Մաս
–
1
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Introduction
Աստուածիմաստութիւն
եզրոյթի
հայերէն
բառակ
եր
տումը
յառաջացած
է
հին
յունարէն
theosophía
(յուն.
՝
θεοσοφία
)
բարդ
բառի
արմատական
թարգմանութ
ե
ն
է
ն
եւ
կարճ
բացատրութեամբ
մը,
ան
կը
նշանակէ
«աստուածային
իմաստ(ուն)ութիւն»։
Աստուածիմաստութիւն
ը,
որպէս
բնորոշում
կամ
սահմանում՝
հաւաքական
անուանումն
է
աստուածաբանական
ու
փիլիսոփայական
ա՛յն
մտածողութեան,
ուր
խորհրդապաշտութեան
(
Mysticism
),
ներհայեցողութեա
ն
(
Intuition
)
կամ
հայեցողութեան
(
Contemplation
)
միջոցներով,
զԱստուած
ճանչնալու
կամ
աստուածայինը
իմանալու
անմիջական
ձգտում
մը
կայ։
Նախ
պարզաբանեմ
վերոյիշեալ
երեք
միջոցները.
-
Խորհրդապաշտութիւն
[ծ-25]
(Mysticism
)
հասկացութիւնը
կը
բնորոշուի՝
աստուածային
կամ
բացարձակ
իրականութեան
մը
փորձառութեան
վկայութիւններով
կամ
արտայայտութիւններով
կամ
նմանօրինակ
փորձառութիւններ
ունենալու
ժրաջան
ճիգով։
Իսկ
մեր
ամենօրեայ
օգտագործման
եւ
հանրամատչելի
գրականութեան
մէջ,
խորհրդապաշտութիւն
եզրոյթով
կը
հասկնանք
ա՛յն
հոգեկան
եւ
հոգեզմայլ
ապրումները,
զորս
գիտականօրէն
կարելի
չէ
առարկայացնել
կամ
բացատրել
եւ
հայեցողութեամբ
(
Contem-plation
)
ու
հասկացութիւններով
(Concept)
կարելի
չէ
իմանալի
ու
ճանաչելի
դարձնել։
Ներհայեցողութիւն
[ծ-40]
(Intuition)
հասկացութեամբ
կարելի
է
բնութագրել
մտքի
ա՛յն
կարողութիւնը,
որով
կարելի
է
տարբեր
իրավիճակները,
տեսակէտները,
օրինաչափութիւնները
կամ
ենթակայական
համաձայնութիւնները
արագօրէն
եւ
անմիջականօրէն
(ուղղակիօրէն)
ըմբռնել
եւ
յստակ
որոշումներ
կայացնել,
առանց
մտայինիմացական
քննարկութիւններու
եւ
առանց
գիտակից
հետեւութիւններու
կամ
եզրայանգումի։
Ներհայեցողութիւնը
անդրանցական
(Transcendence)
ընկալումն
է,
որ
ստեղծագործական
գործունէութիւն
կրնայ
յառաջացնել։
Հայեցողութիւն
[ծ-29]
հասկացութեան
եզրոյթին
կը
համապատասխանէ
յունարէն
theôría
եզրոյթը,
որ
հոգեւոր
ու
խորաթափանց
տեսութիւնն
ու
դիտումն
է։
Հետագային,
լատիներէնի
մէջ
ընդունուեցաւ
contemplatio
եզրոյթը,
որ
նոյնպէս
խորաթափանց
զննումն
ու
դիտումն
է։
Լատիներէն
այս
եզրոյթէն
յառաջացան
անգլերէն
Contemplation
եւ
այլ
լեզուներու
նմանօրինակ
եզրոյթերը։
Յունարէն
theosophía
եզրոյթը,
որպէս
ուսմունք
եւ
theósophos
եզրոյթը,
որպէս
անձի
վերաբերեալ
ածական,
շատ
հաւանաբար
յառաջացած
են
Հին
Դարու
(Antiquity)
վերջաւորութեան
(մ.
թ.
2-րդ
կամ
3-րդ
դարերուն)։
Ժամանակաշրջանի
եկեղեցւոյ
նշանաւոր
հայրերէն՝
փիլիսոփայ–աստուածաբան
Կղեմէս
Ալեքսանդրացի
(Clement
of
Alexandria,
150
–
215
թ.
)
եւ
աստուածաբան
ու
պատմագէտ
Եւսեբիոս
Կեսարացի
(Eusebius
of
Caesarea,
260
–
340
թ.
),
ինչպէս
նաեւ
նոր–պլատոնական
փիլիսոփայ
Պորփիւրիոս
(
Porphýrios,
233
-
305
թ.
)
օգտագործած
են
վերոյիշեալ
զոյգ
եզրոյթները։
Պորփիւրիոսի
համաձայն,
աստուածիմաստութիւնը՝
զուտ
Աստուծոյ
կամ
աստուածայինին
վերաբերող
իմաստ(ուն)ութիւնն
է։
Եկեղեցւոյ
առաջին
շրջանի
պատմահայր
Եւսեբիոսի
համաձայն,
Քրիստոնէութիւնը
կարելի
է
նաեւ
բնութագրել,
որպէս
«նոր
ու
ճշմարիտ
աստուածիմաստութիւնը»,
իսկ
„theósophos”
վերադիրը
կամ
ածականը՝
պատւոյ
վսեմ
կոչումն
էր
«եկեղեցւոյ
հայրերուն»
։
Պատմութեան
ընթացքին
(եւ
մինչեւ
այսօր)
գոյութիւն
ունեցած
են
բազմաթիւ
աստուածիմաստական
հոսանքներ,
որոնք
գերբանական,
գերբնական,
գաղտնուսոյց
կամ
խորհրդապաշտական
(միստիկ,
յուն.
՝
mystikós)
բնոյթ
ունէին
կամ
ունին։
Նաեւ
միաստուածեան
երեք
կրօններու
պարագային
կը
հանդիպինք
երեք
մասնայատուկ՝
յուդայական,
քրիստոնէական
եւ
իսլամական
աստուածիմաստութիւններու։
Ներածութիւն
Մաս-1
ի,
ինչպէս
նաեւ
յաջորդ
մասերուն
մէջ
տեղ
գտած
աստուածաբաններու
ու
փիլիսոփաներու
մասին,
տե՛ս
Մաս-9,
Յաւելուած
ի
«Անուանացանկ»
բաժինը,
էջ
670-էն
սկսեալ։
Այս
նիւթի
քննարկումը
բաժնած
ենք
պատմականօրէն
ընդունուած
հինգ
ժամանակաշրջաններու,
որոնք
պիտի
նշուին
առանձին
մասերու
մէջ.
-
Մաս-2
(էջ
27)
Հին
Դարաշրջան
(Հնադար,
Antiquity,
700
մ.
թ.
ա.
–
476
թ.
),
Մաս-3
(էջ
94)
Միջին
Դարաշրջան
(Միջնադար,
Middle
Age,
476
–
1492
թ.
),
Մաս-4
(էջ
162)
Անցման
Դարաշրջան
(Վերածնունդ,
Renaissance,
1400
-
1600
թ.
),
Մաս-5
(էջ
167)
Նոր
Դարաշրջան
(Նորադար,
New
Age,
17-րդ
–
19-րդ
դար)
եւ
Մաս-6
(էջ
253)
Ժամանակակից
Շրջան
(Contemporary
Era,
20-րդ
դարէն
սկսեալ)։
Հին
Դար
աշրջան
Հին
Դար
աշրջանի
(տե՛ս
Մաս-2,
էջ
27)
սկիզբները,
աստուածիմաստութիւն
(յուն.
՝
theosophía
)
եզրոյթը
դեռ
չկազմուած,
յոյն
նշանաւոր
փիլիսոփաներ
Պլատոն
(
Plato,
յուն.
՝
Plátôn,
427
–
347
մ.
թ.
ա.
)
եւ
Արիստոտէլ
(
Aristotle,
յուն.
՝
Aristotélês,
384
–
322
մ.
թ.
ա.
)
այս
ուղղութեամբ,
արդէն,
կատարած
էին
որոշ
հիմնական
հաստատումներ,
զորս
պիտի
մանրամասնուին
հետագային։
Փիլիսոփայական
այլ
ուղղութիւններ
եւս
ունեցան
իրենց
յատուկ
տեսակէտները,
որոնք
որոշ
չափով
կը
տարբերին
Պլատոնի
եւ
Արիստոտէլի
տեսակէտներէն։
Անոնցմէ
յիշարժան
են.
-
Էպիկուրական
[ծ-20]
ուղղութիւնը
(Epicureanism),
որու
հիմնադիրն
է
յոյն
փիլիսոփայ
Էպիկուրոսը
(յուն.
՝
Epíkouros,
342
–
271
մ.
թ.
ա.
)։
Ստոյիկեան
[ծ-48]
ուղղութիւնը
(Stoicism),
որու
հ
իմնադիրն
է՝
յոյն
փիլիսոփայ
Զենոն
Կիտիոնցին
(Zeno
of
Citium,
յուն.
՝
Zénôn,
333
–
262
մ.
թ.
ա.
)։
Պիռհոնական
[ծ-27]
ուղղութիւնը
(Pyrrhonism),
որու
հիմնադիրն
է
յոյն
փիլիսոփայ
Պիռհոն
(Pyrrho,
յուն.
՝
Pyrrhôn,
360
–
275
մ.
թ.
ա.
)։
Հետագային,
Հռոմէական
կայսրութեան
շրջանին,
նշանաւոր
դարձան
նաեւ
հետեւեալ
երկու
փիլիսոփաները.
-
Փիլոն
Ալեքսանդրացի
(
յուն.
՝
Phílôn,
մօտ.
20
մ.
թ.
ա.
–
50
թ.
),
Պլատոնէն
մեծապէս
ազդուած
հրեայ
փիլիսոփան,
առանց
անտեսելու
գործնական
կեանքի
առաջադրանքները,
կը
գերադասէր
աստուածիմաստութեան
ու
աստուածտեսութեան
նպատակները
(տե՛ս
էջ
50)։
Պլոտինոս
(
յուն.
՝
Plôtínos,
205
–
270
թ.
),
որ
Նոր-Պլատոնական
[ծ-41]
(Neo-Platonism)
փիլիսոփայական
ուղղութեան
հիմը
դրաւ
եգիպտական
Ալեքսանդրիոյ
նշանաւոր
դպրոցին՝
(Museion)
մէջ,
ապա
այս
նոր
ուղղութիւնը
փոխադրեց
Հռոմ։
Պլոտինոս
եւս
մեծ
կարեւորութիւն
տուած
է
աստուածիմաստութեան
ու
աստուածտեսութեան
(տե՛ս
էջ
66)։
Հին
Դարաշրջանի
վերջաւորութեան
(մ.
թ.
ա.
100
մինչեւ
մ.
թ.
400
թ.
)
սկսած
աստուածիմաստութեան
գլխաւոր
նպատակը
եղած
է՝
աստուածաբանութեան
եւ
փիլիսոփայութեան
համադրութիւնը։
Աստուածաբանութեան
(Theology)
եւ
փիլիսոփայութեան
(Philosophy)
համադրութիւնը,
սակայն,
թէ՛
վերոյիշեալ
ժամանակաշրջանին
(Հին
Դարաշրջան)
եւ
թէ
անկէ
ետք
եւ
մինչեւ
այսօր,
այնքան
ալ
հեշտ
չէ
եղած,
ինչպէս
պիտի
տեսնենք։
Միջին
Դարաշրջան
Եւրոպայի
մէջ,
Միջնադարեան
փիլիսոփայութիւնը
անքակտելիօրէն
կապուած
է
Քրիստոնէութեան,
այն
աստիճան
որ
ժամանակաշրջանը
կոչուած
է
նաեւ
Քրիստոնեայ
Միջնադար
(տե՛ս
Մաս-3,
էջ
94)
։
Ինչպէս
Հին
Դարու
վերջաւորութեան,
Միջնադարու
առաջին
շրջանին
եւս,
կը
շարունակուին
աստուածաբանութեան
եւ
փիլիսոփայութեան
համադրութեան
լուրջ
աշխատանքները։
Արդէն
կազմուած
էր
«աստուածիմաստութիւն»
(
theosophía
)
եզրոյթը։
Այս
ժամանակաշրջանին
Եկեղեցւոյ
Հայրերը
կը
քննարկէին
դիտումի
կամ
հայեցողութեան
նիւթերը,
որոնք
առնչուած
էին՝
աստուածիմաստութեան
եւ
աստուածտեսութեան։
Անոնք
ընդհանրապէս
համաձայն
էին,
որ
այս
երկրային
կեանքի
ընթացքին,
ասդենականի
մէջ,
մարդոց
համար
կատարեալ
ու
ամբողջական
աստուածիմաստութիւնը
կամ
աստուածտեսութիւնը
բոլորովին
անհնար
է,
բայց
կարելի
է
Աստուծոյ
մասին
սահմանափակ
ձեւով
խօսիլ։
Միջնադարու
փիլիսոփաները,
ընդհանրապէս
աստուածաբաններ
եղած
են.
իսկ
ժամանակաշրջանը
կարելի
է
բաժնել
երկուքի.
-
Հայրաբանական
շրջանը
(Patristics),
ուր
հանրածանօթ
ու
ազդեցիկ
աստուածաբան
փիլիսոփայ
մըն
է՝
հռոմէացի
Աւրելիոս
Օգոստինոսը
(Երանելի,
Aurelius
Augustinus,
354
-
430
թ.
),
ապա՝
Դպրական
շրջանը
(կամ
Սքոլաստիկ,
Scholastics),
ուր
հանրածանօթ
ու
ազդեցիկ
աստուածաբան
փիլիսոփայ
մըն
է
իտալացի
Դոմինիկեան
միաբան
Թոմաս
Աքուինացին
(Thomas
Aquinas,
1224
–
1274
թ.
)։
Այնուհետեւ
պիտի
քննարկուի
Միջնադարեան
Քրիստոնէական
Խորհր
դապաշտութիւնը
[ծ-25]
(Christian
Mysticism),
որ
աստուածիմաստութեան
նիւթի
հետ
անմիջական
առնչութիւն
ունի։
Պիտի
ներկայացուին
նաեւ
այս
ոլորտի
նշանաւոր
փիլիսոփայ–աստուածաբանները
(տե՛ս
էջ
118)։
Միջնադարուն
յատկացուած
բաժնի
վերջաւորութեան,
յիշարժան
կը
գտնեմ
Աստուածիմաստութիւնը
Հայ
Միջնադարուն
առանձին
Դ.
Գլուխը
(էջ
131),
ուր
կը
ներկայացուին
հայաշխարհի
նշանաւոր
Գլաձորի
ու
Տաթեւի
համալսարանները,
որոնք
որպէս
կրօնական
հաստատութիւններ
կը
քաջալերէին
նաեւ
փիլիսոփայական
ուսմունքը
եւ
որոշ
չափով
ազդուած
էին
եւրոպական
դպրական
փիլիսոփայութենէն
(
Scholastics)։
Պիտի
ներկայացուին
նաեւ
Տաթեւի
համալսարանի
նշանաւոր
փիլիսոփայ–աստուածաբանները։
Անցման
Դարաշրջան
Անցման
Դարաշրջանը
(տե՛ս
Մաս-4,
էջ
162),
կը
կոչուի
նաեւ
Վերածնունդի
շրջան
(Renaissance),
երբ
Միջնադարու
մշակոյթը
որոշ
չափով
կը
յաղթահարուէր,
տեղի
կ՚ունենար
հնադարեան
մշակոյթի
վերածնունդ
մը,
բայց
նաեւ
կը
պատրաստուէր
Նոր
Դարաշրջանը։
Անցման
Դարաշրջանին
մէջ
յիշատակութեան
արժանի
է,
փիլիսոփայական
Մարդկայնութեան
(
Humanism
)
եւ
կրօնական
Բարեկարգութեան
(
Reformation
)
զոյգ
եւ
կարեւոր
շարժումները։
Մարդկայնութիւնը,
մարդակեդրոն
եւ
աշխարհիկ
փիլիսոփայութեան
նոր
ուղղութիւն
մըն
էր,
որ
կը
հակադրուէր
միջնադարեան
դպրականութեան
(Scholastics)
եւ
փիլիսոփայութիւնը
կ՚անջատուէր
աստուածաբանութենէն։
Մարդկայնութիւն
շարժումը
կը
սկսէր
Իտալիայէն,
ապա
կը
տարածուէր
ամբողջ
Եւրոպայի
մէջ։
Մարդկայնութեան
հիմնական
սկզբունքը
յարգանքի
արտայայտութիւնն
է՝
մարդու
իրաւունքներուն
եւ
արժանապատուութեան,
ինչպէս
նաեւ
անհրաժեշտ
կարելիութիւնը
մարդու
համար
կենցաղային
նպաստաւոր
ու
մարդավայել
պայմաններ
ստեղծելու
նկատմամբ։
Մարդկայնութեան
հիմնական
սկզբունքներուն
մաս
կը
կազմեն
նաեւ՝
խիղճի
ազատութիւնը,
հանդուրժողութիւնը
եւ
բռնութեան
ջնջումը։
Այս
շրջանին,
Մարդկայնութիւն
շարժման
ոլորտի
մէջ,
քննախօսութեան
(Discourse)
նիւթ
դարձաւ
նաեւ
մարդկային
կենցաղը,
այլ
խօսքով
մարդու
առօրեայ
ապրելակերպն
ու
վարքագիծը։
Կրօնական
Բարեկարգութեան
շարժումը
կը
սկսէր
Գերմանիոյ
մէջ,
Մ.
Լութերի
(Martin
Luther,
1483
–
1546
թ.
)
գլխաւորութեամբ,
որ
պատճառ
պիտի
դառնար
եկեղեցւոյ
բաժանումին։
Արդարեւ
Կաթոլիկ
Եկեղեցին
կը
տկարանար
եւ
նոր
կը
կազմաւորուէր
Բողոքական
Եկեղեցին,
որ
պիտի
ունենար
իր
բազմաթիւ
ճիւղաւորումները։
Անցման
Դարաշրջանին
աստուածիմաստութեան
ոլորտին
մէջ,
յիշարժան
անուն
մըն
է
գերման
խորհրդապաշտ
(միստիկ)
փիլիսոփայ
ու
աստուածաբան
Յակոբ
Բէօմը
(Jakob
Böhme,
1575
–
1624
թ.
),
որու
ստեղծագործութիւնները
հիմնուած
են
տեսլական
լուսաւորութեան
ու
յարակից
խորհրդապաշտական
առեղծուածային
փորձառութիւններու
վրայ
(տե՛ս
էջ
175)։
Անցման
Դարաշրջանին
Մարտին
Լութերի
անմիջական
ազդեցութեան
տակ
սկսած
Բողոքականեան
Աստուածիմաստութիւնը
պիտի
շարունակուէր
նաեւ
Նոր
Դարաշրջանին։
Նոր
Դարաշրջան
Նոր
Դարաշրջանի
(տե՛ս
Մաս-5,
էջ
167)
մէջ
յատկանշական
գլխաւոր
երեւոյթը
կը
նկատուի
Բողոքականեան
Աստուածիմաստութիւնը,
որու
ոլորտին
մէջ
Յակոբ
Բէօմըէն
ետք,
յիշարժան
անուններ
եղան.
-
Ջոն
Պորդէճ
(John
Pordage,
1607
–
1681
թ.
)
Ե.
Գ.
Գիշտէլ
(
Johan
Georg
Gichtel,
1638
–
1710
թ.
),
Է.
Սվեդենբորգ
(
Emanuel
Swedenborg,
1688
–
1772
թ.
),
Ֆ.
Ք.
Էօտինգէր
(
Friedrich
Christoph
Oetinger,
1702
–
1782
թ.
),
Լ.
Կ.
դը
Սեն-Մարտ
ի
ն
(
Louis
Claude
de
Saint-Martin,
1743
–
1803
թ.
)
եւ
Ուիլ
ի
ամ
Բլ
է
յք
(
William
Blake,
1757
–
1827
թ.
)։
Ներքրիստոնէական
ոլորտին
մէջ,
փիլիսոփայութեան
եւ
բանականութեան
առնչութիւնը
աստուածաբանութեան
հետ
յոյժ
վիճելի
է
ր
եւ
է
։
Մինչ
Կաթոլիկ
Եկեղեցին
(
Catholic
Church
),
փիլիսոփայութիւնը
եւ
բանականութիւնը
կ՚արժեւորէ,
որպէս
ճանաչողական
ուղիներ,
որոնցմով
կարելի
է
զԱստուած
ճանչնալ
ու
աստուածայինը
իմանալ,
հետագային,
Բողոքական
Եկեղեցին
(
Protestantic
Church
),
աւելի
կեդրոնանալով
Սբ.
Գիրքի
ն
վրայ
եւ
կարեւորելով
Յովհաննու
Յայտնութիւնը
(Revelation),
բոլորովին
կը
մերժէ
փիլիսոփայական
բանական
ուղիով
զԱստուած
ճանաչում
ի
կարելիութիւն
ը,
սա
նոյնիսկ
համարելով
դաւաճանութիւն՝
հաւատքի
հանդէպ։
Մնալով
ներքրիստոնէական
ոլորտին
մէջ,
այս
նիւթի
քննարկման
ատեն
կը
հանդիպինք
նոյնքան
վիճելի
«Քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւն»
(
Christian
Philosophy
)
բառակապակցութեան,
որ
այնքան
ալ
յստակ
սահման
ում
ներ
ու
բնորոշում
չունի։
«Քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւն»
բառակապակցութեամբ
կարելի
է
ընդհանրապէս
երկու
ուղղութիւն
հասկնալ,
նախ
՝
1)
Մ
իջնադարեան
փիլիսոփայութիւնը
(ընդհանրապէս),
որ
կը
կոչուի
նաեւ
Դպրական
փիլիսոփայութիւն
(ս
ք
ոլաստիկ
փիլիսոփայութիւն,
Scholastic
phi-losophy),
եւ
2)
«
Քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւն
»
բառակապակցութ
եամբ,
կարելի
է
հասկնալ
նաեւ
շատ
աւելի
ուշ,
Նոր
Դարաշրջանի
19-
րդ.
դ
արուն
յառաջացած
աստուածաբանական
Նոր-Թոմականութիւն
(Neo-Tomism)
կոչուած
շարժումը
կամ
ուղղութ
իւնը,
որ
ազդեցութիւնը
կը
կրեն
յիշեալ
Դպրական
փիլիսոփայութ
եա
ն
։
Մինչեւ
այսօր,
«Քրիստոնէական
փիլիսոփայութեան»
նիւթին
շուրջ
եղած
քննարկումներն
ու
սուր
վիճաբանութիւն
ներ
ը
տակաւին
չ
են
աւարտած
եւ
այդ
առնչութեամբ
վերջնական
եզրակացութիւն
մը
կարելի
չէ
ներկայացնել
։
Ստորեւ
կարգ
մը
դիրքորոշումներ,
Նոր
Դարաշրջանի
նշանաւոր
փիլիսոփաներէն.
-
Գերման
նշանաւոր
փիլիսոփայ
եւ
«Ե
րեւութաբանութիւն
»
(
Phenomenology
)
փիլ
իսոփայական
ուղղութեան
ներկայացուցիչ
Մ.
Հայտեգէր
(Martin
Heid
-
egger,
1889
–
1976
թ.
),
իր
ամբողջական
երկերու
9-րդ
(էջ
45-78)
եւ
40-րդ
(էջ
9)
հատորներուն
մէջ,
կ՚անդրադառնայ
վերոյիշեալ
բառակապակցութեան
եւ
քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւնը,
պարզապէս,
որպէս
«
թիւրիմացու
թիւն»,
կը
նմանեցնէ
«փայտեայ
երկաթ»
բառակապակցութեան
։
Զուիցերիացի
նշանաւոր
բողոքական–աստուածաբան
Կ.
Բարթ
(Karl
Barth,
1886
–
1968
թ.
),
իր
13-հատորեան
«Եկեղեցական
վարդապետութիւն»
(գերմ.
բնագիր՝
kirchliche
Dogmatik)
կարեւոր
նկատուող
երկին
մէջ
(հատոր
2/1,
էջ
93),
«
փիլիսոփայական
աստուածաբանութիւնը
»
(
Philosophical
Theology
)
կը
նկատէ
«դաւադրութիւն՝
ընդդէմ
քրիստոնէական
Աստուած
հասկացութեան»
(գերմ.
բնագիր՝
Attentat
auf
den
christlischen
Gottesbegriff)։
Գերման
նշանաւոր
կաթոլիկ–աստուածաբան
Է.
Արենս
(Edmund
Arens,
*1953
թ.
)
իր
2001
թուականին
հրատարակուած
«Փիլիսոփայութիւն
եւ
Աստուածաբանութիւն»
(
գերմ.
բնագիր՝
Philosophie
und
Theologie)
մենագրութեան
մէջ
կը
յիշ
ատակ
է
ընդհանրապէս
փիլիսոփայութեան
կարեւորութիւնը՝
աստուածաբանութիւնը
սերտելու
համար։
Վերջապէս,
նախ
2003
թուականին
հրատարակուած
ու
վերահրատարակութիւններու
արժանացած
«Հանրագիտարան՝
աստուածաբանութեան
փիլիսոփայական
հիմնական
հասկացութիւններու»
(գերմ.
բնագիր՝
Lexikon
philosophischer
Grundbegriffe
der
Theologie)
հաստափոր
երկին
մէջ,
ա՛լ
չի
յիշ
ատակ
ուիր
՝
«
քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւն
»
բառակապակցութիւնը
։
Ժամանակակից
քննարկումներո
ւ
ընթացքին
կը
բացայայտուի
նաեւ,
որ
«Քրիստոնէական
փիլիսոփայութիւն»
(Christian
Philosophy)
բառակապակցութիւնը
ունի
հետեւեալ
կրկնակի
դժուարութիւն
ը.
-
նախ
՝
ա
ն
չունի
իւրայատուկ
մեթոդաբանութիւն
մը
(
Methodology
),
որով
կարելի
ըլլայ
որպէս
կայացած
փիլիսոփայական
ուղղութիւն
ընդունիլ,
ինչպէս
է
պարագան
փիլիսոփայական
ընդունուած
այլ
ուղղութիւններուն
(օրինակ՝
երեւութաբանութիւն
=
phenomenology
կամ
անդրանցական
=
transcendental
ու
վերլուծական
=
analytic
փիլիսոփայութիւն,
եւ
այլք…
)։
ապա
՝
ա
ն
ընդհանրապէս
չունի
հաստատուած
նիւթերու
կանոնաբա
նութիւն
(Canonology
)
մը,
որով
կարելի
ըլլայ
անոր
բովանդակութեան
սահմանները
գծել։
Այսուհանդերձ,
ա
ւստրիացի
կաթոլիկ
աստուածաբան
Հ.
Շմիդինկէր
ի
(Heinrich
Schmidinger)
համաձայն,
կարելի
է
«Քրիստոնէական
փիլիսոփայութեան»
մը
մասին
խօսիլ,
երբ
մենք
խուսափինք
զայն
յայտնութեան
աստուածաբանութեան
հետ
առնչելէ։
Այս
ձեւով
հնարաւոր
է
նաեւ
փիլիսոփայութեան
ոլորտի
մէջ
քննարկել
քրիստոնէական
մտքի
իմաստասիրութիւնը,
նիւթեր,
որոնք
եթէ
սկզբունքով
քրիստոնէական
ծագում
ունին,
սակայն
փիլիսոփա
յութ
եան
մէջ
նաեւ
երկար
ատենէ
ի
վեր
հետաքրքրութեան
եւ
քննարկութեան
առարկայ
դարձած
են։
Ասոր
կողքին,
ա
ստուածաբանութիւնը
գիտականօրէն
սերտելու
համար
շատ
կարեւոր
միջոց
մըն
է
փիլիսոփայութիւնը,
որմէ
կարելի
չէ
հրաժարիլ։
Ժ
ա
մանակակից
շրջան
Ժամանակակից
շրջանի
սկիզբները,
19-րդ
դարէն
սկսեալ
եւ
մինչեւ
այսօր,
«
աստուածիմաստութիւն»
հասկացութիւնը
կարեւոր
դեր
ունեցած
է
եւ
ունի
Յուդայականութեան
(
Judaism
)
մէջ
եւ
ան
կը
հանդիսանայ
Կաբալայի
(
Kab
-
balah
)
հետազօտութեան
կեդրոնական
հասկացութիւններէն
մէկը։
Կաբալայի
աստուածիմաստական
գաղտնուսոյց
առաջին
գաղափարները
շատ
հաւանաբար
յառաջացած
են
Հին
Կտակարանի
(յուդայական
Թանախի
–
Tanach)
գրութեան
շրջանին,
սակայն
որպէս
համակարգ
ան
ձեւաւորուած
է
10-րդ
դարուն։
Այնուհետեւ,
պատմութեան
ընթացքին
ունեցած
է
լաւ
ու
վատ
շրջաններ,
ինչպէս
նաեւ
տարբեր
հոսանքներ
ու
ուղղութիւններ։
Կաբալայի
աստուածիմաստութիւնը,
ժամանակակից
19-րդ
դարէն
ի
վեր
շատ
աւելի
այժմէական
դարձած
է։
Ժամանակակից
շրջանի
սկիզբները,
1875
թուականին,
ամերիկեան
Նիւ-Եորքի
մէջ,
կը
հիմնուէր
«
Աստուածիմաստութեան
ընկերակցութիւնը
»
(Theosophical
Society),
գլխաւորաբար
Հ.
Պ.
Բլավատսկայայի
(Helena
Petrovna
Blavatskaya,
1831
–
1899
թ.
)
կողմէ։
Ընկերակցութեան
հիմնադրութենէն
ետք,
«
աստուածիմաստութիւն»
հասկացութիւնը
կը
հեռանար
իր
արեւմտեան
աստուածիմաստութեան
ոլորտի
արդէն
ծանօթ
իմաստէն
եւ
նոր
բնորոշում
ու
նոր
իմաստ
կը
ստանար,
որու
հիմքը
կը
կազմէր
ժամանակակից
Թաքնապաշտութիւնն
(կամ
Գաղտնախոհութիւն
=
Occultism)
ու
Ոգեպաշտութիւնը
(Spiritualism),
օգտագործելով
արեւելեան
(գլխաւորաբար՝
հնդկական
–
հինդուական
ու
բուդդայական)
կրօնափիլիսոփայութեանց
զանազան
աղբիւրները։
Զանազանելու
համար
«
աստուածիմաստութեան»
նախկին
եւ
նոր
իմաստները,
այս
վերջինը
կը
ներկայանայ,
որպէս
«արդիական
աստուածիմաստութիւն»։
20-րդ
դարու
սկիզբները,
Գերմանիոյ
մէջ,
Աստուածիմաստութեան
ընկերակցութեան
մասնաճիւղի
ղեկավարներէն
խորհրդապաշտ
փիլիսոփայ
Ռ.
Շտայնէր
(Rudolf
Steiner,
1861
–
1925
թ.
),
իր
բազմաթիւ
համախոհներուն
հետ
բաժնուելով
յիշեալ
ընկերակցութենէն
կը
հիմնէր
իր
«
Մարդիմաստութեան
ընկերակցութիւնը
»
(Anthroposophical
Society),
որ
պիտի
տարածուէր,
նախ
Եւրոպայի
մէջ
ապա
այլուր։
Աստուածիմաստութիւնը
Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
մէջ
Ժամանակագրական
կարգով
Աստուածիմաստութիւնը
քննարկելէ
ետք,
առանձին
մասի
մը
մէջ
(
Մաս-7,
էջ
293
)
կը
քննարկուի
նոյն
նիւթը,
այս
անգամ
արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեանց
ոլորտին
մէջ։
Այստեղ,
գլխաւորաբար
պիտի
յիշատակուին
աստուածականութեան
[ծ-07]
(Theism)
ոլորտի
Հնդկաստանի
Հինդուականութիւնը
(Hinduism),
Ճապոնիայի
Շինտոյականութիւնը
(Shintoism)
եւ
Իրան/Պարսկաստանի
Զրադաշտականութիւնը
(Zoroastrianism),
որոնք
բազմաստուածեան
կրօնափիլիսոփայութիւններ
են,
ինչպէս
նաեւ
միաստուածեան
Սիկհականութիւնը
(Sikhism)։
Աւելի
հակիրճ
ձեւով
պիտի
կը
ներկայացուին
Չինաստանի
Դաոյականու
թիւն
ն
(Daoism)
ու
Կոնֆուցիականութիւնը
(Confucianism),
նաեւ
Հնդկաստանի
մէջ
ծագում
առած
ու
Ասիոյ,
Եւրոպայի
ու
Ամերիկայի
մէջ
լայն
տարածում
ունեցած
Բուդդայականութիւնը
(Buddhism),
որոնց
մօտ,
սակայն,
կը
պակսի
անձնականացուած
աստուած
մը
կամ
աստուածները։
Ծանօթագրութիւն
Աստուածիմաստութեան
ոլորտի
քննարկման
ընթացքին
կը
հանդիպինք
որոշ
եւ
յատուկ
նիւթերու,
որոնք
աստուածիմաստութեան
գաղափարին
հետ
անմիջականօրէն
առնչուած
են
եւ
կը
սատարեն
անոր
ըմբռնման։
Բոլոր
այդ
նիւթերը
հաւաքուած
են
Ծանօթագրութիւններ
(Annotations)
յատուկ
մասին
մէջ
(
Մաս–8,
էջ
358-էն
սկսեալ),
որոնք
այբբենական
կարգով
շարուած,
թիւով
50
ծանօթագրութիւններ
են
եւ
գրքին
մէջ
կը
նշուին,
որպէս
[ծ-01],
[ծ-02],
[ծ-03],
եւայլն…։
Այդ
նիւթերէն
քանի
մը
հատը
արժանացած
են
աւելի
մանրազննին
ուշադրութեան։
Անոնցմէ
յիշարժան
են
․
-
Աստուած
[
ծ-07
]
(
God)
Այս
հասկացութեան
տակ,
նախ
որոշ
մանրամասնութեամբ
կը
քննարկուի
նոյնինքն
Աստուած
հասկացութիւնը
ապա
ուղղակիօրէն
աստուծոյ
գաղափարին
առնչուած
աստուածաբանական
եւ/կամ
փիլիսոփայական
հետեւեալ
վեց
ուղղութիւնները.
-
Աստուածականութիւն
(Theism,
յուն.
՝
theós
=
աստուած
եզրոյթէն),
որ
ընդհանուր
ու
վերին
հասկացութիւն
է
եւ
ընդհանրապէս
կը
նշանակէ
հաւատք՝
Աստուծոյ
հանդէպ,
որ
նախ
ստեղծած
է
ամբողջ
աշխարհը
ապա
միջամտելով՝
կը
շարունակէ
պահել
ու
պահպանել
զայն։
Այստեղ,
աստուածային
Յայտնութիւնը
(Revelation)
իր
որոշ
կարեւորութիւնը
ունի։
Աստուածադաւանութիւն
(Deism,
լատ.
՝
deus
=
աստուած
եզրոյթէն),
ուր
սկզբունքով
կ՚ընդունուի
ստեղծագործարարիչ
Աստուծոյ
գոյութիւնը,
սակայն
աստուածաբանական
վկայութիւնները
օրինականացնելու
համար
կ՚օգտագործէ
բանականութիւնը
եւ
ոչ
թէ
յայտնութիւնը։
Այստեղ
կը
մերժուին
աստուածային
Յայտնութիւնը
(Revelation),
Երրորդութիւնը
(Trinity)
եւ
աստուածաշնչեան
հրաշքները։
Աստուածադաւանութեան
պարագային,
Աստուած
նախ
կը
ստեղծէ
ամբողջ
աշխարհը,
ապա
չի
միջամտէր
անոր
հետագայ
ընթացքին
կամ
եղափոխութեան
(Evolution)։
Միաստուածութիւն
(Monotheism),
որ
մէկ
ու
միակ
Աստուծոյ
նկատմամբ
հաւատքն
է,
ինչպէս
է
պարագան
միապաշտական
(Monism)
Յուդայականութեան,
Քրիստոնէութեան,
Իսլամութեան,
ինչպէս
նաեւ
Սիկհականութեան
մօտ։
Բազմաստուածութիւն
(Polytheism),
որ
միաժամանակ
մէկէ
աւելի
կամ
բազմաթիւ
աստուածներու
նկատմամբ
առաւել
կամ
նուազ
չափով
հաւատքն
է,
ինչպէս
յունական,
հռոմէական,
հայկական
կամ
այլ
Հեթանոսութիւններու
[ծ-30]
(Paganism)
պարագային
կամ
արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութիւններէն,
օրինակ
Հինդուականութեան
(Hinduism)
եւ
Շինտոյականութեան
(Shintoism)
պարագային։
Համաստուածութիւն
(Pantheism),
Համաստուածութեան
կրօնափիլիսոփայական
ուսմունքի
պարագային
գոյութեան
ամբողջութիւնը
կը
գրաւէ
ընդհանրապէս
աստուածութեան
կամ
անձնականացուած
Աստուծոյ
մը
տեղը։
Այստեղ
տիեզերքը,
աշխարհը
կամ
բնութիւնը
բոլորովին
կը
հաւասարեցուի
ծանօթ
«Աստուած»
հասկացութեան
հետ։
Նկատի
ունենալով
գոյութեան
ամբողջութեան
ինքնին
աստուածային
կատարելութիւնը,
հասկնալի
է,
որ
այստեղ
ա՛լ
կարիքը
չի
տեսնուիր
արարիչ
-ստեղծագործ
Աստուծոյ
մը,
ինչպէս
է
պարագան
հոլանդիացի
փիլիսոփայ
Բ.
Սպինոզայի
(Baruch
Spinoza,
1596
–
1650
թ.
)
մօտ։
Անաստուածութիւն
(Atheism),
որպէս
աշխարհայացք
եւ
որպէս
համոզում
կը
նշանակէ՝
աստուածներու
կամ
Աստուծոյ
հանդէպ
հաւատքի
բացակայութիւնը
կամ
ընդհանրապէս
անոնց
գոյութեան
մերժումը,
այլ
խօսքով՝
աստուածամերժութիւնը։
Անաստուածութիւնը,
աւելի
լայն
իմաստով
կ՚ընդգրկէ
նաեւ
Անճանաչական
ութիւնը
[ծ-04]
(Agnosticism),
որ
եթէ
մէկ
կողմէն
աստուածներու
կամ
Աստուծոյ
մը
գոյութիւնը
անճանաչելի,
անհասկնալի
ու
անբացատրելի
կը
նկատէ,
բայց
միւս
կողմէն
նաեւ
կը
հաստատէ՝
մարդկային
գիտութեան
(կամ
ճանաչութեան)
խիստ
սահմանափակ
ըլլալը։
Ժխտական
Աստուածաբանութիւն
[ծ-21]
(Negative
Theology)
Ժխտական
Աստուածաբանութիւնը
Պլատոնականութենէն
ազդուած
ու
անկէ
յառաջացած
մեթոդ
կամ
հայեցակարգ
մըն
է,
ուր
աստուածութեան
մը
կամ
Աստուծոյ
մասին
մտածելու
ու
արտայայտուելու
պարագային,
որոշ
սահմանափակումներ
կը
դրուին
եւ
բոլոր
դրական
(Positive)
մտածումներն
ու
յայտարարութիւնները
կը
քննադատուին
ու
կը
մերժուին
եւ
միայն
ժխտականները
(Negative),
որպէս
ճշմարտութիւններ
կ՚ընդունուին։
Այսուհանդերձ,
Քրիստոնէութեան
պարագային
անսկիզբ
ու
անվախճան
Աստուածը,
մահկանացու
մարդոց
համար,
կը
մնայ
անճանաչելին
ու
անհասանելին։
Աստուածարդարացում
[ծ-09]
(
Theodicy
)
Աստուածարդարացում
եզրոյթը
բառացի
թարգմանութիւնն
է
յունարէն
theodikía
եզրոյթին
(
theos
=
աստուած
եւ
díkê
=
արդարադատութիւն)։
Աստուածարդարացումը
կը
փորձէ
պատասխանել
հարցադրումի
մը,
թէ
ինչպէ՞ս
Աստուած
կարող
է
գիտակցաբար
թոյլատրել,
չխափանել,
չկանխել
կամ
չվերացնել
ընդհանրապէս
չարն
ու
յատկապէս
մարդոց
տառապանքը,
նկատի
ունենալով
որ
ան
ամենագէտ,
ամենակարող
ու
ամենաբարի
է։
Խորհրդապաշտութիւն
[ծ-25]
(
Mysticism)
Խորհրդապաշտութիւն
հասկացութիւնը
կը
բնորոշուի
աստուածային
կամ
բացարձակ
իրականութեան
մը
փորձառութեան
վկայութիւններով
կամ
արտայայտութիւններով
կամ
նմանօրինակ
փորձառութիւններ
ունենալու
ջանքով
ու
ճիգով։
Խորհրդապաշտութիւն
եզրոյթով
նաեւ
կը
հասկնանք
ա՛յն
հոգեկան
եւ
հոգեզմայլ
ապրումները,
զորս
գիտականօրէն
կարելի
չէ
առարկայացնել
կամ
բացատրել
եւ
հայեցողութեամբ
ու
հասկացութիւններով
կարելի
չէ
իմանալի
ու
ճանաչելի
դարձնել։
Եսը,
ուրիշը
եւ
անոնց
հանդիպումը
[ծ-17]
(
The
Ego,
The
Other
and
their
meeting
)
Եթէ
մէկ
կողմէն
նկատի
ունենանք
փիլիսոփայական–հոգեբանական
մարդը
կամ
անհատը
(լատ.
՝
individuum),
որպէս
«ես»
(լատ.
՝
ego),
իսկ
միւս
կողմէն
«ես»էն
դուրս
գտնուող
նախ
մարդը,
որպէս
«ուրիշը»
(լատ.
՝
alter)
ապա
նոյնինքն
անդրանցական
Աստուածը,
որ
նոյնպէս
«ես»էն
դուրս
գտնուող
«ուրիշ»
մը
կը
նկատուի
ու
պահ
մը
փորձենք
քննարկել
յիշեալ
երկու
կողմերու
փոխյարաբերութիւնները
կամ
անոնց
մերձեցումն
ու
հանդիպումը,
ի՞նչ
արդիւնքի
կրնանք
հասնիլ։
Գիրքի
կառոյցը
«
Աստուածիմաստութիւն
–
փիլիսոփայական
ակնարկ»
երկի
քննարկման
համար,
որպէս
հիմք
պիտի
ծառայէ
հետեւեալ
կառոյցը.
-
Յառաջաբան
–
Prologue
էջ
10
Մաս
–
1
Ներածութիւն
–
Introduction
էջ
12
ուր
արագ
ակնարկով
կը
ներկայացուի
Աստուածիմաստութիւնը
եւ
իրեն
առնչուած
բոլոր
գլխաւոր
հարցերը։
Վերջաւորութեան
տեղադրուած
է
նաեւ
այս
կառոյցը
։
Մաս
–
2
Աստուածիմաստութիւնը
Հին
Դարաշրջանին
–
Theosophia
in
the
Antiquity
էջ
27
ուր
ընդհանուր
ակնարկէ
մը
ետք,
յաջորդաբար
պիտի
ներկայացուին
չորս
գլուխներ,
հետեւեալ
նիւթերով՝
Ա.
Գլուխ.
-
Ալեքսանդրիա
եւ
իր
նշանաւոր
դպրոցը
էջ
40
Բ.
Գլուխ.
-
Փիլոն
Ալեքսանդրացի
(Philo
of
Alexandria)
էջ
50
Գ.
Գլուխ.
-
Պլոտինոս
(Plotinus)
եւ
էջ
66
Դ.
Գլուխ.
-
Նոր-Պլատոնականութիւն
(Neo-Platonism)
էջ
82
Մաս
–
3
Աստուածիմաստութիւնը
Միջնադարուն
–
Theosophia
in
the
Middle
Ages
էջ
94
ուր
ընդհանուր
ակնարկէ
մը
ետք,
յաջորդաբար
պիտի
ներկայացուին
չորս
գլուխներ,
հետեւեալ
նիւթերով՝
Ա.
Գլուխ.
-
Հայրաբանական
շրջան
(Patristics)
էջ
97
Բ.
Գլուխ.
-
Դպրական
շրջան
(Scholastics),
էջ
102
Գ.
Գլուխ.
-
Քրիստոնէական
Խորհրդապաշտութիւն
(Christian
Mysticism),
եւ
էջ
118
Դ.
Գլուխ.
-
Աստուածիմաստութիւնը
Հայ
Միջնադարուն
(Theosophia
in
the
Armenian
Middle
Ages)
էջ
131
Մաս
–
4
Աստուածիմաստութիւնը
Անցման
Շրջանին
–
Theosophia
in
the
Renaissance
էջ
162
որ
նաեւ
կը
կոչուի՝
Վերածնունդի
շրջան
(Renaissance),
երբ
Միջնադարու
մշակոյթը
որոշ
չափով
կը
յաղթահարուէր,
տեղի
կ՚ունենար
Հնադարեան
մշակոյթի
վերածնունդ
եւ
կը
պատրաստուէր
Նոր
Դարաշրջանը։
Մաս
–
5
Աստուածիմաստութիւնը
Նոր
Դարաշրջանին
–
Theosophia
in
the
New
Age
էջ
167
ուր
ընդհանուր
ակնարկէ
մը
ետք,
պիտի
ներկայացուի
երկու
գլուխներ,
հետեւեալ
նիւթերով՝
Ա.
Գլուխ.
-
Բողոքականեան
Աստուածիմաստութիւն
էջ
175
Բ.
Գլուխ.
-
Կրօնի
փիլիսոփայութիւն
էջ
192
Սպինոզայի
կրօնի
փիլիսոփայութիւնը
էջ
214
Լայբնիցի
կրօնի
փիլիսոփայութիւնը
էջ
219
Կանտի
կրօնի
փիլիսոփայութիւնը
էջ
223
Հեգէլի
կրօնի
փիլիսոփայութիւնը
էջ
238
Նիցշէի
կրօնի
փիլիսոփայութիւնը
էջ
245
Մաս
–
6
Աստուածիմաստութիւնը
Ժամանակակից
Շ
րջանին
–
Theosophia
in
contemporary
Era
էջ
253
ուր
ընդհանուր
ակնարկէ
մը
ետք,
յաջորդաբար
պիտի
ներկայացուին
երեք
գլուխներ,
հետեւեալ
նիւթերով՝
Ա.
Գլուխ.
-
Կաբալա
–
Աստուածիմաստութիւն
(Kabbalah
–
Theosophia)
էջ
255
Բ.
Գլուխ.
-
Աստուածիմաստութեան
Ընկերակցութիւն
(
Theosophical
Society
)
էջ
265
Գ.
Գլուխ.
-
Մարդիմաստութեան
Ընկերակցութիւն
(
Anthroposophical
Society
էջ
281
Մաս
–
7
Աստուածիմաստութիւնը
Արեւելեան
կրօնափիլիսոփայութեան
մէջ
Theosophia
in
Eastern
Religious
Philosophy
էջ
293
ուր
ընդհանուր
ակնարկէ
մը
ետք,
յաջորդաբար
պիտի
ներկայացուին՝
Աստուածիմաստութիւնը
Հնդկաստանի,
Չինաստանի,
Ճապոնիայի
եւ
Իրան/Պարսկաստանի
կրօնափիլիսոփայութիւններու
մէջ
(չորս
գլուխներով)։
Այստեղ
հարկ
է
զանազանել
կարգ
մը
կրօնափիլիսոփայութիւններու,
որոնք
բազմաստուածեան
են,
եւ
այլոց
միջեւ,
ուր
ընդհանրապէս
կը
պակսի
անձնականացուած
աստուած
մը
կամ
աստուածները։
Ա.
Գլուխ.
-
Հնդկաստան
296
Հինդուականութիւն
(
Hinduism)
298
Ջաինականութիւն
(Jainism)
304
Բուդդայականութիւն
(Buddhism)
307
Սիկհականութիւն
(Sikhism)
3
18
Բ.
Գլուխ.
-
Չինաստան
322
Դաոյականութիւն
(Daoism)
32
5
Կոնֆուցիականութիւն
(Confucianism)
329
Գ.
Գլուխ.
-
Ճապոնիա
336
Շինտոյականութիւն
(Shintoism)
339
Դ.
Գլուխ.
-
Իրան/Պարսկաստան
346
Զրադաշտականութիւն
(Zoroastrianism)
3
50
Մաս
–
8
Ծանօթագրութիւններ
–
Annotations
էջ
358
ուր
այբբենական
կարգով
կը
ներկայացուին
հասկացութիւններ,
որոնք
քննարկուած
են
աւելի
լայնօրէն,
քան
էջատակի
ծանօթագրութիւնները։
Անոնք
թիւով
50
են,
որոնք
գրքին
մէջ
նշուած
են
[ծ-01],
[ծ-02],
[ծ-03]
…
եւայլն,
թուարկութեամբ։
Մաս
–
9
Յաւելուած
–
Appendix
էջ
657
ուր
պիտի
ներկայացուին
հետեւեալ
չորս
ցանկերը՝
Կրճատումներու
ցանկ
–
List
of
Abbreviations
էջ
658
Մատենագիտական
ցանկ
–
Bibliography
էջ
660
Անուանացանկ
–
List
of
Names
էջ
670
Բառացանկ
–
List
of
Words
էջ
737
Վերջաբան
–
Epilogue
էջ
7
86
