Բ.
–
ԳՈՒՄ
ԳԱԲՈՒԻ
ՑՈՅՑԸ
Շմաւոն
Փոքր
Հայք
պիտի
մեկնէր,
կազմակերպական
գործով։
Շմաւոն
հետաքրքիր
անձ
մ՚էր։
Բաւական
էր
որ
քանի
մը
օր
տեսակցէր
ո՛
եւ
է
մէկու
մը
հետ,
անոր
հոգեբանութեան
կը
թափանցէր
իսկոյն։
Տարակոյս
չկար
թէ
Շմաւոնի
նման
ընկերէ
մը
եւ
մանաւանդ
գուշակէ
մը
զատուիլը
այնչափ
հեշտ
չէր.
այդ
պատճառաւ
իրեն
ողջերթի
գացած
էինք
շոգենաւ
եւ
ամենքս
ալ
առանց
բացառութեան
տխուր
էինք։
Իմ
տխրութեանս
հետ
խառնուած
էր
այն
փափաքս
որ
կ՚ուզէի
Պոլիսէն
դուրս
երկրին
մէջ
գործել,
մանաւանդ
Շմաւոնի
նման
ընկերոջ
մը
հեհտ։
Շմաւոն
նման
ընկերոջ
մը
հետ։
Շմաւոն
յանկարծ
դէմս
ցցուեցաւ
եւ
ըսաւ.
«Իմ
մեկնելուս
առթիւ
արդէն
տխուր
ըլլալդ
գիտեմ,
բայց
ինչո՞ւ
կը
մտածես
որ
ինծի
հետ
երկիր
մտնելդ
եւ
գործելդ
քու
փափաքներուդ
աւելի
գոհացում
կուտայ։
Այդ
որոշումը
Վարիչ
Մարմնէն
կախում
ունի
եւ
չպիտի
տայ,
ինչպէս
որ
ալ
չտուաւ։
Դուն
Պոլիս
պիտի
մնաս
եւ
աւելի
մեծ
գործ
մ՚ընելու
կոչուած
ես,
քեզ
պիտի
վիճակուի
այդ
գործը,
եւ
որուն
պատճառաւ
սոսկալի
տանջանքներու
պիտի
ենթարկուիս,
բայց
չպիտի
մեռնիս
այդ
տանջանքներուն
մէջ
եւ
պիտի
ազատուիս»։
Շմաւոնի
ըսածը
ճիշտ
էր.
կը
մտածէի
իրեն
հետ
երկիր
երթալ
եւ
Վարիչ
Մարմինը
չպիտի
թոյլատրէր.
իսկ
իր
գուշակութեան
մասին
չէի
կրնար
բան
մ՚ըսել,
քանի
որ
չէի
գիտեր
թէ
ապագան
ի՛նչ
պահած
էր
ինծի
համար։
Շմաւոն
արդէն
Պոլսոյ
մէջ
ցոյց
մ՚ընելու
համամիտ
էր,
ուստի
Սամսոնէն
մինչեւ
Մարզուան
իր
նամակներով
ցոյցի
անհրաժեշտութիւնը
կը
շեշտէր։
Մեղաւորեանի
փափաքին
համաձայն
1890,
Յուլիս
12
Հինգշաբթի
օրուան
ժողովը
իր
տան
մէջ
գումարել
որոշած
էինք.
ժողովին
օրակարգն
էր
ցոյցին
ո՞ւր
եւ
ո՞ր
օր
ըլլալն
որոշել։
Ճիշդ
ժամուն
ընկերները
ներկայ
էին
ժողովին։
Ժողովը
միաձայնութեամբ
որոշեց
որ
ցոյցը
տեղի
ունենայ
Գում
Գաբուի
Մայր
եկեղեցւոյ
եւ
Պատրիարքարանի
մէջ,
Յուլիս
15
Կիրակի,
Գուրպան
Պայրամի
առաջին
օրը։
Հակառակ
մեր
երեք
ընկերիս
փափաքին,
մեծամասնութեամբ
որոշուեցաւ
ցոյցը
խաղաղ
ընել,
ո՛չ
թէ
զինեալ.
որոշուեցաւ
պահանջմնագրով
մը
արդի
վիճակը
մեր
մէկ
ընկերոջ
հետ
Աշըգեանի
միջոցաւ
ներկայացնել
Համիտին։
Որոշուեցաւ
որ
ցոյցին
գլխաւոր
լիազօր
ղեկավարները
ըլլան
երկու
ընկերներ.
ընկերներէն
մին
«Առաքելոց»ի
ժամանակ
պահանջմնագիրը
կարդայ
Մայր
Եկեղեցւոյ
աւագ
Խորանէն
եւ
միւս
ընկերը
Աշըգեանը
առնելով
Պալատ
երթայ
եւ
պատրաստուած
պահանջմնագիրը
ներկայացնէ,
իբր
Հնչակեան
Կուսակցութեան
ներկայացուցիչ։
Ցոյցին
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը
ցուցարար
ընկերները
պիտի
ենթարկուէին
երկու
գլխաւոր
ղեկավար
ընկերներու
հրահանգներուն։
Իսկ
Խան
Ազատ,
Մեղաւորեան,
Սիմէոն
եւ
Ռափայէլ
չպիտի
մասնակցէին
ցոյցին,
որպէս
զի
հակառակ
պարագային
եթէ
ձերբակալուէին,
Թուրք
Կառավարութիւնը՝
օտարահպատակ
Հայերու
մասնակցութեան
տեղեակ
չըլլար։
Երկու
ղեկավար
ընկերները
պէտք
էր
վիճակով
ընտրէինք,
որուն
համար
15
վայրկեան
դադար
տրուեցաւ։
Պահանջմնագիրը
կարդացողին
եւ
Սուլթանին
ներկայացնողին
սահմանուելիք
պատիժին
Մահ
ըլլալուն
ամենաքս
ալ
համոզուած
էինք,
ուստի
Վարիչ
Մարմնոյն
իւրաքանչիւր
անդամ
լռիկ
մնջիկ
իր
տեղը
նստած,
իր
հոգւոյն
եւ
սրտին
հետ
կը
խօսէր։
Սրտեր
եւ
հոգիներն
էին
որ
պիտի
քաշէին
մեզմէ
երկուքը
դէպի
մահը
եւ
դէպ
ի
կախաղանի
գերանը։
Տրուած
դադարը
ուրիշ
ժողովներու
դադարներուն
բնաւ
չէր
նմաներ.
ամէն
ոք
լուռ
ու
մունջ
կը
մտածէր։
Սենեակին
մէջ
գերեզմանային
լռութիւն
կը
տիրէր
ճանճի
թռիլը
լսելու
աստիճան։
Կարծիքի
եւ
գաղափարի
փոխանակութիւն
չկար։
Ես
արդէն
վաղուց
հաշտուած
եւ
համաձայնած
էի
սրտիս
հետ,
հետեւաբար
այս
մասին
չէր
որ
կը
մտածէի,
կը
խորհէի
թէ,
եթէ
երբեք
վիճակը
ինձ
չելլէր,
չէ՞
որ
խղճիս
հետ
չպիտի
կարենայի
հաշտուիլ
եւ
խիղճս
զիս
պիտի
տանջէր.
չէ՞
որ
վիճակը
քաշուելէն
վերջ
ըրած
առարկութիւնս
հակատիսիբլինական
պիտի
ըլլար.
ուստի
խղճիս
ձայնը,
հոգւոյս
անձկութիւնը
եւ
սրտիս
տրոփումն
իրար
խառնած՝
կը
մղէին
զիս
տիրող
գերեզմանային
լռութիւնը
խզել,
քանի
որ
արդէն
տրուած
դադարն
ալ
լրանալու
մօտ
էր։
Խօսքս
ժողովին
ատենապետին
եւ
ընկերներուն
ուղղելով
ըսի.
«Ընկերներ,
շատ
կը
փափաքիմ
ցոյցին
մէջ
դեր
մը
ունենալ,
եթէ
երբեք
զիս
յարմար
կը
տեսնէք,
եւ
եթէ
կարելի
է
առանց
վիճակ
քաշելու
այդ
դերերէն
մէկն
ինծի
տաք,
ասիկա
պարզ
առաջարկ
մ՚է
որ
դեռ
ժողովը
չբացուած
կ՚ընեմ»։
Ատենապետն
իսկոյն
ժողովը
բացաւ
եւ
առաջարկս
ժողովին
դրաւ։
Ժողովը
միաձայնութեամբ
ընդունեց
առաջարկս,
բայց
ուզեց
գիտնալ
թէ
երկու
դերերէն
ո՞րը
կ՚ուզեմ
ստանձնել։
Մտածելու
եւ
տատամսելու
պէտք
չունէի,
ուստի
իսկոյն
պատասխանեցի.
Աշըգեան
Պալատ
տանիլ
եւ
պահանջմնագիրը
Սուլթանին
ներկայացնել։
Ժողովը
նորէն
միաձայնութեամբ
ընդունեց։
Ես
այլ
եւս
ուրախ
էի,
քանի
որ
նպատակիս
հասած
էի,
իբր
Հայութեան
եւ
ժողովուրդին
յետին
եւ
աննշան
մէկ
զաւակը
ազգիս
եւ
հայրենեացս
հանդէպ
ունեցած
պարտականութիւնս
կատարելու
ժամը
հասած
էր
այլեւս…
Համբարձում
Պօյաճեան
(Մուրատ)
դէմս
նստած
էր.
կարծես
որոշ
կերպով
իր
սրտին
մէջ
եղած
անցուդարձը
կը
տեսնէի։
Վիճակ
պիտի
ձգուէր
պահանջմնագիրը
կարդացող
ընկերը
որոշելու։
Մուրատ
առաջարկեց.
«Եթէ
յարմար
կը
տեսնէք.
առանց
վիճակի
պահանջմնագիրը
կարդալը
ինծի
յանձնեցէք»։
Միաձայնութեամբ
ընդունեցինք
Մուրատի
առաջարկը,
որով
վերջացած
կը
նկատուէր
ժողովը,
քանի
որ
մնացեալ
որոշումները
գործադրողներ
Մուրատ
եւ
ես
պիտի
ըլլայինք։
Ամբողջ
ընկերներով
գիրկընդխառնուեցանք,
տաք
տաք
համբոյրներ
դրոշմելով
իրարու
ճակտին,
քանի
որ
վերջին
պաշտօնական
ժողովնիս
էր,
եւ
քանի
որ
Յուլիս
15ի
այդ
պատմական
օրէն
վերջը
յայտնի
պիտի
ըլլար
թէ
մեզմէ
որո՞նք
ողջ
պիտի
մնային,
իսկ
ձերբակաքութեան
եւ
բանտարկութեան
մասին
մտածելն
աւելորդ
էր
եւ
նշանակութիւն
ունենալէ
բոլորովին
զուրկ
էր։
Ժողովը
արդէն
գիշերուան
մեծ
մասը
խլած
էր.
թէեւ
մինչեւ
Կիրակի
պաշտօնական
ժողով
չպիտի
ունենայինք,
բայց
անխտիր
ամէն
մէկ
ընկեր
իր
բաժինը
պիտի
ունենար
պէտք
էր
մեր
տեղերը
վերադառնայինք։
Արդէն
մեզի
սովորութիւն
ըրած
էինք
ժողովասրահ
երթալու
եւ
մեկնելու
ատեն
խմբովին
չերթալ.
իսկ
երկու
ընկերներ
քով
քովի
քալելը
այնչափ
ուշադրութիւն
չէր
գրաւէր
արդէն։
Մեղաւորեան
կը
բնակէր
Բերայի
երրորդական
փողոցներէն
օտարահպատակի
մը
տունը.
հազիւ
թէ
10
քայլ
հեռացած
էինք,
ճանապարհին
գիշերուան
այդ
պահուն
երկու
տարօրինակ
մարդիկ
տեսանք.
այդ
սանը
մեզի
այնչափ
հաճելի
չթուեցաւ։
Մուրատը
ինձմէ
քանի
մը
քայլ
առաջ
կ՚երթար։
Անպարճեան,
Գըլճեան
եւ
Աչըգպաշեան
մեզմէ
առաջ
մեկնած
էին։
Քայլերս
արագացուցի,
Մուրատին
հասայ
եւ
հարցուցի.
–
Ո՞վ
էին
այս
մարդիկը,
ինծի
տարօրինակ
թուեցան։
–
Ինծի
ալ
այնպէս
պատասխանեց
Մուրատը։
Քայլերնիս
արագացուցինք
եւ
փոխանակ
շիտակ
ճամբան
ելլելու՝
ուրիշ
փողոց
մը
դարձանք,
քիչ
մը
վերջ
շիտակ
ճամբան
ելլելու
համար։
Մարդիկ
մեզի
կը
հետեւէին։
Կառք
նստելը
խոհեմութիւն
չէր.
բայց
ինչո՞ւ
մեզի
չէին
ձերբակալեր.
այդ
բանը
մեզի
զարմանալի
կը
թուէր,
կամ
ինչո՞ւ
կը
հետեւէին
մեզի,
արդեօք
մեր
տուները
գտնելո՞ւ
համար,
հանելուկ
մ՚էր
ասիկա։
Խան
Ազատեան՝
Մեղաւորեանի
տունը
թողուցինք,
իր
Սիրքէճիի
պանդոկը
չբերինք,
ուր
կը
բնակէր
իբր
լուսանկարիչ։
Քանի
որ
անոնք
մեզի
կը
հետեւէին,
պէտք
էր
ստուգէինք
եւ
խոյս
տալու
աշխատէինք,
որոշեցինք
Ղալաթիոյ
հրդեհի
աշտարակին
անկիւնը
խմորեղէն
ծախողի
մը
խանութը
մտնել,
եւ
հոն
դիտենք
թէ
մեզ
հետեւողները
ներս
պիտի
մտնե՞ն.
եթէ
երբեք
գան,
զիրենք
յանկարծակիի
բերելով
ելլենք
տարբեր
ճամբով
մը
կամուրջին
վրայ
զիրար
գտնենք
կամ
կառքով
Պոլիս
անցնինք։
Սեղանին
քով
նստած
իսկոյն
մեր
խմորեղէնները
կերած
եւ
դրամը
վճարած
էինք,
ու
այն
տեսակ
ձեւ
մը
առած
էինք
որ,
դուրսէն
եկող
նորեկ
մը
պիտի
կարծեր
թէ
դեռ
բան
մը
կերած
չենք
ու
ապսպրուածին
կ՚սպասենք։
Մեր
մարդիկը
ներս
մտան
եւ
մեզ
այդ
դիրքին
մէջ
գտան,
եւ
որովհետեւ
մենք
դրան
քով
գտնուած
սեղանի
մը
առջեւ
նստած
էինք,
ստիպուեցան
մեր
դիմացի
կարգը
գտնուած
սեղան
մը
նստիլ։
Երբ
կռնակնին
մեզի
դարձուցած
դէպի
սեղանը
կը
մօտենային,
առանց
շշուկի
տեղերնէս
ելլել
ու
դուրս
ցատկելինիս
վայրկենական
եղաւ.
դէպի
աշտարակ
տանող
փողոցը
դարձանք,
վանդակէն
փախած
թռչունի
նման
անյայտացանք
ու
հետքերնիս
կորսնցուցինք։
Մուրատի
տան
քով
հասած
էինք
եւ
ինքզինքնիս
ապահով
կ՚զգայինք
այլեւս,
քանի
որ
հետքերնիս
կորսնցուցած
էինք,
առանց
հանելուկը
լուծելու
թէ՝
այդ
մարդիկը
ինչո՞ւ
մեզի
չձերբակալեցին։
Իրարմէ
բաժնուելով
տունս
գացի
քնանալու.
Առաւօտուն
դեռ
անկողնէս
չելած,
տանտիրուհիս,
որ
մեր
տասնապետներէն
Խաչատուր
Պանտիկեանի
կինն
էր,
ծրարին
վրայ
«ստիպողական»
գրուած
ըլլալուն
համար.
քունէս
արթնցուց
եւ
ծրարը
ձեռքս
տուաւ։
Մեղաւորեան
կը
գրէր.
–
«Ձեր
մեկնելէն
գրեթէ
երկու
ժամ
վերջը
բնակարանս
պաշարել
տուին.
օտարահպատակութեանս
պատճառաւ
ներս
մտնելնին
ու
շացաւ,
առիթէն
օգտուելով
ետեւի
դուռնէն
յաջողեցայ
փախչիլ։
Խան
Ազատեանը
ապահով
տեղ
մը
դնելով,
ես
կառքով
Պէօյիւքտէրէ
կ՚երթամ»։
Անմիջապէս
եղածը
Մուրատին
եւ
մօտակայ
ընկերներու
իմացուցի։
Կէս
օրէն
առաջ
Խան
Ազատ
յանկարծ
գունատած
խանութիս
առջեւ
կեցաւեւ
ըսաւ.
Ետեւէս
եկող
մարդը
զիս
կը
լրտեսէ։
Դեղին
մազերով,
«Մուհաճիր»ի
հագուստով
ծպտեալ
մ՚էր
ջուր
ուզեց
խմեց
ու
սիկառ
մը
գնաց
եւ
ոսկիի
մը
մանրուք
դրամ
առնելէ
եւ
զիս
լաւ
մը
դիտելէ
վերջ
գնաց։
Մեր
ընկերներէն
մին՝
Ս.
Վարդանեան
Վարդանը
իսկոյն
կանչեցի
խանութս
նստեցուցի.
պէտք
էր
աճապարել,
Խան
Ազատեանի
թուղթերը
կային
որ
պէտք
չէր
ձեռք
անցնէին
եւ
կարգ
մը
բաներ
պանդոկէն
պէտք
էր
առնել.
սլացանք
դէպի
պանդոկ,
երկու
օրէ
ի
վեր
մեզի
կասկածելի
երեւցած
Հրեայ
սպասաւորը
հոն
չէր,
իսկոյն
վեր
խոյացանք.
անպէտ
թուղթերը
ճեմիշին
ծակէն
վար
ձգելու
կը
պատրաստուէինք.
իսկ
կարեւորներն
առնել
ու
մեկնիլ։
Պանդոկը
փայտաշէն
էր,
եթէ
վարէն
մէկը
վեր
ելլէր
պիտի
իմանայինք,
ես
դրան
ետին
կեցած
էի,
յանկարծ
դուռը
հրուեցաւ,
դարձայ
Հրեայ
սպասաւորը
տեսայ
որ
առանց
շշուկի
մինչեւ
հոն
եկած
էր։
Կշտամբեցի
զինքը
որ
առանց
իմաց
տալու
յանդգնած
էր
դուռը
հրելու։
Հրեան
գլխիկոր
հեռացաւ։
Ըսել
է
մատնողը
ինքն
էր,
պէտք
էր
աճապարել։
Հրեան
կարելի
էր
պահականոց
գնաց
լուր
տալու,
բայց
գիտէր
որ
Խան
Ազատ
Ռուսահպատակ
էր։
Խան
Ազատի
մանր
մունր
իրերը
բեռնակրին
կողովին
մէջ
լեցուցի
եւ
փողոցի
հասցէն
տուի
բեռնակրին.
հոն
Խան
Ազատ
իմ
մատնանշած
տունս
պիտի
երթար
եւ
անկէց
ուրիշ
տեղ
մը
պիտի
փոխադրուէր։
Խանութէն
հեռացած
պահուս
Վարդանին
պատուիրած
էի
«Եթէ
անծանօթ
մէկը
կուգայ
ինծի
հարցնելու
ըսէ
որ
Ռուսաց
հիւպատոսարանը
գնաց»։
Խանութիս
վրայ
նայող
Ապուտ
էֆ.
ի
խանի
սենեակներէն
այն
պատուհանին
քով
նստայ՝
ուրկից
կարելի
էր
տեսնել
թէ
ո՞վ
կուգայ
խանութս,
ծպտեալ
ոստիկան
նորէն
պիտի
գա՞յ,
ծպտեալը
չգիտէի
քանիերորդ
անգամն
էր
որ
խանութէս
կ՚անցնէր,
ոստիկանին
հետ
Վարդանին
մօտեցաւ
եւ
Վարդանէն
առած
պատասխանը
իրենց
հաճելի
չթուելով՝
գլխիկոր
դէպի
պահականոց
գացին։
Գիշերուան
հանելուկը
գրեթէ
լուծուած
էր,
գեր,
հաստանդամ
երկար
մազերով
եւ
մօրուքով
Մեղաւորեանը
ինչպէս
նաեւ
կարճահասակ,
նիհար,
փոքրիկ
մօրուքով
կուզ
Խան
Ազատեանը
կը
փնտռէին։
Ուրեմն
անոնք
մատնուած
էին
եւ
այդ
պատճառաւ
էր
որ
գիշերը
զիս
ու
Մուրատը
չէին
ձերբակալած
եւ
մեզմէ
վերջ
Մեղաւորեանի
տունը
պաշարած
էին։
Բայց
թէ
մատնիչն
ո՞վ
էր։
Խան
Ազատեանի
պատճառաւ
ես
ալ
վտանգուած
էի,
թէեւ
խանութս
ու
տունս
եթէ
խուզարկէին
վտանգաւոր
բան
մը
չպիտի
կարենային
գտնել.
իսկ
Վարդան
իբր
խանութիս
դրացի
եւ
հայրենակից
կրնան
միշտ
խանութս
մնալ։
Վարդան
Ապուտ
էֆ.
ի
խանին
մէջ
սրճեփ
էր։
Վարդանին
պէտք
եղած
պատուէրները
տրուած
էր։
Ցերեկները
ես
թագստոցիս
մէջ
կրնայի
ընդունիլ
ընկերներ,
իսկ
եթէ
պէտք
զգացուէր՝
գիշերները
կարող
էի
ընկերներուս
քով
երթալ,
ըլլալիք
կարգադրութեանց
հսկելու
համար.
միակ
վախս
էր
Կիրակիէն
առաջ
չձերբակալուիլ.
ստանձնած
դերս
չը
կատարելը
ինծի
համար
մեռնելէ
աւելի
ծանր
կը
թուէր։
Տասնապետներէ
զատ
ունէինք
հարիւրապետներ
եւ
յիսնապետներ,
որոնք
իրենց
տրամադրութեան
ներքեւ
ունէին
տասնական
եւ
հինգական
տասնապետներ.
հրահանգնեերը
անոնց
միջոցաւ
կը
տրուէր
տասնապետներուն։
Անատօլուի
հեռագրաթելեր
պէտք
էր
Կիւրակէ
գիշեր
կտրուէին
որպէս
զի
ջարդի
համար
տրուած
հրամանը
իր
տեղ
չհասնէր
այդ
պաշտօնը
Շաբաթ
գիշեր
կատարելէ
վերջ
Կիւրակէ
առաւօտ
գալով
ցոյցին
մասնակցած
էր։
Առ
ի
զգուշութիւն
տասնապետները
չէին
գիտեր
գործադրուելիք
ծրագիրը,
միայն
հրահանգուած
էին
կիրակի
առաւօտը
Մայր
եկեղեցին
պատրաստ
գտնուիլ
իրենց
տասնեակներով,
եւ
բառ
առ
բառ
շեշտելով
ըսուած
էր.
ունեցողները
կարող
են
իրենց
զէնքերը
վրանին
կրալ
գաղտնի։
Պահանջմնագիրները
պէտք
էր
քանի
մը
հարիւր
օրինակ
պատրաստել
ձեռագրով,
ինչ
որ
այնչափ
դժուար
չէր,
որովհետեւ
այնչափ
երկար
չէր.
–
Հայաստանի
մէջ
տեղի
ունեցած
հարստահարութեանց
վերջ
տրուիլ
օր
առաջ,
խոստացուած
բարենորոգմանց
ձեռնարկել
շուտով,
իսկ
հակառակ
պարագային
ընդվզում,
քանի
որ
ներկայ
վիճակն
այլեւս
անտանելի
էր,
եւայլն,
եւայլն։
Գիշերուան
ժամը
եօթն
էր
(Ը.
Թ.
)
երբ
գործերնիս
աւարտեցինք
Հասան
փաշա
խանին
մէջ
Գըլճեանենց
սենեակը։
Անպարճեանը
հետս
առնելով
մեր
տունը
տարի,
այդ
վերջին
գիշերը
ինծի
հիւր
ընելու
համար։
Անպարճեան
շուտով
քնացաւ,
իսկ
ես
հակառակ
առջի
գիշերուան
քնատութեանս,
չկրցի
իսկոյն
քնանալ.
պատճառը
շատ
պարզ
էր։
Անոնք
որ
կ’որոշեն
եւ
որոնց
համար
որ
կ’որոշուի
կամ
վճիռ
կը
տրուի՝
քանի
մը
ժամէն
մեռնիլ,
շատ
բնական
է
որ
այդպիսիները
իրենց
մնացած
քանի
մը
ժամուն
կեանքէն
առաջ
սկսին
մտածել։
Թէեւ
դատապարտալի
մը
եւ
իմ
վիճակս
բոլորովին
կը
տարբերէր,
թէեւ
ես
սիրայօժար
եւ
ինքնաբերաբար
ընդունած
եւ
փափաքած
էի
մեռնիլ,
բայց
նորէն
նոյն
եղաւ
ինձ
համար.
յանկարծ
միտքս
իր
ամբողջ
էութեամբ
մտածմունքներու
մէջ
սուզուեցաւ։
Նախ
յիշեցի
սկիզբէն
ի
վեր
ինծի
ցաւ
պատճառող
պարագան.
Պատանեկութեան
հասակէս
որբ
եւ
անպաշտպան
մնալով՝
հակառակ
կամքիս
գրեթէ
երկու
տարուան
դպրոցական
կեանքս
թողած
ընտանեացս
օրապահիկ
հայթայթելու
գործի
մը
կամ
արհեստի
մը
ծառայած
էի,
(թէեւ
ժամանակին
գերդաստանս
նշանաւոր
եղած
էր
եւ
թաղերնիս
մեր
գերդաստանին
անունով
«Ճանկիւլեան
թաղ»
կը
կոչուի
դարերէ
ի
վեր
եւ
մինչեւ
այսօր).
Երբ
այդ
դաստիարակութենէն
զրկուիլս
եւ
անուս
մնալս
յիշեցի,
քանի
մը
անգամ
սրտէս
հառաչներ
դուրս
եկան։
Կը
յիշէի
այն
պարագան
որ
զիս
Յեղափոխական
ասպարէզ
նետելու
պատճառ
դարձած
էր
եւ
քանի
որ
համոզումով
այդ
ասպարէզը
մտած
էի.
այս
կետերը
հրճուանքով
եւ
սրտի
բերկրանօք
յիշեցի։
Հայրենիքիս
մէջ
ընկերներուս
հետ
ունեցած
կեանքս
յիշեցի։
Դաշտեր,
ձորեր
ու
լեռներ
կը
պատկերանային
աչքիս
առջեւ.
այդ
վայրերը
որ
վաղուց
ի
վեր
սրտիս
մէջ
քաղցր
ու
տխուր
յիշատակներ
պահած
էին։
Կը
յիշէի
մանուկ
հասակի
մէջ
թողուցած
երկու
արու
զաւակներս,
կը
մաղթէի
որ
անոնք
ալ
իրենց
ժամանակին
զգան
թէ՝
ինչո՞ւ
ծնան
ու
ինչո՞ւ
կ’ապրին
եւ
օր
մը
դէպի
Ազգ
եւ
Հայրենիք
իրենց
ունեցած
պարտականութիւնը
կատարեն։
Կը
յիշէի
այն
պարագաները
որ
ենթարկուած
հիւանդութենէս
յուսահատած
էին
ընտանիքս,
ընկերներս
եւ
բարեկամներս։
Կը
մտաբերէի
այն
դէպքերը
եւ
գործերը,
որոնց
մէջ
մասնակից
ըրած
էին
զիս
ընկերներս։
Կը
յիշէի
այն
տարտամ
վիճակս
եւ
անստոյգ
կացութիւնը
որ
լոկ
յոյսէ
մը
մղուած,
ըսած
էի
ինքնիրենս.
«Պիտի
յաջողի՞մ
հասնիլ
նպատակիս»
եւ
վերջին
հրաժեշտս
տուած
էի
հայրենիքիս
եւ
ընկերներուս
ու
հեռացած
էի
ծննդավայրէս։
Սիրտս
ուրախութեան
մէջ
սկսաւ
լողալ,
երբ
կը
մտածէի
թէ
տարիներէ
ի
վեր
ունեցած
փափաքս
քանի
մը
ժամէն
պիտի
իրականանար,
առիթը
պիտի
ներկայանանար
որ
իբր
ժողովուրդի
զաւակը
առ
Ազգս
եւ
Հայրենիքս
ունեցած
պարտականութիւնս
կատարեմ
կարողութեանս
չափով.
ուստի
ինքզինքս
բարեբախտ
կ’զգայի
որ
քանի
մը
ժամէն
սիրելի
ընկերներուս
հետ
ուրախ
զուարթ
պիտի
դիմէինք
հոն,
ուր
կանչուած
էինք
մեր
պարտականութիւնը
կատարելու…։
Քանի
որ
ինքզինքս
շատ
երջանիկ
եւ
բարեբախտ
կ՚զգայի,
որոշեցի
աչքերս
փակել
եւ
քնանալ,
բայց
յանկարծ
յիշողութիւնս
դարձաւ
դէպ
ի
ծերունի
մայրիկս
եւ
յիշեցի
իր
քանի
մը
անգամ
կրկնած
որոշ
եւ
շեշտակի
խօսքերը,
զորս
զանազան
դիպուածներէ
վերջ
ինծի
ըսած
էր.
–
Զաւակս,
դուն
քու
բնական
մահուամբդ
չպիտի
մեռնիս։
Ուրեմն
մայրիկիս
ըսածը
ճիշտ
է
եղեր
մտածեցի,
եւ
արդէն
իր
ըսածին
եւ
իմ
ընելիքիս
մէջ
շատ
քիչ
տարբերութիւն
կայ,
այսինքն
ես
յօժարութեամբ
մեռնելու
կ՚երթամ։
Ուստի
ծնողքիս
այդ
խօսքերը
յիշելիս
չափէն
աւելի
ուրախութիւն
պատճառեց
ինձ.
սրտովին
որդիական
խոնարհ
յարգանօք
վերջի
հրաժեշտս
ղրկեցի
իրեն.
«Մնաս
բարեաւ
սիրելի
մայրիկս»
ըսելով
աչքերս
փակեցի
եւ
քնացայ…։
Առաւօտ
էր.
սենեակիս
վրայ
կարծես
մահուան
սեւ
քօղ
մը
պարզուած
էր.
Ինչ
որ
ալ
ըլլար.
պէտք
էր
վերջին
հրաժեշտս
տայի
այդ
խորհրդաւոր
սենեակին.
այն
սենեակին
որ
մէկէ
աւելի
մեր
բուռն
վիճաբանութեանց
թատրն
եղած
էր,
շատ
անգամներ
մեր
ընկերական
քաղցր
եւ
տխուր
յիշատակներու
խուլ
հանդիսատես
եւ
գերեզմանն
եղած
էր,
վերջապէս
այն
սենեակին՝
որ
կը
լքէր
զիս
եւ
որոշած
էր
այլ
եւս
զիս
չընդունիլ
իր
ծոցին
մէջ,
եւ
ես
սիրով
համակերպած
էի
իր
որոշումը
գործադրել։
Անպարճեանի
հետ
տաք
տաք
համբոյրներ
փոխանակեցինք.
գոնէ
ինձ
համար
վերջին
համբոյրներս
էին։
Ժամը
հասած
էր,
պէտք
էր
իրարմէ
բաժնուէիմք,
որովհետեւ
Անպարճեան
ստիպուած
էր
կարեւոր
գործի
մը
պատճառաւ
քիչ
մը
ուշ
գալ
Մայր
եկեղեցի
եւ
թերեւս
այլեւս
զիրար
չտեսնէինք։
Շատ
դառն
պէտք
էր
ըլլար
հրաժեշտս,
քանի
որ
երկուքիս
մէջ
շատ
քաղցր
եւ
տխուր
յիշատակներ
կային
եւ
իբր
ընկեր
շատ
բան
պարտ
էի
իրեն…։
Անպարճեան
սկսաւ
տխրիլ
եւ
աչքերը
լեցուիլ.
դարձայ
եւ
իրեն
ըսի.
Մի
լար,
ես
ուրախ
եմ
որ
այս
բերկրառիթ
ժամը
տեսնելու
բարեբախտութիւնն
ունեցայ։
Կրկին
համբուրուեցանք
եւ
իսկոյն
սենեակիս
դրան
մօտեցայ.
եւ
դարձայ
իրեն
ըսի։
Գրիգո՛րս,
հայրենեացս
սէրը
զիս
կռուոյ
դաշտը
կը
կանչէ
պարտականութիւնս
կատարելու,
ու
կ՚երթա՛մ,
«մնաս
բարեա՜ւ».
ըսելով
սանդուխներէն
վար
իջայ,
փողոց
ելայ
եւ
վերջին
անգամ
ըլլալով
դարձայ
ակնարկ
մը
նետեցի
սենեակիս
պատուհանին
ու
հեռացայ։
Գումգաբուի
երկաթուղիի
կայարանին
սրճարանը
նստած
Մուրատին
կ՚սպասէի։
Հարիւրապետնիս
Նազարէթ
Լուսիկեան
լուր
բերաւ
թէ
երկու
ծպտեալներ
Մայր
եկեղեցի
Ներսէս
Վարժապետեանի
գերեզմանին
քով
կեցած
են։
Լուրն
ինքնին
շանթահարիչ
էր,
բայց
պէտք
էր
պաղարիւնութիւնը
չկորսնցնել
եւ
գործը
վարել։
Իրենց
վրայ
լաւ
հսկել
տուր,
եթէ
երբեք
ընկերներէն
մէկը
ղրկես
որ
իրենց
խօսակցութիւններէն
քանի
մը
բառեր
լսէ,
աւելի
լաւ
կ՚ըլլայ,
ըսի։
Իսկոյն
փութացի
այդ
գէշ
լուրը
Մուրատին
տալու
որ
իր
սենեակին
մէջ
բժշկական
համազգեստներու
փոխարէն
պարզ
եւ
սովորական
հագուստով
կը
ծպտուէր։
Պէտք
էր
աճապարել
ու
եկեղեցի
իջնել
եւ
անցուդարձերուն
տեղեակ
ըլլալ։
Դեռ
եկեղեցի
չհասած
Նազարէթէն
լրաբարը
եկաւ։
Լրտեսները
մեկնած
էին.
անշուշտ
տեսնելով
ժողովուրդը
իր
հանդարտ
եւ
սովորական
վիճակին
մէջ,
ըսած
էին.
«Երթանք,
սխալ
ըլլալու
է,
այդ
տեսակ
բան
մը
չերեւիր,
անգամ
մ’ալ
այսպէս
սխալ
տեղեկութիւն
տուաւ»։
Որոշեցինք
ցոյցը
փութացնել,
մինչեւ
«Առաքելոց»ի
ժամանակ
չսպասել,
կարելի
էր
լրտեսները
դիտմամբ
այդպէս
ըսած
ու
մեկնած
էին
տարբեր
կարգադրութիւններ
ընելու
նպատակաւ,
եւ
Առաքելոցէն
առաջ
գալով
ցոյցը
վիժեցնել
տան։
Առաքելոցէն
առաջ
սկսելու
պատասխանատուութեան
խնդիր
մը
կը
մնար.
այդ
պատասխանատուութիւնը
Մուրատ
եւ
ես
պիտի
ստանձնէինք։
Պահանջմնագիրներն
գրեթէ
ամէն
տասնապետներու
քով
կը
գտնուէին,
որպէսզի
Սեղանէն
կարդացուած
միջոցին
իրենք
ալ
ժողովուրդին
մէջ
սփռէին։
Պաղարեամբ
եւ
սովորական
ձեւով
Մուրատին
հետ
գացինք
աջակողմեան
դասը
կեցանք.
Լրտեսներու
մեկնիլը
եւ
գուցէ
վերադառնալնին
սրտիս
վախ
կ’ազդէր
որ
մի
գուցէ
ցոյցը
վիժեցնել
տան։
Շատ
ստիպեցի
եւ
համոզեցի
Մուրատը
որ
իսկոյն
սկսինք.
«Մուրատ
դեռ
շուտ
է»
ըսելով
կը
ջանար
զիս
համոզել։
Դերերը
փոխելու
պատասխանատուութիւնը
յանձն
առնելու
որոշումով,
երբ
Աշըգեան
ու
դպիրները
ատեան
կ’
երթային
«Փառք
ի
բարձունս»
սկսելու.
Մուրատին
«դուն
առ
Աշըգեան»
ըսելով
անմիջապէս
սեղան
ցատկեցի
եւ
սկսայ
պահանջմնագիրը
կարդալ։
Դպիրները
միայն
«Փա˜ռք…»
կրցան
ըսել
ու
ժամերգութիւնն
ընդհատեցաւ։
Պահանջմնագիրին
ընթերցումը
դեռ
չվերջացած՝
ետեւէս
ձեռք
մը
յափշտակեց
թուղթը
ետիս
դարձայ
լուսարարապետ
Տէր
Սուքիաս
քահանան
տեսայ,
որ
Խաչկալին
ետին
փախաւ.
իսկոյն
վեցհարուածեանս
հանելով
ետեւէն
վազեցի,
բայց
Խաչկալին
ետեւի
դուռը
գոց
գտայ։
Արդէն
պահանջմնագիրը
ժողովուրդին
մէջ
ցրուած
էր,
հարկ
չկար
պակաս
մնացածը
կարդալ։
Մուրատ
եւ
Աշըգեան
չկային
մէջտեղ։
Կարծելով
թէ
Մուրատ
արդէն
Աշըգեանը
առած
տարած
է,
ուզեցի
Ս.
Յարութիւն
եկեղեցիէն
դուրս
ելլել,
այդ
պահուն
մեր
ընկերներէն
միոյ
հարցուցի
թէ
Աշըգեան
Պատրիարքարա՞նն
է
թէ
Մուրատի
հետ
գնացին.
քովերնիս
գտնուող
պատանի
մը
ըսաւ.
Աշըգեան
փախաւ
հոս
մտաւ.
(շապիկներու
տեղը
ցոյց
տալով)։
Իսկոյն
դուռը
բացի
ներս
նայեցայ,
հոն
չտեսայ.
պիտի
վերադառնայի,
յանկարծ
ականջիս
երկաթի
չխըրթոցի
ձայն
մը
հասաւ։
Անմիջապէս
կրկին
ներս
մտայ։
Աշըգեան
պարտեզը
հասնող
դրան
ետին
կծկտած
երկաթի
կտորով
մը
կ’աշխատէր
փականքը
բանալ,
պարտէզ
ելլելու
համար։
Ի՞նչ
կ’ընես
հոս,
պոռացի.
սարսափեցաւ,
իսկոյն
ոտուըներուս
փաթթուեցաւ
եւ
պաղատական
ձեւով
մը
ըսաւ.
–
Ի
սէ՜ր
Աստուծոյ
կեանքիս
խնայէ,
մեղք
եմ։
Ինչպէս
կ՚երեւէր,
ձեռքս
գտնուած
ատրճանակն
էր
որ
զինքը
կը
սարսափեցնէր։
Մօրուքէն
բռնելով
ոտքի
հանեցի
եւ
ըսի։
Շո՜ւտ
հետեւէ
ինծի։
Ա՜խ
անկարելի
է,
չեմ
կրնար
Պալատ
երթալ.
ի
սէր
կարգիս
խնայեցէք
ինծի։
Աշըգեանի
թեւէն
բռնած
կը
քաշքշէի
եւ
ինքը
կ՚ընդդիմանար։
Ուրեմն
կեցեր
քեզ
սպաննեմ
ըսելով
ատրճանակս
դէպի
զինքն
ուղղեցի
օդին
մէջ
պարպելով՝
Աշըգեան
գետին
փռուած
էր։
Բայց
կարելի
չէր,
պէտք
էր
որ
հետեւէր։
Ս.
Յարութիւն
եկեղեցիէն
դեռ
նոր
դուրս
ելած
էինք։
Յանկարծ
Մայր
եկեղեցիին
հրշէջներու
խումբը
մեր
վրայ
խուժեց
եւ
Աշըգեանը
ձեռքէս
առնելով
սկսան
զիս
գանակոծել
կռուբով
գաւազանով
եւ
բիրով։
«Սխա՜լ
էք,
սխա՜լ
էք»
ըսելս
կարեւորութիւն
չունէր,
խօսք
մտիկ
չէին
ըներ
այլ
շարունակ
կը
հարուածէին։
Ի՞նչ
կարող
էի
ընել
այդ
հուժկու
հրշէջներուն.
անհնար
էր
անոնց
ձեռքէն
ազատիլ.
արդէն
գլխէս,
ճակտէս
եւ
ձեռքէս
վիրաւորուած
էի
եւ
արիւն
կը
հոսէր,
ու
ատամներէս
երկուքը
կոտրած
էին։
Մտածեցի
մեռնիլ
կեղծել,
որպէս
զի
կարենամ
ձեռքերնէն
ազատիլ,
աչքերս
գոցելով
նուաղելու
ձեւ
մը
առի՝
վիզս
ծռած
դալկահար։
«Ալ
մի՛
ծեծեք
մեռաւ
լմնցաւ»
պօռռացին։
Իսկոյն
ծեծելէ
դադրեցան
եւ
սկսան
ետ
քաշուիլ.
իբր
անշնչացեալ
դիակ
մը
գետնին
փռուեցայ
եւ
հրշէջները
ցրուեցան։
Ատարճանակս.
դաշոյնս.
փամփուշտներս
եւ
ժամացոյցս
տարած
էին։
Բնականաբար
ժողովուրդը
շուրջս
պիտի
խռնուէր
տեսնելու
թէ՝
ո՞վ
է
մեռնողը։
Երեսի
վրայ
գետին
փռուած
էի,
անգամ
մը
աչքս
բացի
տեսա
որ
մեր
Սեբաստացի
Յովակիմ
տասնապետն
գլխուս
քով
նստած
էր,
գիտէի
որ
ինքը
ատրճանակ
ունէր։
«Շուտով
ատրճանակդ
ինծի
տուր»
ըսելով
ոտքի
ելայ։
Իսկ
երբ
կ՚ուզէի
Մայր
եկեղեցիէն
դէպի
Պատրիարքարան
երթալ,
լուսարար
Յովհաննէս
բարձր
ձայնով
պօռաց.
«Սո՜ւտ
է,
մեռա՜ծ
չէ
եղեր.
նորէն
եկա՜ւ,
փախէ՜ք»։
Սկսուած
ժամերգութիւնը
նորէն
ընդհատուեցաւ,
քահանաները
եւ
դպիրները
զիս
տեսնելուն
պէս
միւս
դասը
խուժեցին։
Յովակիմ
առաջս
ինկած
«Ճամբայ
բացէ՛ք»
կը
պօռար։
Ո՞վ
կրնար
ճամբայ
չբանալ,
չէ՞
որ
լուսարարին
արձակած
բացագանչութիւններէն
ամենքն
ալ
սարսափով
լեցուած
էին։
Եկեղեցիին
ոէջ
դէմս
ելաւ
Երուսաղէմի
Փոխանորդ
Սէֆէրեան
Սիմէոն
եպիսկոտոս։
Ձեռքն
ունեցած
հաստ
բիրն
ուզեց
գլխուս
իջեցնել
«Դո՞ւն
ես
այս
ամենը
ընողը»
ըսելով։
Անմիջական
շարժումս
իր
բիրը
բոլորովին
պարապը
գնաց
փոխանակ
գլխուս
գալու։
Ատրճանակիս
բունով
վեղարը
լաւ
մը
գլխուն
իջեցուցի
եւ
կից
մը
տալով
գետին
տապալեցի
զինքը
ու
մե՜ղք
է
գնդակիս,
ըսելով
ճամբաս
շարունակեցի
դէպի
Պատրիարքարան։