Է.
ՔԻԼԻՍ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
–
Երեք
հազար
տուն
բնակիչով
այս
Գազան
կը
գտնուի
Հալէպի
հիւսիսային
արեւմտեան
կողմը,
Հալէպի
եւ
Այնթապի
ճիշտ
մէջտեղը,
երկուքէն
ալ
9ական
ժամ
հեռաւորութիւնով։
Հայ
բնակչութիւնը
կը
բաղկանայ
920
տունէ՝
որոնցմէ
60ը
Բողոքական
են,
60ը
Կաթոլիկ
եւ
մնացած
800ը
Լուսաւորչական։
Հայերէն
զատ
իբր
քրիստոնեայ
տարր
կայ
միայն
70
տուն
Յոյն-Օրթոտոքս։
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
–
Ընդարձակ
արտեր
ու
այգիներ
ունի
Քիլիս,
եւ
կ՚արտադրէ
ցորեն,
գարի,
ոսպ,
սիսեռ,
բամբակ,
շուշմայ,
չամիչ,
գինի,
օղի
եւ
ձէթ։
Անցեալ
տարուան
խիստ
ձմեռէն
մեծապէս
վնասուած
են
ձիթենիները,
որոնցմէ
¼ը
վերստին
ծաղկած
է։
Քրիստոնեաները
արհեստաւոր
են
առ
հասարակ,
ոսկերիչ,
կօշկակար,
ներկարար,
երկաթագործ,
թիթեղագործ
կառապան
եւլն.
։
ՋԱՐԴԻ
ՎՆԱՍԸ.
–
Քիլիս
ուղղակի
չէ
վնասուած
ջարդէն։
Միայն
Անտիոքի
կողմերը
գտնուող
քանի
մը
հոգի
սպաննուած
են
եւ
կառապաններէն
շատերուն
կառքերն
ու
ձիերը
առնուած,
եւ
շատ
քիչերը
միայն
վերադարձուած
ետքէն։
ԱՅՐԻՆԵՐ.
–
Քիլիսի
մէջ
դէպքէն
այրիացած
9
կիներ
կան
(ամէնքն
ալ
Լուսաւորչական),
որոնցմէ
3
հատը
աշխատելու
անկարող։
Կը
կարծեմ
թէ
տեղւոյն
հայ
բնակչութիւնը,
որ
տարեկան
(40,
000
ղրշ.
ի
մօտ
ելեւմուտքով
վարժարան
մը
պահելու
չափ)
ուրիշ
տեղերու
հետ
բաղդատելով,
ըստ
բաւականի
լաւ
տնտեսական
դիրք
մը
ունի,
կրնայ
իր
այդ
փոքրաթիւ
այրիներն
ալ
հոգալ։
Արդէն,
աշխատելու
կարողները
կրնան
որ
եւ
է
գործ
մը
գտնել
տեղւոյն
մէջ,
իսկ
աշխատելու
անկարողները,
բարեբաղդաբար,
3
հատ
են
միայն։
Յ.
Գ.
–
500ի
մօտ
գիւղեր
ունի
այս
Գազան
որոնց
մէջ
Հայ
բնակչութիւն
չկայ։