Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ. ՍՈՍԿԱԼԻ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ

Մարօյի մեկնելէն վերջ կը մտածէի թէ այս վիճակիս մէջ մնալս թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ նիւթապէս ինծի աղետաբեր եւ վնասակար պիտի ըլլայ, քանի որ առանց կաշառքի չպիտի կարենամ այս ծանր շղթան ոտքէս հանել տալ եւ օր առաջ խանութիս գործովը զբաղիլ։ Հետեւաբար քանի մը օր վերջն ըլլալիքը կամ ընելիքս օր առաջ ընել աւելի խոհեմութիւն էր։ Վերջապէս որոշեցի հետեւեալ օրը հազարապետին միջնորդը կանչել եւ սակարկութեան մտնել։

Յանկարծ փոխ-տնօրէնը եկաւ սենեակիս դուռը բանալ տուաւ եւ ըսաւ թէ հազարապետը զիս կ’ուզէ։ Սենեակէն ելնելով երկու ոստիկան զինուորի հսկողութեամբ կառավարչատուն կ’երթայինք։ Կը մտածէի թէ հազարապետին զիս կանչելը ի՞նչ պէտք էր ըլլալ. ենթադրել թէ հազարապետը ոտքիս ծանր շղթան հանելու հրաման պիտի տայ, այդ կերպ մտածելս լոկ զառանցանք մը կրնար ըլլալ, որովհետեւ ես լաւ համոզուած էի որ առանց քանի մը ոսկի առնելու այդ բանը չպիտի ընէր։ Իսկոյն սարսուռ մը անցաւ երակներուս մէջէն. Մարօյի խնդիրը մտքիս մէջ ծագում առաւ, բայց Մարօն չորս օր էր որ Աքեայէն մեկնած էր։

Բանտին տնօրէնը հազարապետին սենեակը նստած տխուր կերպով կը մտածէր. հազարապետին դէմքը դաժանցած բարկութեան նշոյլները կ’երեւէին. մինչեւ այդ օրը հազարապետն այդ վիճակին մէջ տեսած չէի. ձեռքն ունեցած հեռագիրը սեղանին վրայ դրաւ եւ դարձաւ խոժոռ դէմքով մը ինծի նայեցաւ. կրկին հեռագիրը ձեռքն առաւ եւ կարդալէ վերջ գլուխն երերցնելով ըսաւ.

(Հեգնական). Արթին էֆէնտի անցեալները կին մը եկած էր ձեր քով, ո՞վ էր այդ կինը։

Զբօսաշրջիկ Օրիորդ մ’էր տուփեր եւայլն գնեց։

Իս երկրորդ եւ երրորդ անգամ ի՞նչ ընելու համար եկաւ։

Նորէն գնումներ ըրաւ ուրիշ ոչինչ։

Այս հարցումիս պատասխանէ։ Ո՜վ էր այդ կինը եւ անունը ի՞նչ էր։

Առաջուընէ ոչ զինք կը ճանչնայի եւ ոչ ալ անունը գիտէի։

Ո՞ւրկէ կուգար եւ ո՞ւր գնաց։

Ատոնք այնպիսի հարցումներ են որոնք դուք լաւ գիտէք թէ չպիտի կրնամ պատասխանել։

Շատ ճիշդ է ըսածդ. կրնաս միջոցներ գտնել եւ Նազարբէկի կինը Մարօն Աքեա բերել տալ ու երեք անգամ անոր հետ տեսակցելով փափաքիդ հասնիլ եւ իսկոյն Աքեայէն հեռացնելով մօրուքիս խնդալ, քանի որ այս ամենքը կրնաս ընել, տարակոյս չկայ որ իմ հարցումիս չպիտի կրնաս պատասխանել։

Ձեռ ըսածը նորութիւն մ’է ինձ համար եւ սխալ մը կայ գործին մէջ. հետեւաբար չեմ կրնար ոչինչ պատասխանել։

Հազարապետը տեղէն ելլելով քովս եկաւ եւ ակռաները կրճտելով ձեռքերը ետին կապած ըսաւ.

Ի՞նչ ընեմ հիմա քեզի.

Արդէն եղածը եղած է (շղթաս ցոյց տալով) այլեւս ուրիշ ընելիքնիդ մնա՞ց։

Հիմա պիտի տեսնես ընելիքս, ըսելով դարձաւ դէպ ի տնօրէնը եւ ըսաւ.

Քեզի հարցնեմ եւ դուն ըսէ. ինչ ընեմ եւ ի՞նչպէս վարուիմ քեզի հետ։

Տնօրէնը ըսաւ. «Եղածներէն տեղեկութիւն չունիմ որ ըսեմ»։

Տեղեկութիւն չունի՞ս մի. ես քեզի վերջը կը սորվեցնեմ. (ինծի ցոյց տալով) ասիկա բնաւ յանցանք չունի յանցանքը ձերն է որ ասիկա ամէն ինչ ձեզի ընել կուտայ բանտին մէջ եւ ամեն տեսակ խաղեր կը խաղայ իր ուզածին պէս։

Ես միջամտելով ըսի. բնաւ երբեք չեմ ընդունիր ո՛չ անոնք բանէ մը տեղեկութիւն ունին եւ ոչ ալ յանցանք. ես արդէն մինչեւ հիմա բան մը ըրած չունիմ։

Իսկոյն հազարապետը զիս լռեցուց եւ ըսաւ.

Լռէ՞, դեռ կը խօսի՞ս, եւ խօսելու ալ երես ունիս, այնպէս չէ. հիմա պիտի տեսնես։

Կառավարչատան տասնապետը կանչեց եւ ըսաւ.

Տարէք ասիկա եւ ամենէն ծանր շղթան երկու ոտքն անցընելով ներսը ձգեցէք։

Եւ կրկին դէպ ի ինձ դառնալով ըսաւ.

Տես սա վիճակդ սատկելու մօտեցած ես, նորէն հանդարտ չես կենար, անհոգ եղիր ես քեզի պէտք եղած կերպով կը խելօքցնեմ…

Կառավարչատան բանտի (գափու ալթը) համար էր հազարապետին ըսածը, Աքեայի ամենէն սոսկալի աղտոտ եւ ոջլոտ տեղն է, որովհետեւ հոն բանտարկուողները առժամանակեայ ըլլալուն համար ոչ անկողին ունին եւ ոչ ալ մաքրութեան հոգ կը տարուի։ Մօտաւորապէս 35 օխա ծանրութեամբ շղթայի երկու ծայրեր երկու սրունքներուս անցնելով (երկու սրունքները շղթայ կրելն ամենասոսկալին էր, չէ թէ միայն ծանրութեան համար, այլ որչափ ատեն այդ շղթան կրէ բանտարկեալը չի կրնար իր տափատն ու ներքնաշորն փոխել). այդ աղտոտութեան մէջ ձգեցին զիս։

Տառապանքը սոսկալի էր. ոջիլն այն աստիճան շատ էր որ գետնի վրայ անոնց քալելն իսկ որոշ կերպով կը տեսնուէր. արդէն լուի եւ մլուկի քանակի մասին խօսիլն աւելորդ է։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն վրայէս ոջիլ կը ժողվէի։ Մեր Հայերուն հետ տեսնուիլը արգիլուած էր թէեւ գաղտնի կերպով կը թղթակցէի։ գիշերները գոնէ քնանալ կը ջանայի, այդ ալ անկարելի կը դառնար, որովհետեւ Արաբները կամ այն է մեծ վերմակիս պարապ մնացած ծայրերուն վրայ կը պառկէին եւ կամ քիչ մը քնանալէս վերջ վերմակը վրայէս առնելով գետին կը փռէին ու վերմակիս վրայ պառկելով կը քնանային. այդ տեսակ կիսավայրենիներու դիտողութիւն ընելն ինքնին աւելորդ էր։ Ուրեմն գիշեր եւ ցորեկ հանգստութիւն մը չունէի եւ սոսկալի կերպով կը տառապէի։ Ինչ որ ինծի զարմանալի կը թուէր այն էր թէ՝ այդ բանտին մէջ տախտակի նշոյլ մը իսկ չկար. շէնքը քարուկիր էր ու մութ եւ գետնին հողը տարուան եւ ոչ մէկ եղանակին կը չորնար եւ միշտ խոնաւ էր. ուրեմն այդ մլուկները ո՞ւրկէ կը գոյանային։ Գիշերներն այդ խոշոր ոջիլներուն պատճառաւ մարմնոյս մասերն այնչափ կը քերէի որ կ’սկսէր արիւնոտիլ։ Ոջիլները սոսկալի էին. ոչ թէ կը պակսէին, այլ երթալով կ’աւելնային որովհետեւ նորեկ Պէտավի եւ Ֆիլլահ բանտարկեալներն իրենց վրայ գտնուած ոջիլերն չէին սատկեցնէր, այլ վրանուն առնելով գետին կը ձգէին։ Ատոնցմէ շատերը գիշերը բանտին մէկ անկիւնը կը միզէինեւ այդ գարշելի հոտը բանտին մէջ կը մնար։ Նոր եկող բանտարկեալներէն շատերը զիս այդ վիճակին մէջ տեսնելով, կուգային շուրջս կը նստէին եւ կ’ուզէին հասկնալ թէ ինչո՞ւ համար այդ վիճակին ենթարկած են զիս, քանի՞ հոգի սպաննած եմ եւ ի՞նչ մեծ ոճիր գործած եմ։

Ծխախոտս գաղտնի կերպով դուրս կը հանէի, որովհետեւ իսկոյն բոլորտիքս կը շարուէին եւ ծխախոտ կամ սիկար կ’ուզէի։

Վերջէն հասկցայ թէ Մարօյի գալը եւ երթալը ի՞նչպէս իմացած էր հազարապետը։ Ես իրաւունք ունէի Մարօն զգուշացնելու որ բերդարգելոց հետ չտեսնուի։ Ճիշդ կասկածածիս պէս ալ եղած էր։ Նաթուրեան խմբակէն մէկը կ’երթայ հազարապետին լուր կուտայ որ Մարօն Նազարբէկին կինն է եւ իր թարգմանն ալ այն ինչը։

Հազարապետն իսկոյն գործի կ’սկսկի. թէեւ ինքը՝ Մարօն միայն կրնար ձերբակալել ու ոչ թէ բանտարկել, բայց Նազարբէկի մը կինը եւ Հնչակի հիմնադիր մը ձեռք անցընելու ճարպիկութիւնը կ’ուզէր ցոյց տալ կառավարութեան, բայց ի զո՜ւր չէր յաջողած։

Հազարապետը երկու օրէն վերջ հազիւ կրնայ ձեռք ձգել Մարօյն թարգմանը։ Հազարապետը թարգմանը շատ չարչարելէն վերջ ըսած էր թէ Մարօն Երուսաղէմ պիտի երթար։

Հազարապետն իսկոյն կը հեռագրէ Երուսաղէմ, բայց ապարդիւն որովհետեւ Մարօն հեռագիրէն երեք ժամ առաջ Երուսաղէմէն Յոպպէ կը հասնի եւ Աւստրիական շոգենաւով կը մեկնի Աղէքսանդրիա։ Ուրեմն թռչունը վանդակէն փախած էր։ Նաթուրեան խմբակը Մարօյի ինքնութիւնը մատնելէ երեք օր վերջն կ’իմանայ Մարօյի իմ քով գալն եւ տեսնուիլն եւ իսկոյն հազարապետին լուր կուտայ։ Կարծես բաւական չէր որ ջերմէ եւ արիւնահոսութենէ կը տառապէի, ահա այդ տառապանքին ալ ենթարկուած էի։

Օրերը կը սահէին, հազարապետը ի՛նչպէս կ’երեւէր դեռ իր վրէժը լուծած եւ կիրքին յագուրդ տուած չէր։ Որչափ որ կ’աշխատէի ինքզինքս անվհատ ցոյց տալ եւ տոկալ, բայց ծանր շղթային ներքեւ՝ այդ հիւանդ եւ աղտոտ վիճակովս եւ ոջիլներու մէջ սկսած էի հիւծիլ ու մաշիլ, կատարեալ կմախք մը դարձած։ Հազարապետը անգամ մը իր զարմանքն յայտնած էր իր մէկ բարեկամին թէ ինքը չի յուսար եղեր այդչափ տոկալուս եւ վեհանձն մնալուս, որովհետեւ 21 օր էր դեռ միջնորդի մը միջոցաւ որ եւ իցէ զիջում մը ըրած չէր հազարապետին բայց աւաղ որ հազարապետին այդ յայտարարութենէն չորս օր վերջ հազարապետին միջնորդը կը կանչէի եւ սակարկութեան կը մտնէի, նկատելով որ այդ դրութեան մէջ մնալս կը նշանակէր կեանքս վրայ տալ, այսինքն մեռնիլ։ Վերջապէս շատ դժուարութեամբ հազիւ հազիւ կարողացայ 34 օրէն վերջ 8 անգլ. ոսկի կաշառք տալով դուրս ելնել, շղթան հանել տալ ու «լիման» երթալ։ Այն աստիճան նիհարցած եւ հիւանդ էի որ շատ դժուարաւ կրցայ այդ հինգ վայրկեանի ճամբան քալել եւ շնչասպառ ինքզինքս «լիման»իսենեակս ձգել։

Որչափ որ շղթաներս փոխուեցան, ու օրեր անցան բայց հիւանդութիւնս մնաց այն ծանր շրջանին մէջ, ես կը կարծէի թէ կառավարչատան բանտէն Լիման գալէս քանի օր վերջը պիտի անցնէր հիւանդութեանս ծանրութիւնը։

Ջերմս այն աստիճան սաստկացաւ որ երկու օրը անգամ մը երբ կ’սկսէր. ամբողջ 5-6 ժամ նուաղկոտ վիճակի մը կ’ենթարկուէի, այն աստիճան անզգայ որ երբեմն Գըլըճեան Լիման կուգար եւ զիս իր լանջքին մէջ կ’առնէր որ ոչինչ չէի զգար սթափելէ վերջ էր որ կը տեսնէի թէ Գըլըճեանի լանջքին մէջ եմ։

Մշեցւոց մէջ կը գտնուէր Մխիթար Սէֆէրեան (Շահէն) անունով մէկը որ 15 տարուան բերդարգելութեան դատապարտուած էր։

Ինքը շատ ուշիմ եւ լուրջ մէկն էր եւ նշանաւոր Մշեցի Արապօյի ընկերներէն էր։ Քիչ ատենէն մեր համակրանաց արժանացաւ։ Գրել կարդալ չէր գիտէր, բայց շատ փափաք ունէր եւ երկու տարուան մէջ սորուեցաւ։ Մխիթար կը փափաքէր օր առաջ երթալ եւ մասնակցիլ իր ընկերներուն որոնք կը գործէին։ Օրէ օր կ’սպասէր ընդհ. ներումին, եթէ երբէք ներումն ուշանար, անպատճառ պիտի փախչէր Աքեայէն։

Ընդհ. ներումն կ’ուշանար. ըստ սովորութեան օր մը բանտ եկաւ եւ քանի մը վայրկեան տեսնուելէն վերջ վճռաբար ըսաւ.

Այսօր պէտք է փափաքիս գահացում տաս, եւ չի մերժես առաջարկս։

Մխիթար գիտէր որ զինքը շատ կը սիրէի եւ չափէն աւելի համակրած էի իրեն. ես կարծեցի թէ իր առաջարկը այնպիսի բանի մը շուրջը կը դառնայ որ կարող եմ զինքը գոհացնել, ուստի ըսի ժպտելով.

Ամենայն սիրով, ի՞նչ կ’ուզես։

Որոշած եմ փախչիլ եւ պէտք եղած դիւրութիւն տալ քեզմէ կախւոմ ունի։

Որոշումիդ ոչինչ ունիմ ըսելու, բայց ես բանտին մէջէն ի՞նչպէս կարելի է որ դիւրութիւն տամ, այդ ըսածդ քիչ մը պարզէ որ պէտք եղածը պատասխանեմ։

Արդէն բանտին մէջ ըլլալով չես կարող ինձ օգնել. բայց բանտին մէջ կայ մէկը որ կրնաս ազդել իր վրայ եւ անիկա կարող է այս պարիսպէն դուրս ինծի դիւրութիւններ տալ, ահա այս է որ կը խնդրեմ ձեզմէ ըսաւ։

Ո՞վ է։

Պետրոս Հատատն է, պարսպադռնէն ելնելէս վերջ քանի որ ճանբան չեմ գիտեր հոն մէկը ինծի առաջնորդէ Պետրոսենց գիւղը Պասա եւ Պետրոս յանձնարարէ իր եղբայրներուն որ Պասայէն ինծի Լիբանան ղրկեն, որպէս զի անկէց Կիլիկիա երթամ։

Սիրելի Շահէն, ըսի, ես վստահ եմ որ Պետրոսը զիս չպիտի մերժէ, յամենայն դէպս ես զինքը պիտի համոզեմ. ուրեմն այժմէն կրնաս պատրաստութիւններ տեսնել։

Պետրոս չմերժեց առաջարկս եւ իրիկուան երկտող մը ղրկեց եղբօրն որ հետեւեալ օրն եկաւ եւ անձամբ տեսնուեցայ իրեն հետ. ուրախութեամբ ընդունեց եւ ապահով կերպով Լիբանան հասցընելու խոստումը տուաւ։ Պատրաստեցինք պարիսպէն դուրս ելլելու ծրագիրն եւ ժամադրութիւնն որոշեցինք։

Շահէնին ամէն ինչ ըսած եւ պարզած էի, յանկարծ Շահէն սկսաւ տխրիլ եւ աչքերը լեցուիլ, ուստի իրեն ըսի.

Սիրելի՛ Շահէնս օր մ’ալ թերեւս զիրար կը համբուրենք այս բանտէն դուրս արդէն քոյ յաջողիլն ինձ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Երբ անվտանգ Պասա, Լիբանան եւ Կիլիկիա հասնիս, անմիջապէս գրէ ինծ գիտեմ որ դրամի պէտք ունիս, առ հիմա այս մէկ ոսկին. աս քեզի հասցէներ պիտի տամ, երբ դրամի պէտք ունենաս գրէ անոնց անմիջապէս կը ղրկեն քեզ։ Շահէն շատ դժուարաւ ընդունեց տուած մէկ ոսկիս։ «Երթա՛ս բարով, բարի յաջողութիւն» ըսելով ուղարկեցի զինքը։

Շահէն ըստ իր խոստման Պասայէն եւ Լիբանանէն ու Կիլիկիայէն գրեց ինձ. ես բոլորովին ապահով եղայ եւ մասնաւոր շնորհակալութիւնս յայտնեցի Պետրոսին Հատատին եղբօրը որ այդ դժուարին գործն ի գլուխ հանած էր։

Շահէնի Կիլիկիայէն գրած երկտողը չափէն աւելի ուրախութիւնպատճառեց ինծի։ Գիտնալով թէ Շահեն այլեւս վատ Հայու մը ծուղակը չիյներ որ զինքը կառավարութեան յանձնէ եւ թէ ինքը որ ազատ էր, կարող է գործել արդիւնաւոր կերպով եւ յեղափոխական գործին օգտակար ըլլալ։

Տիկին Մարօն մեկնելու ատեն ինծի ըսած չէր թէ Իպրահիմ Խուրիի քով 200 ֆր. թողած է իբր պահեստի դրամ որ երբ պէտք ունենամ առնեմ պէտքերս հոգամ։

Մարօն մեկնելէն քանի մը շաբաթ վերջ Իպրահիմ Խուրին ինծի լուր ղրկեց ռուս հիւպատոսի միջոցաւ, որովհետեւ ինքը գիտէր որ այդ օրը ինծի պէտք է այցելէ։ Ի հարկէ ես պիտի աշխատէի այդ դրամը միշտ պահեստի պահել։

Ես կը կարծէի թէ Նաթուրեան նախորդ հազարապետին քով զիս չափէն աւելի զրպարտած եւ չարախօսելէն վերջ այլեւս իր սրտի չարութեան յագուրդ տուած չէի կարծեր թէ մինչեւ վերջը ինծի թշնամի պիտի մնայ։

Բերդարգելներու մէջ կը գտնուէին քանիներ որոնք ո՛չ յեղափոխութենէ, ո՛չ հայրենասիրութենէ եւ ոչ ազգասիրութենէ տեղեկութիւն ունէին, բայց կառավարութիւնը պատեհ առիթը ներկայացած համարելով իբր յեղափոխական բռներ Աքեա աքսորել տուած էր. իրենց Աքեա հասնելէն քանի մը շաբաթ վերջը յայտնի եղա թէ ատոնք ի՛նչ նկարագրի տէր մարդիկ են որ նոյն իսկ հայութեան պատիւ չէր բերեր իրենց ընթացքը։

Մարիմեան, Գըլըճեան, Տօնապետեան, Տաքէսեան, Կէօքտէրէլեան եւ ես արդէն վաղուց մեր համոզումը գոյացուցած էինք ատոնց մասին, բայց քանի որ Հայ էին մենք ստիպուած էինք մեր ներքին աղետները մեր մէջ մաքրելու։

Կարծես թէ եղածները բաւական չէին, Նազըմ պէյ մեզի համար իբր նուէր ուրիշ մ’ալ ղրկեց որ ամեն չարիքներու ընդունակ՝ ո՛չ ամօթ եւ ոչ ալ պատիւ ըսուած բանը գոյութիւն ունէր իրեն համար։ Նաթուրեան իսկոյն բարեկամացաւ իրեն հետ. Նաթուրեանի շուրջ հաւաքուած էին նաեւ Ղազարոս եւ Յակոբ. վերջապէս Նաթուրեան իր նմաններ իր շուրջ հաւաքելով խմբակ մը կազմեց։

Բանտին մէջ փոքրիկ գործ մը ստեղծելով միակ նպատակս եղած էր գործին արտադրած շահով ապրիլ, քանի որ դուրսէն ըլլալիք աջակցութեան եւ օգնութեան բնաւ տրամադիր չէի, եւ չէի ուզէր սպասել իսկ, եւ քանի որ չոր հացով մը տարիներով բանտին մէջ ապրիլ ան անհնար էր։

Խմբակն երբեմն ինձ կը դիմէր նպարեղէն եւ պտուղ գնելու համար, եւ ես կուտայի առանց սանդիմ մը փոխարժէք առնելու, իսկ վերջէն տեսայ որ իրենք առանց մտածելու եւ քաշուելու միշտ կ’ուզեն առնել ու տանիլ, այնպէս որ ստիպուեցայ վերջ տալ իրենց ուզածին։ Քանի որ իրենք չէին զգար եւ զգուշանար, ուրիշ կերպ վարուիլս անկարելի էր, որովհետեւ իրենք պէտք էր մտածէին թէ իրենք իբր բերդարգել կրնային ամէն տեսակ առեւտրական գործեր ընել եւ ապրիլ, եւ հակառակ պարագային կրնային ո՛ եւ է ծառայութիւն ընել եւ այդ ամբականով ապրիլ, բայց ես բանտարկուած էի եւ այդ միջոցներէն զուրկ էի։ Խմբակը երբ այդ մերժմանս պատճառաւ սկսաւ ինձ հետ թշնամանալ, այդ պարագան իսկոյն տարածուեցաւ կառավարական եւ բանտի պաշտօնէութեան շրջանակին մէջ, եւ ամենքն ալ ի բացակայութեանս ինծի իրաւունք տուած եւ ըսած էին.

«Անիկա բանտին մէջ գործ մը ստեղծած է եւ անով կ’ապրի, իսկ միւսները քանի որ ազատ են քաղաքին մէջ, կարող են իրենց գործ մը գտնել աշխատիլ եւ ապրիլ. անիկա ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է, իսկ անոնք բերդարգելութեան մէկ քանի տարուան համար»։

Խմբակը մինչեւ իսկ հազարապետին ըսած էր.

«Ճանկիւլեան չկարծէք թէ բանտին մէջ իր ունեցած խանութով կ’ապրի, այդ խանութը լոկ պատրուակի համար է. Հնչակեան կուսակցութիւնը միշտ իրեն դրամկը ղրկէ եւ այդ դրամովն է որ կ’ապրի, եւ չենք գիտէր դուք ի՞նչպէս յարմար կը տեսնէք որ միայն ինքը ապրի այդ դրամով եւ մենք ապրուսին դժուարութիւն քաշենք»։

Հազարապետը կը պատասխանէ.

«Եթէ երբեք Հնչակեան կուսակցութիւնն է որ Ճանկիւլեանին դրամ կը ղրկէ եւ այդ դրամն ալ մասնաւորներու անունով իրեն կը հասնի, մենք ի՛նչ կարող ենք ընել։ Դուք միայն բան մը կրնալ ընել, դիմեցէք Հնչակեան կուսակցութեան եւ պահանջեցէք որ ձեզի ալ ղրկէ»։

«Հնչակեան Կուսակցութիւն ոչ մեզի կը ճանչնայ եւ ոչ ալ մեզի դրամ կը ղրկէ» ըսած էին։

Իպրահիմ Խուրին իր մէկ բարեկամին ի մէջ այլոց խօսած էր նաեւ իմ մասիս թէ՝ Մարօն 200 ֆր. յանձնած է իրեն եւ միեւնոյն ժամանակ յանձնարարած է որ, եթէ անկէ ի զատ ուրիշ դրամի պէտք ունենամ նորէն վճարէ եւ իրենց իմածնէ։ Խուրիի բարեկամը քանի մը օր անցնելէ վերջ Գասպարի կը հանդիպի եւ անուղղակի կերպով կը հասկցնէ որ պարկեշտութիւնը միշտ իրեն բարերար արդիւնքը կ’ունենայ, (Առանց գիտնալու թէ Գասպար իմ ոխերիմ հակառակորդս է). իբր ապացոյց կը յիշէ Տիկին Մարօյի ինծի համար յանձնած 200 ֆրանք, որ Խուրիի քով կը մնար. հետեւաբար պէտք է միշտ ազնիւ եւ պարկեշտ ըլլալ. այդ խօսքերը կ’ըսէ իբր բարեկամական յորդորները։

Գասպար այդ խօսքերը լսելէ վերջ, անմիջապէս իր լսածները խումբին կը յաղորդէ, եւ 200 ֆրանքին ձեռք բերելու միջոցն կը խորհին եւ իսկոյն գործի կը ձեռնարկեն։

Ես այդ բոլոր իրադարձութիւններու անտեղեակ, օր մը հազարապետը զիս իր մօտ կանչած էր։

Հազարապետն ինծի ըսաւ.

Իպրահիմ խուրի էֆ[էնտի]ի քով ո՞րչափ դրամ ունիս։

200 ֆր. եւ չորս մէճիթ։

Այս դրամները Նազարբէկի կինը ձգած է ձեզ համար, այնպէս չէ՞, բայ Գասպար եւ ընկերք այս դրամներու մասին բոլորովին տարբեր եղանակաւ մը վարուած են Իպրահիմ Խուրի էֆ[էնտի]ն միայն քեզ տալ կ’ուզէ եղեր։ Թող առ այժմ այս դրամները իմ քովս մնան, վերջէն ես խնդիր կը կարգադրեմ, անհոգ եղիր։

Հազարապետին այդ օրուան այս կերպ վարուիլը իսկոյն հասկցայ. այդ դրամները այլեւս ինծի համար օգուտ մը չունէին, հազարապետը դրամները փառաւոր կեպով կլլէր, ուրիշ ճար չկար։ Տրտում տխուր ստիպեալ հազարապետին ըսածներու համակերպելով Լիման վերադարձայ։

Ես եղածի մասին այլեւս երկար մտածելու պէտք չէի զգար, քանի որ գիտէի եւ լաւ ուսումնասիրած էի հակռակորդներուս նկարագիրը։

Անշուշտ այս վերջին դէպքը շատ գէշ ազդած էր Գըլըճեանի եւ միւս ընկերներուս վրայ. բայց ի՞նչ օգուտ, այդ խմբակին ձեռքէն ազատուելիք չունէի։ Իսկ անդին խմբակը պարապ չէր մնար, կը գործէր։ Նկատելով եւ համոզուած ըլլալով որ հազարապետը այդ դրամները իր քով պահելու նպատակն էր ինքը իւրացել, նկատելով որ կառավարիչին բողոքելով հազարապետը կարող էր այդ դրամները կառավարիչին հետ բաժնել, ուստի Գասպար իր խմբակին ստորագրութիւններով Պէրութի կուսակալին կը բողոքեն եւ կը խնդրեն որ պէտք եղած հրահանգը տայ Աքեա որպէս զի օր առաջ այդ դրամներ բաժնուի։

Խմբակը յաջողած էր իր ձեռնարկին մէջ. Պէրութէն հրահանգ եկած էր։ Հազարապետը զիս դիտմամբ իր քովի աթոռը նստեցուց այդ օրը։ Սեղանին վրայէն թուղթ մը առաւ եւ ինծի ցոյց տալէ վերջ ըսաւ Կուսակալութենէն եկած հրահանգն է որ քովս գտնուած դրամները պէտք է հաւասարապէս բաժնենք, ուստի մենք ստիպուած ենք հրահանգը գործադրել. այս բաշխումը հապաղեցնելու համար մէկ պարագայ կայ։ Անշուշտ պիտի բողոքես կուսակալին, տեղի ունեցած անիրաւութեան դէմ, ուստի մենք պարտաւոր ենք սպասել մինչեւ որ բողոքագրիդ պատասխանը ստանանք։

Չպիտի բողոքեմ, ըսի, ինչ կ’ուզէք այն ըրէք։

Ուրեմն ա՛ռ չորս մէճիտը որ քու դրամդ է, ըսաւ հազարապետը։

Չեմ ուզեր ան ալ բաժնեցէք։

Հազարապետը զգածուած պահ մը մտածեց ու ըսաւ.

Թէ՛ ես եւ թէ միւթէսարըֆ փաշան լաւ գիտենք որ այս դրամները քեզի համար տրուած են եւ Գասպարին ըրածը անիրաւութիւն է, բայց ի՞նչ ընենք. ինչպէս միշտ ըսած ենք, Գասպարը եւ իր արբանեակները կարծես քեզի պատուհաս ըլլալու համար հոս ղրկուած են, քանի որ ամէն ինչ գիտենք եւ լաւ գիտենք։

Հազարապետը քիչ վերջ 200 ֆր. ը եւ չորս մէճիտը բաժնել տուած էր ամբողջ Հայերուն։

Ի հարկէ 200 ֆր. եւ չորս մէճիտը իմ աչքիս նշանակութիւն չունէին։ Միայն կը ցաւէի որ Իպրահիմ Խուրիի պէս մէկու մը բարեկամութիւնը կը կորսնցնէի. այդ պարագան ինծի այնչափ գէշ ազդեց որ այլեւս սկսայ զղջալ թէ երբ կը խորհէին Նաթուրեանը սպաննել ինչո՞ւ արգիլած էի, չէ՞ որ այդ բոլոր չարիքներու աղբիւրը եւ ազդակը Նաթուրեան եղած էր. ատոր մասին մտածել այլեւս օգուտ մը չունէր…։

Դրամներուն բաշխումն ոչ թէ միայն ընկերներուս եւ բանտին բանտարկելոց ու պաշտօնէից, այլ նոյնիսկ Աքեայի բնակիչներէն քանիներու վրայ շատ գէշ տպաւորութիւն ըրած էր։

Գըլըճեան ինչպէս քանի մը անգամներ ըսած էր, նորէն կ’ըսէր։ Երանի թէ ես ալ քեզի պէս բանտարկեալ ըլլայի եւ այդպէսով աւելի հանգիստ պիտի զգայի ինքզինքս քան թէ այդ խանին մէջ բնակելով միշտ ատոնց երեսը նայէի։

Ես նորէն Գըլըճեանը իր այդ հիւանդ վիճակին մէջ կը սրտապնդէի եւ կը համոզէի, որովհետեւ գոնէ ես այնպէս կը կարծէի եւ այնպէս համոզուած էի որ, այլեւս Նաթուրեանի խմբակը իմ մասիսի դաւեր չունի լարելու. եւ միեւնոյն ժամանակ կը խորհէի թէ ասկից վերջը ինչ ալ ընէին ինծի, բնաւ ցաւ չպիտի պատճառէր, քանի որ Խուրիի նման պաշտպան մը եւ բարեկամ մը ունենալէ զրկած էին զիս։ Ռուսական հիւպատոսին կարծիքը անուղղակի կերպով շօշափեցի, բայց տեսայ որ Խուրին այնչափ ազդուած եւ զզուած է որ երդում ըրած է այլեւս իմ մասիս որ եւ իրէ բան չընել. թէեւ այդ զզուանքն իրեն ցաւ պատճառած է եւ թէ սրտով միշտ կ’արգահատի իմ վիճակիս նկատմամբ։ Քանի որ հիւպատոսը իրողութիւնը հասկցուց ինծի, այլեւս աւելորդ նկատեցի իրեն բարեխօսելու եւ միջնորդելու առաջարկ մը ընել, վստահ էի որ պիտի մերժէր։

Որչափ որ խմբակին կողմէն այլեւս գալիք վտանգի մը եւ քսութեան մը մասին հոգ մը չունէի, բայց երբեմն կարծես ներսէս նախազգուշացում մը կ’ունենայի թէ դեռ կարող են չարիքներ հասցնել ինձ։

Ինչպէս ըսի, դրամի բաշխումը շատ գէշ ազդած էր թէ՛ կառավարական պաշտօնեաներու եւ թէ բանտարկեալներու նոյն իսկ իրազեկ արաբ ժողովուրդին վրայ, այնպէս որ Արաբներէն, պաշտօնեաներէն ու ոստիկաններէն քանիները անոնց երեսին ըսած էին թէ իրենց ըրածը պարզապէս վատութիւն է, մանաւանդ որ ես ցկեանս դատապարտուած մէկն էի. փոխանակ իրենք ինծի նիւթապէս օգնելու. ընդհակառակն իմ սեփական դրամներս յափշտակելով իրենց մէջ բաժնած էին։

Ինչպէս կ’երեւի, եղած նախատինքներէն շատ գէշ ազդուելով կը դիմեն ամենէն զազրելի եւ սարսռազդեցիկ միջոցի մը եւ առանց մազի մը չափ խղճի խայթ զգալու կ’որոշեն իրենց հրեշային ծրագիրը գործադրելու։ Աղերսագիր մը կը գրեն իմ ստորագրութեամբ եւ գիրս ու ստորագրութիւնս կեղծելով շինծու երկտող մը կը պատրաստեն իբր թէ ես այլեւս ձանձրանալով բանտային կեանքէն սիրայօժար Իսլամական կրօնքը կ’ընդունիմ եւ կը խնդրեմ եղեր որ անունս առ «Սայիտ» նշանակուի։ Փաշան աղերսագիրը կարդալուն պէս սոսկալի կերպով կը զայրանայ. իսկոյն դրան վրայկեցող պահապանը կը կանչէ եւ կը հրամայէ հազարապետը կանչել եւ միեւնոյն ժամանակ բերել կուտայ նաեւ Գասպարը։

Սատըգ փաշան աղերսագիրը հազարապետին ցոյց կուտայ, հազարապետը աղերսագիր կարդալէն վերջ կը բացագանչէ ըսելով.

Այլեւս չափսը կ’անցնի. ասիկա կատարեալ ճիւաղ մ’է եղեր. հարկ եղածը իսկոյն պէտք է գործադրենք։

Գասպարը ներս կը մտցնեն եւ կառավարիչը կ’ըսէ.

Այս աղերսագիրը դո՞ւն գրած ես։

Այո՝. ես գրած եմ Ճանկիւլեան խնդրած է որ այդ ձեւով աղերսագիր մը գրեմ։

Կառավարիչը ոտքի կ’ելլէ եւ գասպարի երեսը կը թքնէ, հազարապետը Գասպարի երեսը թքնելէ վերջ երկիւ շառաչուն ապտակ կ’իջեցենէ երեսին. պահապանը կը կանչէ եւ Գասպարը դուր հանել կուտայ սենեակէն։

Կառավարիչը կ’որոշէ որ հազարապետը ոստիկաններու միջոցաւ ամբողջ Աքեայի ժողովուրդին յայտարարէ թէ Գասպար ցած, ստոր եւ վատ արարածին մէկն է, պէտք է զգուշանալ անկէ։

Դուրսը եւ ամբողջ ոստիկանութիւնը այդ խնդրով կը հետաքրքրուին եղեր եւ իրողութեան իրազեկ կ’ըլլան. մինչդեռ ես բանտին մէջ իմ սովորական կենցաղիս մէջն եմ եղեր եւ բնաւ բանէ մը տեղեկութիւն չունիմ։ Թէեւ այդ օրը բանտին տնօրէնը եւ բանտին մէջ գտնուած ոստիկանները ուշի ուշով զիս կը դիտէին եւ իրենց այդ նայուածքներուն մէջ ցաւակցական շեշտ մը կը նշմարէի։ Երեկոյին բանտին տնօրէնը եւ իր օգնականը եկան սենեակիս դրան քով սուրճ խմեցին եւ սկսան մխիթարական խօսքեր ընել ինձ, եւ ես շնորհակալութիւններս կը յայտնէի, կարծելով թէ բանտարկեալներուն ուղղուած մխիթարական սովորական խօսքերն էին որ ինծի կ’ուղղէին, ինչպէս ուրիշ անգամներ ալ կ’ըսէին։

Օգնականին տղան, որ ինչպէս կ’երեւէր շատ զգածուած էր եւ իր պաշտօնակից ոստիկաններու հետ հոն կեցած մտիկ կ’ընէր, յանկարծ դարձաւ իր հօրն ըսաւ.

Պահելն ի՞նչ օգուտ, չէ՞ որ վերջէն պիտի ի մանայ։

Հայրը կշտամբական ձեւով մը ըսաւ.

Դուն լռէ, ամէն բանին ժամանակը կայ։

Ես կարծեցի որ ծանր վտանգ մը պատահած է ինծի եւ կ’ուզեն դեռ գաղտնի պահեք եւ այդ վտանգը ընտանեկան կարծեցի։ Իսկոյն խօսքս օգնականին եւ տնօրէնին ուղղելով ըսի.

Արդէն այսօր կէս օրէն վերջ ձեր ամենուդ ակնարկները դէպ ի ինձ ուղղուիլը ինքնին կը նշանակէր թէ տարօրինակ բան մը պատահած է. քանի որ եղածն եղած է, այլեւս ինձմէ ծածկելը օգուտ չունի, կը խնդրեմ որ ժամ առաջ իմացնէք ինծի։

Տնօրէնը սկսաւ մանրամասնութեամբ պատմել ճիւաղ Գասպարի ըրածները։ Նստած տեղս սկսաւ նուաղում մը գալ վրաս. քովս գտնուող Հայ եւ Թուրք բանտարկեալները իսկոյն շուրջս շարուեցան եւ ամէն մէկը իր կարգին սկսան մխիթարական խօսքեր ընել եւ զիս սրտապնդել։ Սիրտս այնչափ լեցուած եւ հոգիս այնչափ խռոված էր որ քովիններս չէին կրնար զգացած վիշտս եւ դառնութիւնս մեղմել։ Կարծես լեռ մը փոխադրուած էր սրտիս վրայ եւ սիրտս սոսկալի կերպով կը ճնշուէր. միայն անգամ մը կրցայ ձեռքս գլխուս զարնել, իսկոյն կաշկանդեցին զիս, արդեօք բարեբախտութի՞ւն ըսեմ, եթէ ոչ ուրիշ ի՞նչ անուն տամ, յանկարծ սիրտս պոռթկալ սկսաւ եւ անմիջապէս աչքերէս արտասուաց քանի մը շիթեր վար թափեցան եւ կարծես այդ շիթերն էին սրտիս վրայի եղած ծանրութիւնը թեթեւցուցին։ Ժամանակը բաւական սահած էր. տնօրէնը եւ օգնականը մեկնեցան։ Բանտակիցներս ստիպեցին որ քնանամ։ Անկողնոյս մէջ թեեւ պառկած, բայց չէի կարող քնանալ։ Շուշանեան միշտ սրտապնդիչ խօսքեր կ’ուղղէր ինծի դարձայ իրեն ըսի.

Չէ՞ որ միշտ քեզի հետ կ’երգենք Նալբանտեանցի «Ազատ Աստուած» երգը։ Չէ՞ որ կ’ըսէ.

Ո՜հ, փշոտ է ճանապարհդ
Քեզ շատ փորձանք կ’սպասէ
Ազատութիւն սիրողին
Այս աշխահը խիստ նեղ է։

Ահա ես այս փշոտ ճանապարհին եւ նեղ աշխարհին մէջն եմ, ես վաղուց համոզուած եւ որոշած եմ մինչեւ վերջ քալել ու քալել, իբր Թափառական Հրեայ. դուն անհոգ եղիր եւ իմ մասիս մի մի մտածեր։

Տխուր լուրը կայծակի արագութեամբ բանտարկեալներուն մէջ տարածուած էր. բանտարկեալները գրեթէ բոլորն ալ անխտրաբար կուգային իրենց ցաւակցութիւններն յայտնելու եւ ահռելի լուտանքներ տեղալու ճիւաղ Գասպարի հասցէին։ Շատերը կը գանգատէին որ կառավարիչը եւ հազարապետը շատ թեթեւ պատիժ մը տնօրինած են Գասպարի համար, եւ ինծի կը թելադրէին որ բողոքեմ այդ մասին։ Բանտարկելոց դիտողութիւնը շատ ճիշտ էր եւ թէ ես համամիտ էի իրենց, բայց չէի ուզեր խնդիրը հետապնդել։

Ոստիկանները իրենց տրուած հրահանգը ճշդութեամբ կատարած էին։ Գասպարի տրուած պատիժը շատ սոսկալի էր, զինքը տեսնողները իր երեսին հանդէպ Արաբերէն ամենէն ծանր եւ ամենէն կծու նախախատինքը կը տեղային ըսելով.

«Ին էլ ապուք, աքռուտը մէկնուն», որուն Հայերէն թարգմանութիւնը կ’ըլլայ, ամբողջ իր գերդաստանին մէջ գտնուող, թէ՛ մեռած եւ թէ կենդանի, մեծին ու փոքրին հայհոյել, կնոջական միջնորդ եւ խենդ։ Ժողովուրդը եւ կառավարական պաշտօնեաները ու ոստիկանները, մինչեւ անոնց Աքեայէն մեկնիլը միշտ ու միշտ այս նախատական խօսքերով որակացին Գասպարն ու Նաթուրեանը թէեւ ջանացին որ ինքզինքնին այս վարկաբեկութենէն եւ նախատինքներէն ազատեն, բայց անկարելի եղաւ։

Այս զզուելի դէպքին պատճառաւ Պոլսէն եկող բանտարկեալ Նազմին ինծի ըսաւ.

Այս դէպքին Մէհմէտ էֆէնտին (Սպարապետութեան բանտին տնօրէնին օգնականը) հոս ըլլալու էր. կը հաւատացնեմ քեզ որ այդ վատ Նաթուրեանի խմբակը սատկեցնելու չափ ծեծել պիտի տար եւ խիստ պատիժներու պիտի ենթարկէր, որովհետեւ Պոլիս գտնուած միջոցիս շատ լաւ կը տեսնուէինք. ինքը բառին բովանդակ նշանակութեամբ հիացած էր քու վրադ, եւ մէկ խօսքով քեզ կը պաշտէր ու միշտ կը ցաւէր, որ քեզի այս տեսակ գէշ տեղ մը ղրկած են։ Մէհմէտ էֆ[էնտի]ի քու մասին խօսածները բաւական էր ինձ համար որ գիտնայի թէ դուն ինչպէս մէկն ես եղեր։ Հոս մեզմէ շատեր կարծեցին թէ անպատճառ այս դէպքին առթիւ ուրիշ կերպ պիտի վարուիս եւ ես անոնց կըսէի թէ շատ վեհանձն մէկն ես դուն եւ իրենց ենթադրութիւնները սխալ են։

Նազմիի ըրած խօսքերուն որչափ որ շնորհակալութիւնս յայտնեցի, բայց աւելի գոհունակութիւնս այն էր որ ժամանակին սխալած չէի Մէհմէտ էֆէնտիի վրայ կազմած գաղափարիս մասին, եւ թէ ժամանակին Մէհմէտ էֆ[էնտի]ին ինծի հետ ունեցած տեսակցութիւններուն մէջ կեղծիք ունեցած չէր։