Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՃԸՆԻ ԳՈՐԳԻ ՃԻՒՂԻՆ ՎԱՃԱՌՈՒՄԸ ԵՒ ՏԱՐՍՈՆԻ ԳՈՒԼՊԱՅԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

ԳՈՐԳԻ ԳՈՐԾԻՆ ՎԱՃԱՌՈՒՄԸ. Ինչպէս բացատրեցինք արդէն, Յանձնաժողովս, Հաճընի մէջ գորգի գործին ձեռնարկելէ առաջ, Արեւելեան Գորգի Ընկերութեան դիմում ըրած ու առաջարկած էր հոն ճիւղ մը բանալ, եւ սոյն ընկերութեան վարանումին վրայ է որ ինք նախաձեռնարկ եղած։ Արդ, Արեւ. Ընկերութիւնը, հաւանօրէն մեր սկսած փորձին վրայ համոզուելով որ Հաճընի մէջ սոյն գործը կրնայ յաջողիլ, մեզմէ քանի մը ամիս ետքն ալ ինք գործ բացաւ, բնականաբար աւելի լայն դրամագլուխով, լաւագոյն վարպետներով ու միջոցներով, քանի որ իր մասնագիտութիւնն է սոյն գործը եւ Փոքր-Ասիոյ ամէն կողմը մասնաճիւղեր ունի արդէն։ Մեր քննիչ-պատուիրակէն երկու ամիս առաջ, մեր յարգելի ընկեր Համբարձում էֆ. Պօյաճեան գնաց Հաճըն, իր ընտրական շրջանակը այցելելու համար։ Եւ, մեր խնդրանքին վրայ, Այրիախնամի գործերուն մասին իր տուած տեղեկութիւններուն մէջ այն եզրակացութեան յանգած էր թէ, լաւագոյն է գուլպայի ճիւղը ընդարձակել եւ գորգի ճիւղը ծախել Արեւ. Ընկերութեան։ Յանձնաժողովս, այս մասին վերջնական որոշման մը յանգելէ առաջ, սպասեց որ Սայապալեան էֆ. եւս հասնի Հաճըն եւ հաղորդէ այդ մասին իր ուսումնասիրութեան արդիւնքը։ Սայապալեան էֆ. եւս բոլորովին համաձայն գտնուեցաւ Պօյաճեան էֆ. ի, եւ ընդարձակ նամակով մը պարզեց այն պատճառները որոնք անհրաժեշտ կը դարձնէին սոյն ճիւղի վաճառումը։ Այդ պատճառները կրնանք ամփոփել հետեւեալ կերպով. Ա. Արեւ. Ընկերութիւնը գիտական միջոցներով, Իզմիրի մէջ հաստատուած կատարելագործեալ ներկարանի մը մէջ կը ներկէր իր բուրդը եւ հոնկէ կը ղրկէր բոլոր մասնաճիւղերուն, քանի որ գործին ընդարձակութիւնը կը ներէր այդ բանը ընել։ Մեզի համար ատիկա կարելի չէր անշուշտ, եւ հետեւաբար անկարելի կ’ըլլար գոյներու տոկունութեան մասին մրցումի ելնել անոնց արտադրութեան հետ։ Բ. Սոյն ընկերութեան դեզկեահներուն մկրատներուն եւ այլ գործիքներուն ձեւերը բոլորովին տարբեր էին ու աւելի կատարելագործեալ, որով մենք ալ կամ ստիպուած էինք ամբողջ կազմածները փոխել, ինչ որ նոր դրամագլուխ մը կը պահանջէր, կամ անոնց պատրաստածէն աւելի ստորին տեսակ գորգ արտադրել։ Գ. Սոյն ընկերութիւնը, վաճառման մեծ կեդրոններու մէջ՝ ինչպէս Բարիզ, Պոլիս, Ամերիկա՝ գործերը սպառող մասնաճիւղեր ունէր, ինչ որ մեզի համար կարելի չէր ունենալ։ Այս ամէնէն դուրս Սայապալեան էֆ. դեռ այնպիսի պատճառ մը ցոյց կու տար, որուն հանդէպ Յանձնաժողովս սկզբունքով իսկ հարկադրուած էր գորգի գործը չի շարունակելու, այսինքն թէ, գորգի գործը առաւելապէս երիտասարդ աղջիկներու կը յարմարէր եւ անոր վրայ աշխատողներուն մէջ այրիները շատ աննշան թիւ մը կը ներկայացնէին, մինչդեռ տարակոյս չկայ որ Այրիախնամին բուն նպատակն էր դէպքի այրիները աշխատցնել։

Ահա այս պատճառներով Յանձնաժողովս որոշեց գորգի գործին փակումը եւ Սայապալեան էֆ. ի յանձնեց՝ տեղւոյն վրայ Արեւ. Գորգի Ընկերութեան հետ բանակցելու եւ մեր գորգի ճիւղը, իր բոլոր պատրաստ ապրանքներով եւ կազմածներով անոր վաճառելու խնդիրը։ Ուրախ ենք ըսելու որ մեր քննիչ-պատուիրակը յաջողեցաւ Յանձնաժողովիս շատ նպաստաւոր կերպով, չնչին վնասով մը (տեսնել Հաճընի գորգի ճիւղին հաշիւները) կարգադրել այդ խնդիրը, եւ Հաճընի մէջ իր ներկայութիւնը այդ կերպով ալ խիստ օգտակար եղաւ։

ՏԱՐՍՈՆԻ ԳՈՒԼՊԱՅԱԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ. –Տարսոնի գուլպայի աշխատանոցը, 1911 Մարտէն մինչեւ 1912 Փետրվար գործած է 8 մեքենաներով, տեղական մասնաժողովին հսկողութեան տակ։

Քննիչ պատուիրակին առաջարկով, ու Յանձնաժողովիս որոշումով փակուած է 1912 Փետր. ին, նկատելով որ շատ քիչ թիւով այրիներ կ’օգտուին անկէ, նկատելով որ Տարսոնի մէջ գործ չի պակսիր աշխատողներուն համար, եւ գոյացած բացը տասը ամսուան մէջ 18, 000 ղրշ. Տարսոնի եւ Գօզօլուքի համար համապատասխան չէ ձեռք բերուած արդիւնքին։

Աշխատանոցին փակման ատեն, Յանձնաժողովս որոշեց մեքենաները տրամադրել արդէն սորված այրիներուն, որպէս զի, անոնք Յանձնաժողովիս սեպհականութիւնը մնալու եւ անվնաս պահուելու պայմանով, իրենք իրենց հաշւոյն բանին, այս մասին ապահովութիւն տալով։

Բայց, որովհետեւ յօժարութիւն ցոյց տուող չեղաւ ինչ որ կ’ապացուցանէ թէ գործ չի պակսիր արդէն քաղաքին մէջ, մեքենաները Սիւետիա ղրկուեցան, բացի 1 հատէն որ զեղջուած գինով ծախուեցաւ արհեստը սորված այրիի մը։ Մինչեւ փակումը, 30ի չափ այրիներ օրական 4ական ղրշ. ստացած են սոյն աշխատանոցին մէջ։