Աստուածիմաստութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մաս 7

 

 

ԱՍՏՈՒԱԾԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԿՐՕՆԱՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Theosophy in the eastern religious philosophy

 

 

Ներածութիւն

Աստուածիմաստութիւնը արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան մէջ լայնածաւալ նիւթի քննարկման ատեն, հարկ է այս նիւթը ներկայացնել՝ թէ՛ իր զանազան կրօնափիլիսոփայութիւններու իմաստով եւ թէ մեր նիւթի ծիրէն ներս՝ աստուածիմաստութեան իմաստով։

Հարկ է նկատի ունենալ, որ կրօնափիլիսոփայութիւն (Religious Philosophy) եզրոյթը եւ կրօնի փիլիսոփայութիւն (Philosophy of Religion) բառակապակցութիւնը, բոլորովին տարբեր հասկացութիւններ են։

Կրօնափիլիսոփայութիւն ( Religious Philosophy )

            Կրօնափիլիսոփայութիւն ը կը քննարկէ տարբեր (առաւելաբար արեւելեան կամ ասիական) կրօնները եւ անոնց հարցերը, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած փոխազդեցութիւնը ու անքակտելի կապը փիլիսոփայութեան հետ։ Մասնաւորաբար արեւելեան կրօնները, գերման փիլիսոփայ Հեգէլի (Georg Wilhelm Friedrich Hegel, 1770 1831 թ. ) համաձայն, կը ներկայացնեն նաեւ «ընդհանուր սկզբունքներով ուրոյն աշխարհայացք մը, որ շատ աւելի մօտ է փիլիսոփա յութ եան»։ Յիշեալ ընդհանր ացում ը կամ «ընդհանուր» սկզբունքներու գաղափարը, որ առհասարակ Արեւելքի նկարագիրն է, կ՚արտացոլայ նաեւ Աստուած գաղափարին վրայ եւ Աստուած կ՚ընկալուի որպէս «ընդհանուր» սկզբունք։ Նոյնը՝ կարելի չէ ըսել, օրինակ բազմաստուածեան յունական, հռոմէական ու հայկական հին կրօններուն, ինչպէս նաեւ միաստուածեան յուդայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններուն մասին։ Այս պատճառով ալ այսուհետեւ, զանազանելու համար Արեւելքի կրօնները յիշեալ միւս կրօններէն, այստեղ պիտի օգտագործուի արեւելեան «կրօնափիլիսոփայութիւն» եզր ոյթ ը։

Կրօնի փիլիսոփայութիւն (Philosophy of Religion)

            Կրօնի փիլիսոփայութիւն ը կրօնական զանազան աւանդութիւններու կամ նոյնինքն տարբեր հին ու նոր կրօններու փիլիսոփայական - քննադատական միջոցներով բացայայտումն ու պարզաբանումն է։ Այլ խօսքով՝ փիլիսոփայու թիւն ն է, որ կը խօսի կրօններուն մասին, բացայայտելու համար կրօններու էութիւնը եւ անոնց կապը, նոյն այդ կրօններու հետեւորդներուն հետ։ Կրօնի փիլիսոփայութեան բովանդակութիւնը, մասամբ, կարելի է տեսնել նաեւ երկու այլ կրօնական մասնագիտութիւններու պարագային, որոնք են. -

Կ րօնագիտութիւնը (անգլ. ՝ Religious Studies, գերմ. ՝ Religionswissenschaft ) եւ

Ա ստուածաբանութիւնը (Theology)։

Կրօնի փիլիսոփայութեան ընդարձակ ծիրէն ներս, քննարկումի ու խօսոյթի նիւթ կը դառնան՝ միակ Աստուծոյ, աստուածներու կամ հոգեւոր գերագոյն էութեան մը հարցերը, կրօնական գրութիւններու մեկնաբանութիւնները ու վերլուծումները։   

Լայնածաւալ, երփներանգ, հետաքրքրական, բազմաթիւ հետեւորդներով եւ որոշ չափով բարդ ու կնճռոտ արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւնը (Eastern Religious Philosophy), կրնայ սկսած ըլլալ 5 հազարամեակներ առաջ եւ որպէս Արեւելքի մեծ կեդրոններ, յիշատակութեան արժանի են՝ Հնդկաստանը, Չինաստանը, Ճապոնիան եւ Իրան/ Պարսկաստանը։

Այստեղ, յատկապէս շեշտելու է, որ այս աշխատասիրութեան մէջ յիշուած արեւմտեան փիլիսոփայութիւնը (Western Philosophy) պէտք է զանազանել՝ արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւններէն, որովհետեւ այս վերջինները չկրցան թօթափել կրօնական աշխարհայեացքը, այստեղ կրօնը, իր աստուածաբանութեամբ եւ փիլիսոփայութիւնը առնչուած են զօրաւոր կապերով ու կը ներկայանան միասնաբար։

Նոր Դարաշրջանին, սակայն, տարբեր փորձեր կը կատարուին արեւմտեան փիլիսոփայութիւնը եւ արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւններ ը համադրելու եւ ամբողջականացնելու համար, ուր աւելի նկատի կ՚առնուին արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեանց փիլիսոփայական բաժինը։ Կատարուած բազմաթիւ փորձերէն յիշարժան է՝ ճապոնական Կիոտո դպրոցը (Kyoto School), ուր կը փորձուի, օրինակ, գերման փիլիսոփայ Է. Հուսեռլի ( Edmund Husserl, 1859 1938 թ. ) Երեւութաբանութիւնը (Phenomenology) համադրել ճապոնիական Զէն-Բուդդայականութեան (Zen-Buddhism) կարգ մը տեսակէտներուն հետ։

Այս գրքի հիմնական նիւթը եղող Աստուածիմաստութեան տեսակէտէն, արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւններ ու պարագային պէտք է զանազանել՝ կարգ մը կրօնափիլիսոփայութիւններ ու, որոնք բազմաստուածեան են, եւ այլ կրօնափիլիսոփայութիւններ ու միջեւ, որոնց մօտ ընդհանրապէս կը պակսի անձնականացուած աստուած [ ծ-07 ] մը կամ աստուածները։

Այս իմաստով, այստեղ պիտի քննարկուին՝ Հնդկաստանի Հինդուականութիւնը (Hinduism), Ճապոնիայի Շինտոյականութիւնը (Shintoism) եւ Իրան/ Պարսկաստանի Զրադաշտականութիւնը (Zoroastrianism), որոնք բազմաթիւ աստուածներ ունեցող բազմաստուածեան [ծ-07] կրօնափիլիսոփայութիւններ են։ Պիտի յիշատակուի նաեւ Հնդկաստանի մէջ 16-րդ դարուն, Հինդուականութեան եւ Իսլամութեան ազդեցութիւններու տակ յառաջացած այլ կրօն մը՝ միաստուածեան [ծ-07] Սիկհականութիւնը (Sikhism)։

Ասոնց կողքին, հակիրճ ձեւով պիտի ներկայացուին նաեւ՝ Չինաստանի Դաոյականութիւնն (Daoism) ու Կոնֆուցիականութիւնը (Confucianism), ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի մէջ ծագում առած ու Ասիոյ, Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ լայն տարածում ունեցած Բուդդայականութիւնը (Buddhism), որոնց մօտ կը պակսի անձնականացուած աստուած մը (կամ աստուածները)։

Վերոյիշեալ բոլոր կրօնափիլիսոփայութիւններու մօտ, մեծ կարեւորութիւն ունին բարոյական կեանքն ու բարոյագիտութիւնը [1] (Ethics), որոնց մասին եւս պիտի անդրադառնանք, որոշ մանրամասնութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ Մաս-8 ի մէջ, «Արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւն» [ծ-10] ընդհանուր վերնագրի տակ (էջ 445) հաւաքուած են այս նիւթին առնչուած գրեթէ բոլոր հիմնական ծանօթագրութիւնները (հասկացութիւններ կամ եզրոյթներ). -

Դհարմա (Dharma), Եոգա (Yoga), Կարմա (Karma), Մանտրա (Mantra), Մոկշա (Moksha) կամ Նիրվանա (Nirvana), Մտավերացում (Meditation), Սամսարա (Samsara), Սուտրա (S û tra), Վերամարմնաւորում (Punarjanman = Reincarnation), Տանտրա (Tantra), եւայլն…։

 

 


 

Ա. Գլուխ

Հ նդկաստան

 

Հնդկաստանի մէջ, մ. թ. ա. մօտ. 3000 թուականին սկսած կրօնափիլիսոփայութիւնը, աւանդոյթներու բերանացի տարածմամբ, փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։ Այս իմաստով յայտնի են հնադարեան Վեդաները (սնսկ. ՝ Veda = Գիտութիւն) եւ Ուպանիշադները (սնսկ. ՝ Upanishad, որ կը նշանակէ՝ ուսուցչին շուրջը նստիլ եւ անգիր սորվիլ կրօնափիլիսոփայական ուսմունքը)։ Այս ժամանակաշրջանին, Հնդկաստանի կրօնական նախնական ու առասպելական աւանդութիւններուն մաս կը կազմէին. -

Ոգեպաշտութիւնը (Animation),

Նախնիներու հոգիներու մեծարանքը եւ

Մայր աստուածուհիներու պաշտամունքը։ 

Վեդաները կը յառաջանան մ. թ. ա. մօտ. 1750 թուականէն սկսեալ եւ կը բաժնուին՝ վաղ, միջին եւ ուշ ժամանակաշրջաններու, մինչեւ 500 մ. թ. ա. ։ Այստեղ, մասնաւոր կարեւորութեամբ կը յիշուին գլխաւոր 4 Վեդաները, որոնք սանսկրիտ երէն գրուած, կրօնափիլիսոփայական սրբ ազան ժողովածուներ են։ Այս 4 Վեդաները, հետագային, հիմքը պիտի կազմէին հնդ կ ական զանազան կրօնա –փիլիսոփայ ութիւններու։

Վեդայական վաղ ժամանակաշրջանը (1750 1200 մ. թ. ա. ), որ կը յատկանշուի բազմաստուածութեամբ [ ծ-07 ] (Polytheism)։ Առկայ են աստուածներու հայրը (Dyaus Pita), աստուածներու մայրը (Aditi) եւ այլ աստուածներ ու աստուածուհիներ։ Նկատելի են նաեւ զոհաբերութեան արարողութիւնները։ Այս շրջանին իւրա յատուկ են նաեւ 4 հիմնական վեդաները։

Վեդայական միջին ժամանակաշրջանը (1200 850 մ. թ. ա. ), որու ընթացքին կը յայտնուին բրահմանաները (սնսկ. ՝ B rahmana), որոնք բարձր դասակարգի պատկանող կղերական դասը կը կազմէին։ Անոնք կը մեկնաբանէին վեդաները եւ աւելի կ՚արժեւորէին զոհաբերութեան արարողութիւնները։

Վեդայական ուշ ժամանակաշրջանը (850 500 մ. թ. ա. ), որու ընթացքին կը զարգանայ պրահմանաներու դասակարգը եւ կը յայտնուին Ուպանիշադ (սնսկ. ՝ Upanishad) կրօնափիլիսոփայական գրութիւնները, որոնք ամբողջացուցին վեդաները։ Ուպանիշադներով կը յառաջանան 2 նոր ուսմունք՝

Ստեղծագործութեան (Creation) ուսմունքը, ուր կը խօսուի՝ Բրահմանի (սնսկ. ՝ Brahman) եւ Ատմանի (սնսկ. ՝ Atman) մասին։ Բրահման, այն մնայունը, անտեսանելին, անլսելին, անշօշափելին, բայց ազդեցիկ ու բոլոր գոյացութիւններու հիմքն է։ Իսկ Ատմանը, անհատական ինքնութիւնը, յաւիտենական ոգին ու անմահ հոգին է, որ Բրահմանէն անբաժան է եւ մարդ կարող է Բրահման-Ատման միութեան հասնիլ՝ մտավերացման (Meditation) [ ծ-10 ] միջոցով։

Վերամարմնաւորման (Reincarnation, սնսկ. ՝ P unarjanman) ուսմունքը, ուր նիւթ կը դառնայ « ծնունդի եւ մահուան յարատեւ ու տառապալի շրջանառութիւնը», սամսարան ( սնսկ. ՝ Samsara) [ ծ-10 ] եւ ասոր հետ անմիջական կապ ունեցող կարման [ ծ-10 ] ( սնսկ. ՝ Karma), որ անհատի ապրելակերպի, մտածելակերպի ու արարքներու ամբողջութիւնն է։ Միայն անհատի կարմայով կ՚որոշուի հոգիի վերամարմնաւորման որակը, թէ հոգին ի՞նչ մակարդակով մարմնի մը մէջ պիտի վերա յայտնուի։ Բայց մարդու վերջնական նպատակը՝ ձերբազատուիլն ու փրկուիլն է այս յարատեւ տառապանքէն ու հոգիի շրջանառութենէն (սամսարա) եւ արժանանալն է գերագոյն բերկրանքին, ներքին անդորրութեան, կատարեալ գոհունակութեան ու յաւիտենական երանութեան, որ Հինդուականութեան մէջ կը կոչուի մոկշա ( սնսկ. ՝ Moksha) իսկ Ջաինականութեան, Բուդդայականութեան եւ այլ արեւելեան կրօնափիլիսոփայական աւանդութիւններու մէջ՝ նիրվանա ( սնսկ. ՝ Nirvana) [ ծ-10 ] ։ 

Վ երոյիշեալ կարման, իր կարգին, սերտօրէն առնչուած է դհարմային ( սնսկ. ՝ Dharma), որ կը բովանդակէ օրէնքը, ինչպէս նաեւ իրաւական, բարոյական ու կրօնական պարտաւորութիւնները։ Այս կանոններն ու վարժութիւնները կը ներկայանան կարճ ու խտացեալ ասոյթներով, որոնք սուտրա [ ծ-10 ] (սնսկ. ՝ Sûtra ) կը կոչուին։

Վերոյիշեալ վեդայական ժամանակաշրջանին է, որ Հնդկաստանի մէջ կը կազմուի, առաջին կազմակերպուած կրօնափիլիսոփայութիւնը, որ կը կոչուի Հինդուականութիւն (Hinduism)։

Այնուհետեւ, մ. թ. ա. 500 200 ժամանակաշրջանին, կը յայտնուին ազդ եցիկ ճգնաւորական–բարեկարգչական շարժումներ, որոնց որպէս հետեւանք կը յառաջանան բազմաթիւ նոր կրօնափիլիսոփայութիւններ, որոնցմէ 2 կարեւորագոյններն են. - Ջաինականութիւնը (Jainism) եւ Բուդդայականութիւնը (Buddhism)։

Աւելի ուշ, 16-րդ դարու սկիզբը կը յայտնուի Սիկհականութիւնը (Sikhism), որ որպէս միաստուածեան կրօն, կը կրէր Հինդուականութեան եւ Իսլամութեան ազդեցութիւնները։

Ստորեւ Հնդկաստանի 4 գլխաւոր կրօնափիլիսոփայութիւնները, որոշ մանրամասնութեամբ. -

Հինդուականութիւն (Hinduism), իր բազմաստուածեան բնոյթով,

Ջաինականութիւն (Jainism), իր առանց աստուածութիւններուն,

Բուդդայականութիւն (Buddhism), իր առանց աստուածութիւններուն, եւ

Սիկհականութիւն (Sikhism), իր միաստուածեան բնոյթով ։

 

1

Հինդուականութիւն

Hinduism

 

Հնդկաստանի մէջ, կրօնափիլիսոփայութեանց առաջին նշանները կարելի է հաստատել, ինչպէս տեսանք, 4 5 հազարամեակներ առաջ, սակայն վաղ վեդայական ժամանակաշրջանին (մօտ. 1700 մ. թ. ա. ) եւ առանց հիմնադրի մը անուան յիշատակութեան, կը կազմուի Հինդուականութիւնը (Hinduism), որ կը կոչուի նաեւ՝ «յաւիտենական օրէնքը» (սնսկ. ՝ sanâtana dharma ), իր բազմաթիւ ճիւղաւորումներով, կրօնական իւրայատուկ աշխարհայացքով, փիլիսոփայական պատկերացումներով, գործնական բարոյագիտութեամբ եւ իր բազմաթիւ աստուածներով (սնսկ. ՝ Deva ) ։

Այդ աստուածութիւններէն գլխաւոր երեքը կը կազմեն Հինդուականութեան եռամիասնականութիւնը, սանսկրիտ՝ Trimûrti [2]. -  

Բրահմա (Brahma). -

Հինդուականութեան ստեղծիչարարիչ գերագոյն աստուածը, որ ինքնածին է, լոտոս ( Lotos) ծաղիկէն յառաջացած ։ Հնդկական առասպելաբանութեան մէջ կան նաեւ Բրահմայի ծագումնաբանութեան այլ տարբերակներ։ Իրմէ յառաջ եկած է իր կինը՝ Սարասվատի (Sarasvati), որ իմաստութեան, լեզուի, ու գիտութեան աստուածուհին է ։ Ան կը նկատուի «վեդաներու մայրը» եւ սանսկրիտ այբուբենի ստեղծիչը։ Բրահմայի քանդակները ցոյց կու տան զինք, իր 4 դէմքերով, 4 ձեռքերով, աղօթքի ծաղկեպսակով եւ վեդաներով, երբեմն նաեւ իր կնոջ հետ։

Վիշնու (Vishnu). -

Հինդուականութեան պահապան ու խաղաղասէր աստուածը, նաեւ արեւու եւ լոյսի աստուածը։ Վիշնուի կինը Լակշմի (Lakshmi) սիրոյ, հարստութեան, առողջութեան ու գեղեցկութեան աստուածուհին է։ Իրեն կը տրուի նաեւ բարի ու ողորմած վերադիրները։ Վիշնուի քանդակները ցոյց կու տան զինք, իր 4 ձեռքերով, որոնք կը կրեն իր հիմնական յատկանիշները նկատուող՝ նետելու սկաւառակը, խխունջի եղջիւրը, լոտոսի ծաղիկը եւ մահակը։ 

Շիվա (Shiva). -

Հինդուականութեան կործանիչ ու վերակերտիչ աստուածը ։ Շիվայի կինը, Պարվատի (Parvati) աստուածուհին կը մարմնաւորէ հաւատարիմ, սիրող, անձնազոհ կնոջ ու մօր տիպարը։ Շիվայի քանդակները ցոյց կու տան զինք, իր ցուլով, երբեմն նաեւ իր կնոջ հետ։

Հինդուականութեան երկրորդ կարեւոր ժամանակաշրջանը մ. թ. ա. 500-200 ժամանակահատուածն է, որու ընթացքին թէեւ Հնդկաստանի մէջ դասական Հինդուականութիւնը կը շարունակուի, բայց սկիզբ կ՚առնեն յոյժ ազդեցիկ ճգնաւորական–բարեկարգչական շարժումներ ու կը յառաջանան բազմաթիւ ճգնաւորականվանական խմբակցութիւններ, որոնցմէ պիտի գոյատեւէին եւ զարգանային հետեւեալ երկու կրօնափիլիսոփայութիւնները. -

Ջաինականութիւնը (Jainism), որու հիմնադիրն է՝ իշխան Վարդհամանա ( Vardhamana, 599 527 մ. թ. ա. ), որ ստացած է Մահավիրա ( Mahavira = «մեծ հերոս» ) ու Ջինա (Jina = «յաղթական») տիտղոսները, եւ

Բուդդայականութիւնը (Buddhism), որու հիմնադիրն է՝ իշխան Սիդհարթա Գաուտամա ( Siddhartha Gautama, մօտ. 563 483 մ. թ. ա. ), որ ստացած է Բուդդա (Buddha = զարթնածը) տիտղոսը ։ 

Դասական Հինդուականութիւնը, առաջին անգամ արտաքին կամ օտար մշակոյթի հետ շփման մէջ մտած է, երբ մ. թ. ա. 327 թուականին Ալեքսանդր Մակեդոնացիի ( Alexander III of Macedon, 356 323 մ. թ. ա. ) արշաւանքները կը հասնին հիւսիսային Հնդկաստան։ Այսպէս կը յառաջանար մշակոյթներու հ ամահաշտութիւն [3] (Syncretism) մը, որ սակայն շատ երկար պիտի չտեւէր, նկատի ունենալով Մեծն Ալեքսանդրի վաղահաս մահը։

Այնուհետեւ դասական Հինդուականութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ 300 650 թուականներուն կ՚ապրի իր Զարթօնքի շրջանը. - կը կառուցուին նոր տաճարներ, գրի կ՚առնուին աւանդական ուսմունքը, կը վերադասաւորուին սրբազան արարողութիւնները։

Դասական Հինդուականութիւնը, 8-րդ դարու իսլամական արշաւանքներուն պատճառով, երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի զգար արտաքին կամ օտար մշակոյթի ազդեցութիւնը։ Ապա նաեւ շփման մէջ կը մտնէր քրիստոնէական կրօնի հետ։ Սակայն, Հինդուականութիւնը, միաստուածեան այս կրօններուն հետ համահաշտութիւն (Syncretism) մը չէր կրնար իրականացնել, նկատի ունենալով իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւնները։ Արդարեւ, Քրիստոնէութիւնը եւ Իսլամութիւնը, իրենց համար, պիտի մնային օտար կրօններ։

Իսլամութիւնը, սակայն, պիտի տարածուէր հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ եւ հոն մեծամասնութիւն կազմէր (այսօրուան՝ Պակիստանը Pakistan)։ Իսկ Պունջաբ (Punjab) տարածաշրջանին մէջ, 16-րդ դարու սկիզբը, Իսլամութեան եւ Հինդուականութեան ազդեցութեան տակ կը յառաջանար միաստուածեան նոր կրօն մը, որ կը տարբերէր յիշեալ երկուքէն եւ պիտի կոչուէր՝

Սիկհականութիւն (Sikhism), որու հիմնադիրն է Գուրու [4] Նանակ (Guru Nanak, 1469 1539 թ.  

Հնդկաստանի վրայ, բրիտանական գաղութատիրութեան (1858 1947 թ. ) շրջանին, դասական Հինդուականութիւնը մեծապէս պիտի ազդուէր նաեւ քրիստոնէական կրօնէն եւ պիտի յայտնուէին՝ կրօնաընկերային բնոյթի նոր, բարեկարգչական շարժումներ, որոնք պիտի բարելաւէին մանաւանդ բարոյական իրավիճակը եւ պիտի յառաջանար՝

Նոր-Հինտուականութիւն (Neo-Hinduism) մը, որ իր կարգին իր շուրջ պիտի հաւաքէր երկրի բնակչութիւնը, պիտի սկսէր ազատագրական լայնատարած շարժում մը եւ երկիրը պիտի բացուէր՝ դէպի Արեւմուտք։ 

Նոր-Հինդուականութեան արգասիքը կը հանդիսանայ առանց բռնութեան ազատագրական շարժումը եւ Հնդկաստանի բրիտանական տիրապետութենէն ազատագրումը (15. Օգոստոս 1947 թ. ), ղեկավարութեամբ՝  հնդիկ փաստաբան Մ. Գանդիի (Mahatma Gandhi, 1869 1948 թ. ), որ Նոր-Հինդուականութեան հետեւորդ ու հանդուրժողութիւն քարոզող խաղաղասէր (Pacifist) մըն էր։

Ասոր կողքին, կը յառաջանայ քարոզչական գուրուականութիւն մը, որով Նոր-Հինդուականութիւնը, միսիոնարական ձեւով, պիտի տարածուէր նաեւ Արեւմուտքի մէջ։ Նշանաւոր գուրու միսիոնար–քարոզիչներու եւ փիլիսոփաներու շարքին կարելի է յիշել՝ 

Ջ. Կրիշնամուրտի ( Jiddu Krishnamurti, 1895 1986  թ. ),

Մ. Մ. Եոգի կամ Մահարիշի ( Maharishi Mahesh Yogi, 1918 2008 թ. ),

Ս. Ս. Բաբա ( Sathya Sai Baba, 1926 2011 թ. ) եւ

Բ. Շ. Ռաջնիշ (Bhagwan Shree Rajneesh, 1931 1990 թ. ), որ իր կեանքի վերջին տարին, ինքզինք Օշօ (Osho) անուանեց ։

Հնդկական կրօններու եւ աւանդութիւններու հաւաքածոյ նկատուող Հինդուականութեան կը հետեւի աւելի քան մէկ միլիառ մարդ, մեծամասնութիւնը՝ Հնդկաստանի մէջ եւ Նոր-Հինդուական շարժումէն ետք, նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Քանակական տեսակէտէն, ան կը նկատուի աշխարհի երրորդ կրօնը, Քրիստոնէութենէն եւ Իսլամութենէն ետք։

Հինդուականութեան բարոյագիտութիւնը

Բարոյագիտութիւնը (Ethics, սնսկ. ՝ Nitisastra ) նիւթ եղած է հինդուական հին գրութիւններու, վեդաներուն մէջ եւ գլխաւորաբար քննարկուած է անհատին ընդհանրապէս ապրելակերպն ու վարուելակերպը, սնսկ. ՝ դհարմա [ ծ-10 ] (dhar - ma), որ կը համախմբէ բարոյական ճիշդ ապրելակերպն ու վարուելակերպը, օրէնքն ու առաքինութիւնները, կարգապահութիւնը, պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնները, որոնք առնչուած են կեանքի հետեւեալ 4 փուլերուն հետ. -

Brahmacharya, կեանքի առաջին փուլը, որպէս աշակերտ եւ ուսանող,

Grhastha, կեանքի երկրորդ փուլը, որպէս ամուսնացած տանուտէր,

Vanaprastha, կեանքի երրորդ փուլը, որպէս մեկուսի անտառաբնակ եւ

Samnyasa, կեանքի չորրորդ փուլը, որպէս կեանքէն քաշուած ու մոկշային հասնելու նուիրուած անհատ։

Ներկայ Հինդուականութեան մէջ, կեանքի առաջին 2 փուլերը կան, սակայն, տարիքի յառաջացումով, անտառի մէջ մեկուսացողներ չկան։ Իսկ ծերերը՝ իրապէս կը քաշուին աշխարհիկ պարտաւորութիւններէն եւ իրենց տան մէջ կը նուիրուին կրօնափիլիսոփայական ոլորտին։   

Որպէս դհարմայի ( dharma) հականիշ հասկացութիւն, կ՚օգտագործուի սնսկ. ադհարմա (adharma) եզր ոյթ ը, որ կը համախմբէ սխալ վարուելակերպ ն ու ժխտական բոլոր յատկանիշները, ինչպէս՝ մոլութիւնները ։

Հինդուականութեան համաձայն, դհարմայական կամ բարոյական ու առաքինի կենցաղը, իւրաքանչիւր անհատի համար կեանքի գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ, որպէսզի ան կարենայ համերաշխ ու ներդաշնակ ապրիլ, այլ մարդոց ու բնութեան հետ։ Դհարմայական կենցաղի համար կարեւորագոյն 10 առաքինութիւններն են. -

իմաստութիւն, խոհեմութիւն, ճշմարտացիութիւն, ներողամտութիւն, ներքին մաքրութիւն, արիութիւն, չափաւորութիւն, ինքնազսպում (զգացումներու վերահսկողութիւն), ագահութեան ու գողութեան արգելք, եւ բռնութեան ու սպանութեան արգելք։

Ասոնց կողքին, կը շեշտուին նաեւ հետեւեալ բարի յատկանիշները. -

լաւատեսութիւն, գոհունակութիւն, խնայողութիւն, յարատեւ ուսումնառութիւն, համբերատարութիւն, հանդուրժողութիւն, մտավերացում (Meditation), եւայլն։

Հինդուական ոլորտի մէջ, որպէս ուսմունք եւ վարժութիւն բնորոշ է նաեւ եոգան [ ծ-10 ] (սնսկ. ՝ Yoga ) ։   Հնդկական կրօնափիլիսոփայութեան ոլորտի մէջ, եոգան ծանօթ է, որպէս ուսմունք եւ վարժութիւն, որ սկզբնական իր վիճակին մէջ, ծագում առած է վեդայական ուշ ժամանակաշրջանին (մօտ. 700 մ. թ. ա. ), երբ կը յայտնուէին ուպանիշադ (սնսկ. ՝ upanishad) կրօնափիլիսոփայական գրութիւնները։ Եոգան միաժամանակ կը բովանդակէ՝ մարմնական ու հոգեկան վարժութիւններ, ինչպէս նաեւ մտային խոր կեդրոնացում ։ Եոգայի նպատակները՝ հոգիի կաշկանդումներէ ազատագրումն ու ճշմարտութեան ճանաչումն են։ Ասոնց համար, սակայն, հարկաւոր են անձնական որոշ զոհողութիւններ, ինչպէս՝ ժուժկալ, չափաւոր եւ խստակեաց (ստախօսութենէ, ագահութենէ ու տարփանքներէ հեռու) բարոյական կեանք մը։ Ինչպէս նաեւ մտավերացման [ ծ-10 ] (Meditation) ընթացքին, անհատը պէտք է վերահսկէ իր շնջառութիւնը, բոլորովին անջատուի իր անմիջական շրջապատէն եւ հասնի մտային գերագոյն ինքնամփոփման ու հոգեկան անդորրութեան։

Մեր թուարկութեան 6-րդ դարուն, հինդուական ծիսակատարութիւնները եւ արարողակարգը կը որակաւորուէին տ անտրական [ ծ-10 ] (Tantrism) վարժութիւններով, որոնք գլխաւորաբար կը ներկայանան մայրաստուածուհիներու ( սնսկ. ՝ Շակտի = Shakti) պաշտամունքով, գաղտնի արարողակարգով եւ թիւերու ու տառերու բարդ խորհրդապաշտութեամբ (Mysticism), ինչպէս նաեւ ծիսական պարերով եւ իւրայատուկ մտավերացմամբ (Meditation), որու վսեմ նպատակը աստուածներու հետ միացումն է։ Տանտրական վարժութիւններու ընթացքին, որպէս օժանդակ միջոց, կ՚օգտագործուի մանդալան (սնսկ. ՝ Man - dala), որ կը նշանակէ «շրջանակ» եւ կը խորհրդանշէ աշխարհն ու տիեզերքը։

Մեր թուարկութեան 8-րդ դարու ընթացքին, մեծապէս ազդուելով իսլամական միաստուածութեան [ ծ-07 ] (Monotheism) գաղափարէն, հինդուական կրօնափիլիսոփայութեան ոլորտի մէջ կը զարգանային երկու նոր ուղղութիւններ՝ Վիշնուականութիւնն (Vishnuism) ու Շիվայականութիւնը (Shivaism), որոնց պարագային Վիշնու կամ Շիվա, իրենց հետեւորդներուն համար կը ներկայանային, որպէս ճշմարիտ ու միակ աստուածներ ը ։

Հինդուական բարոյագիտութիւնը սերտօրէն առնչուած է նաեւ ընկերային բարքերու հետ, որոնք իրենց հիմնաւորումը եւ վաւերականացումը գտած են հինդուական կրօնական գրութիւններուն (վեդաներուն) մէջ։ Այս իմաստով, բարոյագիտութեան եւ ընկերաբանութեան անքակտելի կապի լաւագոյն օրինակներն են Հնդկաստանի մէջ տիրող դասակարգերու (կաստաներու, Casts) երեւոյթը, ինչպէս նաեւ կիներու եւ ընտանիքներու իրավիճակները։

Հնդկաստանի մէջ ընկերային դասակարգերու (կաստաներու, անգլ. ՝ Casts) նուիրապետական բաժանումը, պատմական իրողութիւն մըն է, որ սկսած է մ. թ. ա. երկրորդ հազարամեակին ու հաստատուած առաջին վեդային (Rigveda) մէջ եւ մինչեւ այսօր, որոշ չափով, կը պահէ իր այժմէականութիւնը։

Գլխաւոր չորս դասակարգերու (կաստաներու) բաժանման համար, նկատի կ՚առնուին՝ անհատի ծնունդն (սնսկ. ՝ ջատի = Jâti ) ու ծագումը։ Կարեւոր կը նկատուին նաեւ անհատի գործը կամ արհեստը եւ նիւթական վիճակը։ Թէ՛ ամուսնութիւնները եւ թէ՛ համատեղ ճաշերը արտօնուած են միայն նոյն դասակարգի պատկանողներուն միջեւ։

Կան նաեւ 4 գոյներով ու մաքրութեան 4 աստիճաններով զանազանուող գլխաւոր 4 դասակարգեր (կաստաներ կամ վարնաներ), որոնք են. -

Պրահմանա (սնսկ. ՝ Brahmana), գոյնը՝ սպիտակ, կը կազմուի՝ կղերէ ու մտաւորական ազնուականութենէ,

Կշատրիա (սնսկ. ՝ Kshatriya ), գոյնը՝ կարմիր, կը կազմուի՝ իշխաններէ, պատերազմիկներէ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ,

Վայշիա (սնսկ. ՝ Vaishya), գոյնը՝ դեղին, կը կազմուի՝ վաճառականներէ, սեփականատէրերէ եւ երկրագործ–տնտեսատէրերէ,

Շուդրա (սնսկ. ՝ Shudra ), գոյնը՝ սեւ, կը կազմուի՝ օրավարձով աշխատող մշակներէ ու բանուորներէ, պարզ արհեստաւորներէ եւ ծառաներէ։

Վերոյիշեալ 4 դասակարգերէն դուրս, որպէս ամենացած ենթախումբ կը նշուին՝ «անհպելի» կոչուած (սնսկ. ՝ Dalit, անգլ. ՝ Untouchable, գերմ. ՝ Unberührbar ) անմաքուր ու ստորին աշխատանք ունեցողները եւ ստրուկները։

Հինէն ի վեր հաստատուած դասակարգերու իրավիճակը, դժբախտաբար շարունակուեցաւ նաեւ բրիտանական գաղութատիրութեան (1858 1947 թ. ) ամբողջ տեւողութեան։

Հնդկաստանի մէջ, 1953 թուականին սկսած շարժումը ՝ ընդդէմ վերոյիշեալ դասակարգերու բաժանման եւ անկէ յառաջացած խտրականութեան, 1990 թուականին միայն կրցաւ յաջողցնել առաջին պետական որոշումը, որ կ՚արգիլէր խտրականութիւնը։ Այս որոշումը 2006 թուականին ի զօրու եղաւ նաեւ համալսարաններուն համար, ուր եւս թէ՛ ուսանողութեան եւ թէ դասախօսներու հարցերով բացայայտօրէն խտրականութիւն կար։ Արդարեւ, դասակարգային խտրականութիւնը, թէեւ օրէնքով արգիլուեցաւ, սակայն տակաւին կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը բանեցնել, որովհետեւ ան խորապէս ու դարերու ընթացքին արմատացած է հնդկական հասարակութեան մէջ։

Հնդկաստանի մէջ, ընկերահասարակական աւանդական բարքերը մեծ ազդեցութիւն ունին ընտանիքներու եւ յատկապէս կիներու իրավիճակին վրայ։ Ընտանիքներու մէջ բացայայտ է դերերու բաժանումը։ Ընդհանրապէս, ընտանիքի հայրը պետն է ընտանիքին։ Ընտանիքի մայրը սերտօրէն կապուած է արու որդիին (կամ որդիներուն), որ ամուսնութենէն ետք հարսը հօրենական տուն կը բերէ եւ հօրը մահուան պարագային տէր կը դառնայ նաեւ իր մօր։ Ընտանիքի դուստրերու վիճակը, արդէն սկիզբէն յայտնի է, որ իրենք, ամուսնութենէն ետք պիտի լքեն ընտանիքը։ Շատ դժուար իրավիճակի մէջ են «տունը մնացած» չամուսնացած աղջիկները։ Դժուար է նաեւ նոր հարսերու սկզբնա կան իրավիճակը, մինչեւ որ անոնք զաւակներ ծնին։ Մայրութեամբ, մանաւանդ արու զաւակներու մայր դառնալով, կիները աւելի կ՚արժեւորուին։

Ամուսնութիւնները, ընդհանրապէս 2 ընտանիքներու մէջ համաձայնուած են եւ նկատի կ՚առնուին՝ դասակարգի (կաստա) պատկանելիութիւնը, այր ու կնոջ զարգացման ու ուսման մակարդակը, նկարագիրը, տեսքը, եւայլն. իսկ «սէրը», ըստ հինդուական աւանդութեան աւելի ուշ կու գայ, թէեւ կան նաեւ սիրոյ պատճառով ամուսնութիւններ։

Հնդկաստանի մէջ, կիներու ազատագրական, ինչպէս նաեւ սեռերու հաւասարութեան (Feminism) ու իրաւահաւասարութեան ընկերային շարժումները, թէեւ հազարաւոր տարիներու զարգացում ու ընթացք ունին, սակայն տակաւին որոշ չափով անտեսուած կը մնան՝ ընկերահասարակական, իրաւական, կրթական, քաղաքական հաւասարութիւններն ու իրաւունքները։      

2

Ջաինականութիւն

Jainism

 

Ջաինականութիւնը, ինչպէս նշուեցաւ յառաջ եկաւ որպէս արդիւնք Հինդուական կրօնի բարեկարգութեան, մ. թ. ա. 6-րդ դարուն, Բուդդայականութենէն անմիջապէս առաջ։ Հնդկական կրօնափիլիսոփայական այս ուղղութեան հիմնադիրն է՝ իշխան Վարդհամանա ( Vardhamana), որ ստացած է Մահավիրա (սնսկ. ՝ Mahavira = մեծ հերոս ) ու Ջինա ( սնսկ. ՝ Jina = յաղթական) տիտղոսները ։

Մահավիրա - Ջինա ( Mahavira - Jina, մօտ. 599 527 մ. թ. ա. ). -

բուն անունով իշխան Վարդհամանա ( Vardhamana)։ Նշուած ծննդեան եւ մահուան թուականները հաւանաբար ճիշդ չեն, որովհետեւ նոր տուեալներու համաձայն ապրած է տասնամեակներ աւելի ուշ, թերեւս եղած է՝ ժամանակակից Բուդդայի։ Թագաւորական տոհմէ սերած իշխանը 30 տարեկանին կը լքէ պալատն ու ճոխութիւնը եւ 12 երկար տարիներ կ՚ապրի աղքատ, խիստ ճգնաւորական կեանքով ու մտավերացման [ ծ-10 ] (Meditation) վարժութիւններով։ Այնուհետեւ, իր կեանքի վերջին 30 տարիները կ՚անցնէ, որպէս շրջուն քարոզիչ, կը հիմնէ վանականներու ու միանձնուհիներու միաբանութիւն մը եւ 72 տարեկանին, նիրվանայի մէջ, կը մահանայ։

Ջաինականութիւն անունը յառաջացած է հիմնադիրի ջինա (Jina = յաղթական) տիտղոսէն։ Այս կրօնափիլիսոփայութեան հետեւորդները կը կոչուին «ջաիններ» իսկ հոգեւոր պետը՝ «տիրթանկարա» (Tirthankara), որ ամենագէտ միջնորդն է նիւթական եւ հոգեկան աշխարհներու միջեւ։

Ջաինականութիւնը ընդհանրապէս կը մերժէ՝ որեւէ աստուածութեան կամ աստուծոյ մը գոյութիւնը։ Ջաինականութիւնը, սակայն, կը մեծարէ որոշ ոգիներ, որոնք կը կրեն ջին [5] (Jinn) անուանումը։

Ջաինականութիւնը կը մեծարէ նաեւ իրենց հոգեւոր պետերը՝ ( Տիրթանկարա = Tirthankara), որոնք թիւով 24 եղած են։

Մահավիրա-Ջինայի կրօնափիլիսոփայութիւնը հիմնուած է ութը գլխաւոր սկզբունքներու (օրէնքներու) վրայ, որոնցմէ երեքը բնազանցական են (Meta-physics) եւ հինգը՝ բարոյագիտական (Ethics), զորս պիտի մանրամասնենք հետագային։

Ջաինականութեան իւրայատուկ փիլիսոփայութեան համաձայն, աշխարհի մէջ կան երկու հակադիր սկզբունքներ՝

Հոգեկան սկզբունքը, որ կը բաղկանայ բազմաթիւ անհատական հոգիներէն (սնսկ. ՝ ջիվա = Jiva)։ Այս սկզբունքին համաձայն հոգիի մաքրութիւնը կ՚արատաւորուի, անհատի վատ կարմայի պատճառով, եւ

Ոչ-հոգեկան սկզբունքը, որ կ՚ընդգրկէ 5 ստորոգութիւնները (Category, կատեգորիա). - շարժում, հանգիստ, տարածութիւն, ժամանակ եւ նիւթ։ Իսկ բոլոր նիւթական մարմինները (ասուն եւ անասուն կենդանիները, բուսական աշխարհը, ջուրը, եւայլն …), հոգեշնչուած են։

Այսօր Ջաինականութեան կը հետեւի, աւելի նուազ քան 5 միլիոն մարդ, գլխաւորաբար Հնդկաստանի մէջ։

Ջաինականութեան բարոյագիտութիւնը

Ջաինական բարոյագիտութեան ոլորտին մէջ, «հոգիի մաքրութիւնը» վատ կարմայի (սնսկ. ՝ K arma) պատճառով կ՚արատաւորուի իսկ լաւ կարմայի շնորհիւ աւելի կ՚արժեւորուի։ Հոգիի մաքրութեան կարելի է հասնիլ բարոյական լաւ ու բարի ապրելակերպով, մտածելակերպով եւ վարուելակերպով, ինչպէս նաեւ խիստ ճգնաւորական կեանքով։ Միա՛յն «մաքուր հոգիով» եւ շատ լաւ կարմայով անհատը կրնայ փրկուիլ ու դուրս գալ՝ « ծնունդի եւ մահուան յարատեւ ու տառապալի շրջանառութենէն» ( սամսարա [ ծ-10 ] = սնսկ. ՝ Samsara) եւ կ՚արժանանայ նիրվանային [ ծ-10 ] ( սնսկ. ՝ Nirvana), որ կատարեալ գոհունակութիւնը, գերագոյն բերկրանք ը, ներքին անդորրութիւնն ու յաւիտենական երանութիւնն է։

Ջաինական բարոյագիտութեան հիմնական սկզբունքները կամ գլխաւոր 5 առաքինութիւնները, որոնք նաեւ կը կոչուին՝ ուխտ, ջաինական վանականներուն համար, կ՚արգիլէ հետեւեալ արարքները՝

Բռնութիւնն ու սպանութիւնը (ներառեալ անասուններու հանդէպ)։ Ասիկա կը նկատուի գլխաւոր սկզբունքը կամ ուխտը։

Ստախօսութիւնը (միշտ ճշ մարտախօս ըլլալով), խուսափելու է նաեւ՝ զայրոյթէն, նախանձէն, անպարկեշտութենէն եւ եսասիրութենէն։ Այս ժխտական վերաբերումները յաղթահարելով միայն կարելի է ճշմարտութիւնը խօսիլ եւ կամ՝ պէտք է բոլորովին լուռ մնալ։

Գողութիւն ը (կ՚արգիլէ նաեւ այլոց սեփականութեան իւրացումը), չափէն աւելի ողորմութիւն ու նուէրներ ստանալը եւս գողութիւն կը նկատուի։ 

Ագահութիւնը եւ հարստութիւն թիզել ը (արտօնուած է միայն կենսական անհրաժեշտ իրերու սեփականացումը)։ 

Անբարոյական յարաբերութիւն ը (միշտ անարատութիւնը պահելով)։ Ջաին վանականներ խստօրէն կը հետեւին կուսակրօնութեան (անգլ. ՝ Celibacy, գերմ. ՝ Zölibat), իսկ ոչվանական ջաիններ անպայման հաւատարիմ կը մնան իրենց կնոջ ու չեն ունենար անբարոյական արտաամուսնական յարաբերութիւններ։

Անասուններու սպանութեան արգելքին պատճառով, ջաին հաւատացեալներ ու Ջաինականութեան հետեւորդներ խիստ բուսակերներ [6] (Vegetarian) են, շատեր նաեւ՝ վեգան [7] (Vegan)։ Անոնք կը հետեւին նաեւ բոլոր կենդանիներուն վնաս չպատճառելու ուխտին։ 

Բարոյական հիմնական սկզբունքներու պատճառով, Ջաինականութեան հետեւորդներ նաեւ չեն կրնար կարգ մը արհեստներու հետեւիլ, ինչպէս հողագործութեան (որովհետեւ հողը վարելու ատեն կրնան միջատներու կամ փոքր կենդանիներու վնաս պատճառել), նաեւ կը խուսափին զինուորական ծառայութենէն (որ ստիպուած չըլլան զէնք կրել ու պատերազմիլ)։ Անոնք, ընդհանրապէս, վաճառականներ, պաշտօնեաներ կամ ուսուցիչներ են եւ կը բնակին մեծ քաղաքներու մէջ։

Վերոյիշեալ շատ խիստ ապրելակերպի պատճառով, Ջաինականութեան հետեւորդներու թիւը կը մնայ սահմանափակ՝ համեմատաբար Հնդկաստանի բնակչութեան թիւին, որ կը հասնի աւելի քան մէկ միլիառի։ 

Ջաինականութեան հետեւելու համար, գոյութիւն ունին բազմաթիւ սուտրաներ [ծ-10] (սնսկ. ՝ Sûtra ), որոնք կանոններու ժողովածու կամ ուղեցոյց են։ Հոն կը բացատրուի, թէ ինչպէ՞ս ապրելու է ճգնաւորական կեանքով կամ ինչպէ՞ս կարելի է բարոյական վարմունք ունենալ։


 

3

Բուդդայականութիւն

Buddhism

 

Բուդդայականութիւնը յառաջացած է հինդուական կրօնի բարեկարգութեան որպէս արդիւնք, մ. թ. ա. 6-րդ դարուն, Ջաինականութենէն անմիջապէս ետք։ Հնդկական կրօնափիլիսոփայական այս ուղղութեան հիմնադիրն է՝ իշխան Սիդհարթա Գաուտամա, որ ստացած է Բուդդա [8] (Buddha) տիտղոսը ։ Իրմէ առաջ ծանօթ են 29 այլ բուդդաներ։

Բուդդա (Buddha, մօտ. 563 483 մ. թ. ա. ). -

բուն անունով իշխան Սիդհարթա Գաուտամա ( Siddhartha Gautama), որուն ծննդեան եւ մահուան թուականները հաւանաբար ճիշդ չեն։ Նոր տուեալներու համաձայն, ան ապրած է տասնամեակներ աւելի ուշ։ Բուդդան ծնած է Հիւսիսային Հնդկաստանի մէջ. իշխանական պալատի մէջ 29 տարիներ աշխարհէն կտրուած կեանք մը ապրելէ ետք, դուրս կու գայ պալատէն ու նոր կը ծանօթանայ շրջապատի հոգերուն, թշուառութիւններուն, մահուան ու հիւանդութիւններուն։ Այնուհետեւ 6 տարիներ ան կ՚ապրի ճգնաւորական կեանք մը, որու ընթացքին կը փնտռէ «փրկութիւնը» հետեւելով կրօնական տարբեր խմբաւորումներու։ Ի վերջոյ, յուսախաբ, կը հրաժարի բոլորէն ու կը գտնէ իր անձնական ուղին, որ մտավերացումն [ ծ-10 ] է (Meditation)։ Բուդդա, 35 տարեկանին կը հասնի իր կատարեալ «զարթնումին» ( սնսկ. ՝ Bodhi), որմէ ետք կը սկսի իր քարոզչական գործունէութիւնը եւ հիմը կը դնէ վանական կեանքին ու կարգապահութեան ( սնսկ. ՝ Vinaya Ան կը մերժէ հինդուական դասակարգերու (կաստա) աւանդական բաժանումը եւ իր ուսմունքը ( սնսկ. ՝ Dharma) կը քարոզէ բոլոր դասակարգի մարդոց, անխտիր։ Բուդդա կը ծանուցանէ՝ «4 վեհ ճշմարտութիւնները» եւ փրկութեան «8-պատիկ վեհ ուղին»։ 45 տարի ներ քարոզելէ ետք, կը մահանայ 80 տարեկանին։ Ան, գրքեր չէ գրած, իր մահէն ետք գրի առնուած են իր խօսքերը (սուտրաներ Sûtra ), որոնց հաւաքածոն կը կոչուի դհամմապադա (սնսկ. ՝ Dhammapada  

Միաստուածեան կրօններուն նման, Բուդդայականութեան մէջ երբեք չէ ընդգրկուած աստուծոյ մը գաղափարը կամ սուրբ գրային վարդապետութիւն մը, այլ հաստատուած է փիլիսոփայական տրամաբանական ուսմունքի մը վրայ։ Հետագային, Բուդդայականութեան անհամեմատ տարածման եւ տարբեր կրօններու հետ շփման մէջ ըլլալու հետեւանքով, պիտի յառաջանային որոշ փոփոխութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը՝ իր մէջ արեւելեան խորհրդապաշտութեան [ ծ-25 ] (Mysticism) մը ներառումն էր։

Բուդդայի մահէն 3 ամիս ետք, տեղի կ՚ունենայ բուդդայական ընդհանուր առաջին ժողովը (սնսկ. ՝ Sangiti, անգլ. ՝ Council, գերմ. ՝ Konzil), որուն նպատակն էր հետեւելով Բուդդային, գրի առնել ու հաստատել՝ բուդդայական ուսմունքը եւ վանական կանոնները։

Այնուհետեւ, մինչեւ մ. թ. ա. 30, տեղի ունեցան նմանօրինակ երեք ժողովներ եւս։ 19 երկա՜ր դարեր տեւող դադարէ մը յետոյ, 1871 թ. եւ 1954 թ. կայացան՝ 5-րդ եւ 6-րդ բուդդայական ընդհանուր ժողովները։ Վերոյիշեալ ժողովներուն մէջ ընդունուեցաւ նաեւ լուսնի փուլերու վրայ հիմնուած՝ բուդդայական օրացոյցը, որ մեր գրիգորեան օրացոյցէն կը տարբերի՝ առաւել 543 տարիով։ Այլ կրօններու նման, Բուդդայականութիւնը չունի միացեալ սուրբ մատեան մը։

Բուդդայի մահէն ետք, Հնդկաստանի մէջ Բուդդայականութիւնը նախ կը բաժնուի 4 գլխաւոր ճիւղերու. -

Թերավադա (սնսկ. ՝ Theravada = աւագներու ուսմունքը). -

Ուղղափառ ու աւանդական Բուդդայականութիւնը, որու առաջնորդները Բուդդայի վանական աշակերտները եղած են։ Այս ճիւղը իր շարունակութիւնը կը գտնէ Հինայանա (= փոքր կառք) կոչուած բուդդայական ճիւղաւորումին մէջ։

Թերավադայի եւ Հինայանայի շատ խիստ կանոններով ուղղութիւններու համաձայն, Բուդդան, ինքնին, մարդկային էակ մըն էր, որ իր սեփական կարողութեամբ հասած էր «զարթնումին» եւ արժանացած՝ նիրվանային։ Այստեղ, հոգեբանական վերլուծութեամբ մը իրողութիւնները կ՚առնչուին մարդու գիտակցութեան։ Այս ճիւղերը արագօրէն տարածուեցան նախ հարաւային Հնդկաստանի ապա հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ։

Հինայանա (սնսկ. ՝ Hinayana = փոքր կառք ուսմունքը). -

Բուդդայական այս ուղղութիւնը կազմուեցաւ բուդդայական առաջին ժողովի ընթացքին (483 մ. թ. ա. ) կամ անկէ անմիջապէս ետք, եւ կը նկատուի վերոյիշեալ Թերավադա = աւագներու ուսմունքին շարունակութիւնը։    

Մահայանա ( սնսկ. ՝ Mahayana = մեծ կառք ուսմունքը ). -

Բուդդայական այս ուղղութիւնը կազմուեցաւ բուդդայական երրորդ ժողովէն ետք (մօտ. 286 մ. թ. ա. «Մեծ կառքը» կը բացատրուի, որպէս՝ «մեծ նաւ, տառապանքի ովկիանոսին վրայ», որ աւելի մեծ թիւով մարդոց փրկութիւն կրնայ պարգեւել, մինչ նախապէս յիշուած «փոքր կառքը», աւելի քիչ մարդոց փրկութիւն կրնայ պարգեւել։ Մահայանա ճիւղը կ՚ընդունի Բուդդայի «երեքմարմին-ուսմունքը» (սնսկ. ՝ Տրիկայավադա = Trikâyavâda), որու համաձայն Բուդդան կը ներկայանայ 3 տարբեր մակարդակներով (էութիւններով), որպէս՝

ա) գերմարդկային գերբնական բարձր էութիւն,

բ)         անդրանցական վերացական էութիւն եւ

գ)         մարդկային պատմական էութիւն։

Այս ուղղութիւնը, որպէս գլխաւոր նկատուող ճիւղ, հիւսիսային Հնդկաստանէն նախ տարածուեցաւ դէպի Չինաստան ապա այլուր…։

Վաջրայանա [9] ( սնսկ. ՝ Vajrayana = ադամանդեայ կամ կայծակեայ կառք). -

Բուդդայական այս ուղղութիւնը յառաջացաւ մեր թուարկութեան 6-րդ դարէն սկսեալ, Հիմալայեան լեռնաշխարհի, գլխաւորաբար Տիբէթի մէջ եւ տարածուեցաւ դէպի Չինաստան ո ւ Ճապոնիա։

Այս նոր ուղղութիւնը կազմուած է՝ Մահայանա ( = մեծ կառք ) Բուդդայականութեան հիմքին վրայ եւ մեծապէս ազդուեցաւ՝ հինդուական ծագում ունեցող Տանտրա [ ծ-10 ] (սնսկ. ՝ Tantra) եւ Եոգա [ ծ-10 ]   (սնսկ. ՝ Yoga) ուսմունքներէն, ինչպէս նաեւ համահաշտութեամբ (Syncretism) ամբողջացաւ ու միացաւ տեղւոյն Բոն (տիբ. ՝ Bon) ոգեպաշտական ու բազմաստուածեան կրօնին հետ։ Սկզբնական դժուարութիւններէն ետք, հազիւ 11-րդ դարուն նոր վերելք մը կ՚ապրի ու կը հիմնուին բուդդայական նոր դպրոցներ։

14-րդ դարուն, բուդդայական Վաջրայանա ուղղութեան բարեկարգիչ մը, վանական Ցոնգկապա (Tsongkhapa, 1357 1419 թ. ), 1409 թուական ին, Տիբէտի մէջ, մայրաքաղաք Լհասայի մօտիկ (Lhasa Tibet), կը հիմնէ նոր վանք մը, Գանդէն (Ganden) անունով. հոն կը հաստատուի Գելուգ (Gelug) կրօնափիլիսոփայական նշանաւոր դպրոցը։ Ցոնգկապա գլխաւորաբար կը բարեկարգէ բուդդայական վանական կեանքը, ան հեղինակ է բազմաթիւ երկերու։ Իսկ 1587 թուականին, իրենց հոգեւոր պետին կը շնորհուի՝ «Դալայ Լամա» (Dalai Lama) տիտղոսը, որու պատճառով Հիմալայեան լեռնաշխարհի Վաջրայանա-Բուդդայականութիւնը կը կոչուի նաեւ՝ Լամայականութիւն (Lamaism)։ Գելուգեան դպրոցի, այժմու վերջին շառաւիղ ու 14-րդ Դալայ Լաման (ծնեալ 1935 թուական, բուն անունով՝ Lhamo Thondup, իսկ կրօնական անունով՝ Tenzin Gyatso ), 1959-էն սկսեալ, կ՚ապրի հնդկական աքսորի մէջ։ Խաղաղապաշտ կրօնափիլիսոփայ Դալայ Լամա եղած է խաղաղութեան Նոբէլեան մրցանակակիր (1989 թ. Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու։ 

Հնդկաստանէն դուրս, Բուդդայականութիւնը տարածուեցաւ հարեւան երկիրներու մէջ, ուր տեսակ մը համահաշտութիւն (Syncretism) գոյացաւ տեղական աւանդական կրօններուն հետ։

Չինաստանի մէջ, 5-րդ դարուն, Բուդդայականութիւնը, մեծապէս ազդուած էր դաոյական խորհրդապաշտութենէն, որու հետեւանքով կը յառաջանար նոր հոսանք մը, կամ նոր ուղղութիւն մը, որ պիտի կոչուէր՝ Չան-Բուդդայակա նութիւն (Chan-Buddhism)։ Այս նոր ուղղութիւնը, շուտով պիտի տարածուէր նաեւ հարեւան երկիրներու մէջ, կրելով տարբեր անուանումներ, ինչպէս օրինակ. -

Սէօնբուդդայականութիւն (Seon-Buddhism), Կորէայի մէջ,

Թիէնբուդդայականութիւն (Thien-Buddhism), Վիէտնամի մէջ,

Թերավադա–բուդդայականութիւն ( Theravâda-Buddhism ), Շրի-Լանկայի եւ Ասիոյ հարաւարեւելեան երկիրներու մէջ, իսկ

Ամիտաբհա–բուդդայականութիւն ( Amitabha-Buddhism ), Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ։

Վաջրայանա Բուդդայականութիւն ( Vajrayana-Buddhism ), Հիմալայեան լեռնաշխարհի մէջ։ Արդէն յիշեցինք, որ 6-րդ դարուն, Մահայանա Բուդդայականութիւնը կը տարածուի դէպի հիւսիս, ու Բոն (տիբ. ՝ Bon) ոգեպաշտական ու բազմաստուածեան կրօնին հետ համահաշտ Տիբէթի մէջ հիմը կը դրուի Վաջրայանա Բուդդայականութեան, որ կը կոչուի նաեւ Լամայականութիւն (Lamaism)։

Ա ւելի ուշ, 12-րդ դարուն, Բուդդայականութիւնը, Չինաստանէն, մուտք կը գործէ Ճապոնիայի կղզեխումբ, ուր կը կոչուի՝ Զէն բուդդայականութիւն (Zen-Buddhism), որ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ տեղական–աւանդական կրօն նկատուող Շինտոյականութեան (Shintoism) կողքին։ (Շինտօ = Shinto կը թարգմանուի «Աստուածներու ուղին»)։

10-րդ դարէն սկսեալ, Բուդդայականութիւնը արագօրէն կը տարածուէր հարեւան երկիրներու մէջ։ Հնդկաստանի մէջ սակայն նահանջ կ՚արձանագրէր, երկու պատճառներով. - շատեր կը վերադառնային Հինդուականութեան, որ Հնդկաստանի հիմնական ու աւանդական կրօնափիլիսոփայութիւնն է իսկ ուրիշներ, ստիպուած՝ իսլամութիւնը կ՚ընդունէին։

18-րդ դարու սկիզբները Բուդդայականութիւնը մուտք կը գործէ Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Այս իմաստով, Եւրոպայի մէջ, շատ կարեւոր դեր կը խաղայ գերման բարոյագէտ–փիլիսոփայ Ա. Շոպենհաուր (Arthur Schopenhauer, 1788 1860 թ. ), իր բարոյագիտութեան առնչուած երկով «Աշխարհը, որպէս կամք եւ պատկերացում» (1819 թ., գերմ. բնագիր՝ Die Welt als Wille und Vorstellung, անգլ. ՝ The World as Will and Representation), ուր կը յիշատակուին արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւնները։

1875 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ  հիմնադրուած «Աստուածիմաստութեան Ընկերակցութիւնը» [10] (Theosophical Society) եւս Բուդդայականութիւնը կը ծանօթացնէր Արեւմուտքի մէջ։ 

Ներկայիս, Բուդդայականութեան կը հետեւի աւելի քան 500 միլիոն մարդ, գրեթէ կէսը՝ Չինաստանի մէջ։ 20-րդ դարու սկիզբէն, ան տարածում կը գտնէ նաեւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Իսկ Հնդկաստանի մէջ, ուրկէ ծագում առած էր Բուդդայականութիւնը, այսօր կը հաշուէ բնակչութեան միայն 0, 7 Քանակական տեսակէտէն, Բուդդայականութիւնը կը նկատուի աշխարհի չորրորդ մեծագոյն կրօնը, Քրիստոնէութենէն, Իսլամութենէն եւ Հինդուականութիւնէն ետք։

Բուդդայականութեան բարոյագիտութիւնը

Բուդդայական բարոյագիտութիւնը կ՚ընդգրկէ՝ բարոյական ուղեցոյցներ եւ կանոններ։ Ան միաժամանակ Դհարման [ծ-10] (սնսկ. ՝ D harma) եւ «Բուդդայի ուղին» է (սնսկ. ՝ Buddha marga ), որ ներկայացուած է նոյնինքն Բուդդայի ուսուցողական խօսքերու գրութեամբ, սուտրաներով [ծ-10] (սնսկ. ՝ Sûtra

Սուտրան, ինչպէս ծանօթագրութեան [ծ-10] մէջ յիշուած է, բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «թել կամ շղթայ» ։ Հնդկական կրօնափիլիսոփայութեան մէջ անոնք կը ներկայանան բազմաթիւ կանոններու ու վարժութիւններու շատ կարճ ու խտացեալ ասոյթներով, զորս հաւատացեալները պէտք է անգիր սորվէին, գործադրէին ու սերունդէ սերունդ փոխանցէին։ Հետագային, սուտրաներով կազմուեցան կանոններու ու վարժութիւններու ժողովածուներ կամ ուղեցոյցներ, ուր կը բացատրուին՝ թէ ինչպէ՞ս ապրելու է բարոյական ու ճգնաւորական կեանքով կամ ինչպէ՞ս կարելի է բարոյական վարմունք ու վերաբերմունք ունենալ, սամսարայէն [ծ-10] ձերբազատուելու եւ փրկուելով՝ մոկշային կամ նիրվանային [ծ-10] հասնելու համար։ Սուտրայի այս նախաբուդդայական եւ ընդհանուր իմաստի կողքին, հետագային կ՚աւելնան նաեւ Բուդդայի խօսքերը, որոնք կը կազմեն մարդոց ապրելակերպի գործնական ուղեցոյցը եւ դէպի նիրվանա առաջնորդող վարժութիւններու ժողովածուն։

Բուդդայի խօսքերով կազմուած եւ բուդդայական երկրորդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին (383 մ. թ. ա. ) հաստատուած 423 սուտրաներու հաւաքածոն կը կոչուի դհամմապադա (սնսկ. ՝ Dhammapada ), որ գրուած է ոտանաւորի ձեւով։ Դհամմա եզրը բազմաթիւ նշանակութիւններ ունի, ինչպէս՝ «գերագոյն օրէնքը», «գերագոյն ճշմարտութիւնը» եւ «արդարութիւնը», իսկ պադա եզրոյթը կը նշանակէ՝ «ոտք» կամ «ուղի»։

Ինչպէս հինդուական եւ ջաինական բարոյագիտութեան պարագային, նաեւ բուդդայական բարոյագիտութեան գլխաւոր նպատակը անհատի « ծնունդի եւ մահուան յարատեւ ու տառապալի շրջանառութենէն», սամսարայէն [ծ-10] ( սնսկ. ՝ Samsara), դուրս գալը եւ «փրկութիւնն» է, ինչպէս նաեւ արժանի ըլլալ՝ նիրվանային [ծ-10] ( սնսկ. ՝ Nirvana), որ կատարեալ գոհունակութիւնը, գերագոյն բերկրանք, ներքին անդորրութիւնն ու յաւիտենական երանութիւնն է։ Դէպի նիրվանա ընթացքին մէջ կան արարքներ կամ վարուելակերպեր, որոնք օգտակար ու նպաստաւոր են ( սնսկ. ՝ Կուսալա = Kusala), կան նաեւ վնասակարներ ու խանգարողներ ( սնսկ. ՝ Ակուսալա = Akusala)։

Բուդդայականութեան համաձայն, յիշեալ «փրկութիւնը», (անգլ. ՝ Salvation, գերմ. ՝ Erlösung) ինքնափրկութիւն (անգլ. ՝ Self-Salvation, գերմ. ՝ Selbsterlösung) մըն է, որովհետեւ անհատ մը միայն իր սեփական ջանքով ու աշխատանքով պիտի կարենայ փրկութեան հասնիլ, ասիկա բոլորովին տարբեր է փրկութեան քրիստոնէական հասկացողութենէն, որուն համաձայն անհատի մը փրկութիւնը Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհ մըն է։

Բուդդայականութեան մէջ դհարման [ծ-10] (Dharma), նոյնինքն Բուդդայի ուսմունքն է իր բարոյագիտութեամբ, որ ունի հիմնական «4 վեհ ճշմարտութիւններ». -

Ա.         Վեհ ճշմարտութիւն՝ տառապանքի մասին. -

Անհատի կեանքը, լի է ցաւով ու տառապանքով (սնսկ. ՝ Dukkha Տառապանք կը նկատուին՝ ծնունդը, հիւանդութիւնը, մտահոգութիւնը, մահը …։

Բ.         Վեհ Ճշմարտութիւն՝ տառապանքի ծագման մասին. -

Տառապանքի պատճառները, «հոգիի 3 թոյներն» են՝ ագահութիւնը, ատելութիւնը եւ անգիտութիւնը։

Գ.         Վեհ Ճշմարտութիւն՝ տառապանքի աւարտման մասին. -

Խուսափելու է «հոգիի 3 թոյներէն», սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ ապագային որեւէ տառապանք չի կրնար վերստին գոյանալ կամ չի նշանակեր, որ տառապանքէն խուսափումը երջանկութիւն մը կրնայ բերել։

Դ.         Վեհ Ճշմարտութիւն՝ տառապանքի աւարտման ուղիի մասին. -

Տառապանքէն խուսափելու եւ երջանիկ ըլլալու միակ միջոցը եւ ուղին (սնսկ. ՝ Marga ) գործնապէս հետեւիլն է «ութնապատիկ վեհ ուղի»ին ։   

Իսկ «ութնապատիկ վեհ ուղին», որ շատ լաւ կարմայով անհատը պիտի առաջնորդէ դէպի նիրվանա [ծ-10] ( կատարեալ գոհունակութիւնը, գերագոյն բերկրանքը, ներքին անդորրութիւնն ու յաւիտենական երանութիւնը ), կը բաղկանայ հետեւեալ 8 առաքինութիւններէն, ամփոփուած 3 խումբերու մէջ. -

ա. - Իմաստութիւն

Ճիշդ գիտելիք եւ իմացութիւն՝ մանաւանդ «4 վեհ ճշմարտութիւններուն» եւ նիրվանային, հասնելու համար կարմայի կարեւորութեան.

Ճիշդ մտադրութիւն ու համոզմունք, հեռու մնալով՝ աշխարհիկ կեանքի վայելքներէն։    

բ. - Բարոյականութիւն

Ճիշդ խօսք (ճշմարտախօսութիւն), հեռու մնալով՝ ստախօսութենէն, ուրացումէն, բարբանջանքէն, բամբասանքէն եւ վիրաւորանքէն.

Ճիշդ վարմունք, հեռու մնալով՝ վատ արարքներէ, ինչպէս սպանութիւն, գողութիւն, եւայլն.

Ճիշդ ապրելակերպ ու արդար վաստակ, հեռու մնալով՝ զեղծարարութենէ, չարաշահումէ, ինչպէս նաեւ զէնքի ու զինամթերքի, թոյներու ու թմրանիւթերու առեւտուրէն։ 

գ. - Խորացում

Ճիշդ ձգտում, վարժութիւն եւ ճիգ, հեռու մնալով անճիշդ եւ նիրվանայի նպատակին չնպաստող մտածումներէն.

Ուշադիր եւ գիտակից ըլլալ մարմնի ճիշդ դիրքին ու շարժումներուն, հեռու մնալով ժամանակաւոր հաճոյքներէն. եւ

Ճիշդ մտավերացում [ ծ-10 ] (Meditation)։ Անհանգիստ ու շեղուած հոգիի վերահսկողութեան հմտութիւն, մտավերացման զանազան վարժութիւններու ճամբով։

Վերոյիշեալ 8 առաքինութիւններու ճիշդ (սնսկ. ՝ Sammâ ) կամ կատարեալ ըլլալը, սերտօրէն առնչուած է, անոնց՝ «4 վեհ ճշմարտութիւններու» համապատասխան ըլլալուն հետ։

Բուդդայական վարժութիւնները ընդհանրապէս ուղղուած են հետեւեալ 4 առաքինութիւններուն. - բարութեան / բարի կամեցողութեան, կարեկցութեան, խնդակցութեան եւ անվրդովութեան։

Բուդդայական Վարժութիւններ

Ինչպէս Հինդուականութեան, նոյնպէս Բուդդայականութեան ոլորտին մէջ կը գտնենք, որպէս ուսմունք վարժութիւն ներկայացող եւ իրարու հետ սերտ առնչութիւն ունեցող՝ Տանտրան [ ծ-10 ] (սնսկ. ՝ Tantra ), Եոգան [ ծ-10 ] (սնսկ. ՝ Yoga ) եւ Մտավերացումը [ ծ-10 ] ( Meditation, սնսկ. ՝ Dhyâna ) ։  

Բուդդայականութիւնը Արեւելեան Ասիոյ մէջ

(Չինաստան եւ Ճապոնիա)

 

Ինչպէս տեսանք, Բուդդայականութիւնը յառաջացած է Հնդկաստանի մէջ, հինդուական կրօնի բարեկարգութեան որպէս արդիւնք, մ. թ. ա. 6-րդ դարուն։ Բուդդայի (Buddha, մօտ. 563 483 մ. թ. ա. ) մահէն ետք, Բուդդայականութիւնը հնդկաստանի մէջ նախ կը բաժնուի գլխաւոր քանի մը ճիւղերու ապա արագօ րէն կը տարածուի հարեւան երկիրներ (Չինաստան), որմէ ետք նաեւ այլ երկիրներ, ինչպէս Ճապոնիա եւ հարաւարեւելեան ասիական երկիրներ, անունի որոշ փոփոխութիւններով (տե՛ս էջ 310)։

Այժմ որոշ չափով մանրամասնենք միայն Չինաստանի եւ Ճապոնիայի մէջ յառաջացած բուդդայական ուղղութիւնները, մասնաւորաբար Չինաստանի Չան- Բուդդայականութիւնը եւ Ճապոնիայի Զէն-Բուդդայականութիւնը։

Չինաստանի Բուդդայականութիւնը

61 թ ուականին, Հնդկաստանէն Չինաստան մուտք գործած Բուդդայականութիւնը, աւելի լայն տարածում կ՚ունենայ 355 թուականին, երբ կայսերական հրովարտակով չիները բուդդայական վանական դառնալու արտօնութիւն կը ստանան, այնուհետեւ կը հիմնուին բազմաթիւ դպրոցներ, չինարէնի (Pinyin) կը թարգմանուին սանսկրիտ բազմաթիւ գրութիւններ ու կը սկսի Բուդդայականութեան ծաղկման ժամանակաշրջանը՝ ամբողջ Չինաստանի տարածքին։

Չինական Բուդդայականութիւնը, գլխաւորաբար հիմնուած է հնդկական Մահայանա ( սնսկ. ՝ Mahayana = «մեծ կառքը») Բուդդայականութեան վրայ եւ կ՚ընդունի անոր մտավերացման [ ծ-10 ] (Meditation, սնսկ. ՝ Dhyana, չին. ՝ Chan, ճապ. ՝ Zen) վարժութիւնները։ Ուրեմն՝ սանսկրիտ դհեանա [ ծ-10 ] (Dhyana) եզրոյթը չինարէնի կը թարգմանուի որպէս չան (Chan) եւ կ՚ընդունուի նոր անուանումով՝ Չան-Բուդդայականութիւն (Chan-Buddhism)։ Նոյնն է պարագան Ճա-պոնիայի համար, ուր կը կոչուի՝ Զէն-Բուդդայականութիւն (Zen-Buddhism)։

Չինաստանի մէջ, Բուդդայականութիւնը կը հանդիպի տեղական կրօնա–փիլիսոփայութիւններ նկատուող Դաոյականութեան (Daoism) եւ Կոնֆուցիականութեան (Confucianism), որոնց հետ համահաշտութեան (Syncretism) ճամբով կը կազմուին Չինաստանի բուդդայական դպրոցները եւ ուղղութիւնները։ Չինաստանի մէջ, Բուդդայականութեան առաջին յիշարժան անուններէն կը նկատուի վանական եւ մեծ ուսուցիչ Կումարաջիվա (Kumârajîva, 343 413 թ. ), որ սանսկրիտ կարեւոր գրութիւնները թարգմանեց չինարէնի (Pinyin), հիմը դնելով բուդդայական իւրայատուկ չինարէն եզրաբանութեան։

Այլ նշանաւոր վանական եւ մեծ ուսուցիչ մը կը նկատուի Բոդհիդհարմա (Bodhidharma 440 528 թ. ), որ կեդրոնական Չինաստանի մէջ գտնուող Շաոլին [11] (Shaolin) վանքին մէջ կը հիմնէր մտավերացման դպրոցը (School of Meditation) եւ Չան-Բուդդայականութիւնը (Chan-Buddhism), որուն առաջին կրօնապետը կը նկատուի։  

Չան-Բուդդայականութեան նպատակը անհատին լուսաւորութիւնն ու «զարթնումն» է, որոնք կ՚իրականանան խորունկ մտավերացման (Meditation) վարժութիւններով։

Չան-Բուդդայականութիւնը, որ ազդուած է Չինաստանի մէջ տարածուած ու ազդեցիկ կրօնափիլիսոփայութիւն նկատուող Դաոյականութենէն (Dao-ism), կ՚որդեգրէ անոր հասկացութիւններու բացասականութեան գաղափարը, կը շեշտաւորէ բուդդայական դատարկութիւնն [12] ու միութիւնը, որպէս «բացարձակը» եւ կ՚արժեւորէ բնութիւնը, որպէս «ինքնաբնութիւն» (Self-Nature) կամ «Բուդդաբնութիւն» (Buddha-Nature) ըլլալը։

Չան-Բուդդայականութիւնը, Դաոյականութեան նման կը կարեւորէ որոշ հասկացութիւններու բացասականութիւնը (կամ ժխտական ձեւը), ինչպէս օրինակ՝ «ոչգոյացումը» (չին. ՝ wu-you), «ոչգիտակցումը» (չին. ՝ wu-xin), «ոչմտածումը» (չին. ՝ wu-nian), որոնք ամբողջական դատարկութեան կը միտին եւ «ոչմիջամտումը» (չին. ՝ wu-wei), որ «ուղի»ներու բնական, անարգել ու առանց միջամտութեան ընթացքին կը միտի։ Փիլիսոփայական բարոյագիտութեան վերոյիշեալ գաղափարներով, Չան-Բուդդայականութիւնը կը յայտնաբերէ անհատի հոգիի ազատութեան իր արտասովոր ուղին, որ մտավերացման [ ծ-10 ] (Meditation) վարժութիւններու միջոցով, անհատ մարդու հոգեկան միացումն է՝ բուդդաբնութեան հետ։ 

Մտավերացումի (Meditation) վարժութիւն ներ ը, ինչպէս նաեւ մարտարուեստի (անգլ. ՝ Martial Arts, գերմ. ՝ Kampfkunst) եւ շնջառութեան տեսակներու վարժութիւնները միջոցներ են ինքնազննումի։ Հարկ է նշել, որ մտավերացմամբ լաւ արդիւնքներ ունենալը այնքան ալ դիւրին ու արագ հասանելի չէ եւ կը կարօտի արժանահաւատ դպրոցներու մէջ՝ հետեւողական, երկարատեւ ու նպատակասլաց վարժութիւններու։

Չինաստանի մէջ, Չան-Բուդդայականութեան պատմական զարգացումը կարելի է բաժնել 3 հանգրուաններու. -

Ա. Հանգրուան (5-րդ մինչեւ 7-րդ դար). -

երբ ան կը բոլորէ իր սկզբնական կառուցողական ու կազմակերպման ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին նաեւ կը տարածուի հարեւան երկիրներու մէջ։

Բ. Հանգրուան (7-րդ մինչեւ 10-րդ դար). -

երբ ան կ՚ունենայ իր «ոսկեայ» ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին Չինաստանի ամբողջ տարածքին կը հիմնուին բազմաթիւ բուդդայական վանքեր ու դպրոցներ։

Գ. Հանգրուան (10-րդ մինչեւ 13-րդ դար). -

երբ ան կ՚ապրի զարգացման իր մասնագիտական ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին բազմաթիւ կրօնա–փիլիսոփայական հարցեր իրենց տրամաբանական լուծումներուն կը յանգին։ (Այս բաժինը չծանրաբեռնելու համար, զանց կ՛առնենք այդ հարցերու արծարծումը)։  

Այստեղ, առանց մանրամասնութիւններ նշե լու, կը բաւականանանք Չան-Բուդդայականութեան դպրոց ներու յիշատակութեամբ. -

Նիեպան դպրոցը (չին. ՝ Nièpán zông), 4-րդ դար,

Սանլուն դպրոցը (չին. ՝ Sânlùn zông), 5-րդ դար,  

Ջինգտու դպրոցը (չին. ՝ Jìngtŭ zông), 5-րդ դար,

Տիանտայ դպրոցը (չին. ՝ Tiântái zông), 6-րդ դար,  

Հուայան դպրոցը (չին. ՝ Huâyán zông), 7-րդ դար

Նորագոյն ժամանակներուն Բուդդայականութիւնը որոշ փոփոխութիւններ կրելով դարձաւ՝ Չինաստանի քաղաքական մտածելակերպի նոր ուղղութիւն մը, ինքնութիւնը հաստատող յատկանիշ մը եւ ընկերահասարակական բարդ կեանքի ու բարոյական ապրելակերպի ուղի մը։ Ասոնց կողքին, Բուդդայականութիւնը դարձաւ ա՛յն Արեւելեան փիլիսոփայութիւնը ( Eastern Philosophy), որ փորձեց նո՛յն ու համարժէք դիրքը ունենալ Արեւմտեան փիլիսոփայութեան (Western Philosophy) հետ, որ սկսած էր հնադարեան Յունաստանի մէջ։ 

Ճապոնիայի Բուդդայականութիւնը

Ճապոնիայի իշխանութեան հրաւէրով, Բուդդայականութիւնը կղզեխումբ մուտք կը գործէ Չինաստանէն, մեր թուարկութեան 6-րդ դարու կէսերուն (552 թ. Ճապոնիայի մէջ արդէն տարածուած տեղական Շինտոյական (Shintoism) բազմաստուածեան կրօնը, համահաշտութեան (Syncretism) ճամբով կ՚ամբողջացնէ ներածուած Բուդդայականութիւնը, որ կը հռչակուի երկրի պետական կրօն՝ իշխան Շոտոկուի (ճապ. ՝ Shôtoku, 572 622 թ. ) օրով։

Սկզբնական շրջանին, Ճապոնիայի մէջ կը հաստատուին բուդդայական վեց յայտնի դպրոցները, որոնք Չինաստանի մէջ ալ գոյութիւն ունէին եւ յառաջացած էին Մահայանա ( սնսկ. ՝ Mahayana = մեծ կառք) Բուդդայականութենէն։ Այս դպրոցները, սակայն, երկարատեւ կեանք պիտի չունենային եւ տեղի տային՝ Զէն-Բուդդայականութեան (Zen-Buddhism), որ շարունակութիւնը կը նկատուի Չինաստանի Չան-Բուդդայականութեան։ 

Վերոյիշեալ վեց դպրոցներէն հետեւեալ երկուքը, յայտնի դարձան իրենց իւրայատուկ կրօնափիլիսոփայութեամբ. -

Տենդայ դպրոցը (ճապ. ՝ Tendai, չին. ՝ Tiantai), որ հիմնուած է չին վանական Սայչոյի (Saichô, 767 822 թ. ) կողմէ, 805 թուականին։ Այս դպրոցին համաձայն, իւրաքանչիւր մարդ իր մէջ կը կրէ Բուդդայի բնութիւնը, որով նաեւ ունի կարողութիւնը՝ փրկուելու։

Շինգոն դպրոցը (ճապ. ՝ Shingon), որ հիմնուած է չին վանական Կուկայի (Kûkai, 774 835 թ. ) կողմէ, 806 թուականին։ Այս դպրոցը կը յատկանշուի իր տանտրական մտավերացման [ ծ-10 ] (Tantra-Meditation) վարժութիւններով, ուր կեդրոնական նշանակութիւն ունի ն մանտրաներ ը (Mantra) [ ծ-10 ] ։   

Զէն-Բուդդայականութիւնը (Zen-Buddhism), Ճապոնիայի մէջ, անմիջական շարունակութիւնը կը նկատուի չինական Չան-Բուդդայականութեան եւ անոր նման, որպէս նպատակ կը հետապնդէ՝ անհատին լուսաւորութիւնն ու «զարթնումը», որոնք կ՚իրականանան մտավերացման վարժութիւններով։ Զէն -Բուդդայականութեան մտավերացման վարժութիւններու առաջին սրահը կը հաստատուի բուդդայական չին վանական Դոշոյի (Dôshô, 629 700 թ. ) կողմէ, Ճապոնիայի օրուան մայրաքաղաք Նառայի (Nara) մէջ։ Այս նոր ուղղութիւնը, սակայն, շատ սահմանափակ կը մնայ եւ չի տարածուիր։

Աւելի ուշ, 12-րդ դարէն ետք, պիտի հաստատուէին Զէն-Բուդդայականութեան յատուկ 3 նշանաւոր դպրոցները (կամ ուղղութիւնները), Ռինզայ = Rinzai, Սոտո = Sôtô եւ Օբակու = Ôbaku անուններով, որոնք մինչեւ այսօր կը գործեն։ Այս 3 դպրոցներու շնորհիւ է որ Զէն-Բուդդայականութիւնը պիտի տարածուէր ամբողջ Ճապոնիայի մէջ. -

Ռինզայ դպրոցը (ճապ. ՝ Rinzai-shû, չին. ՝ Línjì-zông), որ Չինաստանի մէջ հաստատուած էր 9-րդ դարուն եւ Ճապոնիա հասած է 1191 թուականին, չին վանական–ուսուցիչ Այսայի (Myôan Eisai, 1141 1215 թ. ) կողմէ, որ իր հետ Ճապոնիա բերած էր նաեւ թէյի օգտագործումը (իր աւանդական արարողակարգով) եւ մարտարուեստի (անգլ. ՝ Martial Arts, գերմ. ՝ Kampfkunst) ինքնապաշտպանութեան վարժութիւնները, որմէ յառաջացած են՝ Սամուրայ (Samurai) մարտիկներու աւանդութիւնը։ Այսօր, Ճապոնիայի մէջ, իր 6 հազար տաճարներով, Ռինզայ դպրոցը, քանակական տեսակէտէն կը գրաւէ երկրորդ տեղը։      

Սոտո դպրոցը (ճապ. ՝ Sôtô-shû, չին. ՝ Cáodòng -zông), որ եւս Չինաստանի մէջ հաստատուած էր 9-րդ դարուն եւ Ճապոնիա հասած է 1243 թուականին, չին վանական–ուսուցիչ Դոգենի (Dôgen Kigen, 1200 1253 թ. ) կողմէ, որ Տենդայ դպրոցի կամ ուղղութեան հետեւորդ մըն էր։ Սոտո դպրոցի Զէն-Բուդդայականութիւնը, 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն, արագօրէն տարածուեցաւ նաեւ Արեւմտեան աշխարհի մէջ։ Այսօր, քանակական տեսակէտէն, Սոտո դպրոցը Ճապոնիայի մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը եւ ունի 15 հազար տաճարներ եւ աւելի քան 30 հազար երկսեռ վանականներ, որոնք նաեւ կրնան ամուսնանալ։

Օբակու դպրոցը (ճապ. ՝ Ôbaku-shû) կը հաստատուի աւելի ուշ, 1654 թուականին, չին վանական–ուսուցիչ Ինգէնի ( Ingen Ryûki, 1592 1673 թ., չինական անունով՝ Yǐnyuán Lóngqí ) կողմէ։ Այսօր, Ճապոնիայի մէջ իր աւելի քան 500 տաճարներով, Օբակու դպրոցը, քանակական տեսակէտէն, կը գրաւէ երրորդ տեղը։  

Զէն-Բուդդայականութեան եւ Շինտոյականութեան առնչուած սամուրայ (Samurai) մարտիկներու մասին պիտի անդրադառնանք Ճապոնիայի յատուկ բաժնին մէջ (էջ 338)։

Իսկ Զէն-Բուդդայականութեան յատուկ կրաւորական մտավերացումը (Passive Meditation) [ծ-10], որ կը կատարուի լուռ, հանգիստ, կեդրոնացած մտքով, բարձր ուշադրութեամբ, փակ աչքերով ու նստած վիճակով, ճապոներէն կը կոչուի «զազըն» (Zazen), եզրոյթ մը, որ Արեւմուտքի մէջ եւս կ՚օգտագործուի, «նստած մտավերացման» վարժութիւններուն համար։

4

Սիկհականութիւն

Sikhism

 

16-րդ դարու սկիզբը, Հնդկաստանի հիւսիսային Պունջաբ (Punjab) տարածաշրջանին մէջ, Հինդուականութեան եւ Իսլամութեան ազդեցութեանց տակ յառաջացած միաստուածեան այս կրօնի, Սիկհականութեան (Sikhism), հիմնադիր կը նկատուի՝ Գուրու Նանակ (Guru Nanak), որու ժառանգականօրէն կը յաջորդեն 9 այլ գուրուներ։

Սանսկրիտ լեզուով, գուրու (Guru) կը նշանակէ ուսուցիչ, իսկ սիկհ (Sikh) կը նշանակէ աշակերտ կամ Սիկհականութեան հետեւորդ հաւատացեալ։

Գուրու Նանակ (Guru Nanak, 1469 1539 թ. ), ծնած եւ հասակ առած է հինդուական ընտանիքի մէջ։ Փոքր տարիքին ունեցած է տարեկից մտերիմ իսլամ ընկեր մը։ Երիտասարդ տարիքին ան կը հեռանայ իր ծննդավայրէն ու կը շրջի ամբողջ Հնդկաստանի մէջ։ Այդ շրջանին կը հանդիպի զանազան կրօնական խմբաւորումներու։ Ան կը մերժէր Հնդկաստանի կարգ մը կրօնափիլիսոփայութիւններու մէջ տեղ գրաւած մենակեաց–ճգնաւորական կեանքը, պատճառաբանելով, որ կրօնին դերը մարդոց իրար միացնելը պէտք է ըլլայ, փոխանակ զանոնք առանձնութեան մղելու։ Ան կը մերժէր նաեւ ցուցադրական կրօնական արարողութիւնները, որոնք կը խանգարեն կրօնական բարեպաշտութիւնը, փոխարէն ան կը քաջալերէր անհատական մտավերացման [ ծ-10 ] (Meditation) վարժութիւնները։ Իր քարոզներու որպէս նիւթ, յաճախ կը կրկնէր՝ եղբայրական սէրը, ընկերային հաւասարութիւնը, յոյժ բարութիւնն ու առաքինութիւնը։

Գուրու Նանակի համաձայն, Աստուած մէկ է, առանց նկատի առնելու կրօններու բազմազանութիւնը. իր իսկ բառերով՝ «չկան հինդուականներ, չկան իսլամականներ ... կան միայն Աստուծոյ արարածներ»։   

 

Առաջին, 10 գուրուներու շրջանին, Սիկհականութիւնը, իրենց  տարածաշրջանին մէջ, նախ կը կազմակերպուի, որպէս կանոնաւոր կրօն մը ապա կը դառնայ՝ քաղաքական ուժ։ Այս զարգացումը երկար պիտի չտեւէր, 1606 թ. կը սպանուի 5-րդ գուրուն եւ կը սկսին փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքները ու սպանութիւնները։ 1675 թ. կը սպանուի նաեւ 9-րդ գուրուն։ Սիկհերը արդէն հասկցած են, որ զինեալ պաշտպանութեան պէտք է դիմեն։

10-րդ ու վերջին Գուրուն կը հիմնէ Խալսա եղբայրակցութիւնը, որ պաշտպանուին՝ բռնակալներու եւ անհանդուրժողներու դէմ։ 1708 թ. նաեւ 10-րդ գուրուն կը սպանուի եւ Սիկհականութիւնը կը տկարանայ։

1849 թուականին, սիկհերու բնակութեան տարածաշրջանը (Պունջաբ = Punjab) կը դառնայ բրիտանական գաղութ։ 1873 թ. սկսեալ Սիկհականութիւնը կը վերակազմակերպուի՝ կրօնական եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ։

1947 թուականին Հնդկաստան կ՚ազատագրուէր բրիտանական գաղութատիրութենէն (Colonialism), կը յառաջանար իսլամական նոր երկիր Պակիստանը (Pakistan) եւ սիկհերու տարածաշրջան Պունջաբը, կը բաժնուէր Հնդկաստանի եւ Պակիստանի միջեւ։ Միլիոնաւոր մարդ կը լքէր Պակիստանը եւ կ՚անցնէր հնդկական Պունջաբ։ Այնուհետեւ սիկհերը կը փորձեն ունենալ ինքնավարութիւն մը, կը փորձեն պահպանել՝ մարդկային իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնը։

1984 թուականին Հնդկաստանի վարչապետուհի տիկին Ինդիրա Գանդի (Indira Gandhi, 1917 1984 թ. ) կը սպանուի երկու սիկհերու կողմէ, որմէ ետք կը սկսին նոր հալածանքները եւ սպանութիւնները։ Այս ժամանակաշրջանին, մեծ թիւով սիկհեր կը լքեն իրենց հայրենիքը ու կը հաստատուին արեւմտեան երկիրներ։ 1990 թուականէն սկսեալ կացութիւնը կը հանդարտի։ [13]

Այսօր, Սիկհականութեան կը հետեւի աւելի քան 27 միլիոն մարդ, գլխաւորաբար Հնդկաստանի մէջ։ Քանակական տեսակէտէն, ան կը նկատուի աշխարհի 9-րդ կրօնը։

Սիկհականութեան հաւատքը

Սիկհականութեան գլխաւոր գիրքը կը կոչուի «Գուրու Գրանթ Սահիբ» (Guru Granth Sahib), որ կը նշանակէ՝ «Տիրոջ Գիրքը» (Սնսկ. Granth = Գիրք)։ Այս 1430 էջնոց գրքին մէջ, նախ տեղադրուած են հիմնադրին խօսքերը, ապա իրեն յաջորդող գուրուներու երկերը։ Անոնցմէ տասներորդը՝ Գուրու Գոբինդ Սինգհ ( Guru Gobind Singh, 1666 1708  թ. ) կ՚ամբողջացնէ զայն եւ կը յայտնէ, որ իրմէ ետք նոր գուրուներու հարկը չկայ եւ այս գլխաւոր «Տիրոջ Գիրքը», ինքնին, պիտի ներկայացնէ յաւիտենական գուրուն։

Սիկհական աղօթավայր տաճարները կը կոչուին՝ գուրդվարա (Gurdwara), որ կը նշանակէ՝ «գուրուի դարպաս»։ Այս տաճարները ունին չորս կողմերու վրայ բացուած դռներ, ցոյց տալու համար, որ Սիկհականութիւնը բաց է բոլոր մարդոց առջեւ, առանց նկատի առնելու անոնց անձնական հաւատքը։ Տաճար մտնողները, պարտադիր են իրենց գլուխը ծածկել։

Սիկհականութեան գլխաւոր գիրքը (Գուրու Գրանթ Սահիբ) կը սկսի հաւատքի հիմքը կազմող միակ ու արարիչստեղծող Աստուածը ներկայացնելով, որ յատուկ անուն մը չունի։ Ան «Ճշմարտութիւնը» կամ «Միակ Ճշմարտութիւնն» է։ Միակ Ճշմարիտը ՝ սկիզբէն ի վեր եւ բոլոր ժամանակներուն համար։ Ան Ճշմարիտ է այստեղ եւ ամենուրեք, ներկայիս ու ապագային եւ այդպէս ալ կը մնայ։ Ան ո՛չ արական եւ ոչ իգական է։ Ան ո՛չ կը վախնայ եւ ոչ ալ ատելութիւն ունի, այլ անվերապահօրէն սիրող Աստուած է։ Ան ո՛չ ծնած է եւ ոչ կը մեռնի, այլ ան յաւիտենական է։

Սիկհականութեան Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ 3 էական բնութիւններն են. - անդրանցականութիւնը (Transcendence), ամենուրեքութիւնը (Omnipresence) եւ ներունակութիւնը (Immanence)։

Ստեղծագործութեան էութիւնը, ընդհանրապէս, անչափելի, անբացատրելի, անիմանալի ու անհուն է։ Ստեղծուած բնութեան մէջ է նոյնինքն՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուածը, որով բնութիւնը եւս, իր կարգին, կը դառնայ՝ սուրբ։ Այստեղ կարելի է նկատել նաեւ Սիկհականութեան Համաստուածութեան (Pantheism) հակումը։

Հետեւելով Հինդուականութեան եւ այլ կրօնափիլիսոփայութիւններուն, այստեղ եւս հոգին անմահ է եւ մարմնական մահէն ետք հոգին մէկէ աւելի անգամներ կը վերամարմնաւորուի [ծ-10] (Reincarnation)։ Վերամարմնաւորումներու այս շրջանառութիւնը տառապալի ըլլալով, մարդու նպատակն է ձերբազատուիլ անկէ եւ փրկուելով՝ միակ Աստուծոյ միանալ։ Ասիկա կարելի է, միայն կրօնի գուրուներու խորհուրդներուն հետեւելով։

Սիկհականութիւնը կը մերժէ կրօնական որոշ նախապաշարումներ կամ աւանդութիւններ, որոնք լայնօրէն տարածուած էին եւ են Հնդկաստանի մէջ, մանաւանդ հինդուական եւ իսլամական ոլորտին մէջ, ինչպէս օրինակ. -

Ուխտագնացութիւնները (Pilgrimage),

Ծոմապահութիւնը (Fasting),

Թլփատումը (Circumcision),

Կարմայի (սնսկ. ՝ k arma) ուսմունքը,

Դասակարգերու (կաստաներու, Casts) բաժանումը, ինչպէս նաեւ կիներու եւ «անհպելի»ներու հանդէպ խտրականութիւնը (Discrimination),

Կղերականութենէն կախեալ ըլլալը,

Դրախտդժոխք պատկերացումները։  

 

Սիկհականութեան բարոյագիտութիւնը

Սիկհական բարոյագիտութեան հիմնական տուեալները կը գտնենք իրենց   «Տիրոջ Գիրքին» (Guru Granth Sahib) մէջ, ուր կը նշուին որպէս հաւատքի տասնաբանեան. -

Պաշտել միակ ու ճշմարիտ աստուածը.

Յարգել մարդոց հաւասարութիւնը, հեռու մնալով որեւէ խտրականութենէ (Discrimination).

Ապրիլ հիմնական 3 սկզբունքներով. - աղօթել, պատուաւոր միջոցներով եկամուտ ապահովել եւ նուիրումով՝ ուրիշներու օգնել.

Խուսափիլ հպարտութենէն, տռփանքէն, կախեալութենէն, զայրոյթէն եւ ագահութենէն, որոնք եսասիրութեան կ՚առաջնորդեն.

Ընդունիլ կ ամաւոր մկրտութիւնը, որ հոգեկան վերածնունդն է.

Ապրիլ անհատական եւ ընկերային բարոյական առաքինի արժէքներով, ինչպէս նաեւ հետեւիլ գուրուներու ուսմունքին.

Հագուիլ եւ/ կամ կրել՝ հաւատքի 5 իրերը (բացառաբար այրերու համար. - համեստութեան եւ առողջութեան ենթազգեստը (կամ ներքնաշապիկը), գլխու յատուկ փաթթոցը եւ անոր մէջ՝ փայտեայ սանտրը, պողպատեայ ապարանջան եւ հաւատքը պաշտպանելու փոքր դաշոյնը

Հետեւիլ 4 պատուիրաններուն. - մազերը չկտրել (արարչի մտադրութեան որպէս յարգանք), մարմինը չվնասել (թմրամիջոցի, ծխախոտի եւ նման նիւթերու գործածութեամբ), զոհաբերուած կենդանիներու միսը չուտել եւ չշնանալ (արտաամուսնական յարաբերութիւններով)

Կատարել ամենօրեայ 5 աղօթքները եւ

  Մասնակցիլ ընկերային կեանքին, իրերօգնութեան նպատակով։        

Սիկհականութեան համաձայն, կրօնը՝ մարդկայնութիւնն (Humanism) ու անդրանցականութիւնն (Transcendence) է։ Մարդը հոգեղէն էակ է եւ մարդու հոգեղէնութիւնը (Spirituality) կապուած է սիրոյ հետ։ Բուժիչ եւ անմեղ սէրէն կը յառաջանան՝ մաքրութիւնը, խաղաղութիւնը, միութիւնը եւ բնութեան հանդէպ յարգանքը, ինչպէս նաեւ բարոյական–ընկերային ապրելակերպը։ Սիրոյ միջոցով կը յաղթահարուին մարդոց վէճերը, գոռոզութիւնը, եսասիրութիւնը, ատելութիւնը եւ խտրականութիւնը։

 

 


 

Բ. Գլուխ

Չ ինաստան

 

Չինաստանի կրօնափիլիսոփայութիւնը եւս, թէեւ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, սակայն անոր «ոսկեայ ժամանակաշրջանը» կը նկատուի մ. թ. ա. 600 221, որու ընթացքին կը յիշուին նշանաւոր դարձած «Մտքի 100 դպրոցները», որոնք կը ներկայացնեն Չինաստանի կրօնափիլիսոփայական բազմաթիւ ուղղութիւններ ը։ Յատկանշական է, որ այստեղ, բոլոր կրօնափիլիսոփայութիւններուն մէջ կը բացակայի Աստուծոյ մը կամ աստուածներու գոյութեան գաղափարը։

Այդ դպրոցներէն կարեւորներն են. -

Դաոյականութիւնը (Daoism), մ. թ. ա. 6-րդ դարուն սկսած եւ վերջերս Չինաստանի մէջ այժմէական դարձած,

Կոնֆուցիականութիւնը (Confucianism), մ. թ. ա. 6-րդ դարուն սկսած եւ վերջերս Չինաստանի մէջ նոյնպէս այժմէական դարձած եւ

Բուդդայականութիւնը (Buddhism), որ Հնդկաստանէն մուտք գործեց՝ Չինաստան, մեր թուարկութեան առաջին դարուն (61 թ. ) եւ որոշ բարեփոխումներէ ետք ստացաւ՝ Չան-Բուդդայականութիւն (Chan-Buddhism) անուանումը։  

Նկատի ունենալով Չինաստանի կառավարութեան (առնուազն նախորդ դարու) ընդհանրապէս կրօններու հանդէպ ունեցած բացասական դիրքորոշումը եւ այս ուղղութեամբ մարդահամարներու չգոյութիւնը, դժբախտաբար, կարելի չէ ճշգրիտ կամ մօտաւոր տուեալներ ունենալ, անոնց հետեւորդներու թիւին մասին։ 

Չինաստանի մէջ, մասնաւորաբար Սոնգ- (Song-Dynasty, 960 1279 թ. ) եւ Մինգ- (Ming-Dynasty, 1368 1644 թ. ) արքայատոհմերու իշխանութեանց ընթացքին, երեք գլխաւոր կրօնափիլիսոփայութիւններու՝ Դաոյականութեան, Կոնֆուցիականութեան եւ Բուդդայականութեան միջեւ համահաշտութիւն (Syncretism) մը կը գոյանայ, եւ կը շարունակուի մինչեւ 20-րդ դար։

20-րդ դարուն, Չինաստանի մէջ հալածանք մը կը սկսի ընդհանրապէս բոլոր կրօնական ուղղութիւններուն դէմ, որ իր գագաթնակէտին կը հասնի Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան հաստատումով (1949 թ., People’s Republic of China Չին պետական գործիչ եւ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Մաո Ցեդոնգի ( Máo Zédông, 1893 1976 թ. ) «մշակութային յեղափոխութեան» շրջանին, քանդուեցան բազմաթիւ կրօնական կեդրոններ, հալածուեցան ու սպանուեցան վանականներ։ Միայն 1980 թ. ետք, իրավիճակը բաւական մեղմացաւ, վերանորոգուեցան ու կառուցուեցան բազմաթիւ տաճարներ, վերաբացուեցան կրօնական կեդրոններ։  

Չինաստանի մէջ, որպէս բնազանցական սկզբունք, հինաւուրց տիեզերապաշտութիւն (Universalism) մը կայ, որ հիմքը կը կազմէ չինական մտածելակերպին։ Երկինք, երկիր եւ մարդ կը նկատուին տիեզերքի բաղադրամասերը, որոնք ներդաշնակ համակեցութիւն մը ու տիեզերական կարգապահութիւն մը կը ներկայացնեն։ Տիեզերական 5 տարրերը՝ փայտ, կրակ, մետաղ, ջուր եւ հող, չեն ներկայանար որպէս պարզ նիւթեր, այլ՝ որպէս գործօն ուժեր, որոնք յարատեւ շարժումի ու փոփոխութեան ընթացքի մը մէջ են։ Իսկ այս բոլորին շարժիչը, «եին եանգ» (չին. ՝ Yin Yang) հականիշ, բայց զիրար ամբողջացնող սկզբունքներն են։ Մինչ եանգ (Yang) կը ներկայանայ, իր շարժումով ու  աշխուժութեամբ, ինչպէս է՝ երկինքը, եին (Yin)՝ հանդարտ ու կրաւորական է, ինչպէս է՝ երկիրը։ Չինական աւանդութեան մէջ, յիշեալ փոփոխութիւններու ընթացքը կը ներկայացուի նաեւ՝ 8 x 8 = 64 թուանշաններով [14] ։

Չինական կրօնափիլիսոփայութեան մէջ, տիեզերքի սկզբնապատճառը, զայն կարգաւորողն ու ղեկավարողը, «Գերագոյն Տիրակալ» (չին. ՝ „Shàng-dì“) մըն է, որ կը նոյնանայ բեւեռային աստղին (Polaris) հետ։ Ան մարդակերպ չէ (Anthropomorph), ինչպէս կը բացատրեն այլ կրօններ եւ առարկայ չէ մեծարանքի կամ պաշտամունքի։ Այս «Գերագոյն Տիրակալը», կարգ մը կոնֆուցիական գրութիւններու մէջ, նաեւ կը կոչուի «Երկինք» (չին. ՝ T´ien), իսկ Դաոյականութեան ոլորտի մէջ ան նաեւ կը կոչուի «Դաո» (չին. ՝ Dao), որ կը նշանակէ՝ «ուղին» կամ «ճիշդ ուղին»։       

Չինաստանի մէջ, ընդհանրապէս, ընկերային կառոյցի կորիզը կը կազմեն ընտանիքը եւ հօրենական տոհմը։ Ընտանիքի եւ տոհմի համապատկանելիութիւնը, առաջին հերթին կ՚արտայայտուի միացեալ նախնիներու մեծարանքով։ Մեծարանքի արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան տարին երկու անգամ։ Իսկ «տոհմ» հասկացութիւնը, ժամանակի ընթացքին աւելի սահմանափակ դարձաւ եւ յանգեցաւ մէկ յարկի տակ՝ միայն երեք սերունդներու միատեղ կեանքով։ Աւանդականօրէն, ընտանիքի անդամներու փոխյարաբերութիւնը եւ իւրաքանչիւրին յատուկ դերը կարգաւորուած են մասնաւոր կանոններով, որոնք տեղ գտած են զանազան գիրքերու մէջ, ինչպէս օրինակ «Բարոյականութեան գիրքը» (չին. ՝ ji)։

Բարոյական օրէնքներն ու կանոնները, ի զօրու են ինչպէս ընտանեկան նեղ շրջանակին համար, նոյնպէս աւելի լայն հասարակական եւ պետական շրջանակներուն մէջ։ Ինչպէս ընտանիքներու մէջ դերերու յատուկ բաժանում մը կար եւ օրինակ՝ որդին պէտք է հնազանդեր իր հօր եւ հայրը իր կարգին, որոշ պարտաւորութիւններ ունէր զաւկին հանդէպ, նոյնն էր պարագան հասարակական եւ պետական շրջանակներու մէջ, ուր եւս դասակարգերու յստակ բաժանում կար. օրինակ՝ պարզ ժողովուրդը պէտք է հնազանդեր պետական պաշտօնեային, սակայն ունէր նաեւ որոշ իրաւունքներ, նոյն ձեւով, պետութիւնը որոշ պարտաւորութիւններ ունէր պարզ ժողովուրդին հանդէպ, եւայլն…։

Չինաստանի կրօնափիլիսոփայութիւններու ոլորտին մէջ, բարոյականութեան (չին. ՝ Lǐ) եւ մարդկայնութեան (չին. ՝ Rén) կողքին, մեծ կարեւորութեամբ կը շեշտուին բնութեան հանդէպ մարդոց ունեցած պարտաւորութիւններն ու բնապահպանութեան բարձր արժէքը։

Նորագոյն ժամանակներուն, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ Չինաստանի մէջ «արհեստական իմացականութեան» (անգլ. ՝ Arteficial Intelligence, գերմ. ՝ Künstliche Intelligenz) օգտագործումը մեծաքայլ յառաջդիմութիւն կ՚արձանագրէ, սակայն նկատի պէտք է առնել թէ այդ օգտագործումը բարոյական ի՞նչ արժեւորում ունի եւ թէ որքանո՞վ կարելի է իրագործել բարոյական արժէքները։ Այս իմաստով, աւելի շօշափելի օրինակ մը տալու համար յիշենք Չինաստանի մէջ, 2014 թուականին, պետութեան կողմէ հաստատուած ընկերային վարկային համակարգը (Social Credit System), որուն միջոցով պիտի կարողանայ համապարփակ եւ խիստ հսկողութեան տակ առնել նախ մայրաքաղաքի եւ կարգ մը այլ կեդրոններու ապա ամբողջ երկրի բնակչութիւնը։ Այս վարկային համակարգին նպատակն է, տարբեր տուեալներու հիման վրայ որոշել մարդոց վճարունակութիւնը, քաղաքական–տնտեսական–ընկերային վարուելակերպն ու համբաւը, ճշմարտացիութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինազանցութիւններն ու քրէական յանցանքները։ Չինական վարկային այս համակարգը, մինչեւ 2020 թուականի աւարտին պէտք էր բոլորէր իր փորձի շրջանը, այնուհետեւ պէտք էր տարածուէր երկրի բնակչութեան եւ հաստատութիւններուն վրայ։ Բարոյագիտական եւ ընկերաբանական տեսակէտներէն, յոյժ վիճելի ընկերային–հասարակական վարկային այս համակարգի ազդեցութիւններh ու զանազան հետեւանքները սերտողութեան կարիքը ունին տակաւին։ Շատեր կ՚ենթադրեն, որ Չինաստան այս նոր համակարգով եւ համապարփակ հսկողութեամբ կ՚ուզէ ամրապնդել թէ՛ երկրի տնտեսական իրավիճակը եւ թէ համայնավար միակ ներկայ կուսակցութեան բռնատիրական վարչակարգը։ Իսկ ուրիշներ կը խորհին, որ ամբողջական վերահսկողութիւնը Չինաստանի կողմէ թէ՛ աննախատեսելի եւ թէ անկարելի է։

Նշենք թէ բարոյագիտութեան եւ կրօնի առնչութիւնը, յստակօրէն նկատելի է Յուդայականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան մէջ. Մինչդեռ այս կապը չինական կրօնափիլիսոփայութեան պարագային գրեթէ կը բացակայի։ Օրինակ, եթէ Չինաստանի ամենակարեւոր բարոյագիտութիւնը Կոնֆուցիականութիւնն է, հոն գրեթէ կը բացակային կրօնի մը հիմնական տարրերը։

Բուդդայականութեան մասին, որոշ մանրամասնութեամբ անդրադարձանք արդէն, ստորեւ, Չինաստանի երկու կրօնափիլիսոփայութիւններուն մասին՝

5. Դաոյականութիւն (Daoism) եւ 6. Կոնֆուցիականութիւն (Confucianism) առանձին - առանձին։

5

Դաոյականութիւն

Daoism

 

Դաոյականութիւնը, որպէս արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւն եւ աշխարհայացք, թէեւ սկսած է Չինաստանի մէջ, մ. թ. ա. 5-րդ կամ 6-րդ դարերուն, սակայն ազդուած է կարգ մը գաղափարներէ, որոնք կու գային աւելի հին ժամանակներէն։ Որպէս հիմնադիր կը նշուի առասպելական չին կրօնա–փիլիսոփայ Լաոցի (Lao-z ǐ, մ. թ. ա. մօտ. 6-րդ դար), որ հաւանաբար գրած պիտի ըլլայ կրօնափիլիսոփայական այս ուղղութեան հիմնական մատեանը, որ նախ կոչուեցաւ իր անունով ապա կրեց՝ Դաոդէ՛ջինգ ( Dàodéjing) անունը ( չին. ՝ դաո = ուղի դէ՛ = առաքինութիւն,   ջինգ = սրբազան մատեան) ։ Այս մատեանը կը բովանդակէ 81 գլուխներ. առաջին 37 գլուխները կը ներկայացնեն նոյնինքն Դաոն, իսկ մնացեալը՝ դաոյական բարոյագիտութիւնը։   

Դաոյականութեան ոլորտի մէջ, հարկ է նշել նաեւ երկու հռչակաւոր այլ կրօնափիլիսոփաներ՝ Լիէցի եւ Զուանգցի, իրենց նոյնանուն գիրքերով։

Լաոցի ( չին. ՝ Lao-z ǐ, մօտ. 601 520? մ. թ. ա. ),

որ կը նշանակէ՝ «մեծ ուսուցիչ» (Լաո = մեծ, տարեց, իսկ ցի = ուսուցիչ ) ։ Ան եղած է հիմնադիրը Դաոյականութեան եւ հեղինակը՝ անոր հիմնական մատեանին։ Լաոցի իր երկը ամբողջացնելէ ետք, 70 տարեկանին, կ՚ուղուի դէպի Արեւմուտք եւ կ՚անյայտանայ, որով անոր մահուան թուականը կը մնայ անծանօթ։ Կը պատմուի, որ չին կրօնա փիլիսոփայ Կոնֆուցիոս ( Con - fucius,  551 479 մ. թ. ա. ) հանդիպած է Լաոցիի իսկ Սիդհարթա Գաուտամա - Բուդդա ( Siddhartha Gautama - Buddha, 563 483 մ. թ. ա. ) աշակերտած է Լաոցիի, երբ այս վերջինը Հնդկաստան այցելած է։ Մեր թուարկութեան երկրորդ դարուն, Լաոցի անձը, կարգ մը դպրոցներու կողմէ կը նոյնացուի Դաո (Dao) հասկացութեան եւ կը մեծարուի՝ որպէս աստուածութիւն։

Լիէցի ( չին. ՝ Lie-z ǐ, լատ. ՝ Licius, մօտ. 450 375 մ. թ. ա. ),

որ կը նշանակէ՝ «ուսուցիչ Լիէ»։ Իր նոյնանուն գիրքը (աշակերտներուն կողմէ հաւաքուած եւ Լիէցիի մահէն ետք ամբողջացուած) կը բովանդակէ՝ Դաո յ ի կեանքի ու գործունէութեան մասին երեւակայական ու այլաբանա կան պատմութիւններ, ինչպէս նաեւ առակներ, փիլիսոփայական ու տիեզերաբանական գրութիւններ։ Գրքին մէջ տեղ գտած հրաշագործութիւններու, կախարդութիւններու եւ առասպելաբանութիւններու պատմութիւնները, հետագային աւելցուած են Լիէցիի աշակերտներուն կողմէ։

Զուանգ-Ցի ( չին. ՝ Zhuang-zǐ, մօտ. 369 286 մ. թ. ա. ),

որ կը նշանակէ՝ «ուսուցիչ Զուանգ»։ Իր նոյնանուն գիրքը, կը բով անդակէ 52 գլուխ, ուր յայտնի է Կոնֆուցիական դպրոցի ազդեցութիւնը։ Զուանգ-Ցի կը նկատուի նաեւ գլխաւոր դէմքը դաոյական խորհրդապաշտութեան (Tao-Mysticism), որ առնչուած է «Սուրբ»ին ( չին. ՝ Zhenren Զուանգ-Ցիի համաձայն այդ Սուրբը՝ մարդկային կերպարով, անմահ, իւրայատուկ, եզակի, գերբնական ուժով, կատարեալ ու երկնային էակն է, որ հեծեալ է սպիտակ ամպերուն վրայ, կրակին մէջ չայրիր, ջուրին մէջ չի խեղդուիր ու սառնամանիքին մէջ չի սառիր եւ թէ մարդ կրնայ հասնիլ այդ «Սուրբ»ին՝ հոգեկան կատարեալ ազատութեան միջոցով։         

Դաոյականութիւնը ունի իր կիրառական բարոյագիտութիւնը ինչպէս նաեւ կրօնական եւ փիլիսոփայական բաժինները, զորս կարելի չէ զանազանել։ Շատեր, կրօնականը կ՚ընդունին որպէս գործնական բաժին, իսկ փիլիսոփայականը՝ տեսական։ 

Դաոյականութեան հաւատքը

Դաո (Dao) կամ Տաո (Tao) կը նշանակէ՝ «ուղին» կամ «ճիշդ ուղին», սակայն Լաոցիի համաձայն, ան ամբողջ աշխարհի գերագոյն սկզբունքն է (Principle), գերագոյն իրողութիւնը, գերագոյն առեղծուածը (Mystery), նախասկզբնական միութիւնը, տիեզերական օրէնքը (Cosmic law), բարոյական ճիշդ ուղին եւ բացարձակը (Absolute)։ Դաոյէն կը բխի ամէն ինչ, իրենց կանոնաւորութեամբ ու կարգով։ Այսուհանդերձ, կարելի չէ Դաո, որպէս «ամենազօր էակ» բնութագրել, այլ ան նախասկիզբն ու միութիւնն է բոլոր հակադրութիւններուն, այսպիսով, ան կը դառնայ՝ անորոշ (Indefinite)։ Նաեւ փիլիսոփայական տեսանկիւնէն, կարելի չէ Դաոն բնորոշել, որովհետեւ որեւէ բնորոշում ինքնին սահմանում մը կ՚ենթադրէ այլ խօսքով, Դաո կը դառնայ անսահման անդրանցականութիւնը (Unlimited Transcendence) եւ ամբողջական տիեզերքի մշտակայ սկզբունքը։

Չինական կրօնափիլիսոփայութիւնը, Դաոյականութեամբ կը թօթափէ թէ՛ կրօններու պարագային ծանօթ մարդակերպութիւնը [15] (Anthropomorphism) եւ թէ փիլիսոփայական կասկածապաշտութիւնն [ծ-27] (Scepticism) ու յոռետեսու թիւն ը [ծ-22] (Pessimism)։

Դաոյականութեան կը վերագրուի Անաստուածութիւն [ծ-07] (Atheism) մը կամ Համաստուածութիւն [ծ-07] (Pantheism) մը, ինչպէս նաեւ ժամանակի ու տարածութեան անսահմանութիւն մը։

Բազմաթիւ նշանաւոր արեւմտեան փիլիսոփաներ ազդուած են փիլիսոփայական Դաոյականութենէն, ինչպէս օրինակ. - յոյն՝ Հերակլիտոս Եփեսոսցին (յուն. ՝ Hêrákleitos 520 460 մ. թ. ա. ) ու Էպիկուրոսը (յուն. ՝ Epíkouros, 342 271 մ. թ. ա. ), հոլանդացի՝ Բ. Սպինոզան (Baruch Spinoza, 1632 1677 թ. ), ֆրանսացի՝ Ժ. Ժ. Ռուսօ (Jean Jacques Rousseau, 1712 1778 թ. ), գերման Կանտ (Immanuel Kant, 1724 1804 թ. ), Շելլինգ (Friedrich Wilhelm Joseph Schelling, 1775 1854 թ. ), Շոպենհաուր (Arthur Schopenhauer, 1788 1860 թ. ) ու Հայդեգէր (Martin Hei-degger, 1889 1976 թ. ), եւայլն…։

Եւրոպայի մէջ, Դաոյականութիւնը մուտք գործեց, նախ Լաոցիի մատեանի ( Daodéjing ) լատիներէն թարգմանութեամբ (1788 թ. ) ապա 19-րդ դարուն այլ թարգմանութիւններով եւ մեծապէս ազդուեցաւ «Աստուածիմաստութեան ընկերակցութենէն» [16] ( Theosophical Society), որ 1875 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած ապա Եւրոպայի մէջ տարածուած գաղտնի կազմակերպութիւն մըն է։

Չինաստանի մէջ, 20-րդ դարու ընթացքին, ընկերվարական բռնատիրութիւնը նախ արգիլեց Դաոյականութիւնը, հալածեց հետեւորդները ու ճնշումներ բանեցուց անոնց վրայ, քանդեց՝ բազմաթիւ տաճարներ ու սպաննեց՝ վանականներ։ Հետագային սակայն, (1980 թ. ), ուշքի գալով ուզեց պահել դաոյական աւանդութիւնները, մանաւանդ անոր բուժագիտութիւնը։ Բազմաթիւ վանքեր ու տաճարներ կառուցուեցան կամ վերանորոգուեցան եւ համալսարաններու մէջ Դաոյականութեան նոր բաժանմունքներ հաստատուեցան։

Նոր-Դաոյականութիւնը (Neo-Daoism), համաձայն չինական պետական վարչակարգի, նոր շրջան մը կը բոլորէ, կը փորձէ իր հետեւորդները միացնել մէկ ղեկավարութեան հովանիի տակ։ Այսուհանդերձ, Չինաստանի մէջ կան դաոյական աղանդաւորական որոշ շարժումներ, որոնք վերահսկողութեան տակ չըլլալով, դեռ կը հալածուին պետական շրջանակներէն։

Ներկայիս, Չինաստանի մէջ կան Դաոյականութեան երկու դպրոցներ. -

Քուանզէն-Դաոյականութիւն ( Quanzhen-Daoism ), որ կը նկատուի՝ ամբողջական ճշմարտութեան դպրոցը։ Այստեղ, կուսակրօն վանականներ, գլխաւորաբար օրական մտավերացման [ծ-10] (Meditation) վարժութիւններով կը պարապին. եւ

Զէնգյի-Դաոյականութիւն ( Zhengyi-Daoism ), որ կը նկատուի ուղղափառ միութեան դպրոցը, որու անդամները կրնան ամուսնանալ, քահանայագործել (կը կատարեն՝ արարողութիւններ, ամուսնութիւններ, յուղարկաւորութիւններ, եւայլն…) եւ բժշկական դարմանումներով զբաղիլ։ 

Այսօր, Դաոյականութեան կը հետեւի, մօտ. 75 միլիոն մարդ, որոնք գլխաւորաբար կ՚ապրին Չինաստանի մէջ, բայց նաեւ իրեն հարեւան երկիրներուն մէջ (Կորէա, Տայվան, Մալայզիա, Վիէտնամ, Սինգապուր… եւայլն)։

Դաոյականութեան բարոյագիտութիւնը

Դաոյական բարոյագիտութեան համաձայն, քանի որ Դաո բնութեան մէջ կը յայտնաբերուի, ուրեմն մարդ պէտք է ճիգով հետեւի աշխարհի ընթացքին, ծանօթանայ անոր օրինաչափութեան ու սկզբունքներուն եւ դառնայ բնական (Natural), ինքնաբեր (Spontanous) ու փոփոխութեան ատակ։ Իմաստուն մարդուն համար, Դաոյի հետ ներդաշնակութեան հասնելու լաւագոյն միջոցը, (իմացականութենէն, գիտակցութենէն եւ կամքի ուժէն աւելի), խորհրդապաշտականներհայեցողական եղանակն է, որու միջոցով միայն մարդը պիտի կարենայ յարմարիլ աշխարհի ընթացքին։

Դաոյականութեան համաձայն, աշխարհի մէջ ամէն ինչ փոփոխական է (չին. ՝ Yi), փոփոխութիւն մը, որ բնութեան մէջ ինքզինք կը կարգաւորէ եւ իմաստուն մարդը յարմարելով այս փոփոխութիւններուն, կրնայ Դաոյի հետ ներդաշնակութիւն մը իրականացնել։ Փոփոխութիւնները Դաոյի «ուղի»ներն են, որոնց ընթացքը ու ինքնաբերութիւնը (Spontaneity) պէտք չէ խանգարել կամ միջամտել, չին. ՝ Wu wei = «մի՛ միջամտեր» նշանաբանով։ Իմաստուն մարդը, իր ուժը անմտօրէն չի վատներ Դաոյի «ուղի»ներու ընթացքը միջամտելով, այլ, տեսակ մը անտարբերութեամբ, կը թողու, որ անոնք իրենց բնական ընթացքով եւ «Եին Եանգ» [17] (Yin Yang) սկզբունքով շարունակուին։

Դաոյականութեան համաձայն, Դաոյի հետ ներդաշնակութիւն մը միայն կրնայ ճշմարիտ երջանկութիւն պարգեւել։ Արդարեւ, հետեւելով Դաոդէ՛ջինգ ( Dàodéjing) սրբազան մատեանին, նպատակայարմար ու յանձնարարելի է, անտարբերութիւն ցոյց տալ չափազանց հարստութեան, պերճանքին ու ծայրայեղ ցանկութիւններուն հանդէպ եւ ապրիլ «Եին Եանգ» (Yin Yang) սկզբունքով եւ «մի՛ միջամտեր» (Wu wei) նշանաբանով, հաւասարակշռուած կեանք մը։ Դաոյական աշխարհայացքին համաձայն, Դաո թէ՛ վերոյիշեալ փոփոխութիւններու, «Եին - Եանգ» (Yin - Yang) հակադրութեան պատճառն է եւ թէ այդ հակադրութեան միութեան գրաւականը։ Բարոյագիտութեան ոլորտէն ներս, «Եին Եանգ» հակադրութեան միութիւնը կ՚ընկալուի, որպէս «միջին չափ», որ երկու ծայրայեղութիւններու խոհեմ միջինն է։ 

Դաոյականութեան գլխաւոր նպատակներէն կը նկատուի անմահութիւնը, որ մարդու երկարակեցութեան կողքին, երկրային մահէն ետք՝ անդենականի մէջ յաւիտենականութիւնն է։

Արտաքին աշխարհի անդրանցականութիւնը (Transcendence), կը պատկերացուի նաեւ մարդու ներքին աշխարհի պարագային, որպէս անոր կենսական ուժը (անգլ. ՝ Life Force, գերմ. ՝ Lebenskraft)։ Այս իմաստով, մարդ կը ձգտի կենսունակութեան ու երկարակեցութեան։ Չինական մշակոյթին մէջ, պատմութեան ընթացքին, յառաջացած են նաեւ տարբեր միջոցներ, յիշեալ նպատակներուն հասնելու համար, ինչպէս օրինակ, յատուկ սննդականոններ, շնչառութեան եւ մարմնամարզի վարժութիւններ, որոնք պիտի զօրացնեն կենսական ուժը։

Ասոնց կողքին, Դաոյականութիւնը նկատի կ՚առնէ նաեւ բարոյագիտական կանոնները, ինչպէս օրինակ, ծնողներուն հանդէպ՝ յարգանքն ու մեծարանքը, իշխանութեան հանդէպ՝ կարգապահութիւնն ու օրինապահութիւնը, կենդանի էակներու հանդէպ՝ կարեկցութիւնն ու գթասրտութիւնը, աղքատներու հանդէպ՝ օգնութիւնն ու օժանդակութիւնը եւ վերջապէս, իւրաքանչիւր անհատ ըլլալու է համբերատար նկարագրով եւ պաշտպանելու է բուսական ու կենդանական աշխարհները։

Հետագային, դաոյական բարոյագիտութեան մէջ նաեւ կը ներթափանցեն կոնֆուցիական ուսմունքէն կարգ մը առաքինութիւններ եւ բուդդայական ուսմունքէն կարգ մը վանական բարոյական կանոններ։

Այսօր, ամբողջ Չինաստանի մէջ, առնուազն բարոյագիտական ոլորտէն ներս, Դաոյականութիւնը, Կոնֆուցիականութիւնը եւ Բուդդայականութիւնը այնպէս միահիւսուած են, որ կարելի չէ զանազանել։ Այլ խօսքով, կարելի է խօսիլ չինական կրօնափիլիսոփայութեան միացեալ բարոյագիտութեան մը մասին, որ կ՚ընդգրկէ վերոյիշեալ երեք ուղղութիւնները։    

6

Կոնֆուցիականութիւն

Confucianism

 

Կոնֆուցիականութիւնը, որպէս արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւն եւ մանաւանդ աշխարհայացք, սկսած է Չինաստանի մէջ, մ. թ. ա. 6-րդ դարուն։ Սկզբնական շրջանին, Չինաստանի մէջ, կրօնափիլիսոփայական այս ուղղութիւնը կոչուած է՝ « գիտնական ներու դպրոց» (չին. ՝ Rujiâ), այնուհետեւ, թէ՛ իր եւ թէ իր յաջորդներու միջոցով այս դպրոցը աւելի զարգացաւ։ Հետագային (17-րդ դարուն), քրիստոնեայ քարոզիչներու կողմէ, այս ուղղութիւնը, հիմնադրի անունով, կոչուած է՝ Կոնֆուցիականութիւն (Confucianism)։

Կոնֆուցիոս (լատ. ՝ Confucius,  551 479 մ. թ. ա. ). -

Լ ատինացուած այս անունը, չինարէնի մէջ ծանօթ է որպէս „Kŏng Fû-zǐ“ կամ „Kŏng Zǐ“, որ կը նշանակէ՝ «ուսուցիչ Կոնգ» ։

Կոնֆուցիոս որդին էր զինուորական սպայի մը. այդ պատճառով ալ կը ստանայ լաւ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն։ Հետագային, որպէս ուսուցիչ կը ծառայէ իշխանական պալատներու մէջ։ Կը ստանձնէ պետական բարձր պաշտօններ, կը դառնայ արդարադատութեան նախարար։ Ապա, աշակերտներուն հետ միասին, 13 տարիներ կը շրջի ամբողջ Չինաստանի մէջ։ Կոնֆուցիոս, նկարագրով՝ անկողմնակալ, արժանավայել, յարգալիր ու ինքնագիտակից անձ մըն էր, համեստ ու չափաւոր ապրելակերպով։ Որպէս չին փիլիսոփայ եւ ուսուցիչ, ան գլխաւորաբար կ՚ուսուցանէր մարդկային կարգն ու կանոնը, որ առաջին հերթին ուրիշ մարդոց հանդէպ յարգանքն ու նախնիներու մեծարանքն է, ապա՝ այս աշխարհի վրայ ներդաշնակ, անվրդով ու հաւասարակշռուած ապրիլը։

Կոնֆուցիոս, ինչպէս Սոկրատէս, անձամբ գիրքեր չէ գրած, բայց իր աշակերտները գրի առած են իր խօսքերը։ 9 մեծ հատորներու մէջ ամփոփուած ամբողջական երկերը կարելի է բաժնել երկու գլխաւոր մասերու. - առաջին հինգը՝ կանոնական գիրքեր են («Փոփոխութիւններ», «Երգեր», «Փաստաթղթեր», «Գարուն ու Աշուն» «Արարողութիւններ»), իսկ յաջորդ չորսը՝ բարոյագիտութեան դասական գիրքեր են, Կոնֆուցիոսի «Խօսքերու հաւաքածոն» (չին. ՝ Lún Yǔ) եւ երեք այլ գիրքեր, որոնք պիտի ներկայացուին հետագային (էջ 333)։

Կոնֆուցիոս կը գնահատէ ազնիւ մարդը, որ զինուած է մարդկայնութեամբ ( չին. ՝ Rén), արդարութեամբ ( չին. ՝ Yì) եւ բարոյականութեամբ (չին. ՝ Lǐ) ։ Ան կը շեշտէր նաեւ կրթութեան եւ կարգապահութեան յոյժ կարեւորութիւնը. կրթութիւն մը, որ բոլորին համար հասանելի պէտք է ըլլայ, եւ որ պիտի պատրաստէ՝ ազնիւ մարդը. իսկ անհատական ու ընկերային կարգապահութեան եւ մարդոց միջեւ յարաբերութեան կանոնաւորութեան շնորհիւ մարդ կրնայ հասնիլ ազատութեան։ Կը պատմուի, որ Կոնֆուցիոս, իր աշակերտներուն հետ, Չինաստանի մէջ շրջագայութեան ընթացքին, հանդիպած պիտի ըլլայ կրօնափիլիսոփայ Լաոցիի (Laoz ǐ ), որ ինչպէս նշեցինք՝ Դաոյականութեան հիմնադիրն է։

Կոնֆուցիոս, մահէն ետք կ՚արժանանայ պետական բարձրագոյն պատիւներու ու մեծարանքի։ Իր անունով կառուցուած են բազմաթիւ տաճարներ եւ կրօնափիլիսոփայական դպրոցներ։

Կոնֆուցիականութեան ոլորտի մէջ, հարկ է նշել նաեւ երկու հռչակաւոր այլ չին կրօնափիլիսոփաներ՝ Մենգ-Ցի եւ Շուն-Ցի, որոնք զարգացուցին Կոնֆուցիականութեան փիլիսոփայական եւ կրօնական բաժին ներ ը. -

Մենգ-Ցի (չին. ՝ Mѐng-Zǐ, լատ. ՝ Mencius, մօտ. 372 289 մ. թ. ա. ). -

Մենգ-Ցի կը նշանակէ՝ «ուսուցիչ Մենգ» ։ Կը նկատուի նշանաւոր յաջորդը Կոնֆուցիոսի եւ «երկրորդ իմաստունը»՝ Կոնֆուցիականութեան մէջ։

Մենգ-Ցիի ժամանակաշրջանին, Կոնֆուցիականութիւնը ընդունուեցաւ, որպէս պետական կրօն։ Ան նաեւ քաղաքական հարցերու խորհրդատուն էր՝ իշխանութեան մօտ։ Որպէս յայտնի խաղաղասէր (Pacifist), Կոնֆուցիոսի նման, ան դէմ էր պատերազմներու։ Մենգ-Ցի հանդիսացաւ Կոնֆուցիականութեան մեծ բարեկարգիչը եւ զարգացուց մանաւանդ անոր փիլիսոփայական բաժինը։  

Հետեւելով Կոնֆուցիոսի մարդկայնութեան եւ մարդասիրութեան գաղափարին, նաեւ Մենգ-Ցիի համաձայն մարդը, ի ծնէ բարի եւ արդար է, սակայն մարդու յոյզերը եւ միջավայրը խանգարիչ ազդակներ են, ուրեմն մարդ պէտք է կրթուի ու դաստիարակուի։ Ան նաեւ համաձայն է, որ անարդար ու բռնատէր գահակալին պէտք է՝ յեղափոխութեան միջոցով տապալել։ 

Շուն-Ցի ( Xún-Zǐ, մօտ. 298 220 մ. թ. ա. ). -

Շուն-Ցի կը նշանակէ՝ «ուսուցիչ Շուն» ։ Նոյնանուն իր երկով, չին կրօնափիլիսոփան, գլխաւորաբար բարեկարգեց Կոնֆուցիականութեան կրօնական բաժինը եւ արարողակարգը։

Մինչ Մենգ-Ցիի համաձայն, մարդը, որպէս «բարի եւ արդար» կը բնութագրուէր, Շուն-Ցիի համաձայն, բնականաբար ծնէ), մարդը չար ու վատ է, ուրեմն պէտք է զայն դաստիարակել ու անոր կարգապահութիւն սորվեցնել։ Շուն-Ցի նաեւ կը պայքարէր գերբնական երեւոյթներու եւ աւելորդապաշտութեան կամ սնահաւատութեան (անգլ. ՝ Superstition, գերմ. ՝ Aberglaube) դէմ, որոնք կը խաթարեն նաեւ բարոյականութիւնը։

Շուն-Ցիի երկու նշանաւոր աշակերտները, Լի Սի (չին. ՝ , 280 208 մ. թ. ա. ) եւ Հան Ֆէյ (չին. ՝ Hán Fêi, 280 233 մ. թ. ա. ), հետագային միասնաբար կը հիմնեն Օրինականութիւն [ծ-50] (Legalism) կոչուած չինական փիլիսոփայական ուղղութիւնը, որուն մասին այստեղ պիտի չանդադառնանք, որովհետեւ կրօնա–փիլիսոփայութիւն մը ըլլալէ աւելի քաղաքական փիլիսոփայութիւն մըն է ։ ( Օրինականութիւն ուղղութեան մասին տե՛ս նաեւ Մաս-8, Ծանօթագրութիւններ, [ծ-50] յօդուածը)։

Չինաստանի մէջ, հակառակ անոր որ պատմական որոշ շրջաններուն, Կոնֆուցիականութիւնը մեծ դժուարութիւններ դիմակալած է, հալածուած ու արգիլուած է, սակայն ժողովուրդին մէջ, ան մնացած ու շարունակած է ըլլալ ընկերային–հասարակական դրութեան մը տիպար օրինակը, իսկ մարդոց համար՝ ապրելակերպ ու աշխարհայացք մը. եւ կարգ մը ժամանակաշրջաններու՝ պետական ազդեցիկ վարդապետութիւն մը։ Չինաստանի Հան արքայատոհմի (Han-Dynasty, 206 մ. թ. ա. 220 թ. ) իշխանութեան 4 դարերու շրջանին, պետական պաշտօնեաներու համար յատուկ քննութիւններ կային, որոնց համար կոնֆուցիական գիտելիքները պարտադիր էին։

Կայսր Մինգ Դիի ( չին. ՝ Míng , 28 75 թ. ) իշխանութեան շրջանին, կայսեր հրամանով, Չինաստան մուտք կը գործէ Բուդդայականութիւնը։ Կը հիմնուին բուդդայական դպրոցներ։ Այս նորութեան որպէս հակազդեցութիւն, կը սկսի Կոնֆուցիականութեան նոր զարգացում մը, որ պիտի շարունակուէր մինչեւ 20-րդ դար։

Սոնգ արքայատոհմի իշխանութեան (Song-Dynasty, 960 1279 թ. ) շրջանին, ազդուելով Դաոյականութենէն ու Բուդդայականութենէն եւ մանաւանդ անոնց խորհրդապաշտութենէն (Mysticism) կը յառաջանայ նոր ուղղութիւն մը, Նոր-Կոնֆուցիականութիւնը (Neo-Confucianism), որու հիմնադիր ուսուցիչը կը նկատուի՝ կրօնափիլիսոփայ Ժհու Դունյի ( չին. ՝ Zhôu Dûnyí) ։

Յաջորդ կարեւոր իրադարձութիւնը տեղի կ՚ունենայ Մինգ արքայատոհմի իշխանութեան (Ming-Dynasty, 1368 1644 թ. ) շրջանին, երբ կրօնափիլիսոփայ  Ուանգ Շուրէն ( չին. ՝ Wáng Shǒurén  1472 1529 թ., ծանօթ նաեւ որպէս՝ Ուանգ Եանգմինգ Wáng Yángmíng) անունով, Նոր-Կոնֆուցիականութեան մէջ կը յառաջացնէր՝ իդէալական շրջադարձութիւն մը։ Ան, թէ՛ էութիւնը ( չին. ՝ Xing, անգլ. ՝ Being, գերմ. ՝ Wesen) եւ թէ սիրտը ( չին. ՝ Xin) կ՚առնչէր բարոյականութեան ( չին. ՝ Lǐ), իսկ մարդկայնութիւնը ( չին. ՝ Rén սիրոյ։ 

Յիշեալ 3 կրօնափիլիսոփայութիւնները (Դաոյականութիւն, Կոնֆուցիականութիւն եւ Բուդդայականութիւն), որպէս «երեք ուսմունք», դարե՜ր շարունակ, կը հանդիսանան չինական մշակոյթի հիմքը եւ իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն ժողովուրդի առօրեային մէջ։

Կոնֆուցիականութիւնը եւ Նոր-Կոնֆուցիականութիւնը, Չինաստանէն դուրս, կը տարածուին արեւելեան ասիական հարեւան երկիրներու մէջ, ինչպէս Ճապոնիա, Կորէա, Վիետնամ եւ այլ երկիրներ։  

Չինաստանի Նոր-Կոնֆուցիականութեան (Neo-Confucianism) ոլորտին մէջ, հիմնադիր Ժհու Դունյիի կողքին, հարկ է նաեւ յիշել այլ չին կրօնափիլիսոփայ մը՝ Ժհու Շի. -

Ժհու Դունյի ( չին. ՝ Zhû Dûnyí, 1017 1073 թ. ). -

Վաղ Նոր-Կոնֆուցիականութեան կրօնափիլիսոփայ, որ նաեւ կը նկատուի այս նոր ուղղութեան հիմնադիրը։ Ան ազդուած էր Դաոյականութենէն եւ անոր «Եին Եանգ» (Yin Yang) հակադիր, բայց զիրար ամբողջացնող յարաբերութենէն, որ կը կոչուի Տայջի ( չին. ՝ Taiji)։

Ժհու Դունյիի համաձայն, Տայջի կը ներկայացնէ «Գերագոյն Գոյը», որ կը բովանդակէ նաեւ իրեն հականիշ եղող Վուջի ( չին. ՝ Wuji) հասկացութիւնը, որ կը ներկայացնէ «Գերագոյն ոչ-Գոյը» ։ Ան նաեւ կը հետաքրքրուէր՝ տիեզերաբանութեամբ (Cosmology) եւ բնազանցութեամբ (Metaphysics)։

Ժհու Շի ( չին. ՝ Zhû , 1130 1200 թ. )

Ուշ Նոր-Կոնֆուցիականութեան կարեւորագոյն կրօնափիլիսոփաներէն մէկն է, եղած է Սոնգ կայսեր ուսուցիչը եւ խորհրդատուն։ Հեղինակ է բազմաթիւ երկերու եւ հիմնած է բազմաթիւ դպրոցներ։ Շեշտելով տիեզերական կարգապահութիւնը, անոր տուած է՝ բնազանցական բնոյթ։ Ան հաւաքած է, այսպէս կոչուած կանոնական «Չորս գիրքերը» ( չին. ՝ shû ), որոնք մինչեւ այսօր այժմէական կը մնան Կոնֆուցիականութեան համար։

Այդ «Չորս գիրքերուն» մաս կը կազմեն. -

«Խօսքերու հաւաքածոն» (չին. ՝ Lún Yǔ), որ Կոնֆուցիոսի հետ զրոյցներու լայն հաւաքածոն է,

«Մեծ ուսումնառութիւնը» ( չին. ՝ Xué ), հանրածանօթ երկը, որ մինչեւ 20-րդ դար, եղած է Չինաստանի պետական պաշտօնեաներու քննութեան ընդունուած գիրքը,

3) «Միջին Չափը» ( չին. ՝ Zhông Yông), որ առնչուած է «ոսկեայ միջինին» եւ կոնֆուցիական առաքինի ուղիին, ազնիւ մարդ դառնալու համար, եւ

4) « Մենգ-Ցի» (Mèng-Zǐ), որ առնչուած է Կոնֆուցիոսի յաջորդը նկատուող կրօնափիլիսոփայ Մենգ-Ցիի, մօտ. 372 289 մ. թ. ա. ։

Կարեւոր երկերու շարքին կը նկատուի նաեւ՝ «Ժհու ընտանիքը, որպէս տիպար ընտանիք», ուր կը քննարկուին, բարոյականութիւնը ( չին. ՝ ), ինչպէս նաեւ ընտանեկան հարցերը եւ որոշ գործնական լուծումներ կ՚առաջարկուին։

Արեւմուտքի մէջ, Ժհու Շի հանրածանօթ կը դառնայ, երբ 1687 թուականէն սկսեալ լատիներէնի կը թարգմանուէին իր գլխաւոր երկերը։  

Կոնֆուցիականութեան բարոյագիտութիւնը

Կոնֆուցիոսի համաձայն, մարդիկ կը բաժնուին 3 տեսակներու. -

ա) իմաստուն մարդը, բ) վերադասազնիւը եւ գ) սովորականպարզ մարդը։

Կոնֆուցիոս, մեծ կարեւորութեամբ կը շեշտէր նկարագիրը վերադաս- ազնիւ մարդուն ( չին. ՝ Chun Tzu), որ ի ծնէ այդպէս չէ եղած, այլ իր յարատեւ ջանքով, ինքնաշխատութեամբ, կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ հասած է բարոյական կատարելութեան։ Այնուհետեւ, ան ատակ կը դառնայ՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելու։ Վերադասազնիւ մարդը, կրթութեան ու ուսումնառութեան ընթացքին, կ՚օժանդակէ նաեւ այլ մարդոց, որպէսզի անոնք ալ հասնին իրենց իդէալ նպատակին ու դառնան վերադասազնիւ մարդիկ։ Եւ վերջապէս, վերադասազնիւ մարդը պէտք է իր սորվածը նաեւ գործնական կեանքին մէջ կիրարէ, շարունակական վարժութիւններով։

Կոնֆուցիական բարոյագիտութիւնը հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, որ աշխարհի կարգն ու կանոնը, իրենց էութեամբ, բարոյական բնոյթ ունին։ Ընկերային հասարակութեան մէջ ապրող մարդը ձգտելու է բարոյական կատարելութեան, հետեւելով 7 առաքինութիւններուն. -

Մարդկայնութիւն ( չին. ՝ Rén, անգլ. ՝ Humanity, գերմ. ՝ Menschlichkeit ),

որ առնչուած է ընդհանուր մարդասիրութեան (Philanthropy), նկատի առնելով հասարակութեան կարեւորութիւնը։ Ան առնչուած է նաեւ՝ բարութեան, անկեղծութեան, լրջութեան, ջանասիրութեան եւ առատաձեռնութեան։  

Արդարութիւն [ծ-08] ( չին. ՝ , անգլ. ՝ Justice, գերմ. ՝ Gerechtigkeit ),

որ առնչուած է ուղղամտութեան, ճշմարտախօսութեան ու ճշդութեան։ 

Բարոյականութիւն ( չին. ՝ , անգլ. ՝ Morality, գերմ. ՝ Moralität ),

որ առնչուած է մարդկային յարաբերութիւններուն, անոնց պատշաճութեան եւ ճիշդ վարմունքներուն։

Որդիական մեծարանք ( չին. ՝ Xiào ),

որ առնչուած է ծնողներուն եւ նախնիներուն հանդէպ խոր յարգանքին եւ պատիւին։   

Իմաստութիւն ( չին. ՝ Zhì, անգլ. ՝ Wisdom, գերմ. ՝ Weisheit ),

որ առնչուած է ուսումնառութեան եւ իմացականութեան, ինչպէս նաեւ այդ իմաստութիւնը գործնական կեանքին մէջ օգտագործման։ 

Վստահելիութիւն ( չին. ՝ Xìn),

որուն սերտօրէն առնչուած են՝ անկեղծութիւնը, ուղղամտութիւնն ու օրինապահութիւնը։

Փոխադարձութիւն ( չին. ՝ Shu, անգլ. ՝ Reciprocity, գերմ. ՝ Gegenseitigkeit),

որ նոյնինքն Կոնֆուցիոսի խօսքերով կը նշանակէ՝ «Վարուէ՛ այնպէս, ինչպէս որ կ՚ուզես որ քեզի հետ վարուին» կամ՝ «Ինչ որ քեզի համար չես ցանկար, այդ ուրիշներուն մի՛ պատճառեր»։

Վերոյիշեալ մարդկային յարաբերութիւնները, կոնֆուցիական ուսմունքի համաձայն 5 տեսակ են. - 1) հայր ու որդի, 2) տիրող ու հպատակ, 3) ամուսիններ՝ այր ու կին, 4) եղբայրներ՝ աւագ ու կրտսեր եւ 5) ընկերներ։

Բացայայտ է, որ այստեղ, գերակայ / ենթակայ մարդկային յարաբերութիւն մը կայ, բացի ընկերներու պարագայէն, ուր ընդհանրապէս հաւասարութիւն մը կ՚ենթադրուի։ Մարդկային յարաբերութիւններու բոլոր տեսակներու հիմքը, սակայն, պէտք է կազմեն՝ վերոյիշեալ առաքինութիւնները։ Իսկ ամուսնացած կնոջ պարագային, ան հնազանդութիւն պէտք է ցուցաբերէ՝ նախ իր հօր (ամուսնանալէն առաջ) ապա իր ամուսնոյն (ամուսնանալէ ետք) եւ վերջապէս իր արու զաւկին (ամուսինի մահէն ետք)։       

Կոնֆուցիական ընկերութեան մէջ ընտանիքը իւրայատուկ ու կարեւոր դեր ունի։ Ընտանիքի գլխաւորը կամ պետը կը նկատուի հայրը, իսկ ընտանիքի միւս անդամները, իրենց տարբեր աստիճանակարգերով պէտք է հնազանդին ընտանիքի պետին ու յարգեն զայն։ Ընտանիքի կրտսեր անդամները յարգանք կը տածեն նաեւ ընտանիքի աւագ անդամներուն նկատմամբ։

Ընտանիքի պետը եւս որոշ պարտաւորութիւնները ունի ընտանիքի միւս անդամներուն նկատմամբ, ինչպէս օրինակ՝ անոնց պաշտպանութիւնը, զանազան պէտքերու ապահովումը եւ ընտանեկան հարցերու քննարկումը, լուծումն ու կարգադրութիւնը։ 

Կոնֆուցիոսի համաձայն, մարդոց բարոյական կատարելութեան ձգտումը անպայման իր դրական անդրադարձը կ՚ունենայ, նախ ընտանեկան շրջանակին վրայ, ապա՝ աւելի լայն հասարակութեան (ընկերութեան) վրայ եւ վերջապէս պետութեան վրայ։

Այս իմաստով, Կոնֆուցիոս կը տրամաբան է. -

«Միայն, երբ մարդոց կողմէ որոշ նիւթեր ուսումնասիրուին, գիտելիքները կ՚ընդլայնին։ Միայն, երբ գիտելիքները ընդլայնին, մարդոց մտքերը կ՚անկեղծանան։ Միայն, երբ մարդոց մտքերը անկեղծանան, անոնց մտադրութիւնները կ՚ուղղուին։ Միայն, երբ մտադրութիւնները ուղղուին, անձերու նկարագիրը կը բարեկրթուի։ Միայն, երբ անձերու նկարագիրը բարեկրթուի, ընտանիքները կը բարեկարգուին։ Միայն, երբ ընտանիքները բարեկարգուին, պետու թիւն ները աւելի լաւ կը կառավարուին։ Եւ միայն, երբ պետութիւնները աւելի լաւ կառավարուին, խաղաղութիւն կը տիրէ աշխարհի վրայ։» 

Ինչպէս անհատներու պարագային, նոյնպէս ամբողջ ընկերութենէն, մանաւանդ պետական պաշտօնեաներէն ու կառավարիչներէն, Կոնֆուցիոս կը պահանջէր վերոյիշեալ բարոյական կատարելութեան հասնելու 7 առաքինու թիւն ներու գործադրութիւնը։ Այլ խօսքով, պետութեան մէջ ընկերային կարգապահութիւն ու բարօրութիւն հաստատելու համար, մարդ պէտք է սկսի ի՛ր անձէն եւ վերաքննէ բարոյական կատարելութեան ի՛ր մակարդակը։ Այս, հաստատումը ի զօրու է մանաւանդ պետական պաշտօնեաներուն ու կառավարիչ ներ ուն համար։ Այստեղ, Կոնֆուցիոս դարձեալ կը կարեւորէ ուսումնառութիւնը եւ կրթութիւնը, մանաւանդ՝ բարոյագիտական ուսմունքը, արուեստներու, գրա կան ութեան եւ երաժշտութեան ուսմունքը, որոնք պիտի կերտեն վերադասազնիւ մարդու նկարագիրը։

Վերադասազնիւ մարդու վերաբերմունքն ու խօսքը, բոլոր ժամանակներու մէջ, կը համարուին որպէս ընդհանուր օրինակ կամ ընդհանուր օրէնք ու կանոն (սա, գրեթէ բառացիօրէն, կը ներկայացնէ գերման փիլիսոփայ Կանտի՝ «անպայմանական հրամայականը» - Categorical Imperative)։ 

Վերջաւորութեան հարկ է անգամ մը եւս շեշտել, որ Կոնֆուցիոսի եւ իր յաջորդներուն այս վեհ բարոյագիտութիւնը, որպէս հիմք չունի որեւէ բնազանցական (Metaphysics) ատեան կամ աստուածութիւն։

 

 


 

Գ. Գլուխ

Ճ ապոնիա

 

Հետաքրքրական է հաստատել, որ Ճապոնիայի, Կորեայի եւ Չինաստանի մէջ, միացեալ կրօնական նախնական ու առասպելական աւանդութիւններ կային, որոնց մաս կը կազմէին. -

Ոգեպաշտութիւնը (Animation) եւ Շամանութիւնը [18] (Shamanism),

Նախնիներու մեծարանքը եւ

Բազմաթիւ աստուածներու պաշտամունքը (Polytheism)։  

Վերոյիշեալ կրօնական աւանդութիւններն ու պատկերացումները սերտօրէն առնչուած էին ընդհանրապէս գիւղատնտեսութեան եւ մասնաւորաբար երկրագործութեան, որոնք կախեալ են բնութեան ուժերէն (արեւ, անձրեւ, եւայլն…)։ Հնադարեան մարդը կը հաւատար, որ կախարդանքով եւ յատուկ ծիսակատարութեամբ կարելի էր բնութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, ուր շատ կարեւոր դեր ունէին եղանակի նախագուշակութիւնը եւ երկրագուշակութիւնը (անգլ. ՝ Geomancy, գերմ. ՝ Geomantie Մարդիկ կը ձգտէին տիրանալ գերբնական ուժի մը, որով պիտի կարենային աւելի ազդեցութիւն ունենալ բնութեան վրայ։ Աւանդականօրէն, ինչ որ հնադարեան շրջանին, շամաններուն եւ բարձրաստիճան քուրմերուն վերապահուած էր, այնուհետեւ պիտի փոխանցուէր ճապոնական կայսրերուն (ճապ. ՝ Tennô ), որոնք իրենց «գերբնական ուժով», մինչեւ այսօր, տիեզերքի կարգապահութեան ու բնական ընթացքին համար, աշխարհի չորս ծագերուն ուղղուած, Նոր Տարուան անդաստանի օրհնութիւն կը կատարեն։

Նախնիներու մեծարանքը եւ պաշտամունքը եւս կը կատարուէին յատուկ արարողութիւններով, որոնք տեղական եւ փոփոխական բնոյթ կը կրէին։ Տեղի կ՚ունենային նախնիներու հոգիներուն համար մատուցուած զոհաբերութիւն, հոգեճաշ ու աղօթք, եւ մարդիկ խորապէս կը հաւատային, որ անոնց միջոցով երջանկութիւն, յաջողութիւն, առողջութիւն եւ երկրի խաղաղութիւն պիտի ունենային։ Անոնք կը հաւատային, որ իրենց նախնիներու հոգիները, ձմրան, սարերու վրայ կը բնակէին, իսկ գարնան կ՚իջնէին բրնձի արտերը, ուր կը հսկէին բերքին եւ բերքահաւաքէն ետք, իրենց մատուցուած զոհաբերութիւնը ստանալով, դարձեալ սարերը կը բարձրանային։

Ճապոնիայի աւանդական առաջին առասպելաբանութիւնը (ճապ. ՝ Shinwa, անգլ. ՝ Mythology) կը սկսի քաոսէն (Chaos)՝ ա շխարհի ստեղծագործութեամբ։ Նախ Գերագոյն Աստուածութենէն կը յառաջանան առաջին (նախաստեղծ) զոյգ աստուածները՝ Իզանագի (ճապ. ՝ Izanagi) աստուածը եւ Իզանամի (ճապ. ՝ Izanami) աստուածուհին, որոնք կը ստեղծէին նախ Ճապոնիան ապա ամբողջ աշխարհը, երկինքն ու երկիրը, ապա կը ստեղծէին արեւու աստուածուհի Ամատերասու (ճապ. ՝ Amaterasu ) եւ բազմաթիւ այլ աստուածներ…։ Մեր նպատակը, այստեղ, ճապոնական առասպելաբանութիւնը մանրամասնելը չէ, սակայն յիշարժան կը նկատենք, այս առնչութեամբ նշել հետեւեալ երկու կէտերը. -

Աւանդութեան համաձայն, աստուածուհի Ամատերասուէն կը սերի Ճապոնիայի հնագոյն կայսրութիւնը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակուի…։ Արեւու աստուածուհի Ամատերասուի ծոռը, առասպելական կայսր Ջիմմու (ճապ. ՝ Jimmu Tennô, մօտ. 711 585 մ. թ. ա. ), եղած է ճապոնական առաջին կայսրութեան հիմնադիրը (660 մ. թ. ա. Այս պատճառով ալ, երկրին մէջ, կայսերական ընտանիքը մասնաւոր եւ շատ կարեւոր դեր ունի եւ ազգային ինքնութեան առնչութեամբ յատկանշական կը նկատուի։ 

Վերոյիշեալ առասպելաբանութեան կարեւոր մէկ բաժինը կը պատկանի նաեւ Շինտոյականութեան (Shintoism), որ ինչպէս պիտի տեսնենք Ճապոնիայի ոգեպաշտական բազմաստուածեան (Polytheism) բնական կրօնը կը նկատուի, իր բազմաթիւ աղօթատեղիներով (ճապ. ՝ Jinja = Ջինջա ) եւ սրբարաններով (անգլ. ՝ Shrine, գերմ. ՝ Schrein   

Պատմութեան ընթացքին, Ճապոնիայի մէջ, աւանդական բազմաթիւ կրօններ կը միաձուլուին եւ մօտաւորապէս մ. թ. ա. 300 թուականին կը յայտնուի՝ Շինտոյականութիւնը (Shintoism), որ կը նշանակէ «աստուածներու ուղին» (Shén = չին. ՝ աստուած եւ Dào կամ Tào = չին. ՝ «ուղի»)։

6-րդ դարէն սկսեալ, ճապոնական իշխանութիւնները, իրենց պետութիւնը աւելի զօրացնելու ու իրենց մշակոյթը աւելի զարգացնելու նպատակով, հարեւան Չինաստանէն, որ արդէն գերհզօր պետութիւն մըն էր կղզեխումբ կը հրաւիրեն կոնֆուցիական բարոյագիտութեան (Ethics) եւ դաոյական բնազանցութեան (Metaphysics) մասնագէտ ուսուցիչներ։

Արդարեւ Դաոյականութիւնն (Daoism) ու Կոնֆուցիականութիւնը (Confuc-ianism), տեղական կրօն նկատուող Շինտոյականութեան հետ համահաշտութեան (Syncretism) ճամբով, կը տարածեն իրենց բարոյագիտութիւնն ու աշխարհայացքը։

6-րդ դարէն շատ առաջ, Ճապոնիա արդէն որդեգրած էր չինարէն Hànzì“ նշանագրերը, որ Ճապոնիայի մէջ ստացաւ Kanji“ անունը, հակառակ անոր որ չինարէնն ու ճապոներէնը բոլորովին տարբեր լեզուներ են։

Կոնֆուցիականութեան հետ, կղզեխումբ մուտք կը գործեն Կոնֆուցիոսի բարոյական կանոններն ու մարտական գիտարուեստը (կամ մարտարուեստը, անգլ. ՝ Martial Arts, գերմ. ՝ Kampfkunst) ու անոր զանազան հմտութիւնները։ Կը ստեղծուի նոր դասակարգ մը՝ բանիմաց պաշտօնեաներու եւ պատերազմող մարտիկներու (Սամուրայ = Samurai), որոնք երկիրը շատ աւելի լաւ պիտի կառավարէին եւ պաշտպանէին արտաքին թշնամիներու դէմ։ Ասիկա կարելի կ՚ըլլայ միայն, երբ ժողովուրդը ընդունի այս նոր դասակարգը եւ հպատակի անոր։ Միւս կողմէ ն, նոր դասակարգի սամուրայ մարտիկներն ու պաշտօնեա ներ ը պէտք է իրենց բարոյական կենցաղով դառնային տիպար օրինակներ ճապոնական ընկերութեան մէջ, ուր զօրաւորները պէտք է պաշտպանէին տկարները ու օգնէին անոնց։

Ճապոներէն սամուրայ եզրոյթի նախնական ձեւը եղած է «սաբուրայ» (Saburai), որ կը նշանակէ՝ «ծառայ» կամ «թիկնապահ»։ Ասոնք, ընդհանրապէս պարզ զինուորներ չէին, այլ ազնուական դասակարգի պատկանող ասպետներ, որոնք կը ծառայէին իրենց մեծաւորներուն (կայսր, իշխաններ, եւայլն…) ու կը պաշտպանէին զանոնք։

Նոյնպէս, 6-րդ դարու ընթացքին, Չինաստանէն կղզեխումբ կը հրաւիրուի Հնդկաստանի մէջ ծագում առած Բուդդայականութիւնը (Buddhism)։ Ինչպէս նախորդ երկու կրօնափիլիսոփայական ուղղութիւնները, այս վերջինը եւս, նոյն ձեւով (Շինտոյականութեան հետ համահաշտութեան, Syncretism-ի ճամբով), կը տարածուի ամբողջ Ճապոնիայի մէջ եւ կ՚ունենայ երկու գլխաւոր ուղղու թիւն ներ. - 

Զէն բուդդայականութիւնը (Zen-Buddhism), որ յատուկ էր Ճապոնիայի ընկերային բարձր դասակարգերուն եւ  

Շին բուդդայականութիւնը (Shin-Buddhism), որ յատուկ էր Ճապոնիայի ընկերային միջին եւ ցած դասակարգերուն։

Այսօր, Ճապոնիայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը (շուրջ 80%) կը դաւանի թէ՛ Շինտոյականութիւն եւ թէ Բուդդայականութիւն։ Իսկ Չինաստանէն ներթափանցած Դաոյականութիւնն ու Կոնֆուցիականութիւնը առանձնապէս չեն յիշուիր. անոնք միաձուլուած են գլխաւոր երկու կրօնափիլիսոփայութիւններու՝ Շինտոյականութեան եւ Բուդդայականութեան մէջ։  

«Ճապոնիայի Բուդդայականութիւնը» նիւթը եւ Զէն-Բուդդայականութիւնը ներկայացուած են, որպէս Բուդդայականութեան ընդհանուր նիւթի շարունակութիւն (տե՛ս էջ 316)։ Իսկ Ճապոնիայի Շինտոյականութիւնը պիտի ներկայացնենք գալիք էջերուն մէջ (տե՛ս էջ 339)։


 

7

Շինտոյականութիւն

Shintoism

 

Պատմական ակնարկ

Շինտոյականութիւնը, ինչպէս նշեցինք, իր մէջ միաձուլելով Ճապոնիայի հնադարեան աւանդական բազմաթիւ կրօնները, կը յայտնուի մօտաւորապէս մ. թ. ա. 300 թուականին եւ կը նկատուի Ճապոնիա կղզեխումբի ոգեպաշտական (Animism), բազմաստուածեան (Polytheism) բնական կրօնը։ Ճապոներէն Շինտո (Shintô) եզրոյթը, (չին. ՝ Shén-Tào), բառացիօրէն կը նշանակէ «աստուածներու ուղին»։

Շինտոյականութիւնը, մեր թուարկութեան 6-րդ դարու կէսերուն (552 թ. ), շփում կ՚ունենայ Չինաստանէն Ճապոնիա ներածուած Բուդդայականութեան հետ։ Փոխազդեցութեան ու համահաշտութեան (Syncretism) ճամբով այս երկու կրօնափիլիսոփայութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնեն, այնպէս որ կարելի չէր անոնց միջեւ յստակ բաժանում մը կատարել։ Համահաշտութեան լաւագոյն օրինակը կարելի է տեսնել մանաւանդ բուդդայական Տենդայ (ճապ. ՝ Tendai) եւ Շինգոն (ճապ. ՝ Shingon) դպրոցներու [19] մօտ, որոնց համաձայն, կարգ մը շինտոյական աստուածներ պարզապէս Բուդդայի անձին առնչուած են կամ անոր մարմնաւորումներն (Incarnation) են։

Այս համահաշտութիւնը կարելի է յայտնաբերել նաեւ երկու կրօններու նմանօրինակ աղօթատեղիներու ճարտարապետական արուեստին մէջ։ 

10-րդ դարէն սկսեալ, Շինտոյականութիւնը սկսաւ ինքզինք կազմակերպել փորձեց ձերբազատուիլ կղզեխումբ մուտք գործած այլ կրօններու ազդեցութիւններէն ու վերադառնալ հնադարեան Շինտոյականութեան, որով նաեւ կը զօրանար ճապոնիայի կայսեր (ճապ. ՝ Tennô ) հեղինակութիւնը, թէ՛ որպէս երկրի ղեկավար եւ թէ որպէս կրօնական առաջնորդ։

Արդիական Ճապոնիայի հիմնադրութեամբ (1868 թ. ), ճապոնիայի կայսրը (ճապ. ՝ Tennô ), դարձեալ կը դառնար կղզեխումբի գերագոյն հեղինակութիւնը՝ արժանի բարձր մեծարանքի ու պաշտամունքի։ Այս պատճառով կը բաժնուի շինտոյական բազմաթիւ աստուածներու եւ Բուդդայի միացեալ պաշտամունքը եւ առաջնահերթ կը նկատուի կայսեր մեծարանքը։ Արդէն նշեցինք, որ շինտոյական աստուածուհի Ամատերասուէն կը սերի Ճապոնիայի հնագոյն կայսրութիւնը, որ մ. թ. ա. 660 թուականէն մինչեւ այսօր կը շարունակուի, սակայն, 1889 թուականի նոր սահմանադրութեամբ, պահպանելով կայսեր յատուկ ու բարձր դիրքը, կը հռչակուի «կրօնական ազատութիւն» ու վերջ կը գտնեն թէ՛ կայսեր կրօնական առաջնորդի հանգամանգը եւ թէ Շինտոյականութեան պետական կրօնի հանգամանքը։

Արդիական Ճապոնիայի բարեկարգչական աշխատանքներուն մեծապէս կը սատարէ փիլիսոփայ Հ. Ատսուտանէ (ճապ. ՝ Hirata Atsutane, 1776 1843 թ. ), որ փորձեց շինտոճապոնական ուսմունքը առնչել արեւմտեան գիտական աշխարհին հետ։ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, Եւրոպայէն ու Ամերիկայէն Ճապոնիա հրաւիրուեցան տարբեր մասնագիտութեամբ գիտնականներ եւ Եւրոպա ու Ամերիկա ուղարկուեցան ճապոնացի ուսանողներ։

Շինտոյականութիւնը կարելի է բաժնել չորս հիմնական տեսակներու. -

Մինկան -Շինտոյականութիւն (Minkan-Shintô), որ ժողովրդական ռամիկ մակարդակին յատուկ է, սերտօրէն կապուած՝ բնութեան երեւոյթներուն (բուսականութիւն, անտառներ, ջրաշխարհ ու լեռնաշխարհ)։ 

Ջինջա -Շինտոյականութիւն (Jinja-Shintô), որ շինտոյական պաշտօնական ու ակադեմական մակարդակին յատուկ է, սերտօրէն կապուած՝ աղօթատեղիներուն ու սրբարաններուն։ Կը յատկանշուի նաեւ իր կրօնափիլիսոփայական ուսմունքով եւ ճոխ գրականութեամբ։ 

Կոկկա -Շինտոյականութիւն (Kokka-Shintô), որ շինտոյական պետական մակարդակի յատուկ տեսակն է, սերտօրէն կապուած՝ կայսերական ընտանիքին ու կայսեր, որ կը նկատուի արեւու աստուածուհի Ամատերասուին յաջորդը։ Այս տեսակը, «կրօնի» փոխարէն, կ՚ընդունուի որպէս «ազգային պաշտամունք»։    

Շուհա - / Կիոհա -Շինտոյականութիւն (Shûha- / Kyôha-Shintô), որ շինտոյական դաւանական մակարդակին յատուկ է ու այսօր կը հաշուէ 13 կրօնական խմբաւորումներ։ Ճապոնիայի, ինչպէս նաեւ բաւական զօրաւոր նկատուող արդիական «Նոր Կրօն» ուղղութիւնը կը սերի այս տեսակէն։ 

Շինտոյական աստուածները

Շինտոյական կրօնափիլիսոփայութեան պարագային, երբեք չեն յիշուիր որեւէ հիմնադրի անուն կամ կրօնական վարդապետութիւն, սակայն ակնյայտ է անոր բազմաստուածեան [ծ-07] բնոյթը։

Ճապոներէնի մէջ «Շինտո» հասկացութեան ծագումը չինական է. - շին = չին. ՝ Shén, կը նշանակէ՝ «աստուած» եւ դաօ կամ տաօ = չին. ՝ Dào կամ Tào կը նշանակէ՝ «ուղի», ուրեմն միասին՝ «աստուածներու ուղին»։

Իսկ ճապոներէնի մէջ,   «աստուած» հասկացութեան հոմանիշ է «Կամի» = Kami եզրոյթը, որ աւելի ընդհանուր իմաստ ունի եւ կ՚օգտագործուի նաեւ այլ կրօններու աստուածներուն համար, ինչպէս օրինակ միապաշտական Քրիստոնէութեան Աստուծոյ պարագային։

Շինտոյական աստուածները անտեսանելի են եւ ունին 2 հակումներ, անոնք մարդոց հանդէպ կրնան սիրող ու հոգատար ըլլալ, երբ կը յարգուին, անոնք կրնան նաեւ աններդաշնակութիւն ու վնաս պատճառել, եթէ անտեսուին։

Շինտոյականութեան մէջ առկայ են բազմահարիւր աստուածներ, որոնցմէ միայն գլխաւոր աստուածութիւններուն պիտի անդրադառնանք։

Իզանագի (Izanagi) եւ Իզանամի ( Izanami)

Գերագոյն աստուածութեան հովանիին տակ, սկզբնական քաոսային իրավիճակը հանդարտելէ ու կարգաւորուելէ ետք, կը յայտնուին նախաստեղծ 2 աստուածներ, որոնք եղբայր ու քոյր էին, նաեւ՝ այր ու կին. - առաջին այրը, Իզանագի աստուածը եւ առաջին կինը, Իզանամի աստուածուհին, որոնք նախ կը ստեղծէին Ճապոնիան ապա ամբողջ աշխարհը։ Այնուհետեւ կը ստեղծէին քանի մը այլ աստուածութիւններ (ճապ. ՝ Kami ), ինչպէս կրակի աստուածը, որու ծնունդին, որպէս հետեւանք Իզանամի կը մահանայ։

Իզանամի աստուածուհիի մահէն ետք, Իզանակի աստուծմէ կը յառաջանան այլ աստուածութիւններ եւս, ինչպէս արեւու ու երկնքի աստուածուհի Ամատերասու (Amaterasu) եւ իր երկու եղբայրները՝ փոթորիկի ու երկրի աստուած Սուսանու (Susanoo) եւ լուսինի աստուած Ցուկույոմի։ Աւանդութեան համաձայն, անոնք յաջորդաբար կը յառաջանան, Իզանակի աստուածահօր աջ աչքէն եւ Սուսանու աստուածահօր քիթէն։

Նկարներուն մէջ Իզանակի կը ներկայանայ մարդակերպ (Anthropomorph), նիզակը ձեռքին, որով ստեղծած է ճապոնական կղզեխումբը եւ ամբողջ աշխարհը։

Ամատերասու (Amaterasu)

Արեւու աստուածուհի Ամատերասու, դուստրն է աստուածահայր Իզանակիի, ծնած անոր ձախ աչքէն։ Աւանդութեան համաձայն, Ամատերասուէն կը սերի Ճապոնիայի հնագոյն կայսրութիւնը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կը շարունակուի…։ Արեւու աստուածուհի Ամատերասուի ծոռը, առասպելական կայսր Ջիմմու ( Jimmu Tennô, մօտ. 711 585 մ. թ. ա. ), երկինքէն վայրէջք կատարելով, կը դառնայ ճապոնական առաջին կայսրութեան հիմնադիրը (660 մ. թ. ա. Այս պատճառով, կայսերական ընտանիքը մասնաւոր եւ շատ կարեւոր դեր ունի եւ ազգային ինքնութեան առնչութեամբ յատկանշական կը նկատուի։ Աւանդականօրէն կայսրը պաշտպանն է 3 սրբազան գանձերուն. - սուրը, հայելին եւ գոհարը։

Ամատերասուի նուիրուած է Ճապոնիայի մեծագոյն սրբավայրը, Իսէի (Ise) մէջ, ուր պահ դրուած է նաեւ աստուածուհիի սուրբ հայելին։

Ցուկույոմի (Tsukuyomi)

Լուսնի աստուած Ցուկույոմի, որդին է աստուածահայր Իզանակիի եւ յառաջացած է անոր աջ աչքէն, ինչպէս իր քոյրը՝ Ամատերասու։ Աւանդութեան համաձայն, քոյր եւ եղբայր նախ որպէս ամուսիններ կը ներկայանան, ապա անոնք իրարմէ այնքա՜ն կը զայրանան, որ իրարմէ կը բաժնուին։ Մինչ Ամատերասու կը յայտնուի ցերեկները, որպէս արեւ, իսկ Ցուկույոմի կը յայտնուի գիշերները, որպէս լուսին։

Սուսանու (Susanoo)

Փոթորիկի աստուած Սուսանու, կրտսեր որդին է աստուածահայր Իզանակիի եւ յառաջացած է անոր քիթէն։ Ինչպէս Ճապոնիայի ծովեզերեան փոթորիկները, ան եղած է խառնաշփոթ ու անհանդարտ խառնուածքով եւ տրամադրութեան կտրուկ փոփոխութիւններով աստուած մը, որ վռնտուած է երկինքէն։ Հարաւային Ճապոնիայի ծովեզերեան շրջաններու մէջ կան բազմաթիւ Սուսանուի նուիրուած սրբավայրեր, որպէսզի զսպեն անոր փոփոխական տրամադրութիւնը։ Աւանդութեան համաձայն, ան եղած է նաեւ ճարտար մարտիկ, որ յաղթած է վիշապներուն եւ ձեռք ձգած սուրբ սուրը, որ շինտոյական 3 գանձերէն մէկն է։

Եբիսու ( Ebisu )

Ձկնորսներու եւ երեխաներու պահապան աստուած Եբիսու, որդին է նախաստեղծ Իզանագի եւ Իզանամի աստուածներուն։ Ան կը համարուի նաեւ հարստութիւն ու գործերու բարգաւաճութիւն պարգեւող աստուածը։

Նկարներու մէջ կը ներկայանայ մարդակերպ (Anthropomorph), գիրուկ ու ժպիտը դէմքին, ձկնորսի գլխարկը գլխուն եւ աջ ձեռքին ձկնորսական կարթ մը ու ձախին պարարտ ձուկ մը։ 

Հոտէյ ( Hotei )

Գոհունակութեան ու երջանկութեան աստուած Հոտէյ, Ճապոնիայի երջանկութեան 7 աստուածներէն մէկն է։ Ան կը ներկայանայ՝ ուրախ դէմքով, գիրուկ եւ Բուդդայի նստուածքով, յաճախ կռնակին ուտեստեղէնի պարկ մը, կարիքաւորներն ու երեխաները կերակրելու համար։ Երբեմն ան շրջապատուած կ՚ըլլայ ցնծացող երեխաներով։ 

Հաչիման ( Hachiman )

Ժողովուրդի կողմէ շատ սիրուած, պաշտուած ու կարեւոր աստուածներէն կը նկատուի Հաչիման, որու ծագումը անյայտ է։ Ան աւանդականօրէն աստուածն է պատերազմի եւ պահապանը Սամուրայ (Samurai) մարտիկներուն, որոնք կը խորհրդանշեն «խաղաղութիւնը՝ ուժի միջոցով» գաղափարը։ Հաչիման կը ներկայանայ սպիտակ աղաւնիի խորհրդանշանով եւ իրեն նուիրուած են Ճապոնիայի աղօթատեղիներուն գրեթէ կէսը։

Շինտոյականութեան համաձայն, տիեզերքը անխորտակելի ուժերու խաղ մըն է, որոնք կը յայտնուին բնութեան երեւոյթներու հաւասարակշռուած ու կայուն փոփոխութիւններով։ Բնութեան բազմաթիւ երեւոյթները կը նկատուին աստուածային էութիւններ, զորս պէտք է աղօթքներով (ճապ. ՝ Norito) մեծարել եւ անոնց զոհաբերութիւններ մատուցանել, հաւատալով որ պիտի ունենան առատ բերք, առողջ ու անվտանգ կեանք եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն։

Շինտոյականութեան համաձայն, չկայ անդենական (անգլ. ՝ Afterlife, գերմ. ՝ Jenseits ) կեանք եւ չկան անդենական դրախտի վարձատրութիւն կամ դժոխքի պատիժ։ Առանց վարդապետական դրութեան կամ ուսմունքի, Շինտոյականութեան պարագային կան գործնական վարժութիւններ եւ ծիսակատարութիւններ, որոնք պէտք է իրագործուին։

Նկատի ունենալով յետ մահու իրավիճակը եւ անդենականի չգոյութիւնը, շինտոյական հասարակութեան մէջ բացառուած է մահուան եւ անոր հետ առնչութիւն ունեցող նիւթերու մասին խօսիլը, ինչ որ նաեւ բարոյագիտական ու ընկերաբանական տեսակէտներէն խիստ վիճելի է ու խնդրայարոյց։ Իսկ յուղարկաւորութիւնները, ընդհանրապէս կը կատարուին բուդդայական ծիսակատարութեամբ։ 

Շինտոյականութեան բարոյագիտութիւնը

Շինտոյական կրօնափիլիսոփայութեան մէջ կարելի չէ յստակօրէն որոշել բարոյագիտական կանոններ կամ պատուիրաններ, որոնք հաւատացեալին կամ ընդհանրապէս մարդկութեան համար վաւերական նկատուին։ Կարելի չէ նաեւ զանազանել շինտոյական բարոյագիտութիւնը՝ բուդդայական, կոնֆուցիական կամ որեւէ այլ աշխարհիկ բարոյագիտութիւններէն։ Նոյնիսկ ճապոնական կայսեր (ճապ. ՝ Tennô ) մեծարանքը, որպէս կրօնական գերագոյն հեղինակութիւն, բոլորովին անվիճելի չէ։ Այդուհանդերձ, բարոյագիտական որոշ մտապատկերներ կարելի է Շինտոյականութեան վերագրել։

Շինտոյական բարոյագիտութեան մէջ, յատկապէս կը շեշտուին. -

Մարդոց բարոյական ապրելակերպը՝ աստուածներու (ճապ. ՝ Kami ) կամքին համաձայն, որ կ՚արտայայտուի աստուածներու մեծարանքով եւ անոնց հանդէպ ցուցաբերուած երախտագիտութեամբ.

Մարդոց բարոյական ապրելակերպը՝ մարդոց ընկերային–հասարակական շրջապատին նկատմամբ, ներդաշնակ իրերօգնութեան իմաստով, որ պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհի վրայ։ Մարդ, իր բնութեամբ պարզապէս ատակ է «բարին» գործելու եւ «չարը» դատապարտելու ու վանելու։ Չարագործը եւս, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին չար մնալու չէ, ան կրնայ իր կամքի ուժով ընկերային բարի վարմունքը սորվիլ ու իր բարոյական կեանքը բարելաւել. 

Մարդոց բարոյական ապրելակերպը՝ բնութեան նկատմամբ բարձր ուշադրութիւնը, բնութեան պահպանութիւնը եւ գեղեցիկ բնութեան հետ ներդաշնակութիւնը.  

Մարդոց բարոյական ապրելակերպը, նկատի առնելով անոնց մարմնական մաքրութիւնն ու հոգեկան անարատութիւնը։ Այս գծով, կարելի է յիշել յատկապէս ա՛յն «մաքրութեան ծէսերը», որոնք կը կատարուին կրօնական արարողութիններէն առաջ ։ Յատուկ նշանակութիւն ունին «ջուրի ծէսերը», որովհետեւ ջուրը, նախ կը նկատուի բնութեան մէկ կարեւոր մաս, ապա խորհրդանիշը՝ մաքրութեան եւ ներքին ու կենսատու կարողութեան.

Մարդոց բարոյական ապրելակերպը, նկատի առնելով բնութեան երկու հակադիր, իրար դէմ պայքարող, բայց զիրար ամբողջացնող երկու ուժերը կամ սկզբունքները, որոնք նման են չինական «Եին-Եանգ» [20] (Yin-Yang) յարաբերութեան։ Այս հակադիր ուժերը կը խորհրդանշուին ճապոնական հանրայայտ գօտեմարտի մարզական մրցումներով։

Շինտոյական աստուածները, թէեւ մարդոցմէ աւելի «կատարեալ» են, սակայն անոնք «բացարձակ կատարեալ» չեն, ինչպէս է պարագան Աստուծոյ՝ միաստուածեան կրօններուն մօտ։ Օրինակ, Քրիստոնէութեան Աստուածը կը յատկանշուի, որպէս ամենաբարի, ամենագէտ ու ամենակարող։ Իսկ շինտոյական աստուածները, ամենակատարեալ չըլլալով, կրնան սխալներ գործել կամ նոյնիսկ մեղանչել։ Այս պատճառով ալ, Շինտոյականութեան համաձայն, չկան բարոյական բացարձակ ճշմարտութիւններ։ «Լաւն ու Բարին» ա՛յն վերաբերմունքն է, որ օգտակար է սեփական անձին ու ընկերային հասարակութեան համար, իսկ ինչ որ կը վնասէ սեփական անձին ու ընկերային հասարակութեան ընդհանուր ներդաշնակութեան, ատիկա շատ «վատ» կամ «չար» վերաբերմունք մըն է։

Ազդուելով չինական Կոնֆուցիականութենէն (Confucianism), Ճապոնիայի մէջ յառաջացաւ նշանաւոր Շուշի դպրոցը (ճապ. ՝ Shushi-gaku ), որ իրապաշտ մօտեցումով՝ մարդոց ընտանեկան նեղ շրջանակին ու ընկերային լայն շրջանակին մէջ ներդաշնակ ու համերաշխ համակեցութեան տարբեր կանոններ հաստատեց։ Այսպէս, երկրին մէջ ընկերային դասակարգերը բաժնուեցան 4 մասերու. -

1) պատերազմող մարտիկներն ու պետական պաշտօնեաները,

2) գիւղացիները,

3) արհեստաւորներն ու

4) առեւտրականները։

Իսկ ներդաշնակ ու համերաշխ համա կեցութեան համար, մարդոց հարկաւոր են 5 ազդեցիկ ուժեր կամ առաքինութիւններ. -

1) Իմաստութիւն ( ճապ. ՝ Chi), վերջին ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար,

2) Մարդկայնութիւն ( ճապ. ՝ Jin), որ փոխադարձ բարիքն է,

3) Օրինականութիւն ՝ ( ճապ. ՝ Gi), պետական օրէնքներուն հետեւելու համար

4) Պատշաճութիւն ՝ ( ճապ. ՝ Rei) բարոյական կանոններուն հետեւելու համար

5) Ճշմարտացիութիւն ( ճապ. ՝ Shin), սուտէն ու կեղծիքէն խուսափելու համար։

Շուշի դպրոցին համաձայն, մարդկային կեանքը դրոշմուած է հետեւեալ եօթը հիմնական զգացումներով. -

1)         Ուրախութիւն ( ճապ. ՝ Yorokobi),

2)         տխրութիւն ( ճապ. ՝ Kanashimi ),

3)         բարկութիւն ( ճապ. ՝ Toraburu),

4)         վախ ( ճապ. ՝ Kyôfu),

5)         սէր ( ճապ. ՝ Ai ), 

6)         ատելութիւն ( ճապ. ՝ Kirai)  եւ 

7)         կիրք ( ճապ. ՝ Yoku)։ 

Հետագային, արդիական Ճապոնիայի մէջ, ինչպէս պիտի տեսնենք, հայեացքները պիտի ուղուէին դէպի Արեւմուտք եւ փորձ մը պիտի կատարուէր ներդաշնակութեան եզր մը գտնելու աւանդականին ու արդիականին միջեւ։

Ճապոնական արդի բարոյագիտութիւնը

1868 թուականէն սկսեալ, արդիական Ճապոնիան, աւելի բացուեցաւ դէպի Արեւմուտք, ընկալելու համար արեւմտեան գիտական ու մշակութային մարզերու բազմազան առաւելութիւնները։

Արդիական Ճապոնիան, նաեւ սերտ շփումներ ունեցաւ արեւմտեան փիլիսոփայութեան եւ բարոյագիտութեան հետ։ Արդ, երբեք զարմանալի չէ, որ ջանք չխնայուէր զանազան մարզերու մէջ որոշ համապատասխանութիւն մը յառաջացնելու Արեւմուտքին եւ Ճապոնիայի միջեւ։ Բազմաթիւ ճապոնցիներ պիտի ուսանէին ու մասնագիտանային Արեւմուտքի համալսարաններուն մէջ եւ ընկալէին արեւմտեան փիլիսոփայութեան տարբեր ուղղութիւնները։

Արդիական Ճապոնիայի փիլիսոփայութիւնն ու բարոյագիտութիւնը, այժմ, ներառնելով արեւմտեան փիլիսոփայութեան տարբեր ուղղութիւններէն որոշ ընտրանի մը ու զանոնք տեղւոյն աւանդութիւններուն ու մտածելակերպին որոշ չափով համապատասխանող զարգացումով մը՝ բոլորովին տարբեր աշխարհայացքներու իմաստալի զանազանութիւն մը կը ցուցաբերէ։ Այս գործընթացով, ճապոնական փիլիսոփայութիւնն ու բարոյագիտութիւնը, բարձր ինքնագիտակցութեամբ, արդէն մուտք գործած է մշակոյթներու երկխօսութեան բնագաւառէն ներս ու իր շահեկան ներդրումը կը մատակարարէ։ 

 

 

 


 

Դ. Գլուխ

Ի րան / Պ արսկաստան

 

Իրան / Պարսկաստանի [21] կրօնափիլիսոփայութիւնը եւս հազարամեակներու պատմութիւն ունի։ Զրադաշտականութենէն առաջ, կային կրօնական նախնական առասպելական աւանդութիւններ, որոնցմէ գլխաւորներն են. -

Արեւու աստուած Միթրայի [22] (պրսկ. ՝ Mithra) պաշտամունքը,

Ոգեպաշտութիւնը (Animation),

Նախնիներու հոգիներու մեծարանքը,

Դեւերու, ինչպէս օձանման Ահի (պրսկ. ՝ Ahi) դեւի պաշտամունքը,  

Բազմաթիւ աստուածներու (Polytheism) պաշտամունքը, ինչպէս ջուրի ու պտղաբերութեան աստուածուհի Անահիտա [23] (պրսկ. ՝ Anahita) եւ հոգեզմայլանքի [ ծ-32 ] աստուած Հաոմա [24] ( պրսկ. ՝ Haoma)։ 

Նախնական ժամանակներուն, պաշտամունքի տեսակէտէն, կարեւոր կը նկատուէին կրակն ու ջուրը, որոնք կը ներկայացնէին արեւու աստուած Միթրան եւ ջուրի աստուածուհի Անահիտան։ Կրակի պաշտամունքը պատճառ էր, որ պարսիկները իրենց հարեւաններու կողմէ կրակապաշտ նկատուէին։ Բաւական տարածուած էր նաեւ բազմաթիւ դեւերու եւ չար ոգիներու պաշտամունքը, այն հաւատքով, որ զերծ կը մնան անոնց հասցուցած չարիքներէն, ինչպէս հիւանդութիւններ, համաճարակներ, երաշտ, եւայլն…։

Հակառակ Զրադաշտականութեան տարածման, վերոյիշեալ նախնական կրօնական աւանդութիւններէն շատերը, որոշ չափով շարունակեցին պահել իրենց գոյութիւնը եւ ազդեցութիւնը։ 

Զրադաշտականութիւն (անգլ. ՝ Zoroastrianism) կրօնափիլիսոփայութիւնը, կոչուած է իր հիմնադրի Զրադաշտի (Zoroaster / Zarathustra, 630 553 մ. թ. ա. ) անունով, թերեւս մ. թ. ա. 7-րդ դարուն կամ աւելի առաջ։ Զրադաշտականներու կրօնական գլխաւոր մատեանը կը կոչուի Աւեստա (պրսկ. ՝ Avesta), որուն համաձայն գոյութիւն ունին երկու հակադիր աստուածութիւններ. -

Ահուրա Մազդա (Ahura Mazda), որ կը նշանակէ «իմաստուն տէր». ան կը ներկայացնէ՝ «բարին», եւ

Ահրիման (Ahriman), որ կը նշանակէ «կործանարար ոգի». ան կը ներկայացնէ՝ «չարը»։

Այս երկապաշտութիւնը (Dualism), այսինքն բարիի ու չարի երկուութիւնը, յատուկ է նաեւ Զրադաշտականութեան եւ հետագային անկէ յառաջացած այլ կրօնի մը՝ Մանիքէութեան [25] (Manicheism)։

Պատմական հետագայ զարգացումներու ընթացքին, պիտի տեսնենք, որ Զրադաշտականութիւնը պիտի ունենայ որոշ դժուարութիւններ, բայց նաեւ պիտի տարածուի հարեւան երկիրներու մէջ, մինչեւ արաբական–իսլամական արշաւանքները (637 թ.

Աքամենեան հարստութեան շրջանին (Achaemenid Empire, 559 - 330 մ. թ. ա. ), կազմակերպուեցաւ եւ տարածուեցաւ Զրադաշտականութիւնը, որու կողքին սակայն, որոշ կարեւորութեամբ շարունակուեցան նաեւ կրօնական նախնական աւանդութիւնները, ինչպէս Միթրա եւ Անահիտա աստուածութիւններու պաշտամունքը։ Այլ խօսքով, Զրադաշտականութիւնը ո՛չ պետական կրօնն էր եւ ոչ միակ կրօնափիլիսոփայութիւնը։

Մեծն Կիւրոս Բ. ի (Cyrus II the great, 600 530 մ. թ. ա. ) հիմնած Աքեմենեան հարստութիւնը վերջ կը գտնէր Դարեհ Գ. ի (Dareos III, 380 330 մ. թ. ա. ) օրով, Մեծն Ալեքսանդր Գ. Մակեդոնացիի (Alexander III the great, 356 323 մ. թ. ա. ) Իրանի նուաճումով։

Մեծն Ալեքսանդր Գ. Մակեդոնացիի վաղահաս մահէն 2 տարի ետք, ժառանգորդ զօրավարները, հելլենիստական լայնատարած կայսրութիւնը բաժնեցին 3 գլխաւոր մասերու. -

Անտիգոնոս Ա. (յուն. ՝ Antígonos I, 382 301 մ. թ. ա. ), եղաւ Մակեդոնիայի Անտիգոնեան հարստութեան հիմնադիրը.

Պտղոմէոս Ա. (յուն. ՝ Ptolomaîos I, 367 282 մ. թ. ա. ), եղաւ Եգիպտոսի Պտղոմէական հարստութեան հիմնադիրը. եւ

Սելեւկոս Ա. (յուն. ՝ Séleukos I, 358 281 մ. թ. ա. ), եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի Սելեւկեան հարստութեան հիմնադիրը։

Սելեւկեան հարստութեան (Seleucid Empire, 320 64 մ. թ. ա. ) շրջանին, նկատի ունենալով յունական մշակոյթի ազդեցութիւնը, կրօնական ազատութեան հետեւանքով տարածուեցաւ բազմաստուածութիւնը (Polytheism), ուր նաեւ իր յատուկ տեղը ունէր Զրադաշտականութիւնը։  

Սելեւկեան հարստութիւնը, իր կարգին պիտի բաժնուէր երկու մասի. -

Եփրատ գետի արեւմտեան շրջանը պիտի գրաւուէր հռոմէական կայսրութեան կողմէ, իսկ

Եփրատ գետի արեւելեան շրջանին մէջ պիտի հաստատուէր Իրանի Արշակունիներու Պարթեւական հարստութիւնը (Parthian Empire, 247 մ. թ. ա. 224 թ. ), հիմնադիր ունենալով Արշակ Ա. (Arsaces I), որ իշխեց մինչեւ իր մահը (217 մ. թ. ա. Այնուհետեւ, Պարթեւական տէրութիւնը պիտի ընդարձակէր իր ազդեցութիւնը հարեւան երկիրներու վրայ, ինչպէս՝ հայերու եւ աղուաններու երկրի վրայ։ Հայաստանի մէջ, 53 թուականին իրանեան պարթեւական ընտանիքէն, արքայի փոքր եղբայրը, Տրդատ Ա (Tiridates I, 28 88 թ. ) գահ կը բարձրանար, որպէս հայ Արշակունիներու հարստութեան հիմնադիր։ 224 թուականին, երբ Իրանի մէջ կը տապալէր Արշակունիներու Պարթեւական հարստութիւնը եւ հիմը կը դրուէր Սասանեան հարստութեան, Հայաստանի մէջ, աւելի քան 200 տարի, մինչեւ 448 թուական, տակաւին կը շարունակուէր Արշակունեաց թագաւորութիւնը։

Իրանի Պարթեւական հարստութեան շրջանին եւս, կը շարունակուէին բազմաստուածութիւնը եւ Զրադաշտականութիւնը։

Սասանեան հարստութեան (Sasanian Empire, 224 651 թ. ) հիմը դրուած է Արտաշիր Ա. ի (Artashir I, 180 242 թ. ) կողմէ։ Այնուհետեւ Սասանեան պետու թիւն ը կ՚որդեգրէր աւելի ազգայնական ու այլամերժ քաղաքականութիւն մը. - Իրան կը կոչուէր Պարսկաստան, Զրադաշտականութիւնը կը հռչակուէր պետական կրօն եւ ընդարձակուելու միտումով պատերազմներ կը մղուէին քրիստոնեայ ժողովուրդներու՝ հայերու եւ հռոմէացիներու դէմ։ 387 թուականին Հայաստանը կը բաժնուէր Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ։ 5-րդ դարուն, Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենային Վարդանանց եւ Վահանանց պատերազմները՝ վասն հաւատքի եւ հայրենիքի։

651 թուականին մղուած արշաւանքներով, արաբները նուաճեցին Սասանեան Պարսկաստանը, եւ ժամանակի ընթացքին երկիրը իսլամացաւ։ Այսուհանդերձ, մինչեւ օրս ժողովուրդը կը պահէ զրադաշտական կարգ մը սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, ինչպէս օրինակ Նոր Տարուան Նոռուզ կամ Նովրուզ = Nouruz [26] տօնը, որու հիմքը զրադաշտական է։

Իսլամացած Պարսկաստանի մէջ, զրադաշտականները կ՚ենթարկուին մեծ հալածանքի, որու պատճառով շատեր ստիպուած Իսլամութիւնը կ՚ընդունին կամ կը գաղթեն դէպի Հնդկաստան եւ այլուր։

Միաստուածեան Իսլամական կրօնը, կանուխ ժամանակներէն բաժնուած է երկու մաս երու. - «Սուննի»- (Sunni Islam) եւ «Շիա»- (Shia Islam) Իսլամութիւն։ Իրանի մէջ մեծամասնութիւն (95%) կը կազմէ «Շիա» Իսլամութիւնը։ 

1935 թուականին, Փահլաւիներու (Pahlavi) տիրապետութեան շրջանին, երկիրը վերստացաւ իր նախկին, պատմական անունը՝ Իրան, որ ինչպէս նշեցինք, ազգայնականութեան նշան մըն է ։

1979 թուականին, Իրանի մէջ փահլաւի վերջին շահը, Մ. Ռեզա Փահլաւի (Mohammad Reza Pahlavi, 1919 1980 թ. ) գահընկեց եղաւ, տեղի ունեցաւ իսլամական յեղափոխութիւնը, Այաթոլլա Ռ. Խոմէյնիի (Ruhollah Khomeini, 1902 1989 թ. ) առաջնորդութեամբ։ Այս պատճառով սահմանափակուեցան կարգ մը ազատութիւնները։

Այսօր, Զրադաշտականութեան հետեւորդներու ընդհանուր թիւը միայն 150 հազար է, որուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի Հնդկաստանի մէջ։

Ներկայիս, աւելի քան 80 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իրանի մէջ, Զրադաշտականութիւնը պետական ճանաչում ունեցող կրօն մըն է, միայն 25 հազար հետեւորդներով։ Սակայն, Իրանի նոր սերունդը մեծապէս հետաքրքրուած է Զրադաշտականութեամբ եւ զայն կը նկատէ իրանեան ինքնութեան յատկանիշներէն մէկը, շեշտաւորելով անոր փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական ոլորտները։ 

Վերջին տարիներուն, նաեւ Իրաքի քուրդերու մէջ աւելցած է զրադաշտականներու թիւը (մօտ. 150 հազար)։ 

 


 

8

Զրադաշտականութիւն

Zoroastrianism

 

Զրադաշտականութիւնը, որպէս արեւելեան կրօնափիլիսոփայութիւն եւ մանաւանդ աշխարհայացք, կ՚ենթադրուի, թէ սկսած է Իրանի մէջ, մ. թ. ա. մօտ. 6 -րդ դարուն կամ աւելի առաջ։ Հիմնադիրն է Զրադաշտ [27] (կամ Զարաթուշտրա ) մարգարէն. անոր ծննդեան եւ մահուան թուականները վիճելի են։

Զրադաշտական ուսմունքը հիմնուած է, կրօնական սրբազան մատեան նկատուող Աւեստայի (Avesta) վրայ։ Զրադաշտականութիւնը, որ նաեւ կը կոչուի Մազդայականութիւն (Mazdaism) կը բնութագրուի երկապաշտութեամբ (Dualism), ուր Ահուրա Մազդա (Ahura Mazda = իմաստուն տէր) կը համարուի «բարութեան» աստուածը, որուն կը հակադրուի Ահրիման (Ahriman = կործանարար ոգի) «չարութեան» աստուածը։

Զրադաշտ / Զարաթուշտրա (Zoroaster / Zarathustra մօտ. 563 483 մ. թ. ա. ). -

Զրադաշտականութեան հիմնադիր մարգարէն, հաւանաբար ծնած է մ. թ. ա. 563 թուականին։ Շատեր Զրադաշտի կեանքը կը տեղադրեն մ. թ. ա. 9-րդ մինչեւ մ. թ. ա. 11-րդ դար։ Իսկ ի րանեան զրադաշտական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ան ապրած ըլլալու է մ. թ. ա. 1768 1691 թուականներուն։ Անոր ծննդավայրը եւ ապրած միջավայրը եւս անյայտ են։

Զրադաշտի կեանքի եւ ուսմունքի մասին կը տեղեկանանք Աւեստա (Avesta) սրբազան կրօնական մատեանէն, որ կազմուած է 21 աւեստերէն [28] գրուած գիրքերէ, հետեւեալ կառոյցով. -

Առաջին 7-ը աշխարհի ծագման ու մարդկութեան յառաջացման մասին,

Յաջորդ 7-ը կրօնական պարտականութիւններուն մասին եւ

Վերջին 7-ը բարոյագիտութեան մասին։

Աւեստա մատեանը գրուած է նոյնինքն Զրադաշտի եւ իր աշակերտներուն կողմէ։ Աւեստա, կը բովանդակէ բազմաթիւ երգեր ( պրսկ. ՝ Gatha ), երկրպագութեան աղօթքներ ( պրսկ. ՝ Yasna ) եւ դեւերու ու չար ոգիներու դէմ հանդիսացող աղօթքներ ( պրսկ. ՝ Vendidad

Զրադաշտ, մանուկ հասակէն ստացած է ընդհանուր եւ հոգեւոր կրթութիւն, իսկ 30 տարեկանին, Ահուրա Մազդայէն ստացած է մարգարէութեան շնորհը, եւ հիմը դրած իր նոր կրօնին ու զայն տարածած մեծ դժուարութիւն ներ ով, որոնց մասին եւս կը կարդանք Աւեստա մատեանին մէջ։

Զրադաշտի ուսմունքի հրամայական գլխաւոր 3 սիւներն են. -

«բարին մտածէ՛», «բարին խօսի՛ր» եւ «բարին գործէ՛»։

 

Զրադաշտականութեան հ ա ւ ատ ք ը

Զրադաշտականութեան ուսմունքը, ինչպէս նշուեցաւ, կը յատկանշուի երկապաշտութեամբ (Dualism), որ կը բացայայտուի Ահուրա Մազդայի եւ Ահրիմանի հակադրութեամբ։

Ահուրա Մազդա (Ahura Mazda), նաեւ Որմիզդ (Ohrmazd), որ կը նշանակէ՝ «իմաստուն տէր» եւ կը ներկայացնէ բարին ու լոյսը։ Ան ստեղծող ու արարիչ աստուածն է. ստեղծած է՝ երկինքն ու երկիրը, բնութիւնն ու մարդը, առողջութիւնն ու յաջողութիւնը եւ ամէն ինչ, որ «բարի» է։

Ահրիման (Ahriman), որ կը նշանակէ՝ «կործանարար ոգի» եւ կը ներկայացնէ չարն ու խաւարը։ Ան չար ու կործանարար աստուածն է ու իրեն կը վերագրուին բոլոր ախտերն ու մահը, թշուառութիւններն ու փորձանքները, պատերազմներն ու անյաջողութիւնները եւ ամէն ինչ, որ «չար» է։

Երկրի վրայ, Ահուրա Մազդայի (կամ «բարիի») ու Ահրիմանի (կամ «չարի») միջեւ կը մղուի շարունակական պայքար, որ պիտի ունենայ 4 ժամանակաշրջան, իւրաքանչիւրը՝ 3 հազար տարի տեւողութեամբ։ Իսկ վերջաւորութեան, Ահուրա Մազդա պիտի տիրանայ յաղթանակին եւ տեղի պիտի ունենայ «վերջին դատաստանը» [29], երբ չարերը պիտի պատժուին, իսկ բարեպաշտները պիտի պարգեւատրուին։ Ահուրա Մազդա ստեղծեց իր լոյսի զօրութիւնը ընկալելու ատակ ու բանիմաց մարդը, ինչպէս նաեւ 6 անմահ ու սրբազան հրեշտակապետերը, որոնք Ահուրա Մազդայէն արտաբխած ճառագայթումներ են ու անոր կողքին պատասխանատու են հետեւեալ ոլորտներուն. -

Վոհու Մանահ (Vohu Manah) = «բարի միտք»,

Աշա Վահիշտա (Asha Vahishta) = «լաւագոյն ճշմարտութիւն»,

Խշաթրա Վայրիա (Xshathra Vairya) = «ցանկալի իշխանութիւն»,

Սպենտա Արմաիտի [30] (Spenta Armaiti) = «սրբազան հաւատարմութիւն»,

Հաուրվատատ (Haurvatât) = «ամբողջականութիւն»,

Ամերետատ (Ameretât) = «անմահութիւն»։

Բանական ու բանիմաց մարդը, սակայն, իր ինքնակամ որոշումով, կրնայ «բարի»ի ուղին ընտրել, անոր ճամբով Ահուրա Մազդայի լոյսի զօրութեան հասնիլ եւ անոր արդարութեան ու փրկութեան մասնակից դառնալով՝ դրախտին արժանանալ։ 

Ահուրա Մազդայի պաշտամունքը կը կատարուի ատրուշաններու [31] (Fire Temple) կրակարանին շուրջ։ Զրադաշտականութեան մէջ յաւիտենական ու անմար կրակը (պրսկ. ՝ atar / azar) ծիսական մաքրութեան խորհրդանիշն է, ինչպէս նաեւ լոյսի առարկայական ներկայութիւնը՝ պաշտամունքի ընթացքին։ Հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ կը հագնին նաեւ սպիտակ հագուստ, որ մաքրութեան խորհրդանիշ է։ Զրադաշտականութեան ուսմունքին մէջ, նաեւ ջուրը կը նկատուի ծիսական մաքրութեան խորհրդանիշ։ 

Զրադաշտականութեան ուսմունքին մէջ, բոլորովին կը բացակային սրբապատկերները, ինչպէս նաեւ զոհաբերութեան առնչուած գաղափարներն ու արարողութիւնները։ Զրադաշտականութիւնը բոլորովին դէմ է նաեւ ճգնաւորական կեանքին (Asceticism)։ Զրադաշտականութեան առաջին շրջանին, նաեւ վերամարմնաւորման [ ծ-10 ] (Reincarnation) մասին յստակ պատկերացումներ չկային, հետագային, Ահուրա Մազդայի Ահրիմանի վրայ տարած յաղթանակէն ետք միայն՝ այդ կարելի պիտի ըլլայ։

Զրուանականութիւն (Zurvanism)

Սասանեան Պարսկաստանի մէջ, մեր թուարկութեան մօտ. 5-րդ դարուն, Զրադաշտականութենէն անջատուած, որպէս աղանդաւորական շարժում կը ներկայանայ Զրուանականութիւնը, որուն համաձայն գերագոյն աստուած Զրուանը [32] (Zruvân / Zurvân) եղած է արարիչ աստուածը, որ նախ ստեղծած է անսպառ ու անսահման ժամանակը, ապա Զրուանը ունեցած է երկուորեակ զաւակներ, որոնք բարիի ու լոյսի աստուած Ահուրա Մազդան եւ չարի ու խաւարի աստուած Ահրիմանն են։

Արաբական արշաւանքները (651 թ. ) նուաճեցին ու ժամանակի ընթացքին իսլամացուցին ողջ Պարսկաստանը, պատճառ դառնալով նաեւ Զրուանականութեան աստիճանական անհետացման։ 

Մանիքէութիւն (Manicheism)

Զրադաշտականութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է այլ կրօններու եւ մշակոյթներու վրայ։ Արդէն յիշեցինք Մանիքէութիւն ը [ ծ-35 ], որ երկապաշտական բնոյթ ուն եցող կրօն մըն է։

Պարսիկ Մանի (Mani, 216 276 թ. ) ազդուած զանազան կրօնափիլիսոփա յութ իւններէ ու մշակոյթներէ, համահաշտութեան (Syncretism) ուղիով հիմը կը դնէր Մանիքէութեան, որ լայն տարածում կ՚ունենար Չինաստանէն մինչեւ Արեւմուտք։ Հոն կարելի է գտնել զրադաշտական, բուդդայական, քրիստոնէա կան ուսմունքի եւ յունահելլէնական մշակոյթի տարրեր։  

Անդրադարձութիւններ

Արեւմուտքի մէջ, մանաւանդ Միջնադարէն (Middle Ages) ետք, Զրադաշտը կը մեծարուէր, որպէս նախաքրիստոնէական իմաստութեան պահապանը եւ արեւու կրօնին հիմնադիրը։

Այնուհետեւ, գերման հռչակաւոր փիլիսոփայ Կանտ (Immanuel Kant, 1724 1804 թ. ), իր «Կրօնը, լոկ բանականութեան սահմաններու մէջ» ( 1793 թ., գերմ. բնագիր՝ Die Religion innerhalb der Grenzen der bloßen Vernunft, անգլ. ՝ Religion within the bounds of bare reason ) երկին մէջ, կը յիշատակէ Զրադաշտականու թիւն ը, նկատի ունենալով իր ընթերցած Աւեստա (Avesta) մատեանի գերմանե րէն թարգմանութիւնը (1771 թ. Ապա, գերման փիլիսոփայ Հեգէլ (Georg Wilhelm Friedrich Hegel, 1770 1831 թ. ) նոյնպէս կը յիշատակէ Զրադաշտակա նութիւն ը, իր «Դասախօսութիւններ կրօնի փիլիսոփայութեան մասին» ( 1832 թ., գերմ. բնագիր՝ Vorlesungen über die Philosophie der Religion, անգլ. ՝ Lectures on the philosophy of Religion ) եւ «Դասախօսութիւններ պատմութեան փիլիսոփայութ եան մասին» (1837 թ., գերմ. բնագիր՝ Vorlesungen über die Philosophie der Geschichte, անգլ. ՝ Lectures on the philosophy of History) երկերուն մէջ։ Աւելի ուշ, գերման փիլիսոփայ Նիցշէ (Friedrich Nietzsche, 1844 1900 թ. ), իր «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը» (1883 1885 թ., գերմ. բնագիր՝ Also sprach Zarathustra, անգլ. ՝ Thus spoke Zarathustra ) երկին մէջ, կ՚օգտագործէ Զրադաշտի անունը, յաղթահարելու համար ամբողջ բարոյականութիւնը եւ իր «բարիի ու չարի» զանազանութեան փիլիսոփայական գաղափարներուն ենթահող մը պատրաստելու համար, նկատի ունենալով, որ Զրադաշտականութեան մէջ եւս այդ բարիի ու չարի զանազանութիւնը յստակօրէն առկայ է։    

Երաժշտական ստեղծագործութիւններու, ինչպէս օպերաներու (Opera) մէջ եւս օգտագործուած է Զրադաշտի տիպարը։ Յիշատակութեան արժանի են. - Ժ. Ֆ. Ռամոյի ( Jean-Philippe Rameau, 1683 1764 թ. ) «Զրադաշտը» (Zoroastre, 1749 թ. ), Գ. Ֆ. Հենդէլի (Georg Friedrich Händel, 1685 1759 թ. ) «Օրլանդօ» ( Orlando, 1733 թ. ), Վ. Ա. Մոցարտի (Wolfgang Amadeus Mozart, 1756 1791 թ. ) «Կախարդական սրինգը» (Die Zauberflöte, 1791 թ. ) եւ Ռ. Շտրաուսի (Richard Strauss, 1864 1949 թ. ) «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը»  (Also sprach Zarathustra, 1895 թ. ), որ կոչուած է Ֆ. Նիցշէի նշանաւոր երկի անունով։

20-րդ դարու սկիզբը, Զրադաշտականութիւնը, իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ մարդիմաստութեան [33] (Anthroposophy) ուղղութեան աշխարհայացքին վրայ։

Աւստրիացի հրապարակախօս ու փիլիսոփայ Ռ. Շտայնէր (Rudolf Steiner, 1861 1925 թ. ), 1912 թուականին, Գերմանիոյ մէջ կը հիմնէր իր Մարդիմաստութեան ընկերակցութիւնը [34] (Anthroposophical Society), ուր համահաշտութեան (Syncreticism) ուղիով կը փորձ էր համադրել Գերմանական Գաղափարապաշտութեան [ ծ-14 ] (German Idealism) փիլիսոփայութիւնը, Քրիստոնէական Խորհրդապաշտութիւնը [ ծ-25 ] (Mysticism), Արեւելեան Կրօնափիլիսոփայութիւնները (Eastern religious philosophy), որոնցմէ յատկապէս Բուդդայականութիւնն ու Զրադաշտականութիւնը եւ բնական գիտութիւնները, որոնցմէ գլխաւորաբար՝ Դարվինեան Բարեշրջապաշտութիւնը (Evolutionism)։

Զրադաշտականութեան բարոյագիտութիւնը

Զրադաշտականութեան բարոյական վարուելակերպի երրորդութիւնը կը կազմէ. -

«բարի ու ճշմարտացի միտքը» ( աւես. ՝ Hûmata ),

«բարի ու ճշմարտացի խօսքը» ( աւես. ՝ Hexta ) եւ

«բարի ու ճշմարտացի գործը» ( աւես. ՝ Huvarshta

Այստեղ, «բարին» կը հակադրուի «չարին», իսկ «ճշմարտացին» կը հակադրուի՝ «սուտին»։ Որոշ կարեւորութեամբ կը ներկայանայ նաեւ «Միտք Խօսք Գործ» երրորդութեան յաջորդականութիւնը։

Զրադաշտի համաձայն, բարոյական «բարի» վարմունքը կը յառաջանայ մարդու ազատակամ (Free Will) որոշումով, որու նախապայմանը բարոյական «բարի»ի գիտութիւնն է։

Այս ձեւով Զրադաշտ մեծապէս կը կարեւորէ գիտութիւնը ու կ՚եզրակացնէ, որ «չար» վարմունքը պարզապէս հետեւանքն է գիտութեան պակասին։

Բարոյական վարուելակերպի յիշեալ երրորդութիւնը կարելի է նաեւ հրամայականով յայտնել. - «բարին մտածէ՛», «բարին խօսի՛ր» եւ «բարին գործէ՛»։

Զրադաշտ, առաջնահերթ ու շատ կարեւոր կը նկատէ բանականութեամբ մտածումն ու խորհրդածութիւնը, որ ստեղծագործ ու վսեմ արարք մըն է եւ որուն կը պարտինք նախ « բարի»ին ներքին պատկերացումն ու գիտութիւնը, ապա այդ «բարի»-ին արտայայտութիւնը՝ որպէս արարք կամ վարուելակերպ։ Այլ խօսքով, բանականութեամբ մտածելու եւ գործնականօրէն վարուելու միջեւ տարբերութիւնը կը վերանայ եւ մտածելը կը դառնայ վարուելու սկզբնական եւ վսեմ ձեւը։

Զրադաշտ, հիմնաւորելու համար այս գաղափարը, բնազանցական կեցութիւնը, իր «բարիի ու չարի» միջեւ պայքարով կ՚առնչէ մարդկային վարմունքի իրողութեան։

Ահուրա Մազդա աշխարհը ստեղծած է ճշմարտացիութեան հիման վրայ, երկու հանգրուանով. - նախ ստեղծած է հոգեղէն աշխարհը, ապա՝ նիւթական աշխարհը։ Իսկ մարդը, ստեղծած է բանականութեան տէր, ազատ կամքով եւ «բարի»ի ու «չար»ի միջեւ ազատօրէն ընտրելու կարողութեամբ։

Բանական ու բարեպաշտ մարդու կեանքի վեհ նպատակը պէտք է ըլլայ՝ «բարի»ն ընտրել, չարիքի դէմ պայքարիլ ու աշխարհի վրայ արդարութիւնը վերականգնել։ Այս իմաստով, անհատը կը կրէ՝ ազատօրէն ընտրելու եւ ազատօրէն որոշելու կարողութիւնը, բայց նաեւ ան ունի իւրայատուկ պատասխանատուութիւն մը. վերջին հաշուով, անհատին հիմնական նպատակը «բարի»ի (Ահուրա Մազդայի) լոյսին հասնիլն ու անոր փրկութեան մասնակից դառնալն է։

Զրադաշտականութեան մէջ, երկապաշտութիւնը (Dualism) ոչ միայն կը մնայ տիեզերական ոլորտին մէջ, այսինքն՝ հոգեղէն ու նիւթական աշխարհի բաժանումով կամ բարիի ու չարի բաժանումով, այլ նաեւ ան կը բաժնէ մարդը, իր հոգեկան ու մարմնական ոլորտներուն։

Բարեպաշտ մարդու հոգին, մահէն անմիջապէս ետք, Չինվատ [35] կամուրջի (աւես. ՝ Cinvatô Peretûm, անգլ. ՝ Chinvat Bridge) վրայ դատուելէ ետք կ՚անցնի դրախտ. իսկ անոր դիակը, պատմական Իրանի կամ Պարսկաստանի մէջ, աւանդական սովորութեամբ մը, կը դրուէր լռութեան աշտարակին [36] (աւես. ՝ Dachma, անգլ. ՝ Tower of Silence) վրայ, որպէս գիշատիչ թռչուններու կեր։

Այս սովորութիւնը, վերջին շրջանին ընդհանրապէս արգիլուած է։ Ասոր փոխարէն, յատուկ արարողութիւններով կը կատարուի՝ դիակիզում (դիակի այրելը) կամ դիակը կը թաղուի։

Զրադաշտականութեան աշխարհայացքի «բարիի ու չարի» հակամարտութիւնը, անդրադարձ կ՚ունենայ գործնական վարուելակերպին վրայ ու կը զանազանէ բարի արարքներն ու պատուիրանները, չար արարքներէն ու մեղքերէն։

Բարի արարքներ (առաքինութիւններ ու պատուիրաններ). -

Հաւատալ Ահուրա Մազդային, որ ստեղծած է «լաւն ու բարին», որոնք անհատը կ՚առաջնորդեն վերջնական փրկութեան. իսկ Ահրիմանը արարած է «վատն ու չարը»։

Ընկալել, որ միայն « բարին » պէտք է գործել, արդար աշխատանք ունենալ, խոստումը յարգել, չստել, չխաբել, չնախանձիլ։

Յարգել ու գնահատել այլոց բարի աշխատանքները ու առաքինութիւնները եւ անոնց հանդէպ շնորհակալ ու երախտապարտ ըլլալ։ 

Օգնել ուրիշներուն, մանաւանդ հիւանդներուն եւ կարիքաւորներուն եւ երբեք չվնասել անոնց։ 

Չար արարքներ (մոլութիւններ ու մեղքեր). -

Կուռքերու ու դեւերու պաշտամունքը, ատրուշաններու մէջ յաւիտենական կրակի մարումը եւ կախարդութեան ու այլ աղանդներու հետեւիլը։

Չարիք գործելը, սպանութիւնը, ստախօսութիւնը, խոստմնադրժութիւնը, ծուլութիւնը գողութիւնը, շնութիւնը եւ անհաւատարմութիւնը։

Այլոց հանդէպ՝ վրէժխնդրութիւնը, անշնորհակալութիւնը, զրպարտութիւնն ու  բռնութիւնը նաեւ այլոց վիրաւորելը ու վնասելը։  

 

 

 

 

 

 


 

Ակնարկ

Մաս-7-ի մասին

 

Աստուածիմաստութիւնը Արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան մէջ նիւթի քննարկման համար ընդգրկուած է երկիրներու դրութիւնը։ Կարգով նշուեցան՝ Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ճապոնիայի եւ Իրան/Պարսկաստանի կրօնափիլիսոփայութիւնները։

Աստուածիմաստութեան տեսակէտէն, ներկայացուեցան բազմաստուածեան [ծ-07] Հինդուականութիւնը (Hinduism), Շինտոյականութիւնը (Shintoism) եւ Զրադաշտականութիւնը (Zoroastrianism), ինչպէս նաեւ միաստուածեան [ծ-07] Սիկհականութիւնը (Sikhism)։ Ասոնց կողքին աւելի հակիրճ ներկայացուեցան Դաոյականութիւնը (Daoism), Կոնֆուցիականութիւնը (Confucianism) եւ Բուդդայականութիւնը (Buddhism), որոնց մօտ կը պակսին անձնականացուած աստուած մը (կամ աստուածները)։

Հնդկաստանի մէջ յառաջացած Բուդդայականութիւնը քննարկուեցաւ Հնդկաստանի բաժնին մէջ, հակառակ անոր, որ ան աւելի տարածուած է ասիական այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս օրինակ Չինաստանի (Չան-Բուդդայականութիւն) ու Ճապոնիայի (Զէն-Բուդդայականութիւն)։

Նոյնպէս, Չինաստանի մէջ յառաջացած Դաոյականութիւնն ու Կոնֆուցիականութիւնը Չինաստանի բաժնին մէջ քննարկուեցան, հակառակ անոր, որ անոնք եւս տարածուած են Ճապոնիայի եւ Ասիոյ այլ երկիրներու մէջ։

Կարելի եղած չափով հակիրճ ներկայացուեցան նախ երկիրը՝ նիւթին հետ ունեցած իր սերտ առնչութեամբ, ապա՝ նոյնինքն կրօնափիլիսոփայութիւնը, իր կրօնական ու փիլիսոփայական բաժիններով, այնուհետեւ՝ անոր բարոյագիտութիւնը։

 


 



[1]   Հեղինակի « Բարոյագիտութիւն փիլիսոփայական ակնարկ» (Անթիլիաս 2021, Բ. հրատարակութիւն), երկին մէջ, Մաս-8, կը ներկայացուի «Արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան բարոյագիտութիւն» ընդարձակ նիւթը, հոն՝ էջ 284 366, աւելի քան 80 էջերու տարողութեամբ։

[2]    Trimûrti (Տրիմուրտի). -

սանսկրիտերէն կը նշանակէ « Եռամիասնականութիւն », որ կը ներկայացնէ Հինդու եռաստուածութիւնը (Բրահմա Վիշնու Շիվա)։ Ան, թէեւ որոշ նմանութիւն ունի քրիստոնէական աստուածային «Երրորդութեան» (Trinity = Հայր Որդի Հոգի) հետ, սակայն նոյն տարածումը եւ անոր մեծ ժողովրդականութիւնը չէ վայելած, եւ իւրաքանչիւրը եղած է միայն առանձին պաշտամունքի առարկայ, ինչպէս է պարագան՝ Վիշնուականութեան (Vishnuism) եւ Շիվայականութեան (Shivaism)։

[3]        Համահաշտութիւն (Syncretism). -

Համահաշտութիւն եզրոյթը կը նշանակէ՝ տարբեր գաղափարներու կամ կրօնա–փիլիսոփայական տեսակէտներու նոր համակարգի կամ նոր դրութեան մը (System) մէջ համադրութիւնը, միախառնումը կամ միաձուլումը։

Համահաշտութիւն եզրոյթը, բացի կրօնափիլիսոփայական ոլորտէն կ՚օգտագործուի նաեւ լեզուաբանութեան, գրականութեան ու քաղաքականութեան մէջ։

Համահաշտութիւնը առնչուած է նաեւ ընտրականութիւն ( Eclecticism ) եզրոյթին, որ տարբեր գաղափարներու եւ տեսակէտներու ընտրութիւնն է, համադրութեան մը նպատակով։

[4]        Գուրու (սնսկ. ՝ Guru). -

Գուրու, պատուական տիտղոս է կրօնափիլիսոփայական ուսուցչին, մանաւանդ Հինդուականութեան, Սիկհականութեան եւ կարգ մը Բուդդայական ուղղութիւններու մէջ։ Բառացիօրէն կը նշանակէ՝ ծանրակշիռ։ 

[5]   Ջին եզր ոյթ ը կը սերի արաբերէնէն (Ալ-ջին= ﺍﻟﺠﻦ, անգլ. տառադարձութեամբ՝ Jinn)։ Ջիները առասպելական ու գերբնական ոգիներ են, ընդհանրապէս՝ անտեսանելի (միայն բացառիկ պարագաներուն՝ տեսանելի)։ Յիշատակուած են՝ վաղ նախա–իսլամական դարաշրջանին, ինչպէս նաեւ Իսլամութենէն ետք (նաեւ տեղ գտած է իսլամական գլխաւոր գրքին՝ Քուր՚անին = ﺍﻟﻘﺮﺁﻥ մէջ)։

[6]   Բուսակեր (Vegetarian) անհատները կը սնանին բացառապէս բուսական եւ ոչկենդանական սնունդներով։ Բուսակերներէն շատեր կ՚օգտագործեն կենդանի ներու արտադրութիւն ներէն, ինչպէս ՝ ձուն, մեղրը ու կաթնամթերքը։ Զուտ բուսակերները (վեգանները Vegan ), սակայն, կը խուսափին կենդանական բոլոր մթերքներէն։

Իսկ բուսակերութիւնը (Vegeterianism)՝ ապրելակերպ ու աշխարհայեացք է, որ նաեւ առողջապահական ու բարոյագիտական հիմք ունի։

[7]     Վեգան (Vegan) անհատները կը սնանին բացառապէս բուսական սննդամթերքով, առանց օգտագործելու կենդանական որեւէ սննդամթերք։ Նաեւ վեգանութիւնը (Veganism)՝ ապրելակերպ ու աշխարհայեացք է, որ նոյնպէս առողջապահական ու բարոյագիտական հիմք ունի։

[8]   Բուդդա (Buddha), սանսկրիտերէն, կը նշանակէ՝ «զարթնածը» կամ «զարթնումի հասածը»։ Տիտղոս՝ բուդդայական կրօնափիլիսոփայութեան մէջ, վերջին բուդդան՝ իշխան Սիդհարթա Գաուտաման է, իրմէ առաջ ծանօթ են 29 այլ բուդդաներ։

Կը զանազանուին 3 տեսակ բուդդա. -

1.   Կատարեալ բուդդան, որ «զարթնումի հասած» ու լայն կարողութիւններով բարձրագոյն տիտղոսը ունի,

2.   Առանձին կամ մեկուսի բուդդան, որ թէեւ ինքն իրեն համար «զարթնումի հասած» է, սակայն այլոց չուսուցաներ, եւ

3 Ունկնդիր բուդդան կամ Արժանավայելը ( սնսկ. ՝ Արհատ = Arhat), որ կարելիութիւնը ունի նաեւ ուսուցանելու։

[9]    Վաջրայանա (Vajrayana). -

Ս անսկրիտերէն „Yana“ կը նշանակէ՝ «կառք» կամ «փոխադրամիջոց», իսկ „Vajra“ եզր ոյթ ը ունի երկու իմաստ. - 1 «ադամանդ» եւ 2 «կայծակ»։

     Հիմալայեան լեռնաշխարհի Բուդդայականութեան մէջ, ան կը խորհրդանշէ ադամանդի ամրութիւն ու անխորտակելիութիւն ունեցողը, ինչպէս նաեւ կայծակի նման (արագօրէն) «զարթնումի» հասածը։

     Վաջրա (Vajra) կը կոչուին նաեւ արեւելեան կրօններու արարողութեանց յատուկ որոշ ծիսական իրեր, որոնք զանգակի կամ արքայացուպի ձեւ ունին։

[10]  Աստուածիմաստութեան Ընկերակցութիւնը (Theosophical Society). -

1875 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած ապա Եւրոպայի մէջ տարածուած գաղտնի կազմակերպութիւն մըն է, տեսակ մը խառնուրդ՝ ասիական կրօնափիլիսոփայութեանց (գլխաւորաբար Նոր-Հինդուականութեան, Բուդդայականութեան ու անոնց խորհրդապաշտութեան Mysticism) եւ արեւմտեան գաղտնախոհութեան (Occultism)։ Տե՛ս Մաս-6, Բ. Գլուխ, էջ 265։

[11] Շաոլին վանք (Shaolin Monastry), կեդրոնական Չինաստանի մէջ գտնուող եւ 496 թ. կառուցուած նշանաւոր բուդդայական վանք մըն է, որ մինչեւ այսօր կը գործէ։ Շաոլին վանքը եղած է բուդդայական ուսմունքի մեծ կեդրոն, ուր թարգմանուած են սանսկրիտերէն բուդդայական գրութիւններ ը ։ Այս վանքին մէջ վանական Բոդհիդհարմա (Bodhidharma) հիմը կը դնէր «մտավերացման դպրոցի» մը (School of Meditation) եւ Չան-Բուդդայականութեան (Chan-Buddhism)։ Այս վանքին մէջ յառաջացած ու զարգացած են նաեւ մարտարուեստի (անգլ. ՝ Martial Arts, գերմ. ՝ Kampf - kunst) տարբեր տեսակներ, ինչպէս կունգֆու (Kung Fu), որոնք ընդհանրապէս մարզանքի ու ինքնապաշտպանութեան համակարգեր են։ Պատմութեան ընթացքին, Շաոլին վանքը քանի մը անգամ քանդուած է, սակայն միշտ ալ վերաշինուած է։ Շաոլին (Shaolin) անունով բազմաթիւ բուդդայական տաճարներ եւ կեդրոններ կան՝ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ։

[12] Դատարկութիւն սնսկ. ՝ Shûnyatâ (չին. ՝ Kông, ճապ. ՝ , անգլ. ՝ Emptiness, գերմ. ՝ Leerheit Բուդդայական հասկացութիւն, որուն համաձայն ամէն ինչ՝ դատարկ, ոչմշտական, անկայուն ու իրարմէ կախեալ է։

[13] Սիկհականութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները (սկիզբէն մինչեւ 20-րդ դար) կարելի է քաղել History of the Sikhs and their Religion“ կոչուած հինգ հատորներէն։

[14] Թուանշանները իմաստալից կարեւորութիւն ունէին չինական աւանդութեան մէջ։ Օրինակ «8» եւ իր հետ առնչուած թուանշանները (4, 16, 64 …) կը նկատուէին բարեգուշակ, բախտաբեր եւ խոստմնալի։ 

[15] Մարդակերպութիւն (Anthropomorphism). -

Մարդակերպութիւնը կենդանի ու անկենդան, կրօնական ու առասպելական երեւոյթներու՝ մարդկային հոգեմարմնական եւ այլ յատկանիշներու վերագրումն է։

Իսկ կրօնական մարդակերպութիւնը յատկանշական է՝ Քրիստոնէութեան, Հինդուականութեան, Շինտոյականութեան, ինչպէս նաեւ յունական, հռոմէական եւ հայկական դիցաբանութեանց։

     Եւրոպական լեզուներու մէջ, մարդակերպութեան հոմանիշ, օրինակ անգլերէն Anthropomorphism բառը, կազմուած է յուն. ՝ anthropos = մարդ եւ morphê = ձեւ, կերպ արմատներէն։

[16]       Աստուածիմաստութեան ընկերակցութիւն ( Theosophical Society). -

Այս մասին տե՛ս Մաս-6, Բ. Գլուխ, էջ 265։

[17] «Եին Եանգ» (Yin Yang). -

Չինական կրօնափիլիսոփայութեան մէջ երկու հականիշ, բայց զիրար ամբողջացնող սկզբունքներ են։ Խորհրդանշանն է՝ , ուր «Եին» (Yin) կը ներկայանայ, որպէս՝ սեւ, իգական, փափուկ, պաղ, կրաւորական եւ հանդարտ (ինչպէս է՝ երկիրը), իսկ հականիշը՝ «Եանգ» (Yang), որպէս՝ սպիտակ, առական, կարծր, տաք, աշխոյժ եւ շարժուն (ինչպէս է՝ երկինքը)։

     «Եին Եանգ» հակադրութեամբ կը բացատրուի նաեւ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան աշխարհի մէջ։ Օրինակ, «Եանգ»ի (Yang) սկզբնական շարժումը, երբ իր աւարտին կը հասնի, կը սկսի «Եին»ի (Yin) հանդարտութիւնը, որու աւարտին կը սկսի նոր շարժում մը եւ այսպէս շարունակաբար։

     «Եին Եանգ» հակադրութիւնը տեղ գտած է նաեւ աւանդական չինական բժշկութեան ոլորտէն ներս։

[18]  Շամանութիւն (Shamanism). -

կամ Շամանականութիւնը արեւելեան աւանդական նախնական կրօն մըն է, որ տարածուած էր գլխաւորաբար Սիբերիոյ եւ հիւսիսարեւելեան Ասիոյ կարգ մը երկիրներու մէջ։ Խոր ոգեպաշտական (Animism) բնոյթ կրող այս աւանդական կրօնի մէջ, իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն՝ հիւանդներու բուժման եւ որսորդութեան յատուկ արարողակարգերը, որոնք կը կատարուի պաշտամունքի սպասաւոր «շամանին» կողմէ (երգով, պարով, թմբկահարութեամբ)։ Պաշտամունքի կամ ծիսակարգի արարողութեան ընթացքին, այս կրօնին հետեւող շամանականները (Shamans), երբեմն նոյնիսկ կը հասնին հոգեվերացումի ( Trance) եւ հոգեզմայլանքի [ծ-32] (Ecstasy) բարդ իրավիճակներուն։

[19] Տենդայ (ճապ. ՝ Tendai) եւ Շինգոն (ճապ. ՝ Shingon) բուդդայական դպրոցներու մասին, տե՛ս յաջորդաբար էջ 316 եւ 317։

[20]       «Եին Եանգ» (Yin Yang). -

Այս մասին տե՛ս էջատակի ծանօթագրութիւնը (էջ 328)։

[21] Իրան / Պարսկաստան (Iran / Persia) -

Իրան եւ Պարսկաստան անուանումները ունին իրենց պատմութիւնը։ Հնադարեան շրջանին երկիրը նախ կոչուած է Իրան, որ ծագում առած է «արիական երկիր» բառակապակցութենէն, ուր պարսիկներու կողքին կ՚ապրէին այլ ժողովուրդներ եւս։ Սասանեան հարստութեան շրջանին (3-րդ մինչեւ 7-րդ դար), երկիրը կոչուեցաւ Պարսկաստան (= պարսիկներու երկիր), անոր տալով աւելի ազգայնական պատկանելիութիւն։ Իսկ 1935 թուականին, Փահլաւիներու (Pahlavi) տիրապետութեան շրջանին, երկիրը վերստացաւ իր նախկին պատմական անունը՝ Իրան։  

[22] Միթրա (Mithra). -

Պարսկական արեւու արդարադատ աստուածը, որ կը հսկէր տիեզերքի կարգապահութեան վրայ եւ որուն խորհրդանշանը անմար կրակն էր. այս պատճառով նաեւ ծանօթ է որպէս կրակապաշտութիւն (Pyrolatria)։ Զրադաշտականութեան շրջանին կը պահէ իր կարեւորութիւնը Անահիտ (պարսկ. ՝ Anahita) աստուածուհիի հետ, որ ջուրի, պտղաբերութեան ու մայրութեան խորհրդանիշն էր։ Միթրա կը համապատասխանէ հնդկական Միտրա (Mitra), հռոմէական Միթրաս (Mithras) եւ հայկական Միհր (Mihr) աստուածներուն։ Հին պարսկերէնի եւ հնդկական սանսկրիտերէնի մէջ, Միթրա, բառացիօրէն կը նշանակէ «երդում», «ուխտ»։

[23] Անահիտա (Anahita). -

Պարսկական ջուրերու (գետեր, լիճեր, ծովեր) եւ պտղաբերութեան աստուածուհին, որ իր կարեւորութիւնը կը պահէ նաեւ Զրադաշտականութեան շրջանին։ Կը համապատասխանէ հնդկական Սարասվատի (Saraswati), յունական Արտեմիս (Artemis), հելլենական Դիանա (Diana) եւ հայկական Անահիտ (Anahit) աստուածուհիներուն։   

[24]  Հաոմա (Haoma). -

Առասպելական հոգեզմայլանքի աստուածն է Պարսկաստանի մէջ։ Միաժամանակ բոյսի մը եւ այդ բոյսէն յառաջացած ոգելից խմիչքի անունն է։ Այդ խմիչքը, հաւատացեալին, հոգեզմայլանք (Ecstasy) ու հարբեցութիւն (Drunkenness) կը պատճառէր։ Անոր կը վերագրուի նաեւ հիւանդութիւններ բուժելու յատկութիւնը։ Կը համապատասխանէ հնդկական Սոմա (Soma) աստուծոյ, որ նաեւ լուսնի աստուածն էր։

[25]          Մանիքէութիւն [ծ-35] (Manicheism). -

Երկապաշտական (Dualism) կրօն է, ուր յաւիտենական պայքարի մէջ են՝ լոյսի բարի ու հոգեղէն աշխարհը եւ խաւարի չար ու նիւթեղէն աշխարհը։ Կրօնը կոչուած է իր հիմնադրի, պարսիկ Մանիի (Mani, 216 277 թ. ) անունով, որ համահաշտութեան (Syncretism) եղանակով իր կրօնին մէջ կը համախմբէր Զրադաշտականութեան, բայց նաեւ Բուդդայականութեան ու Քրիստոնէութեան ուսմունքի տարբեր տեսակէտները։ 3-րդ դարուն, Պարսկաստանի մէջ սկսած այս կրօնը, շուտով պիտի տարածուէր Չինաստանէն մինչեւ Արեւմտեան Եւրոպա։

[26]         Nouruz (Նոռուզ կամ Նովրուզ). -

զրադաշտական աւանդութիւն ունեցող՝ Նոր Տարուան տօն, Պարսկաստանի, բայց նաեւ աֆկաններու եւ քուրդերու մօտ։ Կը նշուի գարնան առաջին օրը (21 Մարտին)։ 

[27]       Զրադաշտ ( Զարաթուշտրա ) այլ լեզուներով. -

պարս. ՝ Zardosht ( زَردُشت ), արաբ. ՝ Zradasht ( زرادشت ), յուն. եւ լատ. ՝ Zôroástrês, անգլ. եւ գերմ. ՝ Zoroaster, Zarathustra,

[28]  Աւեստերէն (Avestish). -

Հին իրանեան լեզու մը, որ արդէն 2 հազարամեակէ աւելի չի խօսուիր։ Ոչնչացուած է Մեծն Ալեքսանդրի արշաւանքներուն ընթացքին։ Սասանեան Պարսկաստանի ժամանակ յառաջացած աւեստերէն գիրերը, սակայն, դեռ կ՚օգտագործուին Զրադաշտականութեան մէջ։

Աւեստերէն գրուած է, օրինակ, Աւեստա (Avesta) կոչուած Զրադաշտականութեան կրօնական սրբազան մատեանը։  

[29] « Վերջին Դատաստան» (անգլ. ՝ „Last Judgment“, գերմ. ՝ „Jüngstes Gericht“, պրսկ. ՝ Roz Hisab = ﺭﻭﺯ ﺣﺴﺎﺏ, արաբ. ՝ Yom Al-qiyama՝ یوم القيامة ). -

«Վերջին Դատաստանը» կը յիշուի Զրադաշտականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ միաստուածեան 3 կրօններու մէջ, որպէս վախճանաբանութիւն (Eschatology), երբ «չար»ը պիտի պատժուի իսկ «բարի»ն պիտի պարգեւատրուի։

Հակառակ որոշ տարբերութիւններու, կարելի է այս իմաստով նմանութիւններ գտնել Զրադաշտականութեան, Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան միջեւ։    

[30] Սպենտա Արմաիտի (Spenta Armaiti). -

Հայկական հեթանոսութեան մէջ կը համապատասխանէ Սպանտարամէտ (Span-taramet) կամ Սանտարամէտ (Santaramet) աստուծոյ, ինչպէս նաեւ յունական դիցաբանութեան աստուածահայր Զեւսի (Zeus) եղբօր, Հադէս (Hades) աստուծոյ։ Արդարեւ, թէ՛ հայկական Սանտարամէտը եւ թէ յունական Հադէսը կը ներկայացնեն մահուան աստուածը, որ պատասխանատու է նաեւ ստորերկրեայ դժոխքին։

[31] Ատրուշան (հին պրսկ. ՝ Aturoshân, անգլ. ՝ Fire-Temple, գերմ. ՝ Feuertempel). -

Իրանապարսկական հեթանոսական տաճար կամ մեհեան, որու կրակարանին մէջ կը պահուի անմար ու յաւիտենական «կրակը», որպէս խորհրդանիշ Ահուրա Մազդայի լոյսի զօրութեան։ 

[32] Զրուան (Zruvân / Zurvân). -

Հին պարսկերէնի մէջ կը նշանակէ «ժամանակ», իսկ նոր պարսկերէնի մէջ դարձած է՝ „Zaman“ (նաեւ արաբ. ՝ Zaman = ﺯﻣﺎﻥ

Որպէս «հայր աստուած», Զրուան, իր երկուորեակ որդիներուն՝ Ահուրա Մազդայի եւ Ահրիմանի հետ կը կազմէ աստուածային երրորդութիւն մը։ 

[33]  Մարդիմաստութիւն (Anthroposophy). -

Հոգեկան գաղտնուսոյց աշխարհայացք։ Կազմուած է յունարէն երկու արմատներէ՝ ánthrôpos = մարդ եւ sophía = իմաստութիւն։ 

[34]       Մարդիմաստութեան ընկերակցութիւն (Anthroposophical Society). -

Այս մասին տե՛ս Մաս-6, Գ. Գլուխ, էջ 281։

[35] Չինվատ կամուրջ (աւես. ՝ Cinvatô Peretûm, անգլ. ՝ Chinvat-Bridge). -

Չինվատ կամուրջը կը բաժնէ կեանքի (աստենական) եւ մահուան (անդենական) աշխարհները։  Զրադաշտականութեան մէջ, մարդու մահէն ետք, հոգին կը մտնէ վերջին դատաստանի այս կամուրջը, կը դատուի եւ կ՚ուղարկուի կամ երկնային դրախտ, կամ ստորերկրեայ դժոխք ։ Բարեպաշտներուն համար այս կամուրջը «լայն» է, մինչ չարագործներուն համար՝ «նեղ»։ Հոս, կարելի է նաեւ զուգահեռներ գտնել միաստուածեան կրօններուն հետ։ 

[36] Լռութեան աշտարակ (աւես. ՝ Dachma, անգլ. ՝ Tower of Silence). -

շրջանակաձեւ, վրան բաց աշտարակ, որ կ՚օգտագործուէր Զրադաշտականութեան մէջ։ Մարդու մահէն ետք, դիակը կը դրուէր աշտարակի վրայ, որպէս կեր գիշատիչ թռչուններու։ Այս սովորութիւնը այժմ արգիլուած է։