Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.
ՄԱՐԱՇ
(Շրջակայ գիւղերը)

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Մարաշ շինուած է Զէյթունէն եկող լեռնաշղթային մէկ զարաթափին վրայ, որուն առջեւը, արեւելեան կողմը, կը տարածուի Բազարճըգի դաշտը։ Ինչպէս ուրուագիծէն կ’երեւայ, դաշտին կողմը հայ գիւղեր չկան, այլ անոնք տարածուած են, աւելի ճիշդ է ըսել ցանցնուած են, հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը բոլորն ալ լեռնային։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Մարաշի շուրջը մէկ ժամէն մինչեւ 22 ժամ հեռաւորութիւններով ու զանազան ուղղութիւններով տարածուած, լեռնային մեծ ու պզտիկ 28 գիւղերուն մէջ կը գտնուի 1775 տունէ բաղկացեալ հայ բնակչութիւն մը, որուն 120ը Բողոքական է եւ 108ը Կաթոլիկ, իսկ մնացածը Լուսաւորչական։

Սոյն բնակչութեան բաժանումն է.

Ֆնտըճագ

 

= 210 տուն

 

(40ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Տէրէ-քէօյ

 

= 90 տուն

 

(10ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Ճամուսթուլ

 

= 20 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Կէօլճիէզ

 

= 24 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Սարըլար

 

= 12 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

[1] Քիշիֆլի

 

= 80 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Տէօնկէլէ

 

= 90 տուն

 

(– Բողոքական 45ը Կաթոլիկ)

Չիւրիւք-գօզ

 

= 25 տուն

 

(3ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Տէմրէք

 

= 30 տուն

 

(12ը Բողոքական 13ը Կաթոլիկ)

Եղիալար-Օպասը

 

= 14 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Դաւիթլի-Օպասը

 

= 19 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Եէնիճէ-Գալէ

 

= 100 տուն

 

(10ը Բողոքական 40ը Կաթոլիկ)

Արապլար

 

= 8 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Տրդատլը

 

= 40 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Աճէմլի

 

= 12 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Անաճըգ

 

= 40 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Անտէրուն

 

= 10 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Եօգ. Թավութլու

 

= 20 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Պունտուգ

 

= 36 տուն

 

(– Բողոքական 10ը Կաթոլիկ)

Տէյիրմէն-Պաշը

 

= 20 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Շիվիլկի

 

= 200 տուն

 

(20ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Կապան

 

= 300 տուն

 

(25ը Բողոքական Կաթոլիկ)

Չուգուր-Գօզ

 

= 35 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Թէլէմէլիք

 

= 45 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Ֆռնուզ

 

= 220 տուն

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

Պօզօղլան

Պուզուրլու

Մաճարլը

 

 

= 75 տուն

 

 

 

 

(– Բողոքական Կաթոլիկ)

 

 

 

Գումար

 

1775 որուն

 

120ը Բողոք. եւ 108ը Կաթ.

 

Ասոնց մէջէն, միայն Տէյիրմէն-Պաշըի գիւղախումբը թրքախօս է (5 գիւղ), իսկ միւսները հայախօս, իրենց յատուկ գաւառաբարբառներով։

ՋԱՐԴԻՆ ՎՆԱՍԸ. Այս գիւղերը, առ հասարակ, ուղղակի վնաս մը չեն կրած 1909ի դէպքէն։ Ասոնցմէ Սարըլար փոքրիկ գիւղին մէջ ջարդ պատահած է եւ միայն մէկ այր ողջ մնացած։ Անաճըգի եւ Եօգարը-Թավութլուի մէջ կողոպուտ տեղի ունեցած է։ Քիշիֆլիի տուները այրած են, իսկ բնակչութիւնը, 12 հոգիի շնորհիւ, եկեղեցիին մէջ պաշտպանուած։ Փայլուն ինքնապաշտպանութիւն մը եղած է Ֆնտըճագի մէջ՝ ուր ապաստանած են նաեւ Տէրէքէօյցիները։ Ասոնցմէ դուրս, բոլոր միւս գիւղերէն, դուրսը, ուրիշ արկածեալ վայրեր գտնուողներ միայն սպաննուած են։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Այս 28 գիւղերուն մէջ վերջին դէպքերէն այրիացած կիներուն թիւն է 53 (ամէնքն ալ Լուսաւորչական), որոնցէ 23ը աշխատելու անկարող։

Կան նաեւ 29 հատ 1895ի դէպքերէն մնացած այրիներ՝ որոնցմէ Բողոքական եւ Կաթոլիկ։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ. Հալէպի մէջ, Քէսապի եւ Անտիոքի գիւղերուն յատկացած 3000 ոսկի գանձումը ապահովելու համար, հակառակ մեր նախատեսութեան մէկուկէս ամիս սպասելովս, եղանակին յառաջացումը եւ օր առաջ Հաճըն անցնելու ստիպողականութիւնը պատեհութիւն չձգեցին անձամբ այցելելու Մարաշի գիւղերը, նկատի առնելով մանաւանդ անոնց իրարմէ հեռու եւ ցրուած վիճակը, որով առ նուազն ամսուան մը կը կարօտի զանոնք այցելելը։ Սակայն, Մարաշի մէջ կեցած պահուս, այդ կողմերը գիտցող տեղացի ազգայիններէ ու գիւղացիներէն կրցած եմ հաւաքել սոյն տեղեկութիւնները։ Այս գիւղացիներուն մեծագոյն մասին վիճակը շատ հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ։ Հողագործ գրեթէ չկայ, իրենց լեռնային դիրքին պատճառաւ։

Դէպքերէն առաջ բաւականաչափ այծ ու ոչխար ունեցած են, բայց հիմա մեծամասնութիւնը կորսնցուցած է իր ունեցածը։ Հիմա ապրուստի գլխաւոր միջոցը կը կազմէ այգեգործութիւնը՝ որ շատ դժուարաւ կրնայ ապրեցնել զիրենք։ Գիւղացիներէն բաւական կարեւոր մաս մը, այլեւս իրենց տեղւոյն մէջ ապրուստի միջոց գտնելէ յուսահատ, Բազարճըգի դաշտին բարեբեր թուրք գիւղերուն մէջ չնչին վարձքերով մշակութիւն եւ գործաւորութիւն ընելու կ՚երթայ։

Վախ կայ որ, այս գիւղերէն մեծագոյն մասին մէջ զգալի եղող ծայրայեղ չքաւորութիւնը, այդ կողմերը պարտաճանաչ հոգեւորականներու ու Մարաշի մէջ ալ զանոնք վարող պետի մը պակասին միացած, բարոյական ու ազգային տեսակէտներէն շատ ցաւալի անկումի եւ այլասեռումի առաջնորդեն այս բաւական ստուար Հայութիւնը, եթէ կեդրոնը հոգածու չըլլայ անոր։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ. Բնական է որ այսքան իրարմէ հեռու ցրցքնուած գիւղերու մէջ գտնուող փոքրաթիւ այրիներու համար, աշխատանոցի վրայ մտածելն իսկ աւելորդ է։ Արդէն եթէ հաւաքուած իսկ ըլլային հաւանականութիւն չկար անոնց համար որ եւ է ձեռարուեստ սորվելու, որովհետեւ խիստ նախնական պայմաններու մէջ ապրած են ցարդ։ Այս պատճառաւ իրենց օգնութիւն մը քիչ թէ շատ տեւական, մնայուն օգնութիւն մը ընելուն միակ ձեւն է այծ ու ոչխար տալ անոնց, ամէն մէկ այրիի իյնալիք բաժինին համեմատ։ Իրենք, արդէն բնականօրէն գիտնալով այդ կենդանիները խնամելու կերպը, առանց դժուարութեան պիտի կրնան օգտուիլ անոնց բուրդէն, կաթէն, պանիրէն, կարագէն։ Բաշխուելիք այծերն ու ոչխարները կարելի է հայթայթել ամէն մէկ գիւղախումբի մէջ յարմարագոյն վայրէն, զանոնք հեռաւոր տեղեր տանելու դժուարութենէն զերծ մնալու համար։ Այծ ու ոչխար բաշխուելու պարագային հարկ չի մնար այլեւս զանազանելու՝ աշխատելու կարողներն ու անկարողները, որովհետեւ նոյնիսկ ամենէն պառաւը կրնայ օգտուիլ այծէն կամ ոչխարէն, իր հեռաւոր կամ մօտաւոր մէկ խնամողին, մինչեւ իսկ դրացիին օգնութեամբ։ Մարաշի նորակազմ մասնաժողովէն անդամ մը, գարնան սկիզբը այդ գիւղերը երթալով, ամէն մէկուն Թաղ. Խորհուրդին հետ կրնայ բաշխումը կատարել Կեդր. Այրիախնամի հրահանգներուն համաձայն։



[1] Այս 28 հայ գիւղերէն միայն ասոր մէջ 6 տուն (80էն զատ) թուրք կայ։