լաւ ճանչցած ենք քու պարկեշտութիւնդ, բնաւ հոգ մի՛ ըներ», ըսին։

Անկողինս վայրկենապէս փոխադրեցին փոքր սենեակն, ինչպէս նաեւ քանի մը բանտարկեալներ փոխադրեցին միջին սենեակը։

Շատ կը ցաւէինք որ Հօճայի մը մատնութեամբ այդ ծրագիրնիս վիժած էր։

Բանտարկեալներէն ոմանք երբ միջին սենեակը կը փոխադրէին, հանկարծ փոխ-տնօրէնին տղան Հիւսէյին տասնապետ բանտարկեալին մէկին շղթային օղակն ուզեց քննել։ Առհասարակ շղթայի օղակին վրայ քուրջի կտորներ կը փաթթէին որպէսզի օղակը սրունքի ոսկորին դպչելով չցաւցունէր։ Քուրջի կտորները քակելէն վերջ տեսան որ շղթան օղակին միացնող երկաթ ձողիկին ծայրը խարտոցով կտրուած էր, որով վայրկենական կերպով շղթան ոտքէն կրնար ելլել։ Իսկոյն սկսան մեծ սենեակը գտնուող բանտարկելոց ամենուն շղթաներն ալ քննել. երեւան եկաւ որ 40է աւելի բանտարկեալները նոյնն ըրած էին, որպէս զի բացուած ծակէն դուրս ելածնուն պէս ոտքերնուն շղթան հանէին ու ազատ կերպով քալէին. ուրեմն հասկցան որ անոնք բոլորն ալ փախչելու պատրաստուած էին։ Ես չէի ուզած օղակիս ձողիկը խարտոցել, նկատելով որ հակառակ պարագային կրնանք չյաջողիլ եւ երբ այդ ձողիկի խնդիրը երեւան ելլէր, փախչելու դիտաւորութիւնս պիտի ապացուցէր, իսկ քաղաքէն դուրս ելած միջոցիս ես կարող էի քովս գտնուած խարտոցով հինգ վայրկեանէն ոտքիս ձողիկը կտրել հանել։

Տնօրէնութիւնը անշուշտ խարտոցները գտնելու համար խուզարկութիւն պիտի ընէր, եւ ըրաւ. բայց 5-6 հատէն հազիւ կարողացաւ 3 հատ գտնել։ Տնօրէը գիտէր որ ուրիշ խարտոցներ եւ դանակներ ալ կան բատարկելոց քով. այո ճիշդ էր, կար, բայց անկարելի էր գտնել. իրենք քանի մը անգամներ փորձով տեսած էին որ չեն յաջողիր. կը զարմանային թէ խուզարկութեան միջոցին ո՞ւր կը պահէին կամ ի՞նչ ձեւով իրարու փոխանակելով ոստիկաններու աչքէն վրիպեցնել կուտային։ Արդէն այն բանտարկեալներն որ անճարակութեամբ դանակին եւ այլ արգիլեալ իրեղէնները ոստիկաններուն ձեռքը կ’անցընէին, այդպիսիները իբր անճարակները կը յանդիմանուէին բանտարկեալներէն։

Հաշիշի մասին քիչ մը բացատրութիւն տալը կարծեմ իր օգուտը պիտի ունենայ առ ի զգուշութիւն։

Հաշիշը առհասարակ կլկլակով կը ծխեն որ աւելի ազդեցիկ կ’ըլլայ, բայց քանի որ բանտին մէջ կլկլակը արգիլուած է բանտարկեալները սիկառէթի մէջ դնելով կը ծխեն որ այնչափ ազդեցիկ չըլլար, իսկ թուզի մէջ դնելով շաքարով անուշ շինելը եւ մանաւանդ քիչ մը աւելի հաշիշ դնելը ազդեցութիւնը կ’աւելնայ որով այդ անուշը ուտողը մօտաւորապէս 24 ժամ անկենդան պառկած տեղը կը մնայ։

Շատերը ժամանցի եւ քիչ մը զուարճանալու համար հաշիշ կը ծխեն. իսկ երբ այդ ծխողները անզգալաբար կ’սկսէին մոլին դառնալ, ո՛հ, այն ատեն է որ բահը բրիչը ձեռքերնին առած իրենց գերեզմանը կը փորեն եւ քայլերնին դէպի գերեզման կ’ուղղեն եւ ոչ ոք կրնայ զիրենք ազատել։

Սելանիկէն բանտարկեալ մը եկաւ կ’ըսէինք թէ ինք արդէն հաիշի մոլին դարձած է։ Ինք բաւական նարեկեցիկ մէկն էր, առոյգ եւ հազիւ 24-25 տարեկան։ Հաշիշը թէ՛ կը ծխէր եւ թէ կուտէր։ Հազիւ թէ երկու ամիս անցաւ, հետզհետէ սկսաւ նիհարնալ եւ գունատիլ։ Վերջին ատենները իրեն համար հաց ու կերակուր բնաւ նշանակութիւն չունէին։ Քովը ունեցած ստակները սպառեցաւ. սկսաւ օրական հացերը, անկողինը եւն. ծախել. վերջապէս այն աստիճան չքաւորութեան հասաւ որ միայն մէկ շապիկն ու ներքնաշորը մնաց։ Շատ կը ցաւէինք որ այդ երիտասարդը մոլին էր եղած հաշիշին։ Բժիշկէն խնդրեցինք որ եթէ կարելի է մեր ծաքով դեղեր տայ որպէս զի այդ մոլութիւն ացնի։ Բժիշկը յայտարարեց թէ այլեւս ուշ էր, ըլլալիք դարմանները պարապ էին եւ դեղը բնաւ ազդեցութիւն չըներ։ Բժիշկին ըսածը շատ ճիշտ էր. երիտասարդն այլեւս կմախք ու ոսկոր դարձած էր։ Գրեթէ սկսաւ մուրալ եւ ձեռքը անցած դրամնեը իսկոյն հաշիշի կուտար։ Օր մը բանտին բակին մէջ գետին փռուած կը գալարուէր եւ լալով բանտարկելոց կ’ըսէր.

Ա՜խ, Աստուածնիդ սիրէք, քիչ մը հաշիշ տուէք ինծի։

Յանկարծ փորին վրայ պառկեցաւ. այլեւս ո՛չ կուլար եւ ոչ կ’աղաչէր։

Բանտարկեալները հետաքրքրուեցան բայց ի զո՜ւր մեռած էր հէք երիտասարդը։

Ահա թէ անզգուշութեամբ եւ անհեռատեսութեամբ հաշիշին մոլի եղողներուն վախճանը ի՛նչ կ’ըլլայ։

Մատնիչը՝ ինչպէս ըսինք, Էմին Հօճան էր. մեր փոքր գօվուշը կը պառկէր, որով չէր կրնար գիտնալ թէ մենք մեծ սենեակին մէջ ծակ բացած ենք փախչելու համար. հետեւաբար նորէն մատնիչը պէտք էր մեր համաձայնողներուս մէջէն ըլլար. քանի որ մենք այնչափ զոհողութիւն ըրած էինք եւ 4-5 ժամէն պիտի ազատէինք, եւ քանի որ մատնիչը մեր մէջէն ելաւ, որոշած էինք անպատճառ գայն գտնել եւ մեր ուզածին պէս պատժել։ Մեր այս որոշումը ոչ թէ միայն բանտարկեալները գիտէին, այլ նոյն իսկ բանտին պաշտօնեաներն իսկ տեղեկութիւն առած էին։ Սկիւպցի Ակօն երբ կը տեսնէ որ մերինները որոշած են մատնիչը անպատճառ երեւան հանել, նկատելով որ օր մը թերեւս կասկածով մէկ երկու անմեղ բանտարկեալներ զոհուին այդ խնդրոյն, կը խղճահարի եւ չուզեր որ իր պատճառաւ ուրիշները զուր եւ անմեղ տեղը զոհուին, կ’որոշէ խնդիրը իսկութեամբ պարզել։

Ակօն թէեւ 15 արուան դատապարտեալ, բայց գրեթէ երկու տարիէն ազատ պիտի արձակուէր, իրեն առաջարկուած էր փախչիլ, բայց ինք չէր ուզած մասնակցիլ։ Սկիւպցի Իպրահիմը որ դեռ ութը տարուան պատիժ ունէր լրացնելիք, գեղեցիկ սիրուն տղայ մ’էր հազիւ 18-19 տարեկան։ Ակօն կը սիրէր զայն, եւ չէր ուզէր որ Իպրահիմ իրմէ զատուի։ Իպրահիմ մեզի հետ պիտի փախչէր. Ակօն ալ ստիպեալ մեզի հետ պիտի փախչէր, քանի որ չէր ուզէր Իպրահիմէն բաժնուիլ։ Ակօն որչափ որ Իպրահիմը կը համոզէ անկարելի կ’ըլլայ։ Ակօն այս տարակուսանաց մէջ կ’որոշէ իր խելացի մէկ բարեկամին խորհուրդ հարցնել, եւ որովհետեւ Ակօյին բարեկամն էր Էմին Հօճան եւ բանտին մէջ այն համբաւն ունէր որ մրջիւնին վրայ կոխելն անգամ մեղք կը նկատէր, ուրեմն Ակօն կ’երթայ խնդիրը Հօճային կը պարզէ։ Հօճան նախ Ակօյէն մանրամասն կերպով կ’իմանայ եւ կ’ստուգէ ծակին ուր տեղ ըլլալը եւ որ գիշերը պատրաստ ըլլալը։ Հօճան Ակօյին խորհուրդ կուտայ չփախչիլ եւ նոյն օրն իսկ կ’երթայ կը մատնէ։ Մերինները երբ կը տեսնեն որ Ակօն բոլորովին միամտաբար Էմին Հօճայէն խաբուած է եւ Հօճան Ակօյի վստահութիւնը չարաչար գործածած Ակօյին բան մը չըրին։

Էմին Հօճան այլեւս Լիման չբերին որպէս զի տեղն ի տեղը չյիշոտուէր. կառավարչատան բանտը պահեցին մինչեւ որ ի վարձ իր մատնութեան մնացած 5 տարի շղթայակիր պատիժը բերդարգելութեան փոխուեցաւ։

* * *

Խորհեցայ որ ուզած ժամանակս կարող եմ ոստիկան մը հետս առնելով շուկայ երթալ. կարող էի գինետուն մը մտնել մէկ անկիւն մը առանձնանալ եւ քովիս ոստիկանին հինգ ղրուշ տալ եւ քանի մը քայլ հեռուն գտնուած խանութէ մը 50-60 փարայի բան առնել տալ, վերջէն մնացած դրամը իրեն թողուլ իբր նուէր։ Կարող էի գինեպանին իբր նուէր քառորդ մը կամ կէս մէճիտ տալ ու առանց ոստիկանին գալուն սպասելու՝ ելլել իբր թէ Լիման կ’երթամ ու տուն մը մտնել. կարող էի Խալիլին պատուիրել որ պատրաստածս Արաբներու մաշլախ մը, ոտնաման մը ու «Ակալ» ծրարս բերէր ըսած տունս յանձնէր եւ գիշերուան ժամ մէկին միջոցին այդ հագուստով իբր Արաբ մը պարիսպի դուռնէն դուրս ելլել եւ ուղղակի Պասա երթալ։

Ասոնց ամէնքը փորձած էի եւ կատարելապէս յաջողելուս բնաւ կասկած չունէի։

Շատ աշխատեցայ, չկրցայ Աքեայի բարեկամներէս մէկը համոզել որ առանց ոստիկանի եւ առանց ուրիշէ մը տեսնուելու իրենց տունէն ներս մտնեմ եւ երկու երեք ժամ վերջը իբր ֆէլլահ կամ Պէտէվի մը տունէն դուրս ելլեմ։

Բարեկամներս այնչափ վախկոտ էին որ առաջարկս ընդունելու չյանդգնեցան։ Ուրեմն ինծի կը մնար ինքզինքս բախտին յանձնել ու սպասել։