Աստուածիմաստութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

 

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Epilogue

 

 

Թէեւ գիրքը, իր այս վիճակին մէջ, այստեղ վերջ պիտի գտնէ, սակայն ես կը մտածեմ, որ աստուածիմաստութեան նիւթը տակաւին ուսումնասիրութեան ու տարբեր քննարկումներու կարիքը ունի։ Այլ խօսքով, այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ դեռ ըսելիքներ կան։ Ինծի համար, աստուածիմաստութեան նիւթը տակաւին պիտի շարունակուի, որովհետեւ այնքա՜ն ընդարձակ, անսպառ ու խորհրդաւոր նիւթ մըն է։

Ամբողջութեամբ համաձայն չեմ գերման փիլիսոփայ Հեգէլին, երբ կ՚ըսէր՝ «փիլիսոփայութեան գլխաւոր պարտականութիւնը այլ բան չէ, քան զԱստուած հասկնալը», սակայն փիլիսոփայութիւնը կարեւոր միջոց մըն է քննարկելու ու ուսումնասիրելու համար աստուածաբանական բազմաթիւ հարցերը։

Հնադարեան ժամանակներէն սկսեալ ջանք չէ խնայուած համադրելու փիլիսոփայութիւնն ու աստուածաբանութիւնը։ Աստուածաբանութեան (Theology) եւ փիլիսոփայութեան (Philosophy) համադրութիւնը, սակայն, թէ՛ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին եւ թէ անկէ ետք եւ մինչեւ այսօր, այնքան ալ հեշտ չէ եղած, ինչպէս հաստատեցինք աշխատասիրութեանս տարբեր բաժիններուն մէջ։  

Վերջաւորութեան, շնորհակալական խօսք ունիմ, բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս գիրքի հրատարակութեան ու տարածման, մասնաւորաբար՝

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ փափաքիս ընդառաջելով, ինչպէս նախորդ, նաեւ այս գրքիս հրատարակութիւնը եւ Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայումը ողջունեց։ 

Այս գրքի հրատարակութեան եւ տարածման մեկենասութիւնը ստանձնած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէնին, փոխտնօրէնին եւ ողջ անձնակազմին ։ 

Գերմանիոյ Վուփերտալ քաղաքի Բերգեան Համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի երկար տարիներու դասախօս եւ բաժնի վարիչ, կանտական, գիտնական–փիլիսոփայ Պրոֆ. Մանֆրէդ Բաումին (Prof. Manfred Baum), որ օժանդակեց գրքի կարգ մը մասերուն։ Յիշատակելի են, իրեն հետ ունեցած մանաւանդ Իմմանուէլ Կանտի (Immanuel Kant) առնչուած կրօնի փիլիսոփայութիւն նիւթի եւ այլ հարցերու քննարկումները։

Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) փիլիսոփայութեան ու հոգեբանութեան բաժանմունքի դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ՝ Պրոֆ. Սէյրան Զա-քարեանին, որու Հայ Միջնադարու իմաստասիրութեան նուիրուած գիրքերուն շնորհիւ յառաջացաւ «Աստուածիմաստութիւնը Հայ Միջնադարուն» գրքիս մէկ բաժինը։    

Երեւանի Պետական Լեզուահասարակագիտական Համալսարանի ռեկտոր (տնօրէն) եւ հայագիտութեան դասախօս, 25 երկար տարիներու Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի ուսուցիչ եւ Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէի նախկին նախագահ, լեզուաբան Դաւիթ Գիւրջինեանին, որու հետ մեր ունեցած եզրաբանական զրոյցները արգասաբեր եղան։

Կողքի ձեւաւորման օժանդակող մտերիմ ընկեր ու արուեստագէտ նկարիչ Աւօ Գրիգորեանին եւ համակարգչային նախագծող (Designer) Համօ Սարգիսեանին, որոնց շնորհիւ կողքը ստացաւ շնորհալի տեսք եւ իմաստալից բովանդակութիւն։

Անթիլիասի տպարանի պատասխանատուին ու ողջ անձնակազմին, իրենց կատարած բծախնդիր աշխատանքին համար։

Ապա, շնորհակալութիւն նաեւ ընտանիքի անդամներուն՝

Հօրս, Ատոմ աւագ քահանային, որու հետ, ամէն հանդիպման առիթ եղած է միասնաբար քննարկելու աստուածաշունչի զանազան նիւթերը, եւ

Եղբօրս, Արտակ աւագ քահանային, որու հետ, որպէս հետաքրքրուած ընթերցող, քննարկած եմ գրքիս մէջ արծարծուած բազմաթիւ նիւթեր, ինչպէս նաեւ գրած է հակիրճ կենսագրութիւնս։

 

 

 

 


 

 

 

Հ ԵՂԻՆԱԿԸ

The Author

 

 

Գիրքին հեղինակը, եղբայրս, Սարգիս Քէհեաեան, որդի Տէր Ատոմ աւագ քահանային եւ երէցկին Վարդուհիին, ծնած է Հալէպ։ Նախակրթական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ։

Ան երկար ատենէ ի վեր կ՚ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ զբաղած է իր առաջին մասնագիտութեամբ, որ բժշկութիւնն է։ Այս առնչութեամբ ստանձնած է աւագ բժիշկի պատասխանատու պաշտօններ եւ եղած՝ բժշկական համալսարաններու դասախօս։ Բժշկութեան կողքին, բուռն հետաքրքրութեան պատճառով, հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն, Գերմանիոյ Բերգեան համալսարանին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութենէն անմիջապէս ետք, 90-ական թուականներէն սկսեալ, կապեր հաստատած է Երեւանի Պետական Մխիթար Հերացու անուան Բժշկական Համալսարանին հետ եւ հանդէս եկած զանազան դասախօսութիւններով։ 90-ական թուականներուն, թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ստեփանակերտի կարգ մը հիւանդանոցներուն հետ աշխատակցելով, բժշկական օժանդակութիւններ բերած է։

Այնուհետեւ, 90-ական թուականներու վերջաւորութեան, կապ հաստատած է նաեւ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) « Փիլիսոփայութեան եւ Հոգեբանութեան բաժանմունքին» հետ, ուր դասախօսութիւններով հանդէս եկած է։

Այստեղ (ԵՊՀ) քննարկուած ու տպագրութեան երաշխաւորութիւն ստացած է իր « Բարոյագիտութիւն փիլիսոփայական ակնարկ» ( Ethics philosophical approach) երկի առաջին հրատարակութիւնը (2018 թ. Այնուհետեւ գիրքը տպուած է Էջմիածնի մայրավանքի տպարանին մէջ, ունենալով Էջմիածնի հրատարակչական խորհուրդի երաշխաւորութիւնը եւս։

Բոլոր գիրքերը գրուած են արեւմտահայերէն լեզուով եւ դասական ուղղագրութեամբ, արդարեւ երկու երեւոյթներ, որոնք մեծ կարեւորութեամբ կը շեշտուին եղբօրս կողմէ, որպէս արեւմտահայ հեղինակ։

Փիլիսոփայական բարոյագիտութեան մասին, տարբեր դասախօսութիւններով հանդէս եկած է նաեւ՝ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին (աստուածաբանական համալսարան), Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրանոցին, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։

« Բարոյագիտութիւն փիլիսոփայական ակնարկ» ( Ethics philosophical approach, 2. Edition) երկի երկրորդ, վերստուգուած ու ընդարձակուած հրատարակութիւնը (2021 թ. ) տպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանին մէջ։

Գիրքի թէ՛ առաջին եւ թէ երկրորդ հրատարակութիւնները արդէն սպառած են։

Այժմ, ուրախութեամբ կ՚ողջունեմ նաեւ « Աստուածիմաստութիւն փիլիսոփայական ակնարկ» ( Theosophia philosophical approach ) երկի նոր հրատարակութիւնը, դարձեալ Անթիլիասի տպարանէն։  

«Փիլիսոփայական ակնարկ» ընդհանուր վերնագրի տակ, Մեծի Տանն Կի-լիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ ՀԱՍԿ ամսագրին մէջ, տակաւին լոյս կը տեսնեն իր շարք մը բարոյափիլիսոփայական ու աստուածաբանական կամ աստուածիմաստական յօդուածները։

Ժամանակին աշխատակցած էր նաեւ ծննդավայր Հալէպի «Գանձասար» պարբերաթերթին (ապա շաբաթաթերթ), Բէյրութի թէ՛ «Սփիւռք» գրական շաբաթաթերթին եւ թէ «Բժիշկ» բժշկաառողջապահական ամսագրին։  

1991 թուականին, եղած է՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հիմնադիր անդամներէն եւ աւելի քան երկու տասնամեակ, անընդմէջ վարած՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետութիւնը։ 1998 Յունուարին, անձամբ, Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսի կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած է՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։

Եղբօրս կը մաղթեմ ամենաբարին, որպէսզի շարունակէ իր աշխատանքը, հարստացնելու համար հայ գրականութիւնը, իր իւրայատուկ, անժամանցելի ու մասնագիտական երկերով։

 

Արտակ աւագ քհնյ. Քէհեաեան

2024 Քուէյթ 

 

 


 



 

 

Հեղինակի հասցէները. -

Dr. Sarkis Kehyayan

Rübezahlweg 24

42111 Wuppertal - GERMANY

kehyayans@hotmail. com

kehyayans@gmail. com

 

 


 

Սարգիս Քէհեաեան

Ա ստուած ի մաս տութիւն

փիլիսոփայական ակնարկ

 

Ա. Հրատարակութիւն

 

202 4

Sarkis Kehyayan

T heosophia

philosophical approach

 

1. Edition

 

202 4

 

 

Տառատեսակ (Font)՝ Segoe UI

Թուղթ՝ 70 gram, չափ՝ 17 x 24 cm

Ծաւալ՝ 7 92 էջ, տպաքանակ՝ 300

 

 

Տպարան

Կաթողիկոսութեան Հայոց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս - Լիբանան

 

 

Printed in

The Armenian Catholicosate of Cilicia

Antelias - Lebanon

 

 

Յիշատակարան