ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Prologue
Մեծ
ուրախութեամբ
կ՚ամբողջացնեմ
այս
գիրքը,
որ
շատշատոնց
պէտք
է
գրուած
ըլլար։
Հոն
արծարծուած
կարգ
մը
նիւթերը
իմ
հետաքրքրութեան
առարկայ
եղած
են
մանկութեան
օրերէն,
երբ
7
տարեկանիս
ծննդավայրի
մայր
եկեղեցւոյ
մէջ
դպիր
կը
դառնայի։
Այնուհետեւ,
կեանքի
զանազան
հանգրուաններուն
մէջ,
զանազան
առիթներով,
աստուածայինի
մասին
հարցեր
կը
յառաջանային
եւ
անոնց
համար
համոզիչ
պատասխաններ
կը
պահանջուէին։
Վերջաւորութեան,
երբ
համալսարանի
մէջ
փիլիսոփայութիւն
եւ
աստուածաբանութիւն
կ՚ուսանէի,
հարցերը
աւելի
յստակ,
շօշափելի
ու
առարկայական
կը
դառնային։
Տասնամեակներ
շարունակ,
աստուածայինի
մասին,
մտքիս
մէջ
մշակուած
նիւթերն
ու
գաղափարները,
երբ
գրի
առնելու
սկսայ,
նկատեցի
որ
այնքան
ալ
հեշտ
պիտի
չըլլայ
եւ
հարկ
պիտի
ըլլայ
աւելի
խորաթափանց
պրպտումներ
ու
ուսումնասիրութիւններ
կատարել։
Այդպէս
ալ
եղաւ։
Աստուածայինի
մասին,
տարիներու
փիլիսոփայական
ու
աստուածաբանական
ուսումնասիրութիւններու
աշխատանքս,
ինծի
համար
հետաքրքրական
ու
ուսանելի
ժամանակաշրջան
մը
եղաւ
եւ
որպէս
արդիւնք,
այժմ
ունինք
ներկայ
հատորը,
որ
ձօնուած
է
ընտանիքիս
երկու
արժանապատիւ
կղերականներուն.
-
հօրս՝
Ատոմ
աւագ
քահանային
(1920
–
2002
թ.
)
եւ
եղբօրս՝
Արտակ
աւագ
քահանային։
Գրքի
վերնագրի
համար
ընտրուած
«Աստուածիմաստութիւն»
(Theosophia)
եզրոյթը
սահմանուած
է
էջ
4-ի
վրայ
ապա
լայնօրէն
բացատրուած
է
Մաս-1,
Ներածութիւն
վերնագրի
տակ,
էջ
12։
Իսկ
Աստուած
հասկացութիւնը
եւ
անկէ
յառաջացած
այլ
յղացքներն
ու
հասկացութիւնները
բացատրուած
են
Մաս-8,
Ծանօթագրութիւններ,
[ծ-07]
վերնագրի
տակ,
էջ
398-էն
սկսեալ։
Գիրքը
բաժնուած
է
ընդհանուր
9
մասերու
եւ
կը
բովանդակէ
572
էջատակի
հակիրճ
ծանօթագրութիւններ
եւ
50
(
ծ-01
…
ծ-50
)
աւելի
ընդարձակ
ծանօթագրութիւններ,
որոնք
կը
գրաւեն
ամբողջ
Մաս-8
։
Գրքի
կողքի
կեդրոնը
տեղադրուած
է
արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
մէջ
օգտագործուող
մանդալա
(սնսկ.
՝
Mandala)
մը,
որ
սանսկրիտերէն
կը
նշանակէ
«շրջանակ»
եւ
կը
խորհրդանշէ
ողջ
աշխարհն
ու
տիեզերքը։
Իսկ
կողքի
ետեւի
երեսին
վրայ
տեղադրուած
է
հռչակաւոր
Միքէլանջելոյէն
(Michelangelo,
1475
–
1564
թ.
)
որմնանկար
մը,
որ
կը
գտնուի
Վատիկանի
մէջ
եւ
կը
ներկայացնէ
Ադամի
արարումը,
ստեղծագործ
ու
արարիչ
Աստուծոյ
կողմէ։
Աստուածիմաստութիւն
եզրոյթը,
թէեւ
կազմուած
է
Հին
Դարու
(Antiquity)
վերջաւորութեան
(մ.
թ.
2-րդ
կամ
3-րդ
դարերուն),
սակայն
նիւթի
քննարկումը
սկսած
է
շատ
աւելի
կանուխ,
եւ
ունի
իր
երկար
պատմութիւնը։
Այս
պատճառով
ալ
ընդարձակ
այս
նիւթի
քննարկումը
բաժնած
եմ
պատմական
5
ժամանակաշրջաններու
վրայ՝
Հին
Դարէն
սկսեալ
մինչեւ
Ժամանակակից
շրջանը։
Մաս-3,
բաժնի
վերջաւորութեան
տեղադրուած
է
լման
գլուխ
մը,
որ
կոչուած
է
«Հայ
Միջնադարու
աստուածիմաստութիւնը»
եւ
այս
առնչութեամբ
յիշուած
են
Միջնադարու
հայկական
համալսարանները
եւ
գրքի
նիւթին
առնչուած
ու
նշանաւոր
հայ
փիլիսոփայ–աստուածաբաններ։
Այժմ,
համաշխարհայնացումի
(
Globalization)
եւ
արուեստական
իմացականութեան
(Artificial
Intelligence)
այս
դարուն,
կարճ
երկու
խօսք
ժամանակակից
աստուածիմաստութեան
3
գլխաւոր
յատկանիշներուն
մասին.
-
Միտում
մը,
Աստուծոյ
կամ
աստուածայինի
բնութեան
(էութեան)
եւ
մարդու
փոխյարաբերութիւններու
մասին՝
շահադիտական
քննախօսութիւններ
(Discourse)
[ծ-49]
վարելու:
Նախասիրութիւն
մը,
քրիստոնէական
աստուածաշունչին
մէջ
երեւցող
ընդհանուր,
բայց
մանաւանդ
յայտնութեան
(Revelation)
խորհրդապաշտական–առեղծուածային
տարրի
հանդէպ:
Համոզուածութիւն
մը,
որ
մարդու
բնածին
կարողութիւնը
(մասնաւորապէս՝
ստեղծագործական
երեւակայութեան
ուժը)
հնարաւորութիւն
կու
տայ
կապ
հաստատել
իրականութեան
աւելի
բարձր
մակարդակներու
հետ:
Գիրքը
նախատեսուած
է,
որպէս
ուսումնաօժանդակ
ձեռնարկ,
կրթական
ու
հոգեւոր
բարձրագոյն
ուսումնարաններուն
ու
համալսարաններուն,
ինչպէս
նաեւ
Աստուածիմաստութեան
նիւթով
հետաքրքրուող
բանիմաց
ընթերցողներուն
համար։
Այս
իմաստով
յոյս
ունիմ,
որ
աշխատասիրութիւնս
պիտի
ծառայէ
իր
նպատակին։
Ս.
Ք.
2024
-
Գերմանիա
