ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅՈՑ
Կ.
Պոլիս,
31
Մարտ
1912
Այրիախնամ
Յանձնաժողով
ՀԱՄԱՐ
76
Ազնուաշուք
Տիար
Ատենապետ
Պատ.
Կեդր.
Այրիախնամ
յանձնաժողովի
Աստ
Հալէպի
վիլայէթին
արկածեալ
վայրերուն
մասին
տեղեկագիրս
–
երկու
մասի
բաժնուած
–
արդէն
պատիւ
ունեցած
էի
ներկայացնելու,
1
հոկտ.
1911
(Հ.
9)
եւ
11
դեկտ.
1911
(Հ.
33)
նամակներովս։
Հիմա
պատիւ
ունիմ
ներկայացնելու
Ատանայի
վիլայէթին
արկածեալ
վայրերուն
մասին
ամբողջական
տեղեկագիրս՝
որու
պատրաստութեամբ
զբաղեցայ
Պոլիս
հասնելէս
ի
վեր,
կարելի
եղածին
չափ
շուտ
յանձնելու
համար
զայն
Պատ.
ժողովիդ
նկատառումին։
Եւ
այս
առթիւ,
երբ
վերջացած
կ’ըլլայ
ժողովիդ
կողմէ
ազնուաբար
ինձ
վստահուած
պաշտօնը,
պարտաւոր
կ’զգամ
ինքզինքս
անկեղծ
շնորհակալութիւններս
մատուցանելու
Պատ.
Ժողովիդ,
այն
վստահութեան
ու
բարեացակամութեան
համար
որով
պատուուեցայ
իր
կողմէ,
պաշտօնիս
ամբողջ
տեւողութեան
մէջ։
Մնամ
խորին
յարգանքով
Քննիչ
Պատուիրակ
Ժ.
ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ