ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՎԿԱՆԵՐ (1155-1843)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

44.
ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ՄԱՆՈՒԿ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼՍԵՑԻ
( Տես էջ 305)


 

 


 

1 «Վիեննա քաղքին կենդրոնը կը գտնուի հսկայագործ Մայր եկեղեցին` յանուն Ս. Ստեփանոսի, որ իւր` բայց ի մասնաւորի աշտարակին, բարձրութեամբը բովանդակ քաղքին վրայ կըտիրէ:

Չմոռնանք յիշատակելու Հայոցս համար այն անգին գանձը` որ Ս. Ստեփանոսի եկեղեցին կը պահուի, եւ որ ազգայնոց աւելի հետաքրքրական է քան ամբողջ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին իւր հնութեամբն ու ճարտարապետական զարմանալիքներովն: Այս անգին գանձն է հայազգի Ս. Ստեփանոսի նշխարքն որ առաջին անգամ մեզի ծանօթացաւ 1849 Փետրուար 16-ին. եւ նոյն տարուան մեր «Եւրոպա» շաբաթաթերթովը ծանուցուեցաւ հայութեան: Հոս մի առ մի յառաջ կըբերենք` ինչ որ 1849-ին հրատարակեց «Եւրոպա», մտածելով որ շատերուն անծանօթ է:

«Վիեննայի Ս. Ստեփանոս Մայր եկեղեցւոյն մէջ Փետրուարի 16-ին սրբոց նշխարքներուն կամ մասունքներուն հանդէսը կատարուեցաւ: Այս հանդէսը 1363-ին Ռուդոլփոս դքսին ձեռքովը հաստատուած էր, եւ ան ժամանակէն ի վեր ամէն տարի սրբոց նշխարքը հրապարակաւ կը դրուէր որ ժողովուրդը յարգէ: Բայց Յովսէփ Բ. կայսեր ատենն ինչպէս որ եկեղեցական շատ բաներու մէջ բռնական չափաւորութիւններ դրուեցաւ, նոյնպէս Սրբոց պատիւ բերող աս հանդէսն ալ արգիլուեցաւ եւ մինչեւ հիմայ անանկ մնացած էր. սակայն աս ազատութեան տարւոյն մէջ եկեղեցականք ան արգելիչ պարտաւորութենէն ազատ սեպելով` նոյն հին հանդէսը դարձեալ կատարեցին: Աւագ խորանին ու կողմնական խորաններուն վրայ դրուած Սրբոց նշխարքներուն թիւը 220-ը կանցնէր, որոնցմէ ոմանց ամբողջ մարմինը, ոմանց ալ մինակ մէկ մասը կար: Շատ երեւելի Սուրբերուն եւ բոլոր Առաքելոց զանազան մանր նշխարքներէն զատ` Ս. Ստեփանոս Նախավկային գանկն ու Ս. Գրիգոր Նազիանզացւոյն գլուխը կար: Բայց մեզի ամէնէն աւելի զարմանք պատճառեց անծանօթ Հայազգի Սրբոյ մը մարմինը` որուն անունն էր Սուրբ Ստեփանոս ի Հայաստանէ, որուն բուն մարմինը գրեթէ ամբողջ էր, ու միայն գլուխը չկար: Եւ թէպէտ ասոր վրայ կարելի եղածին չափ ընդարձակ ու վաւեր ծանօթութիւն փնտռեցինք, բայց միայն 1543-ին նոյն ատենուան գերմաներէն լեզուաւ գրուած աս յիշատակարանը տեսանք, որ աս Սուրբ Ստեփանոս ի Հայաստանէ 1543-ին ատենները Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյն Սրբոց նշխարքներուն պահապանին ձեռքովը փառաւոր սնտուկի մը մէջ դրուեր է, եւ սուրբ պանդուխտ մըն է, ու իր սրբութեանը համաձայն յարգութիւն ընդունելու համար ամէն տարի ժողովրդեան առջեւը կը դրուի: Բաղձալի էր մեր ազգային պատմութեան մէջ ասոր վրայ գոնէ փոքր յիշատակ մը գտնել: Գուցէ 1471-ին Հայաստանէն Կոստանդնուպօլիս պանդխտութեամբ եկած ու գլխատուած Ստեփանոս պատանին ըլլայ, որուն վրայ եղած գրաւոր յիշատակութիւնը կորսուած ըլլայ»:

1 Սոյն նահատակի մասին գտնում ենք նաեւ հետեւեալ տեղեկութիւնը, Հանդէս Ամսօրեայ, 1901, էջ 342-3 (յօդուածագիրն է Հ. Ք. Յ. ):

Յօդուածագիրը ենթադրում է որ Վեննայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցում պահուող Ս. Ստեփանոս Հայաստանցու նշխարքը գուցէ այս նահատակինը լինի: