Մաս
–
4
ԱՍՏՈՒԱԾԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՑՄԱՆ
ՇՐՋԱՆԻՆ
Theosophia
in
the
Renaissance
Հազարամեայ
Միջնադարու
(Middle
Ages)
վերջաւորութեան
եւ
դեռ
Նոր
Դարաշրջան
ը
(Modern
Era)
չսկսած,
այդ
ժամանակամիջոցին
ունինք
անցման
շրջան
մ
ը,
որ
կը
կոչուի՝
Վերածնունդ
(Renaissance,
15-րդ
եւ
16-րդ
դար
),
երբ
Միջնադարու
մշակոյթը
որոշ
չափով
կը
յաղթահարուէր,
տեղի
կ՚ունենար
Հնադարեան
մշակոյթի
վերածնունդ
մը
եւ
կը
պատրաստուէր
Նոր
Դարաշրջանը։
Եւրոպայի
մէջ,
Վերածնունդի
անցման
այս
շրջանը
կը
յատկանշուի
կարգ
մը
հիմնական
փոփոխութիւններով
ու
նորութիւններով,
մանաւանդ
գիտական,
ընկերահասարակական,
պետական–քաղաքական
եւ
հոգեւոր–կրօնական
մարզերէն
ներս,
որոնց
մասին
մանրամասնութեամբ
չեմ
անդրադառնար
եւ
կը
բաւականանամ
ներկայացնելով
աստուածիմաստութեան
ոլորտը։
Անցման
շրջանի
մէջ
յիշարժան
է,
սակայն,
փիլիսոփայական
Մարդկայնութեան
(Humanism)
եւ
կրօնական
Բարեկարգութեան
(Reformation)
զոյգ
եւ
կարեւոր
շարժումները,
որոնց
մասին
հարկ
է
պատշաճ
անդրադառնալ։
Մարդկայնութիւն
Վերածնունդի
շրջանի
փիլիսոփայութեան
կեդրոնական
նիւթ
կը
դառնայ,
մարդը
իր
բանականութեամբ,
կրթութեամբ,
արժէքով
ու
ստեղծագործ
ուժով։
Շատ
շուտով
այս
շարժումը
կը
դառնար
փիլիսոփայական
միտքի
նոր
ուղի
մը,
որ
կը
կոչուի
Մարդկայնութիւն
(Humanism)։
Մարդակեդրոն
եւ
աշխարհիկ
փիլիսոփայական
այս
նոր
ուղղութիւնը,
կը
հակադրուէր
միջնադարեան
դպրական
(սքոլաստիկ,
Scholastic)
փիլիսոփայութեան,
արդարեւ
փիլիսոփայութիւնը
կ՚անջատուէր
աստուածաբանութենէն
եւ
կը
վերականգնուէր
հնադարեան
փիլիսոփայութիւնը,
մասնաւորաբար՝
Պլատոնի,
Էպիկուրոսի
եւ
Պլոտինի։
Մարդկայնութեան
հիմնական
սկզբունքը
յարգանքի
արտայայտութիւնն
է՝
մարդու
իրաւունքներուն
եւ
արժանապատուութեան,
ինչպէս
նաեւ
կարելիութիւնը
մարդու
համար
կենցաղային
նպաստաւոր
ու
մարդավայել
պայմաններ
ստեղծելու
նկատմամբ։
Մարդկայնութեան
սկզբունքներուն
մաս
կը
կազմեն
նաեւ՝
խիղճի
[ծ-24]
ազատութիւնը,
հանդուրժողութիւնը
եւ
բռնութեան
ջնջումը։
Վերածնունդի
շրջանին,
Մարդկայնութիւն
շարժումը
կը
սկսէր
Իտալիայէն,
այնուհետեւ
կը
տարածուէր
ամբողջ
Եւրոպայի
մէջ։
Մարդկայնութեան
նշանաւոր
ներկայացուցիչներ
դարձան
հետեւեալ
փիլիսոփաները.
-
Մարսիլիօ
Ֆիչինօ
(իտալ.
՝
Marsilio
Ficino,
1433
–
1499
թ.
),
որ
Վերածնունդի
շրջանի
Պ
լատոնականութեան
գլխաւոր
ներկայացուցիչն
էր.
Ճիովաննի
Միրանդոլա
(իտալ.
՝
Giovanni
Pico
Della
Mirandola,
1463
–
1496
թ.
),
որ
աշակերտած
եւ
հետեւած
էր
Ֆիչինոյի.
Երազմոս
Ռոտերդամցի
(հոլ.
՝
Erasmus
Roterodamus,
1466
–
1536
թ.
),
որ
փորձեց
Մ
արդկայնութիւնը
յարմարեցնել
քրիստոնէական
ուսմունքին.
եւ
Մ
իշէլ
դը
Մոնտէն
(ֆրնս.
՝
Michel
de
Montaigne,
1533
–
1592
թ.
),
որ
կը
ներկայացնէ
ստոյիկեան
կասկածամտութիւնը։
Վերածնունդի
անցման
այս
շրջանին,
Մարդկայնութիւն
շարժմ
ան
ոլորտի
մէջ,
քննախօսութեան
նիւթ
դարձաւ
նաեւ
մարդկային
կենցաղի
կերպը,
այլ
խօսքով
մարդու
առօրեայ
ապրելակերպն
ու
վարքագիծը
եւ
զանազանուեցան
երեք
տարբերակներ.
-
Տեսական
կամ
հայեցողական
կեանքը
(
լատ.
՝
vita
contemplativa),
Գործնական
կամ
աշխոյժ
կեանքը
(լատ.
՝
vita
activa)
եւ
Այս
երկուքի
միախառն
կեանքը
(լատ.
՝
vita
mixta)։
Հին
Դարաշրջանին,
օրինակ
յոյն
փիլիսոփաներ
Պլատոն
եւ
Արիստոտէլ
նախապատուութիւն
կու
տային
տեսական
կամ
հայեցողական
կեանքին
(յուն.
՝
bíos
theôrêtikos),
որ
նաեւ
«խորհրդածական
կեանք»
կը
կոչուի։
Միջնադարու
թէ՛
հայրաբանական
(Patristics)
եւ
թէ
դպրականութեան
(Scho-lastics)
շրջաններուն
եւս,
որոշ
չափով
կը
գերադասուէր
«խորհրդածական
կեանքը»։
Այնուհետեւ,
Վերածնունդի
անցման
շրջանի
ընթացքին,
աւելի
կարեւոր
կը
նկատուէր
յիշեալ
երկու
կենսակերպերու
ու
վարքագիծերու
միախառնուած
ձեւը
(լատ.
՝
vita
mixta),
այլ
խօսքով
մարդոց
համար
կենսակերպ
ու
վարքագիծ
մը,
որ
կ՚ընդգրկէր
թէ՛
տեսական
ու
խորհրդածական
եւ
թէ
գործնական
ու
աշխոյժ
կեանքի
հիմնական
տարրերը։
Արդարեւ,
իդէալական
համարուեցաւ
զոյգ
կենսակերպերու
ներդաշնակ
համադրութիւնը։
Հոգեւորական
աստուածաբաններու
համար
եւս,
թէեւ
«խորհրդածական
կեանքը»
շատ
աւելի
օգտակար
է
եւ
լիովին
կը
ծառայէ
Աստուծոյ,
սակայն
միախառնուած
կենսակերպը
կամ
կենցաղը
շատ
աւելի
կատարեալ
կը
թուի։
Շատե՜ր,
նոյնիսկ
սկսան
գերադասել
«գործնական
կեանքը»,
մանաւանդ
գնահատելով
համայնքի
ծառայութեան
մէջ
աշխուժօրէն
ու
անսակարկ
գործող
անձերը։
Բարեկարգութիւն
Վերածնունդի
անցման
այս
շրջանը
կը
յատկանշուի
նաեւ
Բողոքականութեան
հիմնադիր՝
Մ.
Լութերի
(գերմ.
՝
Martin
Luther,
1483
–
1546
թ.
)
եկեղեցա–կրօնական
բարեկարգութիւններով
(Reformation),
որու
500-ամեակը
նշուեցաւ
2017
թուականին։
Լութերի
կրօնական
բարեկարգութիւնները
նախ
պատճառ
պիտի
դառնային
Եկեղեցւոյ
բաժանումին։
Արդարեւ
Կաթոլիկ
Եկեղեցին
(Catholic
Church)
կը
տկարանար
եւ
նոր
կը
կազմաւորուէր
Բողոքական
Եկեղեցին
(Protestant
Church),
որ
պիտի
ունենար
իր
բազմաթիւ
ճիւղաւորումները։
Լութերի
կրօնական
բարեկարգումները
նաեւ
պատճառ
պիտի
դառնային,
որ
փիլիսոփայութիւնը
(ընդհանրապէս)
անջատուէր
աստուածաբանութենէն,
ինչպէս
նաեւ
փիլիսոփայական
բարոյագիտութիւնը՝
աստուածաբանական
բարոյագիտութենէն։
Այլ
խօսքով,
փիլիսոփայական
բարոյագիտութեան
ոլորտին
մէջ,
մարդը
կ՚անջատուի
Աստուածմարդ
յարաբերութենէն
եւ
կը
կողմնորոշուի
բնութեան
օրէնքի
կողքին։
Այս
նոր
գաղափարը,
Վերածնունդի
շրջանին,
զարգացման
ու
ծաղկման
գլխաւոր
նիւթը
դարձաւ,
ինչպէս
օրինակ
մարդոց
հաւասարութիւնը՝
ըստ
բնութեան
օրէնքին։
Աստուածաբանութեան,
փիլիսոփայութեան
ու
բարոյագիտութեան
ոլորտներէն
ներս,
որոշ
նշանակութիւն
ունի
Մարտին
Լութերի
դիրքը՝
ընդդէմ
ազատ
կամքին
[ծ-26]
(Free
Will)։
1525
թուականին
հրատարակուած
իր
նշանաւոր
մէկ
երկը
կը
կոչուի
«Անազատ
կամքին
մասին»
(լատ.
բնագիր՝
De
servo
arbitrio),
որ
կարեւոր
պատասխան
մըն
է,
անկէ
միայն
տարի
մը
առաջ
հրատարակուած
փիլիսոփայ
Երազմոս
Ռոտերդամցիի
(հոլ.
՝
Erasmus
Roterodamus,
1465
–
1536
թ.
)
«Ազատ
կամքին
մասին»
(լատ.
բնագիր՝
De
libero
arbitrio)
երկին։
Լութերի
համաձայն,
եթէ
որպէս
քրիստոնեայ
ընդունինք
(հաւատանք),
որ
Աստուած
ամենակարող
է,
ուրեմն
կարելի
չէ
մարդկային
կամքին
որեւէ
ազատ
կարողութիւն
վերագրել։
Այլ
խօսքով,
մարդկային
կամքը
Աստուծոյ
հանդէպ
բոլորովին
անկարող
է։
Իսկ
եթէ
մարդոց
մօտ,
կամքի
որոշ
կարողութիւն
մը
երեւի,
ան
Աստուածային
կարողութիւնն
է,
որ
կը
գործէ
մարդոց
մէջ։
Լութեր
անկասկած
ճիշդ
հաստատում
կատարած
է,
երբ
կ՚ըսէ՝
մարդկային
ազատ
կամքը
խոտոր
կը
համեմատի
Աստուծոյ
ամենակարողութեան
հետ.
եւ
եթէ
մարդ
գիտակցի
իր
անկարողութեան,
այն
ատեն,
անմիջապէս
պիտի
հնազանդի
ու
պիտի
յուսայ
արժանանալ՝
Աստուծոյ
շնորհին
ու
ողորմածութեան։
Լութերի
ազատ
կամքի
դէմ
դիրքաւորումը,
սակայն,
բարոյագիտութեան
մարզէն
ներս
անհետեւանք
չէր
կրնար
մնալ։
Ասիկա
պարզապէս
կը
նշանակէ,
որ
ազատ
կամքի
բացակայութեան
պարագային,
որեւէ
բարոյական
կոչ
անիմաստ
պիտի
դառնայ,
պիտի
յառաջանայ
որոշականութիւն
(Determinism)
մը
եւ
մարդ
պատասխանատու
պիտի
չնկատուի`
իր
ըսած
խօսքերուն
եւ
գործած
արարքներուն
համար։
Երազմոս
Ռոտերդամցի
եւ
Մարտին
Լութեր,
թէեւ
իրարու
չեն
հանդիպած,
սակայն
1519
թուականին,
իրենց
միջեւ
տեղի
ունեցած
է
նամակագրային
սուր
բանավէճ
մը,
ուր
կը
բացայայտուի
յստակ
հակամարտութիւն
մը։
Մինչ
Երազմոս
կը
պաշտպանէր
Կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
ներքին
բարեփոխութիւններու
կարեւորութիւնը,
Լութեր
խստօրէն
դէմ
էր
պապականութեան
եւ
կը
պաշտպանէր
իր
հիմնական
բարեկարգութեան
95
դրոյթները
(Thesis)։
Բողոքականեան
աստուածիմաստութիւն
Մարտին
Լութերի
անմիջական
ազդեցութեան
տակ,
16-րդ
դարէն
սկսեալ
կը
յառաջանայ
դասական
աստուածիմաստութիւն
մը,
որ
կը
զարգանայ
եւ
կը
տարածուի
ամբողջ
Եւրոպայի
մէջ։
Այս
ոլորտին
մէջ
կան
բազմաթիւ
նշանաւոր
անուններ,
որոնց
մասին
հարկ
է
առանձնաբար
անդրադառնալ։
Աստուածիմաստութիւնը,
ինչպէս
Միջնադարու
Կաթոլիկ
աստուածաբաններու
եւ
միանձնուհիներու
մօտ
կը
յատկանշուէր
խորհրդապաշտութեամբ
(Mysticism)
եւ
տեսիլքներով
(Vision),
բողոքականեան
աստուածիմաստութիւնը
եւս
ունէր
նմանօրինակ
բնութագրում,
աւելի
կամ
սակաւ
չափով։
Միջնադարէն
ետք,
«Վերածնունդ»
Անցման
շրջանին
սկսած
եւ
Մ.
Լութերի
բարեկարգութիւններու
(Reformation)
անմիջական
ազդեցութեան
տակ
յառաջացած
քրիստոնէական
(բողոքականեան)
աստուածիմաստութեան
շարժումը
կը
շարունակուի
նաեւ
Նոր
Դարաշրջանին։
Բողոքականեան
աստուածիմաստութեան
նիւթը
պիտի
քննարկուի
յաջորդ
մ
ասին
մէջ
(
Մաս
–
5,
էջ
167)։
Այստեղ
պիտի
թուենք
միայն
այդ
ոլորտի
ամենակարեւոր
ներկայացուցիչները.
-
Յակոբ
Բէօմը
(
Jakob
Böhme,
1575
–
1624
թ.
)
Ջոն
Պորդէճ
(John
Pordage,
1607
–
1681
թ.
)
Ե.
Գ.
Գիշտէլ
(
Johan
Georg
Gichtel,
1638
–
1710
թ.
),
Է.
Սվեդենբորգ
(
Emanuel
Swedenborg,
1688
–
1772
թ.
),
Ֆ.
Ք.
Էօտինգէր
(
Friedrich
Christoph
Oetinger,
1702
–
1782
թ.
),
Լ.
Կ.
դը
Սեն-Մարտ
ի
ն
(
Louis
Claude
de
Saint-Martin,
1743
–
1803
թ.
)
եւ
Ուիլ
ի
ամ
Բլ
է
յք
(
William
Blake,
1757
–
1827
թ.
)։
